Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԲԱՂՁԱՆՔԸ


Համերաշխութեան ամէնէն գործնական պատասխանը Դավրէժը տուաւ, Պարսկաստանի խորէն, ուր Հին Հնչակեան եւ Դաշնակցական Մարմինները փոխադարձաբար մշակած ու ընդունած են բարեկամական դաշնագիր մը:

Գուցէ Պարսկաստանէն աւելի ոչ մէկ վայր այնքան բաղձալի ու հարկեցուցիչ պէտքն ունէր այս անկեղծ եւ միանգամայն իմաստուն համերաշխութեան, երբ մտաբերենք թէ ասկէ դեռ քիչ ամիսներ առաջ տխուր եւ խորապէս անմխիթարական դէպքերու արձագանգը կը խրկէր մեզի նոյն Պարսկաստանը:

Ահա կտրուկ, կարճ ճամբան, ահա այն միակ աներկբայելի եւ անվտանգ միջոցը՝ որ կը տանի ուղղակի նպատակին:

Մենք ուրիշ առիթով ալ կրկնած ենք թէ Միութեան հարցը որքան որ՝անխտիր ամէն հայու սրտին սիրելի հարց մըն է, նոյնքան ալ բազմակնճիռ, փափուկ եւ կարծուածէն աւելի դժուարին պայմաններով շրջապատուած է, հետեւաբար պէտք չէ ամէնեւին թեթեւօրէն մօտենալ անոր, պէտք չէ լոկ բաղձանքներու թափէն առաջնորդուելով′ շինելու տեղ քանդել: Կոտրած գաւաթի մը փշրանքները հեղ մըն ալ հաւաքել, իրարու մօտ բերել եւ անոնցմէ հաստատուն ամբողջութիւն մը կազմելը եթէ չափազանց դժուար ու փափուկ գործ մըն է, հապա ո՞րքան աւելի՝ տարիներով իրարմէ անջատուած, իրարու բաղխած, իրարու ճամբան խաչաձեւօրէն կտրած եւ փոխադարձաբար դեռ այնքան տխուր յիշողութիւններով ու յիշատակներով ծանրաբեռնուած հայ յեղափոխական կազմակերպութեանց Միութիւնը:

Դժուարը անհնարին չի նշանակէր. ընդհակառա՛կը: Հարկ է միայն ծանօթանալ խնդիրին իսկութեան եւ էական հանգամանքներուն, որպէս զի կարելի ըլլայ ճշմարտապէս օգտակար եւ անվրէպ դարմանը գտնել անոր համար:

Նախ կուսակցականներու համոզումին եւ հայեացքներուն մէջ պէտք է որ փոփոխութիւնը կամ աւելի ճիշտը՝ բարեշրջութիւնը սկսի: Նախ անհատներու անձնական զգացումներն ու գաղափարները պէտք է բարեկամական, եղբայրական դառնան դէպի հակառակ կուսակցութիւններն ու անոնց հետեւորդները, որպէս զի փոխադարձ վստահութիւնը լայնօրէն ծաւալի բոլոր խաւերուն մէջ եւ ատելութիւնը զինաթափ ընէ:

Միութիւնը արուեստականօրէն կարելի չէ իրականացնել, մինչեւ որ ներքին ուժեղ ու ինքնաբուղխ համակրութիւն մը, համակրական մղում մը չի մօտեցնէ անհատը՝ անհատին, Մասնաճիւղերը՝ Մասնաճիւղերուն եւ այսպէս հաւաքաբար մէկ Ամբողջը միւսին:

Այս րոպէին, մէկդի նետելով բացառութիւնները, բոլոր գոհունակութեամբ կարող ենք յայտարարել թէ՝ արդէն նոյն համակրական հոսանքը կը տարածուի, կը լայննայ թէ՛ Դաշնակցական թէ Հին եւ թէ Վեր. Հնչակեան կուսակցութեանց մէջ իրարու նկատմամբ:

Կուսակցական թերթերը՝ բացի մէկէն՝ ո՛չ միայն նախատական polemiqueէն, թշնամական եւ գրգռիչ յօդուածներէն մաքրեր են իրենց էջերը, այլ շատ քաղաքավար ու նոյնիսկ բարեկամական ուղղութիւն մը կը մշակեն, դիմելով իրենց պարտականութիւններէն գերագոյնին, կատարելով ծառայութիւններէն ամէնէն շինիչը, հեռատեսը եւ խոհականը:

Դիտմամբ ծանրացանք թերթերու վրայ, որովհետեւ անառարկելի է թէ անոնց ներգործութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի՝ ժխտական թէ հաստատական արդիւնքի տեսակէտով:

Տարակոյս չունինք թէ նոյն թերթերու ներկայ ազնիւ ընթացքը՝ ոչ միայն հրատարակողներու եւ յօդուածագիրներու անձնական տրամադրութեանց դրօշմը կը կրէ, այլ նաեւ իրենց պատկանած կուսակցութեանց հաւաքական ձգտումներուն ու հայեացքներուն ալ կնիքը, ինչ որ աւելի մխիթարական պարագայ մըն է: Հետեւաբար, կը մնայ սկսուած շարժումը անխափան վարել, յարատեւաբար եւ անվհատօրէն միշտ աւելի մօտեցնել նպատակակէտին: Այս շարժման հետ զուգընթացաբար հարկեցուցիչ է որ այլեւայլ վայրերու կուսակցութեանց Մարմիններն ու անհատները՝ նոյնպէս բարեացակամ եւ հաշտարար վերաբերութեամբ իրարու քով գան յաճախ, կարծիքներու փոխանակութիւններ ունենան, ցոյց տան անվերապահ վստահութիւն մէկ-մէկու նկատմամբ եւ գործնականապէս օժանդակեն իրարու: Գործէն աւելի հաստատուն գրաւական եւ վստահելի համակրութիւն չի կրնար ըլլալ: Ի՞նչ կ’արժէ ամէնէն խանդավառ ճառը, ատենախօսութիւնը կամ հրապարակային լսարանը, երբ անոնց հեղինակները ձեռքի տակէ, մութին մէջէն քար կը նետեն հակառակ կուսակցութեան կռնակին եւ անոր այս կամ այն ձեռնարկին առջեւ արգելքներ կը յարուցանեն: Այս տեսակ պարագաներու տակ՝ ո՛չ թէ համակրական զգացում չ′արթննար ու բողբոջիր, այլ յառաջ կուգայ աւելի վատ տրամադրութիւն մը՝ որ կանգուններով կը հեռացնէ սրտերը իրարմէ:

Միութենէն առաջ համերաշխութիւն, եւ, համերաշխութեան համար ալ փոխադարձ յարգանք, գործնական օրինակ ու անբիծ անկեղծութիւն:

Հարաւէն ու հիւսիսէն յանկարծ միջնորդի դերով մեջտեղ ինկած բոլոր խայտաբղէտ անձնաւորութիւններու կատարելիք գործը տարակուսելի, վնասակար ու վտանգաւոր է:

Ինքնաբուղխ, անկեղծ համակրութիւնը, հասունցած համերաշխութեան զգացումը ո՛չ մէկ արուեստական, ո՛չ մէկ արտաքին միջնորդի պէտք ունի:

Կուսակցական անհատները թող ըմբռնեն իրենց պարտականութիւնը եւ կոչումը, ու ամէն բան կը դիւրանայ:

Թիւ 27, 1907, Յունուար 24