Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔԸ ԵՒ ՏԻՐՈՂ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ


Ազգային ժողովի սեղանին վրայ «Ազգային Տուրքի» համար երեք գրաւոր եւ մէկ անգիր ծրագիր կար. Չորրորդն ալ վաղը Մայր Դիւանի միջոցով Ատենապետաց Դիւանը պիտի բերէ: Առաջին երեք ծրագրերը կամ նախագծերը տպագրուած ու երեսփոխաններուն ցրուած էին, բայց Ազգ[ային] Ժողովին մէջ տեղի ունեցած թեր ու դէմ վիճաբանութիւններով պարզուեցաւ որ երեփոխաններուն ինը տասներերդը չէր օգտուած այդ տպագրուած աշխատութիւններէն, ուսումնասիրած այդքան հիմնական ու կենսական կարեւորութիւն ունեցող հարց մը եւ վիճաբանութիւնները կը կատարուէին մեծ մասմաբ անգիտակցօրէն, նախագծելու բովանդակութեանց մեծ մասամբ հակասական կերպով, րոպէի տպաւորութեանց եւ նախապաշարմանց, գուցէ եւ չկամութեանց ազդեցութեանց տակ:

Նոր վարչութիւնը՝ առաջին երեք նախագիծերը ետ ոռնելով եւ վերադարձնելով Ազգային ժողովին, իր կողմէ որոշ սրբագրութիւններով ու փոփոխութիւններով նախապատուութիւնը տուեր էր Համարակալութեան Դիւանի նախագիծին, առանց սակայն վարչութեան առաջարկած փոփոխութիւնները, պատճառաբանութիւնները գրաւոր կերպով ժողովին ներկայացուելու, առանց այդ ներկայացուելիքը նախապէս ժողովականներուն հաղորդելու եւ նախապատրաստուելու՝ դարձեալ վիճաբանութիւններ կատարուեցան, եւ տեսնելով որ այդ աննախապատրաստ վիճակէն ու քաոսէն դուրս չպիտի կարողանան գալ, հապճեպով եւ իբր փրկութեան ճամբայ համակերպեցան Մայր Դիւանի առաջարկին՝ հարցը իր ամբողջութեամբ Ատենապետաց Դիւանին յղելու, որպէս զի Ատենապետաց Դիւանն ալ այդ բոլորէն քաղուած նոր նախագիծ մը բերէ ժողովին, առանց սակայն աչքի առաջ ունենալու թէ ո՞րքան կը պաշաճէր խորհրդարանական սկզբունքներուն ու կանոններուն՝ չէզոք ըլլալու ստիպուած Մայր Դիւանը չէզոքութենէն դուրս բերելով ստիպել որ իր սեփական հայեացքը առաջադրէ եւ ժողովը վարէ իր առաջադրութիւնը պաշտպանելու:

Այսօր Ազգային Ժողովը նիստի հրաւիրուած է եւ  իր օրակարգի առաջին խնդիրն է դարձեալ «Ազգային տուրքը»: Օրակարգին մէջ կրկնուած է հին քլիշէն՝ «Համարակալութեան ու Նախաձեռնութեան Դիւաններու տեղեկագիրներու քննութիւն»՝ որոնք  ո՛չ կարդացուած են յատենի Ժողովի եւ ո՛չ ալ քննութեան ենթարկուած: Մենք կ՚ենթադրենք սակայն, որ Ատենապետաց Դիւանը իր աշխատութիւնը կատարած եւ Ժողովին բերած պիտի ըլլայ իր աշխատութեան արդիւնքը, թէեւ գիտենք թէ ընդամէնը միայն մէկ նիստ ունեցած է ու այդ չափով կարողացած է լուծել այնքան դժուարին հանգոյցը…:

Ինչ ալ ըլլայ, հարկ էր որ Ատենապետաց Դիւանը իր տեսութիւնը կամ առաջարկը պատճառաբանեալ տեղեկագրով մը ներկայացնէր ժողովին եւ մենք կը սիրենք յուսալ որ Մայր Դիւանը այդ անհրաժեշտութիւնը անտես առած չըլլար: Բայց եթէ կայ այդպիսի տեղեկագիր մը՝ իբր վերջին հանգրուան, առաւել եւս անհրաժեշտութիւն կար որ նախապէս հաղորդուէր երեքփոխաններուն՝ գոնէ ձեւը պահուած եւ նախապատրաստութեան հնարաւորութիւն տրուած ըլլալու համար:

Յարդ տիրած մտայնութեան եւ իրադարձութեան վրայ հիմնուելով՝ տեղի ունէինք կասկածելու, որ Ժողովը առանց նկատի ունենալու այսպիսի պահանջներ, առանց մը ազատելու համար՝ մեծամասնութեամբ պիտի փութայ հապճեպով քուէարկել իրեն հրամցուածը: Թող այդ բազմաբղէտ մեծամասնութիւնը քուէարկէ եւ օրկանական աշխատանք կատարած ըլլալու ինքնախաբ բաւականութիւնը ստանայ: Մենք կ՚արձանագրենք իրադարձութիւնները՝ պատմութեան իբր աւանդ ու իբր լուսաբանութիւն:

Այս տեսակէտէն առաջնորդուած՝ մենք անօգուտ չենք համարեր անդրադառնալ նաեւ վիճաբանութեանց ընթացքին երեւան եկած առարկութեանց ու հոգեբանութեան վրայ:

Նախորդ վարչութեան եւ Համարակալութեան Դիւանի նախագծերը գլխաւորաբար հիմնուած են Պատրիարքարանի տուրքի վրայ: Թէեւ այնտեղ գաւառներն ալ յիշուած են, բայց այնքան անցողակի՝ որ ակներեւ կերպով գլխաւոր առանցքը կը կազմէ Պատրիարքարանի տուրքը:

Նախաձեռնութեան Դիւանը՝ իր նախագծովն ու տեղեկագրովը, ընդլայնելով եւ սիստեմի վերածելով իր քննութեան ենթարկուածները, նախ աշխատած է ջնջել նախապաշարումը՝ թէ «ազգային տուրք»ը միայնակ Պատրիարքարանի տուրք չէ՛, թէ Պատրիարքարանի տուրքը Սահմանադրութեամբ պարտադրուած Ազգային տուրքի մը մասն է, թէ Սահմանադրութեամբ Ազգային տուրքը բաժնուած է երեքի՝ Թաղային կամ Թեմական, Վիճակային կամ Գաւառական եւ Կեդրոնական կամ Պատրիարքարանի, եւ հետեւաբար ազգային տուրքը հիմնաւորող ու կանոնաւորող օրէնքը պէտք է այդ երեք տուրքերը միանգամայն հիմնաւորէ ու կանոնաւորէ:

Բայց որովհետեւ սովոր ենք մեզի անմիջապէս մօտ եղածնէն աւելի հեռուն չտեսնել, ցաւին խորը չթափանցել, նախապաշարումներէն դուրս չգալ, Պատրիարքարանը եւ Պատրիարքարանի մօտ գտնուող երեքփոխանները ամէնէն առաջ հոգածութիւնը ունին Պատրիարքարանի տուրքը, Պատրիարքարանի գաբձարանը:

Եւ սակայն Պատրիարքարանը Պատրիարքարան չի կրնար ըլլա, անոր գանձարանը չի կրնար ապահովուիլ՝ մինչեւ որ ազգային ներքին ինքնավարութեան հիմնարկէքը եղող գաւառային եւ կեդրոնական թաղերէն սկսած բոլոր վիճակներու կամ գաւառներու ազգային տուրքը սիստէմի չվերածուի, չկանոնադրուի, չապահովուի: Այս պատճառով ալ Նախաձեռնութեան Դիւանը՝ իր ծրագրովն ու պատճառաբանեալ տեղեկագրովը առաջնորդուած է այդ ուղղութեամբ եւ հիմնաւորած է իր նախագիծը այդ հիմունքներով:

