ՊԱՂՏՈ
Ա.
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻՆ
Ա.
–
Պօյաճի՜ս,
պօյաճի՜ս։
Շուտ–շուտ,
փախչտուն
ձայն
մըն
է,
որ
կը
դիմավորէ
ժամուորները,
երբ
անոնք
հասնին
աքասիաններու
ծառուղին։
Հոն
է
ան,
Պաղտոն,
պզտիկ
աթոռի
մը
վրայ
կծկտած,
իր
խոշոր
ու
աղտոտ
վրձինները
փոխն
ի
փոխն
կը
զարնէ
սնտուկի
մը,
որուն
կողերուն
վրայ
դեռ
անաղարտ
կը
կարդացուի
ֆրանսերէն
տառեր՝
Պաթում։
Կիրակի
առտունները
անպայման
ժամուն
մեծ
դրան
քովիկը,
աքասիայի
մը
կռթնած՝
կը
կրկնէ
իր
յանկերգը,
շուտ–շուտ,
փախչող
հնչիւններով.
–
Պօյաճիս՜ս,
պօյաճի՜ս։
Ու
բազմութիւնը
կ’երթայ
ժամ։
Պրուսայի
աղուոր
աղջիկներն
ու
պչրագեղ
կնիկները
իրենց
հարուստ
արդուզարդին
մէջ,
հոտերը
ցանելով,
կօշիկներու
բարակ
երաժշտութեամբ
մը
տոտիկ–տոտիկ
կը
քաշուին
ներս։
Ճկուն,
մէջք
տուող
գաւազաններ
խաղցնելէն՝
փայլուն
ու
անթերի
շնորհքով
հագուած
երիտասարդներ
տիկիններուն
մօտիկէն
ծանր–ծանր
կը
քալեն,
երկայն
վանդակորմն
ի
վար,
ատեն–ատեն
դպելով
թաղարներու
տարօրինակ
ծաղիկներուն,
մինչ
անոնց
ետեւէն,
մուրացկան
ու
հեգնող
աղաղակ
մը
կ’երկննայ
հաւասար
ընդհատնելով.
–
Շէ՛ն
մնաք,
պայծա՛ռ
մնաք։
Դուրսէն
ժողովուրդը
կը
շարունակէ
գալ
չորս
փողոցներէն։
Գլխարկաւոր
օրիորդներուն
քովիկէն
աւանդական
սեւ
շալին
մէջ
լաչակուած
պառաւներ,
գլխահակ,
կը
մտնեն
մեծ
դուռնէն,
բարի,
աչք
մը
պտտցնելով
երկաթէ
դուռները
եզերող
մուրացկաններուն,
որոնք
Քրիստոսն
ու
Աբրահամը,
Հոգին
Սուրբն
ու
աստուածամարը
կը
հոլովեն
ու
կը
հոլովեն։
Մէջէ
մէջ
խնդացող
բանուորուհիններու,
կարմիր
տպածոյէ
պոռոտ
ֆիստանները
կ’ուռենան
հովին
դէմ։
Պաղտոն
կը
սիրէ
անոնց
խօսք
նետել։
Դէմը,
տախտակով
շրջանակուած
գետնի
մը
առջեւ
սիմիտճիները
մանուկներուն
կ’երգեն
իրենց
եղանակը։
Ժամուորներուն
մէջ
դրացի
հայ
գիւղերէն
բանուորներ,
մեծ
մասը
փորող,
մէկ
մասն
ալ
ընդարձակ
շէնքերու
կիրն
ու
շաղախը
պատրաստողներ,
իրենց
ականջին
շուրջը
փաթթուած
մարմաներով
(թաշկինակ),
կապոյտ
վարտիքներու
զանազանութիւն
մը
կը
դնեն։
Ասոնք
գրեթէ
միշտ
Պաղտոյի
մօտ
կը
կենան
պահ
մը,
կը
խօսակցին
երբ
տրամադիր
ըլլայ
ան։
Բանուորները,
որոնք
ամէն
Կիրակի
առտու
անպայման
իրար
կը
գտնեն
սրճարանը,
ժամ
գալու
համար,
միշտ
հարցնելիք
բաներ
ունին
Պաղտոյին։
–
Պաղտո՛,
գեղէն
ո՞վ
կայ։
Ձայն
կը
հանէ
նոր
քրտնած
պեխերով
երիտասարդ
մը,
որուն
սօլերուն
վրայ
կիրի
ճերմակ
կաթիլներ
կը
մնան։
–
Պօյաճիս՜ս,
պօյաճի՜ս։
–
Ծօ
Պաղտօ,
գեղէն
ո՞վ
կայ,
չե՞ս
լսեր։
–
Պօյաճիս,
պօյաճիս,
տա՜սը
փարա,
տասը
փարա։
Զբաղած
է։
Կը
ճանչնան
զինքը,
ու
կը
լռէ
հարցնողը։
Պաղտոն
Չէնկիլէր
է
ծնած։
Հակառակ
ասոր,
ան
քիչ
մը
ամէն
գեղէ
է։
Բոլորն
ալ,
մեծով-պզտիկով,
գիտեն
զինքը։
Աչքը
բաց
տղայ
մըն
է,
ուժով
ու
հաստ
բազուկներով,
երկու-երեք
թիզ
կռնակով։
Որբի
մանկութիւնով,
խենթուկի
պատանութեամբ
մեծցած՝
այն
տղոցմէն
է,
որոնց
կաթն
անգամ
ուրիշներուն
կը
ծախուի,
որոնք
մօր
մը
համբոյրը
չառած՝
փողոց
կ’իջնեն
շատ
կանուխ,
սողալով
կը
քալեն
շուկաներէն,
ձուկ
ու
միս
ծախողներուն
կատակներուն
կը
վարժուին
եւ
երբ
քիչ
մը
ճլտորին,
սրճարաններու
ջուր
կը
բերեն,
աթոռները
ներս–դուրս
կը
կրեն
ու
փէքէնէներուն
(փայտէ
եկայն
ու
նեղ
նստարան)
վրայ
պառկելէն
իրենց
կաշին
քար
կը
դառնայ։
Կեանքի
այս
վաղահաս
զրկանքները
եւ
փողոցէն
քաղուած
չաքաշութիւնները
անոնց
մէջ
կը
զարգացնեն
ճարպիկութիւն,
յանդգնութիւն
ու
եթէ
հիմնովին
ժառանգազուրկներ,
պակաս–ծնածներ
չեն,
կը
վերջանան
աղայի
տան
մշակ
կանչուելով։
Բայց
կան
պակաս,
ամբողջապէս
պակաս
ծնածներ,
ապուշի
աչքով
ու
անասունի
քիթով
մանրագլուխ
տղաքներ
ալ.
ասոնք
կամաց
կը
թանձրանան
տարիներուն
հետ.
անոնց
ճակատը
հետզհետէ
աւելի
կը
նեղնայ
ու
կը
փոսնայ։
Կէս–ապուշներուն
համար
բարի
է
գիւղացին։
Բարի
է
նորէն
պակաս
ծնածներուն
համար
ալ՝
երբ
անոնց
մէջ
տեսնէ
տոկուն
դնդերներ,
շէն
ու
կարող
բնաւորութիւն։
Ասոնցմէ
է
Պաղտոն։
Թեթեւ
ծնած
մը։
Թափող
միսերով,
ուժով
սրունքներով,
պզտիկ
խուփ
աչքերով
կարճ
մարդ
մըն
է,
որուն
տարիքը
փախած
է
դէմքէն,
ուր
շարունակ,
չես
գիտեր
ինչպէս
հազարումէկ
ձեւերով,
այլանդակ
ու
զուարթ
լայնութեամբ
ժպիտներ
կը
բուսնին։
Քանի-քանի
անգամներ
ձգած
է
Պրուսան,
քանի՜-քանի՜
արհեստ
ու
գործ
է
փոխած.
ասոնց
հաշիւը
չկայ։
Հին
օրերուն,
երբ
հոգին
նեղանար,
երբ
ափերուն
մէջ
քերուըտուքներ
զգար,
ձուկի
պէս
Պոլիս
կ’երթար։
Գեղերը
գտնուած
միջոցին
գիտէ
փորել,
փայտ
կտրել,
բեռ
կրել,
խաղող
կթել,
այս
բոլորը
կը
կազմէին
իր
առօրեայ
կեանքը։
Բեռնակիր
է
ան,
ընդհանրապէս
սրճարանի
աշկերտ
ու
խաներու
մէջ
պառկելու
տեղով
մը
գոհացող
սպասաւոր։
Երբեմն
գեղէ
գեղ
սուրհանդակի
գործ
կը
կատարէ։
Կիրակի
օրեր,
ժամու
ատեն
մշտապէս
ներկարար
է։
Դրամ
չի
բռներ։
Վաստկածը
ուտելու,
օրով
ապրելով,
վաղը
չունենալու
իր
սկզբունքին
երբեք
դաւած
չէ։
Սովորաբար
խաներէն
կը
հանէ
իր
հացը։
Պրուսա
եկող
գեղացիներուն
պզտիկ
ծառայութիւններ
կ’ընէ,
զանոնք
ասդին–անդին
պտոյտի
կը
տանի,
մանաւանդ
երբ
աղուոր
աղջիկներ
գտնուին
անոնց
մէջ։
Ծիծերնին
տղայ
ունեցող
կնիկներուն
երեսները
պագնելէն
շատ
կ’ախորժի
ու
ամէն
կնիկ
ներող
է
անոր
այս
պզտիկ
յանդգնութիւններուն։
Գեղէն
եկող
կառքերուն
ձայնը
շատ
հեռուէն,
զարմանալի
ականջային
հոտառութեամբ
մը
կ’որոշէ։
Խանէն
դուրս
եկողներուն
առաջը
կը
նետուի,
ծափ
ծափի
տալէն,
հաճաղային
բարով–եկար
մը
ըսելէ
ետք,
անոր
բեռները
կ’իջեցնէ
կառքէն,
վիճակը
կը
հարցնէ,
մատները
կը
չթացնէ,
տունի
պզտիկներուն
վրայ
տեղեկութիւններ
կ’ուզէ,
ուրախ
կ’ըլլայ
անոնց
աղէկութեան
լուրովը
եւ
կը
յաջողի
կտոր
մը
բան
փրցնել։
Պրուսացին,
բոլոր
շուկան
կը
սիրէ
զինքը։
Խանութպանները
կարգով
թէյ
կը
խմցնեն
անոր՝
բերելք
յաճախորդներու
հաշիւէն.
ջոջ
վաճառականներն
ալ
շատ
կ’ախորժին
հետն
իյնալէ։
Անոնց
մանաւանդ
ընտանի
է
շատ։
Գիտէ
պատմել
իր
ըրած
սատանութիւնները,
գողցած
պզտիկ
պաչիկները
շալվար
ով
անուշիկ
աղջիկներէն։
Աչքբացութիւններ
ունի,
միամիտ
դաւեր
կը
նիւթէ
շուկայի
թաթար
բեռնակիրներուն
դէմ,
շատ
հեղ
կը
ծեծէ
զանոնք
հայաշատ
տուներու
ետին,
երբ
Սէտ-Պաշի
գտնուի,
ու
շատ
անգամ
մուկ
կը
դառնայ
անոնց
ծեծին
տակ,
երբ
չյաջողի
փախչիլ։
Զուարթ,
խենթ,
խնդացող
տղայ
մըն
է
ան,
պեխերը
միշտ
բերնին
մէջ։
Ամէն
Կիրակի
այսպէս
սնտուկը
գրկած
է
մինչեւ
էտինք։
Յօգնութիւն
չի
ճանչնար
իրիկուան
զանկակէն
առաջ։
Ուրիշ
օրեր
ամէն
բան
է։
Երբ
ժամուն
մեծ
դուռները
գոցուին,
Պաղտոն
կը
շալկէ
սնտուկը,
աչքը
պատուհաններու
տիկիներուն,
խնդալով,
պոռալով,
դիտմամբ
թաթար
ներկարարներուն
զարնուելով
կը
վազէ
Ընկերութիւնը
։
Կիրակի
ցերեկ
պրուսացին,
Ազգասէրը,
հոն
է։
Դրան
դէմ,
խոյակաւոր
սիւնի
մը
տակ,
Պաղտոն
իր
սովորական
տեղն
ունի,
ճիշդ
ճակատը
մեծ
հայելիին,
որ
լման
պատը
կը
բռնէ։
Պաղտոն
կը
տեղաւորէ
իր
աթոռը։
Վրձինները
իրարու
հիւսած,
սեւ
ձեռքը
պեխերուն
տակ
կը
պաղի
հայելիին
նայելէն,
ֆէսը,
ետ
կ’ընէ,
առաջ
կը
բերէ,
դէպի
ականջը
կը
ծռէ,
դէմքին
գիծերը
կը
ժողվէ,
կը
լրջանայ,
կը
խնդայ,
կը
պայծառանայ
իր
պատկերին
դիմաց,
ու
միշտ
կիսատ
ժպիտ
մը,
անհոգ
ուրախութեան
մը
պէս
կը
լուսցնէ
իր
խորտուբորտ
դէմքը։
Կը
սպասէ։
Մէկիկ–մէկիկ
կու
գան
էֆէնտիները։
Ներս
մտնողը
վարպետ
ճկումով
մը,
չնշմարուելի,
արագ,
բայց
փախստեայ
ջանք
մը
յայտ
կու
գայ,
կը
հակի
դէպի
հայելիները,
անզգալի
կորացումով
մը
վիզը
կը
նետէ
առաջ,
գողտուկ
նայուածքով
մը
ինքզինք
չափելէն
ետքը,
կը
շտկուի,
կ’երթայ
դիրք
բռնելու
հայելիներուն
ճակատը։
Պաղտոն
շատ
լաւ
կը
դիտէ
անոնց
ձեւերուն
աննշմարելի
թեքումները,
ու
միտքէն
կը
խնդայ։
Յետոյ
կու
գան
ուրիշներ,
աւելի
մեծ
մարդեր,
որոնք
անգամ
մը
կը
դառնան
իրենց
վրայ,
հայելիին
մէջ
ցոլանալու
պատեհութիւն
մը
կը
գտնեն
ու
կը
քաշուին
նուազ
նպաստաւոր
անկիւններ։
Ներս
մտնողներու
ամէն
մէկին
համար
զատ–զատ
բառեր
ունի,
խորհրդաւոր
նայուածքներ,
աչք–խփելներ,
որոնք
սակայն
միշտ
պարապ
կ’ըլլան։
Պաղտոն
կը
թթուի
միայն
այն
ատեն,
երբ
թաթար
ներկարար
մը
իր
պակաս
ուլի
ձայնով
ներս
կը
մտնէ
Ընկերութենէն
։
Կոպերէն՝
դէմքին
վրայ
քացախ
կը
քամուի
կարծես.
