Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ


Զարմանալի խորշանք մը կը շարունակէ տակաւին տեղ բռնել հայ երիտասարդերու մէջ՝ դէպի զինուորական ծառայութիւնը:

Եւ ինչո՛ւ պէտք է զարմանալի ցարդ համոզուած ըլլալու էր մի անգամ ընդ միշտ թէ՝ անխուսափելի, անճողոպրելի պարտականութիւնը մըն է զինուորական ծառայութիւնը իրեն համար, եւ երկրորդ՝ ազգային անհրաժեշտութիւնը մը՝ աւելի քան ուրիշ ո՛ եւ է տարրը, իր սրտին վրայէն կեղուել նետելու համար ստրկական երկչոտութեան շապիկը:

Այո՛, ունենալու էր այսքան պարզ ըմբռնում եւ այսքան առողջ դատողութիւն՝ որպէսզի հասկնար թէ զինուորական ծառայութենէ խուսափելու իր տրամադրութիւնը միմիայն չարիք կրնայ բերել իրեն, — իրեն եւ իր ընտանիքին:

Գիտենք շատեր որ կը թողուն կը հեռնանան արտասահման, առանց մտածելու թէ յետո՞յ, —յետո՞յ ի՛նչ պիտի ընեն: Յաւիտեան պիտի մնան ուրեմն արտասահմա՞ն, եւ կրնա՞ն մնալ արդեօք. կամ հնարա՞ւոր է որ մնան: Երբե՛ք. մէկ երկու տարի հազիւ անցած, պիտի հարկադրուին վերադառնալու երկիր ու այն ատեն պիտի ստիպուին դարձեալ կատարել իրենց ծառայութիւնը, այս անգամ յաւելուածական պատիժով:

Ո՞ւր է հոս խելքը, ո՞ւր է հաշիւը:

Մոռնալու չէ մանաւանդ որ զինուորական ծառայութեան նոր ծրագիրը կը պարունակէ մէկ քանի քննադատելի եւ միշտ լաւագոյն սրբագրութեան մը կարօտ յօդուածներու հետ՝ նաեւ գոհունակութեան արժանի տրամադրութիւններ: Այդ տրամադրութիւններէն մէկը այն է որ՝ երեք տարուան ծառայութիւնը վերածուած է երկու տարուան. դարձեա՛լ, իւրաքանչիւր զինուոր ի՛ր տեղին մէջ է որ պիտի կատարէ այդ ծառայութիւնը՝ փոխանակ զրկուելու օտար եւ իրեն համար անհանդուրժելի կլիմաներու տակ:

Պայմաններ են ասոնք, որ զգալապէս կը թեթեւցնեն զինուորական պարտականութեան ծանրութիւնը, եւ որոնք պէտք չէ աննկատ անցնին մեր երիտասարդներէն:

Գիտենք թէ ըստ ինքեան հաճելի բան չէ, ոչ ալ գնահատելի՝ զօրանոցային դրութիւնն ու զօրանոցային կեանքը, Այո՛, բայց մինչեւ որ Եւրոպան կարող ըլլայ որդեգրելու միլիսի սկզբունքը, — բան մը՝ որուն կը ձգտին բոլոր լուսաւոր մտքերն ու պայքարող Ընկերավարականները ամէն երկրի մէջ, կամայ ակամայ կը մնան զօրանոցները ու զինուորական ծառայութեան արդի հարկադրութիւնները: Ո՛չ փախուստի ճամբով, ո՛չ ալ դասալիքութեամբ է որ այդ պայմանները կը վերնան:

Այս պատճառով ալ՝ անոնք որ չեն գտնուիր ողջամիտ, չեն ըմբռներ այսքան ակնյայտնի ճշմարտութիւն մը՝ կը վնասեն իրենց անձին, կը վնասեն իրենց ապագայ բարեբաստութեանը:

Երկմտութիւնը յանցանք է. զինուորական պարտաւորութիւնը կայ, երկրին այսօրուան անխուսափելի օրէնքն է, ուրկէ կարելի չէ փախուստ տալ: Հետեւաբար, պէտք է համակերպիկ անոր:

«Ազատամարտ», 1914, 8/21 Յունիս, թիւ 1533, էջ 2