Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տանը ծառաներէն զինքը խնամողներուն մէջ իր նախընտրածը սպասուհի մըն էր. persona grata [1] ն այս դժուարահաճ ու անհամբոյր կենդանիին. պէ՞տք էր արդեօք աւելցնել իսկոյն որ եկող գացող հիւրերուն ալ հաճելի էր այս ոյժով լուսով աղջիկը որ Արշիպեղագոսի կղզեակէն մէկտեղ բերած էր` դրսեցիի առոյգ ու աննենգ աղուորութեանը հետ` նայեադի մը վրդովիչ հրապոյրը:

Ծանօթներէս նրբամիտ Թուրք օրագրող մը որ ինծի հետ այս տունը կը յաճախէր, ու ինծի չափ այս կապիկին կեանքովը կը հետաքրքրուէր, տարօրինակ բաներ կը պատմէր անոր վրայ:

Կը հաւտա՞ս, կ՚ըսէր ինծի օր մը` խնդալով, որ այս հէք կապիկը սիրահարած է տանը սպասուհիին. ապացոյց` որ ճաշակի մէջ ալ մենէ ետ չի մնար այս կենդանին. խել մը գիրքերու մէջ կարդացած եմ որ Ամերիկայի օրանկութանները, հին ատեններու ասպետներուն պէս, ճշմարիտ առեւանգութիւններ եւ անվաւեր ամուսնութիւններ կատարած են իրենց սիրած կիներով. չեմ զարմանար ուրեմն թէ որ մեր կապիկն ալ Մարիղօն սիրէ:

Եւ իմ տարակուսական ձեւիս վրայ`

Հաւտա՛, կ՚աւելցնէր բարեկամս, որ իրողութիւն մըն է ըսածս. ես այս կենդանին ուսումնասիրելու վրայ եմ. յիմար ու բուռն սիրոյ մը ապացոյցները ունիմ, Ռօմէօ եւ Ժիւլիէթի սէր մը:

Իրօք, ամեն անգամ որ Մարիղօն կը մօտենար կապիկին, դող կ՚ելլէր անիկա, հրճուանքի սարսուռ մը կը վազէր իր մազոտ մորթին վրայ, աչքերը կը փայլէին. ցնորած, երջանկութենէ արբշիռ էակի մը անկարգ ու անկապ բաները կ՚ընէր, վայրկենական կերպով հլու եւ հնազանդ կը դառնար, եւ սպասուհիին ձեռքին տակ կը դնէր փոքրիկ գլուխը որ այնքան չարութեամբ լեցուն էր ուրիշներուն համար. իր նիհար թաթիկը փայփայանքի մը մեղմութեամբ ու անհուն հեշտութեան մը դողովը աղջկան դպցնել կ՚ուզէր միշտ: Ասոնք եւ ասոնց նման հազար մանր ու չնչին բաներ այս սիրոյ տառապանքը կը մատնէին, մինչդեռ թութակը, դէմէն, ծաղրանքի խլացուցիչ քրքիջով մը կը ծիծաղէր, իր յաւիտենական հեգնութիւնը կը դնէր իր չզգացած այս ցաւին ու կսկիծին վրայ:



[1] Առանձնաշնորհեալ։