ամբողջ
մարմնովը
դող
կ’ելլէ.
կտրտող,
դանկի
պէս
նայուածքներ
կ’արձակէ
թաթարի
կռնակին,
որ
իր
խլէզի
անորոշութեան
մէջ
իսկ՝
քալուածքի
ու
կեցուածքի
թուրք,
արհամարհոտ
ու
վիրաւորիչ
խրոտութիւն
մը
կը
պտտցնէ
այդ
հայ
հասարակութեան
մէջ։
Էֆենտիները
Պաղտոյին
չափ
կը
զգան
այդ
ամբարտաւան
անարգանքը,
զոր
պարտաւոր
են
մարսելու։
Երբ
օրը
էտինքի
դին
դառնայ,
Պաղտոն
կը
ձգէ
իր
սնտուկը.
խաները
բանող
տղոց
հետ
կու
գայ
Նուրիէին
առջեւ,
մեծ
ապակիներուն
մէջ
կը
գովէ
իր
դէմքը
ու
ամէնքը
մէկանց
կը
սկսին
Սէտ–Պաշիի
վերելքը։
Օրիորդներն
ու
տիկինները
պատուհաններէն
կը
կախուին
իրենց
ներկուած
երեսներով.
Պաղտոն
իր
խենթուկի
աչքերով
անոնց
բաներ
մը
կ’ըսէ։
Անոնց
ետեւէն
ու
առջեւէն
ծանր,
լուրջ
զբօսաշրջիկներու
հոտաւէտ
կարաւան
մը
կը
կամարանայ
զառիվերէն
դէպի
Ելտըզ։
Ամէնքն
ալ
կը
լրջանան։
Վալի
ին
պալատին
մօտն
է
Ելտըզ
զբօսավայրը։
Խեղդող,
ծանր
մթնոլորտ
մը։
Բոլոր
պտտողները
կը
զգան
ատ.
ու
լռիկ,
առանց
լայն
խնդալու,
առանց
երես
կախելու,
շարժելու
իսկ
վախնալով,
հայ
ընտանիքներ
կը
նստին
ծառերուն
տակ
ու
գրեթէ
կը
փսփսան
խօսակցելու
համար։
Վախը,
սոսկումը
պզտիկներուն
ալ
հասեր
է։
Ամէն
մէկ
խումբի
մօտ
կան
մէկ–երկու
տղեկներ,
որոնք
մեծ
խելօքութեամբ
նայուածքներ
ունին,
կը
վարանին
ծառին
շուքէն
դուրս
կոխելու,
կարծես
թէ
հոնկէ
վար
ճիւաղներ
պատրաստ
ըլլային
զիրենք
կուլ
տալու։
Ոստիկաններու
երկաթէ
հսկողութեան
տակ,
դպրոցականին
կարգապահութեամբ,
հայ
կնիկներն
ու
աղջիկները
քիչ
մը
հով
կ’առնեն,
քիչ
մը
Ողիմպոսի
մաքուր
ու
զով
օդէն
կը
խմեն։
Պաղտոյին
հետ
գտնուող
գեղացիները
չեն
հասկնար
այս
երկիւղած
մեռելութիւնը։
–
Պաղտո՛,
այս
ի՞նչ
է,
աղբար.
մեռե՞լ
կայ՝
ի՞նչ
կայ
մէջտեղը։
–
Սուս,
ձայնդ
կարճ
ըրէ։
Ասի
ձեր
գեղի
Սուրբը
չէ,
ոչ
ալ
մեր
գեղի
Ակը,
օղուլ.
հոս
մարդը
մախամով
(եղանակով)
կը
զռացնեն։
Կը
զարմանան
անոնք
ու
կը
լռեն։
Պաղտոն
կը
հանէ
զանոնք
աւելի
վերերը։
Ելտըզին
կռնակը,
քանի
մը
հարիւր
քայլ
վերօք
կը
կենան
հսկայ,
իրարու
գիրկ
մտած,
իրարու
կողը
ծակած
ժայռեր։
Լերան
կողքին՝
տարօրինակ
կերպով
վար
կը
խորունկնայ
ձորակ
մը,
ուր
ջուրը
կտրտուած
ժանեակներու
գօտիներ
կը
կապէ
անորոշ
քարերու
մէջքին
եւ
ուր
կծկտած
ջաղացքները
թեթեւ
մուխ
մը
կ’ոլորեն։
Որքա՞ն
լաւ
է
հոդ,
որքան
բարձր
է
հոդ։
–
Է,
Պաղտո՛,
խօսէ
նայիմ։
–Սուս
էք,
սու՛ս
էք,
բանս
պօրակ
(պէօրակ)
է։
Ու
խնդուն՝
ձեռքերը,
սեւ
ձեռքերը
կը
զարնէ։
–
Ի՞նչ
կայ,
ծօ,
հիմա
մատներդ
կը
թափին,
ի՞նչ
կայ։
–
Որ
գիտնա՜ք...
Ու
լեցուն
ուրախութիւն
մը
կ’ողողէ
զինքը։
Թափթփած
պեխերը
կ’ուզէ
քիչ
մը
մարդու
պէս
կերցնել,
աչքերը
կը
մանրանան։
Պահ
մը
լռութիւն։
–
Գիտե՞ս,
գիտե՞ս,
–
կը
մխտէ
Պաղտօ
երկայն
վարտիքով
տղայ
մը,
որ
շերամաբուծական
վարժարանի
ուսանող
է։
–
Ի՞նչը,
ծօ՛։
–
Բան
մը
պ’ըսեմ,
մարդու
չըսէք
պի։
–
Չեմ
ըսեր։
–
Խաչ
ըսէ։
–
Խա՛չ։
–
Պատարագ
ալ
ըսէ։
–
Պատարա՛գ.
մաս
ալ
կ’ուզե՞ս։
–
Չէ,
կ’օգտէ,
պը
չըսէք,
անանկ
չէ՞։
Մաս–պատարագ
գողտուկ
է.
մարդու,
մարդու
չեմ
ըսած։
Ու
ափերը
իրար
կը
շփէ
ականջին
քով
տանելով,
հրճուանքի
էն
խորունկ
արտայայտութիւնը։
–
Պետրոսեաններուն
տունը
գիտես
դուն։
Հոն
պի
կենամ,
հոն,
անոնց
տունէն
խըզմէթճի
ուզեցին
ինծի։
Գեղացիները
բան
մը
չգիտնալով,
իրարու
երես
կը
նային։
Պաղտոն
աչքին
պոչովը
մթին
նշան
մը
կ’ընէ
վարտիքով
տղուն։
–
Ծօ՛,
Փանո՛ս,
ամէն
առտու
մէջքդ
երկուք
կ’ընես
պատուհանիդ
տակը.
ինծի
նայէ,
ինծի,
Պաղտո
կ’ըսեն
ինծի,
լուն
չի
փախչիր
իմ
ձեռքէս։
Բ
Պաղտօ
առտուն
կանուխ
արթնցաւ։
Օր
մը
կ’ընէ,
Պետրոսեաններուն
տունն
էր։
Կեանքին
մէջ
միտքը
չէր
գար
այսքան
կակուղ
անկողնի
մէջ
պառկած
ըլլալը։
Պարտէզին
մօտի
պատուհանը
ճերմկիլ
առեր
էր
արդէն
ու
պատերուն
վրայ
սեւը
քիչ–քիչ
կը
նօսրանար։
Պաղտոն
վերմակը
նետեց
վրայէն։
Բարձին
տակի
ծխատուփը
քաշեց
ու
նստեցաւ
անկողնին
մէջ։
Աջ
ձեռքին
մեծ
մատը
շրթունքին
վրայ
դնելով
–
սովորութիւնն
էր
ատ
–
բացաւ
ծուխին
տոպրակը,
միտքը
բոլորովին
ուրիշ
տեղ
տարած
փաթթեց
սիկարը,
փակցուց
ու
նորէն
թաղուեցաւ։
Անուշ
տաքութիւն
մը
ոտքերն
ի
վար
կը
քալէր
եւ
կը
տարածուէր
մինչեւ
ոսկորները.
սիկարին
մուխը
չէր
որոշուեր
տակաւին,
բայց
ամէն
քաշած
ատենը
կրակին
շուրջը
տարօրինակ
դեղնութիւն
մը,
բոցի
ոսկի
մը
կ’ուրախացնէր
զինքը։
Միտքովը
անմիջապէս
գնաց
ան
իր
առջի
իրիկուան
պառկած
տեղը։
Հոտած
շուկայի
մը
մէջ
էր
սրճարանը։
Գետնէն
թիզ
մը
միայն
վեր
նստարանին
վրայ
երկնցած
էին
իրեն
պէս
վեց
գեղացիներ,
չոր
տախտակին
վրայ,
գետինը
ունենալով
շաքարի
պարկ
մը
կամ
կոճուկ
մը։
Միտքին
մէջ
ձեւ
ու
շարժում
առին
գեղացի
կառապաններ
ամէնն
ալ,
իրենց
հոտած
բերաններով
ու
գինովի
խորդումներով։
Սիկարը
հեղ
մըն
ալ
քաշեց։
Այս
անգամ
մոխիրն
ինկաւ
իր
կտչուլ
պեխերուն
վրայ.
Պաղտոն
թօթուեց
բերանը,
պատուհանին
նայեցաւ.
վարագոյրն
ալ
աղէկ
մը
ճերմկցեր
էր։
Հոգիի
ներքին
հրճուանք
մը
լեցուց
զինքը։
Իր
պզտիկ
ուղեղը
գանկին
տակ
կը
բանէր,
կը
բանէր
անորոշ
երազներու
շուրջը։
Լոյսը
լման
ներս
մտաւ,
անկիւններու
մէջ
անգոյն
առարկաներուն
ձեւ
տալով։
Պաղտոյին
գլխուն
մէջ
հաճոյքի
պատկեր
մը
ցաթեց։
Ժպտելով
յիշեց,
թէ
ինչպէս
երէկ
իր
լաթերը
փոխեցին.
էֆէնտիին
չգործածուած
փանթալոնները
կարճեցնելով
ինչպէս
անցուցին
իր
սրունքներուն։
Ինչպէս
կռնակին
փակցուցին
ետեւէն
կտրուած
երկայն
պոնժուռ
մը
եւ
շատ
անուշ
յուզմունքի
մը
մէջ
իր
մատները
տարաւ
վիզին
այն
կէտերուն,
ուր
դպած
էին
երէկ
Պետրոսեան
օրիորդներուն
մատիկները,
երբ
կ’աշխատէին
իր
հաստ
վիզը
բանտել
վեց
սանթիմնոց
օձիքին
մէջ։
Նոր
հագուստները
քովիկն
էին։
Պաղտոն
ելաւ։
Վարագոյրին
ճեղքէն
նայեցաւ
պարտէզը,
ուր
կախուած
սաւաններ
առտուան
մէջ
կը
մսէին։
Մէկ
շարժումով
երկուքի
ծալեց
վերմակն
ու
անկողինը,
հրեց
քանէփայ
ին
տակ,
խանդաղատանքով
լեցուն
նայուածք
մը
հանգչեցուց
իր
ներկարարի
սնտուկին
վրայ
ու
դուրս
ելաւ
էֆէնտիին
կօշիկները
ներկելու։
Մարմարէ
բակին
մէջ
խոնաւ
ցուրտ
մը
քարերուն
վրայէն
այրեց
իր
ոտքերը։
Կօշիկներուն
վրայ
աշխատեցաւ
ուշադիր
կերպով։
Իր
թեւերն
այնքան
արագ
կ’երթային,
որ
վրձինին
խաղը
չէր
որոշուեր։
Ու
երբ
սեւ
կաշիին
վրայ
ցաթեց
մութ
փայլ
մը՝
Պաղտոն
գոհ
ժպտեցաւ։
–Թող
պեխերը
պուռմիշ
ընէ
մէջը։
Ըսելէ
ետքը
ձեռքերուն
մէջ
կշռեց
ոտքի
ամանները
եւ
մեծ
գործ
մը
ըրած
ըլլալու
լրջութեամբ
ու
երկիւղածութիւնով
գունաւոր
քարիկներէ
կազմուած
եռանկիւնի
մը
մէջ
քիթերն
իրարու
զուգահեռաբար
քով
քովի
շարեց։
Յետոյ,
կաթին
ամանը
առած՝
փողոց
ելաւ,
մատմազէլներուն
կաթ
բերելու։
*
*
*
Տունին
մէջ
Պաղտոն
մեծ
գործ
մը
չունէր
ընելիք։
Ամսական
չորս
ճերմակ
պիտի
տային։
–Խաս
տեղ
է,
Պաղտո,
խաս
տեղ
է։
Ըսեր
էին
իրեն
քանի
մը
երիտասարդ
էֆէնտիներ,
խորհրդաւոր
թարթումով։
Պաղտոն
արդէն
անծանօթ
մը
չէր
տունին
համար։
Շատ
օրեր
ձուկ
ու
ձմերուկ
տարած
էր
հոն։
Ու
Պաղտոն
մասնաւոր
հաճոյքով,
բացառիկ
տրամադրութեամբ
կը
մտնէր
այդ
դուռնէն
ներս,
վասնզի
անմիջապէս
իր
քովը
կը
վազէին
Պետրոսեանի
ջուխտ
մը
աղջիկները,
հազարումէկ
բաներ
կը
հարցնէին
իրեն,
նամակներ
կու
տային,
ապսպրանքներ
կ’ընէին,
կը
խնդային
երեսին,
կը
ծաղրէին։
Պաղտոն
հրճուանքէն
խենթ
կը
դառնար
անոնց
մօտ
եղած
ատենը։
Մեծը
իրաւ
է,
թէ
քիչ
համով
է
–
երեսները
լայնցեր
էին
ու
ոսկորները
կը
կարդացուէին
–
բայց
պզտիկը,
օ՜,
պզտիկը
հրաշալի
էր.
Պաղտոյի
բառովը՝
հաւկիթէն
նոր
ելած։
Մե՜ղք,
որ
կաղ
էր։
Բայց
անոր
երեսին
աղուորութիւնը,
այնքան,
բարակ,
այնքան
անուշ
էր,
որ
Պաղտոն
հաճութիւնով
կը
ներէր
անոր
թերութիւնը։
Իր
պակասի
երեւակայութիւնը
համ
կ’առնէր
այդ
լուսնկայի
պէս
կլոր
դէմքին
քաղցրութենէն։
Աչքերը
երբեմն
պաղ
կը
գտնէր,
ապակիի
պէս...
բայց,
բայց...
ու
ամէն
անգամ,
որ
Սէտ–Պաշիէն
գործով
վեր
ելլէր,
ասեղը
ծակ
կ’ընէր,
միջոց
կը
գտնէր
այդ
տունին
առջեւէն
անցնելու։
Հիմա
իր
երջանկութիւնը
լման
էր։
Օրիորդներն
ալ
Պաղտոյին
չափ
ուրախ
էին։
Մեծը՝
անցնելու
մօտ՝
երազուած
մայրութեան
մը
աղապատանքը
բերաւ
անոր
հետ
իր
յարաբերութեանց
մէջ։
Բայց
պզտիկը
երիտասարդ
էր
տակաւին։
Շատ
գեղեցիկ
երեսով
ու
հարուստ
իրանով
աղջիկ
մըն
էր,
ոտքին
մէկը
օրրանին
մէջ
իսկ
կոտրած։
Դժբախտութիւնը
կանուխէն
ազդած
էր
նկարագիրին
վրայ.
պզտիկուց
կրած
էր
իր
վրայ
ինկող
նայուածքներուն
եսապաշտ
կարեկցութիւնը
ու
չարութիւնը
չափած
կիներու
սիրտին,
շատ
մատաղ
հասակին
մէջ։
Ջղային
ցնցումներ,
ջլախտաւորի
հեծկլտուքներ
ու
ժպիտներ
թեթեւ
մը
քսուեր
էին
իր
պարմանութեան։
Հայրը
խնայելու
համար
իր
չարչարանքին,
դրած
էր
զանի
Պոլիս,
Սէօր
երու
վարժարան
մը։
Այն
կեղծ
դաստիարակութիւնը,
որով
հայ
աղջիկներուն
մէջ
հոգին
իր
հիմերէն
կը
խախտի,
չարաշուք
տպաւորութիւն
մը
ունեցաւ
անոր
մէջ։
Գիտցածին
վրայ
ապուշ
հաւատք
մը
կ’արգիլէր
զայն՝
ելլելու
իրական
բարձունքը
իտէալ
սկզբունքներուն,
ուրկէ
վար
մարդկութիւնը
արհամարհելի
ողորմուկներու
ամբոխ
մըն
է
միայն։
Յետոյ
երազելու,
կրօնական
խորհրդաւորութեան
մը
մէջ
սուզուելու
պէտք
մը
անոր
հոգիին
շուրջը
կը
ստեղծէր
շինծու
ոլորտ
մը,
ուրկէ
դուրս
իրերը
տարականոն
եւ
հետեւաբար
ցաւագին
հակասութիւններ
էին
միայն
ու
անոնց
պատրանքին
գիտակցութիւնը
իր
վիշտը
կը
նորէր։
Մատոնաներու,
Անարատ-Կուսութիւններու,
Աւետումներու,
պզտիկ
Քրիստոսներու
անհամար
ու
այլանդակ
հաւաքածոներով
լեցուած
էին
իր
սենեակներն
ու
սրահները։
Այս
փայլուն
ու
պայծառ
գոյներով
ցոլացուցած
նկարներուն
հրապոյրը
իր
ջլախտաւոր
հոգիին
վրայ
լայն-լայն
կը
պառկէր։
Երազներու
շատ
հակամէտ՝
իր
վիշտին
սաստկութեան
մէջ
վիրաւոր
այդ
աղջիկը
հիւանդութեան
տագնապներ
կ’ունենար։
Օրիորդ
Պետրոսեաններուն
մայրը
բարի
կնիկ
մըն
էր,
շատ
պարզ
միտքով,
որուն
համար
աղջկանը
անցուցած
ջղային
նոպաները,
ցնցումները,
երկայն
ծիծաղները
տխուր,
տխու՜ր
էին
միայն։
Մեծ
քոյրը
գալիք
պառաւութեան,
մինակ
պառաւութեան
դագաղակիրն
ըլլալուն,
ուրիշին
վրայ
մտածելու
ատեն
չէր
կրնար
ունենալ։
Հայրերնին
շուկան
գիտէր։
Այս
լռութեան
մէջ,
այս
հիւանդոտ
պայմաններուն
տակ,
կտոր
մը
գոյն,
քիչ
մը
թրթռում
անհրաժեշտ
էր
պզտիկ
աղջկան
մութ
հոգին
պայծառացնելու
համար։
Ու
բժիշկին
խորհուրդով
Պաղտոն
ներս
առնուեցաւ։
Գ
Առաջին
մէկ–երկու
օրերուն
Պաղտոն
տունի
շուքը
դժուար
գտաւ։
Չորս
պատերուն
բանտը
նոր
էր
իրեն
համար։
Իր
գործը
որոշ
սահման
մը
ունէր։
Տան
բոլոր
յարկերն
ու
սենեակները
բաց
էին
իր
առջեւ.
բակի
քարերուն
լուացքը,
սենեակներուն
յարդարանքը,
ննջարաններուն
խղճամիտ
խնամքը
ու
բամբակի
պէս
թաւ,
ձիւնի
պէս
ճերմակ
մահիճներուն
սպասը
իրն
էր։
Շուկայ
կ’երթար,
էֆէնտիին
սենեակը
կէս
ժամու
չափ
վեր–վար
կը
պտտէր.
քիչ
մը
կը
խնդացնէր
ու,
միշտ
կտոր
մը
բան
շալկած
խաղ
կանչելէն
տուն
կու
գար։
Տնեցիները
մասնաւոր
թոյլտուութիւններ
ունէին
անոր
համար։
Աղջիկները
վրան
հոգի
կու
տային։
Ու
էֆէնտին
խնդացող
բարեւով
մը
կ’ընդմիջէր
անոր
սիրերգները,
զորս
կը
մրմռար
քիթին
տակէն
իր
սենեակին
մէջ
ոտքերը
երկնցուցած։
Պաղտոն
լաւ
մը
չէր
գիտեր
իր
պաշտօնը։
Միայն
սովորութիւն
ունէր
ամէն
առտու
կանուխ
ելլելու։
Էֆէնտիին
կօշիկները
ներկելէ
ետքը
կը
շտկէր
պարտէզը։
Տան
ներքին
երեսին
վրայ
զոյգ
սենեակներ
պարտէզին
կը
նայէին,
ներկուած
ու
ամուր
գոցուած
փեղկերուն
տախտակները
երբ
շարուէին,
Պաղտոն
կ’արագնար,
ածուններուն
շրջանը
կ’ընէր
կատուի
մը
չափ
թեթեւ
ոստումներով,
թաղարներուն
վրայ
կը
ծռէր
խանդաղատանքով,
վարդենիներուն
քով
կը
մնար
բաւական
ատեն,
վարդերուն
ծռած
ոստերը
կը
շտկէր,
անոնց
բացուածքը
դէպի
պատուհանները
կը
լարէր,
շահոքրամներու
ու
լելակներու
մանրիկ
գլուխները
կը
թօթուէր
ու
առտուան
շաղոտ
ու
զով
օդին
մէջ
հոտերը
կ’երթային
գտնել
սենեակի
մատմազէլը։
Քիչ
ետքը
փեղկերը
ծխիններուն
վրայ
դառնալով
կը
փակէին
պատին։
Ճերմակ
շապիկով
հարուստ
իրան
մը
կը
ցաթէր
թափանցիկ
ապակիէն
ասդին
ու
Պաղտոն
պաղուկ–պաղուկ
կը
նայէր
պատուհաններուն,
յետոյ
ծաղիկներուն
տակերը
կը
քրքրէր,
ծառէ
ծառ
ձգուած
պարաններուն
հետ
կը
խաղար,
մինչեւ
որ
գար
ան։
Մազերը
գլխուն
վրայ
ծոցուորցուցած՝
աջ
կողմին
վրայ
դժնդակօրէն
հակելով
կու
գար
ան։
Փլածութիւնը,
խոնջէնքը
աչքերուն։
Չէր
հասկնար
Պաղտոն
կաթի
պէս
լուսցած
այդ
երեսներուն
բռնուած
գեղեցկութիւնը
ու
թարթիչներուն
տակ
գծագրուող
մութ
աղեղին
լարուածքը
կոտտացող
ու
կծկուն։
Ապահովաբար
հիւանդ
էր.
այն
անծանօթ
տառապանքով
աղջիկներէն,
որոնց
ցաւերը
կը
սիրեն
ընդարձակ
սրահներու
բուրումնալի
ու
կէս
մը
մութ
ստուերները։
Այդ
ցաւերը
ուղղակի
չեն
ազդեր
անոնց
մարմինին.
իրենց
կերտուածքը
աւելի
կը
շեշտուի,
իրենց
երեսը
կը
մեծնայ,
կը
լայննայ,
կը
փայլի,
արդուզարդի
պչրանքի
մոլութիւն
մը
գիւտեր
կ’ընէ
անոնց
հասակի
վրայ։
Եւ
սակայն,
երբ
օդերը
քիչ
մը
խոնաւնան,
երբ
մշուշները
լողան
ու
անձրեւը
քալէ,
այն
ատեն
անոնց
դէմքին
միսերը
կը
քաշուին,
իրենց
մեծ
ու
ողորկ
երեսներուն
վրայ
թրթռուն
գիծեր
կը
խորունկնան,
խոնաւ
մութ
մը
սահիլ
կ’առնէ
իրենց
արտեւաններէն
ու
պաղ,
ահռելի
կերպով
լարուած
ցաւի
ժպիտներ
են,
որ
կը
բացուին
իրենց
դէմքին
վրայ...
Դ
Պաղտոն
իր
նոր
կեանքը
սկսաւ
մեծամեծ
երազներով։
Կը
զգար
իր
սիրուած
ըլլալը,
կը
հասկնար
կիներուն
դէմքը
անուշցնող
բարութիւնը,
բայց
իրեն
տարօրինակ
կու
գար
էֆէնտիին
մռայլ
կերպարանքը.
կը
վախնար
անոր
խորունկ
աչքերէն։
Ամէն
առտու,
դեռ
չմեկնած,
էֆէնտին
կ’ըսէր.
–
Պաղտո,
օրիորդներուն
հոգին
չնեղացնես,
ինչ
որ
ըսեն,
ինչ
որ
ուզեն
ըրէ,
պզտիկ
հաընմին
խօսքը
երկուք
չընես
հա՜,
լսեցի՞ր։
Պաղտո
անհանդարտ
բարեւով,
որ
փորին
վրայ
կը
պճլտար,
մտիկ
կ’ընէր
վաճառականին,
կօշիկները
երկիւղածօրէն
կը
բռնէր
ու
հաճոյակատարութեան
հին
բնազդովը,
որ
իր
մէջ
ինկեր
էր
անհայր
ու
անմայր
մանկութեան
օրերէն,
իբր
թէ
կը
շտկէր
անոր
փարտըսիւ
ին
անգոյ
կոտրածութիւնը,
ուժով
կը
փչէր՝
թռցնելու
համար
խոզանակէն
փախած
փոշիները,
յետոյ
դուռը
կամացուկ
մը
կը
գոցէր
անոր
ետեւէն։
Երբ
էֆէնտիին
քայլերը
մարէին
սանդուխներուն
վրայ,
բոլոր
հոգիով
կը
խնդար,
ափերը
իրարու
կը
քսէր,
ու
կը
վազէր
պզտիկներուն
քով։
Իր
բնազդներուն
սրութեամբը
կարծես
հասկցաւ
իրեն
պարտադրուած
դերը։
Ամէն
ատենէ
աւելի
չափ
տուաւ
իր
լեզուին։
Պատմեց
անոնց։
Պատմեց
հեքիաթը
իր
գեղի
լիճին,
ուր
ոսկեվառ
աղջիկները
ամէն
տարի
տղայ
կը
գողնան
ծովուն
ափերէն
ու
կը
տանին
ջուրերուն
տակը,
զանոնք
պագնելու։
Պատմեց
անոնց
գիւղի
մանարաններուն
մէջ
գործուած
ոճիրը։
Նկարագրեց
անոնց,
թէ
ինչպէս
հինգ–վեց
ամսուան
կեանք
առած
խլինքոտ
մսի
կտորները
եէնիճեցի
գործաւորուհիններու
կողմէ
ողջ–ողջ
կը
թաղուէին
կամ
փուռը
կը
նետւէին։
Իր
լեզուն
շուտ–շուտ
կը
թափէր
թերխաշիկ,
խենթուկ
բառեր,
ուր
ամէն
գեղի
ոճիրէն
ցոլքեր
կային։
Ու
հաճոյքով
մտիկ
կ’ընէին
իրեն։
Աղջիկները
կարելի
եղածին
չափ
քիչ
գործ
ձգեցին
անոր։
Ու
Պաղտոն
բերկրանքի
սարսուռով
մը
կը
դիտէր
առատութենէն
դողացող
կուրծքով
պզտիկ
հանըմին
սրահը
աւլելը,
սեղաններու
յարդարումին
մասնակցիլը։
Զինքը
կը
տանէին
իրենց
ննջասենեակը,
ուր
դէմ
դէմի
աչք
առնող
ճերմակութեամբ
մը
մահիճներուն
ուրախութիւնը
կը
բացուէր։
Պաղտո
պզտիկ
հանըմին
անկողնին
մէջ
կը
նետուէր,
թեւին
տակ
փախչող
բարձերուն
կը
քսէր
իր
խեղճուկ
երեսը,
դէմքը
կը
թաղէր
այդ
բարձիկներուն
փայփայանքին
մէջ
ու
քիթերուն
ծակերը
լայն–լայն
կը
բանար,
անոնց
մէջ
նուաղող,
անոնց
խորը
քնացող
հոտը
ծծելու
համար։
Կը
ձգէին,
որ
ուզածն
ընէ։
Այս
ազատութիւնները,
իրարու
հանդէպ
այս
թոյլատուութիւնները
ստեղծեցին
տանելի
մթնոլորտ
մը։
Պատահեցան
օրեր,
ուր
կատակէ
կռիւներ
ըրին,
իրարու
փաթթուեցան
ու
Պաղտոն
գրկեց
այս
շղարշէ
մարմինը
ու
սրահին
երկայն
աթոռներուն
վրայ
օրրեց
վայրկեաններով։
Պաղտոն
հնարքներու
դիմեց՝
երեւոյթները
փրկելու
համար։
Իր
նայուածքը
նոյն
փութկոտ
հաճոյակատարութիւնը
ունէր
երկու
քոյրերուն
հանդէպ
ալ։
Միայն
երբ
մինակ
մնար
պզտիկին
հետ,
կամաց
մը
կը
ծռէր
անոր
ականջին
ու
կ’ըսէր.
–
Քեզի
աւելի,
շատ
աւելի
կը
սիրեմ։
Օրիորդը
կը
խնդար
ու
պզտիկ
ապտակ
մը
կու
տար
անոր
բաց
մնացած
ակռաններուն։
*
*
*
Եւ
ընտանութիւններուն
հետեւանքը
քիչ–քիչ
սկսաւ
յայտնուիլ։
Նախ՝
Պաղտոն
մռայլեցաւ։
Անձկութեան
երկար
դարեր
կը
թուէին
իրեն
գիշերուան
ժամերը,
որոնք
իր
հանըմը
կը
ծածկէին
իրմէ։
Իր
պզտիկ
խելքովը
գիշերն
ու
քունը
չէր
կրնան
արդարացնել։
Իր
սենեակին
մէջ
անկողնին
վրայ
նստուկ
կը
մնար
երկար
ատեն,
ականջները
դուրսի
աղմուկներուն
դէմ
լարած։
Վերի
սրահներուն
վրայ
կ’աշխատէր
քայլերը
գուշակել,
երբ
ննջասենեակներուն
դուռները
կենդանութիւն
կ’առնէին.
անոնց
ճռինչները
կը
զանազանէր.
կ’երկննար
աթոռներու
պզտիկ
տեղափոխումներուն
ետեւէն,
որոնք
տախտակամածին
վրայ
ցաւագին
կեղերջ
մը
կը
ձգեն,
յետոյ
նոյնիսկ
լուցկիներուն
խեղդուկ
ճիչերը
կու
գային
մեծնալ
իր
հոգիին
մէջ։
Մինչեւ
որ
ձայները
մեռնէին,
ան
կը
հետեւէր
անոնց
հատկտումներուն
ու
երբ
լման
տունը
լռութեան
մէջ
կոտտալ
առնէր,
աչքերը
գոցելով
կը
տարուէր
իր
երազներուն։
Կ
’ուզէր
հասկնալ
այդ
աղջկան
անսովոր
մտերմութիւնը։
Իր
անկայուն
ուղեղին
մէջ
կ’աշխատէր
դէպքեր
ու
խօսքեր
գտնել։
Տարտամօրէն
կը
նշմարէր,
թէ
էֆէնտիներուն
աչք–խփելները
ի՜նչ
ըսել
կ’ուզէին։
Յետոյ՝
Մեծ
Տիկինը
–
իր
միտքին
մէջ
խաթունը
–
որքան
հոգատար
էր
իր
մասին։
Ամէն
բերնի
«տղաս»
կ’ըսէր
ան.
շաքար
ու
մեղր
կը
վազէր
աղջիկներուն
լեզուէն։
Ասոնք
բոլորը
պարապ
բաներ
չէին։
Ո՞ր
աղջիկը
կը
թողուր
իրեն
զինքը
գրկել
ու
օրրել.
ո՞ր
աղջիկը
խնդալով
կը
լսէր
իր
խորունկ-խորունկ
կատակները,
որոնց
մէջ
շատ
ատեն
ձեռքերն
ալ
գործ
կ’ունենային։
Իր
մշուշոտ
օրերուն
մէջ
յանկարծ
կը
ցաթէր
այդ
լուսնկայ
աղջկան
փայլուն
դէմքը։
Ու
աղջիկը
մարմին
կ’առնէր
իր
միտքին
առջեւ։
Անոր
վարդի
պէս
բարակ
ու
աղուոր
երեսներէն
անբացատրելի
հոսանքներ
կու
գային
իրեն.
իր
աչքը
լման
հասակովը
կը
ցոլացնէր
զայն
ու
չէր
ուզեր
տեսնել
մէկ
կողմին
վրայ
կախ
այդ
մարմինին
կոտրած
գեղեցկութիւնը։
Ու
շատ
կամաց,
սակայն
շատ
կամաց
իր
միտքը
պղտորող,
իր
հոգին
եփ
հանող
զգացումները
կ’ելլէին
իրենց
միգամած
անորոշութենէն,
խորունկ
ճիչերու
ազդեցութեան
տակ
գիծեր
ու
խորք
կը
հագնէին,
ու
լեզուին
վրայ
կու
գային
բառեր,
զորս
կը
վախնար
արտասանել
եւ
զորս
կը
կրկնէր
ներսէն
անդադար,
տասը–քսան
հեղ,
մինչեւ
որ
առանց
իր
գիտութեան
իր
բերնէն
կը
լսէր։
–
Ինծի
չի
տան,
որո՞ւ
պի
տան.
ինձմէ
խա՞սը
գտնեն
պի։
Այս
յայտնութիւնը,
զոր
մտմտուքի
երկայն
գիշեր
մը
բերաւ
իրեն,
կերպով
մը
հաւասարակշռութիւն
դրաւ
իր
գրգռուած
ջիղերուն
մէջ։
Հիմա
իր
առջեւ
կը
տեսնէր
ապագայ
մը,
որուն
կը
վազէր
իր
բովանդակ
միամտութեամբը։
Իր
լրջութիւնը,
շարժումներուն
մէջ
մտցուցած
ծանրութիւնը,
խելացի
երեւալու
իր
ծիծաղելի
ջանքերը,
իր
արժէքին
գիտակցութիւնը
պոռալու
անզուսպ
փափաք
մը
հանըմին
կողմէն
ընդունուեցան
շնորհալի
անփութութեամբ
մը,
ու
Պաղտոն
քալեց,
ամէն
օր
կտոր
մը
աւելի,
իր
երեւակայած
երջանկութեան
գիրկը։
*
*
*
Դէպքերը
արագ–արագ
յաջորդեցին
իրարու։
Նախ՝
մատմազէլը
վտանգաւոր
կերպով
հիւանդացաւ։
Ծաղիկ
էր
եղած։
Բժիշկին
ու
նոյնիսկ
հաըմին
խնդրանքովը,
Պաղտոն
հիւանդապահուհիին
օգնական
տրուեցաւ։
Վայրկեան
մը
իսկ
չուզեց
զատուիլ
մահճակալէն։
Անհուն
տխրութեամբ
դիտեց
պզտիկ
կարմիր
գնտիկներուն
ծլումը
այդ
ձիւն
երեսներուն
վրայ։
Անոր
ճակատը
ժամերով
պահեց
իր
ափին
մէջ։
Արտակարգ
խնամքն
ունեցաւ
զայն
չմսեցնելու։
Հիւանդին
համար,
հոգին՝
աչք
չթարթած
կը
մորթէր։
Ու
վախնալիք
տեղ
մը
չունէր
ինքը։
–
Չէ՞ք
տեսներ.
երեսիս
վրայ
ցորեն
նետէք
կը
կորսուի,
կ’ըսէր
խնդալով,
ակնարկել
ուզելով
ծաղիկի
փոսերուն,
որոնք
շատ,
շատ
էին
իր
դէմքին
վրայ
ու
շատ
ալ
խորունկ։
Եւ
ջրջրանքի
պահերուն,
երբ
քերելու
հեշտանքի
մը
մէջ
հիւանդը
իր
բազուկները
գալարէր,
Պաղտո
ամուր
մը
կը
բռնէր
անոր
դաստակները,
մանկական
խանդաղատանքով
մը
կ’իյնար
անոր
աչքերուն
վրայ։
–
Մեղք
ես,
հանըմս,
այդ
երեսներդ
հաւկիթէն
են
ելած։
Ես
կը
դողամ
անոնց
վրայ։
Եւ
հիւանդութեան
ամբողջ
տեւողութեանը
Պաղտոն
հսկեց։
Հսկեց
իրիկունները՝
առանց
թարթիչները
իրարու
դնելու։
Անդին,
հիւանդապահուին
կը
քնանար։
Քանի՜–քանի՜
անգամներ,
իր
շրթունքները
կլորցուցած՝
ան
ծռեցաւ
քնացող
հիւանդին
վրայ։
Քանի՜–քանի՜
անգամներ
անոր
մագնիսացած
աչքերը
հալեցան
հեշտանքի
մշուշի
մը
մէջ,
որ
հաշիշի
պէս
գինովցուց
ջիղերը։
Բայց
միշտ
իր
բերանը
կէս–ճամբան
մնաց,
իր
աչքերը
շուտով
գտան
իրենց
վճիտութիւնը,
անբացատրելի
զգուշաւորութեան
մը
մէջ։
Եղան
օրեր,
ուր
Պաղտո
անմոռանալի
պատկերներ
տեսաւ։
Տեսաւ
աղջկան
ծիծերը,
որոնք
ֆանելա
յին
փրթած
կոճակներէն
դուրս
կը
նայէին.
տեսաւ
մերկ
սրունքներուն
ու
խորհուրդի
մէջ
քողուած
ազդրերուն
մէջ
հրաշքը.
տեսաւ
նոյնիսկ
պորտին
փոսիկը,
ուր
քրտինքը
ադամանդի
չափ
փայլուն
էր
ու
աղուոր։
Երբ
հիւանդը
ոտքի
ելաւ,
Պաղտոն
բոց
առած
էր։
Օրիորդը
իր
ապաքինումէն
ետքը,
երեսին
շնորհը
թարմացնելու
համար
պէտք
ունեցաւ
կաթի
լոգանք
ընելու։
Իսկական
չարչարանք
մըն
էր
Պաղտոյին
համար
թաթարներուն
թաղը
երթալ
կաթ
բերելը։
Այդ
աղտոտ
ու
նեղ
փողոցներուն
մէջ
վարանոտ
թափառումներ
ունէր,
թշնամիներէ
խուսափելու
հնարքներ
ու
հնհնուքներ։
Թաթար
լակոտները
անողոք
էին։
Պաղտո
կը
պզտիկնար
անոնց
առջեւ,
հազար
ու
մէկ
խոստումներով
հազիւ
կը
յաջողէր
կաթը
տուն
հասցնել։
Իր
ձեռքովը
կը
լեցնէր
խոշոր
կոնքի
մը
մէջ
ու
կը
դնէր
օրիորդին
առջեւ։
Եւ
օրիորդը
իր
մազերը
բռնել
տալով
անոր՝
աչքերը
խփած՝
երեսները
կը
թաթխէր,
կը
թաղէր
կաթին
մէջ,
պահ
մը
թողելէ
ետքը
կը
հանէր
դուրս։
Պաղտոն
կարմիր
ֆանելայի
կտոր
մը
առած՝
կամաց-կամաց
կը
շփէր
անոր
երեսները,
կաթի
պզտիկ
գնտիկները
պատռելով
անոր
դէմքին
վրայ,
փափուկ
փայփայանք
մը
պտտցնելով
հոն։
Իր
մատներուն
տակ
կ’իյնային
երեսի
միսերուն
կտորները,
որոնք
երկնային
խմորի
մը
երազը
կ’արթնցնէին
իր
հաստ
ափին
մէջ։
Պաղտոն
հեշտանքով,
հոգիին
մէջէն
թուլնալով
կը
շոյէր,
թուղթի
պէս
բարակ
լաթը
մոռցած,
մինչեւ
որ
նուաղոտ
արիւնում
մը
կը
ծլէր
դէմքին
վրայ։
Հիւանդութենէն
ետքը,
մատմազէլին
ներկայութիւնը
անհրաժեշտութիւն
մը
դարձաւ
Պաղտոյի
հոգուն։
Դժկամութեամբ
տունէն
դուրս
կ’ելլէր
ուրիշ
գործերու
համար։
Ատեն–ատեն
օրիորդը
զայն
Եըլտըզ
կը
ղրկէր,
ծառերու
սիրտը
բուսնող
ծաղիկներէն
բերելու
համար։
Պաղտոն
կ’երթար
մանաւանդ
Կիրակի
իրիկունները,
երբ
տունին
մէջ
այցելուններուն
անհանդուրժելի
շատախօսութիւնները
զայրանք
կու
տային
իրեն։
Նախանձով
կը
լեցուէր,
երբ
իր
աչքերը
կը
հանդիպէին
հարուստ
աղջիկներուն
ետեւէն
քալող
սպասաւորներու
ճերմակ
գոգնոցներուն։
Անմիջապէս
կ’անդրադառնար
իր
հանըմին
ու
անոր
կաղութիւնը
սեւ
դժբախտութեան
մը
պէս
ծանր
կու
գար
հիմա
իրեն։
Ամեհի
քարերուն
մէջ,
ուր
շուքն
ու
ցոլքը
իրար
կը
գրկեն,
ան
կը
փնտռէր
թանկագին
ծաղիկներ,
որոնց
արժէքը
շատ
կը
բռնուի
քաղաքի
հարուստ
սրահներուն
մէջ։
Եղած
են
յանդուգն
տղաքներ,
որոնք
քարերուն
փորը
մնացած
ու
մեռած
են։
Պատահած
է
նոյնիսկ,
որ
փնտռտուքի
եռանդի
մը
մէջ
անխոհեմ
տղաքներ
անդունդէն
քաշուած
ու
վար
են
ինկած,
500
մեթր
խորունկ
տեղերու
մէջ
տափկնալու։
Պաղտո,
միշտ
մեծ
դժուարութիւններով,
մեծ
յանդգնութիւններով
կը
յաջողէր
չքնաղ
փունջեր
կազմել
հազուագիւտ
ծաղիկներէն։
Վարը,
մարգին
վրայ
պտտողները
կը
գովէին
իր
քաջասրտութիւնը
եւ
կ’ուզէին
իր
ծաղիկները
գնել։
–
Խե՞նթ
էք,
ի՞նչ
էք,
խազնէ
տաք
նէ,
ասոնք
ձեզի
չեմ
ծախեր։
Ու
յաղթական
աշխարհ
մը
շահած
ըլլալու
հպարտութեամբ,
ան
կը
չափէր
բազմամբոխ
փողոցները,
եւ
փունջը
ձեռքովը
կ’անցնէր
օրիորդի
փչակին։
Ե
Աշունը
եկեր
էր։
Պաղտոն
Պետրոսեաններու
տունը
մտնելէն
ի
վեր
օրիորդին
ջղաձգութիւնները
գրեթէ
անհետացեր
էին,
անոր
աչքերուն
ապակիի
փայլը
փոխուած
էր
տաք,
կենդանի
արտայայտութեան
մը։
Չէքիրկէի
մէջ
աշունի
ամիս
մը՝
թերեւս
անվերադարձ
կերպով
ջնջէր
հիւանդութեան
ամէն
հետք։
Երկուշաբթի
առտու
Պաղտոն
կանուխ
ելած
է։
Կառապանին
քով
իր
ուսերը
խենթ
հպարտութեամբ
մը
լարած
գլխարկը
մինչեւ
յօնքերը
իջեցուցած
երջանիկ
ժպիտ
մը
պեխերուն
շուրջը
ոլորուն՝
անցաւ
բազմամարդ
փողոցներէն։
Ուլու–Ճամիի
հրապարակէն,
ուր
գլուխներուն
ճերմակ
իրարանցում
մը
կը
փախի,
անցաւ
Յոյներուն
թաղէն,
ուր
պատուհաններու
մէջ
ծաղիկի
պէս
բացուած
աղջիկներ
իրենց
ծիծերուն
կլորութիւնը
կը
կախեն։
Անցաւ
Հրեաներուն
հոտած
փողոցներէն,
ուր
մուշտակի
քաղցած
բոյր
մը
եւ
փտութեան
բորբոսներ
քիթը
կը
կճեն...
Այդ
ճամբա՜ն։
Իր
ամէն
մէկ
գիծերուն
մէջ,
իր
ամէն
մէկ
կորացումներուն
մէջ
այնքա՜ն
ծանօթ
ճամբան։
Բոպիկ,
քրտինքէն
խաշած՝
որքա՜ն
անգամներ
կոխկռտած
էր
այդ
փոշիները։
Ու
անհուն
էր
իր
երջանկութիւնը։
Օրիորդները
բաղնիքին
առջեւ
եկան։
Թեթեւ
յուզմունքի
կարմիր
մը
քալեց
պզտիկ
հա
ն
ըմին
երեսներուն
վրայ՝
իր
քարշ
եկող
ոտքին
կսկիծներէն։
Սպասաւորներ,
ճերմակ
գիշերազգեստներով՝
փութացին
սնտուկները,
պաուլներն
ու
ծրարները
տանիլ
վեր,
մաքուր
յարկաբաժին
մը։
Պաղտոն
անմիջապէս
նետուեցաւ
պատուհանը։
Լեռները
մօտեցեր
էին։
Զանոնք
պատող
կապոյտ
մշուշը
մուխի
թեթեւ
հալածութիւն
մը
թափեր
էր
անոնց
սեւ
կողերն
ի
վար։
Դուրսին
ծառերուն
շուքերն
ու
շրջագիծերը
յստակ
էին
շատ։
Երկաթուղիին
տեղ–տեղ
մթին,
տեղ–տեղ
շողարձակ
գիծեր
կ’երկննային–կ’երկննային,
ու
կանանչ
արտերու
եզերքներէն
ջուրի
արծաթ
երիզներ
շոգիէ
ամպիկներու
տակ
կը
վառէին...
Օրիորդները
ատեն
չունեցան
Պաղտոյին
զարմացումը
հասկնալու
եւ
շուտով
բաղնիք
նետուեցան։
Մինակութիւնը
ճնշեց
իր
սիրտը։
Աշխատեցաւ
սենեակին
մէջ
կարգկանոն
մտցնել։
Հայելիին
առջեւ
երկարօրէն
նայեցաւ։
Մեծ
էր
հայելին,
պատին
կէսը
բռնած
ու
զսպանակներով
լարուած։
Իր
հասակը
լմանուկ
կը
կրկնուէր
հոն։
Հաւնեցաւ
օձիքին,
կաղապարուած
ֆէսին,
պեխին
թաւ
ու
կարճ
ոլորներուն։
Մինակ
երեսները
խորտուբորտ
էին.
բայց
ատիկա
այնքան
թեթեւ
պակաս
մըն
էր...
։
Յետոյ
իր
ուժով
կուրծքը,
հաստ
ոտքերը,
լակոտի
աչքերը
զինքը
զուարճացուցին։
Գլուխին
պզտիկութիւնը
եւ
ճակատին
ներս
քաշուած
ըլլալը
աչքին
իսկ
չզարկաւ։
Ու
իր
պատկերին
առջեւ
միտքը
գնաց
երանաւէտ
բաներու։
Պզտիկ
հանըմին
դիմաստուերը
կամացուկ
մը
ճառագայթեց
իր
ուղեղին
մէջ
ու
հոնկէ
աղօտ
կ’երպով
ինկաւ
հայելիին
վրայ։
Պաղտոն
ապրեցաւ
նորէն
իր
չորս
ամսուան
կեանքը։
Այդ
աղջիկը,
որ
հիմա
իր
մարմարի
պէս
մսերը
ջուրերուն
էր
տուած,
–
ու
Պաղտոյին
աչքերը
կը
խփուէին,
–
իր
հոգիին
մէջ
ծաղիկ
էր
կապած։
Խոշոր
բան
մը
մտած
էր
ներսը։
Հիմա
կը
ճանչնար
հաճոյքը,
կիներու
գիրկին
տաքութիւնը,
աղջիկներու
երեսին
կրակը։
Բայց
չէր
հասկնար
ինքզինքը։
Զինքը
լեցնող
զգացումին
սահմանները
չէր
կրնար
որոշել։
Ինչո՞վ
կը
զատուէին
իր
հանըմին
ծիծերը
ուրիշներու
ծիծերէն.
ինչո՞ւ
համար
իր
հոգին
անընդհատ
կ’եփէր
անով։
Ու
հեշտանքի
պէտք
մը,
գալարուն
բռնութիւն
մը
կը
փոթորկէր
իր
սիրտը։
Ինչպէ՞ս
մինչեւ
հիմա
չէր
բացած
անոր
առջեւ
իր
չարչարանքը,
ինչո՞ւ
անոր
առջեւ
հատիկ–հատիկ
չէր
լացած
իր
ցաւերը։
Ու
մանաւանդ
ինչո՞ւ
չէր
պագած,
չէր
գրկած,
չէր
սեղմած
բազուկներուն
մէջ
անոր
խենթեցնող
մարմինը։
Առիթները
պակա՞ս
էին։
Ու
մէկիկ–մէկիկ
մտքին
մէջ
կենդանացան
հին
օրերուն
դրուագները,
որոնք
հաճոյքի,
անուշութեան
յիշատակով
մը
կապուեր
էին
իրեն.
մէկիկ–մէկիկ
լուսցան
իր
մտքին
մէջ
երանելի
պահերը
քաղցր
կատակներուն,
անուշ
կռիւներուն։
Ու
սարսուռներ
պրկեցին
իր
ջիղերը,
երբ
յիշեց
մահիճի
աղջիկը
իր
մերկութեամբը։
Հիմա
անոր
շուքին
մէջ
գամուած
ըլլալը
գիտէր։
Հիմա
երկար,
անհունութեան
չափ
երկար
կու
գար
իրեն
սպասել
հոս,
մինչեւ
որ
բաղնիքէն
ելլէր;
Ի՞նչ
կ’ուզէր,
ի՞նչ
պիտի
ուզէր
անկէ,
չէր
գիտեր։
Բայց
կ’ուզէր
զայն
իր
քով.
անոր
գոյութիւնը
անհրաժեշտ
էր
իրեն
համար։
Այս
լլկանքը
սպառեց
իր
համբերութիւնը։
Ու
սենեակէն
վար
իջաւ։
Բակը,
ծառերու
շարքերը
աշունի
դեղնութիւն
մը
հագնելու
վրայ
էին
ու
տերեւները
դեռ
նոր
ինկած՝
պզտիկ
հովի
մը
տակ
կը
տապլտկէին։
Աջ
կողմը,
բաւական
հեռուն,
կար
բուն
բաղնիքին
շէնքը,
կապարէ
աղտոտ
գմբէթով
մը։
Գմբէթին
վրայ
ցցուած
ապակիէ
աչքեր
լոյսը
կը
ցրուէին
ասդին–անդին։
Վանդակորմին
մօտ
աւազանի
մը
սաւանը
պզտիկ
կաթիլներով
կը
ծփար։
Պաղտո
մօտեցաւ
ջուրին.
ափովը
սկսաւ
խառնել
պաղ
հեղուկը։
Աւազանին
մէջտեղը
շատրուանը
շինծու
ապառաժի
մը
պատրանքը
տուաւ
իրեն
ու
ինքզինքը
գիւղին
լեռները
կարծեց։
Ձուկեր,
խառնած
ջուրին
մօտերը,
արագ–արագ
պտոյտ
գործեցին։
Յետոյ
պահ
մը
թաղուեցան
երազներուն
մէջ։
Յանկարծ
ջուրին
մէջ
իր
ճերմակ
օձիքը
աւելի
փայլուն
երեւցաւ
իրեն։
Ու
դէմքի
անհարթութիւնները
հալածի
պէս
էին։
Ու
հաւատքը
ուժովցաւ
նորէն
իր
մէջ,
վստահութիւնը
իր
յատկութիւններուն
վրայ։
Ինչո՜վ
էր
պակաս։
Իր
քովիկէն
անցան
երկու
աղջիկներ,
փլած
մազերով,
թոյլ
կուրծքերով։
Յետոյ
երկու
տղեկներ
եկան
աւազանին
շուրջը։
Անոնց
խարտեաշ
մազերուն
դեղինը
ու
երեսներուն
ողորկ
աղուորութիւնը
ջուրին
մէջ
ինկան
եղուած
հրապոյրով
մը։
Ու
այդ
թարմ
գեղեցկութիւնը
նոյնիսկ
ջուրին
մէջ,
խոժոռեցուց
Պաղտոն,
որ
վռնտեց
պզտիկները։
Հոն
ալ
չկրցաւ
մնալ։
Դէպի
բաղնիքին
դին
քալեց։
Հին
շէնքին
բաժնեմասերուն
մէջ
սենեակներու
բազմութիւն
մը
կար,
որոնց
պատուհաններուն
առջեւ
թանձր
վարագոյրները
ատեն–ատեն
մեղմ
ծփանքով
մը
կը
դողային,
երբեմն
նոյնիսկ
կէսով
մը
ծալուելով
իրենց
պոչին
վրայ
ու
այդ
պահերուն
ապակիներէն
ներս
կը
ճերմկէին
հաւլուներու
մէջ
փաթթուած
անորոշութիւններ.
մերթ
թեւի
մը
ճերմակը
արագօրէն
կ’անցնէր
ու
կը
կորսուէր։
Պաղտոն
աչքին
ծայրովը
կը
հետեւէր
բոլոր
այս
շարժումներուն։
Յանկարծ
վարէն
շոգեկառքի
ձայնը
բարձրացաւ.
Պաղտոյին
աչքերը
անուշցան
ճերմակ
շոգիին
մէջ,
որ
փախստեայ
ձիւն
մը
դրաւ
մեծ
կաղնիի
մը
ճիւղերուն
մէջ։
Ալ
բաղնիքէն
ելլելու
ատեն
էր,
ու
իրաւ
ալ
քիչ
ետքը
օրիորդները
երկայն
վերնազգեստով
մը
ելան
դուրս.
կամաց–կամաց
անցան
խիճերով
մաքուր
ճամբէն
ու
սենեակ
մտան։
Պաղտոն
իրենց
քովն
էր։
Խնամքով
շտկուած
բազմոցներուն
վրայ
երկնցան
աղջիկները։
Իրենց
շուրջը
լոգանքի
շոգին
տակաւին
մեղմ
մշուշ
մը
կը
բերէր։
Պաղտոն
բացաւ
ներկի
ու
բոյրի
սրուակները,
որոնք
նոր–նոր
յոյզեր,
նոր–նոր
հոգիներ
աւելցուցին
անոնց
մէջ։
Պաղտոն
աչքով
կը
խմէր
պզտիկ
հանըմին
երեսէն
ծորող
ծաւալուն
կարմիրը
ու
իր
նայուածքը
տխու՜ր
էր,
տխու՜ր։
Յետոյ
աղջիկները
իրենց
թաց
մազերը
բացին
կռնակի
վրայ։
Երկայն
հիւսքեր,
իրարու
փակած,
կախուեցան
անոնց
ճերմակ
հաւլուներէն
վար
ու
դեղին
սանտր
մը
գլխուն
ալիքները
կանոնաւորեց,
ներդաշնակեց՝
իրենց
ճակտին
վրայ
փրփուրի
թրթռում
մը
դնելով։
Այս
պզտիկ
աշխատանքները
Պաղտոն
կը
նեղէին։
Զարդի
առարկաները
բերելու
ատեն
զանոնք
ոտքին
տակ
առնելու
փափաք
մը
կը
սեղմէր
իր
սիրտը։
Քիչ–քիչ
լեզուն
հաստցաւ.
կարծես
թէ
բերնին
մէջ
քարեր
կենային։
Յուզումէն
լեցուն՝
սէրէր
փրթելու
չափ
ձգտուած
ու
սարսռուն՝
շարունակեց
նայիլ
իր
հանըմին։
Հանըմը
նոյն
հանըմն
էր.
նոյն
անհոգ
ու
քար
աղջիկը։
Իր
շարժումներուն
մէջ
անզգոյշ,
իր
ժպիտներուն
մէջ
հնչուն
ու
խոստացող։
Պաղտոն
չկրցաւ
բառ
մը
իսկ
արտաբերել
բոլոր
այն
ճառերէն,
զորս
պատրաստած
էր
անոնց
բաղնիքը
եղած
պահուն։
Բաղնիքէն
ետքը
այցելուներ
կու
գային
սենեակը։
Այն
ատեն
Պաղտոն
ստիպուած
էր
դուրսը
կենալու
եւ
ինքզինքը
կ’ուտէր։
Գիտցած
բոլոր
անէծքները
քթին
տակէն
կարգով
կը
քակէր։
Յետոյ,
երբ
ասոնք
սպառէին,
կը
սկսէր
իր
հայհոյութեանց
շարքը։
Աւելի
վերջը
խոշոր
քայլեր
կ’առնէր
նրբանցքին
մէջ.
ամուր–ամուր
կոխելով.
իր
անհամբերութիւնը
պոռալու
համար։
Վերջապէս
կ’երթային։
Ու
Պաղտոն
իր
գլխիկովը
կը
զարմանար
հանըմի
վրայ
տեսնելով
ուրախ
հանգստութիւն
մը։
Իր
զարմացումը
անկեղծ
ու
խորունկ
ցաւի
կը
փոխուէր,
մռայլ
մարտիրոսացումի
մեծութիւնը
բերելով
իր
բաբախելէն,
կոտտալէն
յոգնած
սիրտին։
Օրիորդը
կը
տեսնէ՞ր
իր
վիշտը։
Յայտնի
չէր,
վասնզի
երբ
մինակ
մնային,
Պաղտոն
կը
կանչէր
անմիջապէս
ու
կը
սկսէր
նորէն
ամէն
օրուան
պէս
խօսելու,
խնդալու,
պոռալու
տրամ
մը,
որուն
մէջ
աղջիկին
դիրքը
անորոշ
էր
եւ
ուր
Պաղտոն
մութ
ու
ալեկոծ
կը
մնար
սակայն։
Ամէնէն
շատ
կը
ցաւէր՝
օրիորդին
վրայ
անփոյթ
պարզութիւն
մը
դիտելուն
համար։
Չէ՞ր
տեսներ
իր
դողդղալը,
չէ՞ր
հասկնար
իր
աչքերուն
հրդեհը.
ու
մանաւանդ
չէ՞ր
լսեր
իր
սրտին
զարկը,
որ
կուրծքը
կոտրելու
չափ
ամուր
կը
զարնէր։
Ինչո՞ւ
չէր
փոխուեր,
ինչո՞ւ
քիչ
մըն
ալ
չէր
շուարեր,
երբ
իրենց
թեւերը
իրարու
կու
գային,
մինչդեռ
ինքը
կը
դողար։
Այս
մինակութիւններուն՝
իր
ձեռքերը
յանդուգն
սեղմումներ,
բիրտ
ու
թանձր
կսմիթներ
ունեցան.
աչքերը
խոշոր
ու
խորունկ
սեւեռումներուն
կապարէ
ծանրութիւն
ուզեցին
իջեցնել
աղջկան
հոգիին
մէջ։
Եւ
սակայն
հանըմը
իրապէս
կը
զգար
բոցի
խանդակաթ
սէրի
այն
մթնոլորտը,
որուն
մէջ
կ’ապրեցնէր
զինքը
այդ
կէս–ծնած
տղան։
Հանըմը
ձեռքով
դրածի
պէս
գիտէր
անոր
սիրտին
մէջ
մեծցող
ու
խեղդող
զգացումը.
ինք
դրեր
էր
հոն։
Իր
ներողութիւններովը,
իր
երեսին
լոյսովը
ու
աչքերուն
ժպիտովը
կեանք
ու
ջուր
տուած
էր
հոն
ձգուած
այդ
սերմին,
ու
երբ
ան
խոշորցեր,
խոշորցեր
էր
տղան
կոտրելու
չափ,
չնչին
խղճահարութիւն
մը
անգամ
չէր
գար
կշռել
իր
մտքին։
Երբեք
չուզեց
մտահոգ
ըլլալ
այդ
խենթ
սէրին
հետեւանքներովը։
Ի՞նչ
էր
վերջապէս
այդ
տղան.
փողոցէն
գտնուած
զուարճալիք
մը,
զոր
սիրած
ատենդ
ազատ
ես
մէկդի
նետելու։
Շատ
բարի
կ’ըլլաս,
երբ
խաղալիքը
անվնաս
ձեռքէդ
դուրս
ելլէ։
Պաղտոյին
կրակը
մէկը
չհասկցաւ։
Ծանօթներ
զարմացան
միայն,
որ
անոր
կատակները
փախեր
էին
բերնէն
ու
մռայլ
լրջութիւն
մը,
մութ
տարտղնածութիւն
մը
յաջորդեր
էին
անոր
արեւ
ու
լոյս
օրերուն։
Զգալի
կերպով
նիհարցեր
էր։
*
*
*
Ջերմուկներուն
մէջ
կիները
բաղնիք
մտնելու
որոշ
ժամեր
ունին։
Կիրակի
ըլլալուն՝
կայարանը
լարախաղացներ
կային։
Ջերմուկի
հիւրերը
գրեթէ
մեծամասնութեամբ
հոն
իջեր
էին։
Պաղտոն
հոն
տարաւ
Տիկին
Պետրոսեանը
եւ
մեծ
օրիորդը։
Պզտիկը
անհանգստութիւն
առարկելով
վար
չէր
իջած։
Պաղտո
առաջին
կարգի
երկու
տոմսակ
առաւ,
Տիկինին
յանձնեց
եւ
աճապարանքով
բաղնիք
եկաւ։
Պզտիկ
հանըմը
եւ
կապոյտ
աչքերով
աղջիկ
մը
կամաց–կամաց
կը
պտտէին
խօսակցելով.
իր
ներկայութիւնը
երկուքին
վրայ
պզտիկ
ժպիտներ
բերաւ։
–Պաղտո՛,
գնա
բաղնիքին
պողչան
բեր։
Պաղտո
նետուեցաւ
վեր,
սանդուխին
երկու–երեք
աչքը
մէկ
ընելով։
Պողչան
անութեց,
քիչ
մը
հայելիին
ծռեցաւ.
փողկապը
տեղաւորեց,
գլխարկը
սուրցուց
ու
վար
իջաւ։
Աղջիկները
չկային։
–
Բաղնիք
մտած
ըլլալու
են,
–
խորհեցաւ
Պաղտո
ու
շտկուեցաւ
բաղնիք։
Մեծ
դուռին
վրայ,
սենեակի
մը
բաց
պատուհանին
առջեւ
երկու
կիներ
կը
խօսակցէին.
մէկը
բաղնեպանուհին
էր
անշուշտ։
Պաղտո
կանգ
առաւ
քիչ
մը,
սպասեց,
որ
կինը
տեսնէ
իր
անութին
տակի
ծրարը
եւ
առնէ
տանի
ներսի
աղջիկներուն։
Բայց
խօսակցութիւնը
տաք
էր
շատ.
վասնզի
Պաղտոն
առանց
նշմարուելու
անցաւ
մեծ
դուռնէն։
Խոնաւ
քարերուն
վրայէն
կամաց
մը
սահեցաւ
երկրորդ
բակը,
ուրկէ
անդին
կը
շարուին
մերկանալու
համար
ապակիէ
շինուած
սենեակները։
Մարդ
չկար
անոնց
մէջ։
Երկու
աղջիկները
լոգարանն
ըլլալու
էին,
որովհետեւ
դուռներու
բախումին
խուլ
ու
ծանր
հեծեծանքը
ինկաւ
Պաղտոյին
ականջը,
դողացնելով
զայն։
Քիչ
ետքը
դուռներուն
պարապութենէն
բարակ
շոգի
մը
ծփծփուն
ելաւ,
երկնցաւ
դէպ
գմբէթին
աղտոտ
աչքերը։
Աղջիկները
շոգիին
հետ
դուրս
ելան
ու
Պաղտոն
տեսան
առանց
յուզուելու։
Պաղտո
տարաւ
ծրարը,
ձեռքերովը
բացաւ
զայն,
թաւ
գորգը
փռեց
սնդուսապատ
բազմոցին
վրայ։
Հաւլուներն
ու
սփածանելին
ոսկեգոյն
թասի
մը
մէջէն
առնելով
ձեռքերուն
մէջ
թօթուեց,
տխուր,
դողացող
դէմքով
մը։
Երբ
գործը
աւարտեց,
աղաչանքի,
բայց
լացէն
աւելի
ողորմուկ
աղաչանքի
նայուածք
մը
երկնցուց
հանըմին,
որ
կարծես
թէ
հասկցաւ
իր
տուայտանքը,
ու
դուրս
ելաւ։
Երկու
կիները
կը
խօսէին
աւելի
ոգեւորուած։
Պարտէզի
երկաթէ
վանդակորմին
առջեւ
պահ
մը
կեցաւ
մտածկոտ,
յետոյ
մատները
կողերուն
վրայէն
քաշելով
սկսաւ
քալել։
Հաճոյք
մըն
էր
իրեն
համար
լսել
ու
տեսնել
մատներուն
թրթռումը,
որ
տեսակ
մը
հանգիստ
կը
բերէր
իր
գերազանցապէս
գրգռուած
ջիղերուն
վրայ։
Վարէն,
խճուղիէն
կառքերը
պտտողներ,
երջանիկներ,
սիրուածներ
ու
սիրողներ
կը
կրէին
անդադար,
դեղին
հովանոցներու
ծփանուտ
ժանեակներուն
տակ
երազի
պէս
կիներ
կը
փախէին,
կը
փախէին
կանանչ,
դալուկ
ծառաստաններուն
մէջ
անյայտանալով։
Աւազանի
ձուկերուն
հետ
խաղաց
նորէն։
Արեւին
տակ
այդ
ձուկերը
ոսկիի
պէս
անուշ
լոյս
մը
կը
պտտցնէին
իրենց
կռնակներուն
վրայ։
Ջուրին
տակ
ինկած
կոճակներ,
պզտիկ
կլոր
քարիկներ
ճերմակ
կը
նայէին
իրեն։
Այս
դիտողութիւնները
բաւական
տեւած
ըլլալու
էին,
վասնզի
իր
ետեւէն
խիճերուն
վրայ
մանրիկ
քալուածք
մը
արթնցաւ։
Պաղտոն
ետին
դարձաւ.
իր
հանըմին
ընկերուհին
էր,
որ
արիւն
կապած՝
վեր
իր
սենեակը
կը
քաշուէր։
Պաղտոն
նորէն
թրթռաց
իր
երազին
մէջ։
Հիմա,
ան
բաղնիքն
էր
տակաւին,
ապահովաբար
միս–մինակ։
Հիմա
ջուրը
կը
պագնէր
անոր
նշխարքի
պէս
հրաշալի
միսը.
հիմա
շատրուանին
տակ
ան
իր
պորտը
տուած
էր
տաքուկ
ջուրի
արծաթէ
լեզուին.
ու
պատկերը
խոշորցաւ.
տարօրինակ
մթութեան
զգացում
մը,
աչքերու
անէացում
մը
իր
գլուխը
շանթահարեց։
Իր
ներսիդին
պիծակներ
կը
քալէին։
Փոթորիկը
անզուսպ,
վայրենի,
փրթած
էր։
Այս
բզզիւնի,
մռնչիւնի
զգայութեանց
տակ
ոտք
ելաւ։
Իր
քայլերուն
տէրը
չէր,
բայց
անոնք
կը
տանէին
զինքը։
Չտեսաւ
նոյնիսկ,
թէ
բաղնեպանուհին
նորէն
կը
խօսէր,
այս
անգամ
ուրիշ
կնոջ
հետ։
Երբ
առաջին
բակը
անցաւ,
բաղնիքին
խոնաւ
տաքութիւնը
եղկացուց
քիչ
մը
իր
հոգին.
ինքզինքը
գտաւ,
բայց
առաջ
գնաց։
Ապակիէ
սենեակներուն
մէջ
ոչ
մէկ
կար։
Լոգարանին
ճիշդ
դէմի
սենեակին
մէջ
միայն
ասդին–անդին
ցանուած
ճերմակեղէններ,
շրջազգեստներ
պառկած
էին։
Լոգարանին
դուռը
կիսաբաց
էր։
Պաղտոն
ականջ
տուաւ.
ջուրի
շխրտուք
մը,
մեղմ
գլգլանք
մը
ներսէն
դուրս
կու
գար։
Ատկէ
զատ
ձայն
ու
աղմուկ
մեռած
էին։
Պաղտոն
քալեց.
աւելի
ճիշդը՝
քալեցուցին։
Դուռը
հրեց
ու
շիտակ
կեցաւ
աւազանի
եզերքին։
Լոգարանին
ճիշդ
մէջտեղը,
աւազանը
պառկեր
էր
անծալ
ու
յստակ։
Գմբէթի
աչքերէն
շոգեպատ
լոյս
մը
մութի
պէս
կը
մաղուէր
ջուրին
վրայ։
Իր
քովիկէն,
դուռներուն
քարէ
փորուածքին
մէջ
բազմաթիւ,
փողրակներէ
հարուստ
ու
փայլուն
ջուր
մը
կը
թափէր
միօրինակ
մեղմ
երգով
մը,
որ
անուշ
էր
այդ
պահուն։
Աւազանին
վրայ
շոգիի
բաւական
թանձր
ծալք
մը
ձիւնէ
պաստառի
մը
պէս
կամաց–կամաց
կ’օրօրուէր։
Աւելի
վերօք՝
մեծ
աւազանին
հետ
հաղորդակից՝
բայց
անկէց
մէկ
մեթր
բարձր
աւազանի
մը
մէջ
բան
մը
կը
տապլտկէր,
բադի
ծեծկըւուքի
պէս
բան
մը։
Լոգցողը
այնքան
տարուած
էր
իր
ծափիկներովը,
որ
չկրցաւ
իմանալ
ներսը
մարդ
եկած
ըլլալը։
Պաղտո
քալեց։
Աւազանին
մօտիկն
էր,
երբ
աղջիկը
ետ
դարձաւ։
Ծիծերուն
պտուկներէն
ջուրը
արծաթի
պէս
կը
կաթէր։
Պաղտոն
տեսածին
պէս
վախի
շարժումով
մը
ինքզինքը
պատսպարեց
աւազանին
քարէ
պարիսպին
տակ.
լման
թաղեց
միսը
ջուրին
մէջ
ու
գլուխը
դուրս
ձգած՝
խնդալէն
պոռաց.
–
Տէ՛,
Պաղտո՛,
դուրս
ելիր։
Պաղտոն
լուռ
էր
ու
անքթիթ
կը
նայէր։
–
Քեզի
կ’ըսեմ,
Պաղտո՛,
դու՛րս,
դու՛րս։
Պաղտոն
չէր
լսեր
ու
լուռ
էր։
–
Ծօ՛,
հայտէ,
հիմա
մարդ
կու
գայ։
Պաղտոն
լուռ
էր։
Քիչ–քիչ
իր
դէմքը
այլայլեցաւ,
աչքերը
քանի
մը
հեղ
դարձան
իրենց
կոպիճներուն
մէջ։
Պաղտոն
աւելի
մօտեցաւ։
Աղջիկը
սկսաւ
պոռալ։
Այս
սոսկումի
ճիչը
Պաղտոն
կասեցուց
քիչ
մը։
Իր
վայրենի
դէմքը
կակուղցաւ
ու
սկսաւ
անուշ–անուշ
նայիլ։
Աղջիկը
պոռալը
դադրեցուց
եւ
գլուխը
ջուրին
մէջէն
դուրս՝
փորձեց
նոյնիսկ
խնդալ։
Պահ
մը
իրարու
նայեցան։
Որչափ
ատեն
տեւեց
այդ,
յայտնի
չէ,
բայց
Պաղտոն
աւազանին
քարը
բռնէր
էր
ու
կէս–խնդուն՝
կէս–տխուր
սկսաւ
լալ։
Արցունքները
կ’իյնային
աղջկան
մազերուն
վրայ։
Բայց
մէկէն
ի
մէկ
Պաղտոն
թեւերը
բացաւ,
այդ
թաց
գլուխը
առաւ
բազուկներուն
մէջ
ու
սարսռուն
յուզմունքով,
իր
բոլոր
միսերուն
ու
ոսկորներուն
մէջ
ցնցուած՝
իր
կրակի
պէս
շրթունքները
փակցուց
անոր
մազերուն։
Աղջիկը
թոթուըւեցաւ,
փախչիլ
ուզեց,
իր
մերկ
միսը
ջուրին
մէջ
ճերմկցաւ.
իր
ծիծերը
պզտիկ
ալիքներ
փախցուցին,
ու
կողերուն
շնորհը
ջուրերն
ակօսեց։
–
Հանըմս,
մեղքցիր
քիչ
մը,
ինծի
ալ
մար
է
բերեր։
–
Հայտէ
դուրս,
կրկնեց
աղջիկը,
այս
անգամ
կատղած
ձայնով
մը,
ուր
սպառնալիքն
ու
սոսկումը
իրարու
էին
խառնուած։
–
Բան
չեմ
ըներ,
մի
վախնար,
պը
նայիմ
քիչ
մը...
–Դու՛րս,
դու՛րս,
–
պոռաց
կրկին
աղջիկը
ու
այս
անգամ
ելաւ
ջուրէն
վայրագ
բարկութեամբ
մը։
Անոր
աչքերուն
շանթող
ուժին
տակ
Պաղտոն
տկարացաւ,
հոգին
ամբողջովին
փախաւ
իր
մէջէն
ու
հանըմը
երկու
թեւերը
Պաղտոյին
կռնակին
դրած՝
արհամարհանքով
դրեց
զինքը
դուրս։
Պաղտո,
պզտիկ
տղու
մը
չափ
անզօր
ու
կամքէ
զրկուած,
հնազանդեցաւ
այդ
արտակարգ
վռնտումին,
ու
բաղնիքէն
դուրս
ելաւ։
Դուռը
ամուր
մը
գոցուեցաւ
ետեւէն։
Այն
ատեն
միայն
զգաց,
թէ
ինչ
էր
ըրածը
եւ
ուր
կը
գտնուէր։
Բակին
մէջ,
քարերուն
ճեղքերուն
վրայ
բաղնիքի
սեւ
ճճիներ
իրար
կը
հալածէին,
իրարու
շալակ
կը
նետուէին.
կեանքի
պատկեր
մըն
էր
տեսածը,
տխրեցաւ
չարաչար,
շուտ
դուրս
փախաւ։
Մեծ
դրան
գլուխը,
պատուհանին
առջեւ
բաղնեպանուհին
նորէն
կը
խօսէր։
Երբ
պարտէզ
ելաւ,
երեսին
փչող
զով
հովը
քրտինքներ
բերաւ,
ու
այդ
թարմութեան
տակ
սթափեցաւ
քիչ
մը։
Ու
անմիջապէս
միտքովը
գնաց
բաղնիքի
աղջկան
հրաշքին։
Ան
ի՜նչ
միս
էր,
ան
ի՜նչ
միս։
Ջուրերը
կա՜թ
կը
վազէին։
Ու
հոգին
կոտտալ
առաւ
անմեկնելի
դողերու
տակ։
Վանդակորմին
առջեւ
էր։
Վարէն
կառքերուն
արագ–արագ
փախուստը
տարտամութիւն
մը
կը
բանար
իր
տեսնելու
անկարող
աչքերուն
առջեւ։
Բայց
հեռապատկերը
քաղցր
էր։
Էտինքի
հեւք
մը
թուլցեր
էր
աւրուած
կապոյտն
ի
վար։
Երեսը
երկաթ
ձողերուն
պաղին
տուած՝
յիշեց
անգիտակից
ստիպողութեամբ
մը
իր
ամբողջ
անցեալը։
Յիշեց
իր
ազատ,
առանց
ցաւի
իր
անուշ
անցեալը,
ուր
սիրտը
բան
ուզել
չէր
գիտեր,
ուր
հոգին
քաշ
չունէր։
Կեանքին
մէջէն
անցած
էր
առանց
դառնալու
իր
ետին.
սեւի,
վիշտի
թեթեւ
գիծեր
միայն
կային,
ծեծ
ուտելու,
մսելու,
անօթի
մնալու
աննշան
ու
տարտամ
մնացորդներ,
որոնք
իր
մտքի
հորիզոնին
վրայ
սեւ
ամպերու
տեղը
կը
բռնէին։
Բայց
հիմա՞
հիմա՞։
Հիմա
նոր,
բռնաւոր,
անդիմադրելի,
իրմէն
հարիւր
անգամ
ուժով
բան
մը
իր
սիրտին
մէջ
կը
ցցուէր,
սպառնալից,
այրող,
աւերող։
Փափաքին
չհասնելուն,
երազի
պապակելուն
զգայութիւնները
ու
անոնց
առանց
գոհացումի
մնալուն
դժոխքը
կը
կրէր։
Չէր
խորհեր,
թէ
աղջիկը
ինչ
պիտի
ընէր
իր
ընթացքին
համար։
Երբեք
միտքը
այդ
տեղանքը
չեղաւ։
Բայց
անոր
անգթութիւնը,
արհամարհանքը,
սեւ
դէմքին
պաղ
սարսափը
ինկած
էին
իր
մէջ
ահաւոր
լերան
մը
պէս
փլելով։
Իր
պզտիկ,
փոսացած
ուղեղովը
կը
ջանար
անոնց
տունը
անցուցած
օրերուն
յիշատակները
բռնել,
ոտքի
հանել։
Պզտիկ
առարկաներու,
սենեակներու,
աթոռներու,
պատէն
կախուած
պատկերներու
խառնակ
ու
տարտամ
երամներ
արագ–արագ
անցան
իր
հոգիէն.
անոնց
ամէն
մէկին
հետ
աղջիկէն
նայուածք
մը,
ժպիտ
մը,
կուրծքի
կարկառ
մը,
մազերու
ծփանք
մը,
դէմքի
բոցավառում
ու
արիւնումներ
տաքցուցին
իր
ուղեղը։
Ու
խօսքի,
փոխանակուած
բառերու
լեզու
մը
հծծիւններ
կախեց
իր
մէջ։
Ու
չէր
հասկնար.
չէ՜ր
հասկնար։
Չէր
կրցած
այդչափ
անգութ
երեւակայել
զայն։
Վշտին
սաստկութեան
տակ,
իր
սիրտը
պոռթկալու
պահանջին
առջեւ,
փետտուելու
չափ
յուզուած
սկսաւ
լալ։
Արցունքները
երկաթէ
ձողերուն
տակ,
մաքուր
մարմարին
վրայ
կ’իյնային
հատիկ–հատիկ,
լայննալով,
տափակներով։
Քանի
լացաւ,
սիրտը
այնքան
թեթեւցաւ։
Բայց
աչքերուն
մէջ
արիւն
էր
իջեր։
–
Պաղտո՛։
Լսուեցաւ
վերէն։
Ճանչցաւ
ձայնը։
Արցունքները
սրբեց
թեւերուն
գիրկովը։
Սանդուխներէն
ելած
ատենը
զգաց,
որ
մարմինը
շատ
ծանր
էր
իր
սրունքներուն։
Սենեակին
մէջ
հանըմը
նստեր
էր
բազմոցին
անկիւնը,
գլուխը
տուած
պզտիկ
բանուած
երեսով
բարձիկի
մը,
ուր
երկու
շրթունքներ
իրար
էին
եկած։
Դէմքին
վրայ
տակաւին
պզտիկ
կայլակներ
կամաց–կամաց
կ’իջնէին,
մեղրի
պէս
հետքեր
քաղելով։
Ու
դաժանութիւնը
թափեր,
հալածուեր
էր
այդ
երկինքի
չափ
աղուոր
աչքերէն։
Պաղտոյի
արիւնոտ
աչքերը,
անհունապէս
փլած
ու
կոտրտած
դէմքը
յանկարծ
մթագնեցին
աղջկան
երեսի
ժպիտը,
որ
ստուերի
մը
պէս
ամփոփուեցաւ,
մռայլ,
անձկագին
բան
մը
թեթեւօրէն
փայլակեց
ճակատն
ի
վար։
Ու
ախտաւոր,
ջղապիրկ
շարժումով
մը
թեւերը
երկնցուց
Պաղտոյին,
գիրկը
քաշեց
ու
երեսները
անոր
արիւն
աչքերուն
դրած,
սկսաւ
լալ,
շատ
բարձր,
հեկեկագին
ջղագարութեան
մը
մէջ։
Հին
հիւանդութիւնն
էր,
որ
յանկարծ
կ’այցելէր
անոր։
Զ
Հիւանդը
կը
նեղուէր։
Աշունի
պաղերը
քիչ–քիչ
կը
զգացուէին։
Առտուները
թանձր
մշուշ
մը
քարի
պէս
կ’իջնէր
աղջկան
սիրտին
ու
անոր
արդէն
նեղ
հոգին
կը
պզտիկնար,
կ’անձկանար
ու
նոպաները
իրարու
կը
յաջորդէին
գրեթէ
ամէն
օր։
Պաղտոն
անոր
տառապանքին
ներկայ
կ’ըլլար
ու
լուռ
աչքերը
շիտակ
նետելու
համար
իսկ
տկար՝
կը
մտմտար
գլուխը
կախ։
Մեծ
քոյրը
շատ
կ’ազդուէր,
երբ
պզտիկ
հանըմին
աքաղաղի
պէս
երկար
ճիչերը
անոր
ականջն
ու
սիրտը
տակնուվրայ
կ’ընէին։
Բժշկին
խորհուրդով
հիւանդը
քաղաք
տարուեցաւ։
Պաղտոն
միշտ
տունն
էր։
Հիւանդութիւնը
նոր
թելեր
դողացուց
իր
սիրտին
մէջ։
Առաջին
անգամ
ըլլալով
զգաց
օտարին
ցաւը
իր
մէջ.
