Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՐԵՐՈԻ ՏՂԱՆ
Գ


Ու երբ որ այն օրը ուշ ատեն, գիշերը, տուն եկած էր սովորականին համեմատ՝ տրտմութեան նախազգացում մը դիմաւորեր էր զինքը դռան առջեւ, անհանգիստ ու անիմանալի բան մը շանը նայուածքին ու քծինքին մէջ: Վեր ելած էր աճապարանքով ու տեսած որ կրակը տակաւին կը մխար:

Վա՜խ, եավրո՛ւմ, վա՜խ, Սեդրա՛ք, կ՚ողբար մայրը, ծունկերուն զարնելով ու գլխուն մազերը փետտելով, թուփին վրայ չորնա՛ր, արեւը հողը իջնար, խարա խապարը լսէի, Աշխէ՛նը, Աշխէ՛նը…

Ու կը հեկեկար, հո՜ւ, հո՜ւ, հո՜ւ. պառաւի, գերեզմանին մէջ շտկուող նստող մեռելի ուրուային լաց մը որուն արցունքները չորցած, կրտած կաշիին վրայէն կարկտհատի պէս կը թափին. քիչ մը անդին մռայլած, ահաւոր բարկութեան մը լքումին մէջ ծոցուորած էրիկ մարդը կը նստէր անխօս ու համր:

Պէհեցի, եավրո՛ւմ, ինն ամիս սրտիս վրայ, երեք տարի գիշեր ցերեկ օրրանին տակ պառկեցայ, հայած ատենս կուշտ չէի նայեր քի նազարի չգար, բերնէս կըյրեցի՝ իրեն կերցուցի, որ սոնը, սոնը [1] է՛ն սեւ ջուրը բերես գլխուս, հո՛ւ, հո՛ւ, հո՛ւ, վա՜խ, կուրանային աչքերս, լոսս քաղուէր, գետն երթամ, գետին ջուրը չի տանիր լէշս, որդի Սեդրաք, քուրդ մեր տունն աւրեց, էլին եար եղաւ, իր պապուն հացն ու տունը թողաւ:

Սեդրաքը տեսաւ որ թափուր էր տունը եւ ամայի լռութիւն մը կը ճնշէր ամէն կողմը, կսկծեցուցիչ թախծութիւն մը կը սողար բոլոր անկիւններէն եւ պատերը դիւական արհաւիրքով մը վար կու գային կարծես. ցիցէն վար կախուած քրոջը հին շրջազգեստը մեռելի լաթի մը պէս կը կախուէր ու գրող կ՚երեւար աչքերուն: Մօրը ողբը եւ հօրը լլկուած յուսահատական վիճակը առաջին անգամը լինելով իր շուրջը մեռելական հմայաթափութեան հետ կծու եւ աւերիչ մրրիկ մը փրցուցին հոգիէն, եւ զգաց որ ցուրտ, սառնագին հով մը կ՚անցնի վրայէն, արցո՜ւնք, բայց երբեք պիտի չկախուէին իր թարթիչներէն, քանի որ լերան անասունի աչքերուն անծանօթ են վատուժ էակի, մարդկային տկարութեան վրայ ջուրի այդ կաթիլները, միայն՝ գլխու տարօրինակ պտոյտի մը պէս տեսաւ, որ իր սիրական լեռները կը ցածնային ու կը բարձրանային առջեւէն անակնկալ երկրաշարժի մը տենդովը համակուած ու իր անձնականութեան բոլոր վէս ամբարտակները կը փլէին կը քայքայէին տափակցած: Քոյրը անպատուեր էր հօրը տունն ու իր անունը, անօրինակ վատի դասալքութեամբ մը գետնէն ափով ցեխ առնէր ու իր պապենական տանը դրան փակցնելէ ետք՝ հեռանա՜ր, երթա՜ր, ո՛չ, անսիրտ նախատինք մըն էր ասիկա որ օձու ձագն անգամ հազիւ պիտի փորձէր իր մօրն ու անոր բոյնին:

Աշխէնը փախած էր լեռնականի մը հետ, որուն սէր տուած էր իր ծնողքէն գաղտնի, երբ ասդին գեղին թոսուն տղաքը իր անցած տեղին ետեւէն թողած շունչը կը ծծէին, իր հետքին վրայ տաճարի մը զգուշութեամբը կը կոխէին, ու իր մէկ ակնարկին արժանանալու համար յօժարակամ իրենց կեանքին կէսը կը բաժնէին: Մարդ չի գիտեր, ինչպէ՛ս փորձուեր էր այդ միամիտ աղջիկը եւ ինչպէս գրաւեր էին սիրտը:

Այս ուշ ժամուն եւ ուշ գիտակցութեան միջոցին ի՞նչ կրնար ընել սակայն ինքը՝ եղբայրը, եւ միթէ յանցանքի ծանր դատապարտութիւն մը չէ՞ր ճնշեր ի՛ր ալ ուսերը. չէ՞ որ վաղը գեղին բոլոր լեզուները պիտի դատէին, պիտի ամբաստանէին զինքը այնքան իրաւունքով: Քրոջը պատիւը, ինչպէս արիւնը, եղբօրն էր. անոր թեւերուն տակ պիտի մեծնար, անոր շուքին տակ պիտի պահէր ինքզինք ու իր կուսութիւնը, եղբայրը երկաթէ ասպարն էր որ պիտի դիմագրաւէր ամէն հետամտութիւն այդ վարդենիին հաշւոյն, մինչեւ որ հասակ առնէր, կոկոն տար, ու տէրը գար իր թուփին տիրութիւն ընէր, ու տակաւին շատ ետքը, մինչեւ մահուան օրն ալ եղբայրը հեռաւոր հսկողն էր քրոջը անուանն ու արժանապատուութեան, էրիկէն անմիջապէս ետք, կամ անոր հաւասար իրաւունքով: Հարազատ արիւն բաժնող եղբայր մը չէր կրնար անտեսել այս ամէնը՝ առանց վատի անձնականութիւն մը քաշելու ետեւէն:

Սեդոյին չէր պակսեր ոչ սիրտը, ոչ գիտակցական զգացումն ու արժանապատուութեան բնազդը:

Դուրսի խաւարին վրայ լուսնկային կաթը կը հոսէր խաղաղիկ քաղցրութեամբ մը, ու կը լուար կարծես բնութեան հիւանդ ծառերը, լոյսի եթերային ծաղկեփոշին, աղբիւրներ կը վազէին, աւելի կը մաղուէին երկինքն ի վար տեղ—տեղ ճառագայթումի լայն հոսանքներով, տեղ—տեղ տարածուն ու ցանցնուած մշուշով, եւ վերի լուսեղէն ոլորտներէն արտասուող կարեկցութիւն մը թեւատարած կը ցօղար դարվար ու կը խուժէր լեռները, դաշտերը, մինչեւ այդ սգաւոր տան երդիքն ալ:

Հո՛ւ, հո՛ւ, հո՛ւ, հո՛ւ… կը հեծկլտար պառաւ մայրը եւ ալեւորն ալ կը հառաչէր անդադար: Յանկարծ կարծես անհնարին ցաւի մը կրակէն տանջուած, գլուխը վար առաւ ծերուկը եւ աչքերն ու թեւերը վեր վերցուցած.

Չխնդա՛ս, օղուլ, չծնի՛ս ու չպտղի՛ս, արեւդ հողը դնեն ու գերեզմանիդ համար երկու քար չգտնուի փորուդ վրան դնելու համար, գացած տունդ փրշակ դառնայ…:

Ու արցունքները ճերմակ մօրուքին թելերէն կը հոսէին անդադար, ու այդ խնկուած դէմքին վրայ վշտի չարչարանքը յօշոտիչ կարեկցութիւն մը կը պատկերէր:

Սեդոն դուրս ելաւ, ինչպէս որ եկած էր, որսորդի իր բոլոր կազմածքով ու անհետացաւ գեղին թափուր ու անմարդաձայն լռութեան մէջ, մինչ ճրագը իր դժգոյն մելամաղձոտութիւնը կ՚երկարէր քնացած տանիքներուն վրայէն ու արթուն ու վշտակոծ ողբը կը հեծեծէր հո՛ւ, հո՛ւ, հո՛ւ:



[1]        Յետոյ, վերջը։