Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՈՎՄԱՍ ԹԷՐԶԵԱՆ (1838–1909)

Թովմաս Թէրզեան, Պէշիկթաշլեանի պէս աշակերտած է Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանին եւ անոր պէս հմուտ էր հայերէնի, ֆրանսերէնի, իտալերէնի եւն., նաեւ պատմութեան եւ հայ ու օտար դպրութեան: Մեծ գրասէր եւ մեծ գրագէտ. ուսուցիչ՝ լի հմտութեամբ եւ հրապոյրով, իր աշակերտներուն համար անմոռանալի:

Թէրզեանի գործերն են, բացի ֆրանսերէն դասագրքերէ, անջատ քերթուածներ, զորս ամփոփած չէ իր կենդանութեանը: Թատերական գործերն «Սանդուխտ», «Յովսէփ Գեղեցիկ», «Մահն Աբելի», «Մովսէս», եւ «Խոսրով Բ. »ը: Ունի քանի մը թարգմանութիւններ ալ, «Տաղք Անակրէոնի»՝ գրաբար, «Աստրա» (Էլիզապէթ թագուհին) եւն.: Մեծ Մխիթարեաններուն աշակերտ՝ ու ազնիւ մարդ ինքն ալ՝ պահած է միշտ գրաբարի ճաշակը իբրեւ բարձրագոյն գեղեցկութեան արտայայտիչ լեզուի մը: Գտնուելով ինք ալ գրաբարի եւ աշխարհաբարի ժամանակներու միջեւ՝ իր լեզուն խառնուրդ մըն է երկուքէն, բայց մանաւանդ ամեն գեղեցկութեանց սիրող իր հոգին է, որ երկուքէն ալ կ’առնէ ինչ որ գեղեցիկ կը թուի իրեն: Պատմական ու հոգեկան գրեթէ նոյն կացութեան մէջ գտնուող ուրիշ բանաստեղծներէ՝ Պէշիկթաշլեանէն, Պէրպէրեանէն, Եղիայէն աւելի Թէրզեան այդ խառնուրդ լեզուն արտադրած ու կիրարկած է ճաշակով, ձայնական ներդաշնակութեան լաւագոյնս հոգածու:

Իր բանաստեղծութեան մեծագոյն յատկանիշներն են գեղեցկապաշտութիւնն ու համայնազգայնութիւնը: Տիեզերական Գեղեցիկն է զոր կը գտնէ ու կը պաշտէ եւ մինչ Պէշիկթաշլեան մանաւանդ ազգային ու հայրենական եւ մերթ նաեւ բնականն է զոր կ’երգէ, Թէրզեան կը փառաւորէ, կը պանծացնէ նաեւ գեղարուեստականը, պատմականը եւ աւելի ընդարձակ զգացողութիւն եւ երեւակայութիւն ունի, քան մեր մէջ ուրիշ ոչ մէկ բանաստեղծ: Իր գեղեցիկը, սակայն, որքան բարոյական եւ որքան անաշխարհիկ, ճշմարտապէս բարձր է իր ներշնչմանց աղբիւրը եւ ոչ այլ ինչ է իրօք, քան անմահութիւնը, զոր Թէրզեան կը գտնէ բազմարտայայտուած ամենափափուկ, ամենադոյզն իրերու մէջ իսկ, երբ գեղեցիկ են անոնք, եւ ի՞նչ բան արդեօք չի գեղեցկանար ու չազնուացներ, երբ Թէրզեան կը նայի անոր:

Իր մէկ ուրիշ յատկանիշն՝ այս երկարակեաց բանաստեղծին մէկ ուրիշ զաւեշտական դրոշմն է, իր զուարթախոհ խաղաղութիւնը, որ կը բխի անտարակոյս այն արժանաւորութենէն, զոր ունի Թէրզեանի հոգին հանդէպ այն բարձրագոյն գեղեցկին, այն նոյնութենէն, որ կայ անոր եւ իր հոգւոյն մէջ, իր ազնուական ու ներդաշնակ հոգուն: Իր կատարեալ գեղեցկագէտի գործը՝ զինքը կը դարձնէ մեր ամենէն կարեւոր դասականներէն, եւ ներշնչարան մը, օրինակ մըն է անոնց որ կոչուած են բարձրագոյն զգացողութեանց եւ անոր արտայայտման: