Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՀԱՅ ԳՐՔԵՐՈՒ ԴԷՄ ՀԱԼԱԾԱՆՔ


Ոստիկանութիւնը, Պոլսոյ թէ գաւառներուն մէջ, կը սկսի վերյիշել համիտեան օրերուն իր կերպերը եւ վերադառնալ անոնց:

Սկիւտարի մէջ, քանի մը օր առաջ, ոստիկաններ հայ սրճարանի մը պատէն վար կ՚առնեն պատմական «Մայր—Հայաստանի» պատկեր մը եւ կը գրաւեն…:

Պէյրութի մաքսատան մէջ գրաքննիչ մը, մարդ չգիտեր ո՛ւսկից բուսած եւ ո՛ր արտօնութեամբ, քննութենէ կ՚անցնէ Պոսլի տպագրուած եւ Պոլսէն ղրկուած ամէն հայերէն գիրք, դասագիրք կամ նկար, — վար դնելով անոնցմէ՝ ինչ որ վնասակար կը համարի…:

Հալէպի ոստիկանութիւնը նոյն տխուր պաշտօնը կը կատարէ իր տեղին վրայ, գրաւելով, վար դնելով ու չծախել հարկադրելով այն ամէն հայ գրքերն ու պատկերները՝ որոնք «միւզիր» կը գտնէ…:

Ահա ձեզի սահմանադրական օրէնք, ահա ձեզի սահմանադրական ոստիկանութիւն:

Ուրեմն բանն հոն հասած է որ մտքին տէրն ու մտածման արտօնատէրը՝ այս երկրին մէջ դարձեալ ոստիկանութիւնն է, ինչպէս որ էր Համիտի օրհնեա՜լ օրերուն…:

Այդպէ՛ս կ՚երեւի:

Բայց, այս երկրորդ անգամն է որ նոյն նիւթին կ՚անդրադառնանք, —նախապէս անոր վրայ հրաւիրած ըլլալով արդէն ներքին գործոց նախարարին ուշադրութիւնը:

Եւ մեզի կը թուի թէ Թալէաթ պէյի անծանօթ մնացած չէին այն փաստերը՝ որ ասկէ առաջ տեղի ունեցած էին, գրեթէ միեւնոյն վայրերուն մէջ, եւ զորս ներկայացուցած էինք իր բարեհաճ նկատառմանը:

Եւ սակայն, դէպքերը կը շարունակեն կրկնուի համարձակ ու անարգել, — ինչ որ ապացոյց է թէ՝ ոստիկանութիւնը ազատ կը զգայ ինքզին իր ապօրինի միջամտութեանց եւ հակասահմանադրական իր այս արարքներուն մէջ:

Կը նշանակէ ուրեմն որ բացառիկ է մեզի — ու անշուշտ օրէնքին ալ — անծանօթ կարգադրութիւն մը կայ՝ հայ գրքերու ու հայ հրատարակութեանց մասին:

Եթէ այդպէս է, մենք կը պահանջենք որ նոյն կարգադրութիւնը յայտարարուի հրապարակով:

Այո՛, կը պահանջենք այդ բանը, որպէս զի գիտնանք թէ հայ ժողովուրդը սահմանադրական ազատութիւններէն դուրս ձգուած է եւ իր մտաւոր գործունէութեան, իր հոգեկան կեանքին, իր կրթական ու իմացական աշխատանքին դէմ արգելքներ կան դրուած:

Այլապէս, չենք կրնար հանդուրժել որ ոստիկանութիւնը ձեռքը դնէ մեր մտքին վրայ, ինքզինք համարէ երկրին օրէնքէն ու կարգերէն աւելի բարձր հեղինակութիւն մը, եւ դատաւորն ըլլայ մեր մտածումներուն ու մեր զգացումներուն:

Ո՛չ, չենք հանդուրժեր որ հայ ժողովուդրի դպրոցական ու կրթական ազատութիւնը ոստիկաններու կրունկին տակ դրուի, եւ հայ մանուկներու դաստիարակութեան բանալին գտնուի մէկ քանի ոստիկանի ձեռքին մէջ:

Վերջ պէտք է դրուի այս երկդիմի ընթացքին:

Կառավարութենէն կը սպասենք իր կտրուկ խօսքը. կա՛մ կը սանձնահարէ իր ոստիկանութիւնը եւ պատիժի կ՚ենթարկէ օրինազանցութիւն գործողները, կա՛մ կը յայտարարէ որ Հայոց գրքերուն համար բացառիկ գրաքննութիւն մը կայ:

Մէկը կամ միւսը:

«Ազատամարտ», 1914, 10/23 Մայիս, թիւ 1508, էջ 2