Խոնարհները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱԹՄԱՆԸ

Ա

Գաւառէ մը կու գար, Պոլսոյ մօտիկ գիւղէ մը ուր գինով հօր մը յիմար տնտեսութեանը մէջ հալած էին իրենց այգիները եւ պարտէզները։ Երբ թաղեցին զայն գեղին մեծ գերեզմանին մէջ, իրենց տունն ալ կ’անցնէր հարուստ աղայի մը, ու մօրը հետ գնաց գլուխ դնելու հեռաւոր ազգականի մը բնակարանը, ինքնին համեստ ու փլփլած եւ ուր ձմեռը յաջողեցաւ դուրս ընել։

Գարունին՝ տղան ինկաւ դաշտի գործերու։ Անոնք սպառող էին, իր անօթի փորին համար։ Ամբողջ շաբաթներ լողաց քրտինքի մէջ ու հիւանդութիւնը գետին զարկաւ զայն։

Անմիջապէս որ ոտքը կրցաւ փոխտել, Պոլիս ինկաւ։

Սկսաւ գործերուն բոլոր սանդուխներէն, ու համբերութեամբ, ու կորովով, ու հաւատքով շինեց իր ճամբան։

Երբ Բանկալթի, Տիկին Լուսիկի տունը վարձեց իր ամուրիի սենեակը, արդէն կոկիկ երիտասարդ մըն էր, Պոլսոյ շուկային մէջ անիկա ձգեր էր վրայէն գաւառացիի իր թանձրութիւնը, խոշոր ոսկորներուն վրայ յաջողած էր ճարելու միսերու այն հաճելի ջնարակը, որուն վրայ հոգի կու տան աղջիկ ունեցող մայրերը, մանաւանդ անոնք, որոնք իրենց էրիկէն մնացած տունի մը քառորդ բաժինը բերաննուն վար չեն ձգեր, միշտ ամբողջի վերածելով զայն, երբ նոր վարձուորը քիչ մը միամիտ ու «շնորհքով» կերպարանքովը, բարեւելու իր պարզութեամբը, իրիկուան լոյսերուն հետ տուն շտկելու իր պարկեշտութեամբը արդէն «մօր» մը գորովին հանդիպելու պատրանքը դրած ըլլայ տունէն ներս։

Այսպէս միւսիւ Յարութիւնը, որ Հայտար Փաշա, Գատըգիւղ, Գումգաբու հայրենակից աղքատիկ տուներու մէջ միշտ պալոզ Արթինն էր, այդ երջանիկ օրը, մէկէն ազատեցաւ իր ծիծաղելի կրկնանունէն ու հակառակ իր բառին, զոր տուած էր թէ միջնորդին, թէ տանտիրուհիին պաշտօնապէս, անիկա դադրեցաւ հաստ Արթինը ըլլալէ, դառնալու համար երկար ու բարակ Յարութիւնը, չքաւորուած պատիւի երկրորդ մակդիրով։

Տղուն ուրախութիւնը չափ չունէր։ Մեծ սենեակ մը տուած էին իրեն, փողոցին վրայ լայնցող, պզտիկ պատուհան  պատշգամբով մը, որուն երեք ապակիներուն դէմ գլուխը բաց նստիլը առաջի օրն իսկ ներքին գոհունակութեամբ մը լեցուց զինքը։

Կոտրտուած հայելիներուն, գունաթափ լուսանկարներուն կը յաջորդէին մեծադիր ու շքեղ այն հայելիները, որոնք երբեմն հարուստ հարսնիքի մը յետին մնացորդները ըլլալով՝ կը շարունակեն սենեակներուն մէջ պահել հին պատրանք մը, ու հակառակ անոր, որ իրենց հարսնութիւնը անոնց մէջ զարդարող դէմքերը այսօր ծալաւոր կաշիի մագաղաթներ կը թուին, ապակիները կը կենան պատերն ի վեր, դիմանալով իրենց պչրանքին ու գոյնին մէջ։

Պատերէն նորէն երիտասարդին աչքին կու գային իրենց փայլը անաղարտ պահող շրջանակներէն ներս նկարներ, թոյլ ու հասարակ ճաշակի մը քմայքովը հոդ եկած։ Աղջիկ մը, որուն քողը անծանօթ ձեւով մը կը պատռէ, երկու որսորդներ, որոնք երրորդ դէմքէ մը իր մազերուն առատութեամբը գրեթէ լեցնելով նկարին խորքը ճամբու կը դրուին խորհրդաւոր ժպիտի մը մէջ։

Երիտասարդը իր սեղանին վրայ ամէն օր տեսաւ նոր–նոր բաներու աւելնալը, այն պզտիկ ու աննշան իրերէն, որոնք իրենց ներկայութենէն ետք միայն մասնաւոր կեանք մը կ’առնեն, խտացնելով իրենց վրայ տաքութիւնը այն մատներուն, որ զիրենք գգուալից բերած էր այդ սենեակէն ներս, աննշմարելի հաշիւով մը, կամաց–կամաց, կեցնելու համար իրենց նիհար գիծերովը ոստայնը այն հոգիին, որուն մեծ մանուկը, վարձակալուհին, մութին մէջէն, մեծ ճարտարութեամբ մը կը զարգացնէր բոլոր թելերը։

Միւսիւ Յարութիւնը երկրորդ առտուն իսկ հրաւիրուեցաւ սուրճի։

Ի՞նչ կ’ըլլայ, այսօր քիչ մը ուշ գացէք, լեղի սուրճ մը խմած կ’ըլլաք, մե՞ծ բան է։

Կարելի չէր մերժել այդքան համեստ, հաճելի հրաւէրը։

Երբ տանտիրուհիին սենեակին մէջ պալոզ Արթինը կրցաւ հաստատել կահաւորումի նոյն ձեռքը, որ զետեղած էր պատերն ի վար, նկարներուն մօտ, գորգի փոքրիկ քառանկիւններ, տարածել, տժգոյն թաւիշէ ծաղիկներու խորքէն մեծ–մեծ նայող կնոջ կամ աղջկան դէմքեր, լուրջ, կիսաժպիտ ու գեղեցիկ, ինչպէս կ’ընեն քիմիագիտութիւնը բռնաբարող արհեստաւորները։

Սենեակի ամբողջ առարկաներուն վրայ տեսակ մը աւլուածութիւն, որուն նոր կը հանդիպէր ան, վարժուած ըլլալով փոշեծածկ իր խշտիկներուն ծանր հոտին ու մթնոլորտին, քիչ մը զուարթութիւն բերաւ իր մէջ։ Մաքրութիւնը անոր համար մարմնացում մը կ’ըլլար բարութեան, ու չէր տեսնար այն խստութիւնը, դիւրագրգռութիւնը, որ իրերն անգամ խելօքցուցած կը թուէր այդ սենեակէն ներս։ Ամէն բան իր տեղն էր հոն։ Ու ոչ մէկ գնով այդ կնիկը կ’արտօնէր արդէն առարկաներուն տեղի կամ անտեղի շարժումները հոս ու հոն։

Մենք առաջին անգամն է, որ փանսիոնէռ կը դնենք։

Այդպէս։ Երիտասարդը մասնաւոր ձեւով մը շոյուած տեսաւ իր հպարտութիւնը, իրեն վիճակուած պատիւը արդէն իսկ սակարկութեան նիւթ մըն էր եղած զինքը ներկայացնող բարեկամին, որ տանտիրուհիին շատ մօտէն ծանօթ վստահելի անձնաւորութիւն մըն էր, երկար տարիներու բարեկամութեամբ մը կապուած իր տունին եւ որուն վկայութիւնը կը պաշտպանէր հոն մտնող ու ելլողը։

Իրականին մէջ անիկա, միջնորդը, յանձնարարուած էր կնոջ եղբօրմէն, որ քիչ մը վրայէն թեթեւցնելու համար երկրորդ այդ տունին բեռը, հանճարեղ գաղափարը յղացեր էր անոր սենեակներէն մէկը վարձուոր դնելու։

Գիտենք հրամանքիդ ազնիւ բանաւորութիւնը։ Չէ նէ՝ կարելի՞ բան է, ես հասուն աղջիկ ունիմ։

Երիտասարդը թեթեւ մը դողաց, անորոշ, անբացատրելի բան մը, վտանգի մը պէս հեռաւոր, բայց իրական եկաւ ու անցաւ իր հոգիէն։ Ու այդքան։

Յետոյ՝ կինը սուրճը հրամցուց, մեծ պնակին մէջ ճաշակով տեղ տալով տունէն շինուած երկու-երեք խմորեղէնի։

Առտուն կանուխ էր դեռ։ Տունին մէջ ոչ մէկ ոտքի ձայն։ Փողոցին վրայ՝ մէկ-երկու կիներու խօսակցութիւնը հացագործին եւ կաթնավաճառին հետ։ Ու հեռաւոր, նշանակալից փոխանակումը, անոնց մէջ, ակնարկներու, որոնց կեդրոնը կ’ըլլար տղուն կիսադէմքը, շրթունքէն կախ իր սուրճի գաւաթովը։

Երբ երիտասարդը ոտքի ելաւ, տանտիրուհին արդէն անոր կօշիկները շտկած, ներկին տուփը, բաց կափարիչովը անոր մօտիկը հանգչեցուցած, խօսելով ու խօսելով սորվեցուց անոր ամէն առտու, ոտիցները մաքրելու անհրաժեշտութիւնը։

Բան մը չէ, բայց մարդուն ուրիշ հով մը կու տայ։

Ու դուռը կռնակին գոցելէն առաջ, փողոցին մէջ ան կրցաւ անգամ մըն ալ տղուն գլուխը ետ դարձնել ու անոր հետ շուկայ ղրկել հոգածութեան, համակրանքի իսկական պատկերը։

Բ

Պալոզ Արթին իր բոլոր ուժերը գործածեց իր նոր անունը արժեցնելու։ Եթէ երբեք իր մորթին վրայ լաւ սնունդը կարելի սրբագրութիւնը բերած էր, իր շարժումները դեռ կը մատնէին մօտիկ գիւղացին։

Ամէնէն առաջ բռնի ինքզինքը վարժեցուց լրագիր կարդալու։ Այդ կորուստը ժամանակին ու տասնոցին, խորունկ տառապանքի պէս եկաւ իրեն։ Բայց երբ ծախքերը խոշորցան, երբ փողկապ ու օձիք, գլխարկ ու գաւազան, մետաքս թաշկինակ ու կարեւոր բուրումներ մտան բռնի, վարձակալուհիին անտես մատներովը, անոր շատ ձիգ պիւտճէին մէջ, այն ատեն տեսաւ, թէ առանց իր գիտնալուն իր հաստ լեզուն ալ քիչ մը նրբացած, քիչ մը քաղքենի հով էր առած։

Շուկային մէջ իր խանութը օր օրի շէնցաւ։ Իր ապրանքները փնտռուեցաւ թէ իր գիւղացիներէն, որոնք հարսնիքի օժիտը պարտաւորուած են Ստամպոլէն կտրելու, թէ տեղացի խառնակ ամբոխէն, որ խանութներուն արժէքը անոնց ներսը շարժող, զանոնք լեցնող մարդերուն քանակէն կը հանէ։

Եւ օր մըն ալ հարուստ եղաւ։

Հոս իր պատմութիւնը տեղ տուաւ մեկնութիւններու։ Երկաթուղին ամէնէն  առաջ եկողն էր շրթունքի։  Ուրիշներ  ենթադրեցին մութ առասպելներ։ Իրականը այն էր, որ ան ձգեց մանիֆաթուրայի պարզ վաճառորդի իր խանութը եւ տեղաւորուեցաւ շուկային մօտիկ մեծ խանի մը մէջ, քանի մը սենեակներու վրայ։ Մեծաքանակ ծախող էր ան։

Այս փոփոխութիւնը անդրադարձաւ նորէն իր անունին վրայ եւ անկէ առնուեցաւ պարզ ու քիչ մը ընտանի միւսիւն, ու անոր աւելցուցին խորհրդաւոր ու իմաստալից էֆէնտին, որ երիտասարդներուն վրայ պատմուճանի պէս կ’իյնայ, ծածկելով իր ծիրանիին տակ բոլոր պզտիկութիւնները, բոլոր թերութիւնները։

Այս փոփոխութիւնը մանաւանդ տունին մէջ բերաւ Տիկին Լուսիկին գեղանի աղջիկը, Օրիորդ Մելինէ Իւզպաշեանը, հասակով նուրբ, ճերմակ աղջիկ մը, որ մարդերուն վրայ վերէն նայող իր թոնովը, խօսած ատեն խորունկ նայելու իր յանդգնութեամբը տպաւորեց պալոզ Արթինը, այնքան, որ այս վերջինը սկսաւ վախնալ անկէ։

Կամաց–Կամաց յարկը՝ ուր կար իր սենեակը, տրամադրուեցաւ Յարութիւն Էֆէնտիին։ Անոր սենեակներէն մէկը, միշտ կարասիներու նոյն շատութիւնովը, ծառայեց անոր իրիկուան ճաշերուն։ Ուրիշ սենեակ մը կահաւորուեցաւ, նոյն ճոխ ճաշակով, անոր հիւրերուն համար։

Առջի շաբթուան մէջ այնքան վերէն նայող օրիորդը քիչ-քիչ մեղմացաւ  եւ  հաշուած  զիջումներով զուսպ  հակումով  մը քալեց դէպի միամիտ երիտասարդը, որ հակառակ տարիներու փորձառութեան, հակառակ մայրաքաղաքի սկեպտիկ ընող բարքերուն, մնացած էր անսրբագրելի գեղացին, մանուկ ու անհունապէս բարի հոգիով մեծ մարդ մը հիմա եւ որ յուզումի պահերուն մէկ ոստումով կը դառնար իր գեղի քոքուրներուն, այսինքն՝ մարդերու այն խումբին, որոնք այս կամ այն ձեւով զրկուածներ, ընկերութեան մէջ չէին հասնէր ժամուն պսակին ու կը քաշուէին լեռներն ու անտառներ, գլուխ գլխի, ցաւի եղբայրութեան մէջ մոռնալու կինը, մեր բոլոր դժբախտութիւններուն ակն ու հնձանը եղող այդ զարհուրելի սատանան։ Պալոզ Արթինն էր անիկա կէս–գիշերին, երբ անոնց սենեակէն իրը կը քաշուէր, կոպերը կախ, ականջին մէջ տանելով ոսկի երգը անոր մատներուն դաշնակի մը ստեղներէն թեւ առած ու մանաւանդ պատկերը առած իր հոգիէն ներս՝ մեծ ու ժպտուն, խռովիչ ու հրաւիրող երեսները անոր, որ վայելուչ ընդունակութիւնով մը հետզհետէ իր հրապոյրները կը նետէր մէջտեղ, վարպետ խաղացողի մը բոլոր աշխատանքովը։

Այսպէս, ան իր մատները դրաւ տղուն դողահար ափին մէջ, արժէք մը գտնելու համար միջակ մատնիին, որ սնտուկին տակէն դուրս էր ելած այդ նկատումով։ Ու անոր մօտեցուց կրակը իր ճերմակ այտերուն, այնքան՝ որ նոյն լուսանկարին վրայ ինկող գլուխներէն, երեսները իրարու տուին ու առին իրենց բոցը։ Նկարներու առջեւ կենալներ ունէր, մարմինի անանկ յարդարումով մը, որոնք լաթերուն տակ սքողուն ձեւերը ցայտումի կը բերեն, նոր դաշնաւորում ստեղծելով արդէն խնամուած այդ իրանին վրայ։

Յետոյ շարունակուեցան գլուխ գլխի մինակութիւնները, ժամերով, գիշերուան խորունկները, երբ տունին մէջ բոլոր շարժումները կը մարէին։ Ու առանց իր ուզելուն, աղջիկը իր խաղին մէջ մոռնալով իր դէրը, գտաւ անկեղծ սարսուռներ, վայրկենական ապրումներու ակէն անոնցմէ՝ որոնք անգիտակցաբար յայտնուիլ կը սիրեն հոգիիդ մինակութեանը մէջ ու այնքան անդիմադրելի թափով մը ճամբայ կ’ելլան դուրս գալու։

Եւ ծունկերը քսուեցան ծունկերուն, վախկոտ, կրակ առած երկու կտորներու նման։ Եւ մարմինները հակեցան իրարու, իրարու քաշուող երկու աշխարհներու նման, առանց որ բառ մը գար այդ շարժումներուն լռին երգը խանգարելու։

Ու բառը ուշացաւ։

Ուշացաւ։ Վասնզի Յարութիւն էֆէնտին, մանիֆաթուրայի երիտասարդ վաճառականը, որուն առջեւ տէրտէրները կը կոտրտուէին ու մուխթարը բարեւ կը բռնէր, որ մայրերուն կսկիծ ու ցաւ կը ցանէր առանց գիտնալու, միշտ այդ աղջկան մօտիկ կը դառնար գեղացի պոլոզ Արթինը, որ թերեւս  հարիւր  տարի պիտի սպասէր  եթէ տրուէր իրեն այնքան օրմօտենալու համար կնկան մը, մինչեւ որ տէրտէր մը պաշտօնապէս չդնէր իր խաչը գլխուն վերեւ։

Ու հոգիի այս քոքուրութիւնը, որով կը յատկանշուին գեղին մէջ կամաւոր կուսութիւնները, չէր քայքայուած Պոլիսին բոլոր ապականութենէն։ Ու աղջկան մեկնումէն ետքը, իր լոյսին դէմ անցած, աչքերը լարած անոր լուսանկարին, կը մեծցնէր զայն արագարագ, ձեւ տալով ու խորք հագցնելով այդ տափակ թուղթին ու քաղցրագին երազանքի մը մէջ անոր կը խօսէր անբարբառ երգը իր սիրտին։

Կը սիրէր ան քոքուրի մը պէս, ճիշդ ինչպէս կը սիրէին իր գեղին զրկուածները, մարդերէն իրենց խնայուածը փոխադրելով կենդանիներուն վրայ, ուլի կամ գառնուկի մը պատկերին տակ դնելով անունը գեղի մէկ աղուորին, որուն հանդիպած են օր մը, տարօրինակ պահու մը, երբ սիրտերը լուացքէ ելած կնկան մը պէս անպաշտպան կ’ըլլան մեր կուրծքին տակ ու կրակ կ’առնեն։

Անկէ ետքը անխօսուկ մխալ մը, այնքան ներսէն, որ մահէն գէշը, զարհուրելին տեղի կ’ունենայ։ Անոնք այդ պատկերին հետ կ’առանձնանան լեռները եւ տարիներով իրենց սիրտը խաչը կ’ելլայ, մեծ, լիալիր խաչելութիւն մը, որուն գիտակցութիւնը միշտ կը փախչի իրենց մշուշոտ ուղեղէն։

Պալոզ Արթինը չկրցաւ լեռը փախչիլ ու սիրեց։

Սիրեց ան իր ուժերուն բոլոր տարրերովը, մտքովն ու սրտովը, զգայարանքներովն ու երազներովը։ Խորհուրդի հակող իր հոգին տարօրինակ խորութեան մը հասցուց այդ աղջկան կտորը, որ տունէն դուրս յոյն տղոց հետ կատակներ կ’ընէր նոյնքան անկեղծ, որքան իր մօտ։ Անոր մէջ դրաւ իր կեանքին գերագոյն երազը. ինքզինքը ապրելու տեղ գրեթէ զայն ապրեցաւ, այնքան հեշտանքով դիմաւորելով անոր փափաքները, այնքան խենթութեամբ վազելով անոր բառերուն գծած ճամբայէն։

Վաճառատունը նեղ բանտ էր անոր համար։ Օրիորդ Մելինէն ունեցաւ չսպասուած վայրկեանին հոն մտնելու շքեղութիւններ, մէկ–երկու տուփ անուշով, որոնց ամէն մէկը՝ իր բերանը երթալէ առաջ, աղջկան մեկնումէն ետքը, նայուածքներ առաւ, երկար, հարցնող, չգոհացող, կրկնող ու վերջ ի վերջոյ անզուսպ հրճուանքէն խենթեցնող նայուածքներէն։

Տիկին Լուսիկ քաշուած էր երկրորդ գիծի վրայ ու հեռուէն հեռու, հոգածութեան ու համակրալից գուրգուրանքի նորահնար միջոցներուն գործադրութեամբը տարուած էր։ Ու երջանիկ էր անիկա։

Անիկա կանչած էր կղզիէն իր աղջիկը, ուր հօրաքոյրի մը մօտ կը մնար ան տարիէ ի վեր, բախտի որսին ուշադիր։ Հոդ Օր. Մելինէ երկու-երեք տղու հետ համբուրելէ զատ ոչ մէկ լուրջ արդիւնք ձեռք ձգեց։ Դժկամութեամբ  էր, որ դարձաւ  ան Բանկալթի, այդ տձեւ  եւ  օդէ զուրկ տուներու բաւիղին մէջ նորէն վանդակուելու իր բառն էր։

Մայրը լաւ քննած էր ամէն բան։

Ու երբ հարսնիքի որոշումը տրուեցաւ, տղան յուզումէն կու լար ու անոր ձեռքերը բռնած ատեն իր քոքուրի հոգին կը դողար այն մեծ

սարսուռով, որուն տակ մեր կուրծքին վանդակը կը կոտրի իր կապերէն։

Գ

Արգիլուեցաւ տղուն հրաւիրել իր հարսնիքին իր մայրն ու մօրաքոյրը, որոնք իրենց գեղին մէջ, հեքիաթի մը նման լսեր էին բախտը իրենց զաւակին։

Արգիլուեցաւ անոր հրաւիրել իր բարեկամները, Գատըգիւղի, Գումգաբուի, Հայտար–Փաշայի հայրենակիցները, որոնց համար բարի եղած էր իր հարստութեան բոլոր պերճանքին մէջ։

Բայց չխնայեց իր դրամը, նուէրներով գրեթէ խղդելու չափ մօտիկ կամ հեռաւոր ազգականները իր սիրածին։ Անոնք, ամէնն ալ, կը գրաւէին անոր ներսը փառքի դիրքեր։

Անոնք՝ հարսն ու փեսան, ապրեցան տարի մը։ Տղան խենթն էր իր կնկանը, որուն կուրծքին վրայ կը փռէր լաւագոյն մասը իր հարստութեան։ Իր կերպասի հակերը, վերածուած մանր ու փայլուն պզտիկ զարդերու, կ’երթային շքաւորելու ամբարձիկ իրանը, որուն վրայ իր նայուածքը ինկած ատեն կը շուարէր ու կը շլանար։

Կառքը պակաս չըրաւ անոր տակէն։ Բոլոր հաճոյքի վայրերը ոսկին վազեցուց անիկա ջուրի պէս։ Անոր խնդացած տեղը կեցաւ, կամքն ընելու ու անոր նայած տեղը դողաց, գուշակելու համար իմաստը այդ աչքերուն։

Միւս կողմէն՝ գործը կը մնար իրմէն հեռու։ Օրերով իր վաճառատունը բացուեցաւ  ժամը տասներկուքին գոցուելու  համար երեքին։ Դրամի համար հոգի տուող այդ գեղացին, գրեթէ արհամարհանք կապեց անոր ու յաճախորդները չհասկցողի դէմքով պաղեցան իր ձեւերուն խստութենէն։ Այդ երեսով մարդ վաճառատունը չէր վայելեր։

Տիկին Մելինէ Փիլիպպոսեան քոքուրը չէր յօժարած ոչ մէկ գնով զատուելու իր մականունէն, որուն համբաւը իր գեղին վրայ հարուստ ալիքի մը պէս կը փլէր։ –Բանկալթիի այդ ծուռիկ փողոցին մէջ ամէնէն նախանձուած կինն էր։ Բախտն ալ, եթէ ըլլար, այդքան ըլլալու էր։ Ամէն օր նոր զգեստ, շաբաթը անգամ մը նոր կօշիկ ու գլխարկի նոր ձեւ։ Մանեակները՝ զոյգ–զոյգ, օղերը՝ խումբ–խումբ։

Երբ մինակ ելլար Թաքսիմի Շիտակը, աչքին պոչովը կը քննէր այն տղաքը, որոնց հետ հաշիւ է ունեցեր տասը տարիէ ի վեր։ Անոնցմէ շատեր, հին ընտանութեան տուած իրաւունքովը կը փորձուէին մօտենալ ոսկիներու եւ ադամանդներու այդ շարժուն տուփին։ Պաղ ու արհամարհոտ շարժումը կնոջ, որ կեցած տեղդ ոտքերդ ջուրի պէս կը հալեցնէ, կը բռնէր զանոնք։

Ու իր սնտուկները լեցուեցան կերպասներուն բոլոր ծանրութիւնովն ու սղութիւնովը։ Իր գոհարեղէնները ճոխացան սովորական հարստութեան մը ներած բոլոր շքեղանքովը։ Գումգաբու գնուած տուն մը դարձաւ անոր վրայ։

Անոնք իրար կը սիրէի՞ն։ Տղան խենթ էր անոր, երբ պատերազմը վրայ հասաւ։

Դ

Առաջին իրարանցումէն ետքը, Յարութիւն էֆէնտին երբ քառասունչորս ոսկին վճարեց պետական սնտուկին, շունչը առաւ գրեթէ տուն վազելով ու փողոցին դուռը բացող իր կնիկը առաւ իր թեւերուն մէջ, համբուրեց ուժգին ձայնով, առանց ուշ դարձնելու հանդիսատեսներուն, որոնք կը խնդային։

Յետոյ կամաց-կամաց մթնոլորտին մէջ ծայր տուաւ այն դառն ու ահաբեկող անհանգստութիւնը, որ յատուկ էր այս երկրին եւ որուն ամբողջական խորութիւնը կը զգան ու կը թափանցեն ամէնէն շուտ ու ամէնէն լաւ՝ հայերը միայն։

Փիլիպպոսեան էֆէնտին տուաւ, ինչպէս իր բոլոր ազգակիցները, իր վաճառատունէն, ինչ որ ուզեցին անաստուածներուն բերաններն ու ձեռքերը։ Ու երբ երկու ինքնաշարժ առին ու տարին կորիզն ու միջուկը իր հարստութեան, պարապ առէքներուն առջեւ ան անդրանիկ անգամն ըլլալով խորհեցաւ դրամին։

Զինուորական գրաւումը տակէն ըրած էին իրեն, ճարած չըլլալնուն համար նախապէս անհրաժեշտ թաթը, որ անոնց կատաղութիւնը մեղմէր։

Ու շաբաթ մը ետքը արդէն անիկա վերածուած էր փոքրաքանակ վաճառորդի իր նախկին դիրքին։

Երկրորդ անգամ, երբ նորէն քառասունչորս ոսկի վճարել հարկ եղաւ, Յարութիւն էֆէնտի վերջին կերպասի ծրարն էր, որ դուրս կը հանէր իր ամայացած վաճառատունէն։

Հիմա այլեւս տունն էր, ամբողջ օրը, կնկանը փէշին փակած, ծծկեր տղու մը պէս անկարող անկէ զատուելու, պաղատագին իյնալով անոր աչքերուն մէջ։

Տիկին Լուսիկ նորէն անցաւ առաջին գիծին վրայ ու երեք տարի շարունակ մեղր ու ժպիտ վազող այդ դէմքէն ինկան առաջին հարուածները՝ ձրիակեր չաշխատողին երեսին։

Ու՞ր տեսնուեր է էրիկ մարդ մինչեւ իրիկուն պոչ-պոչ տունը նստի։

Առնուեցաւ ու անդրադարձաւ։ Բայց ինչ կրնար ընել։ Իր դրամագլուխը սպառած էր բոլորովին։ Հրապարակին վրայ պտտիլն անգամ վախ կու  տար անոր, ու՜ր  մնաց գործի համար հոս ու  հոն նետուիլը։ Մանաւանդ որ առուտուրը հագած էր պայմաններու նորութիւն մը, ուրիշութիւն մը, որուն չէր պառկեր անոր խելքը։

Իր մտքին մէջէն ան անխոստովանելի ձեւով մը կը խորհէր գոհարեղնէններուն մեծ արժէքին, որ կրնար այդ տունը տարիներով պահել եղին ու մեղրին մէջ։ Չափազանց նեղութեան օրերուն ատոնք կարելի էր ծախել։

Ու պատերազմը կը շարունակուէր, Դեկտեմբերի երկինքին պէս մռայլ ու յուսավրէպ։ Պոլիսին մէջ ստեղծուած էր նոր դասակարգ մը, դասակարգը անոնց, որոնք երէկուան անվարտիներ, յաջողած էին անանուն միջոցներով դրամ շինել ու անոնց ետեւէն պերճանքը կը վազէր։

Ալ տունը նստիլ չըլլար, երէկուան ուշախդ այսօր էֆէնտի  է դարձեր։ Քու խելքդ ո՞ւր է։

Ասիկա ուղղակի կշտամբանքն էր, որ ցուրտ, անվերապահ, սուրի մը պէս մերկ՝ կ’իյնար անոր հոգիէն ներս։

Իր կնիկը հիմա շատ չէր երեւնար սրահին մէջ։ Կը քաշուէր իր սենեակը եւ կը քնանար կամ մօրաքոյրի, հօրաքոյրի եւ դեռ չես գիտեր որու այցելութիւններ կու տար։

Անոր նայուածքը կատաղութենէն վեր արհամարհանք ցոյց տուաւ պալոզ Արթինին, երբ ասիկա վախկոտ շեշտով մը մաս մը գոհարեղէն ծախելու առաջարկը համարձակեցաւ ընելու տիկինին։ Ծխախոտի դրամն անգամ կը պակսէր իրեն։

Այդ օրէն չխօսեցաւ այլեւս գոհարեղէններուն վրայ, որոնք ով գիտէ որու դրդումով փախան տունէն, երբ թէ աւելի ապահով տեղ մը պատսպարուելու համար։

Ան օր մը եկաւ շուկայ Գումգաբուի տուն ծախելու։ Մուխթարը գլուխը թօթուեց։ Կնիկը պիտի յօժարէ՞ր։

Տուն դարձաւ, ու շաբաթ մը ետքը գլուխը լալով կը զարնէր իր բարձերուն։ Տիկին Մելինէ ինքնիրմէն ելած էր անոր թելադրանքին առջեւ եւ շունի մը պէս վռնտած էր զինքը իր սենեակէն։

Ու հոգիով վախկոտ այդ տղան, զրկուած իր դրամէն, որ ատենի մը համար անոր հագցուցած էր վաճառականի պիտակ, իջաւ իր բուն դասակարգին, գեղացիներուն, քոքուրներուն, որոնք խածնելու տեղ կը բզկտուին ու իրենց գողցած պատառ մը հացը անպաշար (ոչ-ճարպիկ) ընկերներուն կը բաժնեն անհաշիւ։

Քոքուր էր ան, ինչպէս եղած էր իր սէրին մէջ։ Հաշտուեցաւ անըմբռնելիի հետ։ Հասկցաւ, որ կինը կրնար իրաւունք ունենալ քիչ մը խստապահանջ ըլլալու։

