Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[1] Աղջիկ մը կար որ վարպետ կ՚երթար՝ կար, նախշ, ձեւ ուսնելու. այն ատենները վարժատուն չկար ու անոր վարժատունը վարժուհիին հիւղն էր։ Վարժուհին իր գիտցածներուն նկատմամբ ժլատ էր, բան չէր սորվեցներ աղջկան կամ դժուար կը սորվեցնէր։ Աղջիկը կ՚աղաչէ վարժուհիին որ իրեն այսինչ ասեղնագործութիւնն ալ սորվեցնէ, այնինչ վարպետութիւնն ալ ուսցնէ. երկար չընենք, վարժուհին միշտ կը կրկնէ թէ՝ Թող հայրդ զիս առնէ, քեզի մայր ըլլամ ու շատ բան սորվեցնեմ։ Վարժուհին կը կրկնէ, ամէն օր կը կրկնէ, ու աղջիկը վերջապէս օր մը կը հարցնէ թէ՝ «Ի՞նչպէս ըլլայ որ հայրս քեզ առնէ. չէ՞ որ ես ալ մայր ունիմ»։ Վարժուհին կ՚ըսէ թէ «Երբ մայրդ գինի բերելու երթայ, գնա՛ ետեւէն հրէ՛ որ գլուխը մտնէ կարասին մէջ ու յետոյ հայրդ պիտի առնէ զիս»։

Միամի՛տ աղջիկը. կ՚երթայ ու լսած պատուէրը կը գործադրէ։ Մայրը կը մեռնի։ Տունը կը մնան ինք, մէկ հատիկ եղբայրը ու հայրը։

Հայրը նորէն չի կարգուիր։ Վարժուհին կ՚ըսէ որ՝ «Գնա՛ տանը բոլոր ամանները զարկ կոտրէ»։ Աղջիկը կ՚երթայ կ՚ընէ։ Հայրը նորէն միտքը չի փոխեր։ Վարժուհին կ՚ըսէ որ՝ «Գնա՛ տունը մօրդ ինչքան որ շինուած պտուկ, կափարիչ, լաթ, զգեստ կայ՝ կոտրէ՛, վառէ՛, խզտէ՛»։ Աղջիկը հաւատարմաբար կ՚երթայ ու կ՚ընէ, հայրը նորէն կարգուիլ չի բերեր միտքը։ Վարժուհին կ՚ըսէ աղջկան. «Գնա՛ փետառը առ, սկսէ քակել տանը պատերը, փլցուր կրակատեղերը եւ այլն, եւ այլն»։ Աղջիկը կ՚երթայ կ՚ընէ։ Հա՛, չմոռնամ ըսելու թէ՝ երբ մայրը կը մեռնի, աղջիկը անմիջապէս կ՚առաջարկէ հօրը թէ՝ «Աղջիկս, կեցիր՝ մօրդ կարած զգեստները մաշին, յետոյ»։ Անկէ ետքն է որ վարժուհին խրատ կու տայ երթալ զգեստները գազանաբար վառել, մկրատել։ Այսպէս շարունակաբար, երբ աղջիկը հօրը կ՚առաջարկէ, հայրը կ՚ըսէ. «Կեցիր՝ մօրդ շինած այսինչ բաները հատնին, այնինչները լմննան»։ Ու աղջիկը հօրը ցոյց տուած բոլոր բաները կ՚անհետացնէ տունէն։ Վերջապէս վայրագ վարժուհին տունէն աղջկան մօրմէն մնացած բոլոր յիշատակներ հատցնելէ վերջ՝ կը յաջողի կարգուիլ ու ըլլալ աղջկան մայր։

Կ’անցնին հազիւ քանի մը շաբաթներ, խորթ մայրը չի հանդուրժեր որբերուն. ամէն օր կռիւ էրկանը հետ անոնց համար, ծեծիւ, ծեծիւ ու միշտ պնդում որ հայրը առնէ երկու զաւակները՝ տղան ու աղջիկը եւ տանի անտառը, լեռը տեղ մը թողու գայ։ Գթած հայրը կը փոխուի, գորովը կը մեռնի իր սրտին մէջ, կ՚ելլէ կ՚առնէ երկու զաւակները ու կ՚երթայ։ Խորթ մայրը աղի հաց, միայն ցամաք հաց է դրեր քանի մը հատ հետերնին։ Շատ կ՚երթան քիչ կ՚երթան՝ հայրը մեծ ծառի մը տակ կը հանգչեցնէ իր զաւակները. ապան կը հանէ ձեռքի գաւազանին վրայ կը տեղաւորէ ու այսպէս պզտիկ վրան մը շինելով, կ՚առաջարկէ աղջկան ու տղուն՝ որ պառկին ու քնանան անոր տակ։ Զաւակները կը քնանան ու քարսիրտ հայրը կը թողու զանոնք հոն ու կը փախի։

Ատեն կ՚անցնի քոյր ու եղբայր իրենց քունէն կ՚ելլէն։ Եղբայրը մօրը շինած աղի հացէն կերեր է ու սոսկալի ծարաւ մ’ունի։ «Ամա՜ն քուրիկ, ծարաւ եմ, հիմա կը մեռնիմ»։ Հա՜յր, հա՜յր կը պոռան ու կը տեսնեն որ՝ միս—մինակ են։ Աղջիկը եղբօրմէն աւելի տարէց ըլլալով՝ եղելութիւնն հասկնալու ատենի պէտք չի զգար, սրտէն յուզուած ու վիրաւորուած՝ «Ա՜խ, հայրի՛կ, կ՚ըսէ, ոտքդ այնպիսի փուշ մը մտնէ որ եօթը տարի քաշես, ուր որ երթաս դարման չկրնաս գտնել, մինչեւ որ գաս զիս գտնես ու ասեղով մը ցաւդ դարմանեմ»։

Պզտիկ եղբայրը ծարաւ է ու կը քալեն մէկտեղ. ճամբանին անապատ է, ջուր չկայ. տեղ մը կու գան որ էշը կոխեր ու անոր հետքին փոսած տեղերը անձրեւի ջուր մնացեր է. «Քուրի՛կ, ես այս ջուրէն կը խմեմ»։ «Ամա՜ն, աղբա՛րս, մի՛ խմեր, դուն ալ էշ կ՚ըլլաս»։ Կ’անցնին, տեղ մը ձին կոխեր է ու անոր ալ ոտքին տեղը ջուր կայ, «Չէ՛, քուրի՛կ, ա՛լ չեմ դիմանար, հոս պիտի խմեմ»։ «Աղբա՛րս, ձի կ՚ըլլաս, չեմ թողուր որ խմես»։

Այսպէս կը շարունակեն ճամբանին, աղի հացը տղուն բերանը կ՚այրէ. պապանձեր է ծարաւէն. տեղ մըն ալ եղնիկ է կոխեր անցեր ու եղբայրը մտիկ չ’ըներ, կը խմէ ու եղնիկ կ՚ըլլայ։

Կ’երթան, կ՚երթան, աղբիւրի մը գլուխ՝ ծառի մը վրայ աղջիկը կ՚ելլէ կը տեղաւորուի քէրքէֆ [2] բանելու ու եղնիկ եղբայրը կ՚երթայ որս ընել իր քրոջը բերելու։ Ամէն օր եղբայրը կ՚որսայ կը բերէ ու քոյրը ծառին վրայ, եղնիկն ալ ծառին ոտքը կը քնանան գիշերները։ Իրենց երկրէն հեռացեր, շատ հեռացեր են, ուրիշ թագաւորի մը հողը հասեր են։

Օր մը թագաւորին ձիերը կը բերեն որ աղբիւրը ջրեն։ Աղջկան գեղեցկութիւնը արեւի մը պէս ցաթեր է աւազանին մէջ ու կը ցոլայ հազար շառաւիղներով. ձիերը բերաննին կը մօտեցնեն ջուրին ու ետ կը քաշուին խրտչելով, մէկ, երկուք։ Ծառաները կ՚ուզեն պատճառը իմանալ ու վեր կը նային, ի՜նչ տեսնեն. ծառին վրայ աղջիկ մը՝ բայց գեղեցիկ, գեղեցի՜կ. լուսնկային կ՚ըսէ՝ Դուն մի՛ ցաթիր որ ես ցաթիմ։

Թագաւորին իմաց կու տան ու լուրը անոր տղուն ականջն ալ կը հասնի։ Տղան կու գայ ու կը հմայուի անոր գեղէն։ Հազար աղաչանք, հազար պաղատանք օգուտ մը չեն ըներ։ Կու գան ծառը սղոցելու որ յամառ աղջիկը ակամայ իջեցնեն վար։ Այդ օրը կը սղոցեն կը սղոցեն մինչեւ իրիկուն, քիչ մը կը մնայ կտրելու. վաղուան կը թողուն որ գան միւս մասն ալ կտրեն ու լմնցնեն։ Իրիկունը եղնիկը երբ կու գայ ու խնդիրը քրոջմէն կը լսէ, անմիջապէս կը սկսի սղոցուած տեղը մինչեւ ի լոյս լիզել. կը լիզէ կը լիզէ ու ծառը նորէն առջի ծառը կ՚ըլլայ, սղոցի հետք չի մնար ամենեւին։ Երկրորդ օրը կու գան կը տեսնեն ու կ՚ապշին թագաւորին մարդիկը։ Նորէն կը սղոցեն, միւս օրը ծառը նորէն իր հին վիճակովը կը գտնեն։ Շատ օրեր կը շարունակեն եւ վերջը կը յուսահատին, կը ձգեն։

  Թագաւորին տղան սիրահարուած է, գիշերը քուն չունի։ Հնարը կը խորհի ու չի կրնար գտնել։ Ջատու մը կը լսէ խնդիրը ու կը դիմէ թագաւորին տղուն, կը սակարկէ եւ կը խոստանայ որ աղջիկը բերէ։ Ոսպ ու բուստ կ՚առնէ, կ՚երթայ ծառին քով ջուրին եզերքը կը նստի, զանոնք կը լուայ, ոսպը կ՚առնէ ու բուստը ջուրին կու տայ։ Աղջիկը վերէն կը տեսնէ ու ձայն կու տայ։

Մամա, բուսան առ ու ոսպը ջուրին տուր։

Ջատուն կը պատասխանէ.

Օղուլ, աչքս չի տեսներ, վար իջիր շուտ մը լուա ու վեր ելիր։

Աղջիկը կ՚իջնէ. կը լուայ չի լուար, դարանամուտ մարդիկը կը վազեն զինքը բռնելու, բայց աղջիկը անմիջապէս կը վազէ կ՚ապաստանի ծառը։

Երկրորդ օրը ջատուն ծրարներով խուդնի (բեհեզ) կ՚առնէ կու գայ ծառին տակ. կը կտրէ, կը թափէ, կը մանտրտէ։ Աղջիկը ձայն կու տայ վերէն։

Մամա՛, մամա՛, ինչո՞ւ այդպէս պարապը կու տաս բեհեզը։

Ա՜խ, աղջիկս, աչքերս չեն տեսներ, վար իջիր շուտ մը ձեւէ. վեր ելիր նորէն։

Աղջիկը վար կ՚իջնէ ու կը բռնուի։

Կը տանին պալատ ու աւանդական 40 օրուայ հարսնիքին կը սկսին։ Եղնիկ եղբայրը իրիկունը կու գայ որ քոյրը չկայ. ծառին տակ կը նստի ու կը սկսի լալ միս—մինակ, հեծկլտալ։ Քոյրն ալ հոն կու լայ դառնապէս. պատճառը կը հարցնեն. ինք ալ եղնիկ եղբայր մը ունենալը կը յայտնէ ու կ՚ըսէ որ հիմայ զինքը չգտնելով կու լայ կը մեռնի։ Մարդ կ՚երթայ, եղնիկը կը գտնէ ծառին տակ ու կը բերէ։

