Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄՈԶՈՒՄԻ ՊԱԿԱՍԸ


Ծերակոյտը իր երկուշաբթի օրուան նիստին մէջ ընդունեց Սահմանադրութեան 7րդ, 35րդ, 43րդ եւ 73րդ յօդուածներու փոփոխութիւնները՝ որոնց առաջարկը կուգար, այս երկրորդ անգամն ըլլալով, Երեսփոխանական ժողովէն:

Եւ Ծերակոյտը քուէարկեց այդ փոփոխութիւնները՝ 50 քուէարկողներու 48ին կամքովը: Եւ սակայն, յարգելի ծերակուտականներու այդ նոյն մեծամասնութիւնն էր որ, ասկէ մօտ երկու տարի առաջ, յայտնապէս հակառակ էր այդ յօդուածներուն փոփոխութեանց…

Ինչո՞վ բացատրել ուրեմն այս նոր փոփոխութեանց փոփոխութիւնը ծերակուտականներու տրամադրութեան ու քուէներուն մէջ:

Եթէ ըսենք որ՝ մարդ էին եւ ժամանակը… հասունցուց իրենց մտքերը, սխալ փիլիսոփայութիւն մը ըրած պիտի ըլլանք, — որովհետեւ, ժամանակը թերեւս կրնայ հասունացնել երիտասարդ մտքերը, բայց դժուար թէ բարերար ազդեցութիւն գործէ արդէն իսկ հասունցած ըղեղներուն վրայ:

Գուցէ սխալած էին մարդկօրէն, եւ հիմա կը սրբագրեն այդ սխալը: Այո՛, ինչո՞ւ չէ. Հաւանակութիւն մըն է դարձեալ՝ որ անհնարութեանց կարգէն չէ: Բայց, քիչ մը դժուար գտնելով հանդերձ որ ժողով մը իր ստուար մեծամասնութեամբ կարող է գահավիժօրէն մոլորիլ այնքան բացահայտ սկզբունքներու շուրջ, անհրաժեշտ էր որ գոնէ օսմանեան պատուական ծերակուտականները հրապարակով բացատրէին իրենց այժմեան նահանջին պատճառները: Ասով, առնուազն «ռազմագիտական նահանջ» մը ըրած կ՚ըլլային եւ գէթ կը փրկէին ինչ որ կարելի էր փրկել իրենց փրէսթիժէն…

Թուրքիոյ փարլամէնթին իմաստունները աս ալ չեն ըրած: Ըրած են միայն այն՝ ինչ որ կը կարծէինք թէ մինչեւ հիմա Երեսփոխանական ժողովի մեծամասնութեան հաճելի սովորութիւնն էր. — «Գապո՜ւլ, գապո՜ւլ»ով օրէնսդրել եւ բարակին չնայիլ:

Բայց, թողունք ենթադրութիւնները, որ վերջը վերջը կրնան կատակի հասնիլ:

Ծերակոյտը՝ իր երկուշաբթի օրուան նիստով չափազանց տխուր գաղափար մը կազմել տուաւ, իր բարոյական յատկութեանց վրայ:

Որովհետեւ, չենք հասկնար օրէնսդիրի հանգամանքով հաւաքուած մարդիկ՝ որ այսքան անհաստատ երեւնան իրենց համոզումներուն մէջ, երբ մանաւանդ այդ համոզումները կը վերաբերին երկրին խորհրդարանակն դրութեան հիմունքին հետ իսկ կապ ունեցող սկզբունքներու հետ:

Չենք հասկնար մարդիկ ՝ որ քաջութիւն չունենա անյողդողդ մնալու իրենց համոզումներուն մէջ, քանի որ օրէնսդրական աթոռի վրայ նստող անձին համար արժանապատուութեան ու պատուի միակ պայման մը կայ, — համոզման շիտակութիւնը, անկեղծութիւնը եւ ամրութիւնը:

Արեւելքը եթէ խարխափած է անդադար լոյսի ու խաւարի մէջ. եթէ չէ բարձրացած ընկերւոյին ու պետական լաւագոյն կազմակերպութեան մը. եթէ շարունակ հետեւակ, յետամնաց ու յետնորդն եղած է յառաջդիմութեան բոլոր շաւիղներուն մէջ, — պատճառն ա՛յն է որ՝ իր վարիչները համոզումներ չեն ունեցած. պատճառն ա՛յն է որ՝ համոզումի պաշտամունքը տեղ չէ ունեցած այս երկիրներուն մէջ:

Մեծերը, անոնք որ գտնուած են պետական կամ միապետական սանդուղներու վերի աստիճաններուն վրայ, իմաստութեանց իմաստութիւնը համարուած են՝ միշտ սակարկել իրենց խղճին հետ, միշտ սակարկել իրենց մտածումներուն հետ, միշտ սակարկել պայմաններուն հետ:

Արեւելքի պազարները չեն միայն ուր սակարկութիւնը համբաւաւոր սովորութիւն մըն է: Սակարկութիւնը յարգի կանոն է նաւ բարոյական Արեւելքի մէջ: Գիտակցութիւնը եւ գաղափար նոյնքան վաճառքի նիւթ են հոս ժամանակին ու պարագաներուն համեմատ, որքան շուկայի ո՛ եւ է ապրանք:

Ի զո՜ւր չէր որ թուրք հրապարակագիր մը կը սիրէր կրկնել, նման երեւոյթներու առջեւ, — վա՜խ գաֆամ…։
 

  «Ազատամարտ», 1914, 14/27 Մայիս, թիւ 1511, էջ 2