Նախաձեռնութեան Դիւանը աշխատեր է ջնջել երկրորդ նախապաշարում մը, թէ Պատրիարքարանը միայն Պոլսոյ թաղերէն կազմուած չէ, թէ Պատրիարքարանը Առաջնորդական հիմնարկութիւն մը չէ՛, թէ Պոլսոյ թաղերը Առաջնորդական շրջանակ մը ընդունելով՝ Պատրիարքարանը ամբողջ Թուրքիոյ Հայոց կեդրոնական հիմնարկութիւն ըլլալու համար, ըստ այնմ ապակեդրոնացեալ շրջանակներու հանդէպ հաւասարա պարտքի ու իրաւունքի սահմանները պէտք է որոշէ, Պատրիարքարանի տուրքի բաշխումն ու գանձումը ըստ այնմ պէտք է տնօրինէ կամ օրէնսդրէ:

Եւ նախաձեռնութեան Դիւանը ըստ այնմ ալ մօտեղեր է Պատրիարաքարնի տուրքի սահմանումի, բաշխումի, ու գանձումի ձեւին՝ առանց ապակեդրանացումի եւ Սահմանադրութեան գծած սահմաններէն դուրս գալու:

Մինչդեռ Վարչութեան եւ համարակալութեան Դիւանի գծած ձեւը՝ ո՛չ թէ օրէնքի կիրարկութիւնն է, այլ հնի, աւանդութեան պահպանումն է եւ հիմնուած է այնպիսի միջոցներու վրայ որ պատահականութենէ չեն փրկեր տուրքի գանձումը եւ ոչինչով չեն բարեփոխեր իրանց տիրող սնանակ դրութիւնը: Պահպանել հինը՝ կը նշանակէ երեւութապէս աշխատիլ տուրք սահմանելու, բայց իրականապէս խոյս տալ տուրք վճարելէ:

Այս ակներեւ ճշմարտութեանց դէմ երկու գլխաւոր առարկութիւն կ՚ըլլայ, նախ՝ որպէս թէ կենդանացում կը մտցուի, երկրորդը՝ հինը ջնջուելով, նորը չապահովուած, դրութիւնը աւելի վատթարագոյնի կը վերածուի:

Այս առարկութիւնները՝ առարկութթիւն ըլլաէ աւելի անգիտակից ու նահիմն մեղադրանքներ են, որովհետեւ կեդրոնացումի ո՛չ թէ ոգին՝ այլ բառն իսկ չի կրեր Նախաձեռնութեան Դիւանի նախագիծ, եւ երկրորդը՝ սիստեմը հաստատելով հանդերձ, բնաւ չառաջարկեր մէկ անգամէն ջնջել զանազան անուններով ու ձեւերով գանձուող հին տուրքերը: Առաջարկումը ձգտումն է, սկզբունքի նուիրագործումն է, պայմանով որ աստիճանաբար, հնարաւորութեան չափով պարտադրուի նորը ընդհանրացնել, ապահովել:

Մենք աւելի առաջ կ՚երթանք: Եթէ անկեղծ ցանկութիւն կայ  հիմնական աշխատանք կատարելու, Սահմանադրութեան պարտադրած սկզբունքը նուիրագործել, կիրարկել՝ ո՛չ միայն Սահմանադրութեան հաստատութենէն աւելի քան կէս դար յեըոյ ներելի չէ ետ նահանջել եւ վերոյիշեալ հիմնակէտերէն հեռանալ «Ազգային Տուրք»ի օրէնքը սահմանելու համար, այլ եւ տուրքի լաւագոյն օրէնքը հաստատուի իսկ, ներկայ քաոսային դրութիւնը բարեփոխութիւն չի կրեր, օրէնքի գործադրութիւնը չապահովուիր՝ եթէ Պատրիարքարանի վերակազմութիւնը ժամանակի պահանջմանց համաձայն միաժամանակ չկատարուի, պիւտճէի օրէնք չհաստատուի, գանձումի ու ծախսի քանակն ու որակը պիւտճէական օրէնքի, քօնթրօլի չենթարկուի, ապակեդրոն ու կեդրանական շրջանակներու մէջ ներդաշնակութիւն եւ մէկ ամբողջականութիւն չի մտցուի:

«Ազատամարտ», 1914, 30 Մայիս - 12 Յունիս, թիւ 1525, էջ 2