Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐԸ


Քըսանըչորս անդրիներ, ամէնքն ալ դիք ու աստուած,

Բէլլու լերան սուր կատարն հին դարերուն հաստատուած,

Դեռ կենսալից, տիրական, դեռ յաղթական ու հըզօր

Կ՚իշխեն, կ՚ապրին, կը նային երկինքն ի վեր ամէն օր.

 

Երկի՛նքն, ուրկէ արեւն իր մաքրութեամբը տեւական

Կ՚օծէ զիրենք՝ բերելով կեանք ու շընորհք բաւական

Այն վայրերուն, ուր երբեմն ամբոխն իբրեւ սուրբ նըւէր

Գիրկ—գիրկ ծաղիկ, օրհնութիւն եւ պաշտամունք կը բերէր։

 

Քըսանըչորս աստուածներ բագինին մէջ տըխրամած,

Ամայի ու աւերակ այդ բարձունքէն անկասկած,

Դեռ կը սպասեն հըսկելով որ յապաղած քուրմն իրեն

Անկեղծ զղջումն ունենայ եւ աղօթել գայ նորէն։

 

Շահապետաերն ի զո՜ւր, բայց անթարթ աչքով կը նային.

Մարդկային սիրտն հիմա հեստ արբեցութեան երկնային

Ականջ չի՛ տար, չի՛ յըսեր հին բարձրութեան յաղթապանծ,

Շատոնց մոռցած է Աստուածն ու իր հըրաշքն անթափանց։

 

Կատարնէն լուսազօծ այդ դարաւոր ու խոպան՝

Ուր կը կենան դիք իբրեւ բընակիչ ու պահապան,

Լոկ արծիւներ կը թըռչին ահակըռինչ, թեւաբախ,

Եւ իրկուններ մերթ հըպարտ, արհամարհոտ ու անվախ,

 

Կ՚երթան թառած կը նստին գլխուն վըրայ մեծաշուք

Լըքուած, անտէր Աստուծոյ մ՚եւ մըտամփոփ, անշըշուկ

Կը մըտմըտան, կը խորհին՝ երբ թեւերէն իրենց լայն

Հովը կ՚անցնի սուրալով, սանտրուելով տրտմաձայն։

 

Նըւիրական բագինն ու մեծ աստուածներն յաղթական,

Խաղալիք են արդ հովին, ամպին, անգղին գաղթական,

Եւ երբեմնի աղօթքին, սուրբ փառքերուն տեղ հիմա,

Լոկ լըռութիւն ամայի, մահուան քունը կը մընայ։

 

Ո՜վ հեգնութիւն, սակայն, հո՛տ, աստուածներուն քով մինակ,

Խաշնարած մը ծընրադիր, ժամանակէն անգիտակ,

Սըրինգ մ՚ունի բերանը եւ անխըռով, անարգել

Մեծ դարերու ձայնը դեռ կը յամառի դաշներգել։

 

Եւ ոչխարներն հըմայուած սուրբ բագինին, տաճարին

Խորհուրդովն ու ահովն այն, աչքով գետնին կը յառին՝

Ոմանք հանգիստ մակաղած, ոմանք ծըռած կամ կանգուն,

Մըտիկ կ՚ընեն հովիւին աստուածային երգն՝ անքուն։

 

Աստուածայի՜ն. երկնաշո՜ւնչ նուագն, այո՛, այդ մանկան՝

Զոր կը լսեն դիք անխօս՝ տէ՛ր գիտութեանց մոգական,

Եւ իրենց լուռ հաճութեամբ, թոյլ կու տան որ տեւէ միշտ

Քանի կեանքը կը ծաղկի դաշտերուն մէջ բազմավիշտ։

 

Որովհետեւ հարկ է որ տըրտմաթախիծ ու մըռայլ

Հոգիները բարձրանան բագինն ի վեր լուսափայլ,

Պարմանիներ հա՛րկ է որ՝ հաւատացեալ ուխտաւոր՝

Տանին իրենց ուժասպառ տըկար սըրտերն ախտաւոր,

 

Դէպի լեռը քաւութեան փողփողումի՜, արեւի

Եւ շընորհքի. փրկութեան, երանութեան ծարաւի,

Առնեն օծումն ու դառնան՝ հանդա՜րտ, խաղա՜ղ, երջանի՜կ՝

Գեղի աղբիւրն հայրենի, հայրենի տո՜ւնն ու տանիք։

 

Ո՜վ աստուածներ՝ նըշանակ խորհրդաւոր ու մըթին՝

Ժամանակին, անցեալին, աղջամուղջին ու մութին՝

Որ արբեցաք սափորէն անմահութեան ձեզ պահուած

Եւ ձեզ հետ ալ այս տըղան՝ դաշտի անհո՜գ խաշնարած։