Հարսնիքին օրերը կ՚անցնին. տարիներ, շատ ժամանակ ալ կ՚անցնի։ Հիմա աղջիկը երկու զաւակ մեծցուցեր է, որոնք դրան առջեւ նստած վէգ կը խաղան։

Ծի՛լ վէգս, ծի՛լ, հօրս անունը թագաւոր է։

Յանկարծ կը տեսնեն որ իշու վրայ հեծած մարդ մը կեցեր զիրենք կը դիտէ, որուն ոտքէն ծառ մը, շիտակ ծառ մը կախուեր է։ Իշխանները իրենց մանուկի հետաքրքրութեամբ կը վազէն մօրերնուն լուր տալու.

Մայրի՛կ, մայրի՛կ, մարդ մը կայ դուրսը իշով, որուն ոտքէն ծառ մը կախուեր է։

Աղջիկը կը յիշէ իր անէծքը եւ դուրս գալով կը ճանչնայ հայրը, ներս կը բերէ ու ասեղ մը զարնելով ծառն իր տեղէն վար կը գլորէ արմատով. մինչդեռ անկէ առաջ շատ բժիշկներ տեսած ու դարման մը չէին կրցած գտնել, ծառը կտրեր էին ու անիկա նորէն բուսեր, նորէն մեծցեր էր։

Աղջիկը անապատին մէջ մոլորած ու մինակ մնացած պահուն երբ հօրը այդ անէծքը տուեր էր, անմիջապէս անոր ոտքը փուշ մը մտեր ու մեծցեր ծառ դարձեր էր յետոյ։

Աղջիկը հօրը ոտքէն ծառն հանելէ ետք, կը յայտնէ ինքզինք։ Հայրը անոր վիզին փաթթուելով կու լայ եւ ներողութիւն կը խնդրէ։

Ատեն մը կենալէ ետք, մարդը կը դառնայ տուն ու խորթ մօրը՝ իր աղջկան թագուհի ըլլալուն լուրը կու տայ։ Խորթ մայրը կը ստիպէ էրիկը որ երթայ աղջիկը տուն բերէ։ Հայրը կ՚երթայ, հրաման կ՚առնէ ու տուն կը բերէ։

Եղնիկը քրոջմէն չի զատուիր, հետն է միշտ։ Մայրը դուրսէն ուրախութիւն ցոյց կու տայ։

Գնա՛, մարդ, կ՚ըսէ էրկանը, շուկայէն լաւ օճառ բեր, թագուհի աղջիկս ճամբայէ եկեր է, տանիմ զինքը ծովեզերքը լոգցնեմ։

Էրիկը օճառ կը բերէ ու խորթ մայրը աղջիկն ետեւը ձգած ծովեզերք կը հասնի։ Կը սկսի աղջիկը լոգցնել, օճառը կը փրփրեցնէ, կը փրփրեցնէ, փրփուրը թիզերով կը կենայ, ու երբ ա՛լ աչքերը օճառով կը գոցուին՝ կը հրէ կը ձգէ ծովը։ Յետոյ երբ որոշուած ժամանակին թագաւորին կողմէն հարսին ետեւ կու գան, խորթ մայրը իր հարազատ զաւակը կը հեծցնէ ձին ու կը ղրկէ կեսրանցը։ Բայց կանխաւ մայրը աղջկան կը պատուիրէ որ երբ տեղը հասնի՝ սուտ հիւանդ ձեւանայ ու եղնիկի միս ուզէ, որպէս զի եղնիկն ալ մորթեն ու զիրենք մատնող հետք չմնայ։ Անհարազատ կինը երբ տեղը կը հասնի՝ գիշերները չոր հաց կը կապէ լաթերուն տակ եւ կոտրտուելով՝ զանոնք կը ճարճատեցնէ, ցոյց տալու համար թէ ոսկորներն են որ կը կոտրտուին։ Հարսը հիւանդ է, շատ հիւանդ. միայն եղնիկի միս կ՚ուզէ, ա՛լ բան չի խնդրեր։ Թագաւորին տղան ու բոլոր ծանօթները կը զարմանան աղջկան այս փոփոխութեանը. առաջ եղնիկ աղբարը աչքին լուսուն չէր ի տար, ի՞նչպէս հիմակ անոր միսին կը փափաքի։ Իր անդադար խնդրանքին վրայ՝ կը ստիպուին իր բաղձանքը գոհացնել եղնիկը մորթելով։

Երբ եղնիկը կը տանին մորթելու՝ կը փախի. խոյս կու տայ դէպի ծովեզերք, օր մը, երկու, երեք, վերջապէս կ՚ուզեն անոր հոն երթալուն ներքին պատճառը իմանալ։ Օր մը գաղտնապէս սպասաւորներէն մին ականջ կը դնէ եղնիկին՝ երբ ծովափունքը կանգնած կը պոռայ եղեր.

«Քուրի՛կ, քուրի՛կ, ջա՜ն քուրիկ,

Թեւերդ մերջան քուրիկ,

Եօթը պըղինձ լարուեցաւ,

Եօթը դաշոյն սըրուեցաւ

Եղնիկ աղբարդ կը մորթեն»։

Խորունկ տղմուտ ալիքներէն կնոջ ձայն մը կը պատասխանէ անոր.

—«Եղբա՛յր, եղբա՛յր, ջա՜ն եղբայր,

Հոգիս, հաւատքըս եղբայր,

Ձուկը զիս կլլացեր է

Ու ծամերէս բռներ է.

Պայազատ…փաշան

Գրկիս մէջ քընացեր է»։

(…Փաշա, իր նորածին զաւկին կ՚ակնարկէ)։

Ծառան այս լսելով պալատը լուր կու տայ, իշխաններ կը փութան ծովափ։ Ուռկան կը նետեն եւ ահա ձուկը փսխելով կին մը դուրս կու տայ, թագաւորի ճշմարիտ հարսը, գիրկն ալ նորածին մանուկը, որ կը քնանայ։ Դաւն երեւան կ՚ելլէ, ու կեղծ հարսը, խորթ մայրը ջորիի մը պոչին կապելով քարէ քար զարնել կու տան։

1898 Ապրիլ 2/15



[1]        Արշակ Չօպանեան այս հէքիաթին առնչութեամբ կը գրէ.

       «Ռուբէն Զարդարեանի այս անտիպ էջին ձեռագիրը ստացած եմ Արամ Անտոնեանէն, որուն ղրկած է հանգուցեալ գրագէտը, բազմաթիւ նամակներու հետ, ասոր պէս շարք մը ամփոփոյքներ հայ ժողովրդական հէքիաթներու, ինչպէս եւ ժողովրդական երգեր, զոր Խարբերդի շրջանի գիւղացիներու բերնէն հաւաքած է. Զարդարեան այդ հէքիաթները կը հաւաքէր որպէս զի յետոյ անոնց մէջէն ամէնէն շահեկանները գրական էջերու վերածէր (ինչպէս արդէն իսկ ըրած անոնցմէ ոմանց համար ու հրատարակած Ծաղիկի մէջ եւ այլուր)։ Միւսներուն վերեւ ինքն իսկ գրած է քանըվա (յատակագիծ, հում նիւթ)։ «եղնիկ աղբար»ին համար, որ հայոց մէջ տարածուած արեւելեան հին հէքիաթներուն ամէնէն սիրուններէն է եւ որուն մէկ փոփոխակին վրայ Յովհաննէս Թումանեան գրած է իր ամէնէն գեղեցիկ վիպերգներէն մին, Զարդարեան ամփոփոյք մը տալէ քիչ մ՚աւելին ըրած է (քանըվաբառը չէ ալ դրած գրուածքին վերեւ), մեծ մասամբ արդէն իսկ կիսով շարադրած է իր ոճով, ու քանի մը մասեր միայն ուրուագծուած թողած է։ Իր գրական անաւարտ հատակոտորներուն մէջ այս էջը իր տեղն արժանի է ունենալու»։

[2]        Պրկուած շրջանակի վրայ անցուած կտորի վրայ ասեղնագործ։