Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՑԵԼՈՅՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՔ

Զգալի եղաւ արդէն բնականաբար, թէ ուրուականներու եւ ոգեյաճախեալ տուներու վերաբերող բոլոր վաղնջական պատմութիւններն եթէ ամբողջութեամբ իրական չեն, բայց ունին յոյժ իրական հիմ մը, եւ հրաշքներն ալ զոր կը պատմեն Ս. Գիրքերն եւ սրբոց կենսագրութիւնք՝ էապէս ճշմարիտ են, թէեւ գիտական ճշդութեամբ գրուած չըլլան: Թերեւս զգացուեցաւ նոյնպէս՝ որ կախարդք ալ մետիոմներ էին, կամ գէթ մետիոմներու միջոցաւ յառաջ կը բերէին այն խորհրդաւոր իրողութիւնները որ իրենց կը վերագրուին: Հնդկաստանի ֆաքիրներուն ցայսօր կատարած հրաշալի բաները ոգեկան երեւոյթներ են միայն, եւ ֆաքիր մ’ուրիշ բան չէ այլ յատկապէս օժտեալ ու նաեւ մարզեալ մետիոմ մը: Ճշմարիտ բախտագուշակներն ալ, ինչպէս նաեւ Վեստեան կոյսերն ու Պիւթեան քրմուհիներն ու Սիբիլլաները, տեսանողներն ու մարգարէները, հրաշագործներն ու միսդիքները, մասնաւոր դաստիարակութեամբ կամ ինքնաբերաբար հաղորդակցողներ էին Անդրին հետ, եւ հին փիլիսոփաներէն ոմանք ալ անձնական փորձով գիտէին անոր գոյութիւնն ու ներգործութիւնը: Արիստոտելէն յետոյ բարձրագոյն իրաց եւ էութեանց մասին համոզումները կը ցրտանան, կը նուազին. մինչ անկէ առաջ՝ իմաստասէրներու հոյակապ շարքի մը մէջ՝ ելլելով մինչեւ Անաքսակորասի ուսուցչին՝ Հերմոտիմի՝ հոգւոյն ուրոյն գոյութեան համոզումը հաստատ էր: Այս վերջինն, իմաստասիրութեան պատմութեան մէջ գրեթէ չյիշատակուող անծանօթ անուն, եղած է սակայն բացառապէս օժտեալ մարդ մը. երկուրեքութեան սքանչելիք մըն է. մինչ իր մարմինը մեռելակերպ կ’անշարժանար կը մնար, իր կրկինն՝ իր ոգին՝ կը թռչէր անջրպետին մէջ, երկնային անեզրութեանց մէջ թափառելով գերագոյն հաճոյքներ վայելելու: Եղած է մին եւ թերեւս գլխաւորն Եւրոպայի այն առաջին խորհողներէն որ Հոգւոյն ուրոյն գոյութիւնն ընդունած են Նիւթէն անջատ, եւ գերագոյն արարչագործ Հոգւոյ մը հաւատացած: Բայց ո՞չ ապաքէն բոլոր հին քաղաքակրթութեանց մէջ կար բարի եւ չար ոգեաց եւ յետմահու կենաց հաւատքը, զոր կրօնքները ցարդ աւելի կամ նուազ նոյնութեամբ կը քարոզեն:   որհուրդները (MystՌres) որ տեղի կ’ունենային ի Մեմփիս, ի Թեբէ, յԵլեւսիս, ի Սամոթրակէ, եւ այլուր՝ ոչ այլ ինչ էին քան ոգեկան ճշմարիտ գիտութեան մը եւ Անդրի ճշմարտութեանց ուսուցում մը՝ որ կը զլացուէր մտքով ու բարքով անարժաններուն եւ միայն կ’ընծայուէր արժանագոյններուն: Նիւթապաշտութեան անհրապոյր ու յուսահատեցնող կածաններուն վրայ մոլորած գիտութիւնն այսօր կը հաստատէ թէ որպիսի՜ շեղում մըն է ըրեր ճշմարիտ ճամբէն որմէ քալեր են հնագոյն՝ նոյն իսկ նախապատմական քաղաքակրթութիւնք, որուն հետեւեր են կրօնքներն ու մարդոց արհամարհեալ բազմութիւններ…: Անցելոյն վկայութիւնը, վերջին դարուց գիտուններէն ծաղրուած, քամահրուած ու լսուելէ դադրած, Է. Ճ. Տէյվիսի մարգարէութեամբ ծանուցեալ եւ բարձրագոյն միջամտութեանց շնորհիւ յառաջ բերուած անժխտելի երեւոյթներուն ի տես աւելի կամ նուազ փութով ի դարձ շտապող եւ ակնածանքով ունկնդիր անհամար ամբոխի մը ականջին կուգայ անհուն համերգի մը պէս ուր Եգիպտացւոց, Բաբելոնացւոց, Հնդկաց, Պարսից, Ետրուրացւոց, Հռոմայեցւոց, Յունաց, Հրէից, Հայոց միահամուռ ձայնը, բոլոր հեթանոս պրահմանական ու պուտտայական, մովսիսական, քրիստոնեայ եւ իսլամ ժողովուրդներու ներշնչեալ բարբառը կը պատմէ թէ կա՛յ եւ անմահ է հոգին, եւ կեանքն ալ անո՛րն է միայն: