Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԵԹԵԱՆ
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ

Որքան աւելի ուրախ պիտի ըլլայի եթէ այսօր, իր քառասնամեայ Յոբելեանին առթիւ ինծի թոյլ տրուէր լոկ կարդալ այստեղ մէկ քանին իր մեծվայելուչ էջերէն եւ անոնց պսպղուն վեհածածան հոսանքներուն մէջ օրրել ինչ որ մեր ամենուս հոգիներուն մէջ կայ բարձրագոյն, եւ այս վայելքին իրականութեան թողուլ հոգը վերարծարծելու կամ շատերնուդ մէջ նոյն իսկ ստեղծելու այն հիացիկ յարգանքն որուն իրաւունք ունի բանաստեղծ Յոբելեարը, եւ այնքան աւելի իրաւունք որքան ո՛չ երբեք իր քերթողութեան քառասուն տարիներուն մէջ մտաբերած է ունենալ համեստն Յովհաննէս Սեթեան: Իր բանաստեղծութիւնն, իր բոլոր գրականութիւնը պիտի պերճախօս եւս ճառէր իր մասին քան իմ չքոտի փորձս անոր վրայ խօսելու, որովհետեւ յայնժամ զձեզ պիտի գտնէիք դէմյանդիման եւ նոյն իսկ անձնատուր այն ազնուութեան որ այդ գրականութիւնը կը լեցնէ, կը տոգորէ, որ անոր շքեղութիւնն ու օգտակարութիւնն է միանգամայն, որ գործօն սկզբունքն է անոր. ազնուութիւն որ Սեթեանի մէն մի էջին, մէն մի տողին մէջ կը տրոփէ անդեդեւուն, առնավայել, եղբայրակա՛ն ու քաղցր:

Շատերդ զայն չէք իսկ ճանչնար. միւս կողմէ ինքն ալ ճանչուելու կամ որ նոյն է՝ հիացուելու հետամուտ չէ եղած բնաւ եւ ո՛չ իր անձն եւ ոչ իր գործն իրենց ամբողջութեան մէջ ունեցած են սերտ կախում մը ժամանակէն, որպէս զի իր համբաւն ալ այժմէութիւններէն օժանդակուէր: Չկարծուի թէ Յովհաննէս Սեթեան այժմէութեան մարդը չըլլալով բոլորովին, արժանեաց ու պատուոյ հնարաւորութիւններ կը կորսնցնէ. վասն զի քան առօրեայ ներկան աւելի ընդհանուր ներկայ մը կը տարածուի իւրաքանչիւր ազգի համար. ներկայ մը որ ազգի մը նկարագրին ու ճակատագրին տեւական այժմէութիւնն է. եւ տակաւին խորագոյն ու ընդարձակագոյն ներկայ մը, այն է մարդկային հոգւոյն հիմնական մշտատեւ այժմէութիւնը: Եւ Յովհ. Սեթեան եղած է ա՛յնքան ժամանակաւոր պարագաներու մարդը որքան եւ մանաւանդ մարդը՝ ազգ. եւ մարդկ. հանգամանքներու: Եւ երբ այսպիսի մարդ մը բնականաբար զերծ է ժամանակակիցներուն ուշադրութիւնն հրաւիրելու փառասիրութենէն, անշուշտ կրնայ շատերուն համար մնալ անծանօթ:

* * *

Այն առաջին ու գլխաւոր հանգամանքը որով Սեթեան ազգային տեւականագոյն ներկային կը վերաբերի, իր գրականութեան լեզուն է անտարակոյս: 1882էն, քերթուածներու իր առաջին հաւաքածոյին՝ «Գրական Զբօսանք»ին հրատարակութենէն, եւ 1888էն, քերթուածներու երկրորդ հատորին՝ «Յուզման Ժամեր»ուն լոյս տեսնելէն մինչեւ 1912, այսինքն մինչեւ «Արշալոյսէն Վերջալոյս» հատորը (որուն առաջին կէսը կը բաղկանայ երկու նախորդ գործերուն մեծագոյն մասէն, եւ երկրորդ կէսն ալ մէկ համառօտեալ ամբողջութիւնն է վերջին 24 տարիներու ոտանաւոր եւ արձակ գործերուն) Սեթեանի Հայերէնը իրաւ է թէ նոյնը մնացած չէ, եւ այդ պատճառաւ այդ վերջին հատորին մէջ կը տեսնուի որ գրագէտը հոգածու եղեր է՝ որքան հնար է արդի աշխարհաբարին ոգւով Հայերէնի մը վերածելու իր հին քերթուածոց լեզուն, հետեւաբար լեզուական միութիւն մը գրեթէ յառաջ բերելու իր գործերը խտացնող այդ նորագոյն գրքին մէջ, եւ իր երկն ալ աւելի արդիացնելու, բայց Սեթեանի այդ նոր Հայերէնն անգամ հեռու է տակաւին ըլլալէ մեր այժմու գրողներուն մեծամասնութեան աշխարհաբարը, եւ իր հին կերպերուն ըսենք հանրահայկական հանգամանքը կը պահպանէ, գէթ քերթուածներուն ամենամեծ մասին մէջ:

…Ամպե՜ր բարձրաբընակ, բամբակ մարմին ձեր լուսաւէտ

Այերաց մէջ թող յօրինէ անթիւ ձեւեր եւ անանուն,

Հսկաներու պատերազմներ, նիզակ, վահան, կառք, թընդանօթ,

Ամեհի վագրերու խումբ, վիշապք առկախ եւ վոհմակ շանց,

Բերանաբաց մողիզ ահեղ, կամ հերարձակ կանանց բանակ,

Բիւրաւոր կերպարաններ որ զբօսցունեն միտքս եւ աչերս:

Երեկոյին ծուխ, ծառացիր եւ կըցուելով յերկնակամարն,

Կապէ թելն իմ տեսութեանս քու բացական նըպատակիդ,

Թող նայիմ յար ի յերկին, յերկին ցանգ լայն եւ վսեմ,

Եւ մոռնամ գէթ մէկ վայրկեան աշխարհն եւ իր փոքրըկութիւնք:

Եւ ըստ իս, այսպիսի լեզուով մը գրուած իր գործերուն մէջ է որ ամբողջովին ներկայ է Յովհաննէս Սեթեան: Կարելի է վստահաբար ըսել թէ այս է իր լեզուն, որքան ալ ինքը ուզած ըլլայ այժմ աւելի աշխարհիկ գնացք մը տալ անոր. վասն զի գրեթէ այս իսկ է լեզուն գրական այն ազնուազարմ սերունդին որ մեզ ընծայեց ոճի մեծամեծ արուեստաւորներ, ինչպէս Նարպէյ, Պէշիկթաշլեան, Օտեան, Թէրզեան, Աճմեան, Տէմիրճիպաշեան, Ոսկեան, Պէրպէրեան, Արմէն Լուսինեան, Ելքէնճեան ելն. սերունդ որուն մերձաւորագոյն նախահայրն է «Նուագ»ներուն մեծ բանաստեղծն, եւ «Ընդ Եղեւնեաւ»ին մեծ գրագէտը, անհունն Ալիշան:

Այդ պերճաշուք աւանդապահ ազնուորեարին կը վերաբերի Յովհաննէս Սեթեան, իբրեւ մին անոր արդի հարազատագոյն հաւատարմագոյն ներկայացուցիչներէն: Անտարակոյս, Նահապետէն մինչեւ այսօրուան արծաթահեր բայց մրայօն Յոբելեարը՝ մտաւորական ձգտումները ճշդիւ միեւնոյն ուղղութիւնը չեն պահած. բայց լեզուն, որ իբր այն՝ մի՛ն է ազգի մը տեւողագոյն ինչքերէն, եւ կրնայ ըսուիլ՝ ազգային նկարագրին վերացական ընդհանուր արտայայտութի՛ւնն, ազգին դերին հետ ունի ամենասերտ աղե՛րս. այնպէս որ կ’այլափոխի՛ երբ այդ դերն է որ կ’այլասեռի, եւ իր սեփական յատկանիշերը կը պահէ երբ այդ դերն է որ կը մնայ միեւնոյն. լեզուն, կ’ըսեմ, Ալիշանեան գրական ցեղին Հայերէն լեզուն, թէեւ զուրկ կատարեալ նոյնութենէ, բայց եւ այնպէս ունի ամենահին մտաւոր ազնուականութեան մը մշտանոյն նշաններն իբրեւ ընդհ. յատկանիշ մը, Հայոց լեզուին ամենակարող Քերականութենէն իր պահած ու պերճօրէն կիրարկած կերպերուն մէջ եւ անոր ամենաբաւ բառարանէն իր ժառանգած ճոխութեան, քանզի հնա՞ր է բաժնել իրարմէ ա՛յդ քերականական ձեւերը զոր կը մերժեն սակայն ոմանք, եւ ա՛յդ բառերը որոնցմէ չեն ուզեր սակայն զրկուիլ:

Այդ լեզուն է ուրեմն Յովհ. Սեթեանի ալ լեզուն եւ քիչ բան կայ աւելի փայփայիչ մեր ազգային փառասիրութեան համար, քան տեսնել այդ լեզուին գեղեցիկ լուսակարկաչ հոսումը Անոր երկին մէջ.

Ծիր կաթին քեզ կը թըւի արահետ մը սպիտակասփիւռ

Ուրկէ, դեռ քիչ առաջ, Էակն անցաւ զոր կը փընտռես…

. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .

Ի՞նչ կայ հեշտագոյն քան անհունին ապաւինիլ

Եւ աւելի քաղցր ի՞նչ կայ քան հաստատել անծայրածիրն:

Եթէ մարդուն պատահէր երբեք տեսնել հակառակն,

Եթէ ծայր մը կամ սահման տիեզերքին նըշմարէր,

Ո՞չ անհրապոյր յայնժամ կ’ըլլար աշխարհ եւ ո՞չ ե՛ւս ամայի…

Ո՛հ, Սեթեանի լեզուն իր քերթուածներուն եւ արձակ էջերուն մէջ, կարծես ամբողջ հայերէնն է բանաստեղծութեան մէջ: Ամբողջ հայերէնն. ամեն տխրութեանց ու չարչարանաց եւ ամեն արբշռութեանց բարբառը. աշխարհքն ու գերաշխարհը պատմող, բնութիւնն ու երկինքը պատկերացնող, արեւապա՜շտ հայերէնն, աստուածանուագ հայերէնը, տառապագին տեսլապաշտութեան արտայայտչի իր դերին մէջ: Ո՛հ, բացայայտ է որ Սեթեան գնահատած ու յարգած է հայերէնն. այնչա՛փ թոյլատու է այս լեզուն գաղափարաց երանգները, երեւակայութեան տեսիլներն ու խանդին յորդառատ զեղումներն արտայայտելու, երփներփն ու պատկերալի՛ց ու հնչե՛ղ, այնչափ լի է կարողութիւններով, այնչափ հզօր է եւ ազդու, եւ այնչափ լի՜ անցեալով: Սեթեան սիրած է հայերէնն եւ ուսած է զայն. գիտէ զայն կատարելապէս, ուստի կը գործածէ զայն եւ որքան հնար է ամբողջովին: Աւելի ընտանի իր ընչեղ ու հարուստ բառարանին քան ամենօրեայ հրապարագրական գրականութեան բառացանկին, աւելի արժէք ընծայելով իր ամբարող լեզուագէտի ուսման քան այլոց ուսանելու եւ պահելու անփութութեան կամ անատակութեան, չուզեր խորհիլ թէ սովորական գրականութեան մէջ անսովոր եւ օտարոտի կրնան թուիլ իր բազմազան հոլովումներն ու խոնարհումները որ ըստ կամս եւ ըստ պարագային կը սղեն կամ կ’երկարեն բացատրութիւնը, որ վանկեր կը շահեցնեն դիւրաւ կամ պարապներ կը լնուն վայելչօրէն, ու հնչիւններու զանազանութեամբ կարող են մեր ուշադրութիւնն յափշտակել եւ ցնծութիւնն ըլլալ մեր հայկական լսելեաց…– չի մտածեր թէ կրնան խժական կամ անհարազատ թուիլ իր պերճ ածականներն ու մակբայները, իր զարմանալի գոյականները, իր փարթամօրէն ժպտուն ու պչրանոյշ դերանուններն եւ մինչեւ իր մոգական նախդիրները որ վանկիկ մը, գիր մըն են եւ բառեր կ’արժեն:

Չուզեր, ընդերկար չէ ուզած մտաբերել թէ իր աշխատութեան խուցէն դուրս ի՛նչ կը խորհին աշխարհաբարին նկատմամբ. ի՛նչ՝ նկատմամբ այն լեզուական հանդերձին զոր մեր մտածումը պէտք է հագնի այսուհետեւ, եւ վաղո՛ւց, թէ բառերու եւ ձայներու որպիսի՜ աղքատացում, բայց անպէտ աւելորդ վանկերու որպիսի խճողում միանգամայն հարկադրուած են լեզուին, թէ ինչպէս պարտաւորուած ենք ամենքս ալ, ափսո՛ս, աւելի պարզ, աւելի արձակունակ, աւելի ռամիկ եւ մերթ աւելի գեղջուկ, եւ յաճախ յոյժ նուա՛զ հանրահայկական տարազի մը հանդուրժել: Սեթեան կը թուի չլսել բոլոր այն քրթմնջիւնները որ կը բարձրանան ամենայնի դէմ որ հին-ազգային աւանդութիւն է եւ կը յաւակնի այժմէութիւն մնալ, բայց որ ներկային մէջ դանդաղացման ու զարտուղման ու նոյն իսկ յետս դարձի սկզբունք մը կը թուի: Որովհետեւ Յովհ. Սեթեան ի նկատ կ’առնէ միայն իր հայերէնագիտութեան, իր պատկերալից ու ձայնահարուստ տաղաչափութեանն ու արձակին հայրենի իրաւունքները, եւ գոգցես նաեւ աւանդութեանց պահպանմամբ եւեթ տեւելու սկզբունքով՝ պարտաւորութիւնն ուրեմն աւանդապահութեան: Իր ա՛յն նորագոյն բացառիկ էջերուն մէջ ուր նուազ տեսլապաշտ ու նուազ անդրաշխարհիկ եւ աւելի յուսահատ է Սեթեան, ուրեմն ո՛չ աւանդապահ, հո՛ն արդարեւ իր լեզուն աւելի մերկ է գրաբարի զարդերէն ու զանակներէն եւ պիտի կարդայի ձեզ այդ կտորները, եթէ Սեթեանի այս տեսակ մը ինքնուրացութիւնն ինծի հաճոյ ըլլար: Սակայն արդարեւ, խիստ յաճախ, անոր զգայասէր, խանդաղատ ու հիացիկ հոգւոյն մայրենի լեզուն է հայերէնը. եւ եթէ ո՛չ միշտ հայրենիքի բանաստեղծ մը կամ հայրենիքի հայ մը՝ բայց յաւէտ հայերէնի բանաստեղծ մը, հայերէնի՜ Հայ մըն է Յովհ. Սեթեան: Ոհ, իր ազգասիրութեան գեղեցկագոյն ձեւն է իր սէրն առ ազգային լեզուն. իր ճշմարիտ, իր սքանչելի հայերէնագիտութիւնն իր Հայու առաքինութիւնն է: Այսպէս էր նաեւ մեծամասնութեան մէջ այն միւս մեծանուն գրագէտներուն որոնց ազգասիրութեան մէկ գերազանց ապացոյցն իրենց լայն ու խորին տիրացումն էր լեզուին, անոր անցեալն ու ներկան միանգամայն ընդգրկող: Ստուգիւ, սիրել լեզու մը եւ տիրանալ անոր, հաստատել է ներքին համաձայնութիւն մը մեր էութեան եւ այն բարբառն ունեցող ազգին նկարագրի հիմնական յատկութեանց հետ որք այդ լեզուին բառերով ու բացատրութիւններով արտայայտուած են արդէն: Եւ եթէ ամեն ճշմարիտ Հայ քաջահմուտ չէ իր լեզուին, ամեն հայերէնագէտ Հայ ճշմարիտ Հա՛յ մըն է անտարակոյս:

* * *

Սակայն, ի՞նչ գաղափարներ եւ ինչպիսի՞ մտաւորականութիւն մ’է զոր իր պերճափայլ լեզուով կ’արտայայտէ կամ կը զգացնէ մեզ Յովհ. Սեթեան: Այս կէտը կարեւոր է. վասն զի բանաստեղծութիւնն, ինչ որ ալ ըսուի այդ մասին մտածողութեան մէկ ազատագրումը չէ բանականութենէն. եւ եթէ զբօսանք իսկ ըլլար, դարձեալ պիտի չըլլար սանձարձակում մը ախորժակներու եւ յուզումներու: Ինչ որ գեղեցիկ է՝ նուազ ենթակայ չէ բանականութեան քան ինչ որ բարի է. եւ բանաստեղծական արուեստն ու գեղեցիկ արուեստները ոչ այլ ինչ են քան բանականութիւնն՝ յուզումներուն մէջ:

Ապա բանաստեղծութեան մէջ ներկայ է մարդն իր մարդկային սեփական յատկանիշերով. այսինքն մարդը որ կը խորհի, եւ ընդհանուր գաղափարներու համեմատ ինքզինքն ու իր գործերը կը վարէ: Եւ գիտէք որ զգացումները չեն այլ ինչ բայց եթէ յուզումներ զոր գաղափարք կը ծնին: Այնքան աւելի վարակիչ են բանաստեղծին զգացումները որքան աւելի՛ արդիւնք են մարդկային յատկանիշերու, այսինքն բանական սկզբանց եւ կարողութեանց, որքան աւելի՛ կրեն կնիքն այդ յատկանիշերուն: Ո՛չ թէ երբ աւելի կը խորհի բանաստեղծը քան կը զգայ, կ’իմաստասիրէ քան կ’երգէ, այլ որքան աւելի՛ ուղիղ կը խորհի, որքան աւելի՛ իր զգացմանց սկիզբը գտնուած է գաղափար մը՝ հարազատօրէն բանական:

Հա՞րկ է յիշեցնել թէ չարին ու բարւոյն անխաբ եւ հաստատուն ճանաչումը խորագոյնն է մեր բանական կարողութեանց, եւ հասարակաց խարիսխը մեր բոլոր դատաստաններուն, ուստի արուեստագէտին ու բանաստեղծին ալ մտածութեան, եւ աւելի՛ մեծ իրաւամբ անոնց, քանի որ անոնք մարդկային աւագորեարին կը պատկանին: Իրաւունք ունինք ուրեմն գիտնալու թէ ինչպիսի անձ է խորհողն Յովհ. Սեթեանի մէջ. ինչ են եւ որքան բանավայել իր մտածութիւնք: Ակներեւ է թէ իր իմացականութեան մէջ ոչինչ աւելի ներկայ ու գործօն է քան իմացումը Կատարեալին, Յաւերժականին, Բացարձակին: Բայց կը թուի ինծի թէ, Պէրպէրեանի, Տէմիրճիպաշեանի եւ այլոց պէս եւ գուցէ անոնց ալ ազդեցութեամբ բանապաշտ (rationaliste) մըն է Սեթեան. վերջին դարուն սովորական եզրակացական վիճակ անոնց մէջ որ աւելի կամ նուազ տեղեակ են փիլիսոփայութեան պատմութեան, բայց նոյնքան տեղեակ չեն թէ անիկա պատմութիւնն է ինքնագլուխ յանձնապաստան մտքին ծիծաղաշարժ խարխափումներուն: Իր քերթուածներէն միոյն մէջ, «Ձայնք ի միայնութեան», բանաստեղծը կը թուի գիտնալ փիլիսոփայութեան դոյզն նշանակութիւնը. բայց իր գրութեանց մեծ մասին մէջ կը մնայ միամիտ ու դժբախտ rationalisteը որ է: Մինչեւ իսկ իր սիրելի Կոստանդնուպոլիսը թողլով Եգիպտոս երթալէն ի վեր այդ բանապաշտութիւնն հետեւած կը թուի ո՛չ թէ իր զառիվերին՝ այլ զառիվայրին, եւ Սեթեանի ազնուազգի այլ մանկական ու ազդելի հոգւոյն մէջ ալ կը թուի կրկնուած ըլլալ ինչ որ տեղի ունեցած է պատմութեան մէջ, 18րդ դարուն…: Թոյլ տուէք ինձ, Տիկնայք, թոյլ տուէք ինձ, Պարոններ, քիչ մը սոսկալ դէպ ի նիւթապաշտութիւն այն վարանոտ էջքին համար զոր կատարել տուած են իրեն թերեւս հայկական աղէտներն ու Եգիպտոսի կեանքը… Արդեօք, կ’ըսէք, լա՞ւ կ’ընէր եթէ չբաժնուէր Վոսփորէն, եւ նոյն իսկ Սկիւտա՜ր գար բնակելու… նոճեա՜ց Սկիւտարը… որուն վրայ խօսելու առթիւ իր մէկ նորավէպին մէջ կ’ըսէ թէ «մենաստանի հրապոյր» մը ունի, թէ «անմռունչ հանդարտութիւն մը որ կը մրափէ հոն». «քաղա՞քն ես, գի՞ւղն ես. ծովէն հեռո՞ւ, ծովուն մօ՞տ. երկինքին տա՞կ ես թէ մէ՛ջը»…:

Սակայն բացորոշ է թէ Սեթեանի մտքին մէջ ոչինչ աւելի ներկայ ու գործօն է քան գաղափարը Կատարեալին. թէ Արդարին, թէ Բարւոյն խորին իմացումը ունի. թէ Սեթեան կը մնայ Տեսլականի մա՛րդ:

Եւ որովհետեւ արուեստի եւ բարոյականի շատ մը տեսլապաշտներու պէս ինքն ալ փիլիսոփայ չէ բարեբախտաբար, այլ բանաստեղծ, այդ տեսլապաշտութիւնը թոյլ կուտայ իրեն դաւանիլ պէտքը եւ հնարաւորութիւնն արդարութեան, բարութեան, եղբայրութեան երանանդորր վիճակի մը, որուն՝ այժմու պայմաններով իրագործման մասին յոռետես է իրաւամբ: Արդարեւ, մէկ կողմէ rationaliste մը լոկ ըլլալ, եւ միւս կողմէ տաղանդի ու կեանքի տեսլապաշտ մը եւ տեսնել ահաւորութիւնն ու զազրութիւնն աշխարհին, եւ դեռ յամառ լաւատես մը ըլլալ անկարելի է: Անէութեան իմաստով թիւրիմացուած Նիրվանան, Եղիայինը, եւ ունայնութեան գաղափարը յաճախած են իրեն. եւ ինչպէս իր վայրկեանները տխրեցուցած նոյնպէս իրենց իսկութեան օշինդրը խառնած իր քերթուածներէն մէկ քանիին որ Սեթեանի երկին աւելի քան հարիւր կտորներուն մէջ մասնաւոր տասնեակ մը կրնան ձեւացնել: Բայց որքա՜ն աւելի մեծ է իր մէջ խղճի կեանքին նկատմամբ իր յարգալիր ու հիացական համոզումը. որքա՛ն ալ աշխարհքի տեսարանը մերթ այդ դաւանանքը դեդեւեցնէ, սակայն անիկա գլխաւորն է այն ձեւերուն զոր Սեթեանի մտածողութիւնը խիստ յաճախ կը զգենու: Հոգեւին բարեպաշտ, վասն զի աւելի քան քսան հատուածներ իր երկին մէջ այդ բարոյական տեսլականը կը յայտնեն, եւ մնացեալին մէջ ոչինչ կայ որ հակասէ այդ համոզման գրագէտը ցոյց կուտայ թէ հոս բանականութեան հետ համաձայն է անվերապահօրէն, եւ ստուգիւ իր էջերուն ամենամեծ մասին վրայ կը թուի գաղտ իմն նշուլել բարձրագոյն մտածողութեան մը կնիքը: Աւելորդ է ըսել թերեւս, թէպէտք չկայ որ արուեստի մարդը անպատճառ եւ ուղղակի բարոյախօսէ, այլ պէտք է որ իր մտածութեանց արմատն իսկ եղած ըլլայ անայլասեռելի եւ անվկանդ ծանօթութիւնը բո՛ւն լաւին, բացարձակ բարւոյն, ինչպէս եւ չսնուցանէ չտածէ՛ ու պատկերացման իր զօրեղ միջոցներով հրապուրիչ չընծայէ՛ այնպիսի զգացումներ որ եղած ըլլան բուն լաւին ծանօթութեան հետ անհաշտ գաղափարներու ծնունդ: Հակառակ այդ հիման իրականութեան Սեթեանի մտքին մէջ, ոչինչ կայ արդէն իր գրականութեան մէջ վարդապետական. Այնպէ՞ս են միթէ այն քանի մը խօսքերը զոր նկարիչ Պետրոս Սրապեանի մէկ կտաւին՝ «Մշեցի աղջկան» բերանը կը դնէ, ուղղելով զանոնք Հայ աղջիկներուն.

Ձեր պատիւը թեթեւութեանց մի՛ զոհէք.

Զի ուր ազգ մը ամբողջ ունի մեծ ցաւեր,

Կիներ պարտին ըլլալ լուրջ ու ծընգասէր:

Կամ այն զմայլելի խօսքերը զոր իր աշակերտներէն իրեն ձօնուած Վարդապսակի մը առթիւ կ’ուղղէ անոնց մեծ վայելչօրէն, եւ որոնցմէ է սա տողը.

ԶԱստուած երբեմըն տեսնել չը լինի, ձեզ դժուարին…:

Կամ մանաւանդ ոչինչ կայ Սեթեանի մէջ հրամանական (dogmatique). այս ամենաքաղցր ուսուցիչը ոչինչ ունի հարկադրիչ յանուն բարոյական սկզբանց. նոյն իսկ իր բանապաշտի տարակոյսներն ու ժխտումներն անգամ կը թուի արտայայտել զգուշիւ, առա՛նց, որքան հնար է, ճոռոմ ձեւերու կամ մարտահրաւէր վճռաբանութեան: Ներողամտութիւնն (tolérance) իսկ է Սեթեան: Եթէ կա՛յ իր մտքին համար անբարոյական բան մը՝ անարդարութիւնն է այն: Ա՛հ, անաչառ է յայնժամ եւ աներկիւղ, անիրաւախոհ. եւ ահա իր հայերէնագիտութեան անձաւէն կը հանէ մռայլ շողիւնով մը վառվռուն իր զէնքերն անոր դէմ շանթելու: Բայց բանաստեղծներու դասական ազատախոհութեամբ աչառու է ինչ ինչ կասկածելի ողջմտութեամբ ընթացքներու որ սակայն էապէս այլավնաս չեն թուիր: Կարծես կը դաւանի մեղապարտ անբարոյութիւններ եւ անմե՜ղ անբարոյութիւններ. այս վերջիններն ի նպաստ խեղճերու, ինչպէս այն միւս առանձնաշնորհեալ խեղճերուն որ երիտասարդներն են…: Եւ սակայն պարկեշտ ու խոհական է Սեթեանի երեւակայութիւնը, ամենէն փայլունն իր մտաւոր կարողութեանց, եւ զօրեղագոյնը: Վիպային տեսիլներու երեւակայութիւն մը, հրեշտակային եւ ամեհի. մանկական եւ միանգամայն հսկայական: Երբ կը յիշէ անցեալը, սիրելի՜ անյագենալի անցեալը, իր երեւակայութիւնը կարող է վերկենդանացնել իրերն անոնց զգայարանական բոլոր յատկութիւններով: Բայց նաեւ այդ պատկերացուցիչ կարողութիւնն ունի մերթ այն զարմանալի զօրութիւնն որ իրերը կը վերաստեղծէ, զանոնք կարծես զտելով: Երբ իր խորունկ աչքերը բանի մը կը նային, կարծես այդ բանն ահա կ’առնու նոր էութիւն, նոր արժէք. բարձր հրապոյրով մը կը զեղու. Սեթեանի նայուածքին տակ այդ բանը կը զգենու վեհութիւն: Չեմ գիտեր, նախապաշարո՞ւմ պիտի համարէք արդեօք երբ ես սքանչացմամբ տեսնեմ սա տողերուն մէջ իւրաքանչիւր իրի վրայ տեղի ունեցած այլակերպութիւն մը. անցեալի վերյուշումներ կ’ընէ. սիրազեղ կը յիշատակէ հին ընտանի բաները.

Եւ բըլուրներ, եւ հեռաւոր գիւղօրէք

. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .

Եւ անտառակն այն, ի գագաթ բլրակին,

Ուր հինաւուրց մի ծերունի զուարթագին

Ջուր անցորդին տար ի սափոր պաղպաջուն…

Առ Վոսփոր տուած իր հրաժեշտին մէջ տեսէք.

Ողջոյն, մահիկք երկնահամբոյր, լուսավառ,

Ալեակք ազնիւ, ամպեր թեթեւ, հողմավար…

Կամ թէ

Վըճի՜տ աղբերք լոյծ վըտակաց կենսաբուխ.

Ուր ոչխարաց հետ մարդ կախէ իւր գըլուխ,

Հարկնել ծարաւն եւ տապն ամրան արփաւէտ…:

Ո՜վ մարգարօտք դալարազուարճ, ուր գարուն

Սըրսկէ ծաղիկ, որպէս արեգ շողշողուն

Ցոլեր ցանէ ծովուն յալիս վէտ ի վէտ…

Իր գեղեցկագոյն քերթուածներէն միոյն՝ «Երկու տուներ»ուն մէջ տեսէք ի՛նչ կ’ընէ մանկութեանը սիրելի իրերն ու էակները.

Ճրագունք որ գնան մէկ սենեակէն միւս սենեակ,

Բոց նըռնենին, որպէս խոնարհ տանձենեակ.

Եւ դարձեալ, յաճախ, ստեղծող է իր երեւակայութիւնն, որքան անհրաժեշտ է սակայն քնարերգակի մը, արձակագրի մը, նորավիպագրի մը: Տեսէ՛ք ինչ կը պատմէ փոթորկի մը նկարագրութեան մէջ.

Եւ հեղեղներ սկըսան խաղալ յաղթաջուր,

Եւ փապարներ, խորափիտներ թաքթաքուր

  ոխոջէին մեծագոռ.

Գոգցես տիտան հեծեալներ, մէջ վիհերուն,

Զբաղած էին, դոյլեր առած ջրով լեցուն,

Մաքրել իրենց գոմ ւ’ ախոռ:

Իր քերթուածները թէ արձակները զեղուն են պատկերներով: Կարելի՞ է այդ էջերը մի առ մի յիշել, նոյնիսկ ընտրանօք. զոր օրինակ «Խնդութիւն»ն ու «Խորհողը», «Գարո՜ւն»ը, «Թէ ինչպէս խենդեցաւ»ը, «Կոյր աղջիկը…»: Կարելի՞ է. մանաւանդ որ գուցէ սպառելու վրայ եմ Ձեր ներողամիտ համբերութիւնը, Տեարք իմ եւ Տիկնայք:

Եւ այս երեւակայութիւնն ինչպիսի՛ աշխոյժով ու ճարտարութեամբ կը նկարէ շնորհալի քնքոյշ բաներ, ինչ որ մանկական է եւ ինչ որ իգական, ինչ որ երիտասարդական է, գարնանային, կենսալի եւ զուարթ.

Մի անըզգամ թըռուցիկ

Որ բարձրանալ չը կամի…

Օրեր ուսման եւ մըրցանաց ի մարզ մըտաց դեռաբողբոջ,

Ուր եւ դոյզն ինչ կը խառնուէին տարտամ դէմքեր երբեմնակի

Քաղցրահայեաց աղջկան որոյ շրթունք էին անոյշ…

Իր սիրային քերթուածներէն մին կը վերջացնէ այսպէս.

Արդ, երբ այսպէս ամեն բան

Քեզ պատմած եմ, անձկալի՜ս,

Աչք մեր դէտակն ի յալիս,

Դառնանք ի մեր օթեվան:

Դառնանք ի տուն, եւ մարդիկ

Երբ տեսնեն մեզ միասին,

Մեր վրայ ցանգ թող խօսին

Եւ զարմանան, հրեշտակի՜կ:

Թող զարմանան թէ ի՛նչպէս

Մենք կը նմանինք իրերաց.

Զի խորհուրդներ երկնասլաց

Ըրին զիս ճիշդ նըման քեզ:

Նըման եղայ քեզ, Սէլմա՜,

Աչքերուդ մէջ նայելով,

Որպէս յերկնից կ’առնէ ծով

Իր Սուրբ Կապոյտն ակնահմայ:

Եւ թող հարցնեն մեղմաբար,

«Ո՜հ, այս ժամուն, գիշերի,

Իրար փարած, թեւ թեւի,

Ո՞ւրկէ կուգան քոյր, եղբայր»:

Բայց նաեւ ինչպիսի յորդութիւն եւ ոյժ իր երեւակայութեան մէջ երբ կը պատկերացնէ զարհուրելի քստմնելի տեսարաններ, մանաւանդ երբ հայկական կոտորածներէն անհանդարտելի կերպով խռոված է իր հոգին…

Վագրեր ոյց աչն է գեհեն…

Քանասար գայլերուն վոհմակը…– Ոչ, ոչ, չպիտի կարդամ ես ինչ որ գրած է՝ ի Խասգիւղ իր վերջին այցին վրայ (217), ինչ որ գրած է   րիմեանի մահուան վրայ (186) եւ ուրիշ բազմաթիւ առիթներով. գրութիւններ՝ որոնցմէ մին, ուղղուած Թուրքի մը, հրատարակեց Սուրէն Պարթեւեան իր «Հոսանք»ին մէջ…:

Ո՛հ, Սեթեանի կարողութիւնն…– ուրիշ անգամ մը, վասն զի գիտէ իր հոյակապ բառարանը զանց ընել բոլորովին, ծովը կը նկարէ ահաւասիկ այսպէս.

Թալա՛սա, թալասա, թալասա, թալասա…

* * *

Բոլոր այս երեւակայութիւնը շարժման մէջ դնող, զայն արծարծող բոցավառող բաներն են իր մեծամեծ զգացումները, որոցմով է որ մեծ է արդէն ինքն ալ, Յովհ. Սեթեան. - զգացումներ, առհասարակ արդիւնք բարձրագոյն գաղափարաց: Չէ՛ անոնցմէ որոնց մէջ երեւակայութիւնն է որ զգացումները կ’արտադրէ կամ կը ձեւացնէ. այլ անոնցմէ, այն հարազատ զգացողներէն որոնց մէջ յոյզերն են որ կը բորբոքեն երեւակայութիւնը: Ո՛հ, ի՛նչ տարբերութիւն՝ խորհող Սեթեանին եւ զգացող Սեթեանին միջեւ. խորհողը վարանամիտ է, զգացողը անզուսպ. խորհողը կը տարուբերի գլխիկոր, զգացողը խոյանալով կը խիզախէ. մինչդեռ խորհողը կը թաքչի, կը ստուերարկուի, կ’աներեւութանայ, զգացողը կը յայտնուի մերկալանջ, երփնավառ կը փայլատակէ այն տեսիլներուն մէջ զոր կը կոչէ. եւ ինքն է որ կը զեղու բոլոր այս մատենագրութեան մէջ: Եւ ի՞նչ են Սեթեանի զգացումները: Տխրութիւն մը որ կը ծնի Հայաստանի վրայ հրոսող գազանութիւններէն, աշխարհի անարգութեանց տեսարանէն, եւ իր բանապաշտի տարակոյսներէն: Զմայլում մը բնութեան. զմայլում որ կը յորդի իր բոլոր էջերէն, եւ մասնաւորապէս բնութիւնը նիւթ ունեցող աւելի քան տասնեակ մը քերթուածներէ: Հիացում հանդէպ հոգեկան ամեն բարձր արժանեաց. բարոյական մեծութեան, հանճարի եւ մանկական ու կուսական անմեղութեան: Սրտմտութիւն եւ քամահրանք, եւ մերթ ներո՜ւմ ալ, այո, հանդէպ ամեն չարութեանց, եւ մանաւանդ Սէ՛ր. սէրն իր բոլոր ձեւերով, իր բոլոր արցունքներով. եղբայրական սէրն ու որդիակա՜ն սէրը. ազգասիրութիւնն եւ համամարդկային գութը. եւ վերջապէս միւս սէրը, տարփա՜նքը: Քսանեւհինգ բանաստեղծութիւններ, մէկ քառորդն իր բոլոր էջերուն, բանաստեղծը նուիրած է միայն այս սէրը պատմելու… Ասոնք են իր զգացումները, եւ ուրիշ զգացում չունի…: Ո՛հ, Յովհաննէս Սեթեան մին է ամենէն խանդաղատ հոգիներէն որ եկած ըլլան յաշխարհ:

Բայց ե՞րբ շիջան այնչափ ձայներ սիրելի,

Ե՞րբ՝ այնքանի՛ ականողիք, լուսով լի:

Բայց այն հասակք գեղուղէշ ե՞րբ ցնդեցան.

Գիշե՞ր եղան այն առաւօտք քրքմացան…

…Մի ակընթարթ եւ վըճարի ամեն բան

Սէր, գորով, յոյս…

…Դեռ երէկ էր, եւ խօսէին մեզ մեղմիւ…

Ի՜նչ գորով ու յարգա՜նք կայ սա խօսքերուն մէջ.

Պատուհանին ճենողկուզիկն ալ քնքուշ,

Ցօղաթուրմ վարդն որ կ’ողջունէ զարշալոյս,

Սոյլ եւ սըռիչ եւ հաւուց եւ ջրհորին…

…Բոց նռնենին, որպէս խոնարհ տանձենեակ…

Վայրագաւթի մընչիւնք նըւաղ, սօսափմունք

Թեւոց ի մթան…

…Ճրագունք որ գնան մէկ սենեակէ միւս սենեակ…

Իրեն ազգական օրիորդի մը մահուան առթիւ կ’ըսէ.

Նոր տարի մ’ալ ըսկըսանք, եւ տակաւին չեմ համոզուած

Թէ անդարձ դուն մեկնեցար մեզմէ, ո՜վ հէք դուն Մարիամ:

Այլ այժմ ահա արտասուք ջերմ, ջերմ կը հոսին աչքերէս,

Քանզի ըսիր. «Ողբա՛ զիս, երբ որ մեռնիմ, ո՜վ Յովհաննէս»,

Եւ մահուան պատրաստուեցար այն անպատում արիութեամբ

Որով լի են հոգիներ, երբ Անմահին կը տեսնեն լոյս:

. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .

Խե՜ղճ որբ աղջիկ, դեռ մատաղ մանկունք էինք երբ զառաջինն

Եկանք ձեր տունն ես եւ եղբարքս, եւ տեսանք քեզ անդանօր,

Ձմրան գիշեր մ’էր. կ’ըսէին թէ որբ էիր մնացեր:

«Գարուն» քերթուածին մէջ պատմելէ յետոյ իր խորհողի վիշտերն ու քամահրանքները, կը գոչէ.

Այլ մոռցայ այժմ ահա ամեն այս աղէտներ,

Եւ աղջամուղջն որ սըրտիս խորը պատատէր,

Շիջաւ ահա քու ժըպիտիդ առջեւ փայլուն,

Դուն թողութիւն ամեն ձըմրան, ո՜վ սուրբ գարուն:

Կուրծքիս մէջ է կապոյտն երկնի, առուին մըրմունջ,

Եւ երակացըս մէջ հոսի զեփիւռին շունչ.

Դայլայլիկներ, բըզզիւնք, սըղոխ եւ սօսաւիւն,

Հոսեցին յիս նըւիրական եւ քաղցր աւիւն.

Ճաճանչներու վըրայ խաղայ հոգիս թեթեւ.

Ամեն ծիծաղ գգուել կ’ուզեմ. հո՛վ, տուր ինձ թեւ…:

Պըսակ ճակտիս կապեցէք.

Կ’ուզեմ մոռնալ իմ ցաւեր:

Փունջեր իմ շուրջ թափեցէք,

Գարուն կարդայ ինձ հրաւէր,

Եւ մանկանա՜լ փափագիմ:

Արբեցոյց զիս քու համբոյր,

Ո՛վ բընութիւն խնկաբոյր.

Փունջե՛ր, փունջե՛ր, եղբարք իմ:

Սակայն ազնիւ պարոններ եւ շնորհալի տիկնայք, վերջին թոյլտուութիւն մըն ալ ըրէք ինձ, որ ձեզ կարդամ քանի մը հատուածներ իր սիրային մէկ շքեղ քերթուածէն, որուն խորագիրն է «Աստարտէ՛».

…Եւ այժմ ահաւասիկ միակ խորհուրդս ես դուն այլեւս,

Դուն առաջին իմ մըտածումս երբ արշալոյս կը կոչէ զիս,

Վերջին դուն պատկեր, երբ խոնջ աչերս փակուին ի նինջ:

Եւ այժմ մատիդ եթէ դըպչի յանըզգաստից ծայրը մատիս,

Թէ անխոհեմ հովը սըփռէ մազերուդ խունկը դէպ իմ կողմս,

Կամ պարեգօտդ, անցած ատենդ, գըգուէ թեթեւ իմն իմ հանդերձս,

Ամբոխելով կ’ալեծըփի յայնժամ հոգիս ծայրածաւալ,

Եւ գոգցես իմն յիս կոհակք հըրահոսան կը թաւալին,

Սըրտիս կը զգամ շիջանիլն եւ նըւաղիլն իմ աչքերուս:

Կը կարծեմ զքեզ փառապանծ իշխանուհի մը սիգաքայլ,

Որուն առջեւ կը խոնարհի ամեն գըլուխ պատկառանքով.

…Աւա՜ղ, թըշուառագոյն արարածն եմ աշխարհի վրայ,

Երբ վայրկեան մը համարիմ քու ջինջ պատկերդ ջընջուած գըտնալ.

Կը հաւատա՞ս, կ’անձկամ ըլլալ ապարանջանն որ կը փարի

Քու արմուկիդ փափկագոյն քան զամենայն որ է փափուկ.

Կուզեմ ըլլալ այն շըղարշն որ կը ծածկէ ռեհան մազերդ

Ցօղաթուրմ տակւին լոգարանին ծըփանքներէն.

Կ’անձկամ ըլլալ այն բահուանդն որ կը կապէ ոտքըդ քընքուշ,

Մանկան ոտք որ գոգցես կը կոխեն վրայ լոյս ամպերու:

…Ա՜հ, թէ վայրկեան մ’ընկըղմէի մէջ մազերուդ ովկիանուն,

Թէ ներէիր ինձ համբուրել անոր ալիքըն մըշկահոտ,

Թէ թոյլ տայիր ակընթարթ մը լոկ մոռնալ իմ էութիւնս.

Կը թուի ինձ, վըսե՜մ աղջիկ, թէ գորովէր պիտի Աստուած,

Եւ զի սէր է նա բովանդակ, պիտի հաճէր իմ գորովիս

Եւ հըրաման պիտի տար որ ադամանդ դառնային

Հարիւր իր աստղերուն եւ իջնէին պըճնել ըզքեզ…:

Որքան պարզ ու քաղցր է այս հոգին՝ պէշիկթաշլեանական մեծվայելչութեամբ այս քերթուածին մէջ, եւ որքա՛ն ճշմարիտ է իր սէրը: Ո՞ր սէրը, եւ ո՞ր զգացումը ճշմարիտ չէ այս մանկական եւ այրական սիրտին մէջ որ հիացում ու կորով է ամբողջ. ո՛հ սա տողը չի հեռանար բնաւ մտքէս. կ’արտասանեմ զայն երբ նռնենի մը տեսնեմ, մանաւանդ իր ջոլինարներովը (այսինքն իր կրակի գոյն ծաղիկներով) զարդարուած.

Բո՜ց նըռնենին, որպէս խոնարհ տանձենեակ…

Ինծի կը թուի թէ Սեթեանի գրականութեան մէջ ինչ որ կայ գերազանց, գերազա՛նց քան իր զարմանահրաշ հայերէնը, գերազա՛նց քան իր երփնավառ երեւակայութիւնն, իր զգացումներն են, իր սիրտն է այն. անպատում ազնուութեա՜մբ բաբախուն սիրտ, որուն տրոփներուն թնդիւնը պիտի չմարի մեր գրականութեան ու քաղաքակրթութեան մէջ…: Գուցէ բանաստեղծը տառապի այսօր խորհելով թէ չէ՛ կրցած լիովին արտայայտել այդ սիրտը իր գործերուն մէջ. ա՛յնքան լաւ գիտեմ թէ արտայայտուածը շատ աւելի նուազ գեղեցիկ է դեռ, շատ աւելի նուազ թանկագին է միշտ քան ինչ որ չէ՛ արտայայտուած: Շատերուս համար, որ աւա՜ղ, անժառանգ ենք այդքան ազնուութենէ, իր երկն ուղղակի թէ անուղղակի այդ սիրտն է որ կը պատմէ: Իր երկն ուրիշ բան չէ բայց եթէ արբեցուցիչ կարօտներուն բարձրագոյնները՝ ամենէն շքեղ լեզուներուն սիրելագոյնին մէջ. եղբայրութեան ու սիրոյ երգ մը Հայերէնի տօնի՜ մը մէջ. գոգցես ծիրանի դողդոջուն նեկտա՜ր զոր ոսկեհուռ գոհարայեռ բիւրեղով Յովհ. Սեթեան կը մատռուակէ իր ազգին, անոր դարերով տառապած սիրտը անմահութեան յոյսով զօրացնելու համար: