Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Իրա՛ւ է որ «Ներաշխարհ»ը գրական գիրք մ’է. բայց գրականութիւնը տգիտութիւն չէ, հակառակ այն երանաւէտ կարծիքին զոր գրականութեան մասին կազմած ըլլալու է քիչ շատ ամեն մարդ՝ վարժուելով իբր գրական գործ կարդալ այն բոլոր արտադրութիւններն որք հրապարակային ըլլալու համար ո՛չ թէ արուեստի ու հմտութեան ու խելքի պէտք ունին՝ այլ լրբութեան: Գալով այն թերուսներուն որոց համար այնքան դիւրին ու հեշտալի է ուսումնական երեւիլ հրապարակաւ՝ կ’ըսենք.

Ըսուած է թէ գիրք մը գրելու համար մատենադարան մը տակնուվրայ ընելու է. ի՛նչ զարմանալի բան կ’ըլլար չմտածել թէ գիրք մը կարդալու համար ալ հարկ է մատենադարան մը տակնուվրայ ընել. այսինքն հմուտ ըլլալ, մարզուած ըլլալ, կարդալու դժուարին արհեստին վարժ ըլլալ գէթ՝ երբ չունի մարդ այն հանճարը զոր Տիկին տը Սթաէլ անհրաժեշտ կը գտնէ գրքի մը թափանցման համար: Արդ, երբեմն Ինտրայի լեզուն դժուարըմբռնելի է առաջին ակնարկով՝ վասն զի ոչ միայն նոր է՝ այլ նաեւ ճոխ է թէ հոծ: Ճոխ է՝ քանի որ մանրազնին է, առատ ու այլազան է զգայութիւններով, զգացումներով, գաղափարներով ու յարաբերական հմտութեամբ մը. եւ այդ հանգամանաց համեմատական քանակութեամբ ու որակով բառերու ստացուածք մ’ունի, ուր հասարակօրէն չգործածուող ու նոյն իսկ քիչերու հասկնալի բառեր կան, եւ քանի որ վիճակներու եւ տեսքերու անընդհատ վերլուծում մը կ’ընէ Ինտրա: Հոծ է՝ քանի որ անդուլ համադրութիւն մը կ’ընէ միեւնոյն ատեն. ընդհանուր գաղափարին կը ջանայ յանգիլ, անոր տակ կ’առնէ կ’ամփոփէ մասնաւոր իրեր ու իրողութիւններ, քանի որ կը վերացնէ եւ կ’ընդհանրացնէ, քանի որ բարդութեանց կ’ապաւինի՝ երկրորդական գաղափարներու շատ լայն տեղ չտալու եւ ոչինչ ցրուելու համար, քանի որ էականին ու յատկանշականին անշփոթ տեսողութիւնն ունենալ կը թուի, քանի որ իր զգացողութեան ու բացատրողութեան սկզբնատիպ մէկ կերպն է մտապատկերներու տեսակ մը սղեալ հաւաքաբանութիւն (syllogisme) որու երկու ծայրերը միայն ներկայ են, կամ թռչուն աշխուժութիւն մը որով գլխաւոր պատճառէն մինչեւ գլխաւոր արդիւնք (եւ փոխադարձաբար) գտնուող անցումները զեղչուած են, եւ որով ցայտեցուցիչ հակադրութիւններ կը ծագին մերթ՝ առա՛նց երբեք՝ որ հակադրութեանց սիրահար Լիլիի (Անգլ., ԺԶ. դար) դիտաւորութիւնն ունեցած ըլլայ Ինտրա. (այսպէս՝ կ’ըսէ. «Մշտանոյն թախծութիւն, զարհուրելի երջանիկ». «երկիւղալի թափանցկութիւն». «հեծեծիւններու ծիծաղկումներ». «յուսահատ երջանկութեամբ մը տարուած». «որոց լուսեղէն հմայքին մէջ կը նստէր». «այլ նաեւ անոր ամոքմամբ ու հեռացմամբ, որ մրրոտ լոյսին իմացականութեան մէջ կը քաղցրհայէր, շինական բազմոցը կը խորգապատէր, եւն. ». «ճռուողուն ու կապոյտ օրուան մէջ». ) Ուրիշ խօսքով, եւ աւելի ընդհանուր բացատրութեամբ՝ քանի որ Ինտրա բոլորովին դէմյանդիմանական (intuitif) իմացականութիւն մ’է, եւ քանի որ վերջապէս՝ պատկերալից բացատրութիւնները կը սիրէ: Վասն զի ստուգիւ, պատկերը խտացուցիչ մ’է, որ սակայն ո՛չ միայն չեղծեր անով արտայայտուած գաղափարներուն յստակութիւնը, այլ նաեւ աւելի կը յստակացնէ ու դիւրամատոյց կ’ընծայէ զանոնք:

Ի՜նչ հիանալի միջոց է ան հոծ ու յստակ բացատրութեան միանգամայն, ամփոփիչ բայց ցայտեցուցիչ գաղափարներու. եւ ինչպէ՜ս պատշաճ է Ինտրայի զգայութեանց յորդութեան եւ արտայայտութեան ուժին: Իր ոճը նկարագեղ է, ինչպէս նաեւ իր գրելն յաճախ նկարել մ’է. յատկութիւններ՝ որոց վրայ խօսեցան իր քննադատք: Բայց այս յատկութիւնք կուգան ո՛չ թէ Ինտրայի նկարչի կարողութենէն, այլ իր դէմյանդիմանական մտքին համադրողութենէն. եւ Նկարչութիւնն, Արձանագործութիւնը, Ճարտարապետութիւնն համադրողութեան կերպառութիւններ, ձեւեր են, ինչպէս Երաժշտութիւնն ու Գրականութիւնը կերպառութիւններ, եղանակներ են վերլուծողութեան: Եղած են ոմանք որ կարծեն թէ Ինտրայի նկարող գրականութեան պատճառն է իր նկարիչ ըլլալը. այդպէս չէ. այդ երկու տրամադրութիւնք արդիւնքն են Ինտրայի համադրողութեան, մինչ իր զննող ու պատճառաբանող յատկութիւնք եւ իր գրականութիւնն իսկ կուգան իր վերլուծողութենէն: Զգալու ու խորհելու՝ եւ արտայայտելու այս հանրամարդկային պայմանները զոր Ինտրա կը թուի ունենալ զգալի աստիճանով՝ գիրկընդխառն են «Ներաշխարհ»ին մէջ, եւ անոնց զուգհաւասար կիրարկման օրինակ կրնան առնուիլ գրքին մէջ անոնց արդեանց պարզագոյն ձեւը կազմող պատկերալից բարդութիւններն ու վճռաձեւ ընդհանուր գաղափարները, եւ ճոխագոյն ձեւերը կազմող նկարագեղ պարբերականները: Բայց թէ Գրականութիւնը կրնա՞յ մրցիլ Նկարչութեան հետ. այդ բանին անհնարութիւնը շատերէ աւելի լաւ գիտնալու է Ինտրա: Պէտք է հաւատալ միայն թէ Գրականութիւնը Գեղարուեստից մէկ վերացեալ խառնուրդն է: Ո՛չ բուն գոյնն ու ձեւը, ո՛չ բուն ձայնը կրնայ տալ. բայց կը նմանի այն անգոյն եւ անձայն եւ անձեւ ելեկտրական հոսանքին որ աչքին մէջ գոյն ու ձեւ, ականջին մէջ ձայն յառաջ կը բերէ, հաւանօրէն նաեւ ռունգերուն մէջ հոտ եւ բերնին մէջ համ: Բայց այս հոսանքն ո՞րքան կարող է փոխանակել արտաշխարհին ուղղակի ազդեցութեանն զգայարաններուն վրայ: Ո՜ւր Գրականութիւնը պիտի կրնար երբեք Նկարչութեան Synoptique անմիջականութեանն հասնիլ. ո՜ւր անոր բառերն ասոր ներկերուն, անոր էջերու շարքն ասոր մէկ դոյզն կտաւին ներյատուկ արժէքը պիտի կրնային ունենալ: Ուստի Ինտրա միտքէն չանցըներ թէ իր նկարագրութիւնք կրնան նկարներ արժել, զի ամենէն նկարչական գրականութիւնն ալ դատապարտուած է Գրականութիւն մնալու, ինչպէս որ ո՛չ մէկ Գեղարուեստ կրնայ երբեք յաւակնիլ Գրականութեան իւրայատուկ եւ ամենաբարձր յատկութեանց, որոց պատճառաւ զայն Վ. Գուզէնի հետ պէտք է համարիլ արուեստից կատարելագոյնը:

Վերոյիշեալ այն հանգամանքները զոր ճոխութիւն ու հոծութիւն կոչեցինք, եթէ ընկալեալ եւ անվիճելի յատկութիւններ են մեր հասարակութեան մէջ, պէտք չէ որ անոնց հարկաւոր արդիւնքը՝ գիրքին դժուարըմբռնելի ըլլալը խրտչեցնէ զմեզ. եւ եթէ ընթերցողներու մեծամասնութեան առաջին գործն է անիմանալի գտնել նմանօրինակ երեւոյթներով ու նորատեսիլ ալ գիրք մը՝ քննադատութեան ալ առաջին գործն է պատճառաբանել այդ երեւոյթները, գտնել անոնց հաւանելի ու նոյն իսկ դրուատելի պատճառները, եթէ կան իրօք, եւ շուարմամբ հարեւանցի դատող ընթերցողին միտքն յանկեցնել (orienter): Ի՛նչ արդարութիւն, գիտականութիւն՝ Պէրպէրեանի այն տողերուն մէջ ուր գրքին մութ երեւոյթներուն տեսակ մը ընդհանուր պատճառաբանութիւնը կ’ընէ, եւ Ելքէնճեանի գեղեցիկ անինքնավստահութեան մէջ երբ հարկադրուած է դատել իրեն շատ քիչ ծանօթ հեղինակի մը նորերեւոյթ գիրքը: Պէտք է արդարեւ, «Ներաշխարհ»ին մէջ դիտել հազուադէպ հանդիպում մը մանրամասնութեանց հետախուզութեան, եւ բովանդակին սիրոյն, տարբաղադրելու ձգտումին՝ եւ ընդհանուր, համապարփակ գաղափարներու ծնողութեան. տեսնել թէ նրբազան զգայութիւններ ու մտապատկերներ արտայայտելու միտումին հետ՝ Ինտրա կը զգայ խտացուցման հարկը, ճապաղելէ զգուշութեամբ. թէ բազմակողմանի արտայայտութեան մը պէտքն եւ սակայն ճշտապահանջ (rigoureusement) կարգաւորմամբ ամեն ինչ գլխաւոր գաղափարին տակ ամփոփելու հակումն ունի. զննող իմացականութեան մը (մտքի մը եւ զգացողութեան մը) առատութիւնն ու տեսնող իմացականության մը ժուժկալութիւնն ունի. լայնօրէն ընդգրկող վերացումներու մշտակայ տրամադրութիւնն ու թանձրացեալ խտացուցիչ պատկերներու նոյնքան անդուլ եռանդը, եւ «Ներաշխարհ»ը լի է երեւոյթներու թէ գաղափարաց դէմյանդիմանական համադրոյթներով ու վերլուծոյթներով. ոչ ոք կը ժխտէ այս բաները: Բայց ի՞նչպէս ատոնք կարելի էին առանց զանոնք ընող մտքին պայծառութեան, եւ հետեւաբար, առանց անոր բացատրութեանց յստակութեան: Կը խնդրեմ որ աղէկ նային, եւ ժամանակաւոր անհասկացողութիւն մը կամ թիւրիմացութիւն մը հիմնակէտ չընեն շուտափոյթ դատաստաններու: Եթէ զարգացման մէջ ենք՝ լաւագոյնս դատող postռritռ մը կրնանք ունենալ. եւ ո՛վ որ արդէն բաւական չի վերաբերիր postռritռին, ներկային ալ վերաբերելու իրաւունք չունի: Ելքէնճեանի «կարողութեանց լարումն ու պիրկ ուշադրութիւնը», Արտ. Յարութիւնեանի «համակրութիւնը» (տառական իմաստով, ) եւ «ճկունութիւնը» զոր քննադատը կը յանձնարարէ, (…առանց սակայն ատոնց բոլոր հետեւանքներն ընդունելու, մինչ Ելքէնճեան իր առաջարկած ընթերցման պայմաններուն բոլոր արդիւնքին պատրաստ է արիաբար եւ աննախապաարելի վեհանձնութեամբ, ) հարկաւոր են ամեն նորերեւոյթ բանի առջեւ, եւ առանց ատոնց՝ դժուար չէ որ այդ նորերեւոյթ բայց բնական ու օրինաւոր բանն անիմանալի յանդգնութիւն մը նկատուի: Եւ չեղա՞ն այնպիսիներ որ առաջին ընթերցմամբ Ինտրայի խօսքերն անհասկնալի գտան, բայց լաւագոյն ուշադրութեամբ մը բացայայտ տեսան անոնց իմաստներն ու պարտաւորուեցան ժխտել մթութիւնը զոր վերագրած էին «Ներաշխարհ»ին: Ինտրա չէր կրնար իր սաստիկ յոյզերը, իր հոծ դէմյանդիմանութիւնները, իր մանուածոյ խորհրդածութիւններն ու երազանքները, իր ճշտամէտ ու մանրաշխատ արուեստը սիրելի դարձնել յանկարծ՝ անճիգ իւրացմանց վարժուած միտքերու: Չէր կրնար յանկարծ իր աշխարհին հեռուներն ու բարձրերը տանիլ զանոնք, որոց անմարզ ու հանգստասէր սրունքները լերանց կողերուն վրայ կը պահանջեն երկարոլոր ու յամրաբերձ արահետներ: Եւ, ինչպէս բոլոր միսդիք, վերացեալ ու վերանցական (transcendantal) երկերու համար՝ նոյնպէս «Ներաշխարհ»ին համար կրնայ ըսուիլ թէ լեռնագաւառ մ’է դժնդակ սեպութիւններով բայց նաեւ խաղաղասփիւռ հովիտներով, յստակագիծ պայծառերանգ հեռուներով բայց միանգամայն միգամած սարերով ու խաւարին խորքերով լի: Քաջագօտի լեռնասէրներունն է անիկա, որք, իրաւ է, պիտի թասան ու քրտնին թերեւս, բայց պիտի վայելեն բաբախեցնող ելեւելքներն ու յանակնկալս պարզուող տեսարանները. եւ լեռնայերց անապակ օդը պիտի շնչեն հոն: Եւ թո՛ղ քաղաքասէրք առ առաւելն իրենց մայթերուն վրայ յետճաշու պտոյտնին կատարելով գոհանան: Հեռաւոր բարձրավայրեր կան որ անփոյթ են իրենց ընդերկար անայցելու մնալուն, եւ նոյն իսկ, հանգստաւէտօրէն, պարզ ամպեր կարծուելուն: Կրնան սպասել անոնք: