Հերոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՐՈՍԸ
Ե.

Պահակախումբերը կը պտտէին եւ կը հսկէին։ Ապրիլի գեղեցիկ, աստղազարդ, բայց անլուսին գիշերներ էին, կէս խոնաւութիւնով թաթաւուն կիսագաղջ մթնոլորտով, որ զգեստները կը պարածածկէր կակուղ տամկութիւնով, արտեւանունքները կպչուն կը դարձնէր, ռունգերէ ներս անախօրժօրէն կը թափանցէր, կը կճէր կոկորդի գեղձերը։ Սովորական ատեն՝ ատանկ մթնոլորտ մը դիւրատար է, բայց բոլոր այս նորավարժ խումբերուն համար, որոնք ծանր, ճնշող, ահաբեկող պաշտօն մը յանձն առած էին, որոնց ուսերը հրացաններու, նոյն իսկ ատրճանակի մը, քանի մը շարք կապարներու ծանրութեան անվարժ կը կքէին, այս մարդոց համար օդը խորհրդաւոր, թասուն, ցուրտ եւ մռայլամած էր։

Շարժուն խումբերը շրջաննին կ’ընէին անաղմուկ, երէներ հալածող որսորդներու զգոյշ քայլընթացով, կարելի եղածին չափ իրարու մօտ սեղմուած, կարծես մէկմէկէ ուժ գտնելու համար։ Կը դողային շատեր, ու հակառակ որ ցրտութիւն չի կար, գրեթէ սարսուռը իրենց զիստերէն մինչեւ գագաթի մազերը կը մագլցէր։

Արիւն տեսած քանի մը աներկիւղ առաջնորդներ, կռիւի պատմութիւններով կը ջանային տաքցնել նորավարժները։ Սերոբի, Մուրատի, Անդրանիկի կռիւներէն, Հայ-Թաթարական ընդհարումներէն դրուագներ կը բերէին, իրենց եւ ուրիշներու սխրագործութիւնները կը պատկերացնէին, ու հին յաղթութեանց կազդուրիչ այդ օրինակներով մէկէն բռնկած երեւակայոտ՝ խանդավառ ուղեղներ, վանելով հին մտավախութեան թմբիրը, կը տարուէին անլուր երազներու։ Անոնք կը կարծէին ինքզինքնին յաղթական պայքարէն վերջ՝ թշնամին նահանջի խուճապին մատնուած, Տաճիկ թաղեր կրակի տրուած, ու բուռ մը անվեհերներ հսկայական մայրաքաղաքին մէջ մխրճուած, անոր տիրած։ Բայց գորշ ու անողոք գիշերը երկարելով հետզհետէ կը մարէր առկայծ բոլոր ցնորքները, ու տակաւ այս խորին, համատարած լռութեան մէջ, անծայրածիր, անհուն ու աստղալի երկինքին տակ, այդ մռայլամած ու նիրհող փողոցներուն, ուր սոսկումը մարած էր խօսքը, հառաչը, նոյն իսկ շնչառութիւնը, որոնց մէջ բորոտ շուներ միայն կը սլըքտըկային աղբերու շուրջ ոսկորի մը ի խնդիր, կամ կատուներ խոյս կուտային գողերու երկչոտութիւնով, այդ բարձունքներուն, ցածութիւններուն մէջ, կոռէլներու թաւաստեւ ու մռայլ ստուերին տակ, Չամլըճա, Ֆրէնկին լեռը, Հայտար Բաշա, Գուզկունճուգի ձորը տանող ուղիներուն վրայ, նոր, արտակարգ, արհաւրալից երեւակայութիւններու մէջ կ’իյնային թաղերու այս քաջարի պաշտպանները։ Երեւակայութիւնը, այդ զմայլելի ու թշուառական գործիքը, գիշերուան եւ միջավայրի բոլոր երեւոյթներէն սնունդ կը ստանար, կ’ընդարձակէր, խռոված, ուղեմոլոր, ծանրածանր ուղեղներուն մէջ, կը ճիւղաւորուէր, պատկերներու, տեսիլներու անհամար ձեւեր կ’որոշագծէր։ Դժոխային երազներու տիեզերքներ կը ստեղծագործուէին այդ ճղճիմ, յիմարօրէն փոքր տուփերուն մէջ, գնդակով մը, քարով մը, կռուփով մը ջախջախելի։

Անոնք որ դէպի Գուզկունճուք առաջնորդող ձորին բարձունքը, Պէյլէյպէյի տանող ճամբուն վրայ կը հսկէին Հրեաներու գերեզմանատան մէջ, վարի խաւարչտին հովիտէն, որ անյատակ, մթին պարապութիւն մը կը թուէր այդ պահուն, լացի տրտունջներ, հատկլտուն կափկափումներ, աւաղներ կը լսէին. իսկ հետզհետէ գիշերուան առաջացումով այդ փոքր հնհնուքները կը մեծնային, ողբերը կ’ըլլային սողոսկող վիրաւոր մարմիններու։ Իսկ ինչ որ չէին լսեր, կը տեսնէին։ Կէս գիշերէն վերջ՝ երբ Պոսֆորի լոյսերը մարիլ կը սկսէին, եւ ջրաշոգին կը ծածկէր բոլոր հանդիպակաց բլուրները, ու կը սքօղէր ծովուն մակերեսը, յանկարծ՝ այլանդակ ձեւեր կը ծնէին, մարմին կ’առնէին, արշաւասոյր թաւալումներով կը յարձակէին։ Եըլտըզէն ելլող Համիտիէներ էին ատոնք, ուրուականներու ծիծաղով, զինավառ հորդաներու աշխուժութիւնով առաջացող հետեւակներ եւ հեծեալներ։

Չէին խօսեր պահնորդները, որովհետեւ բոլորին առջեւն ալ տկար այլազանութիւնով միեւնոյն արհաւիրքի պատկերը կար որ, զօրաւոր մէկ երկու ուղեղէ հզօր թելադրութիւնով մը, անցած էր միւսներուն մէջ։ Յանկարծ խումբէն մէկը կը հառաչէր, ուրիշ մը անոր կը հետեւէր, ու հառաչը կը փոխուէր շարունակական, անհատնում, յուսահատեցնող յօրանջումի մը։ Խոնաւութիւնով օծուած իրենց կրկնոցներուն մէջ կը կծկուէին։ Պիտի ուզէին, գոնէ մեծագոյն մասը, փախիլ, փախիլ, տուն երթալ, հանգչիլ փափուկ, սպիտակ սաւաններով, օրերէ ի վեր երազուած անկողիններուն մէջ. երբեմն յառնող այդ պատկերը ուժգին կը խռովէր զիրենք. արտասուելու չափ կը գորովէին. քրոջ մը, մօր մը չափ սիրելի, փայփայելի կ’երեւային այդ անկողինները կարմիր ծածկոցով ու ճերմակ սաւաններով։ Թող իյնային անոնց մէջ, քնանային ու ի՛նչ փոյթ, մորթուէին հոն։ Սակայն վաղուան պարծանքի մտածումը թոյլատու չէր ըլլար։ Եւ յետոյ՝ խումբով մարդիկ որքան ալ վախնան, նորէն սփոփուելու տեղ ունին, հաւաքականութեան մէջ գործող մահը այնքան տաժանելի չէ։

Կոռէլներու կամ հայ գերեզմանատան մէջ հսկողները, աւելի տագնապալի դիրքի մը մէջ կը գտնուէին։ Գերեզմանի պատերուն ետին սեղմուած, ինկած, պաղ, թրջուած շիրմաքարերուն վրան՝ անոնք թշնամիին կը սպասէին։ Բուն թշնամին կ’ուշանար, բայց այլ թշնամիներ կը դարբնուէին, աւելի սպառնական ու աւելի անմարդկային։ Մէկ երկու ժամուան մեղմ խօսուըտուքէ ու խոհանքէ վերջ, մտավախութիւն մը, այս սպասող, լուռ մարմիններուն կը տիրէր, կոռէլներուն բոլոր քարերը եւ գերեզմաններու ցցուն տապանները նախ կը սարսռային, կ’երերային, ու միասին, իբր գերագոյն հրամանէ մը վարուած՝ կը քալէին ուղիղ, անշարժ քարերու ծանրութեան լրջութիւնով, նախ փոքր, ուրուագծային, հետզհետէ երկայն, մեծղի, կշռող ու տապալուելու ձեւեր կ’առնէին պահապաններու գլխուն մօտ։

Կը կծկուէին, բնազդով իրարու ձեռք կը փնտռէին, ու մին կը մրմնջէր.

Ծօ՛ Երուանդ…

Ի՞նչ է, Յակոբ…

Հիչ…։

Կ’անցնէին վայրկեաններ, ու տեսիլը այլապէս խռովիչ կ’ըլլար։ Շարժող դամբանները կ’անյայտէին. հիմա ալ կմախքներու ժողովուրդը կ’ամբառնար անոնց ստորոտի փոսերէն, զինուած մանգաղներով, սրունքներու եւ թեւի ոսկորներով, դագաղի տակաւին անփուտ ողնափայտով, գաւազաններու, կամ շիրիմներ եզերող սուր վանդակաձողերու անցուած գանկերով։ Այս գերագրգռուած երեւակայութիւնով մարդիկ, կ’իմանային կմախքներու ոսկերոտիին զօրեղ հունչը, կարծես շատ չոր, արեւակէզ, խանձած թաւուտներու մէջ ճարակող, հողմահալած բոցերուն նման ճարճատուն։ Ասով այդ աղմուկը կը դառնար անդրշիրիմային եզական խօսուըտուք մը, որ իրենց գլխուն վրայ կանգնող դարաւոր սեւլիներուն, հնամենի ծառերուն մէջ կը սաւառնէր, կը դաշնաւորուէր, կ’երագուէր, կը դադրէր յանկարծ, եւ ուժգնօրէն կը վերածնէր։

Մէկէն այս ամէնը իբր երազ կը խուսափէր այդ արտասուաթոր ընդլայնուած աչքերէն, երբ տասնապետ մը, կամ խմբապետ մը աւելի վարժ, աւելի կորովի, կը գոչէր.

Տղա՞ք…

Ի՞նչ է, հա՛, ի՞նչ է…։

Լա՛ւ, հոդ էք… կը հսկէ՞ք… ձայներ կ’առնեմ։

Դէպի Հայտար Փաշա տանող պողոտային վրայ սպասողները նուազ չէին տագնապեր։ Ասոնք ամէնէն աներկիւղներն էին, որ վտանգի ճամբուն վրայ պիտի սպասէին, որովհետեւ Սէլիմիէի ըմբոստ զինուորներուն դէպի Սկիւտար խուժումը նկատի կ’առնուէր։ Փռուած աւեր որմերու ոտքին տակ տարածուող մարգերուն վրայ, անոնցմէ քանի մը հատը վերջապէս կը քնանային, իսկ շատեր մրափներէ վերջ կ’ոստնուին։ Ճակատամարտ մը տեղի կ’ունենար։ Զօրքերու, քալող վաշտերու ծանր մոյկերուն անորոշ աղմուկը տամուկ գետնին վրայ կը զգացուէր։

Հողին կպած անոնց ականջները կը լսէին ոտնաթափումներու աստիճանական յաւելումը։ Յետոյ հեռաւոր, անորոշ, անճանաչ իրերը, սէվլիներու անտառակը կ’ամոփուէին, կը խիտնային. կը բացուէր ռազմադաշտը. ու հնաւուրց զօրականի մը, զոր աշտանակած կը տեսնէին փրփրերախ ձիուն վրայ, հրամանով կը սկսէր գուպարածը սպառնագին. թնդանօթներու երախէն կը հոսէր բոցն ու ծուխը, ու գիշերուան տամկութենէն անփայլացած սուիններ մութին մէջ կ’առաջանային արագ։ Պայքարը ահաւոր կը դառնար, կրակներ կը բարձրանային շուրջանակի բոլոր կէտերէն, կը թալլուէին հեռաւոր տուները, ու օդը անլուր կանչերով դղրդուած՝ այրող մարմիններու ճենճերահոտով կը տոգորուէր։

Ուժգին կը տրոփէր սիրտերնին, հողէն արթնցող պայթիւններու չափ զօրաւոր։ Բաց աչքերով հիմա, որովհետեւ բնութիւնը կը քնանար, ալ անոնք լաւ կը տեսնէին զօրականներու ծաւալումը թաղերուն մէջ, խումբերը աւարառու խուժաններուն արիւնաներկ ձեռներով, երախացած կլափներով, ընդլայնուած աչքերով, որոնք յիմարական վազքով կ’ընթանային. ու անոնց ետեւ ու անոնց վրայ՝ անհամար տարմը ագռաւներուն գիշատիչ։ Հայկական ազատամարտը անունով նկար մը կը վերանորոգուէր հսկողներուն մէջ։

Կ’ըղձային՝ խեւօրէն կը փափաքէին հողին մէջ կորսուիլ, թաղուիլ, հեռանալ աւերածի այս մարտավայրերէն, պահուըտիլ հեռաւոր կայանները խաղաղութեան։ Ո՞ւր սակայն, այս սպանդներու դասական ու չուառ հողին վրայ։ Բարեբաղդաբար վարդայտն արշալոյսը, Գայըշ Տաղըի, Այտոսի սարերուն ծոծրակէն կը զգացուէր. բոլոր առարկաները կը զգենուին տակաւ իրենց իրական, չափազանց հասարակ ձեւերը, եւ բոլոր ոգորումները, արենավառ գուպարները կը դադրէին, տեղի տալով ողորմելի, անհոգի, անգիտակից իրերու ձեւորոշումին։ Լայնօրէն կը շնչէին պահակները, կ’ոգեւորուէին. ու դանդաղօրէն, երկար պայքարող մարդոց նման պարտասած, ծանր անդամներով կ’առաջանային դէպի թաղերը՝ հոն լուծելու համար շարքերը, պատուհաններէն մեկնող բոլոր հրացիկ, երախտագէտ ակնարկներուն տակ, ու յետոյ սկսելու առասպելները, երազներու պատմութիւնները, վախին բարեացակամ ազդեցութեան տակ ծնած երեւոյթներու իրականացումները։