Հերոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՐՈՍԸ
Է.


Ազատարար բանակը տիրած էր մայրաքաղաքին։

Երկու երեք օր շարունակ՝ Ֆրէնկին լեռը եզերող խճուղիներէն, զառիթափներէն, Գուզկունճուքի նեղ ու գարշահոտ ձորէն բարձրացող արահետներէն կ’ացնէին հապճեպով՝ զինուորներ, ու պահ մը հանգստանալէ վերջ՝ Հրեաներու գերեզմանատան հպող պողոտան եզերող, մամռապատ ու հերձ դամբանաքարերուն վրայ, կը շարունակէին իրենց ուղին հեւասպառ, աննպատակ քայլընթացքնին ուղղած չե՛ս գիտեր ուր։

Եըլտըզէն, Մաչքայէն, Թաշ Գըշլայէն մազապուր ազատած հետեւակներ էին ասոնք, որ առանց սպայի, առանց գլուխի՝ օր մը տեւող դիւցազնական դիմադրութենէ մը, յուսահատ պայքարէ մը վերջ, իրենց իսկական եղբայրներուն դէմ, միջոցով մը անցած էին ասիական եզերք, ու հոն միացած Պէյլէրպէյիի զօրանոցներու դասալիքներուն, որոնց հետ պիտի բարձրանային լեռները, թերեւս դառնալու համար իրենց հայրենի օճախը։

Զինուորի բեկորներ էին այդ մարդիկ, որոնք կարծես չարաչար պարտուած, կոտորուած, կոտորակուած, օրեր տեւող ամեհի ճակատամարտներուն մէջ՝ կը նահանջէին։ Մղձաւանջներու կարմիր տեսիլներէն, անվերջանալի ու արիւնարբու սպանդներէ, անքուն անցուած տքնաջան մահասարսուռ գիշերներու արհաւիրքէն դուրս եկած մարդերու անիմաստ, ապուշ դիմագծութիւնները ունէին, որոնցմէ ժպիտը աքսորուած էր, ու որոնց վրայ ներքին ծանր մտախոհանքի, տեւող՝ անընդհատօրէն երկարող անիմաստ մտածումի մը, Սարսափին անկարեկիր, ու երկարումով անզգած դարձած ահաբեկումին լուրջ մռայլութիւնը քանդակուած էր։ Բանական կենդանիներ չէին ատոնք, այլ բնազդով շարժող մարդակերպեր, արտաքին ազդակներուն տարերայնութիւնով յանկարծ բռնկող անասուններ, որոնց երկիւղալի ու խանձուած դէմքը յանկարծ պրկում մը կը ծնէր. աչքերը, այդ անփայլ, անքնութենէ ու յոգնատանջ տեսարաններէ անձկացած գործիները կը վառէին երկվայրկեան մը տեւող կատաղի փայլով, ու հողագործի բարերար, կոշտ ձեռքերը կը փարէին հրացանի բունին կամ սուրին, յետոյ նորէն լքելու համար զանոնք։

Ատոնցմէ շատեր բոպիկ էին, մերկ, աղտոտ, արիւնախեղդ սրունքներով՝ որոնց վրայ սեւ երակներ տզրուկներու պէս կը պլլուէին միսերուն։ Ուրիշներ տրեխ մը կամ փոշոտած ծանր մոյկեր կը քաշէին իրենց հապճեպին մէջ կաղալով. կային անանկներ ալ որոնք վերնազգեստ չունէին. կապոյտ կամ դեղնագոյն ծաղկենկար շապիկով մըն էին միայն, որուն առաջքի ճեղքուածքներէն կ’երեւար իրենց ալեկոծ ու հեւասպառ, ոսկրուտ, բայց լայնշի կուրծքը։ Իսկ անոնք որ ամբողջութիւն մը կը ներկայացնէին աղէտէ մը խուսափողի տպաւորութիւնը չէին ծածկեր։ Համազգեստնին պատառատուն էր եւ աղտոտ, հազուադէպօրէն փայլուն կոճակով մը վրայ բերուած թեզանիքներով։

Տասնեակներով կամ աւելի մանր խումբերով օրն ի բուն կ’անցնէին, իրենց յոգնած բայց հապճեպէն գետինը աւլող ոտքերով, ու դէպի Չամլըճա վազող ճամբուն փոշիի գուլաներուն ետեւ կ’անհետէին։

Նախ այդ զինուորներուն անցքը եղերական բան մը երեւցած էր հայ թաղերու բնակիչներուն. յետոյ տակաւ ամէնէն աներկիւղները մօտենալ սկսած էին անոնց, նոյն իսկ հարցափորձել ալ յանդգնելով։ Երկրորդ օրը արդէն իսկ մարդիկ, կիներ, տղաք, մոռցած բոլոր անցնող օրերու տառապանքները, մրկող երկիւղը, զուարթ՝ բանտէ արձակուածներու նման, եւ սակայն միշտ կասկածոտ աչքերով ու երկիւղախառն ծալքերով իրենց շրթունքներուն ծայրը, կ՚երթային խօսիլ փախչող այդ գիւղացիներուն հետ, ցաւիլ փախստականներուն վրայ կարեկցօրէն, անոնց խրատներ տալ եւ սխալ ուղիներ ցուցնել։

Զինուորներու ետեւէն վեր կը բարձրանային, թնճուկ աղտոտ մօրուսով, իմաստասէրի աներկիւղ, անայլայլ ակնարկով, ու դերասանի ժպիտով ծեր Հրեաներ։ Ասոնք կարծես դասալիքներուն ստուերները ըլլային, քանի մը քայլ հեռուէն կը հետապնդէին զանոնք յամառօրէն, կը մօտենային մերթ ընդ մերթ, անոնց ականջներուն շողոմանքի քանի մը խօսքեր նետելով, եւ գրպաննուն մէջ դրամի հունչեր ստեղծելով։ Կը խօսէին զինուորներու բեռներուն ծանրութեան վրայ, ճամբաներու հեռաւորութիւնը մէջ բերելով, կը կարեկցէին ու կ’ուզէին թեթեւցնել զանոնք վերարկուէ մը, հրացանի մը անօգուտ կշռողութենէն, խոշոր մոյկերու ծանրաշարժութենէն, նիքելէ ժամացոյցէ մը, կամ իւղոտած ֆէսերէ, որոնք արեւէն պիտի պաշտպանէին այդ մոլորած ու ցնորավառ գանկերը։ Քանի մը Հայեր ու Յոյներ անմասն մնալ չուզեցին ներկայացուած առիթէն, նետուեցան ճամբաներուն մէջ, ու ժպտաշուրթն՝ բաներ մըն ալ իրենք կը մրթմրթային ուղեւորներուն։ Ատենէ մը ի վեր շահ չէին ըրած, առիթն էր թշնամին կողոպտելու։

Երբ դադրեցաւ զինուորներուն նահանջը, եւ հաստատուեցաւ սովորական կեանքը, Հայերը շունչ առին։

Դէպքերը զիրենք խոհեմ դարձուցած ըլլալով, չէին խանդավառուեր ալ, բայց ատկէ աւելի բան մը կը զգային, թոպամահ չեղած ըլլալու երանութիւնը։

Գիշերաշրջիկ պահակներէն շատեր, ալ հանգիստ կերպով իրենց յոգնատանջ գլուխը կը հանգչեցնէին կակուղ բարձերու վրայ։

Կայծիկեան էֆէնտի կացութիւնը լաւ մը քննելէ եւ ապահովուելէ վերջ, նախորդ կայսեր գահընկեցութեան երեկոյին տուն դարձաւ, կանչեց Հերոսը եւ ըսաւ.

Է՛հ, Հերոս, գործերդ վերջացան անանկ չէ՞, շնորհակալ ենք, մեզի աղէկ պահպանութիւն ըրիր։

Եւ վեհանձնօրէն, գաղտուկ՝ մէճիտ մ’ալ սպրդեցնել ուզեց Հերոսի ափին մէջ։

Շնորհակա՜լ եմ, Պ. Կայծիկեան, հազիւ վրայ բերաւ Հերոս ու անհետացաւ։

Իրիկունը Կայծիկեան ընտանիքը, բացի Հրանդէն որ լուռ, անախորժ դէմքով կը դիտէր Աստղիկի անպատկառ դիմագծութիւնը, սովորականին նման խնդացին այդ հերոս ըսուած մարդերուն վրայ։

Այդ օրէն սկսեալ Հերոսի կեանքը տեսակ մը տաժանագին բեռ դարձաւ, կը պտտէր անխօս ու գլուխը կքած։ Յաճախակի կ’անցնէր Կայծիկեան տան առջեւէն ուշադրութեամբ զննելով պատուհանները, կը կենար հոն խօսքի բռնուելով բանջարավաճառի մը կամ ջրկիրի մը հետ երկարօրէն։ Տարերային ու անասնական բան մըն էր Հերոսի սէրը հարուստի այդ աղջկան հանդէպ, ուրկէ որքա՜ն պիտի ուզէր ճողոպրիլ, անոր կաշկանդող կապանքները լուծել. բայց ի զո՜ւր, բոլոր ճիգերը զայն կը սաստկացնէին։ Քարաժայռերու վրայ բուսնող ծառի մը կը նմանէր այս լեռնականին բնական սէրը, որուն արմատները հզօրապէս գրկած են քարին բիւրերակ ընդերքները. արմատներով զայն հանելու փորձ մը ի զո՜ւր պիտի ըլլար։

Շուտով Իճատիէի բնակիչները զգացին թէ՝ վերջին օրերուն մէջ փոխուած էր Հերոսը, նիհարած ու գունաթափ, կորսնցուցած էր զուարթամտութիւնը, մարքսիզմի վրայ խօսելու տենչը։ Նախ ուզեցին իրմէ հասկնալ ամէն բան. քնութիւնները արդիւնք չտուին։ Հերոս կը խուսափէր պատասխան տալէ։ Աւելի յետոյ զիրար հարցուփորձել սկսան։

Երիտասարդ մը կ’ըսէր ուրիշի մը.

Ծօ՛, սա մեր Հերոսը ի՞նչ է եղեր։

Իրա՛ւ որ չեմ գիտեր։

Երրորդ մը, կ’ընդմիջէր.

Հիւանդ ըլլալու է։

Չորրորդը կ’ըսէր.

Իրա՛ւ է որ գոյնը նետած է, բայց այդքան երկար տեւող հիւանդութիւն մը չի կրնար ունենալ։

Ուրիշներ ալ վրայ կուգային, ու խօսակցութիւնները կ’երկարէին. բուռն վիճաբանութիւններէ, խորհրդակցութիւններէ վերջ վճռեցին թէ, սիրոյ հիւանդութեան մը կասկածելի ախտանիշները կը տեսնէին Հերոսին վրայ։ Կը մնար միայն սիրոյ առարկան գտնել. ատ ալ նուազ դժնդակ գործ մը չէր թաղեցիներուն համար. ո՞վ կը սիրէր Հերոսը, ո՞վ կրնար սիրել. առեղծուա՜ծ։ Հարկ եղաւ որ կիներն ալ գործի մէջ մտնեն։ Հերոսի շարժումները հետախուզող ու զայն հետապնդող ջատուկներ նշանակուեցան։ Խրախճանութեան հարսնիքի օր մը եղաւ թաղին համար, երբ ջատուկներէն մին, ամուսնութեանց եւ այլ բաներու միջնորդ, հաղորդեց թէ Հերոսը զարնուած էր Կայծիկեան էֆէնտիի աղջկան օրիորդ Աստղիկին։ Ալ մոռցան բոլոր անցնող օրերու վախը, մղձաւանջը ու հրճուեցան, փորովնին խնդացին, երջանկացան։

Վա՛յ Հերոս, վա՛յ, զարնուեր է գէշ տեսակէն։

Ծօ որո՞ւ։

Օրիորդ Աստղիկին։

Մի՛ ըսեր, խենդենա՜մ պիտի հիմա, չըլլալի՛ք բան է ատ։

Աստուա՛ծ վկայ։

Յետոյ Հերոսին հետ ալ կ’իյնային, մանաւանդ կիները։

Հերո՛ս, անցած ըլլայ։

Հերոս, տառօսը մեր տղուն, կը նշանուի՞ս կոր եղեր։

Երիտասարդ աղջիկները ակնարկութիւններ ընելով կը բաւականանային։ Այրերը աւելի կարեկցօրէն մօտենալ կը ձեւացնէին, գաղտնիքներ կորզելու համար այս անհաւատալի ու առասպելական երեւցող սիրոյ խնդիրին մասին, եւ ուղեղնին աւելի կը տաքցնէին խորհելով, թէ Հերոս գործ մըն ալ եփած է Կայծիկեանի աղջկան հետը. բայց անօգուտ, Հերոս բան մը չէր յայտներ ու փութով կը հեռանար զինք շրջապատողներէն։ Նորէն առաջուան պէս առտնին պզտիկ գործեր կը կատարէր, իսկ պարապ ժամերուն կը սլքտար հոս հոն, մանաւանդ Վաճառականին տան մօտիկ՝ ուր՝ ալ վերջերը նպարավաճառի մը խանութը կը նստէր ժամերով մտախոհ եւ ակնապիշ։

Լուրը Սկիւտարի բոլոր թաղերուն մէջ շրջան ընելէ վերջ, ու բոլոր բերաններուն մէջ արտայայտութեան բիւրերանգ ձեւերով ծամուելէ յետոյ, թափանցեց Կայծիկեան էֆէնտիի յարկէն ալ ներս։

Օր մը, տիկին Նեմզուր վազեց ամուսինին վրայ պոռալով՝

Տեսա՞ր, էֆէ՛նտի, ա՛տ Հերոս ըսած չափխընըդ ինչե՜ր հնարեր է անարատ աղջկանս վրայ. աշխարհք ասանկ է էֆէնտիս. կերցո՛ւր, խմցո՜ւր, հագուեցո՜ւր, վերջն ալ պատիւիդ հետ թող խաղան։ Ատ լերան արջը Սկիւտարէն դուրս վռնտել տալու եմ։

Հանդարտէ՛, կնիկ, ատոր ալ ճարը կայ, վրայ բերաւ ամենիմաստ կերպով ծանրախոհ Կայծիկեան էֆէնտին։

Էֆէնտին ամէն բան գիտէր, ու իմացած էր կնոջմէն իսկ առաջ։

Երկու շաբաթ վերջ, Ամերիկայէն վերադարձող հարուստ Կեսարացիի մը հետ կը նշանուէր Օր. Աստղիկ Կայծիկեանը, որուն անունը երգերու մէջ արդէն իսկ սկսած էր յիշուիլ, ու Հերոսին սիրոյ յայտնութիւնը կատարեալ գայթակղութիւն մը դառնալ։

Այս նշանտուքը թաղեցիներուն զուարթութեան եւ ծաղրանքի նոր էջեր հայթայթեց։ Հասնողը տոմսակ մը առած Հերոսին վրայ կը վազէր, կը բանար, կը դնէր անոր աչքին առջեւ, ու բարձրաձայն կը կարդար

ՕՐ. ԱՍՏՂԻԿ ԿԱՅԾԻԿԵԱՆ

ՊՐ. ՏՐԴԱՏ Գ. ՍԵՐՈԲԵԱՆ

Խօսեցեալք

1909, Մայիս Սկիւտար


Հերոս, կործանուած իր բոլոր սիրոյն մէջ եւ անվերջ հեգնանքներէ նեղուած, սկսաւ երեկոները ալ փողոց չելլել, թէեւ իր համեստ սենեակն ալ հանգիստ չէին ձգեր։

Օրիորդ Աստղիկին նշանուածական կեանքը երկար չտեւեց. վրայ հասան հարսանիքին օրերը, ու հարսանեկան պատրաստութիւններուն հազարումէկ մանրամասնութեան մէջ քիչ մը մոռցուեցաւ Հերոսը։

Պսակի երկուշաբթին, մութը կոխելէ վերջ, Հերոս անգամ մըն ալ գնաց պտտիլ Կայծիկեան էֆէնտիին տան շուրջը. արդէն իսկ բոլոր սենեակները լուսաւորուած էին ու կիսովին բաց վարագոյրներուն ետեւէն արագ ու զուարթ շարժումներ կը զգացուէին։ Աչքերը տունին ուղղած, փողոցին անկիւնը անզգած, անշարժ, ժամ մը կենալէ վերջ, Հերոս արագաքայլ իր սենեակը դարձաւ։

Օդը ամպամած էր ու սենեակը սովորականէն մռայլ։ Լոյսը չի վառեց. գրեթէ տապալեցաւ անկողինին վրայ։

Մտածելու եւ զգալու անկարող էր, երկար ու տաժանելի հիւանդութենէ ելլող մարդու մը պէս։ Ուղեղը կը գործէր աւրուած մեքենայի մը նման։ Նոյն իսկ մոռցած էր վերջին օրերու իրադարձութիւնները, Յետաշրջութեան յուզումները, իր կեանքը յօշոտող տարփանքը։ Մէկ քանի ժամ այսպէս պրկուած, ու իր խորշերէն դուրս հոսող աչքերը անքթիթ, ստուերակուռ սենեակին անծանօթ մէկ կողմը յառած մնաց անմտած, ահռելի, մթամած պարապով մը ուղեղին մէջ։ Յանկարծ խաժասպիտակ լոյս մը ողողեց սենեակը, ու որոտումի մը երկարատեւ, ահեղասաստ դղորդը պայթեցաւ միջոցին անսահմանութեանը մէջ։ Րոպէապէս Հերոսի միտքն ալ լուսաւորուեցաւ կարծես։ Ան ոստում մը ըրաւ, եւ նստաւ։ Երբե՛ք իր կեանքին մէջ, մտային ատանկ պայծառութիւն մը չէր ունեցած. ուղեղը պարածածկող բոլոր մշուշները պատռտած, ծուիկ ծուիկ եղած, ցրուած էին։ Մտածումի ամենազօր կարողութիւն մը ունենալ կարծեց։

Ու իբրեւ յստակօրէն արտայայտ, նրբորոշօրէն գծագրուած պատկերներ, իր չարչրկուած ուղեղը երկնեց կրկին, Հերոսի առաջին օրերը թաղին մէջ, սահմանադրութեան սկիզբը, փոխ առ փոխ համակրանքը եւ ատելութիւնն ու ծաղրանքը կրթուած, պարկեշտ թաղեցիներուն։ Աւելի վերջ՝ Յետաշրջութեան օրերուն՝ Կայծիկեան էֆէնտիին տունը, Աստղիկի լրբենի խաղերն երեւան եկան, ու իր տռփական, անխորտակելի սէրը։ Մասնաւորապէս ուժգնօրէն գծագրուեցան ու երկարաձգուեցան իր առջեւ, Կայծիկեան էֆէնտիի աղջկան շարժումները։ Տեսաւ Աստղիկը կիսամերկ, իր հասուն կլորութիւններով, իր պարուհիի դիրքին մէջ, տեսաւ անոր բումբերը կաթնաթոյր, համեղ. յետոյ իր վրայ հակիլը։ Հերոս գոցեց աչքերը հեշտանքով ու հառաչեց.

Էլի՜, որքա՜ն յիմար եղայ ես, ի՞նչպէս չի գրկեցի, համբուրեցի, բոլոր մարմինով չի տարածուեցայ նրա մերկ երկարութեանը, ու չարաչար չի պղծեցի…։

Նորէն սենեակը լեցնող խաւարին հետ Հերոսի միտքը թմբիրով ու մթութեամբ համակուեցաւ։

Դուրսը, տեղատարափը խարազանի ուժեղ շաչիւններով կ’աղմկէր սալարկներն ու տանիքները, եւ հոսուն ջուրերու շտապը՝ գորշ, թասուն միջոցը կը լեցնէր անդադրում, տարտամ, անորակելիօրէն համատարած հծծիւնով մը։

Հերոս հեկեկանքի պոռթկում մը ունեցաւ։ Ու թերեւս խելահասութեան օրերէն ի վեր առաջինը ըլլալով լացա՜ւ, երբեմն երկարատեւ, ու յաճախ ընդհատուած, հառաչալիր հեծկլտուքներով։

Անոր լայն ուսերը, մսկոտ ու սգալից սենեակին սեւութեանը մէջ երկարօրէն ցնցուեցան, հեծեծանքներու ուժգնութենէն վարուած։

Երբ դադրեցաւ լալէ, ու սրբեց աչքերը ողողող տաք կայլակները ձեռներով, մէկէն սա զմայլելի բնանկարը կարծեց տեսնել։

Անտառախիտ լեռներ էին ատոնք, տարափներէ խրամատուած ու հեղձ, տեղ տեղ արեւակէզ մերկ կողերով, խորագոգ ծմակներով, որոնց վրայ ամպրոպը կ’երգէր, ու անոնց ստուերահոծ թաւուտներուն ջահն էր փայլակը։ Խումբ մը հրոսակներ, խնդուն, երգելով, տեղատարափէն թրջուած՝ բայց անհոգ, երագաքայլ կ’երթային մարդաշատ ու բարգաւաճ քաղաքներ գացող քարվաններու ճամբան կտրելու…

Հերոս ուռեցուց կուրծքը, կարծես ստնաւորի լայն ռունգերովը շնչէր լայնարձակ ասպարէզներու ազատութիւնը։

Ու յանկարծ՝ իբր լուսաւոր միտքէ մը ներշնչուած, վերցուց վերջերը շինած զոյգ մը տրեխներն, հագաւ, ամրացուց անոնց կապերը. թռաւ ոտքի. խլեց պատէն առկախ հրացանը, դուրս խոյացաւ, ու անհետ եղաւ խաւարին մէջ…։