Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Չէնկէլքէօի նաւամատոյցին քովէն ասիական եզերքը դէպի հիւսիս հետզհետէ ծովուն մէջ կը մխուի ու փոքրիկ հրուանդան մը կը ձեւացնէ հոն. Քուլէլին է որ այդ բարձանց վրայ գտնուող աշտարակէն ստացած է իր անունը։

Վոսփորի ծովեզերքին վրայ ծանօթ գիւղերէն չէ, այլ քանի մը աղքատիկ տնակներէ բաղկացեալ զառիվեր ու օդաւէտ թաղ մ՚է, որուն մօտ կը տարածուի Քուլէլի հիւանդանոցն իր զինուորական ուղղագիծ ճարտարապետութեամբ։

Աղքատ ձկնորսներ եւ օրով սպասաւորութեան գացող խեղճ կիներ կը բնակին հոն։

Ահա այդ ողորմելի տնակներէն միոյն մէջ կը նստէր հայ նաւավարի մը այրին իր մէկ զաւակով։

Տասը տարի առաջ Գումգափուի հրդեհէն փախստական՝ հոս եկեր մնացեր էին. էրիկը՝ ծովերուն վրայ վարած իր տաժանելի կեանքին բոլոր խնայողութիւնը՝ իր տունն ու գոյքը, այս կրակին տալով աղքատացեր էր առանց կարենալ վարժուելու այս անհաւատալի ձախորդութեան։ Առջի անվախ ու յանդուգն նաւավարը չէր մնացեր. կարծես թէ զինքը կործանող հրդեհին թանձր մուխին իր հոգին եւ իմացականութիւնն ալ մթագներ, եւ տրտում, շփոթած ու մելամաղձոտ մարդ մը ըրեր էր զնա։

Նաւավարը չորս տարի միայն ապրեր էր անոր վրայ, եւ իր կինը ծառայութեամբ աշխատելով կը մեծցնէր Ներսէսը, իր որբ զաւակը։

Աշխարհիս վրայ մանկութիւնը թշուառութիւնը կը հեգնէ. շատ օր ուտելու հացի կարօտ, շատ հեղ ցուրտ քամիին դէմ անպատսպար մնացեր էր Ներսէս խնդալէ մարելով իր անօթութեան կամ իր ցնցոտի ու պատառուն հագուստներուն վրայ։

Ապաքէն իր հասակին յարմար զգեստ մը ունեցած չէր երբեք. բարեսիրտ Թուրքի մը գթութեանը կը պարտէր իր բալթօն որուն մէջ կ՚աներեւութանար եւ Յոյն տիկին մը իր ամուսնոյն անգործածելի ու ահագին կօշիկները տուած էր իրեն, որուն միոյն մէջ Ներսէսին երկու ոտքը դիւրութեամբ կը պարտկուէին։

Բնաւ նախանձ կամ ատելութիւն ունեցած չէր տեսնելով հարուստ մարդոց զաւակները, երբ հագուած սգուած կ՚անցնէին իր քովէն։

Հայրը՝ ծովու մարդ, ինք ծովու մօտ ծնած, այն անփոյթ ստահակներէն էր որոց համար ծովեզերքը բոլոր տիեզերքը կը կազմէ, իբրեւ տեսակ մը մարդկային խեցի որուն ծովուն աղի ջուրը միայն կեանք կուտայ։

Եօթն տարուէն քաջավարժ ու անվախ լուղորդ էր եւ մայրը՝ դողդոջուն սրտիւ ի զուր պատուհանէն կը պոռար ու իր անզուսպ որդւոյն վտանգաւոր խաղերն արգիլել կ՚ուզէր։

Տարի մը վերջը Ներսէս ձեռք անցուցած էր հին, փտած ու խոշոր նաւակ մը որուն թիակներն հազիւ շարժելու կարող էր եւ որուն վրայ թիավարելէ ետ չէր կենար։

Օրն ի բուն այդ հնօրեայ նաւակին մէջ քրտնաթոր կ՚երգէր, կը խաղար, ձուկ կ՚որսար։ Այդ նաւակն իր տունը, իր բնակութիւնն էր եւ անոր կուպրով ծեփուած կարծր տախտակամածն իր աղքատիկ անկողինէն շատ աւելի սիրելի էր իրեն։

Մայրը՝ զուր տեղը սիրտ հատցնելէ յուսահատ, ալ բան չէր ըսեր ու թող կուտար որ ուզածն ընէ։ Ո՜րքան տարբեր էր այս տղան ուրիշ տղաքներէ. մինչդեռ ոմանք պէպէքի հետամուտ՝ իրենց ընտանեսէր բարքը, ոմանք ժամ օյինի խաղալով, իրենց գրական կամ կրօնական կոչումը կը յայտնեն, Ներսէս՝ այժմ փոքրիկ բայց կատարեալ անառակ մը դարձած՝ շատ գիշեր չէր դառնար տուն ու անգղիացի լորտի մը պէս իր զբօսանաւին մէջ կ՚անցընէր գիշերները։

Ներսէս տասն տարեկան եղած ատեն արեւէն ու հովէն սեւցած, ձեռքը թի քաշելէ կարծրացած, առոյգ, անվախ ու տգէտ տղայ մ՚էր որուն հայհոյալից խօսակցութիւնը կ՚ահաբեկէր ու կ՚ապշեցնէր հէք մայրը. ո՞ւսկից սորվեր էր այդ լիրբ ու խայտառակ բացատրութիւնները, այդ անլուր հայհոյութիւնները։

Խեղճ կինն իր որդւոյն ապագային վրայ սարսափեցաւ. իր էրկանը արհեստէն դժգոհ էր արդէն եւ որդին՝ կրթեալ ու ուսումնական անձ մը տեսնելու անմեղ բաղձանք մ՚ունեցած էր միշտ. եւ ահա հիմակուց այդ տասը տարու տղան չափահաս սրիկայի մը ձեւեր կ՚առնէր։ Մօտերը դպրոց չի կար ու նաւավարին կինը Ներսէսը իր ազգին խնամոց յանձնելէն ուրիշ միջոց մը չի գտաւ։

Կիւրակէ օր մ՚էր որ ազգականի մը տանելու պատրուակաւ Իւսկիւտարի Թաղական Խորհրդոյն յանձնեց զնա՝ Ազգային Հիւանդանոցի վարժարանը դրուելու համար։ Այս զաւակն ունէր միայն բովանդակ աշխարհիս վրայ ու անոր ապագայ երջանկութեանը մտահոգութեամբ, այս ողորմելի մայրը չէր վարաներ անկէ ալ զուրկ եւ հեռու մնալու։

Մայրութիւնը՝ զաւկի համար մարտիրոսութիւն մը եղած է յաճախ։

Սրտէն արիւն կ՚երթար, երբ իւր այրի կնոջ շալն ուսին, վասն զի իւր ամուսնոյն մահուընէն վերջը սեւերը հանած չէր, զաւկին ձեռքէն բռնած, ուրախ դէմք մը կեղծելով, հետիոտն կ՚երթար Իւսկիւտար։ Եւ ո՜րքան աղաչեր ու պաղատեր էր աղաներուն իւր զաւակը որբանոց ընդունել տալու համար։

Որբանո՞ց. եւ ո՞վ միթէ այս հէք ու անտերունչ որբէն աւելի այդ դժբաղդ յարկը մտնելու իրաւունք ունէր։

Ներսէսը Հիւանդանոցի վարժարանը դրին գիշերօթիկ, ու մայրը բոլորովին միայնակ ու անոքիկ մնաց իր ամայի խրճիթին մէջ. բայց դեռ իւր ապրուստէն կտրելով, շատ օր ցամաք հաց ուտելով, կը յաջողէր փոքրիկ գումար մը տանելու իւր զաւկին՝ երբ ամիսը անգամ մը կ՚երթար Ետիգուլէ անոր մոտ, սուրբի մը ոտքը ուխտի գացող բարեպաշտուհւոյ մը պէս ջերմեռանդ ու ճշդապահ։