Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԵՍՏ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃ ԸՆԹԱՑՔ


Մեր խօսքը Պարտիզակի Համագործակցական Ընկերութեան — Քօօփերաթիվի — մասին է:

Երեք տարի առաջ 90 ոսկիով սկսաւ այդ ձեռնարկը, եւ այօսր, ինչպէս ցոյց կուտայ իր հաշուեկշիռը, կրցած է երեք տարուան համար 16, 334 ղրուշի զուտ շահ մը ապահովել իր բաժնելիցներուն:

Եւ բաժնեկիցները անոնք են մեծ մասով, որոնք գնորդ են միանգամայն: Ուրիշ խօսքով, հասարակութիւնը ի՛նքն է որ թէ՛ վաճառող է, թէ՛ գնորդ. եւ այն շահը, որ իր զանազան գնումներով, պիտի մտնէր խանութպաններու գրպանը, կը մտնէ հիմա ի՛ր գրպանը:

Հասարակութիւնը, կ՚ըսենք, որովհետեւ Պարտիզակի Քօփերաթիվը մասնաւորներու ձեռնարկը չէ, դրուծ շահադիտական հողի վրայ: Անոր կը մասնակցի տեղացի հասարակութիւնը, սկսեալ ամէնէն չունեւորներէն, — քանի որ Ընկերութեան անդամակցելու համար որոշուած են չափազանց դիւրամատչելի պայմաններ, 20 ղրուշ առաջին միանուագ վճար մը, անկէ եւ ետք շաբաթէ շաբաթ 40 փարայի բաժնեգին մը՝ հինգ տարի շարունակաբար:

Գործը, որ սկիզբէն սկսաւ միմիայն նպարեղէնի եւ այլ մանր մունր անհրաժեշտ պիտոյքներու վաճառումով, այսօր ընդարձակած է ինքզինք եւ դեռ ընդարձակուելու վրայ է: Անցեալ տարի Քօօփերաթիվը ձեռք զարկաւ հացագործութեան, այս քանի մը օրուան մէջ կ՚ընդգրկէ նաեւ կօշկակարութիւնը, նպատակ ունենալով մօտիկ յառաջիկայի մը մէջ բանալու նաեւ դեղարան մը՝ աժան կերպով դեղ հայթայթելու համար հանրութեան:

Տեղական Մեղու թերթը, որմէ քաղած էինք Ընկերութեան վերաբերած անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, խօսելով հացագործական փուռին վրայ, կ՚ըսէ. «Երբ փոքր հաշիւ մը ընենք փուռի եւ խանութի բաղդատական թիւերով, կը պարզուի որ խանութը տուած է բաւարար արդիւնք, մինչեւ փուռը՝ հազիւ 20—25 ոսկիի շահ մը»: Եւ թերթը այս տարբերութեան պատճառ կը գտնէ անոր մէջ որ՝ Քօօփերաիթվը «փուռի մասին ընդունած է զոհողութիւններու եւ արտակարգ աշխատանքի սկզբունքը, իր յաճախորդներուն ամենօրեայ սնունդը՝ հացն ազնուացնելու եւ լիովին գոհացուցիչ վիճակի մը հասնելու համար»:

Արդարեւ, Քօօփերաթիվներուն նպատակը ոչ թէ դրամ դիզել եւ ամէն գնով իրենց դրամագլուխը հարստացնելն է, ինչպէս կ՚ընեն շահադիտական մասնաւոր ձեռնարկները, այլ՝ ամէնէն առաջ, աժան բայց, լաւ ապրանք հայթայթելն է իր գնորդներուն:

Իսկ հացը, այս պարագային, առաջին տեղը կը բռնէ. պէտք է ան ո՛չ թէ աժան ըլլայ՝ գեշ տեսակով, այլ աժան ըլլայ՝ լաւ տեսակով: Այնպէս որ՝ եթէ Ընկերութիւնը կարողանայ իր յաճախորդներուն տալ աժան ու լաւ հաց, առանց նոյն իսկ ո՛ եւ է շահի, իրապէս ծառայած կ՚ըլլայ իր նպատակին: Ասով ըսել չենք ուզեր հարկաւ որ վարիչները անփոյթ գտնուին եւ այդ անհրաժեշտ պայմանները լրացնելէ ետք՝ չձգտին նաեւ խնայել ճարտարութեամբ այն, ինչ որ կրնան: Ո՛չ. բայց, երբ խնդիրը կուգայ նախընտրութիւն մը ընելու դրամական շահին եւ լաւ ու աժան ապրանքի միջեւ, Ընկերութիւնը անպայման պէտք է կանգ առնէ վերջին տեսակէտին վրայ, ո՛չ թէ առաջինին: Այլապէս, կը դաւաճանէ ինք իր գոյութեան իրաւունքին դէմ:

Ամէն պարագայի տակ, Պարտիզակի Սպառողականը, ինչպէս կը կոչուի այս շատ համակրելի ձեռնարկը, բարգաւաճման ճամբուն մէջ է կ՚երթայ այդ ուղղութեամբ:

Սակայն, ինչ որ ամէնէն աւելի կը զարմացնէ մեզ, ու խորապէս, այն անհասկնալի անտարբերութիւնն է՝ որով Հայաստանի կեդրոնները կը վերաբերուին դէպի համագործակցական այս կարգի սպառողական ձեռնարկները:

Վանը, Կարինը, Մուշը, Խարբերդը եւ Սեբաստիան, ուր կան մտաւորականներ եւ ուր Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր արմատները ձգած է ժողովուրդին մէջ, ինչո՞ւ պէտք չէ մասնաւոր ուշադրութիւն նուիրէին այս նպատակին եւ հիմը դնէին սպառողական միութիւններու:

Մենք կը հրաւիրենք Դաշնակցական գործիչներու առանձին հոգածութիւնը այս գործին համար, որ պէտք է ընդհանրանայ մեր ժողովուրդին մէջ եւ որուն կարօտութիւնը այնքան զգալի է:

«Ազատամարտ», 1914, 5/18 Յունիս, թիւ 1530, էջ 2