Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Այս գրքին հեղինակն երբ զայն կը գրէր, խորհեցաւ որ անոր հրատարակութենէն յետոյ քննադատէր զայն ինքն իսկ: Արդէն գրքին սկիզբը դրուած Ծանօթութեան մէջ համառօտիւ իր դատաստանն ըրաւ, իբր նախապատրաստութիւն այդ առաջադրեալ քննադատութեան որու գաղափարն այսօր կ’իրագործուի. մանաւանդ որ Ելքէնճեան էֆ. իր դիտողութեանց ճշտութեան վրայ մեծվայելուչ համեստութեամբ տարակուսիլ ուզելով՝ գրեթէ կը հրաւիրէ հեղինակն երեւան ելնել իր գործին վրայ խօսելու. «Ով որ, կ’ըսէ իրաւամբ, հասարակաց արահետէն չընթանար, պէտք է ունենայ իր մասնաւոր պատճառները»: Նաեւ, «Մենք կը փափաքէինք որ, կը գրէ ազնուօրէն, «Ներաշխարհ»ի հեղինակը գար իր իրաւանց եւ շարժառիթներուն մեկնութիւնը տալ» («Բիւզանդիոն», 3052–5): Եւ որովհետեւ քննադատութիւնը միանգամայն պատճառաբանութիւն մ’է, Ինտրայի առաջադրութիւնն ու Ելքէնճեան էֆ. ի փափաքն իրարու համաձայն են. միայն պարտաւորուած եմ խօսքի նիւթ ընել մանաւանդ գրքին այն հանգամանքներն որ խնդրոյ առարկայ դարձան կամ թուեցան դառնալ, այսինքն՝ «Ներաշխարհ»ի Լեզուն ու Ոճը, եւ Իմաստասիրութիւնն ու Ոգին, թէեւ այս վերջինը, որ թերեւս իբրեւ բանալի պիտի ծառայէր այս կնճռոտ ու դժուարըմբռնելի գրքին, խնդրոյ նիւթ չեղաւ, զի խօսքի նիւթ եղած չէր յատկապէս ու որոշապէս. հազիւ ուշադիր ընթերցող մը պիտի կրնար Ելքէնճեան էֆ. ի քննադատականէն քաղել բաւական յստակ մէկ գաղափարը գրքին ոգւոյն, զոր Քննադատը չէր բանաձեւած, բայց զգացած էր զարմանալի ճշտութեամբ: Այդ նիւթերն առնելով, իմ ընելիքս ուրեմն ուրիշ բան պիտի չըլլայ գրեթէ, քան ընդլայնել ինչ որ գրքին Ծանօթութեան մէջ դիտել տուած էի գործին ինչ ինչ հանգամանքներուն նկատմամբ:

Ա. «Ներաշխարհ»ի հեղինակին իւրակերտ բառերուն բոլորին դէմ ծանր դիտողութիւններ չեղան արդարեւ իր երէց Քննադատներուն կողմէ: Ներելի է կարծել թէ սա տեսակ բան մը խորհեցան անոնք.

Բառերն ընդհանուր գաղափարներ կը յայտնեն. բայց այդ գաղափարաց ընդհանրութիւնը նոյն ընդարձակութիւնը չունի ամեն բառի մէջ, եւ կան բառեր որ բաղդատաբար մասնաւոր գաղափար մը կը յայտնեն, այնքան փոքր է իրենց տարողութիւնը: Արուեստաբանական կամ գիտական բառերն այսպէս են, վասն զի արդիւնք են աւելի մանրակրկիտ ծանօթութեանց, աւելի ճշտապահանջ դիտողութեան, աւելի զարգացեալ արուեստի: Ինչպէս պարզութենէն դէպ ի կնճիռը կ’այլանայ (se diffռrencie) ամեն գործարանաւորութիւն, ամեն կեանք, ուշադրութիւնն ալ կը դիմէ պարզէն դէպ ի կնճռոտը, բացայայտէն դէպ ի զննելին, եւ հետզհետէ աւեի հազուադէպ ու պարագայական երեւոյթներու յատուկ, աւելի մասնաւոր գաղափարներ կը ծնին, որք դեռ ընդհանուր են բաղդատմամբ ա՛լ աւելի մասնաւոր գաղափարներու որք դեռ կրնան երեւալ: Այս պատճառաւ է որ երբ ժողովուրդ մը խորապէս զբաղի ո եւ է բանով, եւ զայն դիտէ ամեն տեսակէտերէն ու ամեն այն եղանակաւորմանց մէջ որով կը ներկայանայ, կը ստիպուի այդ իրը կոչել այնքան անուններով որքան հանգամանք որ ունի ան: Ո՞վ զբաղած է բանով մ’այնքան հոգեւին որքան Արաբացին իր ուղտով կամ ձիով. եւ արաբերէնն ահա ունի ձի եւ ուղտ նշանակող հազարաւոր բառեր: Հոմանիշներու աճումն ամեն լեզուի ճակատագիրն է, պայմանաւ որ այն բանը զոր հոմանիշք կ’անուանեն՝ հետզհետէ մեծագոյն գործածութիւն մ’ու սաստիկ կեանք մ’ունենայ: Արդ, մինչդեռ շօշափելի իրաց նրբագոյն զննութեամբ անոնք իրենց հանգամանաց համեմատ նորանոր անուանմանց իրաւունք կը ստանան, ուստի եւ այդ իրերով զբաղողները չեն վարանիր նոր անուններ ստեղծել անոնց, ինչո՞ւ նաեւ ոչ շօշափելի բաներ ալ վիճակները կամ յատկութիւնները չունենան անուանումներ իրենց զանազանութեանց համեմատ, քանի որ ասոնք գոյութիւն ունին: Երբ ժողովուրդն է որ այդ վերացեալ բաներով զբաղեր է՝ ստեղծեր է անոնց անուններն ալ, չես գիտեր ինչպէս. բայց երբ, ենթադրենք թէ բանաստեղծ անհատ մ’է որ զգացեր է զանոնք, ի՞նչպէս այս զարգացեալ զգացողութիւնն աւելի մեծ իրաւամբ պարտաւոր չհամարուի իր մարդկային (կամ լաւ եւս՝ իր խորապէս հանրամարդկային) հոգւոյն զգացած յատկութիւններն ու վիճակները կոչելու իւրակերտ բառերով: Հոս, անշուշտ նախապաշարում մը կայ. լեզուի մը բառերուն մեծամասնութիւնն որոշ հեղինակներ չունի. ուստի մէկու մը կամ ոմանց սեփականութիւնը չէ: Մեծկակ մասի մը հեղինակներն ալ անծանօթ են կամ հեռաւոր անցեալին կը վերաբերին, ժամանակակից չեն: Հետեւաբար լեզուի մը բառերուն ահագին մեծամասնութիւնը զանոնք գործածողներէն մերժուելու ենթակայ չէ: Իսկ երբ ժամանակակից մը իւրակերտ բառեր կը թուի հարկադրել մեզի՝ մեր արժանապատուութիւնը կ’ըմբոստանայ: Այս նախապաշարման շնորհիւ, արդարեւ, անհատականութիւնն երբ մանաւանդ բաւական բացայայտ է՝ մեծ արգելք մ’է հանրայնացման. եւ որպէս զի բան մը հանրային դառնայ՝ պէտք է կա՛մ անոր անհատականութիւնը դադրի նշմարելի ըլլալէ, կամ որ նոյն է սիրելի ըլլայ: Ինչո՞ւ սակայն համարիլ թէ գրագէտ մը իր բառերը կը հարկադրէ հանրութեան. միթէ իր գաղափարները կը հարկադրէ՞ որ նոյնն ընէ նաեւ բառերուն համար: Իսկ եթէ ոչ ոք կը խորհի թէ հեղինակ մ’իր բառերը կը հարկադրէ մեզ, ուրեմն ի՞նչ հարկ կայ Ինտրայի բառերուն դէմ մաքառելու:

Բառակերտութիւնն ինքնին ուշագրաւ բան մ’է արդէն. ո՛չ միայն անով որ արուեստագէտի գործ է, այլ մանաւանդ անով որ արդիւնք է վերացման (abstraction) եւ ընդհանրացման: Մասնաւորապէս բարդութիւնք կ’ենթադրեն մտքին վերլուծման ու համադրութեան կարողութիւնները՝ առանց որոց անկարելի է բառ բարդել: Անոնք որ «Ներաշխարհ»ի մէջ տեսան Ինտրայի վերացման տրամադրութեան եւ վերլուծող-համադրողութեան արդիւնքները՝ պարտէին նաեւ ասոնց կարգը դնել Ինտրայի բառերը, որոց գոյութիւնն եթէ պիտի չարդարացնէին՝ գէթ պիտի բացատրած ըլլային: Արդարեւ հետաքրքրաշարժ բան մ’է հեղինակին բառաստեղծութիւնը: Իր գիրքին մէջ ինչպէս շատ են ընդհանուր գաղափարք, նոյնպէս շատ են սակայն մասնաւոր գաղափարք զոր իր բարդութիւնք յաճախ կը ներկայացնեն: Ծայրագոյն, պարզ, օրինակերպ գաղափարներու մէջ կը զանգէ Ինտրա երեւութապէս այլազան իրեր, եւ խոր ձգտում մ’ունի օրէնքները գտնելու: Այս միաւորիչին, այս ընդհանրացնողին բառերն յաճախ շատ մասնաւոր են, շա՛տ անհատական զգացողութեան մ’արդիւնք, եւ շա՛տ պարագայական երեւոյթներու յատուկ, ինչպէս փայլակներող, շանթակամող, ուրուառկախ, մենատրոփում, հրընկղմիլ, եւն.: Ինչէ՞ն արդեօք մեծապէս ընդհանուր եւ խստապէս մասնաւոր գաղափարաց այս գոյակցութիւնն Ինտրայի մէջ: Պէտք չէ՞ր որ ընդհանուրին մէջ ընկլուզէր մասնաւորները, ու այս վերջնոց անհատականութիւն ուստի յատուկ բառերով արտայայտուելու իրաւունք պէտք չէ՞ր որ չտար: Բայց հեղինակին վերլուծողութիւնը, կրաւոր թէ գործօն, (այսինքն երբ կը զգայ եւ երբ կը խորհի) կը պահանջէ որ իրաց անհատական արժէքները սաստկապէս իմանայ, մինչ միւս կողմէ իր համադրողութիւնը կը պահանջէ որ իրերը ձուլէ ընդհանուր յղացումներու մէջ, եւ ձգտի ամեն ինչ ընդհանրագոյն ամբողջին վերածելու: Այս կերպով է որ մէկ կողմէն երանգներ, պարագայական ու անհատական մասնաւոր գաղափարներ կը գտնէ, եւ միւս կողմէն զանոնք կը յայտնէ բարդութիւններով, մինչեւ բարդութեանց կրճատեալ, սեղմեալ ձեւով, որ բարդութիւնը միաւորում մը կը դարձնէ: Տառեր, կամ վանկ մը կրճատելով շինուած բարդ բառերն ո՛չ միայն երեւոյթն ունին վաղուց գործածուած ըլլալով սղուած ըլլալու (ինչ որ նորակերտութեան խրտուցիչ հանգամանքը մեղմելու կը նպաստէ), այլ նաեւ աւելի սերտ համադրութիւն մը, եւ այս գրքին ալ խտութեան դէպքերէն մին կը կազմեն: Հմուտ քննադատը ցուցուց թէ Հայ մատենագրութիւնը կարծուածէն շատ աւելի նմոյշներ ունի այդպիսի բառերու (Ելքէնճ., «Բիւզանդիոն», 3052): Եւրոպական լեզուաց ուսումնական բառերն ալ նմանօրինակ սղումներ կը ներկայացնեն մերթ, եւ բնական է խորհիլ թէ այս սղմունք աւելի մարդկային են քան տոհմային: Յետոյ, առ նուազն եռավանկներ են Ինտրայի այդօրինակ բարդութիւնները, եւ ոչ բնաւ երկավանկներ. զի բնաւ հարկ չկայ որ կրճատում մ’ըլլայ՝ բառն երկավանկ դարձնելու դիտումով: Պէրպէրեան էֆ. իր Յառաջաբանին մէջ կ’ըսէ թէ Հայ լեզուն մարդադաւի տեղ չըսեր մարդաւ, լուսասփիւռի տեղ լուսփիւռ, մտատանջի տեղ մտանջ, եւն. կարծել տալով ակամայ՝ թէ Ինտրա իր գրքին մէջ այդ հայերէն բառերն այս երկավանկերուն է վերածեր. այնպէս որ Ա. էֆ. Յարութիւնեան հեղինակին անձին ու գործին նկատմամբ իր քիչ մը bavardռ կարծիքներուն կարգին մէջ կը հաւատայ նաեւ թէ Ինտրա մտանջ, մարդաւ, լուսփիւռ եւն. ձեւերը շիներ ու գործածեր է: Ինտրա ոչ միայն չէ ըրած այդպիսի բան, այլ պիտի չընէր իսկ. վասն զի մտատանջ, լուսասփիւռ բառերն եւն. եւս աւելի կարճելու տեղի չկայ, թէ՛ անոր համար որ ընկալեալ ընտանի ձեւ մը բռնաբարել պիտի ըլլար ադ, թէ՛ վասն զի եռավանկ մը, նոյն իսկ քառավանկ մը հանդուրժելի է: Ինտրայի քով կարծեմ միայն բբացք բառը կայ, թէ սղեալ՝ թէ երկվանկ. բայց կանխաւ գոյ եղող բազմավանկի մը սղեալ ձեւը չէ. թէեւ իբր mydriaseին հայերէն՝ ճշտագոյն էր շինել բբալայնում բառը զոր սակայն թերեւս բիբի մը լայնումին համար շատ ընդարձակ գտնէր Ինտրա…:

Շարունակելով մեր բացատրութիւնները, պարտինք դիտել թէ հանգամանքներու, յատկութեանց եւ անոնց պարագայականութեանց ու երանգներուն առջեւ՝ վերացական (abstraction) Ինտրայի կրաւորապէս վերլուծական զգայնութիւնը, իր յուզմունքներն հաւատարմօրէն պատմողի տրոփուն աւիւնն ու յարակից երկիւղը՝ հարազատօրէն չարտայայտելու, կամ շտապը՝ վճռական բառին ու յաջողագոյն բացատրութեան ի խնդիր, եւ վերջապէս լիովին բնական ու արուեստագիտական բերումն՝ իր խորհածներուն հետ իր խորհիլն ալ, իր պատմած յոյզերուն հետ՝ իր զանոնք վերապրիլն ալ արտայայտելու (Տես Ծանօթութիւնը, գրքին սկիզբը), պատճառ կ’ըլլան որ իր վերադիրները բազմանան, եւ ի չափաւորում ասոր՝ Ինտրա առիթ կ’ունենայ կցելու, միացնելու ահա ինչ ինչ գաղափարներ. խնդիրներն ածականի մը կը վերածէ, բայն իր խնդրոյն կամ մակբային կը զօդէ, գոյականն իր ածականին, եթէ կարելիութիւն տեսնէ, եւ կը կազմէ իր նորանոր բառերը, որք արդիւնք են վերացնող ու ընդհանրացնող, վերլուծող-համադրող խառնուածքի՝ կամ աւելի ռամիկ տեսակէտով՝ հնարչական (inventif) մտքի մը: Ո՞չ ապաքէն բառ շինողներն եղած են գրեթէ միշտ անոնք որոց իմացականութեան մէկ գլխաւոր յատկութիւնն է վերացումը, ինչպէս նաեւ որոց նկարագրին մէկ յատկանիշն է վերացում մը, անջատում մը սովորական կեանքի իրերէն: Գաղափարի մարդիկ, գաղափարներու կեանքի մը սիրահար մարդիկ են որ բառ կը շինեն, ռամկօրէն խօսելով՝ վերացական մարդիկ: Բառաստեղծները միանգամայն անոնք են որ շատ բառ ունին, այսինքն շատ գաղափար. (ինչ որ անշուշտ ըսել չէ թէ բառաստեղծ է ամեն բառահարուստ գրող. ) ուստի շատ վախ չկայ որ լեզուին բառերը տարապայման կ’աճին. վասն զի միւս կողմէն ալ լեզուին մէջ կան բառեր որ հետզհետէ նուազ կը գործածուին, եւ բառարանէն դուրս չեն ելլեր ա՛լ, մոռացումէ կամ լքումէ ծերացած: Իսկ Ելքէնճեան էֆ. կը յիշեցնէ մեզ թէ «ինչ որ Ժամանակն ինք չի շիներ՝ անվրէպ կ’ոչնչացնէ զայն»: Կարելի չէ միշտ ճշտիւ ըսել, բանի մը ստեղծման պահուն թէ Ժամանակը պիտի պահպանէ՞ թէ ջնջէ զանոնք: Անգործածելի մնացած որքա՛ն հարազատ բառեր ունի հայ լեզուն, որք մոռցուած են կամ պիտի մոռցուին՝ զի շատեր չեն գիտեր զանոնք ու անոնց գործածութիւնը. իրենց տգիտութեան յանցա՞նքն ալ վեհաշուք Ժամանակին մէկ արդարութիւնը պէտք է համարիլ: Չի բաւեր որ ապրելու համար բառ մը պէտքի մը պատասխանէ. պէտք է զայն գիտնալ: Իսկ միւս կողմէ, ո՞րչափ յարգելի են մեզ այն իրերը զոր «Ժամանակը» կը շինէ եւ կը պահպանէ. որքա՛ն աղաւաղումներ ռամկին բերնին մէջ, որքա՛ն աշխարհաբարացումներ զոր չենք ուզեր վաւերացնել, զոր կը մերժենք անխնայ՝ իբրեւ գոյութեան անարժան բաներ. ո՞չ ապաքէն «Ժամանակը» ուրիշ բան չէ մերթ՝ այլ տգիտութեան ձեւերու խառնուրդ մը. անտարբերութենէ, մոռացումէ, գաղափարաց ու զգացմանց աղքատութենէ, զգայութեանց հասարակութենէ, խորշումներէ, քմայքներէ եւն. բաղկացած. ահա՛ ինչ որ է «Ժամանակ» մը, որ, աւա՛ղ, չէ միշտ այն Ժամանակն որմէ կ’ակնածի, որմէ իր օրհնեալ եւ օծուն ճոխութիւնը կ’առնէ Ելքէնճեան էֆ.:

Բայց վերջապէս ի՞նչ է մեր նպատակը. արդարացնե՞լ Ինտրայի բոլոր բառերը. ո՛չ երբեք. քաղաքացութեան իրաւո՞ւնք տալ անոնց. ամենեւին, եւ արդէն ասիկա մեր հասողութենէն վեր է: Գիրքն սկսող Ծանօթութիւնը «լեզուական մերթ անտեղի եւ կանոնազանց յանդգնութիւններ»ու խօսքը կ’ընէ. եւ արդարեւ «Ներաշխարհ»ը բաւական բեղուն է անոնցմով: Ինտրայի բառերուն նկատմամբ Ելքէնճեան էֆ. ի նկատողութիւնք կը վերածուին սա ճիշդ խօսքին. «Չեն արդարանար հետեւեալներուն նման բառեր. արտաքնում, կէտադրազուրկ, իսկանուշութիւն, եւն. որոցմէ ոմանց մէջ լեզուի օրէնքներն են որ ըստ արժանին չեն յարգուիր, ոմանց մէջ ճաշակն է որ կ’անտեսուի, ոմանց մէջ իմաստն է որ կը կորսուի: » Իրօք՝ արտաքնում, անարտաճահում, սլափթթում, կամարացուրտ, հիարշաւ եւն. սխալ են. մինչդեռ նոյնպէս չեն յետսամբարձում, թփհոծոյթ, մենատրոփում, եւն.: Դժբաղդաբար հմուտ ուսումնասիրողը զանց կ’ընէ իր քաղած նմոյշները բաժնել ըստ իր վերոյիշեալ դիտողութեանց, մանաւանդ ցոյց տալ ինչ բառեր որ լեզուին օրինաց հակառակ կերտուած են. ընթերցողք կը բաղձային անշուշտ որոշել հակօրէնն՝ ըստ օրինիէն: Քննադատն իրաւունք ունի երբ ճաշակի պակասն ալ կը գտնէ ինչ ինչ բարդութեանց մէջ. բայց պայմանաւ որ հոս ճաշակ բառը նշանակէ հայերէնական ճաշակ կամ սնոտի ու անտեղի բաներէ խորշում, եւ ո՛չ օրինակի համար կերտուածքի գեղարուեստականութիւն, երաժշտականութեան սէր. զի առ հասարակ գրքին նոր բառերը վայելչութիւն մ’ունին ձայնական կամ ոսկերչական, նոյն իսկ ամենէն անտեղիները, թփհոծոյթ, ագռաւաչ, ժանտարերք, յորդանգայտ եւն. նաեւ երազմայլ, զուգառաչ, հեռազանգում, եւն. որք նաեւ սխալ են: Արդ, «ճաշակ»ի հակառակ, եւ ո՛չ թէ լուրջ պէտքեր՝ այլ քմայքներ, նոյն իսկ երբեմնի քմայքներ գոհացնող անարժէք բառեր շատ կան «Ներաշխարհ»ին մէջ, որո ոչնչութենէն ու աւլուքէն ալ ազատելու էր Ինտրա իր գիրքը, ճիշտ ինչպէս ըրաւ արդէն ատոնց քանի մը համազգիները ջնջելով, երբ տպագրական փորձերը կը սրբագրէր: Բառերն երբ նախադասութեան մը մաս կազմեն՝ իրենց յարաբերական ճշմարիտ արժէքն ստացած կ’ըլլան. այս պարագան քիչ զգալի կ’ընէ բառերուն անհատական թերութիւնները. ուստի հեղինակն որ փորձերուն սրբագրութեան ատեն իր գրքին իմաստներուն յառած էր մանաւանդ քան տառերուն ու բառերուն՝ (այնպէս որ չկրցաւ պէտք եղածին պէս սրբագրել փորձերն, եւ այսօր «Ներաշխարհ»ը լի է վրիպացանկէն ազատած «գլխաւոր»ագոյն վրէպներով, հողեղինութիւնս, էջ 20. լուսաջիղ, 144. զգայնութեանը, 242. եւն., որք պէտք էր ըլլային հոգեղինութիւնս, լուսաջիղին, զգայութեանը, (*) Ինտրա, կ’ըսեմ, թողուց ակամայ որ ինչ ինչ բաներ շքանդրուին ու շշնջերգեն երազմայլ, սլափթթին եւ հրընկղմին ու արուսեակնարկեն, խեցեփայլին ու աղբադիզուին գրքին էջերուն վրայ: Եւ յետոյ, ինչպէս Ծանօթութիւնը կ’ըսէ, «անցելոյն խոստովանութիւնն ու թերեւս հին ընտանութիւնն ալ» պատճառ մ’եղան անշուշտ որ այդ խօլութիւնք մնային: Իսկ ապահովապէս սա տեսակ բառերը կը վերաբերին անոնց որոց մէջ «իմաստն է որ կը կորսուի» եւ մանաւանդ լեզուին արժանապատուութիւնը. համակարդում, իբր համամակարդակում, ծիթրաւարտ, իբր ծիթրայաձեւ, սոխաձեւ կատարով աւարտած. հարթբեկագիծ, տափակ տանիքներուն ելեւէջոտ բայց հարթ շրջագիծով ուրուանկարին ածական. բալրջերանգ, բալ՝ (կարմիր մը) լուրջ՝ (կապոյտ) եւ բաղրջուկ (mauve, էպէմ կիւմէճի) բառերով շինուած յարաբարդ կամ մանաւանդ… խաւաբարդ բառ! այն զարմանալի հաշուով թէ արդէն բալն ու լուրջը բաղրջուկին mauve գոյնը կ’արտադրեն, որուն իբր հայերէն լաւ էր որ մոլոշ ըսուէր, կամ մոլոշերանգ, տունկին միւս հայ անուամբ. սահմաներգեւիլ, սահմանի ներքեւ ներգեւիլ, հիւծիլ. խաւաբարդ բառ…– գեղարդուած, գեղ, արդ (զարդ) եւ գեղարդ (տէգ) բառերէն շինուած խաւաբարդ մը եւս. նհանգղաթեւ. նհանգ՝ ծովային հրէշ, եւ անգղ ու թեւ բառերով կազմեալ ածական, Յովհաննու Յայտնութիւնն որակելու համար… բայց գէ՛թ անգղն առասպելական էակ մ’ըլլար նհանգին պէս: Ո՞չ ապաքէն Ելքէնճեան էֆ. շատ քաղաքավար է երբ կ’ըսէ թէ «Ինտրա լեզուի կալուածին մէջ չափազանց իրաւասութիւն մ’ունենալ կը կարծէ, » մինչ այդ զբօսանքներով՝ «Ներաշխարհ»ի երիտասարդ հեղինակը՝ տոհմային կամ ըսենք նոյն իսկ մարդկային լեզուն իր քմայքներուն խաղալիկ կ’ընէ, անոր լրջութենէն աւելի լրջութիւն տալով իր խօլ երեւակայութեանն ու յղացումներուն որոց զայն հարճացնել կը ժտի: Արդ, քանի որ այս գրքին բառերէն ոմանք անհատական քմայքներէ տարբեր բաներ չեն, եւ ուրիշներ՝ լեզուին օրինաց կը հակառակին, դատապարտուած են «Ներաշխարհ»ին մէջ մնալու, այսինքն՝ լեզուէն դուրս: Երբ իւրակերտ բառերը լրջօրէն թէ քմայօրէն շա՛տ մասնաւոր են, այսինքն թէ՛ բաւական ընդհանուր գաղափար մը չեն յայտներ, եւ թէ հեղինակին մէկ խիստ անհատական յղացումը կամ խորհրդածութիւնը կը ցուցնեն, եւ հետեւաբար համարժէք են խօսքերու, բնական եւ նոյն իսկ հարկ է որ վերաբերին իրենց հեղինակին, եւ գրականութիւնը չառնէ, չընդունի զանոնք, եւ ահա հոս իսկ է այդպիսի բառերու պատիժը. ամեն շատ մասնաւոր բան դատապարտուած է կորսուելու:
-------------
(*). Պէրպէրեան էֆ. ի Յառաջաբանին մէջ «կը բարձրանայ» (էջ Ը. ) բառը կարդալ «կը թանձրանայ». «կենապայքարին» (ԺԱ. ) կարդալ «կենսապայքարին»: Իսկ fastuosa բառը (224) պէտք էր որ եղած ըլլար arborea