Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

43. [Յունուար] 27/9 Փետր. [1914], Երկուշաբթի առտու


Առտու կանուխ լրագիրները աչքէ կ’անցունեմ։ Երեկ Բ. Դուռը գոց էր Մեւլուտի տօնին առթիւ։ Paraitre [1] ի գործողութիւնը չէր կրնար կատարիլ։ Օսմ. գործ. [ակալութիւնը] կը գրէ միայն, թէ համաձայնութիւնը գոյացած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ։ Ուրեմն, գոնէ բերանացի, երեկ համաձայնութիւնը իմաց տրուեցաւ։ Այսօր, ժամը 2, ամէն ինչ կատարեալ է։ Միայն instruction [2] ի խնդիրը կայ, խիստ կարեւոր, ալ քաշուեցաւ։

Ասկէ վերջը թող ուրիշներ աշխատին։ Վերջին ըրածս իրաւագէտ խորհրդականներ հաստատելու առաջարկն է։ Տեսնենք, ան ալ պիտի թաղուի՞ արդեօք։ Մոռցայ, պ. Չարիքոֆին գրուելիք երկու նամակ կայ։ Մին՝ Պատրիարքէն, մէկն ալ՝ անձնական։ Վաղը մնաց ատ։ Ալ ծուլութիւն եկաւ։ (1ա. ֆր. ) պէտքը դադրելուն հետ ասանկ կ’ըլլայ։



[1] Հրապարակում։

[2] Հրահանգ։