Հերոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՐՈՍԸ
Բ.

Սիրական էֆէնտի Կայծիկեանը այս արտայայտութիւններուն առաջքը անտարբեր չէր կրնար մնալ։ Ինք ալ սիրտ մը կը կրէր որ կը բաբախէր ազգին նուիրական շահերուն համար։

Սկիւտար, Իճատիէ թաղը հաստատուած էր քսան տարիներէ ի վեր գաւառական աննշան գիւղէ մը գալով։ Հիմա ոչ միայն դիրք մը ունէր առեւտրական հրապարակին վրայ, ուր թիֆթիկի առեւտուրով կը զբաղէր, այլ դէմք մըն էր ազգային գործերուն մէջ։ Քիչ անձի գործ՝ հին բռնական օրերուն այսքան առաջացած էր, իր հարստութիւնը հետզհետէ հասած էր մեծ համեմատութիւններու ու այդ աստիճանով ազգային գործերու մէջ ալ դիրք էր ստացած։

Նախ հոգաբարձու, թաղական, աւելի վերջ ատենապետ միեւնոյն Խորհուրդներուն, Կալուածոց Հոգաբարձութեան անդամ, անդամ Տնտեսական Խորհրդոյ, ու երբ Քաղաքական Ժողովին ալ անդամ պիտի ըլլար, Սահմանադրութիւնը վրայ հասաւ, շարք մը մեծ երազներու այդ դահիճը։

Ոմանք աղէկ մարդ է կ’ըսէին Սիրական էֆէնտիին համար, ատոնցմէ էին տէրտէրները, տիրացուները, ժամուն աղքատները, մէկ երկու վարժապետ։ Իր վաճառական ընկերները կը սոսկային անոր մասին կարծիք յայտնելու գաղափարէն, քանի մը անկախներ միայն կը խօսէին կզակնին ամրօրէն իրարու կպցուցած.

Կայծիկեանին համար ամէն ճամբայ ուղիղ է, փաշաներու մարդն է։ Ուրիշ մըն ալ կը կրկնէր.

Քանի մը ժամ թալլած, շատերու աքսորին պատճառ եղած է, ու հազար այրի մոխիրի վրայ նստեցուցած։ Տոկոսի խնդիր։

Անուս, Սաղմոս կարդացած էր միայն, բայց զօրաւոր խելքով մարդ մըն էր Սիրական էֆէնտին։ Իր իմաստութիւնը գերագոյն կը համարուէր մանաւանդ ազգային գործերուն մէջ։ Անհանդարտ, հետախուզող աչքեր ունէր, փոքր, մոխրականաչ դէմքի թոշ ու թոյլ միսերու կայան մըն էր, որոնց վրայ քանի մը գիծեր զիրար կը խաչաձեւէին, ականջները տափակցած ու լայն, քիթը հայկական ըսուելու չափ խոշոր, ու պեխերը յորդ ինկած մինչեւ դունչը։ Հասակը կարճ, իրանը, անդամները պարարտ՝ պատկառելիօրէն։ Իր մարմինն ալ հարստութիւն մը։ Իր դանդաղ, հպարտ, ու զգոյշ աղուէսի քալուածքը մեծ ազդեցութիւն կը գործէր զինքը շրջապատողներուն վրայ։ Կայծիկեան սակաւախօս ալ էր, տիրապետելու մեծագոյն միջոց մը, ու ոսկեծիր ակնոց մըն ալ կը գործածէր Թաղ. Խորհրդարանը ստորագրութիւնը դրած ատեն, ստորագրութիւն մը որ Վանայ արձանագրութիւնները կը յիշեցնէր։ Բայց հպարտ բան մը ունէր ու ակնածանք առթող, իր գիծերու դարձդարձիկ ագուցումով։ Դրամատէրի յարգելի ստորագրութիւն մը երկու բառով։ Յետոյ նաւուն մէջ երբ Ճէրիտէկը կարդար, նորէն ոսկեծիր ակնոցը քիթին ծայրը կը տեղաւորէր, իսկ գիշերները իր հաշիւը ճրագին լոյսին տակ առանց ակնոցի կը նայէր, ու կ’ըսէր իր կնկանը.

Նեմզուր, տարիքնիս կ’առնենք, բայց աչքերնիս չի տկարանար։

  Կինը կը վրդովուէր ատոր վրայ՝

Ի՞նչ, բնա՛ւ. տակաւին շատ օրեր ունինք տեսնելիք։ Ո՞վ կ’ըսէ որ ծեր կ’ըսուինք, կեցիր նայինք, էֆէնտիս։

Այս խօսքին վրայ իր աղջիկն ու մանչը կը ծիծաղէին, մինչ Սիրական էֆէնտին կը վախնար մտածելով որ կինը կրնայ տակաւին նոր ծախքեր բանալ իր գլխուն, քանի մը լակոտ ալ ծնելով։

Նեմզուր վստահուելու համար կը հարցնէր.

Անանկ չէ՞ Աստղիկ, չէ՞ Հրանդ, երիտասարդ չե՞նք սեպուիր տակաւին։

Աստղիկ տասնեւութը տարին կը լրացնէր, իսկ Հրանդ քսանըհինգին մէջն էր։

Սահմանադրութենէն անմիջապէս վերջ Սիրական էֆէնտին, վարպետ մարդ, փոխեց իր քաղաքականութիւնը։ Հին օրերուն ազգասէր էր՝ հիմա ջերմ յեղափոխական մը դարձաւ, քանի մը նուիրատուութիւններ ըրաւ ընկերակցութիւններու, Իթթիհատի անդամ գրուեցաւ, ու կը մտածէր յեղափոխական կուսակցութեան մը մէջ մտնել։ Կը մտածէր ու կ’ըսէր.

Ես որ բռնութեան ատեն իսկ կրցայ բարձրանալ ու հարստանալ, աս ազատութեան օրերուն քի՞չ շահ կրնամ ձեռք բերել։

Ուրեմն ինքը անոնցմէ չէր որ ատանկ հարուածէ մը փճացան իրենց կաղապարը չի կարենալով յարմարցնել նոր կեանքին, ու իրենց ընդդիմութեան մէջ փճացան։ Կը խնդար բոլոր սրտովը ատանկներուն վրայ, կրկնելով.

Մարդ ամէն բանի յարմարելու է, մարդը ան է որ թէ տաքին եւ թէ պաղին կը դիմանայ։

Տեսակ մը ցեղական հպարտութիւնէ առաջ կուգար այդ մտածումը իրեն մէջ։

Ու իրաւ Կայծիկեան էֆէնտին, իր մասին ծայր տուող յամառ ամբաստանանքները ու յամր մերկացումերը խանդավառութեան, պզտիկ նուէրներու մէջ խեղդեց, նոյն իսկ վարձուած քանի մը անձեր սա խօսքերը կը ցրուէին.

Կայծիկեանը հին ռէժիմին ալ յեղափոխականներու հետ յարաբերութիւն ունէր, մինչեւ հիմա իր տունը այդ նամակները կը մնան։

Բոլոր ունկնդիրները հիացումով իրարու կը նայէին։

Սկիւտարի հայերը աւելի եւ աւելի կը սկսէին սիրել այդ պատուաւոր մարդը որ Հերոսին մեծագոյն պաշտպանը կը թուէր։ Հերոսը երբեմն Սիրական էֆէնտիի տունը կը ճաշէր, թաղեցիները կը տեսնէին Հերոսին պարթեւ հասակին՝ անոր տունէն շատ անգամ ներս մտնելը ու դուրս ելլելը։ Սիրական էֆէնտին ըսած էր.

Հերո՛ս, աս քու տունդ է, ինծի՛ նայէ, մտի՛ր, ե՛լ, երբ որ կ’ուզես, Նեմզուր, ես ցերեկները հոս չեմ, հոգ տար Հերոսին։

Շնորհակալ կը մնամ, կ’ըսէր Հերոսը գոհունակութեամբ։

Ու ձեռքէն եկածին չափ կ’ուտէր, որովհետեւ յեղափոխական իր գործունէութեան օրերուն, յետոյ մանաւանդ Արտասահմանի մէջ քիչ չէին այն օրերը ուր ոչ-կամաւոր ծոմապահութիւններ ունեցած էր։

Առաջին օրերուն՝ տիկին Նեմզուր կը լեցնէր անոր առջեւ ինչ որ ունէր, հետզհետէ տրուածներուն քանակը քիչցուց, ու օր մըն ալ սկսաւ որակը գէշացնել, թէեւ Հերոսը որակի նայող չէր, վերջապէս ազատութենէն քանի մը ամիսներ վերջ, իբրեւ իր տեսակին ժառանգութիւններուն հաւատարիմ, մրմռալ սկսաւ։

Ամա՜ն Սիրական էֆէնտի, աս Հերոսը մեզի մոխիրի վրայ պիտի նստեցնէ, ա՛լ բաւ չէ՞։

Ինչ որ մարդը կը խորհէր, կինը կը զգար։