Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐԵՆՔՆ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ
ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԳՏՆԵԼՈՒ, ԹԷ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԾԱԾԿԵԼՈՒ


Էվգաֆի նախարարութիւնը գրաւել կ՚աշխատի, եւ արդէն իսկ գրաւել սկսած է Հայոց վանապատկան մէկ սեփականութիւնը, — Եէտի Գուլէի ագարակը:

Ինչո՞ւ: Բայց օրէնք չի կա՞յ միթէ այս երկրին մէջ, կը հարցնէ Հայոց Պատրիարաքարանը, որ փոխանորդէ հայ ժողովուրդին:

Այո՛, օրէնք կայ եւ ճիշտ այդ օրէնքին համար է որ Եէտի Գուլէի ագարակը մահլիւլ է, ուստի, ըստ  օրինի՞ պիտի գրաւուի:

Մահլի՞ւլ է. բայց, Տէ՜ր Աստուած, ե՞րբ մեռաւ հայ ազգը Թուրքիոյ մէջ, որպէս զի իր մէկ սեփականութիւնն ալ անտէր, անժառանգ մնար, եւ հետեւաբար անցնէր պետութեան հաշւոյն…

Իրաւ որ երբեմն անհաս, անըմբռնելի եւ անմեկնելի է Օրէնքը այս երկրին մէջ:

Ամբողջ աշխարհք գիտէ որ Եէտի Գուլէի այդ ագարակը՝ կը պատկանի Երուսաղէմի Հայոց վանքին, եւ ուրեմն ազգապատկան սեփականութիւն է: Այս բանը գիտէ, եւ առանց ամենափոքր տարակոյսի, կառավարութիւնը ինքն ալ:

Իսկ կառավարութիւնը օրէնքին գործադրողն է:

Այո՛, օրէնքին գործադրողները գիտեն ճշմարտութիւնը, բայց Օրէնքը ի՛նք չի գիտեր, կ՚ըսուի դարձեալ. — օրինական թերութիւնները գործուած են, օրինական զանցառութիւններ կան, օրինական պակասը պակաս է վերջապէս:

Ի՜նչ… ուրեմն գիրը աւելի կարժէ քան մարդոց գիտակցութիւնը, թուղթը կտոր մը աւելի բարձր է քան ճշմարտութիւնը ինք, որ նոյնքան պայծառ է, ներկայ առիթով, քան արեւուն լոյսը եւ որ իրեն վկայ ունի ամբողջ հասարակութիւն մը եւ նոյնինքն օրէնքին գործադրութեան հսկող պաշտօնեանելուն խղճմտանքը…:

Ահա ինչ որ չենք հասկնար եւ անկարելի է որ հասկնանք մարդկօրէն:

Երէկ մենք ապացուցինք նոյն իսկ օրինական պատճառաբանութեամբ՝ թէ Էվգաֆի նախարարութիւնը իրաւունք չունի գրառման ենթարկելու Եէտի Գուլէի ագարակը:

Բայց, մենք վայրկեան մը կ՚ենթադրենք թէ՝ Օրէնքին տառական տրամադրութիւնը կրնայ թոյլ տալ կառավարութեան, չքմեղելու այդպիսին գրաւման մը փորձը:

Մեզի համար, հետաքրքրականը ո՛չ թէ Օրէնքին այս կամ այն տրամադրութիւնը, այս կամ այն տառական պայմանն է, — այլ՝ Օրէնքին փիլիսոփայութիւնը, Օրէնքին գոյութեան իրաւունքը:

Օրէնքները գրի առնուած են՝ արդարութեան յայտնագործումին նպաստելու թէ՝ այդ յայտնագործումը խաւարեցնելու, ծածկելու եւ ի հարկե խափանելու:

Մէկ խօսքով, Օրէ՞նքը պարտաւոր է ճշմարտութեան ծառայելու, թէ՛ ճշմարտութիւնը Օրէնքին:

Ա՛ս է որ կ՚ուզէինք հասկնայ Թուրքիոյ սահմանադրական կառավարութենէն:

Որովհետեւ, եթէ Օրէնքը ամէն ինչ է եւ ճշմարտութիւնը ոչինչ. եթէ օրէնքին գոյութեան պաշտօնն է ինքնիրեն ծառայել եւ ո՛չ թէ ճշմարտութեան, իրաւը սուտ հռչակել, իրաւացին՝ անիրաւ, այն ատեն ըսելիք չունինը. — Եէտի—Գուլէի ագարակն ալ Էվգաֆին, Երուսաղէմի վանքն ալ եւ Հայոց բոլոր ազգապատկան սեփականութիւններն ալ:

Իսկ եթէ այդպէս չէ, Էֆէնտին՛ներ, եթէ Օրէնքը գոյութիւն ունեցած է անհատական թէ հանրային իրաւունքներն հաստատելու եւ ապահովելու, — ի՞նչպէս թոյլ կուտաք ձեզի ուրմեն՝ ամբողջ ազգի մը անկասկածելի, անտարակուսելի, բացարձակ մէկ սեփականութիւնը գրաւելու ելլել՝ յանուն օրինական սոփեստութեանց, յանուն օրինական ծամածռութեանց, որոցմով ո՛չ թէ միայն Եէտի—Գուլէի մը ագարակը, այլ կարելի է միշտ աշխարհ մըն ալ նուաճել՝ եթէ պէտք ըլլայ:

Կառավարութիւնը քաղաքացիներէն կը պահանջէ յարգել մէկ մէկու ինչքը, սեփականութիւնը եւ իրաւունքը:

Եւ, տարօրինա՜կ բան, այդ միեւնոյն կառավարութեան է որ այսօր ստիպուած ենք մենք ալ ըսելու.

Յարգէ՝ հայ ազգին իրաւունքը:

«Ազատամարտ», 1914, 8/21 Մայիս, թիւ 1506, էջ 2