Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թարգմանչաց վարժարանին յիշատակներէս ամենէն քաղցրը՝ պատուհան մըն է, Թաշ Վէրտիվէնէն պատուհան մը։

Փողոցի դրան քովէն եղրեւանի մը կը բարձրանար կը տարածուէր տանը երեսին, հինցած տախտակներուն գունաթափ ներկին վրայ, հազար ու մէկ ճիւղերով որոնք հետզհետէ հեռուն երթալով կը նրբանային, իրենց ելեւէջներուն, գիրկընդխառնումներուն հետ պտըտցնելով կանանչ տերեւներու եւ կապոյտ ծաղիկներու կոհակներ։

Մենք այդ ծաղկի ու տերեւի, գարնան ու երջանկութեան շրջանակին մէջէն կը տեսնէինք միշտ իր հիանալի դէմքը, մազերը՝ ցիրուցան իր եղրեւանիին պէս, եւ սեւ սիրուն աչուըները՝ որոնք կը ժպտէին մեզի՝ երբ իրիկուան արձակուրդին կ՚անցնէինք փողոցէն, դասի տետրակները թեւերնուս տակ, ապագայի յիմար երազները գլխնուս եւ որ աւելին է՝ սրտերնուս մէջ։

Կը ժպտէր մեզի, մեր դպրոցականի հետաքրքիր ու պահանջող ակնարկին փոխարէն, կը խնդար փողոցին այս պատանի անցորդներուն որոնք ա՛լ մտերիմները, պաշտողներն էին իրեն։

Սորված էինք անունը՝ գեղեցի՜կ, տարօրինակ, իր դէմքին պէս. կը յիշեմ որ մեր բանաստեղծական առջի փորձերուն մէջ ինքը եղած էր խռովիչ մտատիպարնիս։

Հայր Արսէնի ազատ մեծաչափ տողերէն սկսած մինչեւ հինգ ոտքով անձուկ ոտանաւորներու մէջ սիրեցինք ու երգեցինք զինքը, սիրահարական գրագիտութիւն մը որուն մէջ Թէրզեանի դասերը իր անուշ նայուածքին կը խառնուէին ամեն ատեն։

Հիմա այդ պատուհանը փակ է, այդ տունը կիսակործան ու թափուր՝ մեր սրտերուն պէս։

Միայն՝ եղրեւանին կ՚աճի, կ՚ստուարանայ միշտ, ծառ մըն է հիմա. ամուր ու հաստատ բունին կռթնած՝ մինչեւ տանիքը հասցուցած է տերեւներուն կանանչ սաղարթները ու ծաղիկներու գլխահակ գանգուրները. իր ճիւղերն ու ընձիւղները՝ անհուն տարփանքի մը, ջիղերու մշտնջենական երիտասարդութեան մը գալարումները, պրկումները ունին, եւ ծերութիւնը, այս ծառին մէջ, ամեն գարնան՝ մոլեգին, ախտավարակ ծլումներով, ծաղկումներով աչքի կը զարնէ։