Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Կը մնայ խորհիլ թէ ի՛նչ կերպով որ զոր օր. գիտական, մասնագիտական գործ մ’անմատոյց է հասարակութեան, նոյն կերպով ալ բանաստեղծական երկ մը կրնա՞յ անհասանելի ըլլալ անոր: Արդարեւ, բանաստեղծութիւնն էապէս աւելի հանրային երեւոյթ մ’է. իրեն անհրաժեշտ կեղծիքները (fiction) զգալու եւ արտայայտելու ժողովրդական եղանակներ են. եւ խանդավառութիւնն էապէս վարակիչ բան մ’է. հանրային դառնալու ներյատուկ պէտք մը, սկզբունք մ’ունի: Եւ մինչդեռ Պոտլէռ Գեղեցիկը զերծ կը նկատէ բարոյական ու օգտական նպատակ մ’ունենալու հարկէն, եւ Բանաստեղծութենէն կը վտարէ օգտախնդրութիւնն ու բարոյապաշտութիւնն՝ եւ երբ իրեն հետ շատեր ալ նոյն սկզբանց յայտարար գրականութիւն մը կ’ընեն, Պուռժէ սակայն, իր մէկ յառաջաբանին մէջ, գրիչ բռնելու արժանաւորութիւնն ա՛յն գրագէտին վրայ միայն կը տեսնէ՝ որ բարոյախօս մ’է միանգամայն: Եւ Ռսքինի Գեղագրութիւնն ուրիշ բան չէ քան տեսակ մը Բարոյական եւ Աստուածգիտութիւն: Հարկ չտեսնելով հոս ցոյց տալ Գեղեցկին ու Բարոյականին խորին նոյնութիւնն իրենց ծագմանն ու վախճանին՝ այսինքն Ճշմարտութեան մէջ, կը բաւականանամ ըսելով հանուրց օգտին հայեցակէտէն թէ իր սկզբունքին մէջ հանրամարդկային գրականութիւնն իր արդիւնքին մէջ ալ հանրօգուտ պէտք է ըլլայ, եղանակ մ’ըլլալով զմարդիկ ազնուացնելու: Հետեւաբար թերուս հասարակութեան մատչելի պէտք է ըլլայ: Այնպէս որ՝ հեղինակ մը որ միշտ ընկերական էակ մ’է, պէտք է պատշաճի մանաւանդ հանրային պէտքին քան անսայ իր ծնողութեան. պէտք է դիւրամատոյց ըլլայ, դիւրելանելի բարձունքներ ընծայէ հանրութեան. եւ քաղաքներէ դուրս այտնող բլուրներու մթնոլորտը նուազ առողջարար չէ քան «լեռնայերց անապական օդը» որ ամենեւին անհրաժեշտ չէ: Սակայն եթէ կան գեղարուեստից ու գրականութեան վնասակարութեան պարագային զանոնք խափանող օրէնքներ, ո՞ւր դրուած ու յարգուած է երբեք կանոն մը որ զանոնք թոյլատրէ՝ լոկ հանրային օգտակարութեան՝ ուստի հասկնալիութեան պայմանով: Ուսման ծաւալումն ամեն երկրաց մէջ ինչի՞ պիտի ծառայէ, եթէ ոչ միտքերուն մեծագոյն հասողութիւն մը տալու: Եւ յետոյ, կարելի՞ է ճշտել հասկնալիին եւ անհասկնալիին սահմանը, ո՞չ ապաքէն անորոշ քանակութիւններ են ատոնք որ նոյն չեն երէկ եւ վաղը, հոս ու այլուր, երկերուն ու ընթերցողներուն տեսակին համեմատ: Իսկ եթէ «Ներաշխարհ»ը քիչ հասկցողներ պիտի ունենայ միշտ, որքան ալ անոնց թիւն աճի, ասիկա պատճառ մը չէ որ այսօրինակ գիրքեր չգրուին, վասն զի անոնք որ լաւագոյն մշակութիւն մ’ունին ու լաւագոյն պատշաճողութիւն մը, բնական է որ լոկ իրենց վերաբերելի վայելքներ ունենան, եւ այսպէս եղած է միշտ: Դարձեալ, «Ներաշխարհ»ն ու ամեն ինչ, ընկերային թէ բնութենական, գոյացած է ճակատագրապէս, ըստ բնական բերմանց: Հեղինակի մը մէջ որքան բնական կրնայ ըլլալ օգտակար ըլլալու ընկերային գաղափարը, մեծապէս անհատացեալներուն համար ալ նոյնքան բնական է արտայայտուելու եւ ստեղծելու ո՛չ բոլորովին ընկերային գաղափարը: Հեղինակութիւնն հայրութիւն մ’է, մանաւանդ սկզբնատիպ հեղինակութիւնը, որ ինքզինքը պարտաւոր չզգար անպատճառ եւ անմիջականօրէն օգտակար՝ ուստի հաղորդական ըլլալու, ինչպէս որ մէկը մարդկային ընկերութեան անդամ հասցնելու համար չէ որ հայր կ’ըլլայ, հապա ինքզինքն հաստատելու, շարունակելու համար: Բայց ընդհանուր (եւ ո՛չ մասնակի) տեսակէտերէ դիտող մը, գիտէ թէ ամեն բան որ Ճշմարտութենէն է, սկզբունքով հասկնալի եւ հանրօգուտ է արդէն, եւ Ինտրայի գրքին ոգւոյն թափանցելով պիտի տեսնէ թէ այս երկն ալ այդ դասակարգէն է, միջավայրին կարծիքներէն եւ հեղինակին մերթ խիստ հակընկերական տրամադրութիւններէն իսկ անկախաբար: Վերջապէս, եթէ մէկ կողմէն խոստովանեցանք թէ բանաստեղծական ուստի հանրամարդկային երկ մը պէտք է դիւրամատոյց ըլլայ, միւս կողմէն պէտք է ըսենք թէ այլ է իբրեւ բարոյախօս, ուղղակի անմիջականօրէն եւ այլամերժօրէն բարոյախօսել, այլ է իբր գրագէտ կամ արուեստագէտ՝ անուղղակի կերպով: Կան մարդիկ որ հայթայթիչներ են եւ կան որ ծաւալողներ. եթէ ռամկացուցումը գիտական գործերու համար անհրաժեշտ է, անհրաժեշտ է նաեւ գեղարուեստական, գրական, իմաստասիրական երկերուն համար: Ուստի «Ներաշխարհ»ին հասկնալի ըլլալը կամ ոչ, օգտակար ըլլալը կամ ոչ՝ խնդիր չեն կրնար ըլլալ: Բայց արդեօք չկա՞ն այս գրքին մէջ իրապէս մութ կէտեր: Այս գիրքն ուրեք ուրեք չէ՞ մեղանչած յստակութեան դէմ: Եւ մեր քննադատութիւնն արդեօք պաշտպանողականի՞ մը վերածել կ’ուզենք:

Ընդհակառակն: Հեղինակը տեղ տեղ ճշմարտապէս աղօտ գաղափարներ ունի, որք ճշդիւ կը ներկայեն «տարտամին մէջ անհետացում մը մտածութեան. » (Պէրպ. Յռջբ. ) եւ ուր գաղափարն յստակ չէ՝ յստակ չէ նաեւ բացատրութիւնը: Տեսէք սա տողը, զոր Ելքէնճեան էֆ. իրաւունք ունէր ներկայացնելու իբրեւ անհասկնալի. «Այն ահագին երազողութիւնը, կեանքով բեռնաւոր, ուր նախկին զմայլումը, նախկին անդրակենսութեան մը այերայնութեամբը թեթեւ զմայլումը կը թախծի. » («Ներաշխ. », 169. ) ի՞նչ է զոր օր. սա նախկին անդրակենսութիւնը, եւ անով թեթեւ եղած զմայլումը: Չեմ իսկ ձեռնարկեր բացատրելու. միայն, յայտնի է ոմանց որ հոս spiritismeէն եկած գաղափարը կայ յառաջագոյն ապրուած կեանքի մը, որ սակայն չես գիտեր ինչո՛ւ յիշուեր է այն պարբերութեան մէջ ուր պէտք չկայ իրեն: Գիտապէս անհասկնալի է նաեւ Լոյսին հատուածն աւարտող այն մասը՝ ուր Յիսուսի Համբարձումը կը յիշեցուի՝ իբրեւ կարծես ապացոյց Նիւթէն ի Հոգի փոխման… (117. ): Հեղինակը տղայութիւնն է ըրեր կարեւորութիւն տալու անբանաձեւելի մտածման մը. գաղափարի զգայութեան մը. եւ բաւական արի չէ եղեր զայն ճշգրտելու, կշռելու, եւ ըստ այնմ զայն պահելու կամ ջնջելու: Պէտք չէ խաբուիլ յուզումներէն իսկ, զի կրնան ոչ գիտական ըմբռնումներէ կամ մտքին անցեալէն գալ. եւ զոր օր. Լոյսին այդ վերջաբանը գրուած է արցունքներու մէջ: Այլուր (110) Ինտրա կ’ըսէ. «Ըմպելիին այս երկիւղալի թափանցկութեան համայնութիւնը մարդուն հանրէական Եսը չէ՞. » Աղուո՛ր հարցում… անպատասխանելի՛: Արդեօք ըսե՞լ կ’ուզէ թէ այդ թափանցկութիւնն որ ընդունակ է ամեն գոյնով երեւալու, կը նմանի՛ Եսին որ բոլոր էակներուն զգայակից ու եղբայր է: Ի՞նչ հարկ այսպիսի գաղափարի մը, որ ո՛չ անբռնազբօս է՝ ո՛չ ալ կրնայ ծառայել ալքոլին միսդիք ներբողին՝ որու մաս կը կազմէ: Գո՛նէ հասկնալի ըլլար. վասնզի չեմ յուսար որ «թափանցկութեան համայնութիւնը» «Ներաշխարհ»ին մէջ մթութիւն չտեսնող ընթերցողներէն իսկ ըմբռնուած ըլլայ վերոգրեալ նշանակութեամբ: Տեղ տեղ ալ Ինտրա ճիշդ բառը չէ որ դրեր է, ինչ որ մթութեան աւելի կամ նուազ տարածուն արատ մը կը կազմէ յանկարծ, գաղափարներուն յստակ շարքին մէջ, եւ անոնց կապն անտեսանելի կ’ընէ: Առաջին էջին վրայ սա խօսքը կայ. «Սենեակին բնակչին անաշխարհայնութիւնը, խոկուն, անոնց (իրերուն ու կահերուն) զանազանութեանց ետեւ աղօտապէս միացած… երանական համադրոյթի մը կը ձգտի»: Ի՞նչ կը նշանակէ միացած համադրոյթ: Պարտէր ըսել՝ «Անոնց զանազանութիւնները միացնող համադրոյթի մը» կամ պարզապէս՝ «Անոնց զանազանութեանց մէկ համադրոյթին»: Այլուր (104) սա խօսքը կայ. «Իմ տժգոյն բարեխառնութեանս մէջ որ սակայն երբեք ճիշտ հորիզոնը չէ սիրային յաւերժական, մահացու պարկեշտութեան. » Հարկ էր գրել՝ «երբեք պատշաճ մթնոլորտը չէ»: «Բարեմտօրէն ստորակիտուած հայրականութեամբ մը» կ’ըսէ Ինտրա. (142) փոխանակ ճշգրիտ կերպով ըսելու. «Հայրօրէն ստորակէտող բարեմտութեամբ մը: » Ի՞նչ ըսել է դարձեալ, (110), «տխրօրէն տատամսոտ տարակոյս»: Միթէ ճիշտ ու բաւական չէ՞ր ըսել «տխուր տարակոյս»: Ուրիշ տեղ մը (195)՝ «կիսասքօղ ու հեռազդային յայտնութիւն» կ’ըսէ. մինչդեռ աւելի օրինաւորապէս եւ յստակօրէն կրնար ըսել «կարծես հեռազգացական (tռlռpathique) յայտնութիւն»: Այնքան յաջողապէս ճշտագիւտ բացատրութիւններով լի գրքի մը մէջ արդարեւ զարմանալի են այս մութ ու սխալ ասացուածները, զոր ոչ իւիք կրնամ արդարացնել՝ այլ միայն Ինտրայի տղայութիւններով: Բայց, բարեբախտաբար, ինչ թերութիւններ որ արտագրեցի հոս ալ, հաւանօրէն իրենց նմանները չունին գրքին մէջ: Թո՛ղ այդքան ցանցառ մթութեանց ներողամիտ ըլլայ   մբագրապետը, եւ բոլոր մնացեալ «անհասկնալիութիւնք» զորս հերքեցի, ինքնին կը ժխտուին արդէն: