Մաս
–
4
ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄԸ
Grounding
of
Ethics
Ի՞նչ
կը
նշանակէ՝
բարոյագիտութիւնը
հիմնաւորել
։
Արդեօք
պէ՞տք
է
կամ
հա՞րկ
է
բարոյագիտութիւնը
հիմնաւորել։
Եթէ
այո,
ի՞նչ
են
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
առաւելութիւններն
ու
թերութիւնները։
Եւ
վերջապէս
ինչպէ՞ս
կարելի
է
բարոյագիտութիւնը
հիմնաւորել։
Բարոյագիտութիւնը,
աւելի
քան
2500
տարուան
կեանք
ունեցող
արեւմտեան
փիլիսոփայութեան
մէկ
ճիւղն
է։
Փիլիսոփայութեան
սկզբնական
շրջանէն
ի
վեր,
մարդիկ
կը
փիլիսոփայեն՝
ճանաչումի,
իմացութեան
ու
գիտութեան,
ինչպէս
նաեւ
վարմունքի
ու
վարուելակերպի
մասին։
Ժամանակի
ընթացքին,
ինչպէս
ներկայացուեցաւ
բարոյագիտութեան
պատմութեան
մէջ
յառաջացած
են
բարոյագիտական
զանազան
տեսութիւններ,
որոնք
ընդհանրապէս
ծագում
առած
են
մարդոց
առօրեայ
կեանքէն
եւ
փորձառութիւններէն։
Այդ
զանազան
տեսութիւնները,
իրարու
հետ
մրցակցական
յարաբերութեան
մէջ
եղած
են.
ուրեմն
երբեք
զարմանալի
չէ,
որ
փիլիսոփաներ
կը
ջանային
իրենց
բարոյագիտական
տեսութեան
ընդունելի
հիմնաւորում
մը
տալ,
զայն
աւելի
համոզիչ
դարձնելու
համար։
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագիրը
նկատի
կ՚առնէ
անհատի
բանականութիւնը
եւ
ազատութեան
հետեւանք՝
ինքնավարութիւնը։
Այլ
խօսքով,
անհատը,
իր
հայեցողութեամբ
եւ
դատողութեամբ
կրնայ
հիմնաւորում
մը
ընդունիլ
կամ
մերժել։
Այս
իմաստով,
հիմնաւորման
ծրագիրը
պէտք
է
հեռու
մնայ՝
աւանդական
սովորութիւններէն,
կրօնական
վարդապետութիւններէն,
անհատական
կամ
պետական
հեղինակութիւններէն։
Փիլիսոփայութեան
մէջ,
հիմնաւորելը
կը
զանազանուի
պատճառաբանելէն,
թէեւ
անոնք
մերձիմաստ
եզրեր
են։
Օրինակ
բարոյագիտութեան
մէջ
վարմունքի
մը
պատճառը,
որ
միշտ
փորձառական
է,
բոլորովին
կը
տարբերի
վարմունքի
մը
հիմնաւորումէն,
որ
այդ
վարմունքին
բանական
հիմք
կամ
փաստարկում
տալ
կը
նպատակադրէ։
Բարոյական
վարմունքի
պարագային,
երբ
երկընտրանքի
մը
առջեւ
կը
գտնուինք,
կրնանք
որոշել
առաջին
կամ
երկրորդ
տարբերակը։
Սակայն
այս
որոշումը
կամ
վարմունքի
ընտրութիւնը
ինքնին
բաւարար
չէ,
այլեւ
պէտք
է
հիմնաւորել՝
թէ
ինչո՞ւ
ընտրեցինք
վարմունքի
ա՛յս
կամ
այն
տարբերակը,
որ
մեզի
համար
բարի,
լաւ
կամ
ճիշդ
է։
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
գլխաւոր
հարցերէն
մէկը
բարի
կամ
լաւ
(չար
կամ
վատ)
հասկացութիւններն
են,
որոնք
կրնան
որպէս
յարաբերական
արժէք
ներկայանալ։
Այլ
խօսքով,
շատեր
կրնան
օրինակ
բարին
ու
լաւը
տարբեր
ձեւով
հասկնալ
կամ
տարբեր
արժեւորումներ
տալ
անոնց,
(ինչպէս՝
լաւ
-
աւելի
լաւ
-
լաւագոյն)։
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
համար,
սակայն,
բաղձալի
պիտի
ըլլար,
որ
բարի
ու
լաւ
(չար
ու
վատ)
հասկացութիւնները
յստակ
իմաստ
ու
բնորոշում
ունենային
եւ
բոլորին
կողմէ
հաւասարապէս
եւ
նոյն
ձեւով
ընդունուած
ըլլային։
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորումը
կարելի
է
երկու
միջոցներով.
-
Առաջին՝
աւանդական
բարոյական
սկզբունքներով,
որոնց
հիմքը
ընդհանրապէս
կրօնական
վարդապետութիւններն
են,
ինչպէս
է
պարագան
օրինակ՝
քրիստոնէական
բարոյագիտութեան
մէջ,
ուր
Աստուածաշունչ
մատեանը
իր
իւրայատուկ
տեղը
ունի.
եւ
Երկրորդ՝
բնական
(ոչաւանդական)
բարոյական
սկզբունքներով,
որոնց
հիմքը
նոյնինքն
մարդկային
բնութիւնն
է,
իր
բանականութեամբ
եւ
ինքնավարութեամբ։
Այս
սկզբունքով,
պատմութեան
ընթացքին,
բարոյագէտփիլիսոփաներու
կողմէ
մշակուած
են
զանազան
հիմնաւորման
ծրագիրներ,
ինչպէս
է
պարագան՝
սկոտլանդացի
փիլիսոփայ
Հյումի
(David
Hume,
1711
–
1776
թ.
)
եւ
գերման
փիլիսոփաներ
Կանտի
(Immanuel
Kant,
1724
–
1804
թ.
)
կամ
Շոպենհաուրի
(Arthur
Schopenhauer,
1788
–
1860
թ.
)
մօտ։
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
վերոյիշեալ
բաժանումներու
մասին,
ինչպէս
նաեւ
ասոնց
հետ
առնչուած
բարոյական
պայմանագրային
տեսութեան
(Contractarianism)
մասին,
որոշ
մանրամասնութեամբ,
պիտի
անդրադառնանք
քիչ
ետք։
Ընդհանուր
առմամբ,
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագրի
առաւելութիւնները
կը
նկատուին.
-
Բարոյական
կողմնորոշման
համար՝
բարոյական
ասոյթներու
վաւերական
ու
ապահով
հիմքը։
Այլ
հիմնաւորումներու
հանդէպ՝
հիմնաւորման
կարելիութիւնն
ու
տոկունութիւնը։
Կասկածապաշտութեան
(սկեպտիկութեան)
եւ
յարաբերապաշտութեան
հանդէպ՝
մերժման
կարելիութիւնը։
Բարոյական
համոզումներու
եւ
սկզբունքներու
հանդէպ՝
քննադատութեան
կարելիութիւնը։
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագիրը
սակայն,
իր
գործընթացի
ատեն,
կը
հանդիպի
որոշ
հարցերու,
որոնք
դժուարութիւններ
կը
յարուցանեն,
ինչպէս
օրինակ՝
կասկածապաշտութիւնը
(սկեպտիկութիւն,
Scepticism),
յարաբերապաշտութիւնը
(Relativism),
ոչնչապաշտութիւնը
(Nihilism)
եւ
սխալականութիւնը
(Fallibilism),
զորս
պէտք
է
առանձնապէս
քննարկել
ու
մանրամասնել։
Թէ՛
կասկածապաշտութիւնը
(սկեպտիկութիւն)
եւ
թէ՛
յարաբերապաշտութիւնը,
որպէս
փիլիսոփայական
ուղղութիւններ,
սկիզբ
առած
են՝
Հնադարեան
ժամանակներէն,
անցած՝
Միջին
Դարէն
եւ
հասած՝
Նոր
Դար
ու
ժամանակակից
շրջաններ։
Ա.
-
Կասկածապաշտութիւն
(Սկեպտիկութիւն)
Բարոյագիտական
հիմնաւորում
մը,
քննարկումի
եւ
քննադատութեան
ատեն
մեծ
հաւանականութեամբ
կրնայ
հանդիպիլ
կասկածապաշտութեան
(սկեպտիկութեան),
որ
յոյժ
կասկածելի
ու
տարակուսելի
կը
գտնէ
որեւէ
տրամաբանական
հիմնաւորում
եւ
նոյնիսկ
իմացութեան
որեւէ
կարելիութիւն։
Կասկածապաշտութեան
համաձայն,
իրականութեան
եւ
ճշմարտութեան
ճանաչողութիւնը՝
հարցական
է,
յարաբերական
է
կամ
ընդհանրապէս՝
անկարելի
է։
Կասկածապաշտութեան
(սկեպտիկութեան)
համաձայն,
ենթադրութիւն
մը
կամ
բարոյագիտութեան
հիմնաւորում
մը
փաստելու
համար
հարկաւոր
են
նախադրութիւններ,
որոնք
իրենց
կարգին
պէտք
է
փաստուին՝
այլ
նախադրութիւններու
հիման
վրայ
…
եւ
այսպէս
շարունակաբար։
Ասոր
կողքին
կասկածապաշտութիւնը
կը
փորձէ
որեւէ
ենթադրութեան
(կամ
հիմնաւորման)
դիմաց,
համազօր
ու
համոզիչ
հակաենթադրութիւն
մը
(կամ
հակահիմնաւորում
մը)
յառաջացնել։
Այս
իմաստով
կասկածապաշտութիւնը
մեծ
վտանգ
կը
սպառնայ
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
որեւէ
ծրագրի։
Այսուհանդերձ
կարելի
չէ
հրաժարիլ
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագիրներէն
եւ
հարկ
է
նաեւ
պահել՝
անոնց
հանդէպ
քննադատութեան
կարելիութիւնը,
որ
ողջունելի
է։
Բ.
-
Յարաբերապաշտութիւն
Յարաբերապաշտութեան
(
)
համաձայն,
ընդհանուր
եւ
բացարձակ
իմացութիւն
չկայ
եւ
ամէն
ինչ
յարաբերական
է։
Այլ
խօսքով
ենթադրութեան
մը
ճշմարտութիւնը
կախեալ
է
որոշ
պայմաններէ,
որոնք
իրենց
կարգին
կախեալ
են
այլ
պայմաններէ
…
եւ
այսպէս
շարունակաբար։
Պայմանաւորուածութեան
այս
շղթան
վերջ
կը
գտնէ
տեղ
մը,
որպէս՝
կամայական
սկզբունք
կամ
ենթակայական
համոզում։
Սկիզբէն
ի
վեր,
եւ
մինչեւ
այսօր,
բարոյագիտական
յարաբերապաշտութիւնը,
միշտ
ընկերակցած
է
փիլիսոփայական
բարոյագիտութեան
եւ
միշտ
ալ՝
մերժուած,
որովհետեւ
այս
ուղղութեան
համաձայն,
չկան
նաեւ
ընդհանուր
եւ
բացարձակ
բարոյական
արժէքներ,
այլ
ամէն
ինչ
յարաբերական
է։
Մեր
առօրեայ
գործնական
կեանքին
մէջ,
բարոյագիտական
յարաբերապաշտութիւնը
կը
փորձէ
ներկայանալ՝
որպէս
մետաբարոյագիտական
(Meta-Ethics)
դրոյթ՝
երկու
կանոններով,
զորս
պիտի
նշուին
քիչ
ետք։
Մետաբարոյագիտութեան
(այլ
խօսքով՝
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
քննարկման)
ոլորտէն
ներս,
բարոյական
բարի
վարմունք
եւ
բարոյական
ճիշդ
վարմունք
հասկացութիւնները
կրճատումներ
են,
որովհետեւ
չի
յիշուիր՝
թէ
անոնք
որո՞ւ
համար
կամ
ի՞նչ
օրինաչափի
համաձայն
բարոյական
բարի
կամ
ճիշդ
վարմունք
են։
Մետաբարոյագիտական
դրոյթի
համաձայն
վերոյիշեալ
հասկացութիւնները
պէտք
է
վերլուծել
հետեւեալ
ձեւով.
-
բարոյական
բարի
կամ
ճիշդ
վարմունք
՝
«Ք»-ի
համար
կամ
«Օ»
օրինաչափի
համաձայն։
Այստեղ
«Ք»
կրնայ
ներկայացնել
անհատ
մը,
ընկերային
խումբ
մը
կամ
ամբողջ
ժողովուրդ
մը.
նոյնպէս
«Օ»-ի
պարագան.
«Օ»ն
կրնայ
օրինաչափ
մը
ըլլալ՝
անհատի
մը,
ընկերային
խումբի
մը
կամ
ամբողջ
ժողովուրդի
մը
համար։
Մետաբարոյագիտական
այս
դրոյթէն,
կարելի
է
երկու
կանոններ
հետեւցնել։
Այժմ
նկատի
առնենք
«Ք-ա»
եւ
«Ք-բ»,
որպէս
երկու
անհատներ
(կամ
երկու
տարբեր
ընկերային
խումբեր),
որոնք
ունին
իրենց
իւրայատուկ
«Օ-ա»
եւ
«Օ-բ»
օրինաչափերը.
վերոյիշեալ
դրոյթէն
ելլելով,
կարելի
է
հետեւցնել,
որ
«Ք-ա»
չի
կրնար
հետեւիլ
կամ
նոյնիսկ
միջամտել
«Ք-բ»-ի
բարոյական
վարմունքին,
օրինաչափերու
տարբերութեան
պատճառով։
Այս
մտածելակերպով,
մետաբարոյագիտական
դրոյթէն
կը
յառաջանան,
ինչպէս
յիշեցինք,
երկու
հետեւեալ
կանոնները.
-
առաջին
կանոնը,
չմիջամտելու
կամ
հանդուրժողութեան
(անգլ.
՝
Tole-ration,
գերմ.
՝
Toleranz)
կանոնն
է.
իսկ
երկրորդ
կանոնը,
որ
կ՚ըսէ
թէ
իւրաքանչիւր
անհատի
բարոյական
վարմունքը
պէտք
է
համապատասխանէ
ի՛ր
պատկանած
աւանդական
օրինաչափերուն։
Իրականութեան
մէջ
վերոյիշեալ
մետաբարոյագիտական
(Meta-Ethics)
դրոյթը,
իր
վերլուծական
փորձով
եւ
անկէ՝
երկու
կանոններու
հետեւութեամբ,
չի
ցոլացներ
մեր
բարոյական
արտայայտութիւնները՝
իր
ամբողջական
իմաստով։
Ասոր
կողքին,
յարաբերապաշտական
բնոյթ
կրող
մետաբարոյագիտական
դրոյթը
եւ
երկու
կանոնները
եթէ
մանրակրկիտ
զննուին,
ի
յայտ
կու
գայ,
որ
անոնք,
իրար
հետ
խոտոր
կը
համեմատին,
այլ
խօսքով՝
անհամատեղելի
են,
որովհետեւ
յիշեալ
երկու
կանոնները,
բարոյագիտական
որեւէ
կանոնի
նման
հարկադրաբար
ընդհանրական
չեն,
այսինքն՝
ընդունելի
չեն
բոլորին
կողմէ։
Գ.
-
Ոչնչապաշտութիւն
Ոչինչ
(լատ.
`
nihil)
արմատէն
յառաջացած
այս
բառը
ունի
հակաճառական
իմաստ
եւ
կը
մատնանշէ
գոյութիւնը,
իմացութիւնը
եւ
բարոյական
ու
դրական
արժէքները
ընդհանրապէս
ժխտող
փիլիսոփայական
ուղի
մը։
Վերոյիշեալ
բնորոշումով
ոչնչապաշտութիւնը
(
)
(Nihilism)
ընդհանրապէս,
կը
հակաճառէ
մարդկային
կեանքի
եւ
աշխարհի
գոյութեան
իմաստին,
կը
հակաճառէ
ճանաչելի
իրողութիւններու
իմացութեան,
ինչպէս
նաեւ`
ընկերութեան
մէջ
ընդունուած
բարոյական
զանազան
կանոններուն
ու
դրական
արժէքներուն։
Այլ
խօսքով,
դրական
բոլոր
արժէքները,
այստեղ,
արժեզրկուած
են։
Դ.
-
Սխալականութիւն
Բարոյախօսներու
համար
մտահոգութեան
առարկայ
է
ա՛յն
պատկերացումը,
որ
բարոյագիտութեան
հիմնաւորումը,
կրնայ
սխալ
սկզբունքներ
ունենալ։
…
Եւ,
իրականութեան
մէջ,
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագրերու
պարագային
կարելի
է
հաստատել
բարոյական
սխալական
եւ
բարոյական
անսխալական
մտապատկերներ։
Արդարեւ,
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագրերու
թէ՛
տրամաբանական
հետեւութեան
(Deduction,
ընդհանուրէն՝
դէպի
մասնակին)
եւ
թէ՛
տրամաբանական
մակածութեան
(Induction,
մասնակիէն՝
դէպի
ընդհանուրը)
զոյգ
պարագաներուն՝
սխալականութիւնը
(Fallibilism),
այսինքն՝
սխալ
սկզբունքներու
գոյութիւնը,
կրնայ
դիւրութեամբ
ապացուցելի
ըլլալ։
Վերոյիշեալ
սխալականութիւնը
շատ
աւելի
մտահոգիչ
կը
դառնայ,
ո՛չ
թէ
անոր
համար,
որ
բարոյագիտութեան
հիմնաւորում
մը
կրնայ
բարոյական
սխալական
սկզբունքներ
ունենալ,
այլ
անո՛ր
համար,
որ
կարելի
չէ
փաստել,
որ
տուեալ
բարոյագիտական
հիմնաւորումը,
բարոյական
անսխալական
սկզբունքներ
ունի։
Մեթոդաբանական
տեսակէտէն,
բարոյագիտութեան
հիմնաւորումը
կարելի
է
չորս
եղանակներու
բաժնել.
-
1.
Վերլուծական
եղանակ
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
վերլուծական
(
)
(
Analytic
)
եղանակը
կը
քննարկէ
բարոյական
արտայայտութիւններուն
կամ
ասոյթներուն
ընդհանրապէս
լեզուական
հեշտ
ըմբռնելիութիւնը,
անոնց
տրամաբանական
տոկունութիւնը
եւ
հակասութիւններէ
զուրկ
ըլլալը։
Այս
իմաստով,
ան
կը
մնայ
մետաբարոյագիտութեան
(Meta-Ethics)
սահմաններուն
մէջ։
2.
Մեկնագիտական
եղանակ
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
մեկնագիտական
(
)
(
Hermeneutics
)
եղանակը
կը
քննարկէ
բարոյական
արտայայտութիւններուն
կամ
ասոյթներուն
ընդհանրապէս
իմաստի
յարմարագոյն
ըմբռնելիութիւնը,
բարոյական
միջավայրի
մը
մէջ։
Մեկնագիտական
եղանակը,
իր
մէջ
պէտք
է
միացնէ
անհատներու
բարոյական
դիրքորոշումներու
բազմազանութիւնը,
կազմելու
համար
ընկերային
շրջանակի
մը
բարոյական
գիտակցութիւնը։
Այստեղ
անհատներու
կամ
խմբաւորումներու
բարոյական
ծայրայեղ
դիրքորոշումները
կրնան
լարուածութիւն
մը
յառաջացնել
ընկերային
շրջանակին
մէջ։
Այս
հարցը
լուծելու
համար,
մեկնագիտական
եղանակը
կարիքը
ունի
քննախօսական
եղանակի
օժանդակութեան։
3.
Անդրանցական
եղանակ
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
վերանցական
կամ
անդրանցական
(Transcendental)
եղանակը
(հետեւելով
Իմմանուէլ
Կանտի)
կը
քննարկէ
անհատներու
բարոյական
փորձառութիւնը,
գործնական
սկզբունքի
մը
լոյսին
տակ։
Արդարեւ,
բոլորին
համար
պէտք
է
գոյանայ
ձեւական
սկզբունք
մը,
որու
հիմքը
կը
կազմէ
բարոյական
կամեցողութիւնը,
դատողութիւնն
ու
վարմունքը։
Այս
իմաստով,
բարոյական
գերագոյն
սկզբունք
մը,
որ
բանականութեան
գործնական
ինքնավարութիւնը
կը
հաստատէ,
այսինքն`
մարդոց
բարոյական
ինքնօրինութեան
եւ
ինքնավարութեան
ազատութիւնը։
Նախորդին
նման,
նաեւ
այս
եղանակը
անհատներու
կամ
խմբաւորումներու
բարոյական
ծայրայեղ
դիրքորոշումներու
պատճառով
լարուածութիւն
մը
կը
յառաջացնէ
ընկերային
շրջանակին
մէջ։
Այս
հարցը
լուծելու
համար,
վերանցական
եղանակը
եւս
կարիքը
ունի
քննախօսական
եղանակի
օժանդակութեան։
4.
Քննախօսական
եղանակ
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
վերջին,
քննախօսական
(Discoursive)
եղանակը
կ՚օժանդակէ
նախորդ
եղանակներուն,
ինչպէս
նաեւ
կը
լուծէ
անոնց
հարցերը։
Քննախօսական
եղանակը
դուրս
գալով
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
վերլուծական,
մեկնաբանական
եւ
անդրանցական
եղանակներու
մակարդակէն,
կը
փորձէ
բարոյական
հիմնաւորում
մը
ներկայացնել
ներենթակայական
(Intersubjective)
փաստարկներու
խօսոյթով,
հետեւելով
գերման
երկու
ժամանակակից
փիլիսոփաներուն՝
Ապէլի
(Karl-Otto
Apel,
1922
–
2017
թ.
)
եւ
Հաբերմասի
(Jürgen
Habermas,
*1929
թ.