Պատրաստը շուտ կը հատնի։

Այս առաջին ճշմարտութիւնը փայլակի պէս լուսաւորեց իր հոգին ու յաջորդ օրն իսկ, ամէն վախ աչքն առած, փողոց իջաւ գործ գտնելու։

Բայց շուկան մեռած էր։ Բոլոր իր ծանօթները կ’երթային ու կու գային կասկածի չիյնալու համար լրտեսներու աչքին։ Անոնցմէ ոչինչ կարելի է սպասել։

Իր գլուխը զարկաւ հին ու նոր բոլոր գործի տէրէրուն. վաճառականները իրենք զիրենք աւելի կը նկատէին, ուր մնաց դուրսէն մէկը։

Յոժարեցաւ խանութի մէջ աշխատիլ, հանելու համար պարզ հացի մը դրամ, որպէսզի իրիկունները տուն կարենար երթալ քիչ մը բաց բաց երեսով։

Արհեստ մը չունէր ու խանութները գոցուեցան իր առջին։ Բարեկամ մը թելադրեց իրեն ներկայանալ  թրամվէյի  ընկերութեան։

Վաթման ըրին զինքը՝ իր հաստ բազուկներուն եւ իր բախտին համար։

Ու նախկին վաճառականը սկսաւ երկաթէ կոթին առջին, ոտքին մէկը փակեց շաղակրատ զանգակի մը գլխուն ու սկսաւ փոխադրել քաղաքին բոլոր մեղքերը, առաւօտէն մինչեւ գիշերը կէս, անդուլ, սիկար մը ծխելու արտօնութիւնն անգամ չունենալով։

Իր առաջին ամսականը, առանց փարա մը ծախելու, տուն տարաւ։

Կնիկը չխնդաց, բայց չյանդիմանեց ալ։

Ե

Գիշեր մը, երբ գործէն տուն դարձաւ, իրեն ներկայացուցին երիտասարդ մը, կանացի դէմքով, փափուկ, որ հեռաւոր ազգականի մը կողմէն կու գար, դարձեալ ինքն ալ ազգական։ Անիկա զինուորական փախստական էր ու ամէնուն պէս Տիկին Լուսիկ յանձն առած էր պահել իր տունին մէջն ալ հատ մը։

Ինչ ընենք, տարիները ասանկ բերին։ Գիները գիտես ո՞ւր տեղուանքն են։

Պալոզ Աթինը մէյ մը նայեցաւ շնորհալի տղուն, մէյ մը ալ կնկանը։ Խորունկ մտմտաց, յետոյ նստեցաւ հաց ուտելու։

Փախստականը շատ չէր խօսեր. ծակէ ծակ անցած, միշտ խփուած ձայնով գործ էր ունեցեր իր արկածալից խուսափումներուն մէջ ու մոռցեր էր ձայնին իսկական հնչազարկերը։

Երկար ատեն լոյսէ ու արեւէ հեռու ապրելուն, իր դէմքին վրայ ինկած էր քաղցր տժգնութիւն մը, որուն վրայ հոգի կու տան կիները։

Տիկին Փիլիպպոսեան, հակառակ իր ջանքին, չյաջողեցաւ իր սառնութիւնը պահել ու ամիսներու քէնէ մը ետքը, հաշտուեցաւ իր մարդուն հետ։

Ու երբ փախստականը քաշուեցաւ իր սենեակը, էրիկ-կնիկ անոնք այնքան ամիսներ ետքը իրարու գիրկ անցան, կատաղի փաթթըւուքի մը մէջ, ուր կնկան թուլութիւնը նշմարելու չափ հոգի ունին բոլոր քոքուրները, քաղաք եկած ըլլան կամ ոչ։ Սիրոյ մէջ անոնք կը չափեն զգացումը մետաքսի չափ բարակ ու զգայուն իրենց ջիղերուն վրայ։

Իմաստութիւն մը կայ, զոր ո՛չ մէկը դաս կու տայ. ո՛չ մեծի մը բերանը, ոչ ալ գիրքի մը ցուցմունքը անոր մասին մեզի թելադրութիւն կ’ընեն։ Բայց անիկա գոյութիւն ունի մեր մէջ, ամէնէն խելացիին, ինչպէս ամէն քոքուրի մէջ։

Պալոզ Արթին ալ անմասն չէր անկէ։

Անիկա իր կնոջ հետ անցուցած  վերջին գիշերէն  անդին, միշտ գնաց, նոյնիսկ իր անժամանակ եկած պահերուն՝ անոր սենեակը։ Կինը զինքը կ’ընդունէր մեղմութեամբ, երբեմն գգուանքով մը, որ նոր կը բուսնէր այդ մատներուն տակ եւ որ չփախաւ Արթինին զգայութենէն։

Ամիս մը ետքը արդէն իր հոգիէն ներս մտած էր ահարկու, անանուն տառապանքը, զոր անկարող էր ոչ մէկուն բանալու։

Տարօրինակ գիւտեր ըրաւ ան։ Կէս–գիշերին գործէն դարձին մտաւ իր կնոջը սենեակը, որ կողպուած կ’ըլլար ետեւէն փախստականին գալէն ի վեր. ու մինակ բարձին ծփանքէն՝ հասկցաւ գլուխներուն թիւը, որոնք թաւալած էին անոր վրայ։

Նոյնիսկ անկողինէն ջերմութեան սահմաններէն անիկա հոն տապլտկող մարմիններուն ալիքները տեսաւ որոշակի ու հոգին պուկին մէջ բռունցքի մը պէս սեղմելով լռեց։

Ու այն ատեն միայն զգաց, թէ ի՛նչ էր սէրը եւ որքան կը սիրէր։

Կը մօտենար անոր գոցուած աչքերուն, որոնք կեղծ քունի մը տակ կը յամառէին սահիլ անոր մատներուն տակէն վեր չըլլալու համար։ Անոր կախուած մազերուն մէջ ան կը հոտուըտար թերեւս բերանը համբոյրներուն, որոնք քիչ առաջ թրթռացեր էին հոն։