այդ
ցաւը
այնքան
խորունկ
ու
դղրդող
էր,
որ
ականջները
բամպակ
կ’անցնէր,
երբ
օրիորդին
հեծկլտուքները
սկսէին,
ու
կը
քաշուէր
վարը,
իր
սենեակը,
մենաւոր
լալու։
Իր
երազներուն
վրայ
մոխիր
նստեցաւ։
Թեթեւ
ու
շատ
ծանր
մառախուղ
մը
անոնց
կենդանութիւնը
կը
թաղէր։
Աղջիկը
աղէկ
եղած
պահերուն
իրմով
կը
զբաղէր
անտարբեր
պաղութիւնով
մը։
Պաղտոն
չէր
զգար,
թէ
օրը
ինչպէս
կը
հատնէր։
Բայց
իրիկունները,
երբ
մութը
փռուէր,
տեղաւորուէր
իր
սենեակին
մէջ,
Պաղտոն
սեւեռուն
աչքերուն
առջեւէն
կը
կարծէր,
թէ
կը
փախչէին
պզտիկ
գունաւորումներ,
փոսփորափայլութիւններ.
աչքերը
ամուր
մը
կը
շփէր
ու
այդ
շարժումին
յաջորդող
քմահաճ
լոյսերուն
ու
անգոյ
հրախաղութիւններուն
միջէն,
ծիրանիով
ու
բոցով
թրթռուն
կը
ծնէր
ան,
աղջիկը,
հոլանի,
իր
միսին
վարդագոյն
ճերմակութեամբ
մը
եւ
ծիծերուն
նուռի
կաղապարովը։
Իր
սէրը
չմեծցաւ,
բայց
չպզտիկցաւ
ալ։
Իր
սրտին
վրայ
թախիծի
ամպ
մը
ձմեռ
բերաւ,
լռութեան
ու
մահուան
պէս
պաղ։
Աղջիկը
զինքը
խածաւ
իր
նոպաներուն,
զինքը
ծեծեց
բարկութեան
պահերուն։
Բայց
անոր
շրթունքները
ուրի՜շ,
ուրի՜շ
էին։
Երբ
հանգիստը
գար
անոր
խռոված
ջիղերուն,
այն
ատեն
միայն
Պաղտոն
կը
նայէր
անոր
աչքերուն,
որոնք
անհուն
փոթորիկներու
վրայ
գոցուեր
էին
քիչ
առաջ։
Հանդարտ
կապոյտ
մը
անոնց
մէջէն
կը
ժպտէր
Պաղտոյին
ու
Պաղտո
առաջուան
չափ
պաշտում
ունէր
անոր
վրայ։
Յոյսե՞ր
կային
իր
մէջ.
ատ
որոշապէս
չէր
զգար։
Բայց
կը
սիրէր։
Ու
անցաւ
աշունը։
Ձմեռուան
հովերը
քիչ
մը
պրկեցին
աղջկան
հոգին.
նոպաները
շաբաթէ
շաբաթ
յայտնուեցան։
Յունուարի
տանսըհինգն
էր
եւ
աղջիկը
տակաւին
չէր
ցնցուած։
Այս
ապաքինումը
Պաղտոն
բոցավառեց
այս
անգամ
աւելի
սաստկութեամբ.
նորէն
սկսան
սալոնին
շուք
անկիւններուն
մէջ
այն
զարմանալի
զուարճութիւնները,
որոնք
Պաղտոն
խենթեցուցած
էին։
Նորէն
տան
մէջ
ստեղծուեցաւ
հանգիստի,
երանութեան
շրջանակ
մը։
Ու
Պաղտոն
իր
հոգին
լման
բացած
էր
աղջկան
ճառագայթումին։
–
Պաղտո,
Եըլտըզի
ծաղիկներուն
կարօտցայ.
կրնա՞ս
փունջ
մը
բերել
հիմա։
–
Այն
տեղուանքը
հիմա
ձիւնն
ու
հովը
մարդ
կ’ուտեն։
–
Ատա՞նկ
պիտի
ըլլայիր,
Պաղտո՛,
չէի
սպասեր։
Եւ
աղջիկը
տրտում՝
քաշուեցաւ
իր
սենեակը։
Է
Ու
ձիւնը
կու
գար։
Ճամբաներուն
մէջ
անցորդները
շատ
ցանցառ
էին
ու
մայթերն
ի
վեր
փորուած
ձունէ
համագիծ
արահետներէն
մէկ
քանի
մարդեր
կ’ելլէին
հաւասար
հեռաւորութեամբ։
Պաղտոն
փողոցին
լայն
մասէն,
որ
անաղարտ
կը
մնար,
մինչեւ
ծունկեր
խրուած
Եըլտըզ
կ’երթար։
Ցուրտ,
ճերմակ
հով
մը
գետնի
ձիւներուն
դադար
չէր
տար
ու
աքասիաներուն
մէջ
ոռնոցի
կը
փոխուէր։
Պաղտոն
կը
քալէր։
Տխուր
էր։
Լերան
այդ
մասին
վրայ
ով
գիտէ
ձիւնը
որքան
թանձր
պիտի
ըլլար։
Եըլտըզի
մէջ,
ծառերուն
քողուած
ճիւղերը
իրարու
կ’երթային
ու
կու
գային.
ձիւնը
պառկեր
էր
անոնց
ճերմակ
գիծերու
բարակ
օրօրի
մը
մէջ։
Քանի
մը
շուներ՝
մինչեւ
դունչերնին
ձիւնով
գոցուած՝
կը
խաղային
իրար
պագնելով։
Պաղտոն
շուլլուեցաւ
լեռը։
Հոն
ամէն
բան
ճերմակ
էր
ալ.
միօրինակ,
մեծ
ու
մաքուր
ճերմակ
մը։
Ոտքը
գետինը
չէր
հասներ,
ու
պաղ
մը,
բայց
կրակի
պէս
պաղ
մը
կը
մտնէր
իր
ոտքի
մեծ
մատէն
ներս,
նախ՝
կտրտելով
իր
միսերը,
ետքը՝
քիչ–քիչ
թուլցնելով։
Պաղը
սրունքներուն
ելաւ,
տաբատին
թացը
հասաւ
իր
ազդրերուն։
Հովը
ետեւէն
բուռ–բուռ
ձիւն
կը
նետէր
ծոծրակն
ի
վար։
Պաղտոն
քալե՜ց։
Տեղ–տեղ,
ողորկ
զառիվերին
վրայ
թեթեւ
կորացումներ,
ելեւէջներ
կը
կլորնային,
կը
տաքնային։
Քարեր
ու
փոսեր
ըլլալու
էին։
Բայց
Պաղտոն
բան
մը
չէր
կրնար
որոշել.
հովին
քիչ
մը
դուլ
տուած
պահուն
ան
կրցաւ
տեսնել
ծաղիկներուն
ժայռերը,
որոնց
վրայէն
ձիւներն
անգամ
կը
սահին։
Անոնց
սեւի
վրայ
կողերը
տարտամօրէն
սպիտակ
թեւերու
պէս
զինքը
վեր
կը
հրաւիրէին։
Պաղտոն
քալեց։
Ձիւնը
մէջքերն
էր
հոն։
Փոսի
մը
մէջ
թաղուեցաւ
նոյնիսկ,
բայց
շուտով
գտաւ
ինքզինքը։
Աստուած
գիտէ,
թէ
ինչպէս
հասաւ
ծաղիկներու
ժայռերուն
տակը։
Քարերուն
ներքին,
սոսկալի
անդունդներուն
կողքովը
ձիւնէն
խնայուած
ցամաքի
կտորներ
ուրախացուցին
զինքը։
Խնդաց
ներսէն,
իրմէն
վար,
ձիւնը
խաղաղ
էջքով
մը
կը
հասնէր
խորունկ
ձորին,
որուն
մէջէն
ջուրը
սեւ–սեւ
կը
քալէր
ձիւնէ
կղզիներուն
շարքերուն
շուրջը
փրփրելով։
Քաղաքը
փախած
էր
ներքեւէն։
Թարթիչներուն
վրայ
պզտիկ
բիւրեղներու
մանեակ
մը
բացուեր
էր։
Ու
հոն,
անդունդներուն
այնքան
մօտիկ,
ճերմկած
արհաւիրքներուն
եզերքին
վրայ.
ապառաժներուն
էն
անմատոյց
սահմաններուն
վրայ
իր
յանդգնութիւնը
պտտցուց։
Ու
ապառաժները
այս
անգամ
բարի
էին,
իրենց
սոսկումը
քողած
տեսակ
մը
պատրանքով,
որ
Պաղտոյին
աչքէն
կը
հեռացնէր
անոնց
սարսափը։
Քարերուն
ճեղքերն
իր
վար
սահեցաւ
աներկիւղ.
իջաւ
ժայռերուն
սիրտը,
ուր
հովերն
անգամ
կը
վախնան
թեւ
բանալու
ու
դառնալու։
Այդ
տեղուանքը
տաքուկ
էին,
ու
գետնի
վրայ,
որ
տեղ–տեղ
շղարշի
չափ
բարակ
խաւով
մը
միայն
գոցուած
էր,
կանանչ,
ադամանդի
պէս
հիւսուած
մամուռներ
անհուն
ցնծութիւն
մը
լուսցուցին
իր
մէջ։
Մամուռներուն
մօտիկ
անպայման
ծաղիկներ
ալ
կային։
Պաղտոն
իր
ուռեցած
մատներով
քրքրեց
մամուռները,
ու
գտաւ
ծաղիկներ
պզտիկ,
նոր
արիւն
առած։
Ուրիշ
ատեն
Պաղտոն
անպատճառ
կը
խնայէր
անոնց։
Բայց
հիմա
իր
ձեռքին
կռնակովը
առաւ
զանոնք։
Աւելի
վար,
ճեղքի
մը
շրթունքին,
ուրկէ
վար
պարող
ձիւնին
խենթ
թրթռումը
կը
խաղար,
Պաղտոն
գտաւ
էն
աղուոր
ծաղիկներէն,
անոնցմէ,
որոնք
արիւն
կաթածի
պէս
կը
վառին
ճերմակի
մէջ։
Համբուրելով
փրցուց
զանոնք
ալ։
Ու
մարման,
զոր
ականջին
շուրջ
էր
փաթթեր,
հանելով
փռեց
ձիւնի
վրայ.
ծաղիկները
շարեց
հոն,
յետոյ
երկիւղածօրէն
ծրարելէ
ետքը
գրպանը
դրաւ։
Քարերուն
մէջ
ճամբայ
չկար։
Ան
միշտ
մէկ
ձեռքը
գրպանի
թաշկինակին
վրայ,
երբեք
չբաժնուեց
անկէ,
միւս
թեւովը
ճամբայ
բանալէն
աւելի
գլտորելով,
քան
քալերով,
Եըլտըզ
եկաւ,
չմեռած։
Բայց
փորը
կ’այրէր։
Ու
հոգին
տեսակ
մը
անուշութիւններու
առջեւ
կը
զգար
ինքզինքը։
Լաթերը
ամբողջովին
թրջեր
էին
ու
ակռաններուն
մէջ
դող
մը
ծափ
կը
զարնէր։
Թմրութիւնը
իր
ծունկերէն
վեր
ելաւ
արագ–արագ։
Պաղը
կուրծքին
մէջ
էր
ալ։
Հիմա
գտած
էր
փողոցը։
Ու
անցորդները
չէին
տեսներ
այս
մեռնելու
այնքան
մօտիկ
տղան,
որ
ուսերը
վեր–վեր
նետելէն
կը
վազէր
գրեթէ։
Ինչպէ՞ս
տուն
հասաւ.
չգիտցաւ
ալ։
Բայց
անոնց
դուռին
առջեւ
իր
մարմինը
ինքնիրեն
կեցաւ։
Ոտքերը
քարցեր
էին։
Թեւերը,
երկաթի
պէս
ծանր՝
ինկան։
Փորձեց
զանգակը
քաշել.
մատները
չկոտրեցան,
ու
աչքերուն
պղտորիլը
զգալով,
կռնակը
տուաւ
դուռին
ու
ինկաւ։
Դուռին
ցնցումը
դուրս
հանեց
պատուհանէն
աղջկան
մը
դէմքը,
որ
ինկած
տղան
տեսածին
պէս
ներս
քաշուեցաւ։
Քիչ
ետքը
դուռը
բացուեցաւ
ու
Պաղտոն
գլորեցաւ
ներս,
բակի
քարերուն
վրայ։
Ծաղիկներուն
մարման
ձեռքին
մէջն
էր
ու
կամաց
մը
շարժեցաւ։
Աչքերը
դեռ
անհուն
ժպիտի
մը
մէջ
միօրինակ
փայլի
մը
վրայ՝
կը
նայէին։
Հոգի
կա՞ր
անոնց
մէջ։
Աղջիկը
չկրցաւ
հասկնալ։
Քանի
մը
րոպէ
այդ
աչքերը
հատնելու
վրայ
եղող
կանթեղի
պայծառ
ճառագայթումն
ունեցան
ու
գոցուեցան
վճիտ,
մաքուր
խաղաղութեամբ
երեսներուն
վրայ։
Ու
աղջիկը
ծռեցաւ
վրան։
Անոր
սառած
դէմքը
իր
գրկին
մէջ.
իր
տաք
շունչը
փչեց
անոր
բիւրեղացած,
կարճուկ
պեխերն
ի
վար։
Քիչ–քիչ
իր
հասակը
ամբողջովին
տուաւ
այդ
մարմինին,
որուն
մէջ
տաքութիւն
չէր
մնացած։
Ու
այս
գրկախառնումը
սառած
աչքերու
ու
բոցէ
ծիծերու
այս
պագտըւուքը
այս
անգամ
գոնէ
անկեղծ
ըլլալու
էր,
վասնզի
աղջկան
թեւերը
ինքնաբերաբար
հիւսուեցան
անոր
իրանին.
ու
արցունք
մը՝
ո՛չ
ցուրտ,
ո՛չ
ջղային
ու
հիւանդի,
այլ
տաքուկ,
սիրտով
թրթռուն
արցունք
մը
մէկ
հատիկ
կաթիլի
մը
մէջ
ինքզինքը
տուա՜ւ,
լման
տուաւ
այս
չարչարուած
մարմինին,
որ
թերեւս
դիակ
մըն
էր
ալ։
1911