Հիւանդանոց
մտնելուս
չորրորդ
օրը,
կարծեմ,
վիրաբուժական
գործողութիւնը
կատարեր
էին.
քլօրօֆօրմին
պարգեւած
անզգայութեան
տակ`
դանակի
յօշոտումները
չիմացայ:
Խելքս
գլուխս
եկած
ատեն`
երկարատեւ
ընդարմացումէ
մը
ելլող
մարդու
խոնջէնքէն,
վարանումէն
զատ
բան
մը
չկար
վրաս:
Եթէ
վէրքս
կապող
ճերմակ
լաթերը
չըլլային,
եթէ
քովս
հսկող
Գթութեան
Քրոջ`
շարժում
չընելու
պատուէրը
չլսէի,
հիւանդանոց
մտած
օրէս
ի
վեր
վրաս
փոփոխութիւն
մը
կատարուած
ըլլալուն
չպիտի
հաւատայի
բնաւ:
Զգայութեանս
վերադարձին
հետ
սակայն
պզտիկ
ու
խորունկ
անհանգստութիւն
մը
որ
տակաւ
ցաւի
կը
փոխուի,
կտրուած
պատռուած
միսերուս,
ջիղերուս
ցաւը,
սուր
ու
զայրագին
բան
մը,
որ
հետզհետէ
սաստկանալով`
հիմա
անկողնէն
դուրս
նետուելու
կը
մղէ
զիս:
Կ՚երեւայ
թէ
ասիկա
նախատեսուած
է
արդէն,
վասն
զի
Գթութեան
Քոյրը,
որ
քովէս
չէ
բաժնուեր
վայրկեան
մը,
կը
սրտապնդէ
զիս.
—
Հիմա
կ՚անցնի,
համբերէ,
տղաս,
տեղէդ
մ՚երերար,
որովհետեւ
վէրքդ
կը
քակուի
եւ
շատ
գէշ
կ՚ըլլայ
վերջը:
Ցաւիս
աւելնալէն`
հեծեծանքս
սենեակս
կը
լեցնէ,
այնչափ
որ
գտնուած
տեղս
չսեպելով`
ձայնս
ալ
կը
բարձրանայ
ճիչերով
ու
աղաղակներով:
Սնարիս
քով
փայտէ
աթոռակի
մը
վրայ
Քոյրը
նստած
է,
շարունակելով
իր
սփոփիչ
խօսքերը,
վարժ
բերնով
մը,
գրեթէ
գոց
եղած
պարբերութիւններ
զորս
հարկաւ,
մինչեւ
ինծի
գալով,
հարիւրաւորներու
ալ
կրկնած
է
շարունակ.
—
Հիմա
պիտի
անցնի,
բան
մը
չէ
ասիկա,
ա՛լ
բոլորովին
աղէկցած
ես:
Աղէկցա՞ծ.
ինչպէ՞ս,
երբոր
ցաւերս
վայրագ
ու
ահարկու
բան
մը
կ՚ըլլային
այս
պահուս,
այն
աստիճան,
որ
անդիմադրելի
փափաք
մը
կ՚զգայի
քակելու
նետելու
վէրքիս
կապերը,
ու
մարմնիս
խորէն,
չեմ
գիտեր
ո՛րտեղէն,
քաշելու
փրցնելու`
զիս
չարչարող
միսերը
ու
գործարանները
բոլոր:
Անկողնին
մէջէն
պզտիկ
մը
երերալուս
Քոյրը
ուշադիր
կը
սրդողէր:
—
Մի՛
շարժիր,
ո՛չ,
այդ
բանը
չըլլար,
կ՚ըսէր
ոտքի
ելլելով,
կը
սրդողիմ: