Արտաշէս Աշխարհակալ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԱՐՈՒԱԾ Գ ԲԱՆԱԿԵՏԵՂ
       Տեսիլ Ա
       ԱՐՏԱՇԷՍ (մինակ)
       * կը քնանան. Արտաշէս արթննալով դուրս կ՚ելնէ։
       * աստղերը որ կը փալփլին... Ես չեմ կրնար ննջել, այնպիսի բոց մը կը վառի կուրծքիս տակ, որուն կայծերը այս աստղերէն աւելի բիւրաւոր են, կայծեր՝ որոնց իւրաքանչիւրը մէկ մէկ գահ յաճիւն պիտի փոխեն... Ո՜վ գիշեր հեշտ եւ տխուր, ամպ եւ երազ. փախի՛ր... Դու որ այս նսեմաստուեր անտառին խորը թագս, սուրս եւ սաղաւարտս չես ցոլացներ, չես վառեր զիս ճաճանչներով, չունիս յաղթութեան ձայներ, զինուց շառաչներ, ծափեր եւ թագեր. կը ծածկես սեւ թեւերուդ տակ Արտաշէսն ու իւր փառքը... Գերեզմանական ստուեր մը ունի ... Այս հովը, ալին ու տերեւն ալ թող մահուան մրմունջ մը ունենան... Բայց ես չեմ ուզեր մեռնիլ ցուրտ քարի մը վրայ, այլ փառաց հեղեղի մը մէջ խեղդուիլ. պիտի իյնամ շնչասպառ գահերու աճիւնին վրայ միայն եւ վերջին շունչս մառախուղ մը, փոթորիկ մը, սուգ մը, սարսուռ մը պիտի տարածէ համայն աշխարհ... Ես եմ Արտաշէսը, իշխանութեանց ժանտախտը, բռնաւորաց սարսափը, դիւցազանց նախանձը, Հայաստանի փառքը... Դեռ չեմ մեռներ, ճերմակ մօրուքի մը տակ կ՚ուզեմ փառքս երիտասարդ տեսնել (Որմզդուխտ կ՚երեւայ, որ կամաց կամաց Արտաշէսի կը մօտենայ)։
       *
       ՆՈՅՆ եւ ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (մեկուսի) Ինքն է...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Գեղեցիկ է փառքը, միայնութեան մէջ երազ, բայց աղմուկի մէջ՝ ճանանչ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Կ՚անցնի փառքը եւ կմախք մը կը մնայ... կը սխալիս... ո՜վ թագաւոր։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ո՞վ ես դու։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Նախ կին մը... երիտասարդութիւն, սէր, ստուեր, յիշատակ եւ...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Չեմ հասկնար։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Մի՛ խռովիր, մահուան հրեշտակ մը չեմ եւ եթէ ըլլայի ալ՝ կը գթայի քու վրադ...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ուրեմն ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Վասնզի կ՚ուզեմ քեզ փառաց երազներու մէջ տեսնել միշտ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Դու որ այդպէս յանդուգն կը խօսիս՝ կամ խելագար մ՚ես եւ կամ չես գիտեր որո՛ւ դէմ ըլլալդ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Անշուշտ... վասնզի դուն ալ զիս չես ճանչնար։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ես ոչ քեզի պէս կնոջ մը հետ պատերազմ ըրած եւ ոչ ալ երբեք ճանչցած ունիմ... Ես Արտաշէսն եմ...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Երիտասարդութեան վրայ խօսինք, Արտաշէս, ( Արտաշէս կը սարսռի) կը տեսնես, որ առջի պէս գեղեցիկ չեմ... Երբ բնութեան գեղեցիկ աւանդ մը խորշոմներու եւ ալեխառն մազերու տակ կը նուաղի ... սէրը դէպ յ անմեղութիւն եւ փառքը դէպ յարիւնհեղութիւն կը քալէ... Արեան մէջ ձայն մը կայ, դու որ սիրոյդ մէջ սխալեցար՝ փառքիդ մէջ պիտի տուժես... Ճանչցա՞ր զիս հիմա...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. (մեկուսի) Կը ճանչնամ... (բարձրէն) երբե՛ք...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Ա՜... Չե՜ս ճանչնար։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Բայց պիտի ըսե՞ս վերջապէս, ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Թագուհի ըլլալ կ՚ուզեմ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ա՜հ, բոլորովին հաստատեցիր, թէ խենթ ես։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Դարձեա՜լ խենթ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Միայն շղթայ մը չեն կապեր պարանոցդ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Կը տեսնեմ, որ թագը շղթայով փոխանակել կ՚ուզես։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Միշտ թա՜գ... Թագը դատարկ ձեռքով չստացուիր, թագը հզօր սուրի ծայրն է, յիմար կին։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Երբեմն ալ համբոյրի մը կամ լեզուի մը ծայրն էր... կը տեսնեմ, որ սիրտդ լայն է Արտաշէս, պատիր խոստումով մը անբիծ լանջք մը պղծեցիր... Ա՜հ, ես թագէ մը աւելի գեղեցիկ էի։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Կը զառանցես, կին դու։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Անունս տուր։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Բայց։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Որմզդուխտն եմ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ատանկ անուն մը չեմ յիշեր։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Սիրտդ ժայռ է, սառ է, Արտաշէս, ինչպէս կը կոխկռտես արմատէն թափած ծաղիկ մը։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Բայց բաւակա՛ն է, ալ գնա՛, գիշեր ատեն անհանգիստ մի՛ ըներ զիս։ Ուրուականի մը պէս պաղ ես։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Սակայն միտքդ բեր երիտասարդութեան որսերդ... կը յիշե՞ս գիւղը, իմ տնակս, մեր հովանիէ ու ծաղիկէ կանաչ անկողինը, այն արցունքները, զոր լանջքիս վրայ կը թափէիր եւ ես կը համրէի, բաժանումդ, որ զիս սառեցուց, հանդիպումնիս վերջին անգամ, որ Արշէզը քեզի տուի, կը յիշե՞ս։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Բայց երբեք չեմ ճանչնար քեզ եւ բան մ՚ալ չեմ յիշեր ըսի... Պիտի մեկնի՞ս։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Հպա՜րտ ես, Արտաշէս...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Եւ դու ալ համբերութիւնս կը սպառես։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Թագաւո՛ր, դողա՛ Պարսկուհւոյ մի վրէժխնդրութենէն... Կամ մեռցո՛ւր զիս եւ կամ՝ մեռի՛ր։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Եթէ կնոջմէ մը դողայի՝ Արտաշէս չէի ըլլար, վատ կ՚ըլլայի, թագաւոր չէի ըլլար՝ դահիճ կ՚ըլլայի... Բայց ես իմ դահճուհւոյս կ՚ըսեմ՝ «միշտ ազատ ես»...
       * . Մի՛ վստահիր... Արեւը հորիզոն մը եւ կեանքը գերեզման մը աստղը անկում մը եւ բախտը անիւ մը ունի... Ծաղկին ծոցը արցունք , տերեւին մէջ հառաչ, կոհակին մէջ մահ, խոտի մը մէջ թոյն եւ ափ մը հողին մէջ գանգ մը կամ թագ մը կայ ... Մի՛ վստահիր, կ՚ըսեմ, փառքիդ եւ զօրութեանդ վրայ, եթէ առանձին գտնես ինքզինքդ՝ քու գոռոզ հրամանդ ու հռչակդ կը սպառի վիհերու եւ լեռներու, անտառներու եւ դաշտերու անհունութեան մէջ եւ ձայներու արձագանքն իսկ զքեզ կը ծաղրէ... Ես ալ գեղեցիկ էի եւ կը խրոխտայի , գեղեցկութիւնս անցաւ, կ՚ուզեմ տեսնել քո փառացդ վերջին ցոլմունքն ալ... Արտաշէս, ծերութենէս աւելի կ՚ատեմ զքեզ. շատ անգամ գեղեցիկ ծաղիկները թոյն ունին... Սրտերը խունկի կը նմանին, որ չայրած՝ անուշ եւ հեշտ հոտ չեն բուրեր , հեռ, ոխ, վրէժ, ասոնք են որ սիրտս կը վառեն, ասոնք սիրոյ վերջին բոցերն են՝ կը մարեն, բայց աճիւն մը կը թողուն... Կնոջ արիւնը կոհակ կոհակ կ՚եռայ, կնոջ դաշոյնը կաթիլ կաթիլ արիւն կը քամէ... Օձի մը պէս կը սողայ... Առիւծը կը դողայ։
       * ... Գիտես որ արծիւը օձէն վախ չունի , թէեւ թոյնը կը գերազանցէ ։
       * . Ետ առ սուրդ, ես դաշոյն ունիմ, կինը մթութեան մէջ կը սպաննէ, որպէսզի օրհասական ոսոխին միայն իր աչերուն փաղփիւնը ցուցնէ... կը մարի, կ՚իյնայ... բայց հարուածը յաջողուած է։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ահա գիշեր, ահա խաւար։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Քու աչերդ լոյս ունին։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ա՜հ, հանդարտ սիրտ կ՚ուզե՞ս հարուածել։
       * սէրը խիստ քաղցր է եւ ոխը՝ խիստ դառն ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ուրեմն զիս սպաննե՞լ, թէ երազել կ՚ուզես։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Զքեզ սպաննե՜մ... խոցե՜մ այն սիրտը, որ երբեմն իմ լանջքիս վրայ կը բաբախէր, ո՛չ, սիրոյ յիշատակը արցունք մը ունի, արցունք մը կինը կ՚ուժաթափէ, կը յաղթէ... մի՛ խռովիր Արտաշէս, ահա կը բաժնուիմ քեզմէ, փառք կը սպասէ քեզի, իսկ մահ՝ ինծի։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ճիշտ յիմար մ՚է (բարձր) այն, որ չը վախնար՝ կը վախցնէ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Թագաւորին եւ գեղջկուհւոյն մէջ սուր մը, թագ մը կամ վիհ մը կայ, տէր արքայ, քիչ մը յառաջ վրէժխնդիր մ՚էի, հիմա կին մ՚եմ... թագուհի չեմ, դարձեալ գեղջկուհի մ՚եմ... մնաս բարեա՜ւ... (մեկուսի) կը տեսնուինք... գուցէ քիչ մը ետքը... Արշէզ կամ ես... Ե՜ս... (կը մեկնի)։
       Տեսիլ Գ
       ԱՐՏԱՇԷՍ (մինակ)
       Վայրկեան մը դողացի, կնոջ մը աչերուն փաղփիւնը սոսկալի է... Որմզդուխտն է, կը սիրէի զինքը... Վեհանձնութիւնս կը վիրաւորի, երբ կին մը զարնեմ, տկար ու գողտր արարած մը... Եւ ինչո՞ւ պիտի կասկածիմ. աղէկ գիտեմ, որ խենթեցած է, սիրոյ յիմար մը. կը խօսի, այլ չը խորհիր... Բայց դեռ առաւօտ չըլլար, եւ ես չեմ կրնար ննջել... Խոսրով դեռ չերեւցաւ... Գուցէ հիմա բանակը եկած ըլլայ... (կը մեկնի)։
       Տեսիլ Դ
       ԱՐՇԷԶ (մինակ)
       Ի՜նչ թշուառական մ՚եմ ես, հայր չեղած դահիճ պիտի ըլլամ... Բայց մայր ունիմ, պէտք է որ երդումս գործադրեմ եւ երթամ մօրս հետ գեղջկական կեանք մը վարելու։ Ի՜նչ սուղ է այդ կեանքը... Երեք օր պայմանաժամ տուաւ. առտու ըլլալուն միջոցը պիտի լրանայ... Վատ մը պիտի ըլլամ... Ահա վրանը, գլուխ մը որ մէկ հարուածիս կը սպասէ... Նա իմ հայրս չէ, այլ զոյգ մը տատրակի որսորդ... Թէպէտեւ քոյրս էր, սակայն զինքը կը սիրէի... Արտաշամա՜ն... մայրս չը տեսայ, որ պայմանաժամը յապաղէի, բայց ստիպուած եմ օր մը Արտաշէսի դժգոյն գլուխը իրեն ներկայացնելու... Թող այս գիշեր ըլլայ... (դէպի վրանը կը մօտենայ եւ մտիկ կ՚ընէ) ձայն չկայ, կը քնանայ անշուշտ... Կը դողամ... ( ներս կը մտնայ, վայրկեան մը լուռ կը դիտէ) ա՛հ, հոս չէ, հիմա Արեւը կը ծագի... (նուաղեալ բազմոցի մը վրայ կ՚իյնայ) Արտաշամա՜... անգո՜ւթ մայր... ( գլուխը ձեռքերովը կը ծածկէ եւ կ՚ընկողմանի. վայրկեան մը տեսարանը պարապ)։
       Տեսիլ Ե
       ՆՈՅՆ եւ ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Բոցեղէն մրրիկ մը զիս հոս կը նետէ միշտ... Արտաշէսի արիւնը դաշոյնս կը քաշէ, մե՛ղք է Արշէզ. թող մարդասպան չըլլայ, ո՞ւր է հիմա արդեօք... կը խոկայ... Միթէ վրա՞նն է թագաւորը, կը նիրհէ՞... Զիս ծաղրեց, խենթ կարծեց, անցեալը ուրացաւ, նախատեց, վրէ՜ժ, արի՜ւն... թող թաւալի յոյսերու պատրանքին կամ պատանքին մէջ... Փառք եւ սէր իրարու ոսոխ հանդիսացան... Վայրկեան մը գոց աչքերը ինձ համար բաւական են... ( վրանին կը մօտենայ եւ մտիկ կ՚ընէ) քնոյ շնչառութիւն մը կը լսեմ... վերջինը պիտի ըլլայ... ( զգուշութեամբ ներս կը սպրդի) ահա կը քնանայ... Ինքն է, Արտաշէս... Հարուած մը... (կը զարնէ)։
       ԱՐՇԷԶ. Ա՜հ... ( կը սթափի եւ խոժոռ մայրը կը դիտէ) Անիծեալ (կը մեռնի)։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Արշէ՜զ... (սարսափած կ՚արձանանայ) Զաւա՛կս... ( կը գրկէ) Մեռա՜ւ զիս անիծելով... վրէժխնդրութեանս համար աղօթք մը չը մրմնջեց... Սոսկալի է այս... Ահա վրէժխնդրութեան բոց մ՚ալ... կը պապակիմ, ծարաւի եմ... կաթիլ մը արիւն ոսոխիս սրտէն... Ոխերիմ բախտ, զաւակիս արիւնը չուզեցի... (ճակատը սրբելով) Չըլլայ որ ճակտիս ցայտէ... ջնջեմ որդեսպան անունը... զինքը վրէժխնդրութեան համար սնուցի, եթէ ոչ կը ջնջէի սիրադրուժի մը յիշատակը... Բայց դեռ ես կեանք եւ վրէժ կը շնչեմ... դեռ կրնամ սպաննել Արտաշէսը։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. (դրսէն) Ուրեմն չեն խոնարհիր...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Ինքն է... Բա՛խտ եւ խաւա՛ր, ինձ կրթնեցէք... (կը մեկնի)։
       Տեսիլ Զ
       ԱՐՏԱՇԷՍ , ԽՈՍՐՈՎ
       ԽՈՍՐՈՎ. Երբե՛ք, տէր արքայ, չը կրցայ վերջապէս քու փառացդ ճաճանչներովը Կրիւսոսի աչքը շլացնել։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Լա՛ւ, լա՛ւ, արիւն կ՚ուզեն։
       ԽՈՍՐՈՎ. Սուրին շողիւնէն չեն զգուշանար, տէր արքայ, պէտք է որ հարուածը զգան իրենց կուրծքերը... Ժայռի մը վրայէն խաղաղ ովկիանոսը կը դիտեն անտարբեր, պէտք է որ յուզին կոհակները եւ այն ապաստանարանը ողողեն, մա՜հ անխոհեմներուն...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ահա արշալոյսը կը ծագի, կը դժգունին աստղերը՝ Կրիւսոսի պարտութիւնը նախազգալով, եւ լուսինը շառագունած արեւմուտքը կը խոնարհի գոյժ տալու... Ահա սոխակներն առաջուց Հայկեան յաղթութիւնը կը նուագեն... Հիմա Արեւը կը ծագի... պիտի քալենք... ( փողը կը հնչեցնէ. զօրքերը քներէն ցատկելով կը պատրաստուին եւ տեսարանին վրայ կու գան կը շարուին)։
       Տեսիլ Է
       ՆՈՅՆՔ, ՎՐՈՅՐ , ԶՕՐԱԿԱՆՔ եւ ԱՅԼՆ
       ՎՐՈՅՐ. Տէր արքայ...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Կրիւսոս արեան մէջ կը փնտռէ յաղթութիւնը, Վրոյր...
       ՎՐՈՅՐ. Չը խոնարհելու կը յանդգնին... Մի՛ զարմանար, տէր իմ, Կրիւսոս սարսափելի գոռոզ մ՚է։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ես ալ գոռոզները կը ջախջախեմ... Օ՜ն անդր, զօրականք, մերկացուցէ՛ք սուրերնիդ Կրիւսոսի կենացը, լարեցէ՛ք ձեր արեւասքող նետերը Լիւդիոյ փառացը... Օ՜ն, փառաց դարու մէջ կը ցոլաք. ճանչցուցէք աշխարհի թէ Հայ էք... Հսկայ Մասիսի հսկայ զաւակներ, սարերէն բխող հսկայ կոհակներ... արձանացէ՛ք սպառազէն... Նեցուկ է մեզի բախտը, մեր թշնամեաց գլխուն կը սպառնայ լախտը... Հայ ընենք Արեւմուտքը, Հայ ընենք տիեզերքը, Հայ ընենք Հայաստանը... Հայ յաղթենք, Հայ պարծինք, Հայ սիրենք, Հայ մեռնինք... Մեր վրայ կը տարածուին ահա Մասեաց շուքերը... Միթէ ձեր աղիքներուն մէջէն չէք զգար անյաղթելի զօրութիւն մը, բուռն հարուած եւ յաղթանակ։
       ՎՐՈՅՐ. Տէր արքայ, Հայուն պատերազմի մէջ ապառաժ սիրտը չը հանդուրժեր այս ժամուս եւ փառաց գագաթէն կ՚ուզէ թաւալիլ անհուն թշնամեաց գերեզմանի վէմ ըլլալու։
       ԽՈՍՐՈՎ. Հայուն սիրտը կը փշրի, տէր արքայ, բայց սուրը՝ երբեք։
       ԶՕՐՔ. Յաղթե՜նք, յաղթե՜նք։
       * ...
       ԵՐԳ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ
       Ի փառագոռ փանդռանց ի շռինդ
Թորգոմեան գոռ գրոհին ի թինդ
Սարսռասարսափ տան արձագանքք
Օտար ափունք, դողդոջեն գանգք:
       Ճաճանչք բիւր թրոց, հռնչիւն նետից,
Արեւասքող փոշիք յետից
Բաւ են ի մահ ոսոխաց վատ,
Տեղի տուք Հայ գընդին անյաղթ։
       (Վարագոյրը կ՚իջնէ)
       <(ՎԵՐՋ Գ ԱՐԱՐՈՒԱԾԻՆ)>