)
եւ
նպատակ
ունենալով
բարոյական
կանոններու
ընդհանրականացումը,
այսինքն՝
բոլորին
կողմէ
ընդունումը։
Որպէս
եզրակացութիւն
կարելի
է
շեշտել,
որ
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագիրը,
պէտք
է
ունենայ
տոկուն,
ապահով
ու
անսխալական
հիմք,
ինչպէս
նաեւ
զինուած
ըլլայ
կասկածապաշտութեան
եւ
յարաբերապաշտութեան
դէմ
մերժման
կարելիութիւններով։
Հետեւելով
բարոյական
անսխալականութեան
(Infallibilism)
ուղիին,
նախ
կը
տեսնենք,
որ
անսխալականութիւնը
շատ
կը
յարմարի՝
հիմնականապաշտութեան
(Fundamentalism),
որովհետեւ
այս
երկու
պարագաներուն
ալ
այն
համոզումը
կը
տիրէ,
որ
սկզբունք
մը
բոլորովին
անսխալական
է
կամ
հիմք
մը
միակ
ճշմարտութիւնը
կը
ներկայացնէ։
Ուրեմն
բարոյագիտութեան
համար
հիմնականապաշտութիւնը,
դէպի
անսխալականութիւն
տանող
գլխաւոր
ուղին
է։
Հիմնականապաշտութիւնը
(Fundamentalism),
իր
կարգին,
որպէս
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագիր
կարելի
է
բաժնել
երկու
մասերու.
-
1.
Բարոյագիտական
վերջնական
հիմնաւորում
(անգլ.
՝
Ultimate
Grounding,
գերմ.
՝
Letztbegründung),
որ
կը
յատկանշուի
իր
ապահով,
բացարձակ,
ճշմարիտ,
ստոյգ
ու
վերջնական
ըլլալու
հանգամանքներով
եւ
կասկածապաշտութեան
(սկեպտիկութեան)
ու
յարաբերապաշտութեան
հանդէպ՝
մերժման
կարելիութիւններով։
Հիմնաւորման
այս
ձեւին
կը
պատկանին,
գերման
երկու
փիլիսոփաներու՝
Կանտի
պարտագիտական
բարոյագիտութեան
(
)
(Deontological
Ethics)
տեսութիւնը
եւ
Ապէլի
քննախօսութեան
բարոյագիտութեան
(
)
(Discourse
Ethics)
տեսութիւնը։
2.
Բարոյագիտական
ակներեւութիւն
(անգլ.
՝
Evidence,
գերմ.
՝
Evidenz),
որ
կը
յատկանշուի
իր
ակներեւ
(ակնյայտնի)
բացայայտութեամբ.
այս
իւրայատուկ
ու
որակաւոր
հանգամանքը
կը
պարտինք
մարդկային
մասնաւոր
ճանաչողական
-
իմացական
մէկ
կարողութեան։
Բարոյագիտական
ակներեւութեան
ոլորտի
մէջ,
օրինակ,
կարելի
է
զանազանել՝
տրամաբանական
մակածութեան
(Induction)
եւ
տրամաբանական
հետեւութեան
(Deduction)
միջեւ.
-
Ա.
Տրամաբանական
մակածութիւնը
(անգլ.
՝
Logical
Induction,
մասնակիէն՝
դէպի
ընդհանուրը)
Այս
ուղին
ընդունող
ներկայացուցիչներուն
ելակէտը
կը
կազմէ
այն
տեսութիւնը,
որ
մեր
հիմնական
բարոյական
դատողութիւնը
կը
վերաբերի
առարկայական
գոյացութիւններու
(ինչպէս՝
վարմունքներ
կամ
կացութիւններ)։
Այլ
խօսքով,
այս
հիմնական
բարոյական
դատողութեան
ակներեւութիւնը
կը
բխի
զգայական
իմացութենէ
(կամ
գիտակցութենէ)
մը,
որ
կը
վերաբերի
յիշեալ
առարկայական
գոյացութիւններուն։
Նմանօրինակ
մտապատկեր
կարելի
է
գտնել
ամերիկացի
ժամանակակից
բարոյագէտփիլիսոփայ
ՄկՆօտոնի
(David
McNaughton,
*1946
թ.
)
մօտ,
իր
«Բարոյական
տեսիլք»
(անգլ.
բնագիր՝
„Moral
Vision“)
երկին
մէջ։
Բ.
Տրամաբանական
հետեւութիւնը
(անգլ.
՝
Logical
Deduction,
ընդհանուրէն՝
դէպի
մասնակին)
Այս
ուղին
ընդունող
ներկայացուցիչներուն
ելակէտը
կը
կազմէ
այն
տեսութիւնը,
որ
մեր
(մարդոց)
հիմնական
բարոյական
դատողութիւնը,
մեր
բարոյական
սկզբունքներուն
միջոցով
հիմնաւորուած
է։
Այլ
խօսքով,
այս
հիմնական
բարոյական
դատողութեան
ակներեւութիւնը
կը
բխի
բարոյական
սկզբունքներու
ներհայեցողութենէն
(Intuition)։
Նմանօրինակ
մտապատկեր
կարելի
է
գտնել՝
«ներհայեցողական
բարոյագիտութեան»
ներկայացուցիչներէն
սկոտլանդացի
բարոյագէտփիլիսոփայ
Ռոսի
մօտ
(William
David
Ross,
1877
–
1971
թ.
),
իր
«Բարոյագիտութեան
հիմունքներ»
(անգլ.
բնագիր՝
„Foundations
of
Ethics“)
երկին
մէջ։
Ստորեւ,
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագրի
պարզաբանուած
աղիւսակ
մը,
ուր
ամփոփ
կը
ներկայացուի
վերոյիշեալ
տրամաբանական
ուղին։

ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄ
՝
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ
ՈՒ
ԲՆԱԿԱՆ
(ՈՉ-ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ)
ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ
ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՎ
Ինչպէս
նշեցինք
(էջ
140),
բարոյագիտութեան
հիմնաւորումը
կարելի
է
2
միջոցներով.
-
Առաջին՝
աւանդական
բարոյական
սկզբունքներով
եւ
Երկրորդ՝
բնական
(ոչաւանդական)
բարոյական
սկզբունքներով։
Աւանդական
բարոյական
սկզբունքներու
հիմքը,
ընդհանրապէս,
աւանդական
սովորութիւններն
ու
կրօնական
վարդապետութիւններն
են
եւ
այստեղ
գտնուող
բացարձակ
հեղինակութիւնը,
որ
կը
ներկայացնէ՝
վերջնական
հիմնաւորումը
(Ultimate
Grounding)։
Քրիստոնէական
բարոյագիտութեան
պարագային,
օրինակ,
բացարձակ
հեղինակութիւնը
Աստուած
է,
որ
կը
ներկայացնէ՝
վերջնական
հիմնաւորումը։
Բնական
(ոչաւանդական)
բարոյական
սկզբունքներու
հիմքը
նոյնինքն
մարդկային
բնութիւնն
է,
իր
բանականութեամբ
եւ
ինքնավարութեամբ
(ազատութեամբ)։
18-րդ
եւ
19-րդ
դարերու
ընթացքին,
բարոյագէտփիլիսոփաներու
կողմէ
մշակուած
են
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
զանազան
ծրագիրներ,
ինչպէս
է
պարագան՝
սկոտլանդացի
փիլիսոփայ
Դ.
Հյումի
մօտ
եւ
գերման
փիլիսոփաներ
Ի.
Կանտի
կամ
Ա.
Շոպենհաուրի
մօտ,
զորս
պէտք
է
որոշ
չափով
մանրամասնել։
Դ.
Հյում
Հյում,
վարմունք
մը
կամ
վարուելակերպ
մը
լաւ
ու
բարի
կը
նկատէր,
երբ
ընկերութեան
մը
մէջ,
մարդիկ
նախապատուութիւն
տային
այդ
վարմունքին։
Այլ
խօսքով,
մարդիկ
իրենց
հաւանութիւնը
կամ
համաձայնութիւնը
յայտնէին
եւ
նախապատուութեամբ
ընդունէին
այդ
վարմունքը։
Նոյն
ձեւով,
վարմունք
մը
(կամ
վարուելակերպ
մը)
վատ
ու
չար
կը
նկատէր,
երբ
մարդիկ
կշտամբէին
ու
մեղադրէին
զայն
եւ
փոխանակ
ընդունելու՝
մերժէին
զայն։
Քննադատութիւն.
-
Հյումի
բարոյագիտութեան
այս
հիմնաւորումը
սակայն
վիճելի
ու
քննադատելի
է
եւ
նոյնիսկ
կարելի
է
զայն
բարոյագիտութեան
մարզէն
հեռացնել,
հետեւեալ
երկու
պատճառներով.
-
Առաջին՝
անոր
համար,
որ
այս
հիմնաւորման
որպէս
հիմք
կը
ծառայէ
այն
գաղափարը,
որ
մարդոց
մօտ
բարոյական
գիտակցութիւնը
ընդհանուր
է
(նմանութեան
իմաստով)
եւ
բոլոր
մարդիկ
նոյն
ձեւով
կը
գիտակցին։
Այլ
խօսքով,
մարդոց
բարոյական
դատողութիւնը
ընդհանուր
է
եւ
բոլորը
նոյն
ձեւով
կը
դատեն։
Գաղափար
մը,
որ
իրականութեան
հետ
խոտոր
կը
համեմատի։
Երկրորդ՝
անոր
համար,
որ
այս
հիմնաւորման
տրամաբանութիւնը
խախուտ
է։
Տրամաբանական
ձեւը
հետեւեալն
է.
-
քանի
որ
վարմունք
մը
լաւ
ու
բարի
է,
ան
կը
դառնայ
մարդոց
կողմէ՝
հաւանելի
եւ
ընդունելի
…
եւ
ոչ
թէ
հակառակը,
այսինքն՝
այդ
վարմունքը
կը
դառնայ՝
լաւ
ու
բարի,
որովհետեւ
մարդիկ
հաւանած
ու
ընդունած
են
զայն։
Ի.
Կանտ
Կանտ
եւս,
Հյումի
հետ
համակարծիք
է,
որ
մարդոց
մօտ
միայն
մէ՛կ
բարոյական
գիտակցութիւն
կայ։
Մինչ
Կանտ
տարբեր
ձեւով
կը
հասկնայ
ու
կը
հիմնաւորէ
այս
գաղափարը,
Հյում
երբեք
չի
յիշեր
որեւէ
հիմնաւորում,
անիկա
ըլլայ
բացարձակ
կամ
յարաբերական։
Կանտ,
բարոյագիտութիւնը
կը
հիմնէ
անպայմանական
հրամայականին
(Categorical
Imperative)
վրայ.
այլ
խօսքով`
մարդուն
պարտաւորութիւնը
կը
ներկայանայ,
գործնական
բացարձակ
հրամայականով
մը,
առանց
որեւէ
նախապայմանի։
Յիշենք՝
բանաձեւը.
-
«Վարուէ՛
միայն
այնպիսի
անձնական
կանոնով
(մաքսիմ),
որով
միաժամանակ
կարենաս
ցանկալ,
որ
այդ՝
ընդհանուր
օրէնք
դառնայ»։
Կանտ,
իր
պարտագիտական
բարոյագիտութիւնը
կը
կոչէ
ձեւական
(For-mal)
բարոյագիտութիւն,
որովհետեւ
իր
բարոյական
սկզբունքը
ձեւական
է,
այսինքն՝
ան
որոշ
կացութեան
մը
չի
վերաբերիր,
այլ
անկախ
կացութենէ
եւ
զանազան
հանգամանքներէ,
մի՛շտ
կը
գործէ
եւ
մի՛շտ
ուժի
մէջ
կը
մնայ։
Կանտի
պարտագիտական
բարոյագիտութեան
հիմնաւորումը,
բացարձակապէս,
կ՚ապաւինի
մարդու
բանականութեան։
Քննադատութիւն.
-
Նաեւ
Կանտի
այս
գաղափարը
վիճելի
ու
քննադատելի
է,
որովհետեւ
բացարձակ
բանականութիւն
գոյութիւն
չունի
եւ
այս
պատճառով
ալ
բարոյագիտութեան
բացարձակ
հիմնաւորում
մը
անիմաստ
կը
դառնայ։
Սակայն
Կանտի
բարոյագիտութեան
հիմնաւորումը
կարելի
չէ
հեռացնել
բարոյագիտութեան
մարզէն
(ինչպէս
հետագային
պիտի
մանրամասնենք),
որովհետեւ
հոն
լաւն
ու
բարիի
սկզբունքը
առկայ
է։
Կանտի
պարտագիտական
բարոյագիտութեան
մասին,
աւելի
մանրամասն՝
«Բարոյագիտութեան
Տեսութիւններ»
Մաս
–
5,
էջ
160։
3.
-
Ա.
Շոպենհաուր
Շոպենհաուրի
բարոյագիտութեան
հիմքը
կարեկցութեան
(գերմ.
՝
Mitleid,
անգլ.
՝
Compassion)
զգացումն
է։
Կարեկցութիւնը,
մարդկային
բնութեան
ու
գիտակցութեան
մէջ
իրողութիւն
մըն
է։
Մարդ,
որպէս
անհատ,
նկատելով
աշխարհի
մէջ
գոյութիւն
ունեցող
տառապանքը,
այլ
մարդոց
հանդէպ
կարեկցութիւն
տածելով,
անոնց
հետ
ինքզինք
նոյնացած
կը
համարէ
ու
ինքզինք
անոնց
տառապանքին
մօտիկ
կը
զգայ
կամ
կը
փորձէ
«կիսել»
տառապանքը։
Այս
միջոցով
կը
յաղթահարուի
մարդու
եսասիրութիւնը
(Egoism)
եւ
կը
յայտնաբերուի՝
անոր
այլասիրութիւնը
(Altruism)։
Քննադատութիւն.
-
Նաեւ
Շոպենհաուրի
այս
գաղափարը
վիճելի
ու
քննադատելի
է,
որովհետեւ
այստեղ
Շոպենհաուր
բարոյագիտութեան
հիմնաւորում
մը
չի
ներկայացներ,
այլ
բարոյագիտութեան
հիմք
մը
միայն,
որ
կարեկցութեան
զգացումն
է։
Ասոր
կողքին,
այստեղ
եթէ
բոլորովին
չի
բացակայիր
լաւն
ու
բարիի
սկզբունքը,
որ
բարոյագիտութեան
մէջ
էական
դիրք
կը
գրաւէ,
սակայն
ան
բոլորովին
յարաբերական
է։
Զգացումի
բարոյագիտութեան
մասին,
աւելի
մանրամասն՝
«Բարոյագիտութեան
Տեսութիւններ»
Մաս
–
5,
էջ
208։
4.
-
Պայմանագրային
Տեսութիւն
Բարոյագիտութեան
ոլորտէն
ներս
պայմանագրային
տեսութիւն
(անգլ.
`
Contractarianism,
գերմ.
՝
Vertragstheorie)
կը
նշանակէ՝
մարդոց
միջեւ
գոյութիւն
ունեցող
պայմանագրութիւն
մը,
ուր
կը
յիշուին՝
բարոյական
դրութեան
մը
կանոնները
եւ
մարդիկ
իրենց
հետաքրքրութենէն
մղուած
«պէտք
է»
հետեւին
այդ
պայմանագրութեան
կանոններուն։
Պայմանագրային
տեսութեան
գլխաւոր
ներկայացուցիչներէն
կը
նկատուի՝
աւստրալիացի
բարոյագէտփիլիսոփայ
Մաքի
(John
Leslie
Mackie,
1917
–
1981
թ.
),
որ
որոշ
չափով
հետեւորդը
եղաւ
Հյումի
բարոյագիտութեան
ու
զարգացուց
զայն`
վերլուծական
փիլիսոփայութեան
(Analytic
Philosophy)
արդիական
միջոցներով։
Պայմանագրային
տեսութեան
կանոնները
լաւապէս
կը
համապատասխանեն,
«ոսկեայ
կանոն»
կոչուած
աւանդական
ու
բազմաթիւ
մշակոյթներու
մէջ
ծանօթ
հետեւեալ
դրական
ու
բացասական
բանաձեւերուն.
-
«Այլոց
հանդէպ
վարուէ՛
այնպէս,
ինչպէս
որ
կ՚ուզես,
որ
անոնք
քեզ
հետ
վարուին».
«Ինչ
որ
չես
ուզեր
որ
քեզի
ընեն,
դուն
ալ
(այդ)
ուրիշներուն
մի՛
ըներ»։
Պայմանագրային
այս
կանոնները
կարելի
է
պարտաւորութիւններու
երկու
խումբերու
մէջ
ամփոփել։
Ա.
-
Դրական
պարտաւորութիւններ,
ինչպէս՝
ուրիշին
օգնել,
եւ՝
համագործակցութեան
յատուկ
կանոններ,
ինչպէս՝
խոստումը
յարգել.
Բ.
-
Ժխտական
պարտաւորութիւններ,
ինչպէս՝
ուրիշին
չվնասել,
եւ՝
համագործակցութեան
յատուկ
կանոններ,
ինչպէս՝
սուտ
չխօսիլ։
Տրամաբանական
է,
որ
մարդիկ,
իրենց
անձնական
հետաքրքրութենէն
մղուած,
պիտի
հետեւին
վերոյիշեալ
կանոններուն,
որովհետեւ
անոնք
պիտի
ուզեն,
որ
իրենց
հանդէպ
ալ
նոյն
կանոնները
կիրարկուին։
Այլ
խօսքով,
ես
պիտի
օգնեմ
ուրիշներուն
եւ
վնաս
չհասցնեմ
անոնց,
որպէսզի
փոխադարձաբար
անոնք
ալ
ինծի
օգնեն
եւ
ինծի
վնաս
չպատճառեն։
Որքան
ալ
տրամաբանական
թուի
բարոյական
պայմանագրային
տեսութիւնը,
այսուհանդերձ,
ինչպէ՞ս
կարելի
է
ապահովել
անոր
կիրարկումը
եւ
պահպանել
զայն։
Անգլիացի
քաղաքագէտփիլիսոփայ
Հոբս
(Thomas
Hobbes,
1588
–
1679
թ.
),
այս
հարցումին
պատասխանը
կը
գտնէ
միայն
պետութեան
մօտ.
այսինքն`
միայն
պետութիւնը
կրնայ
եւ
պէտք
է
ապահովէ
ու
պահպանէ
մարդոց
միջեւ
բարոյական
պայմանագրային
փոխյարաբերութիւնը։
Պետութիւնը,
սակայն,
չի
գործեր
բարոյական
կանոններով,
այլ
քրէական
իրաւունքով
կամ
օրէնքներով
եւ
պետական
իրաւական
օրէնքները
չեն
հիմնաւորուիր
բարոյական
արժէքներու
միջոցով։
Բարոյագէտփիլիսոփայ
Մաքի,
այս
հարցումին
տարբեր
մօտեցում
ունի։
Մաքիի
համաձայն,
եթէ
անհատ
մը
չյարգէ
բարոյական
պայմանագրութիւնը
եւ
բարոյական
չար
կամ
վատ
վարմունք
(
)
մը
ունենայ,
անոր
մօտ
կրնայ
բարոյական
ամօթի
կամ
ամօթխածութեան
զգացում
մը
յառաջանալ,
որ
տեղի
կ՚ունենայ
անձնական
խղճին
միջոցով,
այսինքն՝
խղճահարութեամբ։
Այլ
խօսքով,
ընկերութեան
մը
մէջ
ապրող
անհատին
համար
անհրաժեշտ
է
(ձեւով
մը
ան
ստիպուած
կամ
հարկադրուած
է),
ընդունիլ
այդ
ընկերութեան
բարոյական
պայմանագրային
կանոնները,
կամայ
թէ
ակամայ։
Այս
բարոյական
պայմանագրային
կանոնները
չյարգելու
պարագային,
ընկերութեան
բոլոր
անդամները
պիտի
վրդովին
ու
մեղադրեն
խնդրոյ
առարկայ
անհատը,
ինչպէս
նաեւ
պիտի
դիմեն՝
հարկադրական
զանազան
միջոցներու
կամ
պատժամիջոցներու
(Sanction)։
Ահա
այս
պարագային,
խնդրոյ
առարկայ
անհատի
մօտ,
որպէս
ներքին
հարկադրական
միջոց
կրնայ
բարոյական
ամօթի
կամ
ամօթխածութեան
զգացումը
յառաջանալ,
որ
ինքնարժեւորման
կորուստի
զգացում
մըն
է։
Ամօթխածութեան
յառաջացումը,
տեղի
կ՚ունենայ,
մանաւանդ
«ուրիշներու»
ներկայութեան
եւ
անձնական
խղճին
(
)
միջոցով,
խղճահարութեամբ։
Այս
«Բարոյագիտութեան
Հիմնական
Հասկացութիւններ»,
եւ
յօդուածները։
Քննադատութիւն.
-
Նաեւ
պայմանագրային
տեսութիւնը
վիճելի
ու
քննադատելի
է
եւ
նոյնիսկ
կարելի
է
զայն
բարոյագիտութեան
մարզէն
հեռացնել,
հետեւեալ
երեք
պատճառներով.
-
Առաջին՝
անկարելի
է
անձնական
խիղճը
հիմնաւորել
պայմանագրային
տեսութեան
մակարդակի
վրայ։
Խիղճը
երբեք
գործիք
չի
կրնար
դառնալ։
Առանց
արտաքին
պատիժներ
կրելու,
եթէ
ես
որոշ,
ինծի
համար
նպաստաւոր
առաւելութիւններ
կարենամ
ունենալ,
անոնցմէ
հրաժարիլը
գոնէ
խոհեմութիւն
չի
նկատուիր։
Երկրորդ՝
պայմանագրային
տեսութեան
մէջ,
լաւն
ու
բարին,
վատն
ու
չարը
չեն
ներկայանար
իրենց
բացարձակ
իմաստով,
այլ
անոնք
յարաբերական
են։
Այլ
խօսքով,
«պայմանագրային
տեսութեան»
մէջ,
լաւն
ու
բարին
կ՚օգտագործուին
յարաբերաբար,
այսինքն
«լաւ
ու
բարի՝
…
բանի
մը
համար»,
կամ
«լաւ
ու
բարի՝
…
ինծի
համար»։
Երրորդ՝
պայմանագրային
տեսութիւնը
յառաջացած
է
ընկերային
–
քաղաքական
ու
արդարութեան
-
արդարադատութեան
ոլորտներէն
ներս
եւ
որպէս
բարոյագիտութեան
հիմնաւորում
չի
կրնար
ծառայել։
Անոր
միայն
մէկ
բաժինը,
մարդոց
պայմանագրութեան
ընդունման
պարտաւորութիւնը,
կարելի
է
թերեւս
բարոյական
նկատել։
Եզրակացութիւն
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
վերոյիշեալ
չորս
տարբերակները
որոշ
մանրամասնութեամբ
ներկայացնելէ
ետք,
կարելի
է
եզրակացնել,
որ
անոնցմէ
երեքը
այնքա՜ն
վիճելի
ու
քննադատելի
են,
որ
կարելի
է
նոյնիսկ
զանոնք
բարոյագիտութեան
մարզէն
հեռացնել։
Կը
մնայ
միայն
Ի.
Կանտի
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
տարբերակը,
որ
հակառակ
բացարձակ
հիմնաւորման
վիճելի
իր
գաղափարին,
հոն
կարելի
է
որոշ
յստակութեամբ
եւ
«լաւն
ու
բարի»ի
էական
սկզբունքով՝
բարոյագիտութեան
հիմնաւորում
մը
նկատել։
Կանտի
պարտագիտական
բարոյագիտութեան
մասին,
ինչպէս
նշեցինք,
աւելի
մանրամասն՝
«Բարոյագիտութեան
Տեսութիւններ»
Մաս
–
5ի
մէջ
(տե՛ս
էջ
160)։
ՀԱՄՈԶԻՉ
ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄ
Ինչպէս
նշեցինք
(տե՛ս
էջ
141),
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագիրը
պէտք
է
ունենայ`
տոկուն,
ապահով
ու
անսխալական
հիմք,
ինչպէս
նաեւ
զինուած
ըլլայ
կասկածապաշտութեան
(սկեպտիկութեան),
յարաբերապաշտութեան
եւ
ոչնչապաշտութեան
դէմ՝
մերժման
կարելիութիւններով։
Ասոնց
կողքին,
բարոյագիտութեան
տեսութիւնները
համոզիչ
հիմնաւորում
մը
ունենալու
համար
հարկ
է
նախ
նկատի
ունենալ՝
լաւն
ու
բարիի
սկզբունքը
ապա
ասոր
հետ
անմիջականօրէն
առնչուած՝
անհատական
ինքնավարութիւնը
կամ
ազատութիւնը։
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
ծրագրի
վերոյիշեալ
բաղկացուցիչ
մասերը
յիշելէ
ու
անոր
համոզիչ
ըլլալը
քննարկելէ
ետք,
տակաւին
պէտք
է
աւելցնել,
որ
մենք
կարելիութիւնը
ունինք՝
այլ
հիմնաւորման
բոլոր
ծրագրերը
բացասական
իմաստով
քննադատութեան
ենթարկելու
ու
զանոնք
որպէս
«ոչհամոզիչ»
նկատելով՝
մերժելու։
1.
Լաւն
ու
բարիի
սկզբունքը.
-
Լաւն
ու
բարիի
սկզբունքը
կրնայ
յարաբերական
կամ
բացարձակ
ըլլալ։
Այս
սկզբունքը
ինքնին
յարաբերական
է
օրինակ՝
զգացումի
բարոյագիտութեան
պարագային
(ինչպէս՝
Շոպենհաուրի
ու
Ռաուլսի
մօտ)։
Այս
սկզբունքը
կրնայ
նաեւ
բացարձակ
ըլլալ,
օրինակ
պարտագիտական
բարոյագիտութեան
պարագային
(ինչպէս՝
Կանտի
մօտ)։
Լաւն
ու
բարին,
յարաբերական
ըլլալու
պարագային,
կը
դառնայ
սահմանափակ
եւ
ոչ
բոլորին
կողմէ
ընդունուած
կամ
նոյն
ձեւով
ընկալուած։
Այս
պատճառով
ալ,
բարոյագիտական
յարաբերապաշտութիւնը
(
)
միշտ
մերժուած
է։
Կանտ,
լուծելով
այս
բարդ
հարցը
ու
հեռանալով
յարաբերապաշտութենէն,
լաւն
ու
բարիին
կու
տայ
բացարձակ
իմաստ,
որ
եթէ
բոլորը
հարկադրուած
չըլլան
զայն
ընդունիլ,
բայց
անոնք
գոնէ
կարենան
(կարելիութիւն
ունենան)
զայն
ընդունիլ։
Կանտի
այս
գաղափարը
կ՚ապաւինի
մարդու
բանականութեան
եւ
ընդհանրական
բարոյական
գիտակցութեան։
Կանտ
կը
հեռանայ
նաեւ
բարոյական
պայմանագրային
տեսութենէն
(Con-tractarianism),
ուր
փոխադարձ
համաձայնութիւն
մը
կայ
(«ես
պայմանագրութեան
կանոնները
միայն
կը
յարգեմ,
որովհետեւ
կ՚ուզեմ,
որ
իմ
հանդէպ
ալ
նոյն
կանոնները
կիրարկուին»)
…
մինչ
Կանտի
համար
կանոնները
պէտք
է
յարգուին,
պարզապէս՝
որովհետեւ
անոնք
ինքնին
լաւ
ու
բարի
են։
2.
Անհատական
ինքնավարութիւնը.
-
Նախ
հարց
տանք,
թէ
ինչո՞ւ
բարոյագիտութեան
տեսութեան
մը
համոզիչ
հիմնաւորում
տալու
համար,
պէտք
է
կամենանք՝
լաւն
ու
բարիի
սկզբունքը
ընդունիլ։
Այս
հարցադրման
մէջ
կը
շեշտուի
«կամենալ»ու
արարքը,
որ
ունի
իր
պատճառները
եւ
շարժառիթները։
Եթէ
բացայայտել
ուզենք
լաւն
ու
բարիի
ընդունման
կամենալու
պատճառները,
պիտի
տեսնենք,
որ
լաւն
ու
բարիի
սկզբունքը
ընկերութեան
մը
մէջ
կը
յառաջանայ,
մէկ
կողմէ՝
հեղինակութիւններէ
ազդուած
(վերանցական,
անդրանցական
–
Transcendental
–
ձեւով)
իսկ
միւս
կողմէ՝
միջենթակայական
–
Intersubjective
–
հետաքրքրութիւններէն
բխած
(փոխադարձ
պահանջքի
մը
ձեւով)։
Այստեղ
յիշելու
է,
որ
Կանտի
պարագային,
վերոյիշեալ
բարձր
հեղինակութիւնը
կը
փոխարինուի՝
բանականութեամբ։
Իսկ
եթէ
բացայայտել
ուզենք
լաւն
ու
բարիի
անհատին
կողմէ
ընդունման
կամենալու
շարժառիթները,
նախ
պէտք
է
հաստատել,
որ
խնդրոյ
առարկայ
անհատը
ընդհանրապէս
կ՚ուզէ՞
բարոյական
հասարակութեան
մը
անդամ
դառնալ,
որ
լաւն
ու
բարին
որպէս
սկզբունք
կ՚ընդունի։
Միայն
ընդունելու
պարագային
է,
որ
կը
յայտնաբերուի
անհատական
ինքնավարութիւնը
կամ
ազատութիւնը։
Անհատ
մը,
բարոյական
գիտակցութեան
պակասի
պատճառով,
կրնայ
լաւն
ու
բարիի
սկզբունքը
չընդունիլ
եւ
քաշուիլ
պայմանագրային
տեսութեան
սահմաններէն
ներս։
Նմանօրինակ
անհատի
մը,
բարոյականութեան
մասին
ընդհանրապէս
կամ
Կանտի
բարոյագիտութեան
տեսութեան
ու
լաւն
ու
բարիի
սկզբունքին
մասին
մասնաւորաբար,
որեւէ
փաստարկում
կատարելը
անիմաստ
պիտի
ըլլայ։
Հակառակ
պարագային,
եթէ
այս
անհատը
առաջին
քայլը
առնէ
դէպի
բարոյական
հասարակութիւն,
կարելի
է
անոր
լաւ
շարժառիթներ
ներկայացնել
ու
մղել
զինք
դէպի
լաւն
ու
բարիի
սկզբունքը։
Բարոյական
հասարակութեան
մաս
կազմելու
եւ
լաւն
ու
բարին
որպէս
սկզբունք
ընդունելու
իմ
գլխաւոր
շարժառիթը
այն
կրնայ
ըլլալ,
որ
ես
չեմ
ուզեր
ծայրայեղ
եսասիրութեան
(
)
(Egoism)
ուղիին
հետեւիլ,
այլեւ
կ՚ընտրեմ
այլասիրութեան
(Altruism)
ուղին,
որ
զիս
կ՚առաջնորդէ
դէպի
Կանտի
բարոյագիտութիւնը,
դէպի
լաւն
ու
բարին։
Այստեղ
պէտք
է
զանազանել
ծայրայեղ
եսասէրը՝
պարզ
եսասէրէն։
Ծայրայեղ
եսասէրը
այն
անհատն
է,
որու
մօտ
կը
շեշտուի
բարոյական
գիտակցութեան
պակասը
(ինչպէս`
վերոյիշեալ
օրինակը).
