Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ոգեկանութեան մեծամեծ հեղինակներուն եւ մանաւանդ Ալլան Քառտէքի եւ Լէոն Տընիի պէս կարծես նոր առաքելութեան մը կոչուած բարոյախօսներու՝ բարձր կարգի ոգեաց հետ հաղորդակցութեամբ երեւան բերած վարդապետութիւնը կարելի է ամփոփել քանի մը խօսքի մէջ:

Կոչուած ենք, կատարելագործուելով մերձենալու ատուածային կատարելութեան: Կատարելագործման յատկանիշներն են՝ անպայման Արդարութիւն, Բարութիւն, Զօրութիւն: Մարմինը զոր կը զգենու հոգին՝ միջոցն է այն մարզանքին որ անհրաժեշտ է այս գերագոյն կարողութեանց խոնարհագոյն աստիճաններուն հետզհետէ բարձրացման: Զրկանքներն ու տառապանքները որ մարմնոյն հետ յարընչական են, անհրաժեշտ են հոգւոյն բուն կրթութեան: Երբ կեանք մը կ’աւարտի, հոգին աւելի կամ նուազ պայծառօրէն կը գիտակցի իր ըրած բարոյական շահուզենին, եւ նախասահմանեալ ձեւով ու րոպէին, վերստին կը ծնի աշխարհի կենաց՝ նոր մարմնառութեամբ: Իւրաքանչիւր կեանք դէպի կատարելագործում ամբարձման շարժում մըն է շնորհիւ այն դաստիարակութեան՝ որ պիտի ընծայէ վերմարմնացեալ հոգւոյն: Կան արդէն այնպիսիներ որ բոլոր կարելի դաստիարակութիւնն առած են բազմաթիւ կեանքերով զոր անհուն ժամանակի մը մէջ ապրած են հոս կամ այլուր, եւ այժմ ա՛լ պէտք չունին մարմնացման տաժանքը կրելու, եւ լոկ՝ առաքելական պաշտօններով կ’իջնեն աշխարհներուն վրայ, ի սէր բազմազան մարդկութիւններու…: Հրեշտակք աստուածային հոգիներ են, որ կը գործադրեն գերագոյն կամքը…: Եւ արդէն ոչինչ տեղի կ’ունենայ առանց այդ Կամքին որուն բոլոր կարգադրութիւնք ի վերջոյ պիտի արտադրեն բարձրագոյն բարին իւրաքանչիւր էակի համար: Արարչագործ անսահման եւ յաւիտենական Էակ մը կայ, քանի որ կը տեսնենք թէ մարդոց հոգին իսկ կայ ու մեծազօր է եւ անմահ: Գերագոյն եւ ամենակալ, աներեւակայելի եւ անբացատրելի Հոգին է Աստուած, ոչ թէ վերացական գաղափար՝ այլ կենդանի իրականութիւն, մանաւանդ եթէ ինքն է բուն ու միակ կենդանի իրականութիւնը: Մեր պարտքն է սիրել մեր ննջեցեալներն ու անոնց անձնուէր մնալ. բարձրագոյն ոգեաց պաշտպանութիւնը խնդրել, համարձակիլ նոյնիսկ Աստուծոյ աղօթելու… այլ մանաւանդ, այլ մանաւանդ բարիք միայն գործել, եւ անձնուէր, անեսական ու հեզ ըլլալ…:

Հե՜զ, այո՛. մարդ կը դողայ մտածելով. կատարելութիւնն այս է. անբաւ հեզութիւն՝ անսահման կարողութեան հետ…: Մարդ կը սարսռայ խորհելով թէ որքան հպարտ եղած է. ուստի որքան չարակամ, եւ որքան չարագործ…: Հե՜զ ըլլալ. այսպէս կ’ըսէ այսօրուան պայծառադէմ ու տրտմագին Գիտութիւնն, այսպէս կ’ըսեն նաեւ Անցելոյն կրօնքներն ու գիտութիւններն, յաւերժակա՜ն Աւետարանն, եւ մասնաւորապէս՝ մենաւոր Եկեղեցի մը, որ ա՜յնքան բարբարոսութիւններէ դարերով խոշտանգուած՝ հովիտներու վերեւ ու լեռներու մէջ, կ’ամբառնա՜յ դեռ իր հինաւուրց երկնապաւէն կաթողիկէն եւ իր վիրաւոր որմերուն մէջ հեզութեան, անձնազոհութեան ու ներման ուսումն ու կամեցողութիւնն ունի, չարաչար ասացուած, ուսո՜ւմ՝ զոր կը ջամբէ անոնց որ կը հասկնան ու կը սիրեն զինքը, եւ անոնց որ զինքը կ’արհամարհեն եւ որ կը կոչուի Հայաստանեա՜յց Եկեղեցի…:

1910, Նոյ.