Յետոյ կամացուկ մը կը դնէր իր ջախջախուած մարմինը այդ հեշտանքէ ու կիրքէ տակաւին գերգրգռուած, տաք ու վարդի գոյն առած միսին մօտ։ Ու բազուկները կը բանար, ակռաները չափազանց սեղմած, անոնց մէջ խեղդելու համար այդ մեղապարտ ու աղտոտ միսին զանգուածը։ Բայց հանդարտ նայող մոմին աչքին տակ անոր երեսները կը մնային թեթեւ արիւնի իրենց կախարդութեամբը ու հակառակ իր զարհուրանքին, խեղդելու համար լարուած իր ակռաները ներս կը փախչէին կզակէն, ու այս անգամ գորովը, անսահման գորովը կը վազէր շրթներէն, անոր երեսներուն վրայ, ուր տակաւին ուրիշ շրթունքներուն կիսաղեղները իրենց կարմիր ու շեշտուած գոյնովը կը պառկէին անտարբեր։

Առտուները շուտ կը փախչէր, անոր, միւսին չհանդիպելու համար։ Տունէն դուրս իր ցաւը իրեն հետ կը պտտէր, ինչպէս եղած էր ատենին իր սէրը։

Ու ոչ մէկուն բացուելու անկարող, ան տարաւ իր վիշտը նոյն հերոսութեամբ, որով դիմաւորուած էր ատենին իր սէրը։

Սատանայ մը թելադրեց անոր մատնել այդ տղան ու մէկ անգամէն վերջ տալ սկսող եղերերգութեան։

Ժպտեցաւ ինքնիրեն։ Ի՞նչ կար աւելի դիւրին, քան ազատուելու այդ ձեւը, որուն օրինակները այնքան շատ թաւալեր էին առջին։ Մտապատկերը ուժով էր ու անոր ազդեցութեանը տակ ան տեսաւ իր կնիկը, նորէն ետ եկած իր բազուկներուն ներսը, այս անգամ ամբողջ, միսովն ու հոգիովը։ Այս երեւակայուած քաղցրութիւնը խաղաղեցուց իր դէմքը։

Հանգիստի օր մը որոշեց, ոստիկանատուն երթալէ առաջ, յայտնել անոր իր մտադրութիւնը։

Կինը լացաւ, ինքզինքը պաշտպանեց։ Ան չէր խաբած զինքը։ Ան երդում ըրաւ երկրի ու երկինքի բոլոր սրբութիւններուն վրայ։ Բոլոր այս խօսքերուն ու հատկտուն, անջատ բառերուն կ’ընկերանար մշակուած թատերականութիւն մը, որուն ազդեցութիւնը ըլլալու էր բոլոր ողջամիտներուն մօտ եւ որ անզօր կը մնար, բնազդներով ապրող ու անոնց անսխալ մղումներուն հաւատարիմ քոքուրը տարհամոզելու։ Անոր գաղափարէ աղքատ ուղեղին մէջ մարմին առած խորհուրդ մը ապառաժի պէս անտեղիտալի էր, որ իր կնկանը բոլոր արցունքները կու գային կերպով մը գեղեցկացնել իր ցաւին քարէ սեւութիւնը։

Ըսել է ինծի չես սիրեր։ Տէ՜ր Աստուած, ինչ բախտ է աս։ Մատնիչ։

Պալոզ Արթինը կեցաւ իր տեղը, կայծակէ զարնուածի պէս անշարժացած։ Հարուածը հասած էր իր հասցէին։ Դէմքին վրայ ներքին ահաբեկումը գծագրուեցաւ այնքան յստակ, որ կինը շունչ առաւ։ Մօտեցաւ անոր, դունչը շոյեց՝ շունի մը փաղաքշալից մեղմութեամբը։

Գնա, գնա, գիտցածիդ պէս ըրէ։

Վեր ելաւ սանդուխներէն։ Վերի աչքին վրայ երբ ոլորտի դարձին դէմքը ինկաւ նորէն պալոզին կողմը, ասիկա կարծեց նշմարել թաց գիծ մը, շատ որոշ, որ անոր մէկ երեսէն կ’իջնար հատնելու կզակին տակը։ Արցունքը ըլլալու էր։

Արթինը դուրս ելաւ։

Օդը լաւ էր ու քաղաքը իր շունի կեանքին մէջ լայնօրէն խորասոյզ։ Իր քայլերը ներքին գարշանքով մը արագ–արագ ձգեցին ոստիկանատան փողոցը եւ տարին զայն ամայի սրճարան մը, որուն յաճախորդներուն մեծ մասը քշուած էին դուրս։

Ծերուկ մը հոն սուրճ կ’եփէր ուզողներուն։ Արթինը մնաց մինչև իրիկուն ու երազեց։

Ու զգաց, որ իր հոգին անկարող էր դիմադրելու այդ կնկան կախարդանքին։

Միտքէն բնաւ չանցաւ պուտ մը հաւատք վերագրել անոր անմեղութեանը։ Ատոր համար խենթ մը ըլլալն անգամ քիչ պիտի գար։ Ու մեծ մուխ մը տարածուեցաւ պահ մը, անոր մտքին մէջ։ Բանականութիւնը իր խարիսխին վրայ տատանեցաւ խախտելու չափ։ Ու ցնցումէն դուրս եկաւ ան մաքրուած, գրեթէ աստուածացած։

Չուզեց որոշապէս բանաձեւել իր մտքին մէջ չափն ու նկարագիրը իր զիջողութեան։ Վաճառականի իր շքեղ դրամարկղէն մինչեւ թրամվէյի խեղճուկ կիշէ ն ճամբան այնքան տարօրինակ չէր, որքան չէին թերեւս երկուքով լեցուած անկողինի մը մէջ երրորդի մը պատահական հանգիստն ալ։

Ու լռեց։ Անբարբառ՝ ինչպէս ստուեր մը, տուն կը մտնէր ցերեկները, կը ճաշեր կնոջը հետ, որ հեռու էր հասկնալու մարդուն մարտիրոսութ ի ւնը եւ բարձրութ ի ւնը անոր հոգիին, ու կը դառնար գործին։

Գիշերները կը բանար անոր դուռը եւ իր յոգնաբեկ մարմինը կը դնէր միւսով տաքցուցած ու քիչ մըն ալ գոգաւորած փոսիկին մէջ եւ կը փաթթէր բազուկներովը այդ բոզը, որ ճակտի գիրի մը պէս կախւած էր հիմա իր կեանքին վրայ եւ որուն հմայքը զինքը տղու մը պէս անզօր եւ թռչունի մը պէս կամազուրկ ըրեր էր։

Ան կը կրէր իր անիւին առջեւ մեղքը քաղաքին, անոր կիներն ու նույնքան աղտոտ երիտասարդները, անտրտունջ, կարեկցող ու փիլիսոփայ իր լռութեամբը։

Ու պատերազմը կը շարունակուէր, խուլ, անլուր մղձաւանջի խոստումը, նման ձմեռուան մը, որուն ծայրը պիտի չազատէր ձիւներէն։

Ու օդին մէջ պտտող այդ յուսաբեկութեան հետ բարքերուն նոյն ճահճացումը, մանաւանդ իր ցեղին մէջ, որուն վրայ կը փռուէր դարերուն մէջ անզուգական ու հսկայ աղէտ մը եւ որ հոս՝ մայրաքաղաքին մէջ կը հասնէր անպատմելի անկումի մը։ Մարդերը չէին ապրեր, կը սողային, ու որո՞նց առջեւ։

Այս ընդհանուր պատկերը տեսակ մը հակազդեցութիւն բերաւ անոր վիշտին։ Դեռ մխիթարուողը կրնար կրնար ըլլալ ան, քանի որ իր ամօթը կը ծածկուէր վերջապէս տանիքով մը եւ իր կինը կառքով չէր երթար թուրքերուն տունը՝ իր մերկութիւնը պահելու։

Զ

Զինադադար։

Վաթման Արթինը միշտ իր անիւին առջին կը կրէ քաղաքին մեղքերն ու ցածութիւնները։

Անոր դէմքին վրայէն գացած են, վերջապէս, բոլոր այն հետքերը, որոնք ապրիլը բացատրելի կ’ընեն աշխարհի վրայ։ Ան չի խօսիր ոչ մէկի հետ, չի խնդար ոչ ոքի։ Ու հիմա անիկա տուն ալ չունի։

Գոցուեր էր իր տունը իր երեսին։

Հիմա՝ որ ոստիկաններու վախը քաշուած էր դուռներէն ու փողոցներէն, կիները քաջութիւնը կը ծախէին ու սալայատակը ցոյց կու տային մէկու մը, որուն ամբողջ հարստութիւնը կերպասի, քարի ու մետաղի վերածուած՝ կը մնար ներսը, տրամադրուած վայելիքին պալոզ Արթինէն այնքան ազնուութեամբ խնայուած մարդուն։

Գոցուեր էր դուռը իր երեսին։

Բայց զարհուրելին այն էր, որ կինը ներսը չմնաց։

Ան, իր ստուերովը, կը քալէր մարդուն հետ։ Անոր քովիկն էր ամէն վայրկեան։ Քիչ-քիչ, պատկերներուն ուժգնութիւնը ինկաւ ու կարօտը ելաւ իր մէջ, անդիմադրելի, հզօր եւ աստուծոյ մը պէս անողոք։

Անտես ուժեր տարին զինքը անցնելու անոնց տունին առջեւէն։ Պատուհանները դիտած ատեն անցորդներ քանի մը անգամ տապալեցին զայն։

Օր մը ափ առաւ զանգակը դուռին։

Բացուեցաւ ան ու մէկէն ապտակի մը պէս գոցուեցաւ կրկին իր երեսին։

Վերէն Տիկին Լուսիկին սպառնացող ձայնը, փոլիս ներ կը վազէին, վախցուց անոր յաւիտենապէս միամիտ հոգին։ Ալ չերեւցաւ ան։

Դրացիներէն  սորվեցաւ  անոնց պտոյտի ժամերը եւ  իրիկուն  մը Թաքսիմի պարտէզէն ներս, ծառի մը ետին ծածկուած սպասեց։

Տժգոյն երիտասարդը կը քալէր գլուխը  քիչ մը կախ մէկ քովին։ Բայց իր կինը, շքեղ, լեցուած, պահելու համար տղան իր հմայքին տակ, դիմած էր արուեստին բոլոր խնամքներուն։

Ան ալ կը քալէր, բայց այնքան ճկուն, այնքան երաժշտական, որ շատերը կը կենային քիչ մը ետեւէն նայելու։

Վաթմանին հոգիին մէջ վայրագ բան մը դարձաւ, տեսակ մը նոր պղտորում անոր ուղեղը բռնող մշուշին տակ։ Ձեռքը ինքնաբերաբար գնաց գրպանը, ու ողորկ երկաթի մը վրայ անոր մատները քանի մը անգամ սահեցան։

Բայց զէնքը դուրս չեկաւ։

Այն ատեն դողահար, այն ատեն քայքայուած, իր գերագոյն յոյսին մէջ ալ ինքզինքը խաբուած զգալով ձեռքերը չէին հնազանդած իր կամքին նետեց ինքզինքը դուրս պարտէզին։

Է

Վաթմանը առջեւն էր անիւին։

Ան կը դարձնէ շարունակ կոթը անիւին, որ անտեղեակ զինքը հսկող մատներուն՝ կը թաւալի խուլ, միօրինակ, առանց նմանելու պալոզ Արթինի օրերուն, որոնք ժանգոտած երկաթի կտորներու նման չեն քալեր, կը քաշուին ու կը քաշուին։

Ան վերագտած է իր մէջ հին գեղացի քոքուրը, ամբողջովին ու անոր միսերուն վրայէն կը թափին քիչ-քիչ բոլոր տարրերը, զորս քաղաքը կուտեց անոնց վրայ։ Անոր հոգին կը դառնայ առջի պատանութեան թափառումներուն մօտ, սպասումովը չունեցողին։

Բայց կիները կը շարունակեն իրեն քսուիլ ու անցնիլ, անտարբեր, առանց զգալու, թէ անոնց ամէն մէկ հպումին տակ Վաթմանը զանգակի մը պէս կը պտտայ ներսէն ու կը թրթռայ։

Ու կը պատահին օրեր, մեղքի օրերէն, որոնց միջոցին անոր ներսէն հեշտանքը ջուրէն ելլող աղջկան մը պէս, կը բարձրանայ աղեղը իր մօտէն ելլող-իջնող ձեւերուն։

Վաթմանը կ’աշխատի ապահովաբար, երբ այս տողերը կը գրուին։ Ո՛չ ինքը ու ոչ ես գիտենք, ուր պիտի երթայ վերջն այս պատմութեան։

 

1920