ՄԿՐՏԻՉ
ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
(1829–1868)
Մ.
Պէշիկթաշլեան
Պոլսեցի
է
եւ
աշակերտ
Մուրատեան
վարժարանի.
յետոյ՝
Հ.
Ղ.
Ալիշանի
եւ
Հ.
Եդ.
Հիւրմիւզի:
Մեծապէս
ազդուած
է
Վենետիկի
մեծանուն
Մխիթարեան
գրագէտներէն
եւ
իր
շատ
մը
քերթուածները
գրած
է
գրաբար,
հայկական
տաղաչափութեամբ
կամ
ոչ:
Ազնուական
եւ
փափուկ
մեծավայելչութիւն
մը
եղած
է
միշտ
իր
յատկանիշը՝
թէ
իր
գրականութեան
մէջ,
որ
նուիրուած
է
հայ
դիւցազանց,
հայ
եղբայրակցութեան,
Հայաստանեայց
կամ
տիեզերական
բնութեան,
մաքուր
հոգիներու,
որք
կոյսեր
են
կամ
քաջեր,
կամ
բարձր
տաղանդներ,
թէ
իր
ընկերական
կեանքին
մէջ,
որ
ապրած
է
ոչ
թէ
անշուք
ու
վայրի
բնութեան
մը
գիրկը՝
այլ
մտաւորապէս
ու
ընկերապէս
բարձր
դիրք
ունեցող
միջավայրի
մը
մէջ,
որու
այր
ու
կին
ներկայացուցիչներու
յարգանքը,
սէրը
եւ
խնամքը
վայելած
է
միշտ:
Իր
ոճը
անտաշ
չէ
Դուրեանի
ոճին
պէս,
որովհետեւ
աւելի
մեծ
տաղանդ
ունի
Պէշիկթաշլեան,
թէեւ
թերեւս
նուազ
հանճար
կամ
ստեղծագործական
աւիւն:
Իր
գրաբար
քերթուածներուն
մէջ
յաճախադէպ
է
ինչ
որ
կը
կոչուի
կատարեալ
տող:
Մաքրութիւն,
ազնուութիւն,
նոյնիսկ
ներդաշնակութիւն,
բնականութիւն
իր
ոճին
մէջ
կը
տիրեն:
Կատարելապէս
կիրթ
է
իր
գրականութիւնը
եւ
կը
յիշեցնէ
Լամառթինը,
որուն
քաղցր
մեծվայելչութիւնն
ունի
առանց
անոր
հանճարին:
Բանաստեղծութիւնը
ինչպէս
իր
անուշութիւնը
կը
պարտի
Պէշիկթաշլեանի
եղբայրական
խանդաղատ
էութեան,
նոյնպէս
իր
վեհութիւնը
կը
պարտի
յաւիտենական
կենաց
գաղափարին,
որով
տոգորուած
է
Պէշիկթաշլեան:
Հոգեպաշտ
մըն
է,
անբացատրելի
կատարելութեանց
բնազդը,
զգացումը,
ճաշակն
ունի
եւ
հակառակ
անոր,
որ
ինչ
ինչ
դիւցազներգակ
քերթուածներն
պատերազմաշունչ
կ’երեւան,
սիրալիր,
խաղաղ
ու
շքեղ
կեանքի
մը
իտէալը
ունի
Պէշիկթաշլեան:
Այս
պատճառներով
քաղաքակրթիչ
ազդեցութիւն
մը
ունեցած
է
իր
շուրջը,
միանգամայն
իր
սրբանուէր
մարդու
օրինակով:
Նախագահ՝
Մուրատ-Ռաֆայէլեան
ընկերութեան
տարեկան
հանդէսներուն,
հիմնադիրներէն
«Համազգեաց»
ընկերութեան,
որուն
նպատակն
էր
միութեան
կապ
մը
հաստատել
Կաթոլիկ
եւ
Լուսաւորչական
հայոց
միջեւ,
անդամ
դարձեալ
երաժշտական
միութեան,
անկեղծ
ու
բուռն
հակահասունեան,
ուսուցիչ,
ճառախօս
եւ
առաջին
անգամ
ըլլալով՝
հեղինակ
ազգային
թատերախաղերու
եւ
բանաստեղծ,
ինքզինքը
ի
սպաս
դրած
է
միշտ
ազգին
հոգեկան
եւ
մտաւորական
մակարդակը
բարձրացնող
գործերու
եւ
հայ
գրականութեան
ու
ընկերութեան
փառքերէն
մին
է
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան:
Իր
աշակերտութեան
ատենէն
իսկ
աշխատակցած
է
իր
ուսուցչաց
«Բազմավէպ»ին:
Յետոյ
գրած
է
քերթուածներ
եւ
թատերախաղեր,
որոնց
ներկայացմամբ
է
որ
սկսաւ
հայ
թատրոնն
ի
Կ.
Պոլիս:
Ծերենցէն
յետոյ,
որ
Պէշիկթաշլեանի
գրեթէ
բոլոր
գործերն
ի
լոյս
հաներ
է,
Չօպանեան
վերստին
հրատարակեց
անոր
բանաստեղծութիւններն
ու
ճառերը,
իսկ
վերջերս
կրկին
տպագրուեցան
թատերախաղերն
ալ:
Լաւագոյն
թատերախաղն
է
«Արշակ
Բ.
»,
ունի
նաեւ
«Կոռնակ»,
«Վահան
Մամիկոնեան»,
«Վահէ»,
չորսն
ալ
ողբերգութիւն
կամ
տռամ,
եւ
երկու
կատակերգութիւններ՝
«Աւազակներն»
եւ
«Երեք
քաջազունք»:
Օտար
թատերախաղեր
ալ
թարգմանած
է
հայերէնի
(«Բրուտոս»,
«Սաւուղ»,
«Մահ
Կեսարու»):
Թատերագիրը
բաւական
նսեմ
է
բանաստեղծին
քով: