Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

“ՁԵՌՆԱՀԱՍ” ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՍԽԱԼԱԾ Է



«Ձեռնահաս դատարանը որոշեց դրամական տուգանքի ենթարկել Գառնիկ Սարգիսեանը, որ Սալմաթօմբուկի վարժարրանին համար գանձանակ կը կտտցնէր՝ Կ. Պոլսոյ կրթական տնօրէնութենէն առանց արտօնուելու եւ միայն Հայոց Պատրիարքարանին վաւերագրովը: Վճիռը կը տրամադրէ նաեւ որ գանձանակին պարունակութիւնը յանձնուի դատարանի սնտուկին»:
Ազատամարտ, թիւ 1519


Ո՛չ, ձեռնահաս դատարանը իրաւունք չունէր արձակելու այդ վճիռը:

Գառնիկ Սարգիսեանի ընթացքը չէ որ հակօրինական է, այլ դատարանին վճիռը:

Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ մաս կը կազմէ պետական օրէնքներուն, կ՚արտօնէ հայ ժողովուրդը՝ որպէսզի իր կրթական եւ բարեգործական հաստատութեանց համար հանգանակութիւններ ընէ եւ կամաւոր նուէրներ հաւաքէ: Իսկ Գառնիկ Սարգիսեանի պտացուցած գանձանակը ոչ այլ ինչ էր, եթէ ոչ կամաւոր նուիրատուութեանց համար դիմում:

Ո՞ւր է այս բանին մէջ օրէնքի դէմ մեղանչում կամ օրինազանցութիւն:

Դարձեա՛լ. պետութիւնը արտօնած է Ազգային սահմանադրութեամբ՝ որ Հայերը իրենց կրթական, կրօնական եւ բարեգործական հիմնարկութեանց մատակարարական գործին մէջ կը վայելեն ինքնավար իրաւասութիւն: Ուրիշ խօսքով՝ Հայոց Պատրիարքարանը կամ Առաջնորդարանները արտօնութիւն ունին, իրենց իրաւասութեանց սահմանին մէջ, հաւաքելու պարտաւորիչ եւ կամաւոր նուէրներ — գանձանակի կամ այլ յարմարագոյն միջոցով — ազգային այս կամ այն հիմնարկութեանը համար:

Հետեւաբար, քանի որ Սալմաթօմբուկի թաղին — եւ ի՜նչ թաղ, ամէնէն չքաւորն ու թշուառը Պոլսոյ բոլոր թաղերուն մէջ — դպրոցական այդ գանձանակը վաւերացուած եւ արտօնուած էր Պատրիարքարանէն, կը նշանակէ թէ ոչինի ունէր ապօրինի, եւ ուստի ոչինչ՝ դատապարտութեան կամ պատիժի արժանի:

Ի՞նչ պատիժ է ուրմեն այն՝ որով «ձեռնահաս» դատարանը տուգանքի կ՚ենթարկէ Գառնիկ Սարգիսեանը, եւ գրաւման՝ անոր պտտցուցած գանձանակին պարունակութիւնը. — իրա՛ւ որ կը դժուարանք հասկնալ:

Կը դժուարանանք հասկնալ, որովհետեւ պատիժ մըն է այս որ ոչ թէ անձի մը կ՚ուղղուի, այլ պետութեան օրէնքներուն, եւ այդ օրէնքներուն վրայէն նաեւ Հայոց ազգային—սահմանադրական իրաւունքներուն:

Թերեւս խնդրոյ առարկայ դատարանը պատճառաբանէ թէ՝ օրէնք մը կայ, որ կ՚արգիլէ «առանց արտօնութեան» ամէն հանգանակութիւն: Բայց այս օրինական արգելքը ո՛չ կը բացասէ եւ ոչ ալ կը դադրեցնէ Պատրիարաքարանի իրաւասութիւնը: Գառնիկ Սարգիսեան իր հանգանակութիւնը կատարելու համար օարտաւոր էր իր արտօնութիւնն ստանալ Պատրիարքարանէն եւ ոչ թէ կառավարութենէն: Եւ այդ արտօնութիւնն ստացած էր: Իսկ եթէ մինչեւ անգամ ենթադրենք որ Պատրիարքարանն ալ, իր կարգին, պարտաւոր էր կառավարութենէն արտօնութիւն ստանալ — ինչ որ վիճելի եւ Պատրիարքարանի իրաւասութեանց հետ անհաշտելի հարց մըն է, — այդ պարագային իսկ՝ պատասխանատուն պէտք էր համարուէր Պատրիարքարանը, եւ ո՛չ թէ այն անձը՝ որ իր հանգանակութիւնը նկատի ունենալ, եւ միւսը անտեսել՝ դատական արդարութիւն չէ:

Եթէ այս դատն ու վճիռը տեղի ունենային գաւառներուն մէջ, պիտի փորձուէինք ըսելու— ինչպէս սովորաբար կը փորձուինք — թէ՝ արդիւնք է օրէնսգիտական տգիտութեան, դատական կազմի միջակութեան, եւն. եւն.: Բայց ի՞նչով պէտք է բացատրենք զայն՝ երբ ահա տեղի կ՚ունենայ անիկա մայրաքաղաքին մէջ, ուր պէտք է որ դատաւորներն ու ընդհանուր դատախազներն ունենան օրէնսգիտական խոր հմտութիւն, եւ ըլլան կատարելապէս համապատասխան իրենց կոչումին: Ըսի՞նք արդեօք թէ Գառնիկ Սարգիսեանը դատող դատաւորներն ալ անտեղեակ էին պետութեան այն օրէնքին՝ որ կը սահմանէ Հայոց «պատրիարքարանական» կոչուած իրաւունքները: Եւ եթէ դատաւորները անտեղեակ էին, Ընդհանուր Դատախա՞զն ալ անտեղեակ էր՝ զայն յիշեցնելու համար դատարանին:

Աւելի աղէկ է որ ա՛յսպէս ենթադրենք:

Բայց, Հայոց Պատրիարքարանին պարտքն է անմիջապէս դիմում ընել կառաբարութեան եւ բողոքել Պոլսոյ մէկ դատարանին կողմէ երկրին օրէնքներուն ընդդէմ տրուած այս վճիռին եւ գործուած ոտնձգութեան դէմ:

Անգամ մըն ալ կը կրկնենք որ այդ անիրաւ վճիռը արձակուած է ո՛չ այնքան, եւ մանաւանդ ոչ երբեք ըստ էութեան՝ Գառնիկ Պատրիարքարանին, հայ ժողովուրդի իրաւասութեան եւ անոր ազգային շահերուն դէմ:

Ուստի, Պատրիարքարանը մէկ կողմէն բողոքելով հայ ժողովուրդի իրաւունքները ոտնահարող վճիռին դէմ, եւ միւս կողմէն՝ պաշտպանելով անպատասխանատու դատապարտեալը, պէտք է պահանջէ որ Ընդհանուր Դատախազութիւնն ո Դատական Նախարարը օրինական ճանապարհին դիմեն՝ թէ՛ արուած այդ վճիռը ջնջել տալու, եւ թէ առհասարակ դատարանները զգուշացնելու՝ յառաջիկայի համար եւս…:

«Ազատամարտ», 1914, 24 Մայիս - 6 Յունիս, թիւ 1520, էջ 2