իսկ
պարզ
եսասէրը,
եթէ
անբարոյական
վարմունք
մը
կատարէ,
իր
մօտ
կը
յառաջանան,
ինչպէս
նշեցինք՝
յանցագործութեան,
ամօթխածութեան
ու
խղճահարութեան
զգացումները։
Անհատական
ինքնավարութեան
ոլորտէն
ներս
բարոյական
վարմունքի
այլ
շարժառիթ
մը
կը
մշակէ
սկոտլանդացի
բարոյագէտփիլիսոփայ
Ա.
Սմիթ
(Adam
Smith,
1723
–
1790
թ.
)
իր
«Բարոյական
զգացումներու
տեսութիւնը»
(1759,
անգլ.
բնագիր՝
„The
Theory
of
Moral
Sentiments“)
երկին
մէջ։
Սմիթ,
բարոյական
վարմունքի
շարժառիթ
կը
նկատէ
ուրիշներու
իրաւացի
հաւանութիւնը։
Սմիթի
համաձայն,
բնականօրէն,
մարդ
ոչ
միայն
կը
ցանկայ
սիրուած
ըլլալ,
այլեւ՝
սիրուելու
արժանի։
Գաղափարի
մշակման
ընթացքին,
սիրուած
/
սիրուելու
արժանի
համեմատութիւնը
կը
փոխարինէ՝
գնահատուած
/
գնահատուելու
արժանի
եւ
հաւանուած
/
հաւանուելու
արժանի
բառակապակցութիւններով,
մասնաւոր
կարեւորութիւն
տալով
այս
վերջին
համեմատութեան։
Իսկ
հաւանութեան
(դրական
գնահատման)
գերագոյն
աստիճանը
հիացումն
է.
եւ
երբեք
զարմանալի
չէ,
որ
մենք
ցանկանք
ըլլալ
անոնց
պէս,
որոնք
մեր
հիացումը
կը
վայելեն։
Հաւանուած
կամ
գնահատուած
ըլլալը
եւ
հաւանութեան
կամ
գնահատանքի
արժանի
ըլլալը
բոլորովին
կը
տարբերին
իրարմէ։
Մեր
գիտակցութեան
մէջ,
այս
տարբերութիւնը
տեղի
կ՚ունենայ՝
խղճին
միջոցով։
Օրինակ,
երբեմն
կը
զարմանանք,
որ
անարժաններն
ալ
կը
հաւանուին
կամ
կը
գնահատուին,
ինչ
որ
արհամարհելի
ու
անարդար
կեղծում
է։
Այլ
խօսքով,
մեր
խիղճը
հանգիստ
է,
երբ
միայն
գնահատանքի
արժանիին
կու
տանք
մեր
գնահատանքն
ու
հաւանութիւնը։
Սմիթ,
անկողմնակալ
դիտորդ
(Impartial
Spectator)
կը
կոչէ
այն
շինծու
կերպարը,
որ
մեր
գիտակցութեան
մէջ
կը
գտնուի
եւ
իր
առողջ
իմացականութեամբ,
պատասխանատու
է՝
հաւանութեան
ու
գնահատանքի
գործընթացին։
Եթէ
Սմիթի
համար,
համակրանքի
սկզբունքով
մարդիկ
ուրիշներու
վարմունքը
կը
հաւանին
ու
կը
գնահատեն,
անկողմնակալ
դիտորդի
միջոցով,
անոնք
իրենց
անձնական
վարմունքը
բարոյական
արժեւորումի
կ՚ենթարկեն։
Սմիթի
այս
տեսակէտը,
սակայն,
ի
զօրու
կը
դառնայ,
երբ
մարդ
յուզականութեան
(Empathy)
կարողութիւնն
ու
կամքը
ունենայ,
այսինքն՝
ան
կարենայ
ուրիշներու
դրութեան
մէջ
մտնել
եւ
ըմբռնել
ու
իւրացնել
անոնց
զանազան
զգացումները։
Սմիթի
համաձայն,
ինչպէս
համակրանքը
(Sympathy)
եւ
համակրանքի
կարիքը՝
մարդկային
բնատուր
երեւոյթներ
են,
նոյնպէս
նաեւ՝
հաւանելի
(հաւանուելու
արժանի)
ըլլալը
մարդկային
բնատուր
երեւոյթ
մըն
է,
որ,
որպէս
բարոյական
վարմունքի
շարժառիթ,
անհատը
կ՚առաջնորդէ
դէպի
բարոյական
հասարակութիւն։
3.
Ոչհամոզիչ
հիմնաւորում
Բարոյագիտութեան
տեսութիւններու
համոզիչ
հիմնաւորման
յոյժ
կարեւորութեան
կողքին,
աւելի
ընդունելի
դարձնելու
համար
զայն,
տակաւին
մենք
կարելիութիւն
ունինք
այլ
տեսութիւնները
քննարկել,
անոնց
«ոչհամոզիչ»
հիմնաւորումը
փաստարկել
ու
մերժել
զանոնք։
Այլ
խօսքով,
եթէ
մենք
մէկ
կողմէ՝
(որոշ
չափով)
համոզիչ
կը
գտնենք
օրինակ
Կանտի
պարտագիտական
(սկզբունքային)
բարոյագիտութեան
հիմնաւորումը,
պէտք
է
միւս
կողմէ՝
փաստարկել,
որ
բարոյագիտութեան
միւս
տեսութիւններու
հիմնաւորումը
մեզի
համար
համոզիչ
չի
թուիր,
ինչպէս
է
պարագան
օրինակ՝
նպատակաբանական
(հետեւանքային)
բարոյագիտութեան
կամ
զգացումի
բարոյագիտութեան։
Յաջորդ,
«Բարոյագիտութեան
Տեսութիւններ»
Մաս
–
5ի
մէջ
(էջ
156),
վերոյիշեալ
տեսութիւնները
աւելի
մանրամասնութեամբ
ու
յաջորդաբար
պիտի
քննարկուին։
