Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՎ ՈՐ ՍՈԻԼԹԱՆ ՄԸ ՈԻՆԻ ԻՐ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋ
Ա


Հեռաւոր այն դարուն, Խուտէվէնտ թագաւորը կ՚իշխէր Իրանի վրայ, ինչպէս արեւին հրեղէն զօրութիւնը աւազներու ովկիանոսին վրայ, խստութեամբ ու սաստկութեամբ:

Մեռա՜ն աստուածները Խուտէվէնտ թագաւորին իշխանութեանը սահմաններուն մէջ, ոմանք խեղդամահ, ոմանք անձնասպան, եւ ուրիշներ՝ կաթուածահար:

Մեռան բոլո՜ր աստուածները, երկրային ու երկնային, ամէ՜նքը, ամէ՜նքը. ե՛ւ անոնք՝ որոնց օթեւան կը ծառայէին աղօթքի մեծակառոյց տաճարները, ե՛ւ անոնք որ կը գահակալէին սիրտերու ամպհովանիին տակ ու խղճմտանքներու սրբարանին մէջ:

Եւ մարդիկ օտարացան ուրախութեան հետ, որովհետեւ ժպիտը ցամքեցաւ, անջուր աղբիւրի մը պէս, Համատանի մէջ անգամ՝ ուր երկինքը, տարուան ամէն եղանակին, իր լուսածիծաղ շատրուաններէն զուարթութիւն ու ցնծութիւն կ՚առուահոսէ:

Երբ գարունը կու գար, ու Շիրազի վարդաստաններուն մէջ պիւլպիւլները՝ արբեցած սիրոյ գինիէն, կ՚ալեխօսէին կեանքի բերկրապատառ օրհնութիւնը, Խուտէվէնտ թագաւորին հպատակները կը հարցնէին իրարու.

Ա՜խ, այս որքա՜ն տրտում է երգը, որ կը հեծեն սոխակները, եւ այս ինչքա՜ն դառնահամ է մեղեդին անոնց հագագին մէջ…: