Արմաշի ուխտագնացութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. - ՈՒԽՏԸ


       Արմաշի ուխտագնացութիւնը երկու որոշ մասի կը բաժնուի. Եկեղեցին եւ բանայիրը։ Մէկ կողմէ հոգւոյն ամէնէն գերագոյն ու սրբազան թռիչները, ու միւս կողմէ մարմնին ամէնէն անասնական ու բիրտ բնազդներուն ապերասան ստորնաքարշումը։
       Այս բաժանումը սակայն, դիտողին ու իմաստասիրողին համար է։ Ժողովուրդը, միշտ սէնբլիսդ, միշտ պարզ, տարօրինակ խառնակութեան մը մէջ կը շփոթէ այս երկուքը։ Ու այս տրամագծապէս իրարու ներհակ տեսարաններուն յարակցութիւնը, խառնուրդը, նոյնացումը՝ իմաստասիրական ամէնէն հետաքրքրական երեւոյթն է զոր կ’ընծայէ Արմաշ՝ Խաչվերացի շաբթուան մէջ։
      
* * *

       Ուխտի մը համար որոշեալ ժամանակներու մէջ որոշեալ վայր մը երթալու սովորութիւնը՝ նախապատմական հնութեանց մէջ կը կորսուի։ Ուխտագնացութեանց ամէնէն հին յիշատակութիւնն է Ելեւսեան տօները որք տեղի կ’ունենային Ելլադայի Ելեւսիս քաղաքին մէջ, ի պատիւ Դեմետրէի, երկրագործութեան խարտիշագեղ դիցուհիին։ Դեմետրն էր որ այն ժամանակներուն մէջ ուր մարդիկ, իրենց վայրենի կեանքին մէջ, չէին կրնար հողէն հանել իրենց ապրուստը, կը սնուցանէր մարդկութիւնը։ Ինքն էր որ կը բուսցնէր ցորենը եւ կ’արգասաւորէր արտերը։ Քաղաքակրթութեան դիցուհին էր կերպով մը, եւ ի պատիւ իրեն Ելլադայի ամէն կողմերէն կուգային, ուխտերով ու զոհաբերութիւններով, ու առիթ մը կ’ըլլար այս այլազան ցեղերուն՝ զիրար ճանչնալու։
       Մեր մէջ, Խորենացին կը յիշէ Անահիտի ուխտագնացութիւնը։ Ստրաբոն այդ ուխտագնացութեան վրայ կը յիշատակէ այնպիսի մանրամասնութիւններ որք չեն կրնար այստեղ արտագրուիլ։ Հայուհիները անդ կ’երթային կորսնցնել այն զոր կին մը մէկ անգամ միայն կը կորսնցնէ, ու այնուհետեւ աւելի յարգի կը նկատուէին եւ կնութեան կը խնդրուէին։
     
  * * *

       Արմաշ՝ բաւական տարիներէ ի վեր ուխտագնացութեան վայր մըն է։ Դարէն աւելի է որ անդ կ’երթան Աստուածածնի պատկերին առջեւ ծնրադրելու, անկից խնդրելու իրենց ցաւերուն մեղմացումն եւ իրենց փափաքներուն իրագործումը։ Չգիտցուիր ճշդիւ թէ ո՛ր ժամանակէն սկսած է ուխտագնացութիւնը. բայց ապահովապէս մէկ դարէն աւելի է որ Արմաշի բլրակէն վեր կþելլեն ուխտաւորներ։ Անկից առաջ վանքը հաստատուած էր արդէն, բայց այդ բլրակին հրաշագործ զօրութիւնը դեռ յայտնի չէր ժողովուրդին։
       Աստուածածնի պատկերն ալ, որ հրաշագործ զօրութիւն ունի եւ որուն առջեւ կþերթան երկրպագել բարեպաշտները, չգիտցուիր նորէն թէ ո՛ւսկից բերուած է եւ կամ որո՛ւ ձեռքով նկարուած։ Դիտելի է թէ ամէն վանքերու մէջ Աստուածածինն է որուն յատկացուցած է հրաշագործ զօրութիւնը։ Կինը, որ վանքերու մէջ “քաղաքացիի իրաւունք” չունի, պատկերի ձեւին տակ կը պաշտուի այդ վայրերուն մէջ։ Ահաւասիկ իմաստասիրելու ուրիշ նիւթ մըն ալ։
       Ինչո՞ւ կուգան Արմաշ։
       Ուխտի համար։ Ո՛վ որ ցաւ մը ունի, նիւթական թէ բարոյական, ամուլ կինն որ զաւկի կ’ըղձայ, մայրն որ աղջկան համար փեսայ մը կը խնդրէ, ո՛վ որ տուն մը կ’ուզէ, ձիապանն որ իր ձիերուն առողջութիւնը կը բաղձայ, երկրագործն որ լաւ հունձք մը կը սպասէ, կինն որ իր սիրած անձին հաւատարմութեանը կը ցանկայ, իրենց անառակ զաւկին զգաստութիւնը հայցող մայրերը, ամէնքն ալ Արմաշ կը դիմեն։
       Իրենց ուխտը մէկ երկու կերպով կը կատարեն։ Բուն ցաւագարները, խուլերը, մունջերը, խելագարները, ջղային տագնապներով յուզուած կիները, Աստուածածնի պատկերին առջեւի գաւթին մէջ կը դրուին մինչեւ չորս օր չորս գիշեր, շրջապատուած իրենց մարդերէն որք պաղատագին կը հայցեն Տիրամօր կարեկցութիւնը այդ եղկելիներուն վրայ։
       Միւսները ոչխար մը կը նուիրեն՝ մատաղի համար, մոմ կը վառեն, կանթեղին մէջ իւղ լեցնել կուտան եւ “դարպաս” անուան տակ գումար մը կը նուիրեն։
       Ինծի համար ուխտին ամէնէն հետաքրքրական եւ նկարագեղ կողմը կը կազմեն այն զանազան արծաթէ առարկայները զորս ուխտաւորները կը նուիրեն Աստուածածնի պատկերին եւ որ իրենց ուխտագնացութեան նպատակը ցոյց կուտայ։ Թեւին վրայ հիւանդութիւն մը ունեցողը արծաթ թեւ մը կը նուիրէ, աչքի հիւանդութիւն ունեցողը՝ արծաթ աչք մը, սիրտ մը, ձեռք մը, ամբողջ մարմին մը, տուն մը ուզողը՝ տուն մը կը նուիրէ, կառք մը, ձի մը, եւ այլն։ Այս սովորութիւնն ալ շատ հին է։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք թէ Փղշտացիները իրենց երաստանի հիւանդութեանց եւ իրենց դաշտերն աւերող մուկերուն համար իրենց քուրմերէն պատուէր ստացան Իսրայէլացիներուն Տապանակին նուիրելու “զպատկերս երաստանաց ձերոց, եւ զնմանութիւն մկանց ձերոց՝ ապականչաց երկրին”։ Այդ պատկերները ոսկիէ շինուեցան։
       Ուխտագնացութեան մասը կը կազմէ նաեւ մանկանուէրը։ Ժամերգութենէն յետոյ, ծնողքները Աստուածածնի կը ծախեն, դրամական նուէրով մը, իրենց հիւանդ կամ անառակ զաւակները, եւ մէկ քանի տարիներ անոր պաշտպանութեան ներքեւ թողլէ յետոյ զայնս, ետ կը գնեն։
       Ահաւասիկ ինչ է Արմաշի ուխտագնացութեան նպատակը։