Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեռնելո՞ւ, ինէ հեռու մնալուդ համար պիտի մեռնի՞ս, պատասխանեց ինծի ժպտելով, ժպիտ մը` որուն մէջ դառնութիւն մը կար: Չես մեռնիր, ապահո՛վ եղիր. հոսկէ դուրս ելլելուդ` երեք օր պիտի նեղուիս, ութ տաս օր ալ վրաս պիտի մտածես, տասնըհինգ օրէն բաւական սփոփուած պիտի ըլլաս արդէն, եւ ամիսէ մը` յիշատակ մը, անուշ ու աղօտ յիշատակ մը պիտի մնամ մտքիդ մէջ. գալ տարի դուն ալ պիտի զարմանաս զիս սիրած ըլլալուդ:

Իմ ժխտական շարժումիս վրայ`

Ես այդ սիրոյ արբեցութիւնները գիտեմ, շամբանիայի փրփուրին պէս շուտով կը սմքին:

Եւ յանկարծ այլափոխուելով, կարծես մերկանալով իր մարապետի խոժոռ երեւոյթը, իր ծանր ու լուրջ ասացուածքը, ամենէն հրապուրիչ, մոլորեցուցիչ կինը դառնալու համար եւ ամենէն դաշն ու վրդովիչ շեշտը դնելով իր ձայնին մէջ`

Որովհետեւ վաղը պէտք է որ ձգես երթաս հոսկէ ու պիտի երթաս. եւ որովհետեւ համակրելի ու սրտի տէր մէկն ես կամ այնպէս երեւցար, քեզի կրնամ ըսել, որ չեմ հաւատար քու սիրոյդ եւ ձեր բոլոր էրիկ մարդոց սէրերուն: Ես իմ անունս, ընտանիքս, հարստութիւնս, իմ քսան տարու երիտասարդուհիի բոլոր իրաւունքներս զոհած մէկն եմ երիտասարդի մը, որ, քեզի պէս, մեռնելու չափ սիրելու երդումներով խաբեց զիս: Զիս ամուսնութեան ուզող շատ մը ազնուականներու առաջարկութիւնները մերժեցի, ծնողքիս թախանձանքին մտիկ չըրի ու փախստական գողի մը պէս` գիշեր մը փախայ հայրենի տունէս, սիրականիս մօտ երթալու համար: Ընտանիքս ուրացաւ զիս, ինչ որ իր իրաւունքն էր: Ես փոյթ չըրի ասիկա. երջանիկ էի զիս սիրող երիտասարդին քովիկը։ Անիկա պզտիկ մը մտահոգ էր. իմ սիրոյս կուրութեանը մէջ` սկիզբները ո եւ է կասկած չթունաւորեց սիրտս, բայց վերջը տեսայ, ձանձրութեան եւ զղջումի պէս բան մը տեսայ անոր վրայ, ինծի հետ միացած ըլլալու զղջումը:

Զգացա՞ծ ես երբեք բարձր ու ամուր պատի մը փլչիլը վրադ, քարերուն հարուածները գլխուդ ու մարմնիդ վրայ, զգայազիրկ ու անկենդան մնալդ անոր տակ: Այսպէս եղաւ իմ զարթնումս: Օր մըն ալ, մէկդի ընելով ամեն կեղծիք, իմ սիրած տղաս ըսաւ ինծի.

Պէտք է որ հաշտուիս ծնողքիդ հետ, այս աղքատութիւնը չի քաշուիր ալ:

Տարուան մը չքաւորութիւնը՝ բաւական եղած էր հատցնելու համար այն անսպառ սէրը որ մինչեւ գերեզման պիտի տեւէր:

Այն ատեն վերջին վարանումներս անհետացան. իր քովէն ձգեցի փախայ, ինչպէս տարի մը առաջ փախեր էի հայրենի տունէս, իրեն վերադարձուցի իր ազատութիւնը, սուտ ու փուճ խօսքերով ուրիշ կիներ խաբելու ազատութիւնը: Բայց այդ վայրկեանէն ապառաժի մը պէս քարացաւ սիրտս. կսկի՞ծն էր թէ վրէժի գաղափարը որ հոգիս ամրացուց. ուխտ ըրի աշխարհքիս վայելքները ուրանալու. մարապետ եղայ: Աղքատի մը ուրիշին ողորմութիւն ելլել տալուն պէս` ցավեր ու վիշտեր սփոփելու տուի ինքզինքս, երբ ես այնքան կարօտ էի սփոփանքի. քանի որ ինծի տրուած չէր աշխարհքը վայելել, ջանացի որ ուրիշներ լիովին, առանց ցաւի վայելէն զայն. իմ զրկումովս ուրիշներուն վայելքը շինեցի:

Բայց ասոնց ամէնուն վրայ ներքին ուրախութիւն մը ունեցայ. մէկ հատ մը, բայց գերագոյն ուրախութիւնը, զոր խոստովանելու արիութիւնը պիտի ունենամ. չեմ ուզեր ինքզինքս լաւագոյն ցուցնել քան ինչ որ եմ իրօք: Յատկապէս ուզեցի որ իմ պաշտօնս վիրահատներուն մօտ ըլլայ, եւ այնպէս ալ եղաւ. ես կ՚օգնեմ, կ՚սպասաւորեմ իրենց եւ այսպէս հանդիսատես կ՚ըլլամ մարդոց, այսինքն ձեր բոլոր տառապանքին, գալարումներուն. ձեր աղաղակներէն շինուած այս ահարկու երաժշտութեան ու նուագահանդէսին ունկնդիր ըլլալու վայելքը ունիմ օրուան ամեն ժամուն: Էրիկ մարդոց ցաւատանջ գոռում գոչումները մտիկ ընելով` իմ սրտիս զսպուած ու անմռունչ ցաւերը գոհացում կ՚ստանան, կը մեղմանան: Կ՚ընդունիմ որ անգութ ու ոխերիմ գոհացում մըն է աս: Ձեր ճիչերը, վայնասունները լսելու համար ուրեմն քիչ մը հոս եկած եմ. ուրիշ հիւանդապահ կին մը ինծի չափ անվրդով արիութիւն չպիտի կրնար ցոյց տալ. ամենքը կը շնորհաւորեն զիս: Ես, երբոր մինակ մնամ խղճմտանքիս հետ...

Հոս, Քոյր Էմիլիէնի ձայնը մարելու պէս եղաւ:

Ինքզինքս կ՚ատեմ: Ահա այս տառապանքին հրճուանքովն է որ, դեռ հազիւ երեսուն տարեկան, ծերացած եմ:

Վայրկեան մը դադարէ ետքը, տեսնելով իմ լռութիւնս`

Տեսա՞ր որ քու երեւակայած բարձր հոգիդ չունիմ ես. որքա՜ն հեռու եմ անկէ, ճիշդ հակառակը գուցէ անոր: Սիրուելու մէկը չեմ ես, այլ ճակատագրին բեռը տանող ոխակալ կին մը:

Այս բոլոր ըսածներդ բան մը չեն պակսեցներ իմ պաշտումէս, ըսի իրեն, ամենէն ըղձալի էակն ես աչքիս, ու կը վախնամ որ յաւիտեան այդպէս պիտի մնաս:

Տղա՛յ, ըսաւ ինծի:

Յետոյ անուշութեամբ ու թող տալով որ ձեռքը բռնեմ ու շրթունքս մօտեցնեմ անոր`

Վաղը դուրս ելիր ասկէ, հաւատա՛ որ քիչ օրէն կ՚անցնի այս բոլորը. քրոջ մը պէս դարմանեցի քեզի, ենթադրէ որ քոյրդ եմ միշտ: Ու եթէ երբեք տարին մէյ մը քայլերդ այս կողմը առաջնորդեն քեզ, եկո՛ւ երբեմն զիս հարցնելու: