Ծակ պտուկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

 

Մութը՝ գեղին մէջ տժգոյն, կը խորունկնար, արագ ու ընդարձակ յորձանումով մը, հարաւի լերան ոտքերուն: Մեծցած, գրեթէ միակտուր, անիկա կը նոյնանար հաստամեստին աղօտ զանգուածին հետ ու կը կրկնուէր իր խտութեանը վրայ, ուժ առնելով լերան մարմինէն։

 

Կիները տպաւորուեցան։ Բնակուած տեղերէ հեռացումը երկիւղառիթ պարագայ է անոնց համար։ Ո՛ր տարիքին ալ պատկանին, դժուար կը հաշտուին ամայութեան հետ։ Իրենց փէշերուն յաւիտենական վտանգը կը կանխէ կարծես անոնց քայլերը։ Ու հաճոյքով դիտեցին, կոյր ու մենաւոր թաղէն դուրս ելլելէ առաջ, սկսող լուսինը, որ հակառակ իր նիհար աղեղին, քիչ մը յստակութիւն կը նետէր վերերը։ Բայց կարճ տեւեց միջոցին լայնքը ու խղդուեցաւ։ Ճամբան կը քալէր արագ ու տեսանելի ափափումով [1] մը: Լեռը կը մեծնար ու կը մօտենար անոնց։

 

Տուները հատան բոլորովին։ Անոնց գլխուն, երկինքը տարտամ ու ջնջուած բան մըն էր, աղօտելով լուսինէն ու պղտոր այն գոլէն, որ կը ծաւալի կամարն ի վար, որոշ գիշերներու։ Կիները չգիտցան, թէ ինչպէս նուաղեցաւ, յետոյ կորսուեցաւ նորէն այդ երկինքն ալ, հետզհետէ աւելի այլանդակ, աւելի խղդուկ, հազիւ ինքզինքը ազատելով ժայռերուն ատամներէն, որոնք կիրճին կրկնակ ծնօտները կը յօրինեն, ատանկ լարուած ու հրէշային։ Ձորակին կիրճը գեղին ամէնէն ահարկու կայքերէն մէկն է, նոյնիսկ ցերեկին, երբ լոյսը ապառաժները խատուտիկ կ՛ընէ, ստուերի եւ բիւրեղի խաղերով, առասպելական գազանի մը խեցեպատեանին նման, ու անոնց շրթներուն սպառնալիքը կը հեւայ անցորդին գլխուն:

 

Բաց [2] մութը կը մեղմէր հիմա տեսարանին սարսափը։ Բայց հակառակ ատոր, անդրագոյն վարժութիւններով նման տեղերու զուգորդուած զգայութիւնները արթնցան ու կիներուն մէջ վերածուեցան անանուն այն ճնշումին, որ վախը չէ, բայց կը սեւնայ, կը խորանայ, թանձրութիւն, ոսկոր հագնելով թաւուտներուն, մացառներուն նուաճուած տարտղնումն ի վար։ Անոնց չորս դին, ձիւնին վրայ, ուղղաբարձ ստուերներու պէս կ՛երկարէին եւ իրարու կ՚աւելնային ուրիշ ձեւեր, նորատունկ ու մերկ, որոնք կը խոշորնային, անձեր կը դառնային կիներուն գերագրգռուած մտքին մէջ։ Անոնց զգայարանքները կը թրթռային ու կը գործէին, առանց հակակշռի։ Իրերէն եկող այդ յուզումին կը բարդուէր նաեւ անոնց իւրաքանչիւրին սեփական տագնապը, կեդրոնական ցաւը, որ մինակը կը գրաւէր անոնց ներքին աշխարհը. այնպէս որ՝ դուրսէն ամէն նոր զգայութիւն կը կերպաւորուէր, աւելի ճիշդը՝ կը գունաւորուէր այդ մայր մտահոգութեամբ։

 

Երեք կիներ էին անոնք։ Երեքն ալ ըրին կիրճին մուտքը՝ նոյն ու աննման հոգեկանութեամբ [3] մը։

 

Մուտքը միշտ կը կապուի անստոյգ, անբացատրելի անձուկի մը։ Հանդիպաշար ու սպառազէն ժայռերու այս ճակատումը վախին հետ կ՛ազդէ մանաւանդ տրտմութիւն։ Չես գիտեր ինչու մէկէն ի մէկ, կիրճ մտնելուն հետ, անցորդին սիրտը կը սեղմուի։ Ասիկա վաւերական է ամէնուն, նոյնիսկ կաղ Երեմիային համար -- ապառաժներու այդ դղեակին մշտական ու քարի պէս հաստատ սիրտով բնակի՛չը։ Իրերուն վա՞խը։ Գուցէ վա՞խը մենէ–աղէկ ներուն։ Գեղացին համոզուած է, որ Երեմիան, իր ջաղացին մէջ, անոնցմէ չխղդուելու համար ճարած է հատ մը խորախորհուրդ համայիլ. անկէ՝ որ գորտին արիւնով է գրուած ու մարդը կը պահէ գնդակէն ու աչքէն։ Գեղացին կը հաւատայ, թէ անիկա կ՛ապրի անկէ սորված աղօթքներուն շնորհիւ, օտար ու անհասկնալի աղօթքներ, ուրիշներու արգիլուած, որոնք ան պարտաւոր է ընելու, երբ գեղ իջնելու, անկէ ջաղաց դառնալու ատեն ան կը մտնէ ապառաժին աղիքներուն մէջ, իր պայծառ [4] կուրծքին վրայ վախվխուն խաչ մը ուրուագրելէ ետքը։

 

Ձորակի թաղին այրիները միշտ ալ նոյնքան խոր կը տպաւորուին, երբ շալակով իրենց աղունները հանեն ջաղաց։ Անոնք կտոր-բրդուճ [5] տարազներու կ՛ապաստանին։ Չէ կրցած այդ սարսափին ընտելանալ նոյնիսկ Դայեկ Մէլէքը, որուն կաշեպատ գիրքը ու կախարդութիւնը ծանօթ են շատերուն։ Անիկա մասնաւորապէս կ՛առնուի անկէ, երբ խորհրդաւոր ծրագիրներու հաշւոյն ցերեկով քննելու կ՚ելլէ ճամբան ու անոր ոսկորներուն հէնքը։

 

Ու արեւին մէջ, բոլորին համար, ահարկու է կարծրութիւնը, որ քարերուն բեկուած, փեռեկուած ընդերքներէն, դաժան պրկումներէն կը թրթռայ, կը շաղայ (շաղի [6] պէս իջնել) ճամբուն փոքր իրանին վրայ։ Ճամբորդը, ի՛նչ սեռի ալ պատկանի, կը տարուի անորակելի խռովքէն, զոր իր քայլերուն տակ կ՛արթնցնէ խեղճուկ կածանը, հսկայ ուժերու այդ սանձուած, սառած բայց չպարտուած գուպարին մէջ, որ ապառաժները ատանկ կը դիզէ միջոցին վրայ: Ու այդ խռովքը կը լայննայ, ուրուային ու թրթռագին բան մը դառնալով, կաղամախիներուն երկարաձիգ իլերէն, որոնք կ՛օրօրուին ու կը սարսռան ով գիտէ ո՛ր կախարդ մատներէն այսպէս բռնուած ու նետուած երկինքն ի վեր։ Իրարու շատ մերձեցած կատարներէն բեկբեկ գիծերու ամբողջ ճմռթկում մը մէկէն կը խստանայ գլխուղ վերեւ  -- անլուծելի թնճուկ մը տարօրինակ, հսկայական, որ լոյսէն ձեւազերծ [7], սոսկումի եւ անորակելի ճնշումի ճարտարապետութիւն մը կը յօրինէ եւ մութին վրայ կը սառի, այլակերպ ու անըմբռնելի: [8] Ինչ որ դաշտին արձակութիւնը կը բանայ մեր մէջ, շրթունքիդ [9] ՝ գեղի մը բարիքին նկարովը, հոս կը հերքուի առաջին իսկ քայլափոխին։ Լեռը՝ անակնկալն է։ Կիրճը՝ ոճիրը: Բայց այդ ոճիրը վերահաս, պայծառ, անողոք դէմք կը հագնի, երբ անձրեւներէ ետք անոր յատակի անմեղ ջուրիկը մէկէն դիւահարի, ու կրանիթեայ ու սառած լռութիւններուն տեղ փրփրի անվերադիր մռնչիւնը, ան՝ զոր չես տեսներ բայց կ՛ապրի, ականջներէդ աւելի ոտքերուդ մէջ։ Որուն կը մօտենաս, խելքիդ համար դողալէն ու տրամադիր՝ ինքնիրմէդ դուրս հոսելու: Գլխապտոյտը նոյնքան զօրաւոր է ականջներուն, որքան աչքերուն համար։

 

Ու ճամբան։ Խեղճ, որբ, խոցոտ, հազիւ երկու ոտք կռնակով, դժուարութեամբ կը պահէ ինքզինքը ու մուրացկանի պէս կը տառապի, քիչ մը մարմին ճարելու համար ապառաժին փէշերէն: Ո՛վ որ նայի, կը տեսնէ անոր չարչարանքը։ Մարդերէն աւելի՝ կիները։ Ու կը գորովին իրենց ընդերքներէն, երբ կը կոխեն առաջին պատուանդանը դղեակին [10] ։ Ու ծանրացած, տրտմահար, կը ծամծմեն դանդաղ «Հայր մեր»ը, լծորդելով աղօթքը շատ հին, մոգական քանի մը տարազներու:

 

 

Ամբողջ ցերեկը անձրեւը չէր դադրած։ Միօրինակ, թանձր հեղեղում, որ հոգիներն անգամ կը թրջէ, գարնան մուտքերուն: Իրիկուան դէմ միայն սրբուեցան ամպերը։ Ժամէն յետոյ, իրենց տուները վերադառնալու ատեն, Հայրապենց Խաթունը եւ Դայեկ Մէլէքը դողալով կեցան գեղամէջի կամուրջին։ Անոնք իրարու աչքին մէջ շինեցին Երեմիային կիրճը ու անոր վտանգուած ճամբան։ Փսփսուքը կարճ տեւեց։

 

-- Աստծով, - աւելցուց կամաց Հաճի Խաթունը ու դունչին տեղաւորեց լաչակին հանգոյցը...

 

Հիմա առաջին ոլորքը անցեր էին։ Ատ մութին, մաքուր ու կարծր ճամբան կը մնար համով [11] ։ Մարդերու հետքն ու գարշութիւնը [12] ջնջուած էին վրայէն, ու երեւան եկած էր անոր ողնագիծը, զիկզակ, հաստատ ու կայծկլտուն։ Ուրկէ կը պակսին [13] ցեխին պիղծ համբոյրը եւ փոշիին սնգոյրը։ Կիները քալեցին, մտազբաղ ու հեռաւոր [14], առաջին դարձուածքը։ Անկէ ետք, կածանը ուղղակի ջուրին կ՚իջնէ։ Սովորական օրերուն, գեղին տեսարաններէն քիչեր աչքի կը բերեն այնքան քաղցրութիւն, համ ու հեշտութիւն, որոնք ջուրինն են հոդ, կապոյտ յատակին վրայ, երբ իր մաքուր ու մանրիկ իրանը կը ձգէ անփոյթ։ Բայց ձիւնհալի՞ն:

 

Ու անոր երկու քովերէն վիրաւորուած էր ձիւնին պատկառանքը, որ զառիթափերուն մեղմութիւն կը բաշխէ, բայց կիրճերուն մէջ գերբնական դրուագումներ կը հիւսէ։ Ձիւնը խորքին կու տայ [15] հոն, կնճռոտ ու սեւ գիծերով աղտոտած, մանաւանդ տգեղնալով փորուածքներուն ներսը։ Բայց ով որ անցած է անկէ տեղումի պահերուն, պիտի չկրնայ մոռնալ արուեստը, որ ձիւնինն է, երբ հովին մատներուն տակ տանիքներ, կամարներ, ճակատներ, հովանոցներ, երբեմն ալ մանեակ ու գոհար կը կապէ ժայռերու հասակին։ Ու ալեկոծ խաղաղութիւնը դադարին։ Տխուրը հոն է, որ այդ յօրինումը կը քանդուի այնքան արագ։ Կիներուն կը պատահի երբեմն իրենց զգայութիւնները ձեւաւորել իրենց սիրտերէն։ Անոնք չեն կրնար սեւ խոցերու պէս չտեսնել ձիւնէն դուրս ելած ցամաքի բեկորները, որոնք կը ծակծկեն միապաղաղ կերտուածքը լերան երեսին։ Ու սրտի կը դպի այդ քայքայումը։ Նախնական իր հոգիովը, գեղացին կ՛ախորժի միակտուր փառքերէն, մարդոց թէ իրերուն վրայ:

 

Երեք կիները կը զգան այդ տրտմութիւնը: Անոնք արդէն իրենց հետ իրենց տուներէն կը բերեն այդ թախծոտ տրամադրութիւնը, որ ծագում կ՛առնէ աւելի հեռուներէն։

 

Ձիւնհալ։ Լխկածութիւն։ Խորշոմիլը ժայռերուն։ Ու քիչ վերը, գագաթներուն պարունակին մէջ, անկնճիռ ու ծիածանուող ճերմակութիւն։

 

Հայրապենց Խաթունը։ Ան՝ որ մօտիկն է անվերածելի տգեղութեան, իր միսերուն սանդուխէն, ու անպատմելի բզկտումին, իր խղճմտանքին նկուղներէն։ Դայեկ Մէլէքը։ Ան՝ որ մեղքին մէջ կրացած հոգի ունի ու կախարդի մազեր։ Նազիկը։ Ան՝ որ ձիւնին պէս աղուոր երեսներ ունի ու փորին մէջը դեւ մը։ Ու այս յօշոտուած ծերութիւնները, ու այս վիրաւոր պատանութիւնը դանդաղ սուզումով մը կը մոռնային իրենց հոգիներուն դժոխքները ու կը քաղցրանային գաղջ ու նորեկ հովերէ, որոնք, տեսանելի իրենց ծփուն վարշամակներուն մէջ, ճամբայ ինկած էին դէպի գագաթները։ Ու կիսով տաքուկ օդին մէջ հեշտագին բաներ կը պտտէին։ Այս դառն ու նոյն ատեն անուշ յուզումները հզօր էին մանաւանդ հարսնուկին մէջ, որ ամիսով կտրուած աշխարհէն, այս գիշեր նոր կը խառնուէր իրերուն ու անոնց չկասկածուած կեանքին։ Ապրողները գրեթէ չեն զգար ինչ որ դուրս կը կոչուի։ Բանտարկեալը միայն գիտէ, թէ ինչ կ՛արԺէ անտանիք գետին մը։

 

Ու ձորակն ի վեր, անհուն ու անպատմելի էր, մանաւանդ այսպէս փրթած գիշերուան մեծ մարմինէն՝ աղաղակը ջուրին, որ սովորաբար անմեղ ու ծիծաղկոտ իր երեսը ըրեր էր այլապէս զարհուրելի, ուռեցնելով ու վերցնելով զայն մինչեւ շրթները փոքր կածանին։ Երեք կիները դժուար թէ սիրտ ընէին կտրելու այդ ճամբան լուս աչքով. այնքան ուժգին էր հեղեղին ձգողութիւնը, գիտուններուն բառով առքը: Յորձանքը՝ գուլ՝ կը զարնուէր կածանին կողերուն ու թունդ կը հանէր ապառաժը։ Կը դողային կիներուն ոտքերը։ Մութը չափով մը կը սքողէր կատաղութիւնը ջուրին։

 

Ու վախը կ՚աշխատէր կիներուն մէջ։ Քանի մը տարին հեղ մը առքը կը քաշէ իր մէջ պատանի կամ՝ զառամած աղունուորները, որոնք չեն կրնար իրենք զիրենք ազատել հեղեղին հմայքէն [16], երբ մեծ ու երկարատեւ տարափներէ ետքը, խաբուելով բացուող կապոյտէն, ջաղացքը կ՚երթան ու կիրճին մէջ մէկէն ի մէկ դէմ դիմաց կու գան ճամբուն կռնակը լզող ու աւլող հոսանքին։

 

Երեք կիներէն Դայեկ Մէլէքը ամէնէն աւելի գրաւուած էր աղէտի մը նախազգացումէն [17] ։ Պղտոր ջուրերու որսորդ՝ անիկա չարագուշակ առաքելութիւններ կատարած էր, նոյն այս պայմաններուն տակ, երբ ջաղացքը երեք տարի փակ էր մնացեր, Երեմիային ոտքին պատճառով։ Դայեկը հոն կը տանէր ընդհանրապէս ծոցուոր աղջիկները կամ զաւակ չուզող կիները։ Գործողութեան ընթացքին զոհերուն ճիչը անզօր էր խղդելու տարրերուն այս փրփրուն աղաղակը։ Ու առանց խանգարուելու, հանդարտ սրտով, անիկա կը կատարէր ոճիրը, այն օրէն ասդին, երբ իր տունը վտանգուեցաւ, նոր հարսի մը դիակովը։

 

Հայրապենց Հաճի Խաթունը, թոռը եւ Դայեկ Մէլէքը գրեթէ մատ–մատ շօշափելով ապառաժին ոսկորները կը բարձրանային փոքր զառիվերէն շատ դանդաղ եւ զգուշաւոր։ Առաջնորդն էր Մէլէքը։ Ան հատիկ–հատիկ կը զրուցէր անունները ժայռերուն, որոնք իրենց անհեթեթ քիթերը կը մխեն դէպի ձորակը եւ դարձուածքները կը յօրինեն: Պառաւը կ՛ընէր ատիկա, առանց ետին դառնալու, բայց զօրաւոր ձայնով մը, հակակշռելու համար ջուրին որոտը։ Անոր կը հետեւէր Նազիկը, պարկ մը ցորենի տակ կորաքամակ։ Խոշոր ու դժնդակ իր շնչառութիւնը, իր թաց աղմուկովը, կը վրդովէր երկու կիները, մանաւանդ վերջապահը, որուն «Հայր մեր»ը, չհատնող, կ՛ընդմիջուէր մեղաներով, փոքր հեծքերով ու յօրանջումով -- նշան՝ թէ կը մտնէին ոգիներու կալուածին մէջ։ Կրողը չէր աղօթեր, շունչը այնքան քիչ կու գար անոր։ Բայց կը մտմտար: Չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ, ասանկ գիշերով, աս փորով, իր կռնակը դրած էին այս պարկը։ Ու հրաշքը հո՛ն էր, որ անիկա կ՛ընէր այդ ելքը գրեթէ առանց մեծ ու ատով վտանգաւոր սայթաքումներու: Ճամբուն կոշկոռները կը կոտրտէին անոր քալուածքը։ Բայց չէին յաջողեր գետին բերել անոր ծունկերը, ոչ ալ կռնակի պարկը։ Ամէն մէկ շարժումին անոր մարմինը կը ճօճուէր աջ ու ձախ. պառաւները, առանց աղջկան դպելու, կռնակի պարկը կը հրէին դէպի լերան կողմը, ու «Յիսուս-Քրիստոս, դուն հասիր»ը փոխն ի փոխ կը փրթէր անոնց անըմբռնելի [18] բերաններէն։ Բառ չունէր սակայն Նազիկը, որուն դուրս ինկած լեզուն կարելի էր տեսնել, նոյնիսկ ատ մութով։ Ու սրտառուչ բան կար անոր հեւուքին մէջ, որ թէեւ կը տկարանար ջուրէն, բայց անմիջական շրջապատին վրայ կը թափէր անգայտացած արցունքի մը պէս, ողորմուկ ու անզօր: Անիկա կը խռովէր մանաւանդ մեծ մայրը, որ մօտ էր փղձկելու: Պզտիկներուն տառապանքը քառակուսուած կ՝ազդէ մեծերուն, մինչ մեծերունը խոտոր համեմատութիւններով կը քալէ դէպի փոքրերը:

 

Նիւթական այդ տաժանքին չափ գուցէ եւ աւելի չափով մը, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը տառապէր դարձեալ ներքին այն տագնապէն, որ ատոնք դուրս էր նետեր իրենց տուներէն, շատ բուռն, եղերական տեսարաններէ ետք։ Ան՝ որ պարկը կը կրէր, երիտասարդն էր ու զօրաւորը: Բայց անիկա կը նեղուէր շրջազգեստին լայն քղանցքէն (պառաւներուն էնթարին՝ իր կարճ ու անջատ փէշերովը չէր վտանգեր անոնց քալուածքը), որ հովէն շրջուելով կը ծածկէր անոր գլուխը։ Կիրճի այդ կէտին, հովը կը ստանայ բացառիկ ուժգնութիւն: Նազիկը մէկ ձեռքով կը զսպէր իր փէշերուն անակնկալ այս խռովքն ու միւսովը կը կառավարէր պարկը, որուն ծանրութիւնը տասնապատկուած կը թուէր իրեն, տունէն ելլելէն ասդին։ Բայց անիկա կը նեղուէր մանաւանդ փորէն։ Անիկա հոն, ճիշդ կեդրոնը կը զգար թանձր ու մեծ կծիկ մը, մանածի գունդերուն պէս, որոնք կը կախուին հորին թեւերէն, կարծր ու գլուխի մը չափ, որ անընդհատ վեր-վեր կը մղէր կուրծքին ամբողջ խարիսխը։ Առաջին անգամն էր, որ փորը կը խառնուէր իր մարմինին շարժումներուն, այսքան որոշ ու պահանջկոտ։ Բայց տրտմեցաւ անիկա, քանի որ այդ զգայութիւնը այնքան շուտ վերածուեցաւ ցաւի։ Բզկտող ըսուելու չափ նեղ ու ուղղագիծ, ցաւը ասեղի պէս կը շուլլուէր՝ սուր ու խիստ, դէպի սիրտը, կը ճառագայթէր դէպի կողերը, որոնք խթանուած՝ կը դղրդէին, տեղ, օդ ճարելու համար նուաղելու մազ մնացած անոր սիրտին։ Երբեմն, պառաւներուն սայթաքած ատենները, անիկա կը կենար, առանց պարկը իջեցնելու։ Ու շունչին անձուկէն անիկա կ՚իջնէր հոգիին, ուրկէ սուր մկրատներ, դանակներ կ՛անցնէին։ Ու այդ փողոտումին կսկիծը կը դառնանար մտածման թոյնովն ալ։ Ան միշտ կը փնտռէր պատճառը, որով զինքը կը քշէին դէպի ջաղացը, ասանկ պահու մը։ Ու անոր մտքին մէջ բացուեցան աղտոտ կռիւները, որոնք իրարու դէմ հանեցին մեծ մայրն ու Օվակենց ընտանիքը, քանի մը ժամ առաջ։ Իր մամային անիծակուռ նայnւածքը ու գրեթէ կանանչ թուքը պզտիկ ընդհատներով կու գային գրաւել իր այլուրացած հոգին։ Յետոյ, կ՚իյնար կեդրոնական հարցին ու կ՛աշխատէր հասկնալ պատահածը։ Ի՞նչ նպատակով, որո՞ւ կամքով ու նկատումով պարկը զարկած էին կռնակին, երբ ախոռին մէջ ջորին հանգիստ կը քնանար։ Իր միտքը կը նեղուէր առեղծուածին համար։ Բայց ինչ որ ամէնէն աւելի կը խռովէր զինքը, երկու պառաւներուն սա անսովոր կոշտութիւնը, անգթութիւնն էր։ Ինչո՞ւ չէին մեղքնար իրեն։ Ինչո՞ւ կը զլանային իրեն գոնէ վայրկեանի մը դադարը, շունչը, երբ այնքան պէտք ունէր։ Չէի՞ն տեսներ։

 

Մորմիկ աղբիւրին քով անիկա փորձեց հանգիստի ուրուաձեւ մը։ Մզմզուն ջուրը համբաւ ունէր, վայրագ այդ ճամբու կիսուն, իր հանգիստի փորուածքովը։ Ժողովուրդը դարերէ ի վեր հագուեցուցեր էր զայն գոյն–գոյն լաթի կտորտանքներով։ Ու քաղցր աւանդութիւններ, նոյնիսկ հրաշախառն դրուագներ ունէր իր հաշւոյն։ Ի՛նչ որ իրական էր ու մարդկային, անոր հայթայթած հանգիստն էր աղքատիկ այրիներուն, որոնք զրկուած կենդանիի մը կռնակէն իսկ, պարտաւոր են շալակով փոխադրել իրենց աղունը դէպի ջաղացը։ Զառիվերին վրայ, մտերիմ անձնաւորութեան մը պէս, անիկա իր զովութիւնը կու տար քրտնած երեսներուն ու իր խոռոչին լայն ու բարի հանգիստը պարկին տակ դղրդած ոսկորներուն։ Ջուրին ճիշդ կուշտին, ապառաժէն փրցուած մարդահասակ բանի [19] մը բացուածքը, պարկը ընդունելու չափ լայն, իր պզտիկ առաջամասովը, որ իբր պատուանդան կը ծառայէր [20], իրական աթոռի մը պէս կը ներկայանար աղունուորին, որ կռնակը կու տար փորուածքին եւ կը հանգչէր, առանց քակուելու իր բեռէն։ Այս իսկ պատճառով անիկա բաժին ունէր գեղին կեանքէն: Քրտի՜նքը՝ որ ինկած ըլլալու էր անոր պատուանդանին։ Ու արցո՜ւնքը՝ որ խառնուած ըլլալու էր մզմզուն ջուրին։ Ու օրհնութիւն ու անէծք։ Այսինքն՝ կեանքը։ Մեծ յոգնութիւնները մեր հոգին կը գտնեն անպաշտպան։ Ու խորապէս մարդ ենք, երբ ուժասպառ կը դիզուինք մեր վշտին տակը կամ վրան։ Նազիկը մօտեցաւ հանգիստի տեղին։

 

--  Չնստի՛ս, կտորիկ մը տեղ մնաց։

 

Առջեւի կինն էր, որ բնազդաբար դարձաւ ետ, արգիլելու համար հաւանական հանգիստ մը։

 

  -- Կտորիկ մ՛ալ, զաւա՛կս։

 

  Վերջապահն էր, դողահար, կարեկցուն, շնչատ: Յոգնութի՞ւնը, թէ ներքին յուզումը ատանկ հատած կ՚ընէին իր արտայայտութիւնը։

 

Մարդկային ձայնի այս բեկորները պահին տուին փափաքուած իրականութիւն մը, ետ բերելով երեք կիները իրենց ներքին սուզումներէն։ Անոնք աչքով ու ունքով [21] իրար փնտռեցին։ Իրարու պէտք ունէին։

 

Հիմա լուսինը գացած էր բոլորովին։ Մութին շատ լաւ վարժուած անոնց աչքերը կրնային տեսնել ջուրին հոդ ստացած բացառիկ պատկերը։ Լայն գոգ մըն էր ան, մխուած դէպի ընդերքը ապառաժին ու կը մնար ճամբայէն ցած, իր լայնքին պատճառով։ Կախարդական ու ցնորեցուցիչ բան մը կար այն ցայտուն ճերմակին մէջ, որ կը գզգզուէր անդադար անոր երեսին: Չես գիտեր ինչու կիները, երեքն ալ մէկ՝ զայն իրենց մտքովը կը նմանցնէին աւանդական գետակին, որ ժամու պատին նկարուած մեծ դժոխքին մէջ կը հոսէր եւ որուն ալիքները կազմուած էին մեղաւոր գլուխներէ, անընդհատ ծնող ու փշրուող, բայց որոնց զլացուած էր մահուան հանգիստը։

 

Մութը կը նպաստէր զգայութեանց այս այլակերպումներուն։ Տեղ–տեղ փրփուրի ցցունքները կը փրթէին, կը թրթռային ու վառելէ ետք կը մարէին։ Ու աւազանը հսկայական կաթսայ մըն էր, որ կ՛եռար ու կը պոռար։ Ինչո՞ւ սակայն զայրագնած հեղեղը իր գալարումներուն մէջ հետզհետէ կը գտնէր մարդկային դիմագծութիւն։ Ու հեղեղը լեզու էր ելած, ուրկէ հասկցան ճակատագրին ընտրելիները, անոնք, որոնց գլխուն պիտի տեղաւորուին կսկիծներուն է՛ն անկուշտները... ։ Ու հեղեղը կը տպաւորէր, զարհուրագին իրապաշտութեամբ մը, Դայեկ Մէլէքը ճիշդ ու ճիշդ Դատաստանի պատկեր ին մէջ նկարուածին նման կամ այնպէս, ինչպէս սովոր են ընել ու ըսել հեքիաթները։ Մէկէն, անոր բիբէն երկարեցաւ սեւ գիծ մը, պատկերին մազէ կամուրջը, որուն վրայէն պիտի անցնէր, հարիւրներով արգանդախեղդ մանուկները իր քամակին ու թեւերէն կախելով։ Մտապատկերը այնքան զօրաւոր էր, որ կը շփոթուէր իրականութեան հետ։ Դայեկը վախցաւ խաչ իսկ հանելու։

 

Մեղքը յաճախ անխառն է կեղծիքէն ու չ՛ախորժիր անկէ։ Գիւղացիները քիչ անգամ կեղծաւոր են։ Ու հեղեղը Հայրապենց Հաճի Խաթունին մէջ կը պոռար անջնջելի ոճիրը, բարձրաղաղակ, բիւրաւոր սատանաներու բերնովը նետուած բոլոր հորիզոններուն, իր հարսը խղդել տուած կեսուրին մշտաբախ խղճահարութիւնը, որ տարիներուն հետ ցածնալու տեղ, կոհակուեր էր ու սա գալարուն ու լայն երախէն Աստուծոյ դատաստանին կը մատնէր մուշտակաւոր ոճիրը (ոճիրը, որուն կ՛երթար, կշիռ չունէր անոր մէջ, մտածում ըլլալուն)։ Ու անոր աչքերուն տակէն ալ կը գծագրուէր կամուրջին թելը, յար եւ նման ժամուն պատկերին։ Հայրապենց Նազի՞կը։ Ան կը վախնար ջուրէն ու չնայեցաւ: Բայց անկարող էր պաշտպանելու իր ականջները, որոնք գետակը կը զգային, կը տեսնային, անանուն բայց ոչ-անծանօթ սողունին պատկերովը, դարձեալ ժամուն նշանաւոր նկարէն, հարիւր բերանով ու հազար ակռայով, որ մեղաւորները կ՛աղար ու լորձունք կ՚ընէր ու երբեմն ալ կատաղութենէն ինք իր միսին մէջ կը մխէր տրամադրելի ուրիշ ժանիքներ կամ ճամբուն կողերէն վեր կ՛երկարէր իր շառաչուն լեզուներէն մէկը։ Ու անոնց շուրջը խուլ ու բազմիմաստ էր որոտը։ Ու խորհրդաւոր էր դարձեալ հոսանքին խորերէն թաւալող ժայռերուն թնդիւնը, կոշկոճագին, դղրդուն ու երկարաձիգ, նման դիւական սրտի մը զարկերուն, որուն տակ կը թօթուըւէր ամբողջ ճամբան, կիներուն ոտքին դառնալով խարխուլ ու խղճալի բան մը։ Ճամբուն [22] ամէնէն վտանգաւոր, առքով կէտն էր: Հաւաքեցին իրենց արիւնը իրենց ոտքերուն։ Զգուշաւոր ու աղօթահեղձ՝ անցան ոլորքը։

 

Ցերեկ ատեն ջաղացը Մորմիկ աղբիւրէն անպատճառ տեսանելի կ՛ընէր իր պռատ ծխնելոյզը, որ ատանկ կտրուած կը մնար դեւերու [23] պատմութեամբ մը ու չէր շինուեր հարիւր տարիէ ի վեր։ Հեքիաթը շատ պզտիկուց կը մտնէր տղոցը ուղեղին մէջ ու չէր երթար։ Մէկէն թանձրացաւ անիկա։ Ու կիները կը սոսկային տեսնելու կաղ դեւը, որուն ոտքը կոտրուած էր ատենին, բարկութեամբ նետուած հացով մը։ Հեքիաթը դէպքը կը զետեղէր Երեմիային նախահաւուն օրերուն, ան ալ Երեմիա, արդար բայց բարկացոտ, որ փորձուած էր սատանայէն, ալիւր գողցած՝ [24] այրիի մը պարկէն ու հաց շինած։ Ու կը նկարագրէր փորձողին խնծիղը, մեղաւորին տագնապը, յետոյ ապաշաւը։ Յետոյ՝ կը հանէր զայն ոտքի, հացը կու տար Երեմիային ձեռքը, որ չէր դադրեր իր արդարութենէն, [25] ոչ ալ բարկութենէն։ Ջաղացպանը գողցուած հացը կը շպրտէր փորձիչին ոտքին ու անմիջապէս կը սկսէր Մանասէ թագաւորին աղօթքը, մէկ շունչով, եօթը հեղ իրարու ետեւէ։ Սատանան, [26] հալածուած հզօր աղօթքէն, [27] չէր կրցեր կրկին մօտենալ մեղաւորին ու կաղնիկաղ տանիքն էր ելեր, ու անզօր կատաղութեամբ մը փրցուցեր էր ծխնելոյզին արեւելքի երեսը։ Անօրէն ծխնելոյզը կը մնար պռատ։ Երեմիաները կ՚անցնէին, ինչպէս պիտի անցնէին մեր բոլորին ալ անձերը: Բայց ծխնելոյզը չէր շինուեր։ Ամէն եկող անյաջող փորձէ մը ետք կը հրաժարէր շինութենէն։ Ժողովուրդէն քիչ չէին անոնք ալ, որոնք կաղ դեւը տեսած էին, հացը ձեռքին լալով ու մուրալով, ողոքելու համար աղունուորները, որպէսզի մոռնան Մանասէ թագաւորին աղօթքը։ Մինչեւ այս պատմութեան օրերը, կիրճը մտնող ամէն գեղացի անգիտակցաբար կ՚արտասանէր հռչակաւոր բանաձեւը իր պոչէն՝

 

«Ամենակալ Տէ՛ր, թող զմեղս իմ... »

 

Ամէնուն պէս կնիկները ըսին աղօթքին այդ բեկորը։ Ու հեքիաթը խորունկցաւ: Մեղքին ուրուականը սեւ, թանձր, կպրահիւս՝ անցաւ անոնց հոգիներէն։ Երկու պառաւները ետ դարձուցին իրենց գլուխները, հաստատելու համար կարծես կաղ դեւին ժանիքն ու եղջիւրները։ Նազիկը զրկուած արքայութեան [28] մը վայելքը փախցուց իր աչքերէն։ Աղբիւրը ջնջուած էր։ Բայց տեսարանին վրայ կ՚իշխէր ձայնական մղձաւանջը: Պղտորեցաւ անոնց բանականութիւնը։ Մեղքն ու հեղեղին դանդիռը կը ցնցէին անոնց ոսկորները։ Աղջիկը հրելով դէպի ճամբուն լեռնային եզրը, անոնք փնտռեցին կախարդական ծխնելոյզը, որուն կատարէն ծուխին գարգմանակը կեանքի նշան մը կը մնար դժոխքի դուռին պէս վայրագ այդ տեսարանին վերեւ։ Չկար անիկա։ Կիները քալեցին։ Գետակը հեռացաւ մէկէն։ Նիհար կածանը, այդ կէտէն կը ձգէր ջուրին ափը ու յանդուգն սրութեամբ մը կը մխուէր ցածկեկ ապառաժի մը սիրտը ու, զայն մէջտեղէն ճեղքելով, կը հատնէր նշանաւոր ջաղացքին աոջեւ։ Դիտուած էր, որ ճամբուն այդ ճիգը կ՚անցնէր թէ կենդանիներուն, թէ՛ աղունուորներուն, որոնք ուժգին թափով մը կելլէին զառիվերը եւ ուրախ կը հոսէին վար։ Կիները ըրին ելքն ու էջ[ք]ը [29], արագ, վճռական, ճիշդ ճամբուն նման:

 

Նազիկը դուռին առջեւ նետեց պարկը, առանց թելադրութեան կամ հրամանի սպասելու ու ինկաւ վրան գրեթէ շնչասպառ։ Պաոաւները իրենց աղօթքներուն բուռն թափին մէջ պարտաւորուեցան կենալ։ Աղջիկը այնքան արագ ու աղմկոտ շունչ կ՚առնէր, որ անոնք ընդհատեցին ոգիները ողոքող բանաձեւերը (յատուկ աղօթքներ ի զօրու են պաշտպանելու անժամանակ ճամբորդները, երբ անոնք կ՛անցնին ոգիներու նախասիրած կայաններէն, որպիսիներն են գերեզմանատուները, բաղնիքները, մանաւանդ ջաղացները) ու շուարեցան։ Յետոյ, աղօթքին կտորները սառի պէս տաք, այրող զգալով իրենց շրթունքին վրայ, անոնք ծունկ կոտրեցին Նազիկին մարմինին առջեւ, պատկառոտ, վարանքով ու խղճահար։ Պա՞հը [30], գալիք աղէ՞տը, կամ ասոր հաւանական հետեւանքնե՞րն էին, որ այդ խայթն ու երկմտութիւնը կուրուագրէին դայեկին անզգած ու ամբարիշտ հոգիին մէջ։ Կը վախնա՞ր։ Ու տկարացաւ: Ու իր շարժումները եղան անիմաստ։

 

--   Մամա՛ս, - բացագանչեց աղջիկը։ Այս միջամտութիւնը, մարդկային սարքերուն այս իրականութիւնը պիրկ ցնցումով հակազդեց[ին] [31] թուլցած ու շուարուն դայեկին։ Ան արագ գտաւ իր վճռականութիւնը ու դատեց կացութիւնը։ Բարձր ու հեւուն այս շնչառութիւնը անիկա զուգորդեց անցեալին։ Պարկին տակ չվիժողները միայն ունեցեր էին շնչառութեան ու շեշտի այս ապահով լայնքը։ Ուրեմն կը մնար աշխատանքը: Վստահութեամբ իր հոգիին ալքերէն կարծրութիւն, ուժ, անզգածութիւն փոխադրեց իր մատներուն։ Ու սկսաւ: Ան մատը նետեց անոր պորտի փոսին, յետոյ շրջանը ըրաւ փորի ուռեցքին ու սահեցուց զայն անասելի կէտերու։ Ոչինչ։ Քաշեց ձեռքը դուրս, մխրճեց զայն իր մէջքի շալին ու մնաց լուռ, դժուար լռութեամբ մը։ Իր քովիկէն, այդ սպասումին մէջ կը մտնէր Հաճի Խաթունը, ան ալ պրկուած, ջնջուած ու դուրս ինքնիրմէ, հարցումի իսկ անկարող։

 

Հարսնուկը  --հեգնութիւն մը չէ այս վերադիրը, քանի որ պսակ անցած էր Նազիկին գլխէն-- կը շարունակէր հեւալ ու հեւալ։ Կարծես հանգիստը աւելի նեղցուցեր էր անոր վանդակը։ Բայց ատիկա տեւեց քիչ։ Զայն վեր հրող գունդը փոքրացաւ։ Ցաւը կը մեղմանար ու սիրտը կը լայննար։ Մէկէն իր աչքին ինկան կծկտած ստուերները պառաւներուն։ Ու տեսաւ նորէն, որ անոնցմէ մէկը իր մատները առած էր ոսկրուտ ափին մէջ ու կը սեղմէր ջղագար ու անիմաստ խստութեամբ: Իր մեծ մօրը մէկ մասին հետ այս ցաւոտ շփումը անոր մտքին բերաւ դժնդակ պատկերներ։ Բայց ինչպէս միշտ, հոս ալ չկրցաւ խորհիլ։ Դայեկին մատը, իր խաղերով ու յանդգնութիւնովը անոր մէջ լուսաւորեցին ջաղացին այս մռայլ խորհուրդը։ Հազիւ կրցաւ հասկնալ պարկը, ջաղացը, ո՛ւր եւ ինչո՛ւ եկած ըլլալը: Այս խելամտումը դիմաւորուեցաւ նախ սարսափով, յետոյ անհուն զզուանքով։ Ընդվզումն ու փախուստը կը մխտէին զինքը։ Այդ գիծով տեսաւ ամսուան մը անցեալը, ուր իրեն պատմած էին մայր ըլլալուն քաղցրութիւնը ու անոր հետ կապուած երանեալ յուզումները։ Բայց ատոնք բոլորը գացին այնպէս՝ ինչպէս եկած էին։ Ու իր առջին ծնրադիր այդ մարմիններէն գանելով մէկտեղ, անիկա մնաց իր կեցուածքին մէջ, կիսահակ ու տրամադիր, մտիկ ընելու համար դայեկին մատին թելադրանքը։ Անիկա [32] կամքէն [33] փրցուած կակղամորթն էր, հոսանքին յանձնուած։ Միւս կողմէ՝ անիկա իր մտքին առջեւ ապրեցուց մանրամասն պատկերացումով Օվակենց պառաւին այնքան ազնիւ դէմքը, այնքան սուրբ ու խեղճ, որ ջնջուած էր մէկէն, երբ իր մեծ մայրը --իր ատելութիւնը անցաւ իր մատներուն, որոնք եղունգեցին պառաւ ափը-- փրփուրը բերնին, մատները պրկելէն ու աւելի ահարկու, քան սատանան, պոռացեր էր անոր երեսին.

 

-- Պոռնիկներ, ձաներնիդ կարճ ըրէք:

 

Հոն՝ ուր կամքը կը պակսի, արտաքին աշխարհը չէզոք է գրեթէ միշտ։ Մենք կ՛ընդունինք մեզի տրուածը, չընելու համար ուրիշ բան։ Ողբերգականը հոն է, որ նախատինքը, կեղծիքը, մէկ խօսքով՝ ստորին տարրը անվարագոյր է մեզի համար ու գիտնալով կը հանդուրժենք հոն՝ ուր ընդվզումը բնական պիտի գար։ Պոռնիկնե՜ր։ Որքան ճիշդ էր բառը: Բայց հասցէ՞ն։ Այն ատեն արդար պառաւին տեղ ինքն էր ամչցեր: Ամբողջ ճամբու ընթացքին Օվակենց պառաւին այդ չքացած արտայայտութիւնը, անոր անփոխարինելի ամօթը կերան զինքը։ Պոռնիկնե՛ր։ Այո՛։ Ու իր մարմինը կը սարսռար անօրէն նախատինքէն, մինչ կը խօլիքնար [34] իր փորը։ Դայեկը հեռացեր էր քովէն ու զբաղած անծանօթ քննութեամբ մը։

 

Ջաղացքին տանիքէն դարաւոր սօսին սկսաւ իր թաց ու կաթկթուն երգը: Ամբողջ շրշիւն ու փափկութիւն՝ անիկա շեղ ու հոսանուտ իր թրթռումովը կը զատուէր հեղեղին ուղղակի ու վայրագ հռնդիւնէն: Ու մինչ հեղեղին գոռոցը զիրենք կը ցնցէր բայց չէր թափանցեր, սօսիին նուագը կը թափէր անոնց վրայ, համական, տխուր, բայց յստակ, կարծես կմախացած ճիւղերուն ու մեռած տերեւներուն անգերեզման հոգին ըլլար [35] որոնք քսուէին ոստերուն, ներս ընդունուելու համար [36]: Նազիկին համար մարդկային շրթունքներու եւ հեծեծանքի համ մը տրոփել առաւ ծառին ընդարձակ սիրտէն: Ու հովին հեծ[ք]ին [37] տակը ըսես անոր ոսկորներն էին լացողները, քանի որ երկինքը ամպ չունէր։ Ու դարձեալ լացի, սուգի, մահուան այս զգայութիւնները կը բանէին Հայրապենց Խաթունին մէջ։ Կը կրկնուէր ինչ որ վարի հեղեղը իր կաթսայովը արթնցուցեր էր անոնց մէջ։ Մեղքէն դեռ հեռու՝ այս սարսափը կը ճնշէր երկուքին ալ վրայ։ Ու Հաճի Խաթունը յիշեց պատահարը կովարծ Գաբիկին։ Խեղճ մարդը չէր վախնար մեղքէն ու կը հարցնէր -- Ատքան դժուա՞ր է։ Յետոյ խնդաց անոնց վրայ, որոնք կը վախնային։ Բայց ինքզինքը ստիպուեցաւ կախել, երկու տարի երազին մէջ ամէն գիշեր իր կոյր տղեկը խղդելէ ետքը, ինչպէս ըրած էր իրականութեան մէջ։ Ինչո՞ւ յիշեց պառաւը: Դիտուած է, որ հանգիստի պահուն քիչ անգամ մենք մեղքինը կ՛ըլլանք, ան ալ ուրիշներու հաշւոյն։ Ոճիրը շարժումին ուրիշ մէկ երեսն է։ Ու կը դողար զառամ պառաւը:

 

Արցունք։ Ապաշխարութիւն։ Մեղք ու քաւութիւն։ Ու վարձք ու պատիժ։ Արքայութիւն ու դժոխք։ Ասոնք բառարանները զարդարելու համար շինուած չեն, մանաւանդ գեղերուն մէջ։ Անոնք հազար-հազարներու ջիղերէն փրցուած զգայնութեան խտացումներ են, որոնք ինկեր են միջոցին մէջ ու չեն մեռնիր ու կը պտտին, պարապ սիրտերու մէջ վերածաղկելու ընդունակ։ Ու անոնք մեզի գալու ձեւ ունին։ Դայեկ Մէլէքը իր անցուցած հարիւրաւոր մանուկներուն հեծեծանքը իրաւացի յուզումով մը լսել պիտի կարծէր ոստերուն շրշիւնէն, ու անոնց արցունքը պիտի զգար, երբ կաթիլ մը իյնար իր մարմինին մերկ մէկ մասին։ Ու այս կարգով միւս կիներուն համար ճիշդ էին տպաւորուելու կերպերը: Ուրկէ՞ եկաւ կախարդ դայեկը սա տկար, գորովոտ հոգեկանութեան։ Ինչե՞ր անցան ու գացին իր մէջէն, որպէսզի անիկա մօտենար ոճիրի նախագաւիթին մէջ Հայրապենց Նազիկին ատանկ թոյլ, վարանոտ ու խեղճ։ Բայց երբ անոր մատները բռնեցին երիտասարդ կնոջ մարմինը, պատրանքը կոտրեցաւ: Այդ փոքր շփումը զայն կը տանէր ասպարէզին ու անոր պահանջներուն: Անիկա եղաւ հուժկու եւ բռնաւոր: Մէկէն իր բազուկը հագաւ ոճրային շեշտ ու կարծրութիւն: Մոռնալով տեղը, Հաճի Խաթունը, ոգիները, անիկա չափեց, չափչփեց աղջիկին որովայնը, «իսին վրայէն» [38], վրդովուն ու դուրս ինքնիրմէ, ինչպէս պիտի ըլլար արու մը, փորձեց այդ ջերմ ողորկութեան վրայ դժոխային իր կարկինումը ցուցամատովն ու բթամատովը։ յետոյ, պորտին խոռոչը կեդրոն առնելով՝ դաստակը հեծցուց կոնքէն վեր պարապութեան մը վրայ ու սեղմեց սաստիկ, ազատ մատներուն մագիլները սողացնելով ամէն ուղղութեամբ ու հարցուց դողդողալէն,

 

-- Մէկտեղդ չի ցաւի՞ր։

 

Ու կը ճնչէր անիկա ոճրագործի այն սարսուռով, որ չ՛երեւար դուրսիններուն ու չ՛ազդեր ներսին, այնքան ճիշդ կը բխի խառնուածքէն:

 

-- ՉԷ, - պատասխանեց Նազիկը, գլխու թեթեւ ընկրկումով մը հաստատելով իր ձայնին ժանգը [39] ։

 

Այն ատեն, հեղինակութեամբ մը, որ չի թողուր ընդդիմանալ, որ անբացատրելի հմայքը կազմեց բոլոր զսպողներուն, դայեկը բռնեց տիրաբար անոր դաստակէն, ոտքի կեցուց զայն ու արագ ու ամուր շարժումով մը կրկին նետեց անոր քամակին խորհրդաւոր պարկը ու վճռական՝ հրամայեց։

 

--  Չըլլայ որ նստիս։

 

Նազիկին ամբողջ մարմինը ճօճեցաւ, բայց պարկը չինկաւ: Անիկա չէր կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ մտիկ կ՚ընէր այդ ձայնին։ Ձայն ըլլալէ աւելի տարբեր բան մը՝ այդ պիրկ ու կոշտ հնչումը, որ գետինէն կը բխէր կարծես։ Մութը, [40] ջնջելով մարդկային մասը դայեկի դէմքին, կը տարածէր ու կ՛այլագունէր անոր ձայնը։ Աղջկան աչքերը, աղերսարկու լարուածքով մը, փնտռեցին իր մեծ մայրը, որ քիչ անդին առնուած էր սեւէն, դադրելով իր շէնքէն, մութին վրայ պարզ ու անկարող յաւելում մը դառնալով։ Իր բեռանը ճնշումին տակ՝ Նազիկը կը կափկափէր։ Ան թեթեւ մը հանգչեցաւ, երբ դայեկը ձգեց իր ձեռքը ու դարձաւ անդին:

 

Մէլէքը դուռին առջին էր ու ափովը կը շօշափէր փեղկերուն խոնաւ մարմինը։ Անոր մատները՝ վարժուած մարդկային միսի գաղջ սահանքներուն, այրեցան կարծես, երբ դուռը լեցնող [41] գամերուն լայն գլուխները գտան։ Քաշեց [42] արագ: Դժուարութեամբ ձեռք ձգեց պզտիկ քիթը մղլակին, որ փականքի տեղ կը ծառայէր: Ճռնչուն ու տխուր, սեւ գիրքի մը սեւ կողքերուն պէս, որոնք կը պատռին բայց չեն երեւար, փեղկերը քակուեցան ու գացին։ Բացուած մութը աւելի սեւ էր, քան որ կար իրենց առջին:

 

Հայրապենց Խաթունը չէր տեսներ ջաղացին ներսը։ Ջուրի փոքր հեծքեր միայն, որոնք հեղեղին գոռումէն իջած էին այդ տկար աստիճանին, ներսէն դուրս հազիւ կը հասնէին։ Յայտնի էր, թէ ջաղացը տագնապի ու վախի շրջան մը կ՚անցընէր։ Այս անձուկը գրաւեց իր ալ հոգին ու անիկա փսփսաց իր մանկութեան աղօթքներէն բրդուճ մը, բոլորովին անիմաստ ու կախարդական, զոր գնչուները կը սորվեցնեն երբ բախտ կը նային եւ որուն մէջ քառսուններ, եօթներ, հարիւրներ, հազարներ (դեւերու գումարտակներ) յորդորակի պէս կու գային ու կու գային: Իր կարծիքով ասիկա հզօրագոյն բանաձեւն էր, զոր զրուցեր էր, կը զրուցէր խոշոր փորձանքներու, երկա՜ր ու տանջագին հոգեւարքներու ու մանաւանդ ծանր ու պատուհասող երկունքներու ատեն: Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ եղերականը, գերբնականը իրենց երանգը կը խառնէին տրուած վիճակին։ Ու պահն ու ձայնը իրարու աւելցան՝ համերաշխ ու սերտ: Միշտ անիկա չէր հասկնար բանաձեւին իմաստը: Միշտ ալ կը գտնէր սակայն ցանկացուած արդիւնքը։ Ու կը հասնէր հանգիստը, թուլացումը, որ աղէտներու ճպոտին տակ այնքան պրկուած մեր հոգին կը պարպեն քիչ մը ու մեզ կեանքին, չէզոք ու սովորական վիճակին կը դարձնեն։ Ու կը հանգչինք։ Ու հանգչեցաւ։

 

Ասդին, Դայեկ Մէլէքը կը մտնէր իր ամէնէն յուզուած ու խորունկ վիճակներէն մէկուն մէջ։ Անիկա հոտը առած էր ոգիներուն։ Աւանդութիւնը այդ արարածները շարժումի կը հանէ գիշերուան այդ պահերուն։ Մինչեւ առաջին հաւախօսը հողն ու երկինքը կը լեցուին անոնց բանակներովը։ Աւանդութիւնը կը մասնաւորէ անոնց դասերն ու պաշտօնները: Կան՝ որ ջաղացներուն մէջ հարսանիք կը բռնեն ու իրենց թմբուկները պոռացնելով գեղէն կը բերեն խաբուած հարսնուկը ու արիւնը կ՚առնեն իրենց մանրիկ բաժակներուն մէջ։ Նոր հարսներուն այդ անողոք թշնամիները կ՛ախորժին պատանի սիրողներու ձայնն ու տարազը հագնելէ։ Ու գեղը պատմութիւններ ունի։ Կան՝ որ իրենց նորածին դեւուկները խածած կը թափառին երկունքի մահիճներուն շուրջը եւ օգտուելով տղաձգանին [43] պատահական մենութենէն, մանաւանդ քընընճելէն, ակնթարթի մէջ կը փոխեն ու կը փախցնեն մանուկը, տեղը ձգելով իրենց դեւը։ Ուրիշներ, որոնք պարտուածներ են կախարդներու հետ պայքարի ընթացքին ու անոնց սպասարկու՝ մինչեւ գերեզման։ Եւ որոնք կը հետեւին կախարդներու բոլոր գիշերային արշաւներուն, կատարելու համար անոնց բոլոր հրամանները։ Դայեկ Մէլէքը ձախորդութեան մէջ այդ կարգը, աստիճանը չունէր, հակառակ գեղացիներուն հաւատքին։ Ու ոտքը ջաղացքի սեմին՝ անիկա սկսաւ իր տարազները այդ բոլոր լեգէոններուն դէմ, շատ մը ժողովուրդներու բարբառովը շինուած, դժուարիմաստ բայց հզօր աղօթքները, որոնք աղօթողին շուրջը մոգական օղակը կ՚ոլորեն ու կ՚արգիլեն դեւերուն ոտնձգութիւնը կախարդուած շրջանակէն ներս։ Ս. Կիպրիանոսի, Ս. Մարկոսի, Անտոն ճգնաւորի անունները լսած եմ ես այդ բանաձեւերուն մէջ։

 

Երկնային այս փորձանքներէն դուրս, պէտք է նոյն չափով մտածել նաեւ մարդերու արդիւնք պատահարներու։ Կաղ դեւին հեքիաթը մինակ չէ ջաղացին դժնդակ համբաւին մէջ։ Երեմիային ջաղացը ժողովրդական երգերու մէջ մուտք ունի.

 

Քարը գլտորեցաւ, ջաղցին կորն ինկաւ,

Ջաղցըպահին երեսը մոխիր կտրեցաւ….

 

Ու երգը կը պատմէ, թէ ինչպէս քարէն ետքը մարդը, ետեւէն կնիկը, կը մտնեն ներս ու ինչպէս կը մորթուի պոռնկացած կնիկը առանց ճիկը հանելուն…։ Ու գողեր։ Ու ընդհարումներ։ Մանաւանդ հոն տարուած ու փորերնին պարպուած աղջիկներուն տրտում ու թշուառ կարաւանը...

 

Իր աղօթքները ամբողջ քաղելէ, ու դեւերուն դէմ ինքզինքը զրահելէ ետք, դայեկը առաջ քաշեց Նազիկը, ձախ ոտքը նետել տալով առաջին անգամ։ Աղջիկը չէր հեւար, չէր երերար։ Բայց ջանաց իր գլուխը ետ դարձնել, մեծ մայրը տեսնելու մտքով։ Պարկը կ՚արգիլէր ամէն յետադարձ շարժում։ Նազիկը չիմացաւ իսկ, թէ դայեկը ինչպէս ու երբ մտաւ ներս։ Ան քովն էր ու նայեցաւ [44]: Վայրկեան մը չանցած, կարմիրի վրայ շատ խուբ փայլ մը բուսաւ անկիւնէ մը։ Օճախն էր։ Մատնուողի զգայութիւն։ Աղջիկը քալեց դէպի պատը, դանդաչելէն։ Դուռին քառանկիւնը արիւնոտ իր բերանը կը բանար պարապին, դուրսին վրայ:

 

Կաղ Երեմիան շատ քիչ անգամ կը ձգէր իր ջաղացը։ Շատոնց կորսնցուցած իր կնիկը, անիկա ուրիշներու պէս համ չէր առներ ժամուն բակէն ու անոր անուանի արիշէն։ Անկախ մարդ՝ կ՛ատէր ծերերը, որոնք տէրտէրին գլուխ ծռելէ զատ ուրիշ ընելիք չունէին իր խելքովը։ Բայց կը սիրէր իր ջաղացը, զոր կը խնամէր մարդերու [45] վայել գուրգուրանքով մը։ Աս գիշեր, անիկա գեղ էր իջած բացառաբար, թոռան կնունքը տօնելու։ Փառաւոր կոճ մը օճախին մէջ պիտի դիմանար անոր հաշիւովը մինչեւ կիրակի կէսօր, քանի որ ծերունին այդ առթիւ պատարագ ալ պիտի տեսնէր։ Երբ Մէլէքը առաւ վրայէն մոխիրին խաւը, կրակը զարկաւ երեսին։ Ու դժնդակ էր պատկերը անոր դէմքին, կռնծած, խոռոչաւոր ու դաժանօրէն դեղին։ Ու ահաւոր էր լաչակէն խուսափած մազերուն տեսիլը, -- խռուատիպ պսակ, որով կը մտապատկերուին կախարդները բոլոր ժողովուրդներու մէջ։

 

Յետոյ չեղաւ անիկա [46] ։ Աղջկան մօտն էր։  Ներս մտցուց զայն, պարկին վրայէն մեղմ հրելով։ Դայեկը միացուց դրան փեղկերը։ Ու մռայլ բան մը կար գերանին աղմուկին մէջ, որ մութը սկրթեց ու կռնակէն փակեց դուռը։ Այս զգուշութիւնը իր պատճառը ունէր։ Դայեկը չէր վախնար նոյնիսկ «գրողէն», բայց կը ճանչնար տկարութիւնը մեծ մայրերուն, որոնց սիրտը չի դիմանար հասուկ աղջիկներու լացին։ Գործողութեան ենթականերուն լացն ու աղաղակը պատճառ կ՛ըլլային երբեմն վտանգաւոր ընդհատումներու, որոնց հետեւանքը կը ծանրանար իր ապրուստին --տասներկու թոռներու հաց կը հոգար անիկա իր մեռած հարսին ու մեռած տղուն տեղը անցնելով ատ տարիքին--, ու քիչ մըն ալ աւելի՝ իր համբաւին։ Փորձառու մատները « հիւնէր ւոր», ընդհանրապէս մինակուկ կը կատարէր, ու ոչ մէկուն պէտքը կը զգար իր մօտը, բարդ իր շարժումներուն ընթացքին։ Զարմանալի կերպով յստակ կը տեսնէին անոր մատները, միշտ թերաuտուեր մարզերու մէջ խորհրդաւոր աշխատանքին այնքան վարժուած։ Այդ պահերուն, անոր բոլոր շարժումները կը ներկայացնէին գերազանց ապահովութիւն, այն անողոք ու հանդարտ արտայայտութիւնը, զոր կանխորոշ ամէն մտածում կը փոխանցէ մեր ջիղերուն։ Ոճրագործը երբ կիրքի հերոս մը չէ, մտածման սառն ու անսայթաք մեքենայ մըն է, որ չի խանգարուիր։ Դայեկը չունեցաւ ոչ մէկ շարժում, ոչ մէկ շեղում, նոյնիսկ արդար ժամավաճառութիւն։ Գեղին ամէնէն արհաւրալից մէկ անկիւնին մէջ, այսքան վտանգաւոր ձեռնարկի մը համար անոր ցերեկեայ խուզարկութիւնը մեծ բան մը չէր նպաստեր: Բառ մը անգամ չխօսեցաւ, դուռը կողպելէն առաջ, Հաճի Խաթունին հետ, որ դասը լաւ միտք պահած աշակերտի մը պէս թողուց, որ ամեն բան կատարուի դայեկին կամքին համաձայն։

 

Հայրապենց Խաթունը, ներքին գոհունակութեամբ մը, կռնակը փակցուց փեղկերուն միացման գիծին։ Անիկա հպարտ էր պահակի այս անիմաստ դերովը։ Կ'ըսեն, թէ ոճիրին մէջ կիները աւելի յանդուգն կ՚ըլլան այրերէն: Պէտք է աւելցնել, որ անոնք կէտի մը վրայ գոնէ ենթակայ կը մնան իրենց սեռին։ Գուցէ կը հաշուեն այրերուն չափ ու աւելի։ Բայց ձեռքի սխալը յաճախադէպ է իրենց գումարներուն [47] մէջ։ Ու ծիծաղելի են տարրական այդ պակասովը։ Յետոյ կուկուզ ըրաւ անիկա, միշտ գոհունակ ու հեռու ժխտական տրամադրութենէ։ Անոր գերազանցութիւնը կու գար իրեն դրան առջեւ այդ սպասումէն, որուն անհրաժեշտութեանը վրայ պնդեր էր այն այնքան յամառօրէն։ Մէլէքը տեղի տուաւ անոր յիմարութեանը։ Ու հետր առաւ մեղքի հին ընկերը։

 

Ու կոծկոծուն, [48] ու կոտտացող կրունկներուն վրայ [49] նստելու իսկ անկարող, -- ճամբուն քարերը ծեծած էին զանոնք, -- անիկա կռնակովը նախագահեց ոճիրին։ Կ՛ամրացնէր ինքզինքը, հոգիէն հոգի աւելցնելով ու կը զայրանար դայեկին կարճմտութեանը վրայ, որ զինքը այնքան տկար էր դատեր ու կը խնդար նոյն ատեն: Ինքզինքը կարծրացնելու հոգեբանական այս պատրաստութիւնը ելաւ իր չէզոք ու ներքին ձեւէն ու վերածուեցաւ շարժումի։ Փորձեց այդ կարծրութիւնը ակռաներուն, յետոյ ձեռքին մատներուն վրայ։ Զգաց, որ պատրանքին տակ իր կրունկը աւելի ամուր կը կոխէր գետինին։ Ուրախ էր:

 

[50] Մէկէն պաղ բան մը ելաւ դուրս իր ակռաներէն։ Ցնցումին հետ բացուեցաւ իր մէջ` շատ մօտիկ, երկու քայլ անդին, ուրուացող նկար մը, որ Նոյի [51] պէս կը փայլէր, որուն չէր խորհած, երբ հեռու էին ջաղացէն։ Դայեկը չէր ծածկած հաւանական ու կարելի հետեւանքները այս քիչ մը պոյը էվէլ առած վիժումին։ Բայց այս վիճակը վանուեցաւ շատ աւելի հզօր գրգիռէ մը: Անիկա ատելութեան վայրագ կտրտում մը դողդղաց [52] իր բոլոր ոսկորներուն մէջ, երբ մտապատկերեց իր թոռանը ետեւէն կախուելիք անջնջելի ամօթը. փիճ ի մը գայթակղութիւնը։ Հարիւր անգամ պիտի նախընտրէր մահը, քան ատանկ ապրիլ մը։ Գեղը հազիւ թէ կը յիշէր Ալմոյենց Էլմասը, գեղանի՜ աղջիկ, որ յիմար եղաւ ու փորը ուռեցուց։ Բայց աւելի յիմար եղաւ, պսակէ չանցած, զաւակ բերելու։ Բայց քաւեց իր մեղքը՝ ինքզինքը կախելով։ Մեծ մայրը փիճ ը մաքրեց անսուաղ պահելով։ Ու երգը դեռ կը խնդայ անխելք աղջկան վրայ։

 

[53] Հայրապենց Խաթունը ամուր էր քարի նման, երբ դուռին կղպուելէն ետք աւարտեց առաջին «Հայր մեր»ը։ Այն ատեն եկաւ իրականութեան: Ականջ տուաւ։ Ոչինչ։ Խաղաղ էր ներսը։ Ջուրին որոտումը ա՛լ [54] չէր ճնշեր։ Ընելիք չունենալուն՝ յիշեց առաւօտը։

 

Աղէտէն ետք ի՜նչ [55] սպառիչ եւ ողբերգական փնտռտուքով տրուեցաւ անոր իմանալ Նազիկին թաքստոցը։ Յուզիչ եւ մարդկօրէն եղերական էր տեսարանը իրենց միացումին: Գեղին բոլոր կնիկները նայուածքին կարծրութեամբը խոնարհեցնող այդ տիկինը՝ կոտրած ու պզտիկ բարձրացաւ Օվակենց համեստ ու խարխուլ սանդուխներէն: Խմբուած էին փոքր սրահին մէջ ընտանիքին կարեւոր անդամները։ Աշխատեցաւ պահել իր գերդաստանին դարաւոր պատկառանքն ու վայելչութիւնը գոնէ, քանի որ կ՚արգիլուէր իրեն գոռոզ արհամարհանքը։ Յետոյ տկարացաւ։ Ինքզինքը չմատնելու համար կեղծեց բարկանալ ու շարժումի հանեց յօնքերը։ Թոռնիկը կը նայէր իրեն բարի, անպաշտպան, այլուրային։ Շուրջինները կը վախնային ուղղակի աչք ձգելու տիկինին վրայ։

 

Ձգտուած [56] մազերովն իսկ թրթռալէն, պարպուած իր դէմքի արիւնէն, Հայրապենց տիկինը կ՛աշխատէր խօսք գտնել ու չէր կրնար։ Չէր կրնար մանաւանդ ձայնին շեշտը, որուն լարուածքը կը փրթէր սրտէն, այսինքն՝ խեղճ, ողբական, նկուն ու վիրաւոր, պատշաճեցնել իր հագնիլ կեղծած անտարբերութեան, նոյնիսկ քիչ մը հպարտութեան։ Օտարներուն նայուա՜ծքը։ Անոր մայրութեան ա՛լ [57] չոր կարծուած արմատներէն շրջանի ելաւ սրբազան սարսուռը, որ դղրդեց անոր կարծրութիւնը եւ ընկճեց հպարտութիւնը: Ան չկրցաւ չլալ։ Ու համբուրեց Նազիկը կարօտէն, սէրէն, իր գիտցած ճամբաներէն տարբեր զեղումով մը։ Մահուան մօտիկ կամ հեռաւոր ստուերը միայն մեր շարժումներուն մէջ կը նետէ այդ այլուրային, անմեկնելի հեւքը, որով կը զանազանուին հոգեւարքներու դիմաց մեր նուազումները [58] ընթացիկ գորովանքէն ու անոր գերադրուած, մինչեւ պշուցում, սուզում բարձրացող ձեւերէն։ Փաթթեց աղջիկը, մահուան դէմ զայն պատսպարող շարժումով, ու անոր մազերուն մէջ ջանաց պարտկել Հայրապենց արժանապատուութիւնը։ Ներկաները առնուած էին։ Այս ողջակէզը իր ամբողջ ճենճերումովը կ՛անցնէր իրենց հոգիներուն, ու լացին, բոլորն ալ, լուռ ու անմխիթար լացը ողջ մեռելներուն։ Արցունք չունէր միայն Նազիկը, որ ակռաները կը խածնէր անդադար ու պատասխան չէր տար հարցումի կտորներուն:

 

Արդար Առաքելի նշանացի մէկ հրամանին վրայ մինակ ձգեցին զիրենք։ Այն ատեն ուժովցաւ, ինքնիրմէն ելաւ զուսպ ու փաթթուած այդ հեծկլտուքը։ Ինչպէ՞ս անոր ձեռքը դպաւ թոռանը փորին... Ու անլուր կատաղութենէ մը ետք, անիկա գրեթէ չքացաւ երբ իմացաւ բուն ողբերգութիւնը ու անոր ա՛լ [59] անհասանելի հեղինա՜կը... Հարուածին տակ անոր ուղեղը հիմէն դողդղաց ու շրջելու պէս եղաւ: Իր բառերը դուրս էին իրենց ընթացիկ իմաստներէն -- որեւէ իմաստէ։ Կտրտուած, հակասական, թերի՝ անոնք բերնէն կը թռէին, բոլորովին օտար կացութեան ու տեղին։ Փակեց աչքերը, վախնալով լոյսի գիծերէն, որոնք կը նետուէին բիբերէն դուրս: Արեան խռնում մը արդէն կ՛արգիլէր անոնց մէջ ամէն արտայայտութիւն: Յետոյ, պակսեցան իրեն տեղի զգայութիւնները: Բայց անմիջապէս վիժում մը, անկում մը, լիճին մէջ ինկող մարմինի մը ըրածին նման՝ ալեկոծեցին իր ներսը։ Տակնուվրայ անոր ուղեղին մէջ հզօր մտածում մը ծառացաւ մէկէն, զգացումի պէս պայծառ ու շօշափելի։ Ատելութեան, վրէժի արեւն էր, որ կը յառնէր իր աղջամուղջէն։ Անիկա անցաւ առաջին գիծին, ետ մղեց բոլոր վախերը, յոյսերը, զգուշաւորութիւնները, հաշիւներն ու կեանքին իմաստուն վարանքները ու արիւնոտ իր սկաւառակը լայնցուց ու գրաւեց հորիզոնը անոր հոգիին: Այն ատեն իրեն դարձաւ իր սառնութիւնը: Հեղինակաւոր, անդիմադրելի աղաղակեց.

 

-- Պոռնիկնե՜ր... -

 

Առանց շունչ առնելու, առանց գիտակցելու իր ձայնին ներկայացուցած խղճալի պատկերին, կը կրկնէր ան նախատական վերադիրը, որ իր բերնին մէջ կը կորսնցնէր վիրաւորիչ իր նկարագիրը ու հոգեկան իր մեծ դժբախտութիւնը կը պատմէր: Բայց իր պոռալներէն ետ կեցաւ Օվակենց խումբը։ Ան չէր կրնար իր բառը փակցնել որոշ ճակատի մը ու կը պոռար խենթի նման, իր ըսածին ուրիշ արտայայտութեամբ մը [60] ։

 

-- Պոռնիկնե՜ր..

 

Նախ չհասկցան։ Էշն անգամ կուրտ պահող, հաւն ու աքաղաղը հազիւ հանդուրժող Առաքելը կրակ կտրեցաւ, երբ նախատինքը՝ այնքան անիրաւ ու մանաւանդ անտեղի՝ նետուեցաւ իր. գերդաստանին կտրուկ ու յստակ։ Անիկա մոռցաւ Աւետարանը, եօթանասուն անգամ ներող պատուիրանքի [61] սովորական իր տարազը գեղի մեծ ու պզտիկ վէճերը յարդարելու ու կը պատրաստուէր սատանային գրելու այս անիծապարտները, իժերու ծնունդները, երբ իր կինը՝ զգայուն, հասկցող ու մա՛յր եղած՝ փութաց, անզօր շարժումով, երկու ձեռքերը խաչաձեւ կուրծքին զետեղած.

 

-- Տիրոջը կամքը ըլլայ, Հաճի Խաթուն։

 

Այնքան քաղցր ու թափանցող էր շեշտը։ Զինաթափ չեղաւ սակայն Հայրապենց տիկինը, որ լռեց, փնտռելու համար աւելի վիրաւորիչ վերադիրներ։

 

-- Գնա՛ կորսուէ, չար սատանայ, չար սատանայ:

 

Արդար Առաքելն էր, որ օգտուելով լռութենէն, կը փորձէր մարդկային պատասխանատուութենէն անջատել պատահածը, բեռցնելով սադայէլի եղջիւրներուն։ Անկեղծ էր ու ատով կը փրկէր նախադասութեան ծիծաղելին ու երկդիմութիւնը։

 

-- Հեղնա հարս, - ըսաւ վերջապէս Հաճի Խաթունը ու կեցաւ: Մտածումներ կան, որոնք առանց արտայայտուելու մարմին կը դառնան։ Անոնք ապշեցուցիչ հեռաւորութենէ կու գան ու վայրկեանէն բխածի պէս կը տպաւորեն։ Հեղնա հարսը կարծես գիտէր ատիկա։ Սարսափախառն նուաստութեամբ մը, վախնալով իր իսկ ձայնէն, որ գոյութիւնը մատնանիշ կ՚ընէր ու քիչ մը աւելի կ՚ենթարկէր Հայրապենց վրէժին, անիկա պատասխանեց.

 

-- Համմէ։

 

-- Գնա' Մէլէքը կանչէ։

 

Հեղնան կը սպասէր այդ անունին։ Բայց հարցուց.

 

-- Ո՞ր Մէլէքը։

 

-- Դայեկը։

 

Միւս ներկաները չկրցան ըմբռնել կարճ այս նախադասութիւններուն ամբողջ տագնապը։ Անոնց զարմանքը ապշութեան փոխուեցաւ, երբ Հեղնան, ան՝ որուն բերանը ափ մը աղ դնելով կը ճմռէիր առանց որ բողոքի նշան մը երեւար երեսին, քիչ առաջուան նուաստ թոնին ճիշդ ներհակ շեշտով մը, կտրուկ ու տաք՝ պոռաց.

 

-- Չեմ թողուր, որ թոռանս թելին դպին... ։

 

Այս վճռականութիւնը, ընդվզումը այնքան անակնկալ էր խեղճուկ կնոջ բերնէն, որ Խաթունը շուարեցաւ պահ մը։ Ան չըմբռնեց նոյնիսկ նախադասութեան բացայայտ իմաստը ու կը նայէր՝ հեռաւոր ու անարտայայտ իր նայուածքը [62] չգիտնալով ու գուցէ չզգալով ալ։

 

-- Ես պահեմ պիտի. քեզի բեռ չեմ ըներ, - աւելցուց Հեղնան, քաջալերուած Խաթունին լռութենէն, ու հնչեցին իր բառերը իբր խուսափում, խեղճութիւն, խոնարհութիւն, համակերպութիւն, ինչպէս կու գային միշտ անոնց տիրոջը ներսէն։

 

Խաթունը զգաց ատիկա։ Այս տկարացման դէմ իր մէջ կարծրացաւ իր բնական ամբարշտութիւնը ու այդ գիծէն էր, որ իջաւ Հեղնայի բառերուն ամբողջ ու թաքուն իմաստին։ Այդ վիճակին ամօթը զարկաւ ճակատին, որ քրտնեցաւ։ Անոր աչքերը [63] չկրցան կանգ առնել Հեղնա հարսին որոշ մէկ կէտին. [64] ատելութիւնը հեղեղի մը պէս կը դղրդէր անոր բոլոր ջիղերը։ Բայց իրեն այնպէս եկաւ, թէ իր ճիտէն կախել կ՚ուզէին թոռանը մեղքը սա աղքատի կտորները, որոնց տախտակներն անգամ կոխելու պիտի վարանէր փարթամ պալատականի իր ոտներովը (Օվակենց տունը դարաւոր աղքատութիւնն էր գեղին մէջ, ոչ աւելի, ոչ պակաս: Տղան, Օվակը գլխուն փորձանքը գտաւ, երբ դրամ ունեցաւ ու տուն գնեց)։ Այն ատեն վեր շրջեց իր էնթարի ին արծաթահիւս թեւերը, ձեռքին մէկը սափորի մը անկղին պէս կռթնցուց մէջքի խաս շալին, մէկ ոտքը կիսովին ետ, ազատ ձեռքը վեր, կզակները ծամելով ու ճմռելով, բայց խօսելու անկարող, լեզուն թոթով ու կափկափուն, թքաւ Հեղնային երեսին.

 

-- Սուտ ճգնաւոր, - կրցաւ վերջապէս աւելցնել։ Բայց դժգոհ էր իր բառէն ու զղջաց այդ խեղճ նախատինքին համար, վասնզի եկածը ստուերն անգամ չէր անոր մտապատկերներուն։ Արհամարհանքը հեղեղած էր անոր ջիղերէն զատ անոր բոլոր զգայարանքները։ Աչքերն ու բերանը մասնաւորապէս։ Ու այդ յորդումին բեռը կը ճնշէր անոր սրտին։ Շունչը զգաց, որ կը պակսէր։

 

-- Պոռնի՜կ, պոռնի՜կ։

 

Ձայնը կար, բայց մտածումը՝ ոչ: Յանկերգի մը պէս, որ յեղյեղուելէն ա՛լ [65] կը դադրի իր ուժէն, վերադիրը կը զայրացնէր զինքը իր չէզոքութեամբը։ Յետոյ, ինչպէս եղաւ, անոր մտքին մէջ ծագում առաւ մտածում մը, որ կայծակի մը գիծին պէս ծակեց անոր ուղեղը պատող մշուշը. ու լուսաւորեց։

 

-- Դո՛ւն ես գլխէ հանողը։

 

Մեքենան լարուած էր։ Ձգեց անիկա Հեղնա Հարսը, որուն կրաւորական չքացումը կակուղ բամպակի մը պէս կը հակազդէր իր զայրոյթին: Անիկա փնտռեց աւելի կարծր թիրախներ ու աչքերը հանդիպեցան Առաքելին, որ անհանգիստ էր կրկին:

 

-- Տունդ տեղդ կ՛աւրեմ, օճախդ կը մարեմ, քեզի լերան կատո՛ւ, վայրենի, որդնոտ, - աւելցուց փրփրալէն։ Բայց չհանգչեցաւ իր ուզած չափով։ Սիրտը ամուր կը զարնէր, զառիվեր ելլողին պէս: Իր ձայնը ուռած արդար զայրոյթով, ուժ առած գերդաստանին դրամէն ու փառքէն, դանակի պէս սուր ու բզկտող էր անշուք ու խեղճ սա ընտանիքին գլխուն, որ մեղքին սարսափովը մեծցած՝ կը նուաստանար իր հաշւոյն անպատկառութեան այսքան շքեղ զեղումէն ու կը չքանար ինքզինքը իրապէս յանցաւոր կարծելով։ Թումասը իրենց արիւնն էր վերջապէս։ Ոչ ոք համարձակեցաւ վերցնել իր թարթիչները: Այն ատեն վռնտողի կեցուածքով բռնի ու զզուագին հրեց Հեղնա հարսը կռնակէն, մէկ ծունկովը զարնելով անոր յետոյքին ու կարծր ու բիրտ ու լիրբ՝

 

-- Շո՛ւտ. Մէլէքին։ Աչքիս չերեւաս։

 

Յետոյ սեմին վրայ՝ հարսին ու սենեակը լեցնողներուն միանգամայն հասնող բերնի շարժումով մը, սպառնագին ու զարհուրելի՝

 

-- Լեզունիդ ձի՛գ։ Չէ նէ, Աստուած է վկայ, կ՛այրեմ բոլո՛րդ ալ...

 

Ու իր բառերը այրումի այդ զգայութիւնը կը փոխադրէին ներկաներուն հոգիէն ներս։ Շարունակուող լռութեան մէջ անոր շունչը կը սուլէր, սեղմել չկրնալով, քիթէն ու բերնէն:

 

Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Նազիկը ինկաւ աչքին։ Ինչո՞ւ անոր նեղուած, գրեթէ թշնամական արտայայտութիւնը մեկնեց ի նպաստ իրեն։ Ինչո՞ւ մեղքցաւ այնքան շուտ ու սրտագին եւ իջաւ զայրոյթի պարունակէն սա գերագոյն գթութեան ու քաղցրութեան, որ զինքը լացուց կրկին։ Վայրկեան մը առաջ ամբողջ քէն ու ատելութիւն ու ամբարիշտ հպարտութիւն, մանուկի մը նման հիմա փղձկուն՝ փլաւ իր թոռնկանը գիրկը։ Ու հեւալէն կը տառապէր անիկա, նոյնիսկ իր անկարող սիրոյն ու նոյնքան անզօր ատելութեան հարուածներուն տակ ինքնակորոյս ու խղճալի: Շուրջինները մոռցան իրենց նետած նախատինքը ու տարուեցան անոր ցաւէն...

 

Յետոյ, ան հեռացուց Նազիկը վարի սենեակը ու [66] պարտադրեց իր որոշումը։ Օվակենց ամբողջ խոնարհութիւնն ու խեղճութիւնը, Աւետարանը՝ իր ամենազօր պատգամներովը, վերջապէս եկող Մէլէքին կասկածն ու առարկութիւնները, Հեղնա հարսին կսկիծը, որ աղու արցունքով թրջեց անոր ոտներն ու ձեռքերը, բոլորը անզօր եղան զինքը խախտելու իր որոշումէն։ Անիկա փառաւոր լրբութեամբ մը սաստեց Էբայէթին աստուածազգած բարբաջանքները։ Ու հետզհետէ խստացած, այդ դիմադարձութիւններէն ջղայնոտ՝ ան հրամայեց վաղն իսկ գործի սկսիլ։ Ու խստութիւնը իր վճիռին կը ցաթէր նոյնիսկ ակռաներէն։ Պառաւ դայեկը անկարող էր անոր հակազդելու:

 

Ու ծառացող ու կատղած՝ պոռացող Արդար Առաքելին ճնշումը գործողութեան տեղն ու ժամը յաջողեցաւ փոխել։ Մութը կոխելուն՝ ան աղջիկը անցուց Մէլէքին տունը։ Յետոյ, երբ մարդիկ թեթեւցան փողոցներէն ու պատուհանները հանգչեցան քիչ-քիչ, անիկա ձգեց թոռնիկը առջին։ Դէպի ջաղացը այս եղերական արշաւին համար չհարցուց անոր կամքը: Աղէտին սկիզբէն Նազիկը դադրեր էր արդէն ատիկա ունենալէ։ Ան ջերմ ու սրտառուչ գորովով յանձնարարեց անոր մտիկ ընել Մէլէքին, չհարցնել երբեք ու թողուլ, որ դայեկը կատարէ իր գիտցածը։ Գալիքը լաւ էր անպատճառ ներկայէն։ Իր թոռը հետեւեցաւ անոր հրամաններուն նոյն այլուրութեամբ, ինչպէս մտիկ էր ըրած արդարներուն թելադրութիւնները։ Ան կը վախնար կամք ունենալէ։

 

... Ու Հայրապենց Հաճի, մեծ, ազդեցիկ Խաթունը չընդունուեցաւ ջաղացէն ներս։ Մէլէքին փորձառութիւնը անդրդուելի էր։ Ան կը ճանչնար վտանգը, որ հետեւանքը կ՚ըլլայ ծնողքի կապերուն։ Քանի՜ անգամ ան արգիլուեցաւ ու վտանգուեցաւ իր դժոխային առաքելութեանը մէջ ճիչի մը, աղաչանքի մը, նոյնիսկ արցունքի մը ճնշումէն, որուն հանդէպ տկար են մեծերը փոքրերուն հաշւոյն ու տեղի կու տան: _

 

Ու խուլ, կղպուած դռանը դուրսը, զոյգ ոճիրներուն աղմուկովը տագնապուն, անիկա կ՚աշխատէր փակել ականջները, ինչպէս թելադրուած էր իրեն ամենագէտ դայեկէն ու կը վախնար բամպակէն [67] ։ Իր արդէն ծանրացած լսելիքներուն վրայ այդ փոքր ու կակուղ ճնշումը երկար ու անհունապէս զօրաւոր գալարափողի մը հունչը կը թօթուէր ու կը բազմապատկէր աղմուկը իր հոգիին, զայն անջատելով արտաքին աշխարհէն: Բայց այս ժխորին կը յաջորդէր խոշոր ու երկարաձգուող միւս հնչումը, որ կը պոռայ մեր ականջներուն մէջ անխուսափելի պատկերը վայրագ, պայծառ մանրամասնութեանց այնքան նրբին հանդէսով մը, որ ժամանակն ու հեռաւորութիւնը կը ջնջուէին ու շատ մօտիկ ներկայի մը կը վերածէին հինցած ոճիրը։ Անիկա կը տեսնէր զայն այնքան որոշ, որ կը կարծէր թէ տակաւին երէկ էր պատահած։ Այն ատեն ականջները կը ծեծէր, զգայախաբութիւնը վանելու համար։

 

Ներսը լուռ էր։ Հեղեղը անզգամ կը դառնար։ Երեք անգամ ան ականջները փակեց ու բացաւ, երկու գունճ բամպակով։ Ամէն անգամին ալ ականջը կրկնեց եղերական զանգը, ու ողբերգութիւնը պարզեց անոր ներսը։ Ու անիկա մտաւ դողերուն մեծին մէջը։ Ներսէն վռնտուած, հեղեղէն հալածուած, ան աչքերը դարձուց երկինքին։ Մաքուր ու մենաւոր էր վերը, ուր աստղերը աւելի վճիտ, թարմացած կ՛երեւէին լուսնին աղօտութեան ջնջուելէն ետք։ Բայց հոն ալ սկսաւ պղտորումը։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ գամուած այդ աստղերը մէկիկ–մէկիկ կը փրթէին իրենց տեղերէն, իրարու կը մօտենային, կը վազվզէին [68] հսկայ մատի մը ճնշումով, որ չկար բայց կը լեցնէր այդ հեռաւորութիւնները։ Աստուա՞ծ։ Ու թօթուըւեցաւ պառաւը, անանկ ուժգին, որ դուռը ճարճատեց կռնակէն։ Մե՞ղքը։ Ա՞ն՝ որ անցածէն կը կախուէր իր մէջ, մեռած, սեւցուած լուսնկայի մը դիակին պէս։ Ա՞ն՝ որ ներսը կը սկսէր ջաղացին։ Բայց չորցած անոր հոգիին չէին տրուած բախտը, մխիթարանքը մինչեւ Աստուած բարձրանալու, ինչպէս չէ տրուած այդ թեւը մարդոց շատ շատերուն։ Ու սարսափին լոյսը չկրցաւ թափանցել մեղքին սարուածը, զայն տեսանելի ընելու համար, ինչպէս կը պատահի ատիկա գրեթէ մեր բոլորին մէջ։ Մեղաւորներս մեղքէն դուրս միայն կը տեսնենք ոճիրը:

 

Ու հովը կը շարունակէր հարուածել սօսիին ստեղները, որոնց հեծեծանքը չէր կրնար անձնանալ։ Հեղեղը կը դառնար ու կը դառնար, քարէ քար ցատկելէն յոգնած պահ մը հոդ։ Ու կը լեցնէր տեղը, վարէն ու վերէն։ Ու տիրական, անյայտ, բայց իրաւ, ան կը մեծնար մանաւանդ խաւարէն։ Ու խեղճ նախնական ջաղացը կը դողար պառաւին հետ։

 

Մէկէն լոյսի գիծեր ինկան իր առջին։ Դրան ճեղքերէն սպրդող այդ ճառագայթները խորունկ ու տարբեր խռովքով մը ցնցեցին զայն: Կարծես շատ ծանօթ մէկը լոյս, ճրագ կը բռնէր իր հոգիին վրայ, ուր այնքան դժուար մերկութիւններ կը յամառէին ու չէին երթար։ Յանցանքի վրայ բռնուելուն չափ զօրաւոր էր լոյսին ստեղծած այս նորօրինակ սարսուռը։ Ու կը սպասէր հրէշային բաներու, որոնք կ՚ուշանային։ Ոգիները այցելեցին անոր գրգռուած միտքին: Կը նեղուէր աչքերէն, որոնք անընդհատ կը կայծկլտային։ Ազատելու համար այդ ֆոսֆորափայլումէն՝ մէկ աչքը փակցուց ճեղքի մը, միւսը փակելով։ Ներսը կը ներկայացնէր նոյն պատկերը, աւելի լայն չափով։ Ու ինչ որ տրուած է մեզի տեսնել նեղ գիծի մը կռնակով, երբեմն գերազանց է իր ողբերգութեամբ, քան ինչ որ կիսագունդերու հորիզոնը ներեց։

 

Ոտքի ելաւ: Իր ծունկերէն կապերը փրթեր էին։ Վախցաւ իր մարմինը վստահելու անոնց աւրուած զսպանակին։ Դուռը թեթեւ մը հեծկլտաց իր մարմինին ճնշումէն, ինչպէս կ՛ընէ փորով գոմէշը, երբ կը հեւայ ցկնելու համար։ Իր գլխուն հասողութեանը աչքի պէս կլոր ծակ մը, տախտակէն ինկած հանգոյցի խոռոչ մը, խրտչեցուց զինքը պատուհանի մը պէս։ Ան թէ՛ կ՚ուզէր, թէ՛ կը խուսափէր։ Բայց ամէն կնոջ նման, ան տեղաւորեց իր մէկ աչքը խոռոչին խորը:

 

Ջաղացը հագեր էր այլուրային իրականութիւն։ Հաճի Խաթունը կրցաւ որոշել գետինը, պատերը, ցորենին ձագարաձեւ տունը։ Տեսաւ յստակ դայեակը, տանիքի գերաններէն թաւշազօծ ու արենագոյն ոստայնները, օճախի առիքէն՝ բռնկած [69] եղջիւրի մը պէս փայլուն մանգաղի մը մահիկը, կովի այլանդակ, կմախացած գանկ մը, որ կեդրոնական սիւնի ճակատէն կը նայէր իր անքիթ [70] նայուածքը, տարերկրեայ կուռքի մը պէս։ Բոլորն ալ՝ հատնելով, շինուելով, այլափոխուելով, դանդաղ կամ արագ: Ու դայեկին շարժուն ստուերը ուրուային երանգ մը կը նետէր տեսարանին։

 

Հաճի Խաթունը, լեզուն պուկին խորը կծկած, հետեւեցաւ դայեկին շարժումներուն։ (Չէր անդրադառնար, թէ ինչո՞ւ չէր փնտռեր թոռը։ Ատկէ զատ կը խուսափէր անիկա տեսնելէ)։ Ան սոթտուած էր արմուկներէն շատ աւելի վեր։ Ու անոր դէմքին վրայ յստակ կը ցոլար տժգոյն վճռականութիւն մը, որ կարգ մը մարդոց առանձնակի հմայքը կազմեց։ Բայց աւելի ուշագրաւ էր այդ պառաւած անդամներէն այն հաշուըւած ու վստահ արագութիւնը, որ բազուկները, դնդերները երթեւեկի կը հանէ կկոցներու պէս լարուած ու անսայթաք։ Ու անկարելի էր առանց երկիւղախառն յուզումի զգալ արեան սա պաղութիւնը, լրջութիւնը, որուն պատկերը կը մարմնաւորէր ներսը Մէլէքենց Մէլէքը, «աջողակ, ձեռքը բարի» դայեկը։

 

Անպարագիծ կսկիծ մը ասղնտեց մէկէն Խաթունին հոգին։ Այն տեսեր էր օճախի բոցին վրայ ուրուացող թիթեղը։ Տաքցող ջուրը առաջին պատրաստութիւնն էր ու տիկինը անով տարուած էր կիներու կեանքին ամէնէն խորհրդաւոր ու սրբազան մէկ պահին։ Տղաբերքը անոնց գերագոյն պաշտօնն է ու կեդրոն մը [71]: Ամէն տարիքն առած կին վարձք կը սեպէ բառով մը, շարժումով մը, ծառայութեան աննշան մէկ գրաւականով մասնակցիլ խորհուրդին։ Պառաւները մանկանալու չափ կը պայծառանան։ Ու անոնց աչքէն ու բերնէն օրհնութիւնն ու բարիքը, ուրախութիւնն ու բախտը, առատութիւնն ու պէրէքէթ ը կը ծաւալին մինչեւ հեռաւոր տուները թաղին։ Ու Հայրապենց Խաթունը [72] անուն ունի այդ գետինին վրայ։ Ան կճրտեց ակռաները: Ան ելաւ իր պատեանէն։ Բայց զգաց, որ անկարող էր [73] նոյնիսկ ներս մտնելու: Այն ատեն փնտռեց թոռնիկը։ Ի՛նք՝ որ չորս նշան կոտրեր էր «օսկի» Նազիկը գոնէ [74] արծաթ տղու մը վայելցնելու համար: Ու ահա դժնդակ ու պիղծ ուրուականը Օվակենց Թումասին, այդ խժան, թուքոտ, կուզ, ոսկոր ու աղբ միանգամայն եղող տղուն, որ իր մտածումէն սողոսկեցաւ դուրս ու աւելորդ անգամ մըն ալ ոտք հանեց անոր կիրքը: Ոսկորները առանց իր գիտնալուն ձայն հանեցին ու իրեն այնպէս եկաւ, որ ակռաներուն տակ մեռելի միս կը ծամէր։ Գարշանքի զգայութիւնը այնքան զօրաւոր էր, որ թքաւ, բերնին շատցող միսը, պղծութիւնը դուրս նետելու համար։ Այն ատեն ահաւոր կատաղութեամբ մը չափեց խորութիւնը այն կիրքին, որ ատելութիւն կը կոչուի եւ որ գիրքերուն սահմանել փորձած ներքինի, յաճախ շաղակրատ անհանգստութեան չի նմանիր։ Որ չի սեղմուիր քու մէջդ, բայց դուրս ալ չի կրնար ելլել ու կը պրկէ քեզ, ժանգի պէս ուտելով, սպառելով։ Կիները աւելի շատ դիմացան ու տեւեցին այդ կանաչ քայքայումին մէջ։

 

Պառաւը տկարացաւ։ Այնքան զօրաւոր էր պրկումի ու բզկտումի այս զգայութիւնը իր խարխուլ մարմինին համար։ Գիշերն ու տեղը զինքը կ՛արգիլէին պարպուելէ։ Նոյնիսկ չէր կրնար իր զգացումը բառի, հայհոյութեան վերածել։ Բայց ահա ուրիշ պատկերներ։ Ինչո՞ւ եկան։ Ահա ուրիշ գիշերներ, ուր անիկա առատ ու բարի կրակի մը կը զետեղէ նոյն թիթեղը, առատ ու բարի զուարթութեան մը մէջ, խմորին սենեակը, երբ Աստծոյ կամքովը հարսներուն փորը իր դուռները կը բանայ եւ աշխարհին կը յանձնէ կեանքին այնքան խեղճ, բայց կարելիութեամբ այնքան հարուստ խորհուրդը։ Երբ մօտի անկողինէն հեծկլտուքը, աղաղակը այնքան զգայուն կ՚ընէ միւսները, անոնք, որոնց ալ չորցած են արգանդին ակօսները։ Բոլոր մեծ կնիկներուն պէս Հաճի Խաթունն ալ ունի, տասնով, քսանով այդ հեշտ տղաբերքի պատկերներէն։ ... Բայց ահա դժնդակը, ահա անխուսափելին... ։ Իր հարսին տղաբերքը։ Ու ոճի՛րը... Ու իր մտքին մէջ մարմնացաւ, քանի հազարերորդ անգամն ըլլալով, եղերական գիշերը, ուր ներսինին մայրը իր երկունքի մահիճը կը մտնէր, անկէ գերեզման երթալու համար:

 

Մահուան այս պատկերին հետ ներսի կատարուածը ունէր զօրաւոր աղերս: Պառաւը կը նեղուէր: Ուժովցան դայեկին կասկածներն ու իրեն թուեցաւ, թէ անիկա իրաւացի կրնար ըլալ։ Իր շուրջը այդ կասկածէն չափ մը աւելի սեւցաւ։ Մա՛հը։ Այնքան իրաւ ամէն տեղի ու ատենի համար ու այնքան մօտ։ Ու անոր մռայլ շուքին ընդմէջէն, այն անառաստաղ գիշերն ի վեր, հզօր ու տիրական փայլատակումը անոր, որ տէրն է մահուան ու կեանքին։ Ամենակա՞լը։ Ու իր շրթները սարսուռով բացուեցան, արտաբերելու համար դժբախտ թագաւորին աղօթքը.

 

-- Ամենակալ Տէր, Տէր Ամենակալ...

 

Ու պահ մը առաջ ուրուացող, բայց չհասունցած սարսափը, Ամենակալին ահն ու արդար սրտմտութիւնը ցցուեցան իր դէմ։ Ու խոշորցաւ բացագանչութիւնը։ Ու հաւատաց ինչ որ լսեր էր միշտ բայց չէր հասկցեր։ Ու ինքզինքը կը զգար առջեւը Անոր, որ մեր մեղքերուն է՛ն բարակին համար իսկ մենէ հաշիւ ունի պահանջելիք։ Ու պատուհասումը։ Ու դժոխքը, որ կը հաշտուէր սա մութ ու վայրագ տեսարանումին հետ, այսպէս յստակ, այսպէս իրական, ինչպէս էր ատիկա ժամու պատին վրայ։ Ու հոն կրակէ ջուրին մխրճուէին գլխիվայր անոնք, որոնք արգանդին ու կեանքին դէմ կը դաւէին: Իր մազերը սրուեցան ու փուշ-փուշ եղան։ Ու լսել կարծեց ժանիքներու, եղջիւրներու փսփսումները։ Սատանանե՞րը։ Փորձեց խաչակնքել, մատները սառած էին։ Կարծես անվերջանալի ցաւ մը գամեր, անշարժացուցեր էր իր ուսերը, որոնց վրայ անյայտ բայց զգալի թաթեր կը ծանրանային։ Յետոյ այնպէս տպաւորուեցաւ, թէ հողը կը շարժէր ու կը կակուղնար։ Ան կը թեթեւնար իր ծանրութենէն ու մօտիկն էր խենթութեան...

 

Յանկարծ, վայրագ, կարծր, եղերական աղաղակ մը, որ բուսաւ գիշերին ծոցէն, բոլորովին դուրս անոր սպասած աղաղակէն։ Ան յաղթեց հեղեղին իսկ որոտին։ Ճիչը այնքան սուր էր ու իրեն այնքան ընտանի, որ իր տարուած, թմրած մարմինը թարմացաւ մէկէն, պատանի ու թրթռուն բան մը եղաւ։ Կսկիծը խոտոր կը համեմատի տարիքին։ Ու անոր միսերը բացուեցան այդ ձայնին սրսկումին բիւրաւոր բերաններով։ Այդ ասղնտուքին տակ՝ անիկա գրեթէ կը զատէր գիծը հաստ ցաւին, անոր՝ որ մեր ուղեղէն կը փրթի ու գալարուն իր լարը կը սրէ դաշոյնի մը սայրին նման, երբ կը հասնի մեր սիրտին։ Այն ատեն յիշեց հին ու դժուար հեքիաթը սիրտը մէկ կողմէն միւսը ծակող ցաւերուն։ Ի՜նք՝ որ թաղեր էր սիրելիներ ու մտածեր էր անոնց դեռ չգոցուած հողքին վրայ՝ իր պզտիկ գործերուն։ Ի՛նք՝ որ իր էրիկը այնքան աղմուկով ու զարդարանքով հողք էր դրած, բայց լացած՝ ուրիշներէն ամչնալուն: Մենք մահուան կը վարժուինք, մանաւանդ գեղերուն մէջ, ուր ամէն օր քանի մը հեղ կը կրկնուի անխուսափելի բեմադրութիւնը։ Երբ անիկա կու գայ մեզի ընտանի իր արարուածներով, ամէնուն ծանօթ ճամբաներէն։ Ու ուրիշներու հաշւոյն սուտ լացած, ու ուրիշներու ցաւին տարիներով անզգայ, չտառապող անոր սիրտը կը տառապէր հիմա, նման տասնհինգամեայ աղջկան մը, որուն արգանդը կը պատռտեն անանուն ուժեր:

 

Ու կրկնուեցաւ աղաղակը, առաջինէն աւելի սուր, աւելի թափանցող: Հաճի Խաթունը ստիպուեցաւ իջնել ծունկերուն վրայ, որոնց ոսկորներուն մէջէն տաք հեղուկ մը դէպի ոտքերը կը վազէր, դուրսէն զգալի թանձրութեամբ։ Ու կրակի պէս էր վազածը ու կը թուլցնէր իր միսերը։ Յետոյ զգաց, որ նոյն ջուրը վերէն ալ կու գար, ուղեղին մէկ կողմէն, ու սիրտը գտնելէ ետք կը քալէր վար, ոտքի մեծ մատին ծայրը հաւաքուելով։ Զգայութիւնը այնքան զօրաւոր էր, որ հանեց ոտիցը, շօշափելու համար ջերմ հեղուկը։ Բայց մատը կը կոտտար, եղունգին տակէն, յստակ, սրտի մը պէս, որ տեղը փոխած ըլլար: Իր շուրջը դադրած էր արտաքին կեանքը։ Դադրած էր, իրեն այդպէս կու գար, ահագին հեղեղը, որ հասած զայրոյթի բարձրագոյն կէտին, կը սպառնար նոյնիսկ ապահով ջաղացին, անոր խարիսխ ապառաժը քարկոծելով յարաճուն ուժգնութեամբ։

 

Մէլէքը գոհ ըլլալու էր այս գոչումէն։ Մէլէքը Նազիկին ճիչը կը լսէր ու աւելին չէր զգար։ հիմա այդ աւելին կը ճնշէր շատոնց մայրութիւնը մոռցած Խաթունին։ Ու տաք ցաւը փոխադրուեցաւ անոր չորցած, ամայացած արգանդը։ Զօրաւոր զգայախաբութիւն մը զգետնեց անոր բանականութիւնը ու ան անհուն սարսափով սպասեց, որ կրկնուի ձայնը։ Կը հաւատար, թէ իր փորէն պիտի առնէին փորձանուտ միսին կտորը: Բայց երկար, սեւ լռութիւն մը, սովորական ընդմիջումովը գոյացած, իրեն թուեցաւ անհունապէս հեռաւոր ու յապաղուն։

 

Ու բզիկ-բզիկ անիկա իր ամէն մէկ նեարդին մէջ ապրեցաւ մարդերուն ցաւը։ Այն՝ զոր ուրիշներուն վրայ երբեք չհասկցանք։ Որ մինակը կ՚ուտուի, երկաթի կտորուանքի նման մեր մարմինին ակռաներուն ներքեւ: Ու կը քաւէր իր անբաւ ոճիրը, սառն ու անողոք իր սրտին անդրագոյն սխալը, որուն խայթերը երբեք այսքան ուժով չէին մխուած իր հոգիին բոլոր պատերուն ու մորթին բոլոր երեսներուն։

 

Ու ամէն մէկ ճիչի հետ, որ ներսէն կը փրթէր, չափ մը աւելի կը պրկուէր իր սիրտը։ Այս աճումը կը մնար իր բարձրագոյն ձգտուածութեան մէջ ու ծայրակէտ մը կը թուէր մինչեւ որ ուրիշ ճիչ մը գար աստիճան մը աւելի պրկելու անոր սիրտը։

 

Ու դայեկին հզօր մատներուն տակէն աղաղակը կը փրթէր, խնայուած ու զուսպ, կը զարնուէր Խաթունին ու կը թափէր հեղեղին մէջ, կանոնաւոր, համաչափ ընդհատումով մը։ Մինչեւ որ ալ պառաւին ջիղերը չտարին ու նուաղեցաւ։

 

Երբ դայեկը դուռը բացաւ, Հաճի Խաթունը չարթնցա։ Ահաւոր սոխ [75] մը ջարդեց դայեկը դրան սեմին ու դրաւ քիթին։ Գրեթէ քաշքշելէն ներս առաւ անոր շարժելու անընդունակ մարմինը։ Բայց երկու ափ պաղ ջուր ետ դարձուց անոր իր զգայարանքները։ Այն ատեն փշաքաղուած ու զարհուրելի հարցուց.

 

-- Լմնցա՞ւ:

 

-- Փառք Աստծոյ։ Խերով է ամէն բան:

 

Մէջտեղը ոչինչ կար։ Օճախին կրակը անթեղուած։ Թիթեղը իր տեղը։ Նազիկը պարկերուն վրայ ձգուած՝ վրան քանի մը պարապ պարկ։

 

-- Ո՞ւր է։

 

Ու ջաղացին էն մութ անկիւնը, փարթի պէս լոյծ, բայց չվազող մաշկ մը բերաւ։ ՝

 

-- Ջո՛ւրը նետէ։

 

-- Խե՛նթ ես, ինչ ես։ Կը թաղենք։

 

-- Տուր ինծի։

 

Խաթունը գտած էր իր հեղինակութիւնը։ Անիկա առաւ ձեռքը գառնուկի մը խաշին չափ հազիւ ծաւալով այդ պարկը։ Ու թեթեւ գտաւ։ Յետոյ մէկ ձեռքին կախ՝ մտմտաց։ Սակրի մը աղօտ փայլը լուսաւորեց իր միտքը։ Առաւ օճախին անկիւնէն հատու գործիքը ու դուրս ելաւ։ Բայց շեմին վրայ իր ոտքերը դաւաճանեցին ու ինկաւ երեսին: Բաւ չէր այդ ազդարարութիւնը։ Յառաջացաւ դէպի ջուրը։ Չորս կտոր ըրաւ սակրի մանր ու հաւասար հարուածներով միսին կտորը։ Առանձին–առանձին շօշափեց կտորները ու իրարու ետեւէ նետեց հեղեղին մէջ։ Իր գլխուն անձայն, կարծես իր ստուերը ըլլար, կը սպասէր Մէլէքը:

 

Երկու պառաւները ներս դարձան աւելի երիտասարդ: Հայրապենց Հաճի Խաթունը գրեթէ զուարթ էր, ու լաւ օրերու իր տրամադրութեան մէջ ինկած վերստին։ Ցած ձայնով անոնք աս ու ան բամբասեցին, Նազիկին համար լաւ խսմէթ ներ երազեցին։ Խղճմտանքի այս խաղաղութիւնը չէր զօրեր խանգարելու ջաղացին անդնդային խժլտուքը, որ կը դողար ջուրին ծեծէն։ Մութը՝ որ կը կպրանար դժոխքի գետակէն աւելի սեւնալով։ Մեղմ հեծկլտուքը Նազիկին՝ որ «մամաս», «մամաս» կը մռլտկար իր յոգնութեան ու տենդին ընդմէջէն:

 

Դայեկը չորս–հինգ հեղ ելաւ դուրս՝ երկինքը քննելու: Անիկա որոշած էր լուսադէմին դուրս Հանել Նազիկը։ Մինչեւ որ ան գտնէր իր ուժերը։

 

Ջաղացին մէջ ոչինչ կար փոխուած, բացի հսկայ ու գեղեցիկ ոստայններէն, որոնք աւրուած էին դայեկին ձեռքովը ու գործածուած արիւնահոսութիւնը սանձելու: Ամէն բան իր տեղն էր, անայլայլ ու պատշաճ, ինչպէս կ՚ուզէր Երեմիան, ինչպէս վարժուած էր տեսնել աղունուոր գեղացին։ Կովին գանկը միայն իր անհեթեթ կոշտութեամբն ու տխրութեամբը կը շարունակէր նեղել, իր կմախքի փիլիսոփայութիւնը պատմել այդ կիներուն։ Ամէն բան սրբուած, սրբագրուած էր դայեկին ամենահաս իմաստութեամբը։

 

Դժուար եղաւ անոնց համար աքաղաղին կանչէն ետք սպասել տակաւին։ Վասնզի հեղեղին աղաղակը անտանելի կը դառնար։ Ձիւնհալը ընդհանուր էր։ Բայց դայեկին գիտութիւնը՝ անվրէպ՝ չորս ժամ քունը անհրաժեշտ կը կարծէր Նազիկին համար։ Ու ինչ որ չփախաւ Մէլէքին աչքէն, պառաւին անտարբերութիւնն էր աղջկան հանդէպ։ Ան չմօտեցաւ ցաւէն ընկճուած ու քնացած թոռնիկին՝ մինչեւ անոր արթննալը։ Ու երկու պառաւները, իւրաքանչիւրը իր խղճմտանքին խորէն կը հետեւէին սեփական, արեւ չելլալիք մտածումներու: Երկուքն ալ, առանց իրենց գիտնալուն, կը ծառայէին անհասին [76] ՝ մեծ շահերու հաշւոյն։

 

Վերջին անգամ մըն ալ աստղերը խուզարկելէ ետք, Մէլէքը մարեց, այսինքն՝ թաղեց օճախը, բոլորովին. երկու հաստ ձեռքի մշտումով, ոտքի հանեց Նազիկը։ Մութը պէտք էր այդ առաջին հանդիպումին համար: Բայց աղջիկը կակուղ էր, ծեծուած միսի մը նման ու անոր ծունկերը առաձիգ էին թթենիի ճիւղերուն պէս:

 

Առանց բառի ելան դուրս երեքը մէկ։ Լերան մէկ գագաթին աղօտութիւն մը նշանն էր արշալոյսին։ Կոչնակէն առաջ կիները պարտաւոր էին անյայտանալ։ Բայց կիրճին ճամբան նոյնքան արհաւրալից էր, որքան գալու ատեննին։ Հինգ անգամ գլորեցաւ Հայրապենց Նազիկը, ան՝ որ լեցուն պարկով ըրեր էր ատ զառիվերը, առանց պառկելու: Բայց, ամուր ու երիտասարդ կը կոխէր Հաճի Խաթունը, որուն բազուկը հասաւ հինգ անգամին ալ, պաշտպանող ու քաջալերիչ։

 

Ու Հայրապենց Նազիկը գողունի ճամբաներէ, արշալոյսէն ու կոչնակէն առաջ մտաւ իր տունը, թեթեւ փորով, բայց լայն մարմինով։ Անիկա ինկաւ մեծ մօրը չաւրուած անկողնին մէջ ու վերմակը քաչեց վրան։ Ուրկէ՞ կը վախնար։ Որմէ՞ կ՛ամչնար։ Ու մէկէն անցան իր աչքերէն դժնդակ ու լիրբ պատկերները, որոնք այդ պատերուն ճերմակին մէջ սուզուած կը սպասեն։ Կիները ու անոնց մեղքերը։ Մայրը ու մեծ մայրը։ Անիկա չհարցուց հայրը, որմէ երբեք չէր վախցած արդէն: Ու չվռնտեց Թումասը, որուն քայլերուն հեծքը կը փորձէր արթննալ։ Իր տունին ու անոր զգայութիւններուն այս վերադարձը խաղաղ բան մը նետեց իրմէ ներս։ Բայց քունէն առաջ իրեն այցելեց Զաքարենց Զաքարին խռովիչ պատկերը։ Զայն չվանեց դարձեալ։ Բայց տառապագին թրթռում մը թօթուեց իր զիստերը։ Ու գալարագին իր բազուկները պրկեց կակուղ, աղուամազէ բարձին ներքեւը։

 

Այդ գգուանքը աւելի հզօր թափանցումով մը դղրդեց իր ջիղերը, որոնք հարիւրներով, հազարներով ոտքի էին ու կը լեցնէին իր անհանգիստ միսերը։ Այդ բազմութիւնը, այդ խուլ աղմուկը։ այդ բերնի, շրթունքի համ բերող հպումները առաջին անգամ զգաց անոր գրգռուած աղջիկնութիւնը։ Ու իր մէջ իջնելու այս առաջին քայլը նոր կեանքի մը սա մռայլ մուտքին՝ չարագուշակ լոյսերէ կ՚ընկերանար: Անոր բռնկած մարմինը, իր բոցին լիալիր յորդումին մէջ պիտի սպառէր իր աշտանակն ու իր շրջանակը: Ու հող պիտի թափէին իր վրայ, ինչպէս կընէ ասիկա գիւղացին՝ բռնկած գեղեցիկ անտառակ [77] մը մարելու համար։

 

*    *    *

Ճիշդ երեք օր ետքը, Հայրապենց Նազիկը արթնցաւ լուսդէմ, դարձեալ դուռի մը անսովոր ու եղերական զարկէն։ Իր աչքերուն վրայ, քունին մշուշէն, ծաւալեցաւ աշնան տխուր այն առտուն։ Յետոյ լուծուեցաւ: Դժբախտութիւնը իր ձեւը ունի գալու, ու իր մատներուն ու քայլերուն երբեմն կը ճարէ յատկանշական շեշտ։ Այսպէս է, որ կարգ մը մարդեր աղէտը կը գուշակեն անվրէպ զգայնութեամբ մը, հեռազգածութեամբ մը՝ ուրիշներու համար աննշմար հետքերէ։ Դողալով ու մսած՝ ձայն տուաւ պառաւին ու իր մատի [78] ծայրերը կոտտացին: Անիծելէն ու խոշոր յօրանջելէն՝ Խաթունը փութաց պատուհան։ Տղուն զարկը չէր ատիկա: Վարէն մարդերը չէին տեսնուեր: Տուներուն սեւը հաստ՝ կը խորանար վարերը: Բայց ձայները անծանօթ չէին: Շուարուն ու տրոփելէն դուրս ելաւ սենեակէն, վրան քաշելով իր մուշտակին աւերակը։ Ինչո՞ւ չուզեց ճրագը, երբ սրահը, սանդուխները մէկ էին մութին հետ։ Ան իջաւ առանց ետին նալելու։ Իրեն հետեւեր էր Նազիկը, որուն ճերմակ գիշերազգեստը կը յաղթէր մութին, սանդուխին վերի գլուխը: Ինչո՞ւ կեցաւ հոն։

 

Պառաւը բացաւ դուռը: Անաղմուկ ու կոտրած, երեք տղայ պատգարակով բակ մտցուցին Հաճի Ստեփանին մարմինը, վերէն վար փաթթուած ձկնորսի մուշամպայ ով մը: Գլխուն ճերմակ թաշկինակ մը:

 

Չհարցուց։ Բայց բազկատարած ինկաւ տղուն վրայ, լեղի ու սրտակեղեք լացով մը, որ մռնչիւնի մը կը նմանէր լուռ թաղին խորը եւ հիմէն թնդեց հսկայ տունը։ Միջամտեցին տղաքը եւ զգուշացուցին: Հաճին չէր մեռած:

 

Այն ատեն մէկդի ըրաւ վերարկուն, շօշափեց երեսը, որ կիսաջերմ կասկածելի զգայութիւններ տուաւ անոր ափին: Գտաւ ձեռքերը, որոնք կ՚այրէին:

 

-- Լուսը բեր, - պոռաց Նազիկին, որ արդէն իջեր էր սանդուխներէն ու հասեր պատգարակին գլուխը։ Կիսաբաց դուռնէն ինկածը լոյսի մօտ պղտորութիւն մըն էր, աճող ու մատնող։ Դէմքերը չէին զանազանուեր տակաւին:

 

-- Լուսը բեր, - կրկնեց պառաւը, հեռացնելու համար այս անգամ՝ գրեթէ կիսամերկ աղջիկը, որ դարձաւ ետ իր կրունկներուն վրայ ու անհետ եղաւ մութին մէջ: Անոր ետեւէն կը նայէին գլուխները երեք երիտասարդներուն։ Հայրապենց աղջիկը ամիսէ մը աւելի էր, որ բոլոր տղոցը գաղտնի նիւթն էր։ Անոր վրայ կը խօսէին, խորհուրդով ու վախով, երբ աշխատանքէն հանգչիլ փորձէին։ Անոր կ՚երազէին, մինակնին, իրենց անկողիններուն մէջ։

 

Պառաւը թեթեւցաւ: Գտաւ իր պայծառամտութիւնը։ Գեղին մէջ տարաժամ ու բռնի մահը ընթացիկ պատահար է։ Ու չկայ պառաւ մը, կարեւոր գերդաստանէ մը, որ չունենայ այդ արիւնոտ փորձառութենէն։ Հաճի Խաթունը՝ հանդիսատես նման տեսարաններու, ուրիշներու հաշւոյն, հրամայելու եւ կարճ կապելու վարժուած, քանի մը հարցումներով ըմբռնեց պատահածը։ Արդէն, ամիսէ մը ի վեր, ամէն գիշեր որ տղան պառկած չըլլար իր անկողնին մէջ, անիկա յաճախանքին տակն էր այս չարագուշակ պատկերին։ Մահը բոլորը կը դառնար իր տունին։ Տախտակներուն ճեղքէն լոյսեր ինկան ու մեռան։ Առանց սպասելու, որ Նազիկը վար գայ, ան ըսաւ տղոցը.

 

_ Վեր բերէք:

 

Տղաքը, հակառակ իրենց յոգնութեան, յայտնի հաճոյքով մը յանձն առին տաժանագին գործը՝ նեղ սանդուխներէն պատգարակը վեր հանելու: Անոնք՝ առաջին անգամն էր, որ այդքան անակնկալ ու այդքան մօտ կերպով մը կը տեսնէին «օսկի Նազիկը», որուն երգը ձիւներուն հետ սկսած, դեռ կը շարունակէր պտտիլ ու վառիլ։ Ու անոնց աչքին համար սրբազան պատկեր էր ճերմակ կտաւին հետ շփոթուող ճերմակ այդ մարմինը։ Երբ դողդոջ ճրագը մէկ ձեռքին, անիկա կեցաւ սանդուխի վերի ծայրին, տղաքը խենթացան։ Ու ծանր պատգարակը թեթեւցաւ ու եղաւ «թռչունի մը պէս»: Տարին զայն պառաւին մեծ սենեակը, ընտանիքին հաւաքավայրը հին օրերուն, երբ պառկողը պզտիկ էր ու տունը առատութեամբ ու բարիքով կը յորդէր իր հիմքերէն:

 

Սարսռուն, ինքնիրմէ դուրս, չկրնալով լալ, Նազիկը, տեսիլքի աղջկան մը պէս, միշտ շփոթուելով [79] գիշերնոցին կտաւին հետը, փռեց Հաճիին մեծ անկողինը: Երբ ծնրադրեց, տեղաւորելու համար բուրդին ալիքները, անոր ծիծերը ողջունցան [80] ու ճնշեցին: Պառաւը ճրագը անցուց անոր կռնակին կողմը: Յետոյ, իրարու ետեւէ զետեղեց բամպակէ անկողինները, չորս հատ, վրայի վրայ։ Ժանեկազարդ սաւանը նոճիի եւ աշունի հոտ մը բացաւ սենեակին մէջ։ Սնտուկէն կու գար ու Հաճիին փեսութեան օրերէն ասդին լոյս չէր տեսած: Ու չարագուշակ բարձը, որ չէր մեռած այնքան տարիներէ ի վեր, որուն բերնի մասին վրայ ժանեակը թռչուն մը կը խեղդէր, բազէի մը մագիլներուն մէջը։ Այս [81] ամէնը Նազիկը ըրաւ ինքնիրեն։ Ու պառաւը չէր կրնար միջամտել: Բայց պառկողին կսկիծէն աւելի խորունկ յուզում մը կը ծեծէր իր սիրտը: Ուրկէ՞ սորված էր աղջիկը եղերական այդ յարդարանքը, գրեթէ նման կազմածով մը [82] երկունքի մահիճին հետ:

 

Երկնցուցին վիրաւորը, որուն մարմինը անլուր [83] շշուկներ կ՛արձակէր, բայց բերանն ու աչքերը չբացուեցան: Շնչառութիւնը հատկտուն, ու արնախառն փրփուրով, աչքերը ամրապէս կուղպ՝ Հաճին կը շարունակէր զգայազիրկ իր պառկուածքը։ Անկողինը, որ կարգ մը ցաւեր կը մեղմէ եւ ուրիշներ կը զայրագնէ [84], ոչինչ փոխած էր։ Պառաւը իրաւունք ունէր սպասելու վերադարձ մը դէպի զգայարանքներու կեանքը, յաճախադէպ սուրով ու գնդակով խոցուածներու մօտ, որոնք կորսուած արիւնէն չափազանց տկարացած, առաջին դարմաններով, անկողնի հանգիստին մէջ կը վերագտնեն վաղանցուկ գիտակցութիւն, որ սակայն պիտի շիջի անվրէպ նուաղումով, ու պիտի փակէ տրամին վերջին վարագոյրը։

 

Դանակի եւ կրակի զոհերը, այնքան սովորական ու առատ գեղին համար, կորսնցուցած են իրենց արհաւիրքը։ Անոնք տեսակ մը խնայողութիւն ալ կը հարկադրեն, հոգեկան ուժերու սպառումին մէջ, սրբելով ընթացիկ հիւանդութեանց առաջ բերած անդոհն ու տգեղութիւնը։ Տխուր է այն տունը, ուր հիւանդին մահիճը կը փռուի ու ալ չի հաւաքուիր մինչեւ դագաղին մուտքը։ Դարձեալ դուրսէն սկսող այս ողբերգական բեմադրումը տպաւորելու առանձին ձեւ չունի: Գրեթէ կը լուծուի անիկա մահուան ընդհանուր հանդիսութեան մէջ։ Ու պատահածը մահն է, ըլլայ անիկա յոգնած ու տանջուած բարձի մը, վրայէն, ըլլայ սարերէն կամ՝ ձորերէն ու դաւադիր անտառներէն։ Անիկա կը միջամտէ տունին առօրեայ, անայլայլ վարժութիւններուն։ Կը փոխէ կարգը։ Անօթի կը թողու ախոռի կենդանին, մութն ու լուսուն հացի տախտակին վազող տղաքը։ Կը նեղէ ու կը խանգարէ պառաւները, որոնք պարտաւոր են բաժնուիլ առաւօտեայ իրենց ժողովներէն ու երեւալ անգամ մը լուացուած ու աղաւորուած [85] մեռելին։ Ոտքի կը հանէ նոր դէմքեր ու տեսարաններ։ Ու ասիկա այսպէս, մինչեւ որ մեռելը թաղելէ ետք յուղարկաւորները դառնան մեռելտուն ու պարպեն հանգչողին հոգուն ու ողջերուն ըռինտ ութեանը համար պայմանադրական գաւաթը օղիին։

 

Քովի սենեակէն, լուրջ ու կոծկուած [86] զգեստով մը ներս եկաւ Նազիկը։ Անիկա չկրցաւ նայիլ տղոցը, որոնք շուարած կը սպասէին, ու անցաւ հօրը սնարը: Նոյն պահուն առտուան արարողութիւնը պատգամող կոչնակը դողաց ու նուաղեցաւ շատ շուտ։ Աղջիկը խաչ մը հանեց ու եկաւ ծունկի։ Նեղուեցաւ, որ աղօթք չէր գիտեր, բացի անզօր ու իր կարծիքով հասարակ «Հայր մեր»էն։

 

Պառաւը դուրս առաւ տղաքը, սենեակին դուռը ետեւէն փակելով։ Ան պիտի հարցաքննէր։ Ուղղակի, առանց պայմանադրական հեծկլտուքին, անիկա ըրաւ իր հարցումները, արագ ու ամփոփ։ Հաճին գտած էին վարի թուրք գեղին գերեզմաննոցին մօտ։ Ձկնորսներ էին իրենք, որոնք լիճ թափող առուակին բերանէն, իրենց բռնած ձուկերը ճամբայ կը հանէին [87] կէս գիշերը կործելէն ետքը, դէպի հայ գեղը։ Անոնց ձիերը խրտչած էին, հանդիպելով Հաճիին մարմինին, որ կէս մէջքէն վար ճամբեզրին խրամը սուզուած էր։ Յայտնի էր, թէ սպանիչները չէին կրցած, անծանօթ պատճառէ մը արգիլուելով, Հաճին հրել խրամին մէջ., ուր պիտի խղդուէր անվարան։ Քանի մը օր առաջուան ձիւնհալը ողողած էր դաշտը ու խրամները լեցուն էին մինչեւ իրենց շրթները։ Ճանչցած էին զայն լուցկիի մը դժուար բոցովը։ Կը պակսէին զէնքերը։ Արիւնը՝ սեւ՝ կը ծածկէր ջուրին մօտաւոր մասերը։ Ու կը վազէր տակաւին, անցնելով գօտիին հաստ փաթէն։ Քաշած էին դուրս ոտքերը ջուրէն, փնտռած վէրքը։ Խոշոր ծակէն, որ յունական կռա մարթին ներուն գնդակները կու տան, դեռ կը մզուէր [88] տաք հեղուկը։ Տղաքը անոր մէջքէն գտան կէս մը թրջուած, բայց քաղցրահոտ թաշկինակ մը։ Կակուղ այդ լաթը թխմած էին վէրքին բերանը։ Յետոյ իրենցմէ մէկը դիմած էր մօտի թուրք գեղը։ Մուխթարը չէր ընդունած վիրաւորը, ու պատգարակ մը տրամադրելով պարտադրած էր իրենց, հակառակ օրէնքին, տուն փոխադրումը վիրաւորին։ Կծծութեամբը նշանաւոր այդ մարդը քննիչ մարմիններուն ոտքը կտրելու ու պայմանադրական ծախքերը շահելու համար այսպէս էր վարուած։ Տղաքը օգտակար ըլլալու համար «Հաճի աղային», սիրով կատարած էին այդ հրամանը։ Ու այսքան:

 

Տղոց պատմութիւնը՝ խորհրդաւոր, պարզ ըլլալուն չափ՝ ոչինչ կ՚ըսէր հեղինակներուն մասին։ Ոչ մէկ հետք ճակատէն բախումի: Գնդակը՝ քովէն։ Ճակտին տակովը պզտիկ ուռեցքը կրունկի արդիւնք [89] էր։ Ան էր, որ ուշակորոյս ըրած էր վիրաւորը, որ չէր խօսած եւ չէր արթնցած։ Ցետոյ, եկաւ ենթադրութեանց շարանը։ Տղոցը բերնին վրայ կը թափառէր ստուերը Զաքարենց Զաքարին: Բայց երիտասարդին սարսափը զգուշաւոր կ՚ընէր, նման առիթներու, թուլբերանները: Հիմա պառաւէն կը սպասէին առաջին ամբաստանութիւնը ու կասկածները։ Ու տարօրինակը հոն էր, որ դեռ շաբաթ մը առաջ գեղ դարձող մաքսանենգներու կարաւանէն ժողովուրդը արդար ու արգահատող հիացումով մտիկ էր ըրեր Զաքարին շքեղ բախումը ռէժի ի ջոկատներուն հետ: Ուր կը պատմուէր անոր աննման արիութիւնը, երբ անակնկալ դարձուածքի [90] մը իր բեռները դէմ դէմի եկեր էին հազարէ աւելի բազմութեան մը հետ, խռնուած հոդ սպաննուած մարդու մը պաշտօնական քննութիւնը կատարելու։ Ինչպէս անիկա ուսէն առեր էր մաուզէր ը ու «ետ» պոռալով, ստիպեր էր բազմութիւնը դէպի գիւղը քաշուելու։ Յետոյ, տէրերուն միջամտութիւնը։ Փոխադարձ կրակը։ Մինչեւ որ գեղացիք զմայլած այս սրտոտութեան վրայ, պարտկած էին բեռները ու պաշտպանած անվեհեր երիտասարդը։ Ամէն մարդ գիտէր, թէ անիկա չէր դարձած ու զբաղած էր հոն ապրանքին վաճառումով։ Բայց ամէն մարդ կ՚ուզէր, որ անիկա հոդ ըլլար, վերջացող գիշերին մէջ։ Ու Հաճիին հետ [91] վճռական ճակատումը անոր միայն կը վայլեցնէին։ Տղոց մէկը չկրցաւ համբերել։

 

-- Զաքարենց, - հազիւ յաջողեցաւ բերանը կէս բանալ։

 

-- Գիտեմ, - կտրեց Հաճի Խաթունը, նախադասութիւնը «դանկըտելով» անոր ակռաներուն տակ։ Յետոյ, զանոնք ճամբու դնելու համար, ձգեց մինակ [92] ու դարձաւ վիրաւորին սենեակը, դուռը գոցելով անոնց երեսին։ Զարմացած, բայց առանց առնուելու, տղաքը պատգարակը հոն ձգելով իջան իրենց գործին։ Լոյսը պատռւած էր ա՛լ [93] ։

 

Առտուան ժամերգութիւնը չաւարտած՝ Հայրապենց բազմաճիւղ ու յորդահամբաւ գերդաստանը խմբուած էր Հաճիին տունը: Բացառիկ հանդէսներէն մահը ամէնէն նուիրականն է ու կը խորտակէ բոլոր քէները։

 

Եկած էին, կու գային, փողոցին համար լալկան ու զարհուրագին դիմակներ կախած իրենց երեսներուն։ Կը ճուային, բակը չմտած, դուռնէն քիչ անդին, անիծակուռ ու անպատկառ բերնով ու աչքերով։ Յետոյ, մէկը կը խօսէր իրենց ու ներս կ՚առաջնորդէր, փողոցէն մաքրելու համար փարթամ ու գեղեցիկ այդ դէմքերուն այսքան աղտոտ հայհոյութիւնն ու անէծքները։ Կիներուն համար մուտքի այս ցոյցերը ընդհանուր էին ու իրենց մեծ գիծերուն մէջ՝ գրեթէ նոյնը։ Կարծես մէկը դաս տուած ըլլար անոնց՝ այս լացը, այս լայն ու թատերական շարժումները բազուկներուն։ Ու մէկը գոց սորվեցուցած՝ անէծքներուն համաբարբառ տարազները: [94] Բայց երբ բակ մտնէին, անբացատրելի փոփոխութիւն մը կը դիմաւորէր զիրենք։ Տունէ՞ն, դուրսէ՞ն, ուրկէ՞ կը փրթէր այս տարբերացումը։ Երբ սրահ՝ ոտք կոխէին, անոնք բոլորովին հակոտնեան կ՚ըլլային տառապանքի իրենց պատկերներուն։ Անոնց ձայնը կը դանդաղէր ու կը խելօքնար։ Առաջին հարցումները կ՚երթային դէպի մահուան հաւանականութիւնը։ Ստուգութիւն առնելէ ետք, չէին կրնար տրտմիլ ու ատկէ ամչնալով կ՛անցնէին, իրենց պարտկումին համար, փոքր ու անիմաստ խօսակցութեանց։ Անմիջապէս այս ընտանեցումին կը յաջորդէր կրկին զայրագնում մը, հիմնովին կեղծ, զոր պարտաւոր էին ճարելու յայտնի ճիգերով։ Ու ահա կը պտտէին [95] ։ Անոնց ձեռքերը կը զարնուէին ծունկերուն։ Անոնց աչքերը, մատի հարուածներէն, կը ստիպուէին արցունք գտնել ու ստեղնաշարը կ՛ամբողջանար անէծքով, հայհոյութեամբ, բամբասանքով ու ամբաստանութեամբ։ Յետոյ, բայց քիչ-քիչ՝ թեթեւացումը, հանգչելու զգայութիւն մը։ Աւելի յետոյ, մաքրուելու, ազատուելու շատ յստակ գիտակցութիւն մը, առանց բառի, իրարու կը մօտեցնէր բոլոր այդ կիները ու կը հաշտեցնէր, մահուան սեմին, գերդաստանին մեծ պառակտումը [96] ։ Քառորդ դար տեւող ու «գմբէթ նետող» [97] այս գայթակղութիւնը, որ Հաճիին կեանքն էր կազմեր, մօտ էր իր վախճանին։ Ու գրեթէ գոհ էին կիները, լալով, «չորնալով, քոռնալով»:

 

Ուրիշ էր այրերուն տրամադրութիւնը: Առանց բացառութեան, անոնք կը հայհոյէին ցած ձայնով ու կը շոյէին իրենց մէջքի ատրճանակներուն գլուխները։ Մաս մը կ՛երդուըննար միշտ Հայրապենց Հայրապետին գերեզմանովը, «հունտը կտրել» Զաքարենց գերդաստանին, արդէն նիհար ու ախտաժէտ։ Ու տարօրինակը հոն էր, որ բոլորն ալ համոզուած էին երիտասարդին գեղը չըլլալուն։ Բայց գիտէին նաեւ, որ ոճիրը դանակով, բաց ճակատով կատարուելուն չափ, ու թերեւս աւելի, կը կատարուէր դրամով, հաշիւով, մութէն, ու նոյնիսկ խաթեր համար։

 

Գեղին մէջ իրարանցումը անսովոր եղաւ։ Չէին կրնար համոզուիլ անոր ատանկ գաղտուկ պարտուելուն։ Ու կը յիշէին մօտիկ անցեալը, երբ գեղամէջին, մեծ թթենիին տակ անիկա իր դանակովը ասպարէզ կը կարդար «ողջերուն ու մեռելներուն»: Ու անոր ամբարտաւանութիւնը, ամբարշտութիւնը, անոր մեղքերուն կատոզ ները [98] փոխն ի փոխ կ՚անցնէին ամբոխին հեգնութեան ու ատելութեան պարունակէն։ Տապալող ծառին ոչ մէկը պտուղ հարցուց։ Ու անոր հետ կը մեռնի ամէնէն առաջ անոր հովանին։ Բոլոր երախտաւորները ու բոլոր ատողները իրարու կը միանան հզօր մեռելի մը դագաղին վրայ։

 

Ժամէն դարձողները, տարեցները, նկատումի ու հաշիւի մարդերը վայրկեան մը կը մտնէին բակը. երկու–երեք անիմաստ ու պայմանադրական բառ կը փոխանակէին գերդաստանին ոեւէ մէկ անդամին հետ ու չխճողելու համար թատերաբեմը, կը քաշուէին կամաց, աղտի ու գայթակղութեան այդ շտեմարանէն խոյս տալու յայտնի անձուկով։

 

Երբ «հէքիմ» Մարգարը, իր սափրիչի կոնքովը ու ածելիներուն պայուսակովը դուրս ելաւ տունէն, սեմերուն վրայ կուտակուած դրացիները ու անոնց վրայով լման գիւղը՝ պարզ անոր դէմքին ընթերցումէն, կասկած չունէին [99] պատահելիքին վրայ։ Այն ատեն տեսան մուխթարը, որ ձիաւոր մը փութացուց դէպի կառավարութեան կեդրոնը, երեք ժամով հեռու գիւղաքաղաք մը։ Ու դարձաւ Հայրապենց տունը։ Անոր ետեւէն, ծերուկ ու բարի վարժապետը, թուղթը ձեռքին, տիվիթ ին [100] դեղին գլուխը միամիտ հպարտութեամբ մը դուրս ձգած՝ փորձեց թափանցել վիրաւորին սենեակը։ Գործի մը համար հոնկէ դուրս ելող Խաթունին հետ անիկա եկաւ ճակատ ճակատի։ Նեղուեցաւ խեղճ մարդը։ Պառաւը, որ շատ-շատ անգամներ հանդուրժեր էր այս մարդը, նման պարագաներու, ուրիշներու տունին մէջ, բրտօրէն հրեց զայն դուրս։ Անիկա չէր կրցեր տանիլ այս ամբարիշտ ու թուրք միջամտութիւնը իրենց աղէտին։ Սովորութիւնը կ՚ուզէր, որ մինչեւ կարմիր ֆէսով ոստիկաններուն ու թթուած մօրուքով հարցաքննիչ դատաւորին եւ բժիշկին գալը, վարժապետը գիւղապետին եւ մէկ–երկու առաջաւոր ծերերու ներկայութեանը գրի առնէր հոգեւարքին յայտարարութիւնները։ Վարժապետը, առանց առնուելու, խառնուեցաւ սրահը լեցնող բազմութեան, որ կը ծխէր ու կը հայհոյէր, շարականի նման բերնէ բերան տալով բամբասանքը։

 

Ու հէքիմին վճիռն էր -- օրը մարը չմտած, Հաճին հող պիտի մտնէր։ Ու անսխալ էր անոր պատգամը։

 

Անմիջապէս ետք, փոքր–փոքր սկսան հոգեւարքին ու մահուան պատրաստութիւնները։ Թաղէ թաղ ու սերունդէ սերունդ մարդեր կան, որոնք իրենց մեղքերուն հաշւոյն վարձք կը սեպեն վրանին առնել մանր աշխատանքները մահուան արդուզարդին։ Անոնք դիակի հոտ առնող թռչուններու կը նմանին։ Անվճար իրենց պաշտօնը կ՚ընծայէ անոնց տեսակ մը դաժան զօրութիւն։ Կարծես զբաղումին անկախ նկարագիրը կ՛անցնի իրենց հոգիներուն ու կ՛ըլլան չխնդացող ու լերկ ղէմքեր։ Կը բուսնին հատ–հատ, իրարմէ անկախ, քիչ մը թշնամի։ Ոչ մէկուն բառ մը կամ բացատրութիւն մը կ՚ուղղեն։ Գիտեն իրենց հարկաւոր առարկաները։ Կը պատահի, որ հոգեւարքը դեռ չաւարտած՝ դրած ըլլան ջուր տաքցնելու մեծ խալկինը։ Ախոռին խորքերէն կը հանեն գորշ ու դարաւոր տախտակը, որ պատին կը ցցէ չարագուշակ իր հասակը։ Ան՝ որուն վրայ իրենց վերջին լուացուիլը ըրած են ընտանիքին բոլոր հանգչած անդամները։ Ուրիշ մը մոխիրով շփած ու փայլեցուցած է խնկամանը։ Ու ահա ան՝ որ քառորդ դարէ ի վեր պատանքը կը չափէ գեղին բոլոր մեռելներուն, ով գիտէ ի՛նչ երկար մեղքերու կանգունը ասանկ հակակշռելով։ Ու ան՝ որ պիտի ճարէ գերեզման փորողները։ Այր ու կին, այս սպասարկուները անդիմադրելի են ու անոնց առջեւ բաց են բոլոր դուռները։

 

Քահանան երկու պզտիկ թաղելէ ետք երեւաց։ Ամէն օր վարԺուած այս պատկերներուն, անոր դէմքը կը մնար իր անբաժան հեգնութեանը մէջ։ Տղայութեան ընկեր պառկողին, նեղուած էր անոր մեղքերուն ալիքովը։

 

-- Ջուրին կուժը ջուրին ճամբան..., - մտմտաց ան ու բառի փշուրները ակռաներէն թափեցան մօրուքն ի վար: Անշուշտ կը վախնար գերդաստանէն։ Բայց հին ու վայրագ բարքերու մարդ՝ չէր կրնար չկանչուած այդքան բնական եկող պատկեր մը խղդել, արեւին չհանած։ Տէր Եղիան փոխաբերութեամբ խօսող բանաստեղծն էր գեղին ու իր տիտղոսները ասոր ու անոր հասցէին դեռ կ՛ապրին, այնքան խորունկ ու ինքնատիպ դիտողութեան մը արդիւնք։ Յետոյ, խառնուեցաւ ընդհանուր խօսակցութեան, վիրաւորին սենեակը մտնել ու ելլելէ ետք: [101] Կը հարցնէր դիրքը, արտը, ձիթաuտանը, խրամը, ճամբան, մանրամասն, ուրկէ վերցուցած էին մարմինը։ Ու այդ հարցումներուն հետ, մտքովը կը պտտէր շատ մօտիկը, ձորակին [102] իր մէկ պարտէզը: Ու մտքովը կ՛ապրէր ուրիշ կարեւոր մեռելները։

 

-- Տէրտէ՛ր...

 

-- Համմէ, օրհնա՛ծ...

 

-- Խավորդ...

 

Քահանան կէս օրուան մօտ հաղորդեց գեղին մեծագոյն ոճրագործը: Երբ անոր կղպուած շրթներէն բռնի ներս թափանցեց Փրկողին մարմինը, Հաճի Խաթունին հետ ամբողջ գերդաստանը առաւ լայն շունչ։ Գերագոյն վայրկեանին այս մխիթարութիւնը կը հակազդէ, քանի մը ժամուան համար, մահուան մղձաւանջին։ Իր կրօնական պարտքերը վճարած մեռնիլ մը բաւական թանկ բարիք մըն է կռւոտներու [103] դասակարգին։ Ու անխավորդ մահ մը տարիներով սուգ ու զոհողութիւն կը պահանջէ մեռնողին պարագաներէն։ Կիներուն խնդրանքովը, որ իր անբնական կողմովը չվրիպեցաւ ամէնուն ուշադրութենէն եւ ընդհանուր տհաճութիւն արթնցուց, տէրտէրը պարտաւորուեցաւ քանի մը գլուխ բժշկութեան աւետարան կարդալ։ Կը մրթմրթար քահանան ու չկամ էին իր ձայնն ու բառերը։ Բայց ահա վերջինը չաւարտած՝ Հաճին աչքերը բացաւ։

 

Անսովոր ու ահաւոր եղաւ իրարանցումը։ Իրական էր, որ ոչ ոք մտքին ճոթէն անցուց կասկածի տակ ձգել հէքիմ Մարգարին վճիռը։ Բայց...: Ուրեմն կանոնաւոր հոգեւարք կար։ Ու նոյն անձուկը բռնեց բոլորին ալ սրտերը։ Անուններ [104] պիտի վտանգուէին։ Թերեւս հեղինակներ [105] պիտի ճշդուէին։ Ու այս կարելիութիւնը փափաքելի չէր հաւասարապէս թշնամիի թէ բարեկամի... Լուրը պտտեցաւ անանուն [106] արագութեամբ մը ամբողջ գեղին մէջ, ուր տուները իրենց միակ պատուհաններէն գլուխներ կը շարէին՝ ահաւոր իրողութիւնը հետապնդելու։ Հաճիին մահը դղրդող մեծագոյն դէպքերէն կը նկատուէր։

 

Շուտով յայտնուեցաւ, որ անտեղի էր վախը։ Հաճին չէր տեսներ... Ասիկա առաջին վաւերական վարագոյրն էր հոգեւարքին։ Արիւն կորսնցնողներուն մօտ աչքի գունդերուն այս սառումը ու հոգիէ պարպուիլը չէր խաբեր։ Այս ապահովութիւնը թեթեւ մը սրտապնդեց կիները, որոնք այս փողոտումներուն մէջ վրայ կու տային իրենց զաւակները, եղբայրները ու մէկ-հատիկ տան ճրագները: Անոնց համար աւելի զարհուրելին թուրքին բանտն էր, որ ուրիշ գերեզման մըն էր, բայց մշտապէս բաց։ Ուր պիտի թափէր գեղացիին ոսկին...

 

Բայց, թաւը այսպէս տեղը [107], իր մարմնին լիութեանը մէջ, Հաճի Ստեփանը երկար ժամերու պէտք ունէր իր հաշիւը մաքրելու համար աշխարհիս հետ։ Իր մեղքերը, վերջնական պատուհասումին նախախայրիքը պիտի դնէին անոր հոգեւարքին վրայ ու տակաւին չմեռած՝ անիկա պիտի համն առնէր Աստծոյ կրակին: Այսպէս էր օրէնքը։ Ու կը հաւատար գեղացին, թէ հոգէառ Գաբրիէլին ետեւէն ինչ կատղած սատանաներ ճամբայ ինկած էին, թելիկ–թելիկ, մազ-մազ քակելու համար անոր դժբախտ հոգին մեղքին պիղծ ձիւթէն, որ Հաճիին մարմինն էր եղած։ Ու այս բզկտումին ցաւը ով գիտէ ի՛նչ անյայտ ոճիրներ ու անկարելի խոստովանութիւններ պիտի ժայթքէր շրջապատին վրայ։ Էրիկ մարդերը լքեցին սենեակը։ Անոնք կը վախնային իրենց լսելիքներուն հաշւոյն։ Գեղը սարսուռով կը յիշէ ատանկ հոգեւարքներ, որոնց մէջ զառանցանքը ազգապիղծ սէրեր, անըմբռնելի ոճիրներ կը պատմէր ու դուռ կը բանար նոր տրամներու: Բայց կիները մնացին։ Մնացին, վասնզի ընդնշմարել կարծեցին թաքուն փափաքը պառաւին, որ կ՛ուզէր մինակ ըլլալ։ Անոնք այդ կասկածանքին վրայէն մտաբերեցին տարիներ առաջ պտտած շշուկները Նազիկին մահուանը մասին ու մանաւանդ ինչ որ փսխած էր Հաճին հարսանիքին երկուշաբթի առտուն, քազինոյին մէջ։ Դայեկ Մէլէքը անոնց աչքին երեւան բերաւ նոյն շուարումն ու նոյն անդոհանքը։ Հակառակ որոշ հրաւէրին, որով երկու ջատուկները կը ջանային մինակ մնալ, վէրքը մաքրելու եւ փոխելու պատրուակին տակ, կիները եղան անտարբեր ու չշարժեցան իրենց տեղերէն:

 

Փորձ ու վճռական՝ երկու պառաւները դուրսը պզտիկ խորհրդակցութենէ մը ետք մտան ներս։ Անմիջապէս Հայրապենց մէկ կնիկը, Տիկինը կրնային ըսել մեր հին պատմողները, լրջութեամբ ու յուզումով յայտարարեց։

 

-- Լաթերը փոխենք պիտի։ Դուրս ելէք կտոր մը։

 

Ու մէկ ձեռքէն վար պարպեց Հաճիին ճերմակեղէնները...

 

Անկարելի էր առարկել։ Կիները ըմբռնեցի՞ն դաւը։ Անոնք գլուխնին ճօճելով, իրենց ամօթխածութեան մէջ այդպէս զարնուած սա ամբարիշտ տունէն, դուրս ելան։ Սրահը գրաւուած էր այրերով։ Իջան բակը, դռնառաջքը, փողոցը ու բացին իրենց լեզուներուն զսպանակները։ Բայց կամաց, վասնզի հոգեւարքին խորհուրդը քիչ մը գերազանց գտան մարդերը միշտ, իրենց առօրեայ տագնապներէն:

 

Հակառակ Մէլէքին օձը ծակէն հանող լեզուին ու հակառակ մեծ մօրը քարն իսկ ճաթեցնող զայրոյթին եւ սպառնալիքին, Նազիկը չզատուեցաւ հօրը սնարէն։ Վախնալով աղմուկէն, մանաւանդ գայթակղութենէն, համոզուած, թէ անկարող էին ազդելու անոր կամքին, ջաղացքի եղեռնէն ասդին, երկու կիները մտրակուած իրենց խղճմտանքէն ու մխտուած իրենց կիրքերէն, թուքերնին կուլ տալով ու քիթերնին մռմռալէն, համակերպեցան անխուսափելիին։ Ինչո՞ւ սակայն առանց խօսած ըլլալու իրենց ներսի կրակէն, կը զգային, թէ երեք էին իրենք։ Մէլէքը կրցաւ քիչ մը խելք գտնել դուռին մղլակը ետեւէն հրելու, դուրսին հետ կապը կտրելու համար։ Բայց ատիկա չէր բաւեր։ Հաճիին ձայնը ժամուան տեղ կը հասնէր, երբ բլուրէ բլուր հրամաններ նետէր։ Ու մտմտաց Խաթունը։ Աղջիկը անտարբեր էր ու օտար անոնց շարժումներուն։ Անիկա առնուած էր մահուան սա տեսարանումէն ու անծանօթ, բայց ստոյգ բանի մը սպասումէն, որ իր մէջ կ՝ամրանար՝ քանի իր հօրը դէմքը կ՛այլափոխուէր: Ու դողահար անձուկով կը սեւեռէր իր նայուածքը անոր բաց ու անլոյս աչքերուն, փնտռելով հոն կամքի, գիտակցութեան փոքր կայծը, որ մեր հոգին մեզի կը դարձնէ երկարատեւ նուաղումներէ ետքը։

 

Սրահին նայող պատուհաններուն երկար ու հաստկեկ թաղիք մը յարմարցնելէ ետք, Նազիկը շատ յստակ կարդաց պառաւին միտքը։ Հաճի Խաթունը եկաւ, [108] ծունկը կոտրեց թոռանը կուշտին։ Մէլէքը, հոգեւարքին սկսումէն շատ առաջ սոթտուած էր, առանց իր գիտնալուն։ Ամէն մահիճ, ուրիշ բան ըլլալէ առաջ, տղաբերքի անկողին մըն էր անոր համար։

 

Իբր թէ այս զգուշութիւններուն սպասէր, Հաճին մինչեւ այդ պահը անկարող որեւէ շարժումի, ձեռքը դուրս նետեց վերմակէն։ Շարժումը թօթուեց կիները, որոնք՝

 

-- Յիսուս–Քրիստոս, - ձայնեցին միաբերան:

 

Վիրաւորին ձեռքը հանդիպած էր Նազիկին դաստակին։ Իր հօրը մարմինին հետ այս շփումը անակնկալ, կարծես մեղաւոր, այրեց անոր միսը։ Ու այդ զգայութենէն անիկա պատրաստուած էր ուրիշներու իջնելու, երբ հօրը ձայնը, [109] աւելի զարհուրելի, քան շարժումը, -- քարի պէս սառեցուց զինքը։ Մեռելն էր խօսողը.

 

-- Ո՞վ ես։

 

-- Նազիկը, - պատասխանեց աղջիկը, այնքան քաղցր, բնական ու հասուն կնիկ, որ դայեկն ու Խաթունը որոշապէս լսել կարծեցին ձայնը տարիներ առաջ խղդուած հարսնուկին...

 

Նոյն զգայութիւնը անցա՞ւ վիրաւորին։ Կիները սարսափեցան: Վասնզի անմիջապէս Հաճիին օտար, ա'լ հեռացած երեսին վրայ վերադարձաւ մարդկային այն ջերմութիւնը, հովը, որ չի խաբեր։ Անիկա մեղմ ու հաշուըւած շարժումներով, մատի փոքր կորացումներով փնտռեց դաստակն ի վար ափը Նազիկին։ Աոաւ զայն իր բուռին մէջ: Այն ատեն զգաց անոր աղջիկը գողտր ջերմութիւնը, որ հակապատկերն էր ոճիրին ու անոր կոշտ ճնշումին: [110] Ինչպէ՞ս իջաւ սա այնքան պարզ ու սրտառուչ բերանը [111], կազմելով երկաթէ մատներուն ու ահաւոր բռունցքին երկաթ հեքիաթը։ Այրուցքը անցաւ աղջկան մինչեւ սիրտը։ Փայփայանք մը, փոքր այս խաղը մատներուն։ Աղջիկը չէր կրնար ճիշդ կարդալ։ Բայց Հաճիին դէմքին ինկած էր սիրային, քաղցրաւէտ արտայայտութիւն։ Սէրը ամէնէն կակուղցնող զգացումն է մեր մէջ, ամէնէն կարծր երկաթը ըլլալէ առաջ։

 

Մինչեւ տարփանքի ընկլուզող զգլխանքը ինչպէ՞ս իջաւ սա այնքան պարզ ու սրտառուչ պատկերը՝ այս վայրագ ու դժուար րոպէներուն։ Զարհուրանքով տեսան ատիկա երկու պառաւները ու յիշեցին բամբասանքը։ Բայց աղջիկը հեռու էր պատրանքէն։ Հետզհետէ սակայն տարուեցաւ հզօր ու համակող այդ գգուանքին ձեւէն, ու իր մարմնին կարգ մը կէտերուն վրայ արթնցան փոքր սարսուռներ։ Ու տարուեցաւ մտածել բաներու, որոնք տեսեր էր առաջ, բայց ձգեր՝ առանց հասկնալու: Ու սա մահուան մահիճէն անիկա բացատրեց իր հօրը հմայքը կիներուն վրայ։ Ու իրենց տունը այնքան տարօրինակ ընող պատկերներուն խորհուրդը պարզ եղաւ իրեն։ Բայց մնաց հոդ։ Խորացուց իր գիւտը ուրիշներու հաշւոյն, աւելի ետքը իր հաշւոյն ու խորհեցաւ լոյսի չինկած այն զօրութիւններուն որոնք մեզ կը տանին, բռնի, ատեն իսկ չձգելով, որ հաւաքենք մեզ։ Ու մեղմ ու գարնային էր հոսումը անոր ափին, շատ նման այն շաքարոտ, գրեթէ շրթնային եղկութեան, որուն համը կը դիմանար իր մէջ Թումաuիկին օրերէն։ Նայեցաւ դէմքին։ Հոն ալ ինկած էր այն տղայ, անմեղ բանը, որ սիրողներուն անդրանիկ բխումն է կարծես։ Ու բուսաւ անոր երեսին վրայ այն պզտիկ, մանկական շնորհը, որ այդ կատաղի մարդասպանը կ՚ընէր յանկուցիչ ու թրթռուն, երբ վայրագ բնազդները հալածուէին պահ մը ու սէրը ցաթէր իր վրայ։ Հաճի Ստեփանը գուցէ կ՛ապրէր վերստին այն շրջանը, երբ Նազիկին սիրուն արիւն էր թափեր, բայց քիչ ետքը, առաջին անգամ զայն գիրկը առած պահուն, լացեր էր տղու մը պէս, գլուխը դրած անոր կուրծքին, ի՛նք՝ որ կիները սիկառի թուղթի պէս կը պլորէր ու կը նետէր թքնելով։

 

Մահուան մօտ այս պատկերներուն ամէնէն յատկանշական կողմը՝ անոնց հոսումին արագ փոփոխութիւնն է։ ... Ու ահա անոր շառագոյն այտերուն վրայ փոթորիկին մռայլը: Որքա՞ն շուտ, մտածեց աղջիկը ու սեղմուեցաւ դժնդակ տեսարանին: Յանկարծական, խիստ ու անվարագոյր այդ տրտմութիւնը պատռեց, հալածեց քիչ առաջուան պատկերին արշալուսային, հովուերգական միամտութիւնը։ Ճիշդ է ժողովուրդը, երբ կ՚ըսէ «Սէրը գորտի ձագուկն ալ աղուոր կ՚ընէ»։ Նազիկին մատները սկսան ցաւիլ հօրը կարծրացած դաժան ափին մէջ, որ կը գալարէր ու կը գալարուէր: Անոր ճակտէն գարունն ու խաղաղութիւնը հալեցան, ինչպէս սեւ ջուրին մէջ սուզուող շղարշ մը։ Ու ահաւոր էր ինչ որ կու գար տեղը բռնելու: Եկեղեցիի պատին [112] հռչակաւոր վիշապէն փրցուած կռնակի կտոր մը:

 

Ու տեղի ունեցաւ ինչ որ պառաւները կը կասկածէին, բայց չէին համարձակեր սպասելու: Մահամերձը դէմ դէմի էր իր կնոջ հետ։ Ասանկ հոգեւարքներ կը յիշէ գեղին բերանացի Յայսմաւուրքը։ Բայց ինչ որ պատահարը հոս կ՚ընէր բացառիկ, եղերական, ատիկա հանդիպումին նկարագիրն էր։ Էրիկ-կնիկ ճակատ ճակատի կու գային երկունքի մահիճին առջեւ: Չորս կտոր բառ, մինչեւ հիմա կուղպ անոր կզակներէն, եղերապէս նոյնը՝ հեռաւոր գիշերուան մէջ լսուածին, անկարելի հաւատարմութեամբ մը կրկնուելով շեշտին, ծաւալին, իմաստին վրայ, ստեղծեցին ահաւոր գիշերը։ Պառաւը խենթացաւ գրեթէ: Նետուեցաւ ոտքի, քաշելու համար վար տղուն աղեղուած սրունքները վերմակին տակէն։ Յետոյ ձգեց զայն։ Բացաւ ու գոցեց, շատ խոշոր աղմուկով, պահարաններուն փեղկերը: Հրամաններ տուաւ դայեկին, որուն կզակները անցած էին դողի ու կը լեցնէին իրենց չոր աղաղակովը ամբողջ սենեակը։ Ձեռքի մեծ թաշկինակը քսեց, շարժեց անիկա, իբր թէ ճանճ փախցնելու համար, հով, օդ տալու համար։ Դայեկը շարժեց ժանեկազարդ բարձը ու գլխուն դպաւ վիրաւորին։ Կազմուող այս տեսիլքը աւրելու համար՝ այս ցաւագին ու անիմաստ աշխատանքները մնացին ապարդիւն։ Հինգերորդ բառը՝ [113] «պոռնիկ», [114] արտաբերուած [115] այնքան կարծր, այնքան յստակ, այնքան վճռական ու հի՛ն, կասկած չէր թողուր: Հաճին պիտի խղդէր իր կինը, ինչպէս կ՚ընէր ատիկա, քանի մը տարին անգամ՝ մը, գիշերուան խոր քունի ընթացքին, թքնելով զարհուրելի բառը, մղձաւանջին ընդերքէն, աղջամուղջին երեսին։

 

Այն ատեն անոր դէմքը անցաւ անորակելի պրկումներէ, այնքան կարծր ու խորունկէն փրթած, որ ծնօտին ծխնիները ծռեցան ու առաջին տգեղութիւնը բերին անոր մինչեւ սա վայրկեանը աղուոր մնացած երեսին։ Դայեկը միջամտեց։ Անոր ճարտար մատները --Մէլէքին տաղանդը կը յարգուէր կրկին կոտրածները, ելածները դարմանելու մէջ-- երկու զօրաւոր ու յարմար շարժումով տեղաւորեցին ծռմռուքը։ Դուրսէն այս ընդմիջումը յապաղեցուց քիչ մը տեսարանը։ Կիները շունչ առին։ Բայց ատենը քիչ էր։ Վիրաւորին մինչեւ այդ պահը անշարժ աչքերը սկսան դողդղալ։ Թարթիչները հովէ անցած ծղօտներու պէս կը բաբախէին, մինչ երեսը կը պահէր իր պիրկ զարհուրանքը։ Ապահովաբար Հաճին կ՛աշխատէր վանել իր աչքին դաշտերէն արիւնին խաւը ու քառակուսել անոնց տարողութիւնը, հոսեցնելու համար անպատում անոնց կատաղութիւնը մեղաւոր իր կնիկին սրտին։ Բայց անոր անկարողութիւնը կ՚ընէր այդ նայուածքը հազուադէպ բան մը մարդոց տեսածներէն։ Բայց անոր մատները չէին ձգեր աղջկանը ձեռքը, որ կը հեւար, կը կոտտար այդ կրակէ ափին մէջ, ինչպէս աղաւնիի սիրտ մը, բազէին մագիլներուն տակը, փափուկ, վախկոտ ու մարդկային, կամուրջի մը պէս՝ մահուան ու կեանքին մէջտեղը։

 

-- Ջո՛ւր, - կրցաւ արտաբերել, ինչպէս ըսած էր եղեռնին գիշերը, ոճիրին սկսելէ առաջ, հով տալու համար վրան արջասպ թափուած իր սրտին, գործածելով իր պատկերը։ Ինչպէս այն ատեն, հիմա ալ ձայնը դուրս էր անոր հոգեկան հրդեհը մատնելէ։ Կարծես լաւ օրերու օղին հրամայէր իր կնոջը։ Պառաւները համեմատեցին երկու արտայայտութիւնները ու գտան նոյն։

 

Մէլէքը թաց սպունդ մը մօտեցուց անոր շրթունքին, կեցուց քանի մը րոպէ ու ետ առաւ։ Գնդակով վիրաւորները ջուրէն չարչարանք միայն կը գտնէին։ Հոզեւարքը կ՛ուշանար, աւելորդ վախեր բերելով հսկողներուն։

 

Զովութեան յաջորդեց դժնդակ ոգորումին [116] պաղն ու կապարը [117] անոր երեսին վրայ։ Կծկուեցան կնճիռները ոգորումին [118] տագնապէն։ Այնքան ճիշդ է, որ մեր դէմքը կը հպատակի մեր ներսին։ Ու ճշմարիտ են իրենք զիրենք չեղող դէմքերը [119] ։ Պառաւները յիշեցին միւս նկարը անոր երեսին, որ կապուտցեր էր իսկոյն, անոր զգայութիւններուն ներքին թունաւորումէն։ Ու անկարելի էր զանազանել վրան՝ դուրսէն տեսնուածն ու ներսին իրականութիւնը։

 

-- Նազիկ, - բառը զով էր, ու՝ թարմ, քիչ առաջուան ջուրին պէս, որ հրաշքով փարատած ըլլար կրակը անոր բերնին։ Բառը պարզ էր, ու մարդկային ու գրեթէ կին...

 

-- Համմէ, - ինչպէս պատասխաներ էր նստողին մայրը, ցաւերէն նոր աչքը բացած ու ժպտիլ ուզելով։ Չես գիտեր ի՛նչ անիմանալի ուժ կեցուց աղջկան կոկորդին խորը բառին այնքան բնական շարունակութիւնը։ Չելաւ անոր բերնէն հայրիկ ը, որ թերեւս խորտակէր կամ տեղափոխէր պատրանքը ու խնայէր գալիքը։

 

Հաճի Խաթունը ամբարիշտ ու յուսահատ զայրոյթով մը մխտեց անոր կողին իր կոշտ արմուկովը, բռնի կորզելու համար չարտաբերուած բառը։ Ու աչքերը թաւալելով՝

 

-- Հայրիկ չըսե՞ս, չըսե՞ս... գզըլգուրտ [120] ընես, - կը փսփսար ու կը դողար։

 

Միւս կուշտէն Մէլէքը, որ կը սեղմէր աղջիկը, բաց վանելու համար զայն հօրը շփումէն։

 

Բայց աղջիկը մնաց լուռ, կարծես արգիլուելով, սկսած տկարութեանը մէջ, պառաւներուն այս թունաւէտ միջամտութենէն։ Ու յետոյ վերահասու եղաւ, սարսափելով ամէնէն առաջ իր հաշւոյն: Ուզեց ձգել ձեռքը: Բայց նոյն այն անգործութիւնը, որով քալեր էր ան դէպի այս ողբերգութիւնները, ծաւալեցաւ ու թմրեցուց զինքը: Հետաքրքրութիւնը չէր ատիկա, կիներուն մէջ այնքան չարախօսուած փոքր այդ տկարութիւնը:

 

Պառաւները մռլտկացին տակաւին ուրիշ անտիպ անէծքներ։ Աղջիկը չէր իսկ նայեր անոնց։

 

Այն ատեն, առանց որ մէկը կարենար միջամտել, հոգեւարքի այս մահիճին մէջ կրկնուեցաւ տարիներ առաջուան ողբերգութիւնը, գրեթէ նոյն սարուածով, նոյն տեքոր ով, նոյն մթնոլորտով ու դերակատարներով։ Վիրաւորը չէր կրնար նստիլ ու ասիկա կ՚աւելնար տեսարանին սարսափին։ Դուրս հանած էր միւս ձեռքն ալ, որ ազատ՝ կը ջանար փոխարինել ու կառավարել կիրքին ահեղ թաւալը ու բառերուն սպաննող խայթը:

 

Ու ահա յանկերգը.

 

--  Ըսէ՛, ըսէ՛. ըսես պըտը, պըտը...

 

Ու նախադասութիւնը, որ կը փշրուէր ու իր բեկորներուն վրայ կ՛երկարէր. այնքան ամօթ ու ատելութիւն բռնած էին անոր ուղեղին բոլոր ճամբաները։

 

Հիմա, արիւնով խառն այս բառերը, իրենց կշիռովն ու կարծրութեամբը, իրենց սուլումին մէջ հալող ու գրեթէ կարմրող նուաղումովը, ու իրենց վերսկսման զարհուրելի բրտութեամբը մազի չափ չէին տարբերեր առաջին ներկայացումէն։ Խոստովանութեան պահն էր, զաւակը առնուելէն մէկ ժամ ետքը, երբ Հաճին դուրս էր փախեր տեսակ մը խղճահարութեամբ տանջուած ու մեղքնալու պէս էր եղեր մահէն նոր դարձող սա կնիկէն։ Այն ատեն անոր մայրը փութացուցեր էր ոճիրը, ներսէն գրեթէ պոռալով.

 

-- Չըսե՞ս, չըսե՞ս...

 

Բառերը ելած էին սենեակէն դուրս, գտած Հաճիին ամօթը ու կրակած անոր ատելութիւնը։ Ու ներս էր խուժած ահաւոր յանկերգը ծամելով ու չկրնալով.

 

-- Ըսէ՛...

 

Կը պակսէր միայն Հաճիին մօրը բերնէն արձագանգը, որ այն ատեն տեսարանին կ՛աւելնար, այս անգամ մեղրոտ ու կանացի, իր տղուն քով ստախօս մը չերեւնալու մտահոգութեամբ անդադար կրկնելով.

 

-- Ըսէ, օղուլ, ըսէ՛, - կարեկցուն ու օծուն...

 

Մահամերձը կը դողդողար, իր ամբողջ մարմինովը։ Ազատ ձեռքը մորթուած կովի մը ոտքին նման կը բանար ու կը գոցէր արմուկին աղեղը։ Միւսը՝ չէր կրնար կոտրտել սակայն իր բուռին մէջ բանտարկուած ափը Նազիկին, այնքան իր արիւնը քիչ էր հիմա, ինչպէս այն ատեն, երբ ունեցած ամբողջ կեանքը հաւաքուեր էր դէպի բերանը, դէպի բառերը, դէպի աչքերը։

 

-- Բերնէդ, բերնէ՛դ, բերնէ՜դ, - կը պոռար անիկա։

 

Նազիկը ազատ ձեռքը դրաւ հօրը շրթներուն։ Բայց մահամերձը կատղած՝ ուժ գտաւ նետելու այդ պիղծ մատները ու պոռաց, բայց աւելի տկար.

 

-- Բերնէդ լսեմ... պըտը։

 

Ու ձայնը սպառեցաւ: Այս տկարութիւնը կրկնապատկեց սակայն դէմքին՝ խորտակուած այս ոճիրին ամբողջ մնջկատակումը։ Շրթունքները վերածուեցան կարմրած տզրուկներու, որոնք իրենց օղակները կը շարժէին խօսելու համար ու չէին կրնար։ Ակռաներուն ծայրը կարծես բառերը քարի փշուրներու կը վերածուէին ու կը խայթէին անոր դէմքը։ Մտապատկերը այնքան հզօր կ՛աշխատէր, որ ահագին իր կուրծքը փորձն ըրաւ բարձէն զատուելու։ Իր հոսած [121] արիւնը անշուշտ չէր արտօներ այդ ճիգը: Ու յետոյքէն հազիւ հեռացած՝ իր փառաւոր կռնակը կրկին փռուեցաւ անկողինին։ Բացաւ բերանը ու խորունկ շունչ առաւ: Ուժերը կը հաւաքէր։ Բայց կը տառապէր ոճիրին չափ իր վէրքին ասեղէն։ Շարժումը սահեցուցած էր թաշկինակը ու արիւնը սկսած էր հոսիլ կրկին։ Որսորդն ու ոճրագործը բնազդով կը զգան այդ սրբազան հեղուկին դերը։ Ան ուզեց գոցել վէրքին բերանը։ Բայց նոյն պահուն կատաղութեան անորակելի ամպ մը դղրդեց անոր ամբողջ կազմը։

 

-- Պոռնի՜կ, - արիւնի ժայթքի մը հետ դուրս ինկաւ բառը:

 

Աղջիկը սարսափէն ընկրկեցաւ վայրկեան մը, առանց ձգելու սակայն վիրաւորին ձեռքը։ Պառաւը երկրաշարժէ բռնուած զանգակի մը պէս կը ճօճէր, չգիտնալով զինքը թօթուող ուժին աղբիւրը։ Բառը կը բանար չարագուշակ տեսարանին առաջին էջը։ Այն ատեն պառկողը կռացած էր վիզին իր կնոջը եւ երկու բռունցքովը օղակած էր զայն ու հանդարտ սեղմած։ Դայեկն ու մայրը փաթթուած էին անոր ձեռքերուն։ Ու պառաւին աչքերուն ներկայացաւ իր հարսին պատկերը, ձիւնի վրայ թափուած ոսկիի [122] խառնուրդէ մը, որուն երեսները աւելի հոծ կարմրեցան ու յօնքերը իրենց աղեղին երկու ծայրերը թրթռացուցին...  Յետոյ, թողուցած էր զայն, մեղքնալո՞վ, վախնալո՞վ։ Ու դուրս ելած կրկին։

 

Հոգեւարքը սկսա՞ծ էր, թէ կեանքը ետ կը դառնար։ Հաճիին շարժումները քիչ-քիչ կը գտնէին տեսակ մը բնականութիւն, իրաւութիւն։ Չտեսնող աչքերն իսկ այնքան զարհուրանք կը դիզէին անոր գեղեցիկ յօնքերուն տակը, որ դայեկը փորձեց ճանճ մը վռնտելու ձեւով, ձեռքը անցընել երեսին։ Թարթիչները մնացին անշարժ։ Թեթեւցաւ խեղճ կնիկը ու իր զգայութիւնը անցաւ միւսին ալ։ Դուռը զարկին։ Պառաւը կամաց բառերով հեռացուց հետաքրքիր կնիկը։

 

Ու անհուն ձգուածութեամբ, կեանքի այս աստիճան խտութեամբ ու իրականութեամբ, որ ապշեցուցիչ կրնար նկատուիլ այսքան արիւն կորսնցուցած այս մարդուն մօտ, անիկա խոստովանեցուց իր կնիկը, մանուածապատ, հեւացող ու բռնկած հարցումներով ... Անիկա իր հարցումներուն ամբողջ սարսուռը, անձուկը, ահն ու սպաննող խեղճութիւնը [123] երեւան բերելու համար իր սպառելու վրայ արիւնը քառապատկեց իր կիրքին, անասնական իր նախանձին հեղումովը ու գտաւ այս աւերակին, որ իր մարմինն էր, տարիներ առաջուան սրտառուչ ու արիւնակոծ ու տրտմօրէն գեղեցիկ տեսարանին վաւերական կնիքն ու հոծութիւնը։ Ոչ մէկ ատեն, որքան այդ դժբախտ գիշերին մէջ, եղած էր անիկա այնքան խորունկ կերպով մարդ։ Լեռներն ու գեղերը [124] դողացնող այդ վայրենին եղկելի էր իր նուաստացման ամբողջ սարուածովը։ Խեղդե՞լ իր կնիկը։ Բայց ատիկա անարժէք էր բաղդատմամբ իր վշտին։

 

Ու ահա տարիներ ետքը՝ անիկա օգնութեան կը կանչէ կրկին Մէլէքը, կը սպառնայ անոր եօթը պորտին։ Անիկա մօրը վկայութիւնը, բառերը, պատկերները դանակի մը շեղբին պէս կեցուց տղաձգանին [125] արդէն նուաղած աչքերուն վերեւ: Ու անոր լռութեան դէմ՝ փրփրած՝ իր երկու ձեռքերը օդին վրայ օղակելու անյաջող փորձէ մը ետք --չէր կրցած ազատել իր ձեռքին մէկը աղջկանը ափէն-- բացաւ [126] մատները, -- իր եղունգները մխուեցան բուրդին միսերուն մէջ ու պատռեցին եզերքի ժանեակին աղաւնին--  ու նստեցուց անիկա իր կնոջը գլուխին վրայ իր բարձը ու նստեցաւ հանդարտ, գրեթէ առանց կիրքի. [127] բայց ակռաները հիւսած էր այնպէս, ինչպէս ըրեր [128] էր ամիս մը առաջ Նազիկը, Զաքարենց տունը, Մարիամ կեսուրին հարցաքննութեան ներքեւ։ Վիրաւորը լքեց ինքզինքը։ Խղդելէն ետք լացեր էր անոր դիակին վրայ ու կծկտեր անկողնի շրթունքին, մինչեւ երկրորդ կատաղութիւնը, երբ նորածինը ուզած էր ճմռքել ու խղդել։

 

Ամբողջ տեսարանի ընթացքին աղջիկը հալածուեցաւ երկու վայրագ պատկերներէ։ Անիկա միշտ ալ աշխատեցաւ ստուգել Կաղանդ գիշերուան իր երազը ու դէմընդդիմեց անոր կտորները առաջին կատարուածին հետ: Բայց ուրիշ շատ աւելի զօրաւոր չարչարանք մը միջամտեց ամէն անգամ ալ ու զինքը դարձուց ուրիշ զգայութիւններու: Ան իր հօրը տառապանքին վրայէն մտապատկերեց, ձեւեց ու ամբողջացուց տառապանքը միւսին, Զաքարին։ Ու զգաց, որ ինչպէս թեթեւ դատեր էր ահաւոր գիշերը: Ու յիշեց անհուն կոտրածութիւնը երիտասարդին, զոր վատութիւն, պզտիկութիւն դաւանելու չափ անխելք էր եղած այն ատեն։ Ու աշխատեցաւ հասկնալ ինչ որ կիները պիտի չհասկնան երբեք: Անոնք իրենց սիրածները պիտի խաբեն միշտ: Երբեմն հաճոյքը պիտի վարձատրէ այդ փոքրութիւնը։ Ոչ մէկ ատեն անոնք պիտի չմօտենան անորակելի այն դժոխքին, որ խաբուած սիրտ կը կոչուի։ Այլապէս՝ սիրոյ ոճիրներուն երեք քառորդը կը դադրէր գոյութիւն ունենալէ։ Զաքարին հաշւոյն այս զգացումներուն հետ, անիկա անցաւ իր իսկ խղճին քննութեան: Իր մայրը տեսաւ ուրիշին գիրկին մէջ ու անոր ետեւէն ինքզինքը։ Տարօրինակ էր, որ Թումասին ձեւը չելաւ իր մէջը։ Անիկա խորհեցաւ գալիքներուն, բոլոր այն հզօր փորձանքներուն, որոնք աղուոր կնիկներուն շուրջը կը պտտին։ Ու իր մօրը մեղքերուն ճամբան [129]...

 

Ամբողջ տեսարանումի ընթացքին՝ անիկա աչքը չզատեց հօրը երեսէն: Ու դարձեալ ամբողջ այդ պահուն, Հաճին տէրը մնաց իր շարժումներուն, բառերու շարքին, կատաղութեան ու թուլացման փոփոխակներուն: Ու պահեց իր ափին մէջ ձեռքը իր աղջկան: Երբ տեսարանը աւարտեցաւ, Հաճին զգաց ափը կրկին։ Տառապանքը աւելի սուր՝ վերադարձաւ: Ճնշեց ու ճնշեց, բայց իր սպասած թեթեւացումը, գոհունակութիւնը չեկան իրեն։ Ստուերը կը դիմանար այս անգամ ու չէր խղդուեր։ Ու անոր բռունցքին մէջ աղջկանը առաձիգ ափը կը փոքրանար, սղմուած սպունգի մը պէս, բայց չէր խորտակուեր...:

 

Անիկա հայհոյեց, աղտոտ ու անհանդուրժելի, առանց իսկ նկատում ունենալու դժոխքէն, որուն այնքան մօտ կը գտնուէր պառաւներուն կարծիքովը: Անիկա սպառնաց։ Ստուերը չէր շարժեր։ Այս ընդդիմութիւնը փոթորիկի մը պէս խառնշտկեց անոր զգայութիւնները։ Իր ջախջախուած լանջքը, երկրորդ անգամ ըլլալով, անկարող էր անկողինէն ցատկելու։ Այն ատեն հասկցա՞ւ իր տկարութիւնը։ Լռեց ու ափին կռնակովը մեղմ՝ ճամբու դնելու ձեւ մը փորձեց։ Ստուերը հեռացաւ այս անգամ (վասնզի Հաճիին գլուխը գրեթէ հետեւեցաւ այս տեղափոխումին) ու գամուեցաւ դէմի անկիւնին։ Հոգին տալո՞ւ կը սկսէր պառկողը։ Այսպէս կը կարծէին գեղացիները, երբ անկիւններուն յառումը կարենային ստուգել հոգեւարքի հսկողները:

 

Իրաւ ալ, Հաճիին աչքերը դառն լքումով մը ուղղուեցան անկիւնին։ Պառաւները սփոփանքի շունչ առին։ Ինչ որ պիտի գար, այսինքն՝ հոգին քակելուն դժնդակ ու խշխշացնող տեսարանումը, սովորութիւն էր խնայել փոքրերուն ու պարմաններուն: Երկու պառաւները վերջին անգամ փորձեցին հեռացնել աղջիկը, որ խորտակուած, գրեթէ ջնջուած կը հետեւէր ողբերգութեան։ Անիկա փաթթուած էր հօրը ձեռքերուն։ Կիներուն այս հրաւէրը ան ընդունեց շատ սառն աչքերով։ Յետոյ, անոնք կանչեց լռելու, բիրտ ու անպատկառ: Ուրկէ՞ կ՛առնէր այս ուժը։ Ինչո՞ւ միւսները ամէն ատենէ աւելի տկար եղան անոր առջին։

 

Ոգեւարը յոգնած էր բոլորովին։ Բայց կը տառապէր բան մը ընելու ճիգով ու չէր կրնար։ Բառի փշուրները գոյութիւնը կը մատնէին անոր կնոջը, որ անկիւնէն կը շարունակէր դիմանալ ու գրգռել։ Աղջիկը, խնայելու համար այս չարչարանքը, խորհեցաւ վիրաւորը դարձնել միւս կուշտին։ Բայց վեր էր ատիկա իր ուժերէն...

 

Յետոյ, զգալի եղան ուրիշներ։ Ու կու գային ասոնք ալ, ու իրենց մուտքը կը յայտնուէր Հաճիին նոր պրկումներովը ու բառերուն բեկորներովը: Ժամ մը շարունակեց այս կարաւանը։ Կինե՛ր, պոռնիկնե՛ր, անծանօթ անունով մարդե՛ր, որոնք կը ցցուէին, կը խուժէին, կը կոխէին իր պուկին ու կ՛երթային տեղ տալու համար միւսներուն։ Ու ահա աղուոր տղան, սեւաչուի ու հրապուրիչ պատանին, որուն ոտքերն ու ձեռքերը ինկեր էին մաղմաղ կրակի մէջ, լեռնային գինարբուքի մը ընթացքին, ան՝ որուն ծոցը մտեր էր Նազիկը...: Ու բոլոր մեղքերը, զիրենք թանձրացնող պատկերներով, անհետելու [130] վրայ են։ Ու ամէնէն վերջը, հոգէառը, յստակ, խիստ, անողոք, որուն կ՛ընդդիմանան մարդոց ծնունդները... ։ 

 

Ու սկսաւ չարչարանքը։ Գեղացին դաժան հետաքրքրութեամբ կը հետեւի այս տեսարանին։ Ապահովաբար հրեշտակին բռունցքը ամէնէն առաջ կ՚իջնէր մեռնողին սիրտին, որ այդ պրկումին տակ հատիկ–հատիկ կը վճարէր իր մեղքերը։ Սրտի այս տագնապը կը յայտնուէր կոկորդն ի վեր ձայնին երեւան բերած այլուրութեամբը։ Աւելցաւ Հաճիին շնչառութիւնը, բայց պղտորեցաւ անոր մարդկային իմաստը։ Գոմէշի պէս, զոր կը մորթեն, անիկա մէկ ձայնի՝ կը խռնչէր ու չէր կրնար հանգչիլ։ Կիները խուժեցին ներս, դուռը խորտակելով, հրելով–հրմշտկելով ընդդիմանալ փորձող պառաւները։ Ամէն մէկը ծունկ մը տեղ ճարեց մահիճին եզերքին ու ինքզինքը ամփոփած, մռութը կախ մտաւ մահուան սպասումին մէջ։

 

Ու կը կարաւանէին նորէն միւսները, անոնք, որ հոգէառին հետ կու գան ու իրենց բաժին ինկած կտորները իրենք կը քակեն մեռնողին մարմինէն։

 

Ամբողջ երկու ժամ, Հաճին կռուեցաւ այդ բանակին հետ ու դժնդակ էր անոր մարմինին վրայ տեսնել հետքերը անոնց հարուածներուն: Անոր երեսին յստակ կը կարդացուէր պայքարը, իր մեծ փուլերուն մէջ։ Սկիզբները անիկա դիմադրեց Հաճի Ստեփանի մը վայլող քաջութեամբ: Բայց հետզհետէ ինկան իր շարժումները, փոքրացան ցնցումները: Մինակ երեսին միսը, աչքերուն մօտ, շարունակեց իր ասղնտուիլը ու անոր հոգիին գալարումներուն վրայ մնաց բաց՝ խորհրդախոյս պատուհանի մը նման: Բայց իր ձայնը զարկ ու ալիք չունէր։ Պղտոր ու խժլտուն հոսում մը, արիւնով ներկուած ու հոտելով։ Անոր մեղքերուն հեղեղն էր, որ դուրս կը թափէր:

 

Յետոյ լռութիւն։ Ձայնին գլգլուքը դանդաղեցաւ ու վերածուեցաւ պարբերական հեծկլտուքի, որ անոր կզակները իրարու կը զարնէր ու լեզուն կը պլորէր -- մահուան անվրէպ նշանը՝ [131] չսպառած մեռելներուն մօտ։ Բայց ցաւի արտայայտութիւնը մեղմացաւ: Նշանները մտան միօրինակութեան մէջ, որուն վախճանը դժուար չէ գուշակել։ Այս թուլացումին կ՚ընկերանային թեթեւ փայլակներ, որոնք խաղաղութեան նման բան մը կը նետէին անոր տանջուած դէմքին։ Անիկա լքեց ինքզինքը։

 

Իսկոյն հալեցաւ պրկումը անոր մարմինին։ Սուր կողմերը, սուր շարժումները կորացան, յետոյ երկնցան։ Մկանները սկսած էին մեռնիլ։ Մեղմացաւ երեսին ասղնտուքը, քիչ ետքը բոլորովին հանգչելու համար: Տեսակ մը անվերադիր կակուղութիւն ողողեց անոր արտայայտութիւնը։ Ու անդոհի, կարծրութեան, բզկտումի բոլոր նշաններն ու հետքերը չքացան։ Պառկողը՝ պարպուած քիչ առաջուան տուայտանքէն ու կեանքին յայտարարը եղող ճնշումէն, անուշիկ մարդ մըն էր, մահուան ա՛լ [132] ծանրացող ստուերովը պաշտպանուած։ Իր վերջին բառն էր, շաքարի պէս ու սիրտ առնող՝

 

-- Նազի՜կ...

 

Գոցուեցան ամէնէն առաջ աչքին ճերմակները, այլանդակ ու ծուռ շրջումով մը աղարտելով նայուածքին թէեւ կոյր, բայց դեռ հզօր գեղեցկութիւնները։ Գունդերուն կապը փրթեր էր։ Ու արիւնի թանձր խաւին մէջ կը խղդուէր ինչ որ մարդերուն հոգիին ամէնէն տեսանելի մասը եղաւ երբեմն:

 

Ու սկսաւ երկրորդ վարագոյրը -- ան՝ որուն ընթացքին մահուան առասպելական սարսափը ա՛լ կշիռ չունի պառկողին համար ու կը հեռանայ անկէ, թունաւոր ու ծանր կազի մը նման ծաւալելու իր շրջապատին: .... Ասկէ անդին մարդկայինը ա՛լ դադրած է ոգեւարին համար։ Ու ասիկա շնորհ մըն է, հաշտութիւն մը մարդուն եւ իր Աստծուն միջեւ:

 

Բոլոր անզգամները, անաստուածները, արիւն թափողները, մանաւանդ մարդ սպաննողները ու, կարճ ըլլալու համար՝ մահացու մեղքերու դժոխադիր սպասարկուները գրեթէ միշտ զուրկ կը մնան այս խաղաղ շիջումէն: Աղքատին ու հարստահարուածին մխիթարանքը՝ բռնաւորին ծուիկ–ծուիկ ու ողջ–ողջ սատանաներուն ձեռքը անցնելու մէջն է յաճախ։ Ու գեղացին իր կարգ մը գեղեցիկ անէծքները գտած է այդ մարզէն։ Անոնք, պոռալէն–պոռալէն, հրեշտակին կրունկներուն տակ ճզմուած իրենց կոկորդէն փսխեն [133] պիտի իրենց հոգին ու իրենց խելքին բոլոր ճամբաներովը պիտի թափին դժոխքին մէջ, մշտուած հոգէառին կայծակի սուրէն։ Այսպէս գիտէ ու այսպէս կը հաւատայ գեղը։ Ու լեգէոն են անոնք, որոնք Հաճի Ստեփանին հոգեւարքին սպասեցին, քիչ մը պաղշտացնելու համար իրենց վիրաւորանքը։

 

Ու ահա հերքումը անոնց գիտութեան: Ու հերքումը գեղին դարաւոր աւանդութիւններուն։ Կիները ամէնէն առաջ կ՚արտայայտեն իրենց յուսախաբութիւնը։ Բայց գոհ են: Անոնց ամէնէն աւագ սարսափը՝ նոր անուններու եւ գայթակղութեանց պարզումը, դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Խաչ կը հանեն անոնք փսփսուքով, ու . կը զարմանան Ամենակալին իմաստութեանը ու վճիռներուն վրայ։

 

-- Զօրքին մեռնիմ, - կ՚ըսէ Էբայէթը, որ ոտքի վրայ, թաշկինակ մը բերնին, յամառած էր հոգեւարքին գլուխը աղօթելու ու քիչ մըն ալ տեuնալու Նազիկը։ Խաղաղ այդ քայքայումին դիմաց, անիկա կը պատմէ շշուկով ու կցկտուր՝ հեքիաթը այն գազան ու արիւնկզակ մարդուն, որ հարիւրներով մարդ մորթեց, բայց աղքատի մը ետեւէն, զայն հալածելու համար քարի տեղ արձակուած մէկ հացով ինքզինքը ազատեց սադայէլին ճանկերէն: Ու լալու պատրաստ, երկինքին ու դժոխքին համար այնքան դիւրազգած այդ մտքերուն առջեւ յստակ կը գծուի պատկերը արդարութեան նժարին, որուն թեւերէն մէկը բեռնաւոր է բլրացած մեղքերով, բայց չի կրնար գերակշռել միւս թեւը, որուն մէջ կը կենայ միակ հացի մը գունդը, այն՝ զոր նետեր էր այդ մեղաւորը, աղքատի տարազով մուրացկան Յիսուսին ետեւէն. ..

 

Մահուան ինքզինքը յանձնելէն ետք, քիչ-քիչ խելօքցաւ անիկա։ Ոտքերը դադրեցան թօթուըւելէ։ Մայրը վերմակին տակէն ստուգեց մահուան կանգունը, որ արագ-արագ չափեց սրունքները ու բարձրացաւ դէպի վերերը։ Ու պաղեցան մատները ձեռքին, որ ոսկոր մը եղաւ մէկէն, չես գիտեր ո՛ւր սպառելով միսերուն պատանքը։ Մինչեւ շունչին վերջնական կղպումը անիկա անձայն ու սուտ բան մը եղաւ, ալիքի մը պէս, որ փշրուելով ու շինուելով կը մաշի ու կը հատնի ու մէկը չի հասկնար գաղտնիքը։ Բարեբախտաբար չեղաւ միւսը, յաճախադէպ ու տպաւորիչ, հրեշտակներու հետ խօսակցութիւնը, որ պիտի կրնար գայթակղութեան մը պէս աղմկել գեղացիին պարզ խղճմտանքը։

 

Ու անոր կապանքոտ ու հռնդուն շնչառութիւնը վերածուեցաւ նեղ ու սրութեանը մէջ կտրուած կշռոյթի մը, որ կը նիհարնար զգալի արագութեամբ։ Կիները սպառող սափորի մը վերջին պարպումները զգալ կարծեցին այդ հետզհետէ ուժէ ինկող արտաշնչումներէն։ Շունչը վրայ կու տար իր ծաւալէն։ Իջնելու, հատնելու այս պատկերը կը նեղէր մանաւանդ շուրջինները, որոնք այս հեռաւոր պահը, անխուսափելի այս շիջումը կը դիտէին իրենց հաշւոյն ու յայտնի անձուկով կը դողային իրենց ներսէն։ Հոգին յանձնելը դժուար գիտութիւն մըն է, -- ըսողը Հայրապենց Խաթունն էր։

 

Խօսելու ճիգը, որ սովորաբար կը խանգարէ վերջին վայրկեաններուն սա փախստեայ ու անհասկնալի համը, լռած էր Հաճիին մէջ։ Նայուածքը սակայն, վերջին պահուն ազատելով լերդացած արիւնին ճնշումէն, դարձաւ անոր երիտասարդ օրերու հմայքին ու գեղեցկութեան։ Ու կիները կը սարսափէին այս հրաշքէն։ Բայց խաղաղ ու հանդարտ, կամ զգլխող ու կրակ՝ անոնք, բիբերը, այսինքն՝ Հաճի Ստեփանը՝ չկային...: Ցա՞ւ, կարօ՞տ, աշխարհէն պահա՞նջ մը։ Բայց անկարելի էր ատոնց թերաuտուերներն իսկ գուշակել ներդաշնակ ու շքեղ հոգեւարքէն [134] ։ Յետոյ շունչն էր, որ անգայտացաւ բոլորովին ու վերածուեցաւ շրշիւնի։ Իբր յետին շարժում՝ ան ուզեց վերցնել ձեռքը, գուցէ վերջնական մնաք բարովը ձեւելու համար յաւիտենականութեան վրայ։ Իր փափաքը դիմաւորուեցաւ Նազիկէն, որ մեղմով վերցուց վերմակը, գտնելու համար արմուկը։ Լոյսը ինկաւ, կաս–կարմիր, անկողինէն ներս։ Վիրաւորին սրտէն սահեր էր  թաշկինակը։ Ու արիւնը վազեր։ Իրանը ամբողջ ներկելէ ետքը, ան կը սեւնար ճերմակ սաւանն ի վար։

 

Հոգեւարքը՝ յաճախադէպ բարակ ու մաշող հիւանդութեանց մէջ, տարաժամ մահերու մէջ ալ կը դիտուէր երբեմն: Աչքերու այս պայծառացումը երկու պառաւներուն համար ամէնէն ահաւոր պահը եղաւ սա հոգեւարքին։ Բայց անկողինին պատկերը վարանում չէր թողուր Մելէքին, որ իրաւ է, թէ անասելի զարհուրանքով հետեւեր էր տենդին բռնութեան ու զառանցանքին ողբերգութեան, բայց արիւնի հարցերու մէջ փորձառութիւնն ունէր անվերադարձ շիջումին։ Իր գործը՝ [135] արիւնի մէջ ու արիւնի հետ՝ իրեն ճարած էր թանկագին այդ հեղուկին վրայ յստակ գաղափարներ։ Երբ անիկա տեսաւ քանակը արեան, որուն մէջ կը սեւնար ա՛լ [136] Հաճիին ճերմակ իրանը, մտքով ապահովցուց ինքզինքը։ Այդքան վատնումէ ետք, կեանքը նկատի չէր կրնար առնուիլ։ Հաշիւի մտնելու չէր դարձեալ հոգեդարձը։ Ու չէր սխալած։

 

Մահամերձը սափրիչին շնորհած արեւն ալ չունեցաւ: Անիկա իջաւ աւելի արագ, որքան չէր վճռած հէքիմ Մարգարը։ Ու ահա անոր շունչը, որ հազիւ զգալի, կ՚օրուի ու կը փրթի, կայ ու չկայ։ Բայց այդ նուազումին [137] փոխարէն ահա բխումը անոր բնածին գեղեցկութեան, դիմագիծի այն շնորհը, որ կարգ մը գլուխները կ՚ընէ այնքան շատ [138] ու ցանկալի։ Անիկա տակաւ կ՚աճէր անոր երեսին։ Արիւնի քանակին խոնարհումը անոր այտերը կը սրբագրէր [139], ազատելով աւելորդ կարմիրէն, որ գեղացիներուն [140] շատ ուտող ու քիչ վատնող վայելամոլներուն մօտ կը խանգարէ մորթին թաւիշը, թանձր ու պոռոտ ներկի մը պէս պարուրելով այտերն ու քունքերը։ Ու դարձեալ կը մաքրուէր անոր երեսներէն ինչ որ մեղքերը, կեանքին մեծ ու անծածկելի տգեղութիւնները կ՚առկախեն անոնց վրայ։ Վասնզի շատ անգամ երես մը մեր յօրինումն է։ Ու առնական ու խռովիչ նոյն առինքնո՜ւմը, որ կը յառնէր սա մայրամուտէն, այն անորակելի շնո՛րհը, որ ըրեր էր անոր երիտասարդութիւնը այնքան յորձանուտ, ու կը յանդգնէր ինքզինքը պարտադրել նոյնիսկ սա եղերական վախճանին։ Կին մը փսփսաց.

 

-- Մուրատին հասաւ:

 

Հաճին մտքէն չէր անցուցած հիւանդ ըլլալ ու «կնիկի պէս» անկողինէն յանձնել իր հոգին։ Անիկա դանակով մահն էր երազեր ու կ՛երթար աշխարհէն՝ «Օր մը պիլէ չպառկած», - ինչպէս լսուեր էր բերնէն այնքան անգամներ։

 

Այս հոգեւարքը, որուն առաջին [141] երկու վարագոյրները անծանօթ էին այցելուներուն, իր վերջաբանին տարօրինակ թեթեւութեամբը գայթակղութեան մը չափ ծանր եկաւ գեղին բոլոր խաւերուն։ Շաբաթներով պիտի քննադատէին զայն Էբայէթը, Օվակենց Առաքելը, մութ ու տխուր ծերունիները, որոնք տարիներէ ի վեր, հազար վախերով, այդ օրուան կը պատրաստէին իրենց մարմինները, ու կը յուսային իրենց պահքերովը, աղօթքներովը, իրկուն–առտու կոչնակ մը չփախցնելու հերոսական յամառութեամբը կաշառել հոգեւարքը։ Ու ահա ի՛նչ տեսան։

 

-- Աստծոյ հրաշքը, - կը մռլտար Հաջան [142] Դատէնը, մտքէն նախանձելով այս վեհափառ շիջումին ու ցանկալով ասանկ «փառք» մը բոլոր իր տարեկիցներուն, նոյնիսկ իր թշնամիներուն։ Թաղումէն երկու շաբաթ վերջն ալ ան կը կրկնէր իր մաղթանքը ու այդ բաժինը կը հանէր նաեւ խման, անդամալոյծ Օհանին, երբ անողոք ծերունին իր թուքին կլոզը պատուհանէն կը նետէր անոր գլուխին, ամէն անգամ, որ անոր կօշիկներուն ձայնը առնէր փողոցին վրայ։

 

Երբ Հաճիին ծնօտները դադրեցան ելլել իջնելէ, հրմշտուքը սկսաւ զայն բոլորող կիներուն մէջ։ Ան՝ որ գլխուն մօտիկն էր, չէր արձակած վճիռը ու լռեցուց անհամբերները։ Բայց հիւանդին աչքերը շրջեցան կրկին։ Հաւասարակշռութեան այս խզումը շեշտ ու խորունկ տգեղութիւն մը կը բերէր այդքան աղուոր պատկերին [143] ։ Խաթունը մեղմով հրեց դունչը, աջ ու ձախ ու քիչ մըն ալ վեր։ Աչքին գունդերը կը լողային կարծես, հպատակելով պառաւին մատներուն։ Կոպերը իրարու վրայ իրենց բնական բացուածքը գտան մատի ուրիշ շարժումներով։ Յետոյ, բիբին սեւ ոսպը կիսուեցաւ ու անհետ եղաւ թարթիչներու ցանցին մէջ։ Ու կծկուած վարի կոպէն կ՚աղեղնար մահիկը անոր ճերմկուցին։ Կարծես մէկը անտես արուեստով մը իրարու կը կապէր ծիածանին մանեակէն վերի սեւն ու վարի ճերմակը ու անոր նայուածքը կը յօրինէր կրկին, անոր ամէնէն հրապուրիչ օրերուն դիւթութիւնը թափելով։ Մահուան դասական գեղեցկութի՞ւնը։ Նախապաշարո՞մը՝ որ անոր նայուածքը երկիւղալի էր ըրեր գեղին կնիկներուն։ Երբ պառաւը քաշեց իր ձեռքը, «ագուցուածքը» գտեր էր իր վերջնական թոն ն ու շնորհը։ Կղպուեցան ուրիշ աւելի երիտասարդ կնոջ մը կողմէ, փափուկ ու ա'լ մեղքէ ազատ մատներով, [144] անոր գունատ շրթները։ Ու գիծերուն այս դաշնաւորման զուգընթացաբար, խունկի գոյն բան մը օծեց ամբողջ այտերն ու ճակատը։ Այդպէս յարդարուած՝ անիկա սիրոյ անկողինէ մը յոգնած՝ քաղցր քունի մը տեսիլքը կը թուէր։ Կին մը, զարհուրած նայուածքին շնորհէն ու հեքիաթէն, իրարու բերաւ կոպերը, որոնք վերջապէս կը փակէին այնքան մեղքերու եւ արիւններու ակը եղած անոր աչքերը։ Վերցուեցան պատուհաններուն թաղեայ եւ կտաւէ վարագոյրները։ Դուրսէն, խուժումովը լոյսին, աւելի տժգունեցաւ մեռելին դէմքը ու աւելի աղուորցաւ։

 

Այն ատեն Հաճի Խաթունը ելաւ սենեակէն։ Անհուն սփոփանք մը իջաւ ամբողջ տունին վրայ։ Դուրսի խօսակցութիւնը դադրեցաւ ու շատեր իրենց կոշտ մատներով քիթերնին ու պեխերնին շոյեցին։ Հաճին չկար ա՛լ [145] ։ Ինչպէս պիտի չկենային սա հաւաքուողները, իրենց կարգին։ Բայց այդ մտածումին դժնդակ սարսափէն աւելի՝ հանգստաւէտ բան մը կը ծաւալէր ամէն անկիւնները մինչեւ։ Հոգեւարքին պրկումը կ՛իյնար ու մարդոց ջիղերը կը դառնային իրենց միջակ ու պարզ տարողութեան։

 

Ու լացը սկսաւ:

 

Գովքը [146], մահուան ուղղակի եւ հարազատ բխումը, անմիջական է գեղերուն մէջ, ու գրեթէ միշտ գեղեցիկ։ Ան կը հասնի անհուն խորութիւններու եւ արուեստի, երբ մահը անակնկալ, բիրտ ու տարաժամ է եկած։ Ծերերուն համար տարօրէն հասուն ու անուշ՝ անիկա ժպտուն օրհնութիւն մըն է, որ քակուող մարմինը կ՚օրօրէ ու կը պատրաստէ անդենականին։ Բայց համանուագ, ամբողջական դառնութիւն, կոտորած, «շիւան» կը դառնայ, երբ եղերական դրուագներու ընդմէջէն անիկա կ՛ողբայ երիտասարդը, որուն «մուրատը չծաղկած խղդուեցաւ փորին մէջ», «ժմնուկ ու մինուճար» տանուտէրը, որուն «որբերը ճիտերնին ծուռ մեծնան պիտի», ու անիկա դանակէ աւելի բզկտող է մեր հոգիներուն վրայ։ Կիները կ՚ողբան վազած «կանանչ արիւնը», իրենց ցեղին շատ հեռադիր անդունդներէն։ Ով գիտէ ի՛նչ ամբաւ [147] ժամանակներէ ի վեր անոնց հոգին հեռազգացումն է ամբարեր այդ ողբերուն։ Ու լացին Հաճի Ստեփանին քաջութիւնը, գեղեցկութիւնը, առիւծի սիրտը ու նոյնիսկ ոճիրները։ Մէկը զայն ճամբու դրաւ «կէնճուկ գացող» ոսկի Նազիկին... Ու մօտեցան ուրիշներ աւելի տխուր պատկերներու։ Գովքը այդ ամէնը կ՚ըսէ արցունքին պաշտպանութեամբը ու չի խռովիր։

 

Սովորութիւն է, որ կարգով կատարուին դրուագներու յեղումները եւ երգասացները փոխուին, տեղ տալու համար ոտքի սպասողներուն։ Ամէն եղերամայր երգելէ, կոծելէ, «չորնալէ» ու փետուելէ ետք, ափին կռնակովը կը չորցնէր աչքերը, ու չէր կրնար սանկ քովնտի չչափել աղուոր ու հզօր մեռելը ու անոր հզօր ու աղուոր աղջիկը, որ լալէն–լալէն նրբացեր էր ու լուացքի ելած շղարշի պէս սրտագրաւ երես ունէր արցունքին ներքեւ։ Ու բոլորին մէջ ալ արթնցաւ նոյն զգայութիւնը։ Անոնք համակուեցան նոյն զգացումէն, նոյն հոսումէն, որ այդքան իրարու նման կ՚ընէր մեռնողին ու ողջին երեսները։ Աւելի՛ն. ինչ որ այդ մարդուն կախարդական համը կազմեր էր, ու այնքան ճակատագրական էր ըրեր անոր օրերը, անդրանիկ պատանութենէն մինչեւ սա «բոսոր» վերջալոյսը, նոյնութեամբ կ՚արտացոլար հիմա, ծնրադիր, մազերէն իսկ լացող աղջկանը դէմքէն։ Ու պառաւները, որոնց գիտութեան ճամբաները խորհրդաւոր են այնքան, տեսակ մը գուշակող սեւեռումի ընդմէջէն, տեսնել կարծեցին Նազիկն ալ, ատանկ արիւնոտ մահիճի մը մէջ, ատանկ աղուոր ու «կարմիր» մեռած։

 

Մինչեւ եկեղեցիին զանգակը, որ թաղումին աւետաւորն է այդքան անտարբեր ու վերէն, գեղին գրեթէ բոլոր կնիկները եկան ու գացին։ Շատերուն մէջ, պարտքի զգացումին կ՚աւելնար կին այն հետաքրքրութիւնը, որ անոր ողջուցը հետեւեր էր անոր համբաւին։ Ու տեսնել կ՚ուզէին անոր այնքան խօսուած աչքերը։

 

Չ'արժեր խօսիլ կառավարութեան մարդերուն ծածկուած գոհունակութեան, թուրք կսկիծին ու ոճրագործին հասցէին ուղղուած բացագանչութեանց վրայ։ Նոյնպէս լուացին զայն, երկու խալկին տաք ջուր սպառելով, մաքրելու համար արեան ծիրանին, որ անոր մարմինը կը պատնէր սեւ ու տգեղ հողէն առաջ։

 

Կէսօրէն ետքը ըրին անոր թաղումը աննման հանդէսով: Թնդաց ամբողջ գեղը։ Հարուստի մեռելը տաղաւար է գեղին համար։ Արձակուեցան դպրոցի տղաքը, Հայրապենց Հաճի Գրիգորին հրամանով, որ թաղական էր ու բարեպաշտ եղբայրը ամբարիշտ Ստեփանին։ Գոցուեցան շուկայի երեսին բոլոր խանութներն ու սրճարանները։ Կոչնակը ժամ մը անընդհատ զարկաւ մեծ գոյժը, մինչեւ հեռաւոր պարտէզները գեղին, հրաւիրելով դաշտի աշխատաւորները թաղման յարգանքին:

 

Լոգցուած, դէմքը մաս-մաքուր ու դալկօրէն քաղցր, իր փեսութեան հնօրեայ ու թանկ զգեստներուն մէջը, իր ահագին սուրին հետ դագաղին մէջ երկարած՝ Հաճին վերջին անգամ ելաւ իր տանը սեմէն: Ու կիներուն մեծաբարբառ ճուոցը կը յորդէր սեւ բակին խորքէն:

 

Դագաղը անմիջապէս կը շրջապատէին գերդաստանին մօտաւոր ու յարգի կիները, մեծ մասով նշանաւոր իրենց մորթին կաթէ մաքրութեամբը։ Հայրապենց հարսները գեղին ամէնէն զտուած արիւնը կը կրէին, ընտրուած ըլլալով մեղքով քիչ ու արիւնով ու միսով անարատ աղքատիկ տուներէ, որոնք իրենց աղջիկները կը պահեն իրենց բիբէն աւելի խնամքով։ Ու անոնք հարուստ տունը մտնելէ ետքը կը լարուէին իրենց դնդերներուն ու ձեւերուն փափուկ շնորհին մէջ։ Կեսուրները չեն խաբուած։ Հայրապենց աղջիկները այդպէս բնական ընտրութեան մը արդիւնք, բոլորն ալ լեցուն ու բարեկազմ, ընտանիքին հպարտութիւնն ու հմայքը չէին մոռնար հրապարակելէ ամէն հանդիսաւոր առիթներու: Լացին առաջ բերած տժգոյն քնքշութեանը մէջ, անոնցմէ ամէնէն հասունները ու անշամանդաղ երեսովները կը քալէին, դալկահար ու հպարտ, ներքին վստահութեամբը իրենց հրապոյրներուն։ Առանց գուլպայի իրենց սրունքներուն ճերմակութիւնը կը ցոլար, կը շատնար հակադրուելով փողոցի սեւ յատակին։ Իրենց լաչակները անփութօրէն հանգուցած իրենց մազերու գագաթին, ցուցադրելով զմայլելի սկաւառակները իրենց երեսներուն ու քիչ մը վարէն՝ մարմարը [148] իրենց վիզերուն, անոնք իրենց այդքան զգլխիչ մարմինները պտոյտի, ցոյցի հանելու տպաւորութիւնը կու տային ու կարծես զիրենք կը տանէին մեռելէն աւելի։ Ու այդ ամէնուն մէջ անդիմադրելի էր պատկերը Նազիկին, բոպիկ, մազերը քակուած, լացէն դեղնած ու դեղքացած [149], վրան ահաւոր գայթակղութեան մը ծիրանին՝ աներեւոյթ քողի մը պէս, ու մեղքին փխրուն կնիքը, որ մեր գեղեցկութեան մէջ կծու ու այնպէս [150] մարդկային բան մը կը դնէ ու տեսիլքը կը վերածէ իր դժբախտ, անողոք, անսրբագրելի խեղճութեանը։ Մինչեւ եկեղեցի, անոնք երկշարք, դագաղը մէջերնին, առանց ազդուելու տէրտէրներուն ու տիրացուներուն յառաջացած երգէն, կը շարունակէին «գովել» մեռելը, ներդաշնակ, հաստատ, մեծաբարբառ, գերդաստանին բոլոր փառքը, բոլոր գեղեցկութիւնը թափելով չորս դին, ողողելով ամբոխն ու լռին տուները։ Ու երկու կողմէն, համեստ բնակարաններու ներսէն, ցանցառ ծերեր ու պառաւներ, իրենց անդամալոյծ փլատակին մէջէն կը սրտմտէին քիչ մը, ու դժնդակ շարժումներու ցաւին մէջէն կը փորձէին հասկնալ Ամենակալին կամքը, որ ասանկ փառքով ու արեւով, տիրացուով ու ժամով կ՚արտօնէր մահը զինքը ամէն ժամ վիրաւորող սա թշուառականին: Անոր՝ որուն դիակը երկնքի թռչուններն իսկ լեղի պիտի գտնէին ու իրենց կտցունքը պիտի քաշէին, այնքան աղտ ու աղբ էր եղած անիկա։

 

Ժամուն մէջ արարողութիւնը եղաւ դարձեալ շքեղ ու նախանձազդու։ Վառուեցան բոլոր ջահերը, բոլոր կանթեղները:

 

-- Մեծ է մամոնային զօրութիւնը, - փսփսաց ծերունի մը, որ հեռուէն ազգական կ՚իյնար շաբաթ մը առաջ համեստ ու փախստեայ թաղում ունեցող երիտասարդ Նշանին, Փանէլենց Նշանին, ան ալ գնդակի զոհ եւ որուն արիւնը ստոր կասկածով մը կ՛իյնար պառկողին ճիտին։ 

 

Հանուեցան տաղաւարի շուրջառները։ Տիրացու Սարգիսը, ան՝ որ ամէնէն շիլ աչքը ունէր գեղին, բայց ամէնէն ալ քաղցր ձայնը, յատկապէս ղրկուած մարդու մը ձիով կանչուեցաւ լիճէն, ուր աշխատանքի էր իջած ու երգեց իր սրտառուչ «Ի վերին Երուսաղէմ»ը։ Ձայնը այնքան ուղիղ ու խորունկ շեշտով մը պատկերացուց երկինքին խռովքը, կեանքին պարապը ու մահուան անխուսափելի ճամբորդութիւնը, որ ներկաները, մեծէն պզտիկը, համակրողն ու թշնամին պահ մը անջատուեցան իրենց մարդկային պատեաններէն ու դարձան իրապէս եղկելի արարածը, որուն «օրերը խոտի պէս» են ու փառքը՝ «շուքէն ալ պարապ»։ Ու տեսնել կարծեցին ժամուն մշուշոտ խորաններէն անդին Երուսաղէմին անհաս գեղեցկութիւնը, Մեծ Թագաւորին հովանիին մէջէն։ Երկինքի այս համապատկերը համակեց զանոնք։ Ու այդ պահուն դադրեցան բոլոր քէները ու բոլոր ժանիքները։ Այս հաշտութեան, անդորրութեան մէջէն գեղին գերագոյն ոճրագործը առաջնորդուեցաւ գերագոյն հանգիստին։

 

Ու անոր մայրը չորս անգամ նուաղեցաւ գերեզմանատան փոքր զառիվերին վրայ, ան՝ որ ատկէ չորս անգամ զօրաւոր ուրիշ զառիվերէ մը հանած էր չորս օր առաջ իր թոռնիկը, երկաթէ սիրտով ու պղինձէ կրունկներով։ Ու հողքի եզերքին, դեռ դագաղէն չարձակած, երբ պատնողը կոկեց մեռելին մարմինը ու կտաւը կարեց մինչեւ ծնօտը, Հաճի Խաթունը փակաւ զաւկին դալուկ շրթներուն, երկար ու կամաց։ Զինքը բաժնողները տեսան արեան պզտիկ դոնդող մը անոր շրթունքին, չարագուշակ ու սեւ: Մէկը փորձեց սրբել այդ արատը, որ դիմացաւ։ Ու համբուրեց զայն կրկին անոր աղջիկը, խղճահար, փոքր ու խեղճ համբոյրով։ Անիկա կ՛ամչնար իր շրթունքներէն։

 

Ու բոլորին նման գերեզման իջաւ Հայրապենց Հաճի Ստեփանը, ան՝ որ տակաւին շաբաթ մը առաջ, յուղարկաւորութենէ դարձող ուրիշ թափօրի մը առջեւն էր ելեր, դարձեալ գինով ու խայտառակ, ու չէր ամչցած սգահար ամբոխին ետեւէն պոռալու՝

«Աստըծոյ պիլէ չեմ ձգեր»...

 

Մեռնողը Զաքարենց մօտիկ երիտասարդ մըն էր, փողոտուած ու անդամատուած: _ Այն ատեն չէին հասկցած բացականչութիւնը:

 

Ու հիմա ան կ՚երթար, իր կարգին, դիմացը ելլելու այդ Աստծուն:

 

*    *    *

 

Հարսնիքի շաբաթէն մինչեւ այս անմոռանալի թաղումը գեղացին իրարու ետեւէ հողին էր տուած չորս երիտասարդ։ Բարեկազմ ու սրտոտ տղաք, իրենք զիրենք հաւնողներ. անոնք՝ [151] հակառակ իրենց թարմ տարիքին՝ կը վայելէին որոշ համբաւ ու ազդեցութիւն։ Չորսն ալ իրենց փառքին առաջին տարրերը ձեռք ձգած էին Սեւ լերան մէջ, փայտի համար թուրք գեղերու հետ անտառի կռիւներու ընթացքին, իրենց դանակներովը, միշտ մինակնին, պատռելով պաշարող շղթան թուրքերուն ու զանոնք իրարու վրայ «դիզելով», ինչպէս կը պատմէին այդ դրուագները։ Անոնք արիւն թափած էին, առանց մահուան պատճառ ըլլալու եւ ինկած ծխախոտի մաքսանենգութեան վտանգալից գործին։ Տասնութին եւ քսանին մէջտեղերը, գեղին ժմնուկ տղաքը տեսակ մը եռանդով կը փնտռեն այդ արկածները ու համբաւին աճապարանքը զիրենք կը տասնապատկէ։ Քսանէն անդին կը սպասէ փեսայութիւնը ու անոր ահաւոր շարը [152], որ պիտի սանձէ այդ կրակի կտոր մանչերը ու զսպուած եզի մը պիտի վերածէ զանոնք, լծելով հողին ու անոր անվախճան աշխատանքին:

 

Սպանութիւնները կը կատարուէին, գիշերուան մէջ, սովորաբար գեղի մեծ մուտքերէն քիչ հեռու։ Յայտնի էր, թէ կռուողները [153] զիրար կը հետապնդէին։ Ցանցառ էր որ խումբեր ելլէին իրարու դէմ։ Վասնզի խմբական ընդհարումները, [154] մեծ տոկոսով մահացու՝ [155] մութին պատճառով, վերապահուած էին ցերեկուան, ուր անոնք տեսակ մը զօրահանդէս, տեսակ մը կրակով գօտեմարտ կը ցուցադրէին, առանց մահի ու մեծ արիւններու: Կրակով զէնքը դեռ սահմանափակ գործածութիւն ունէր ու իր աղմուկովը շատ չէր յարմարեր գիշերատեւ այս փողոտումներուն, ուր ոսոխները իրարու հետքերը հոտուըտալէ, շիկերէի մը ճարտարանքովը իրար լրտեսելէ ետք իրարու գիրկ կը նետուէին, լուռ ու վճռական, առանց պուտ մը հայհոյութեան ու կը հիւսէին զիրար մինչեւ որ աւելի զօրաւորը զգետնէր միւսը, կոխէր մէկ ոտքովը նուաճուողի պուկին ու ազատ ձեռքովը դանակը հրէր հանդարտօրէն, առանց աճապարանքի ու շուարման, սրտին քովերէն, քանի մը ուժգին, հասակն ի վեր ու վար կրկնուած հարուածներով։ Յետոյ, անաղմուկ կը բզկտէր անոր երեսները, դաշոյնին սայրովը հերկելով անոնց միսը: Կը կտրէր քիթն ու ականջները ու շնորհքով, ինքնատիպ, պահէն փրթած հայհոյութիւն մըն ալ գլորելով կ՚երթար իր գործին, քանի մը գիշեր յետոյ ենթարկուելու համար նման բախտի մը։ Անգթութիւնը վարակիչ է ու քառակուսուած կը զարգանայ։ Մահը կը տրուէր՝ յաջորդին, բաղադրուած տոկոսով, « ֆայիզ ին ֆայիզ ովը», ինչպէս կը պոռար մորթուողին պարագան, գերեզմանէն դարձին, ժամու քարին առջեւ կեցած, երկիւղած խաչէ մը ետքը, երդում ընելով։

 

Այս տղոց հետ, քովէն, երկու ընտանիքները մտած էին այս անճիտող ու անողոք փողոտումին մէջ, սրտի տեսակ մը անպատասխանատու թեթեւութեամբ, չըսելու համար սովորական ու անվրէպ վրէժով։ Վրէժը երեւցածն էր, աշխարհի աչքին արդարացուցիչ պատրուակը։ Ու հեռաւոր ոլորտն էր այս նախճիրներուն։ Մնաց որ, մեռնողները ուղղակի կապով մը չէին գար ճակատող կողմերէն։ Մոռցուած ազգականութիւն մը, որուն կը վերադառնային զոհերը գեղամիջի կռիւներուն, կը վարէր ոճիրը գիշերուան մէջ։ Արիւնին հոտը գրգռիչ է, կ՚ըսեն։ Ու ատոնք, բոլորն ալ որսորդ, արիւնին մէջ սեւցած իրենց աչքերը, կը մորթէին տեսակ մը արուեստով։ Ասպարէզին վարժութիւնն ու մարզանքը դեր ունէին այս անփութութեան, այս սառնութեան մէջ։ Անգամ մը թափուելէ ետք, մարդուն արիւնը չի մեռնիր ու միշտ կ՚ուզէ։ Մորթելուն գռեհիկ ու շահապաշտ հաճոյքը չէ դարձեալ ասիկա, որ ջարդարարներ կը ծնի, անհատ թէ ազգ, նոյնն է պարագան։ Սպաննուողը կը բերուէր գեղ, առհասարակ լուսադէմին, մեռած կամ լեզուն փրցուած -- զգուշութիւն, որ պարտաւորիչ կը դառնար ոճրագործին։ Լեզուն վտանգաւոր է, ողջ թէ մեռած։ Դիակներ, իբր անշունչ լքուած, լեզու ելած են երբեմն ու պատմած անհաճոյ բաներ։

 

Ու ոչ մէկը կարելի էր ձերբակալել իբր հեղինակը այս սպանութիւններուն։ Կը թաղէին մորթուողը, ու դարձին, ամբոխը մռայլ վախով մը կը փսփսար անունը հաւանական յաջորդին։ Ուղղակի պարագաներէն՝ [156] երբեմն սպառնալիքը կը հետեւէր այդ փափաքին։ Բայց այդքան։ Սպառնալիքը տկարութիւն մըն է ու խոստովանութիւն մը։ Կիներն ու աւելի մայրերն էին, որ իրենց սարսափին մէջ կը հասնէին դառն նախազգացումներու ու կու լային, դեռ չթաղած։ Անօգուտ էր միջնորդութիւնը, որ գիշերուան հանդիպումները գահավիժելու պատճառ կը դառնար։ Անօգուտ էր նոյնիսկ այն պզտիկ, իմաստուն թելադրութիւնը, որ իրենց ցեղին բնազդը կ՛արթնցնէր իրենց մէջ։ Հայկական ջարդերը տակաւին չէին փորած անդունդը գեղին ու թուրքերուն մէջտեղ։ Ու Պոլսոյ մօտիկ, իրենց քաջերուն ու մեծաւորներուն զէնքովն ու խելքովը պաշտպանուած՝ գեղացիները իրար կ՛ուտէին, տարտամօրէն ատելով իրենց կրօնքին դարաւոր թշնամին։ Կառավարութիւնը յայտնի հաճոյքով ու թոյլատու ոգիով կը դիմաւորէր այս սպանութիւնները։ Ձեւականօրէն ամբողջ, բայց ոգիովը թեթեւ քննութիւն մը կը կանխէր թաղումը։ Ոստիկանները, դատարանի առնէտները եւ հանգստեան կոչուած յօդացաւոտ բժիշկները կը խուժէին զոհին տունը, կը գրէին, կ՛աւրէին, կ՚ուտէին, կը կերցնէին իրենց ձիերուն միշտ մեռածին հաշւոյն, քանի որ ոճրագործը ապառիկ է միշտ։ Ու ակռայի վարձ մըն ալ վրայ առած՝ կը դառնային իրենց կեդրոնը, քիչ-շատ լուսաբանուած մօտաւոր յաջորդին վրայ: Յետոյ, կասկածուած անուններէն ամէնէն հանդարտները, անվնասները, անմասները կը կանչուէին կառավարութեան դուռը։ Հոն քրտնելու տեղն էր: Հայկական հարցի սկզբնական օրերն էին։ Թուրքերը գոհ էին քանի մը կողմերով։ Պաշտօնեաները հասոյթի նոր աղբիւրներ կը ճարէին ու երկիւղալի երիտասարդութիւնը գեղին քիչ-քիչ պիտի առնուէր պետական յանցաւորներու շղթային մէջ։ Ատկէ առաջ, լաւագոյն հաճոյքը անոնք կը գտնէին հայ կտրիճներուն սա փոխադարձ փողոտումին դիմաց։ Նիկիոյ լիճի ափունքներուն, հայ գիւղերը իրենց բազմամարդութեամբ ու բարգաւաճ տնտեսութեամբը աչքի կ՚իյնային թուրքերուն ճղճիմ թիւին ու անոնց ագարակի մը ծաւալով փոքրաթիւ գեղերուն դէմ։ Նազիկին անունով ստեղծուած բոլոր սպանութիւնները մնացին ոստիկանական քննութեան պարզ շրջանակին մէջ։ Ու այդքան։

 

Հաճիին մահը աւելցաւ սակայն ու անցաւ շրջանակէն: Քառորդ դարէ ի վեր, լիճի շրջապատին, բոլոր գեղերը, հայ թէ թուրք, հմայքին տակն էին անոր համբաւին։ Զաքարին հետ անոր բախումը եւ պարտութիւնը ատեն գտած չէին լայն խաւերու մէջ թափանցելու ու կոտրելու անոր անունը։ Ու բարի թուրքերը, այսինքն՝ անոնք, որ երիտասարդ եղան, առանց քաջութեան ու անգթութեան արարքի մը, ու հիմա ծեր են, ուրիշներու քաջութեան հիանալու համար. ու գեղեցիկ այրիները, որոնք քաղաքին մէջ կ՚անցընէին իրենց միսերուն գերութիւնը ու կը դառնային իրենց ծննդավայրը, զարդարուն, հարուստ ու աւելի քան կատղած իրենց արգանդէն. ու հացին հոգովը տարուած հողագործը, որ իր զաւակն ու քսակը տուեր էր թագաւորին ու հողին կը նայէր, -- բոլորն ալ անկեղծ վիշտով մը կը խօսէին հազուագիւտ ասպետին վրայ, որ յարգած էր ծերերը՝ փաթթոցաւոր կամ հասարակ կտաւով [157], այրիները մխիթարած իր չյոգնող առնութեամբը, ու մանաւանդ աղքատին հետ չէր սակարկած անոր ծխախոտը, ու ոչ մէկուն տասը փարա չէր կախած [158] կամ կերած։ Հակառակ անոր բարեկամներու առատ թիւին, կառավարութիւնը պաշտօնական ձեւերէն անդին չանցաւ։ Ոչ մէկը կանչուեցաւ կեդրոն։ Զաքարենց Զաքարը գեղը չէր այդ օրերուն: Ու իշխանութիւնը գիտէր ատիկա։

 

Այս անտարբերութիւնը այլապէս տպաւորեց սակայն հայ գիւղերը, որոնք հետզհետէ կը բացուէին նոր ու խորունկ սարսուռներու: Մինչեւ այն ատեն իրենց հաշւոյն միայն քաջացող տղաքը՝ մէկէն՝ կը կանչուէին իրենց անծանօթ յուզումներու։ Ու կը հաղորդուէին ուրիշ զգացումներու։ Անոնք, որ այդ խռովքը բացատրեր էին իրենց, օտարներ էին, Պոլսէն ղրկուած ու գիտէին ճամբան իրենց սրտերը հասնելու։ Ու անոնց լեզուն ցեղին հազարամեայ գերութեան մէջէն կը բարձրանար...

 

Յեղափոխութիւնը՝ ո'չ հասկնալի, ոչ ալ մատչելի էր այս տգէտ ու, վայրենաբարոյ գեղերուն։ Անոնք սահմանադրութեան (ազգային) երգերը ճուացեր էին իրենց հայրերուն բերանովը ու հիմա զանոնք կը գործածէին պոռնիկ խաղցնելու: Բայց յեղափոխութեան առաքեալները միշտ գտած են այդ արիւնկզակ տղաքը։ Ան՝ որ այդ օրերուն պարմանի եղած է ու խաղցած դանակի հետ, ա'ն միայն գիտէ, թէ մորթելու մոլուցքը ինչպէս ազնուացաւ մէկէն, դուրսէն հեղուած մտածումով մը։ Ազգայնական սարսուռը ամէնէն առաջ համակեց գեղին այդ կրքոտ ու անվախ տղաքը։ Այնպէս որ՝ եթէ Հաճիին գեղը լուսաբանուած էր անոր մահուան գաղտնիքովը, միւս գեղերը հաւատարիմ էին իրենց զգացումներուն, երբ թուրքին մատը տեսան Հաճին տապալող բլթակին ներքեւ։

 

Արդէն քանի մը տարի կար, որ միջինէն վեր մարդերու վրայ կատարուած ամէն ոճիր կը վերագրուէր թուրքին կամքին։ Եկուորները լայն ու արդիւնաւէտ կերպով մը շահագործեցին այդ հոգեբանութիւնը։ Շատցան իշխանութեան դէմ հեստումի պարագաները։ Ոստիկաններ ծեծուեցան ու տուրքերու գանձումը ինկաւ կէսին։ Վարանոտ ու դեռ անհրահանգ, կառավարութիւնը իր նախաձեռնութեամբը, դաւադրօրէն վերցուց մէջտեղէն շրջանի մեծագոյն գեղէն ամէնէն հարուստ ու զարգացած երիտասարդը, որ Կալաթա-Սերայի լիսէն աւարտեր էր ու գայմագամին հետ վիճաբանիլ գիտէր: Հաճիին սպանութիւնը կապուեցաւ նոյն մտայնութեան: Ու կը տառապէր գեղը իր խուլ ու մութ ալքերուն մէջ, այն Հաճիին համար, որուն մարթին ը չէր սխալած եւ որուն ահն ու անունը տեսակ մը պաշտպանութիւն կ՛ընծայէին [159] իրեն թուրքերուն դէմ ու մօտ։ Այսպէսով էր, որ գեղը շուտով մոռցաւ վաւերական իրականութիւնը ու հաւատաց իրեն հրամցուած միտքերուն։ Ու այդ մահը անոր համար ստացաւ համազգային իմաստ։

 

Ոճիրին հեղինակները դադրեցան հայեր մտածուելէ։ Ոճիրին վայրը անառարկելի փաստ կը ծառայէր յեղափոխականներուն ձեռքը։ Ու շինուեցաւ հեքիաթը, որ անոր սպանութիւնը պատմեց դիւցազնական յարդարումով, տասնէ աւելի վիրաւոր թուրքեր ենթադրեց, որոնք գիշերով քաղաք փոխադրուած էին, գաղտնի դարմանուելու: Ու երեւակայեց հսկայ բախում մը։ Ու անոր հոգեւարքը պանծացուց, թուրքերու գերեզմաննոցին մէջ, ակռաներովը քաշելով իր մարթին ին բլթակը, երբ ջախջախուած ձեռքը մերժեր էր հնազանդիլ անոր կատաղութեան:

 

Ու բարի, աստուածարեալ լիճին եզերքներէն, ուրկէ աւանդութիւնը մեր մէկ հայրապետը [160] Նիկիա կը ղրկէ, ջուրերուն վրայէն իբր դաշտագետնի մը վրայէն [161] լուծք մը եզ քշելով, սկիզբ առաւ հայ գիւղերուն անորակելի խռովքը: Թուրքերուն հետ լաւ դրացնութիւնը պատռեցաւ ու ինկաւ։ Առաջին զոհերը եղան մօտի գեղին երեք անտառապահները, ալպանացի ու բարբարոս, որոնք Հաճիին ոճիրին մէջ մտցուեցան, առանց որ մաս ունեցած ըլլային ու մոխրացան իրենց հիւղակներուն մէջ։ Ինկան ու իրենց ոսկորներովն իսկ անհետացան երկու ոստիկաններ, իրենց ձիովն ու զէն ու զարդովը, որոնք գիշեր ատեն յանդգներ էին մօտենալու գեղին՝ քիչ մը աւելի քան արտօնուած սահմանը: Ինկան արտին վրայ աշխատող ծերուկ մշակներ, որոնք վերերը, կիրճերուն մէջ սպաննուած հայերու փոխվրէժը կը: տուժէին։ Ու օր-ցերեկով անյայտացաւ թուրք դրացի գեղին հոճան, որուն դիակը՝ շերտ-շերտ, մազէ տոպրակով մը դուրս նետեցին լիճին ալիքները։

 

Ու տարօրինակը հո՛ն էր, որ ոչ ոք կար մէջտեղը շալկելու համար մեղքը այս ոճիրներուն։ Հարուստները, առատ ու կասկածելի ապրողները, անոնք, որ թուրքերուն աշխատանքը կը գործածէին ու անոնց կիները կը վայելէին, վախկոտ ցուցմունքներ ըրին, առանց յստակ հասցէի։ Զօրաւոր էր սարսափը, որ կը վարէր այս ձեռքերը։ Այդ ուժը սպաննեց, մեծ խճուղիին վրայ, Հաճիին ինկած տեղէն քիչ մը վար, հարիւրապետ մը, որ քննութեան համար մարդ ծեծած էր հայ գեղին մէջ ու հայհոյած անոնց կնիկներուն։ Սրտմտած ու խրատուած՝ կեդրոնը աճապարեց ու գործեց [162] մինչեւ այդ օրը անսովոր կերպով մը։

 

Ծաղկազարդի Կիրակին ժամ երթալը տօնական է ու պարտաւորիչ, թերեւս Զատիկէն աւելի։ Առաջին բաց պատարագն է, որ կը խորհրդանշէ վերջապէս սառնամանիքէն ազատուած գարունը ու լոյսով ու ժպիտով կը զեղու գեղացիներուն հոգին։ Ամբոխը կը լեցնէ ընդարձակ սրահը, քովնտի պահարանները ու կը յորդի բակէն դուրս, ներսը տեղ չգտնելուն։ Դռնառաջքի հրապարակը ասեղ ձգես, գետին չ՛իյնար։ Պատարագի զանգակէն անմիջապէս ետքը գոյժը տարածուեցաւ։ Գեղը անակնկալ կերպով կը պաշարուէր Բոշնաղբիւրի թաղէն։

 

Նորաշէն խճուղիէն (նոր ճամբէն) հեծեալներու եւ հետեւակներու բաւական մեծ թիւ մը խուժեց Աղբիւրին հրապարակը։ Առաջին անգամն էր, որ ոստիկաններու այսքան խոշոր ջոկատ մը կը թափանցէր գոռոզ գեղէն ներս, առանց գիւղապետին, աւագերէցին ու Մաթոս վարժապետին առաջնորդութեան։ Սովորութիւն էր, որ գեղ մտնելէ առաջ, կառավարութեան կամ ռէժի ի ուժերը կանգ առնէին գեղէն դուրս, Փլուկ աղբիւրին մօտ, ու բանագնացներ իրողութիւնը հաղորդէին «առաջաւոր»ներուն։ Ծաղկազարդի առտուն, այս զանցառութիւնը իմաստալից էր։ Գեղին լաւագոյն տղաքը «ժամ պահելու» պաշտօնով իրենց դիրքերը կը հսկէին եկեղեցին շրջապատող գլխաւոր տուներուն ներսը։ Ոսկիի ու արծաթի առատութիւնը այդ եկեղեցիին համբաւը տարեր էր չէրքէզ աւազակներու, որոնք քանի մը անգամ, մանաւանդ տաղաւարներու գիշերային արարողութեանց ատեն, յարձակում փորձած ու ջախջախուած էին։ Աղբիւրին թաղը, ամբարիշտ ու քաջ, տարին հեղ մը ժամ կերթար, մեծով ու պզտիկով Ծառզարդարի առտուն։ Ու պարապ էր թաղը։ Թուրքերը մօտէն գիտէին ամէն բան։

 

Աղբիւրին հրապարակը պզտիկ տղայ իսկ չէր խաղար այդ պահուն։ Քանի մը ծոցուոր հարսներ, որոնց երկունքի օրերը շատ մօտ էին, մանրուկ կը լուային, գուռին կռթնցուցած իրենց սափորները։ Թարմ աղջիկներ գրեթէ, նորահարս բոլորն ալ, ճիտերնուն կախ հարսնութեան շարոցները, որոնք կը դողային անոնց կուրծքէն ինկած դուրս, ամէն մէկ շարժումի հետ, շորերը աճըռելու ատեն։

 

Երիտասարդ սպայ մը, ոսկեզօծ ուսանոցներով, կարմիր երիզներու ճարտար յարդարումովը համազգեստին լազուարթը ցայտեցուցած՝ խթանեց իր ձին, որ դեղին սանձին երկու քովերէն փրփուր նետելով, գլուխը կէս մը հակած, կը ծառանար իր առջեւի ոտքերուն վրայ ու ետեւի սմբակները մեծաշռինդ կը բախէր սալերուն։ Ան ունէր, մէկ ձեռքին, լարած, ատրճանակը։ Ան չխօսեցաւ հարսներուն հետ, որոնք սափորները պարապ ձգելով, աճապարեցին խուսափիլ այդ վտանգաւոր մօտիկութենէն։ Բաւական տարիներէ ի վեր գեղը դադրած էր աղջիկ տալէ ատանկ ասպատակներու։ Բայց մեր պատմութիւնը թերեւս մեր մայրերուն արգանդէն իսկ փոխանցած է մեր աղջիկներուն այս անորակելի սարսափը։

 

Սպային նշանացի մէկ հրամանովը դէպի հրապարակ բացուող վեց փողոցներու բերանէն, հինգական հոգինոց խումբեր, մաուզէր նին սուինած, անյայտ եղան տուներու նեղ գիծն ի վեր։ Փողոցները իրենց քիւերը իրարմէ կը զատէին հազիւ կանգուն մը երկինքով։ Մուտքին կը հսկէր մէկ ոստիկան։ Առաջնորդողները ետ կը մղէին պատահական տղաքը, կիները, հարսները, լրբութեամբ, հեշտանքով ու հայհոյելէն։ Ու հրացանի բուները զարնելով դուռներուն, գնդակի սպառնալիքով, կ՛արգիլէին պատուհաններուն բացուիլը, եւ դուրս ելլելը ներսիններուն: Վայրագ, բարբարոս այս մարդերը, հակառակ համազգեստին մեղմացումին, պարզ այն պատճառով, որ կեավուրին դէմ կը գտնուէին, յուզիչ [163] ու վսեմ շեշտ մը կը գտնէին, իրենց փոքրագոյն շարժումին ու արտայայտութեանց մէջ իսկ։ Ազատ, լայն իրենց գնացքը կը կրկնապատկուէր այն արհամարհանքով, զոր թուրքերը միշտ ունեցած են քրիստոնեային դէմ, երբ անիկա անզօր ինկած է իրենց թաթին տակ։ Յետոյ, դարերու այս արհամարհանքը տակաւին չէր փոխուած այն կանանչ ատելութեան, որ ներարկուեցաւ աւելի ուշ թուրքերուն մէջ, բացառաբար հայերուն դէմ։ Ու տակաւին այդ վայրագութիւնը չէր գազանացած ու վերածուած նոր ժամանակներու ամէնէն ստոր ու եղեռնական զգացումին։ Վասնզի ինչ որ տեսանք աւելի վերջը, թրքական չէր մինակ։ Զինուորները՝ աւելի ըլլալով՝ զուարթ ու լիրբ կերեւային, ու մանաւանդ գոհ անով, որ յիսուն տարիէ ի վեր միւսլիւման գիւղերու հետ միշտ բախում ունեցող ու յաճախ յաղթական դուրս ելլող ու գոռոզ գեղը կ՛իյնար վերջապէս գարշապարին տակը իրենց մոյկերուն: Այս գիտակցութիւնը կը ճառագայթէր անոնց երեսներէն ու կը զօրացնէր անոնց քայլերը։ Վտանգի տարտամ հեռանկարը, որ արգիլուած սահմանը անցնելէն ետք շողացեր էր անոնց աչքերուն դէմը, կը չքանար հիմա սա ամայի ու գրեթէ մեռած փողոցներուն լքումին մէջ։ Տրամադրելի ուժերով սպան բռնեց եօթներորդ փողոցը, ան՝ որ ուրիշ երկու նեղլիկ գռիհներով ճիւղաւորուելէ ետք Զաքարենց տունը կը տանէր։

 

Գեղացին այսքան ընդարձակ շրջանակով՝ գործողութիւն մը դեռ չէր տեսած, գեղին բուն մարմինին մէջ։ Անիկա բլուրէ բլուր ու ձորէ ձոր շարժումներէն կը հասկնար ու հողին ծփանքը գիտէր շահագործել։ Ու անոր դանակով յարձակողականը, դասական ու անդիմադրելի գրոհը ճամի ներու հրապարակներուն վրայ՝ կը դիւրանար թուրք գիւղերուն դաշտային նկարագիրովը։ «Մէկ կողմէն մտնալ, մէկալէն ելլալ»ը փորձառական անցեալով բացատրութիւն մըն է ու այն օրերուն՝ հասկնալի։

Յարձակողը աջ ու ձախ կը փարտէր իր երկու կանգուննոց դանակը, կը պատռէր մարդերու շղթան ու կը վազէր գիւղէն դուրս, ապաստան փնտռելով բնական ցցունքի մը ետին: Այն ատեն անիկա անմատչելի էր ա՛լ [164] ։ Հո՞ս։ Ու ռէժի ի դէտերը [165] լեղապատառ փախցնող չավուշ կնիկները ու ռէժի ի ջոկատները հովտային յարձակումներու ընթացքին ջարդուփշուր քայքայող այինկաճի էֆէ ները չէին կրնար խելամտիլ գործելու այս կերպին։ Ու տուներուն ներսէն, պատուհաններու ճեղքերէն կը նայէին սպային ետեւէն, որ կ՛առաջանար առանց ձիէն իջնելու:

 

Այսպէս մռայլ, ամրապէս ոտքերովը ասպանդակած իր ձիուն կողերը, սպան անցաւ պզտիկ զառիվերը, ուրկէ վեր փոքր սարահարթ մը գեղին ամէնէն հին ու նեղ մասը կը տանի։ Հնամենի տուներ, մէջ-մէջի, կոշկոռոտ ու բազմանկիւն ցայտուածքներով, բացուածքներով, խիստ, սպառնացայտ, ու թուրքի դէմքին չափ մռայլ՝ պարտաւորեցին հեծեալը իջնել երիվարէն, որ վտանգի հոտ առնող անասունի մը նման յամառեցաւ չքալել [166] ու ետ-ետ կ՛ընկրկէր, սպառնալով վրայէն նետել ձիաւորը։ Միւսները օրինակեցին պետին շարժումը։ Այն ատեն սպային անմիջապէս մօտիկը տեսան ծեր ոստիկան մը, գեղին շատ ծանօթ ու բարեկամներ ալ համրող։ Անոնք կը խօսէին կամաց բառերով։

 

Խումբը կանգ առաւ Զաքարենց տունէն քիչ հեռու։ Ու ցրուեցաւ ակնթարթի մէջ։ Ծերուկ ոստիկանը գոհունակ ու զուսպ՝ ոլորեց պեխերը, սպային յառելով իր հին եւ ուռեցւորած աչքերը։ Յայտնի էր, թէ պաշարումը կը քալէր անոր պատրաստած ծրագրին վրայէն: Զինուորներէն մաս մը, տունին արեւելքը, առանձին գմբէթուող փուռի մը ետեւ դիրք բռնեց։ Այդ զգուշութիւնը կ՛արգիլէր պատուհանէն ցատկում մը, խուսելու համար զուգահեռ փողոցին մէջ։ Ուրիշ մաս մը, շատ աւելի ստուարաթիւ, շրջառիկ աղեղով մը, զոյգ-զոյգ, գնաց տեղաւորուելու ցանկապատին դուրսի եզերքները, որով կը զատուէին տունին փոքր պարտէզը եւ թթաստաններու համբաւաւոր դար[ա]տափը, գեղին ամէնէն խիտ ծառաստաններէն մէկը, ուր հասնող մը մինակը կրնար դէմ դնել յիսուն հոգիի։ Ան կը յանգի գերեզմանի բլուրին, անկէ ալ մեծ անտառին։ Ոստիկանները փորձառութեամբ կը ճանչնա[յի]ն [167] դիրքին կարեւորութիւնը։ Քանի անգամ անոնց ձեռքէն կալանաւորը փախած ու այդ թաւուտներէն ազատած է իրենց հետապնդումէն։

 

Տանը կռնակէն, այսպէս ամրացած, սպան կը կտրէր Զաքարին նահանջի ամէնէն բնական գիծը. նոյն ատեն տունը կ՛առնէր իր կրակին անվրէպ ճնշումին տակ, քսանէ աւելի հրափողերու ապահով համազարկովը։ Տունը ազատ էր հարաւէն, վասնզի տանիքները իրար կը շարունակեն ու ցածնալով կը յանգին մայր պողոտային։ Այս կարգադրութիւններէն ետք, ինչ որ կը մնար տրամադրելի ուժ, խուժեց դէպի դուռը: Այս ամէնը կատարուեցաւ այնքան բնական, այնքան անվարան, որ տուներէն հետեւողները կասկածեցան վրան-բաց [168] դաւադրութեան մը վրայ։ Ծերունի մը չկրցաւ զսպել իր բարձրաձայն հայհոյանքը ծերուկ Ալիին, հայախօս ու ընտանի գեղին, որ աղբօր պէս ապրեր էր Զաքարին հետ ու քանի՜-քանի՜ անգամ նստած անոր սեղանին։ Ուրիշ մը, կոյր կնիկ, իր ճարտար ու անուանի տրամաբանութիւնը կը գործածէր, եռանդուն ու հաւատաւոր, բարձրաձայն, համոզելու համար սագերու երամակը [169]  Հայրապենց մատին վրայ: Այդ ընտանիքէն ի՞նչ չէին կրնար չսպասել։

 

-- Աստուծոյ խշումին գան, - կ՛անիծէր ու կը հայհոյէր։

 

Դէպքերը ցոյց տուին, թէ անիրաւ էր կոյր պառաւին ենթադրութիւնը:

 

Սպան նախքան աղխը ափ առնելը, մօտի բոլոր տուներուն առջեւ ծունկի նստեցուց զոյգ-զոյգ ոստիկան, նշանի կեցուածքով։ Խիստ ու բացարձակ՝ պատուէր տուաւ անոնց կրակել անպատճառ ու անմիջապէս՝ ամէն դուռի ու պատուհանի, որ պիտի բացուէր: Ու հատ–հատ, բարձր-բարձր անիկա մունետիկի մը նման երկրորդեց իր հրամանը, որպէսզի «չլսող մէկը չմնայ»։ Անփորձ երիտասարդը կը կարմրէր իր ձայնին ճիգէն: Բայց իր ատելութիւնը կը լուսաւորէր ու կը գեղեցկացնէր զինքը։ Ամէն կողմէ ինքզինքը ապահով զգալէ ետք, հրճուանքով ու կատաղի, ափ առաւ դուռին աղխը ու վահանի մը պէս գոգաւոր պղնձէ տախտակին վրայ երեք անգամ, տիրաբար, հնչեցուց թուճէ հսկայ ուռնակը։ Լուռ թաղին մէջ հաւերը ամէնէն առաջ արձագանգ տուին հսկայ կարկաչիւնով մը։ Ոչ մէկ մարդկային ձայն՝ դիմաւորելու համար այդ ամբարտաւան ու մետաղ հրաւէրը։

 

Զաքարը տունն էր առտուն, առջի գիշերը դարձած իր արշաւանքէն։ Ամսուան մօտ տեւեր էր անոր բացակայութիւնը։ Ու նմանը չտեսնուած գործեր կը պատմուէին անոր ըրածներուն մէջ։ Ինչպէ՞ս գիտէին թուրքերը այդ ամէնը։ Կը մտմտար թաղեցին ու կը վախնար անոր արեւուն։

 

-- Հէյ վա՜խ, մեղք եղաւ տղուն, - փսփսաց երկու տուն վար, դրացի Տէլի–Հաճին, որ, կուրացած, անդամալոյծ, օճախին անկիւնէն իր ականջովը հետեւեր էր պաշարման մանրամասնութիւններուն: Տարիներով դանակ փարտած, պաշարած ու պաշարուած՝ ան հասկցաւ իմաստը սպային կարգադրութիւններուն։ Ու Զաքարէն առաջ խորհեցաւ տանիքներու շահագործումին։ Ուրախ էր թուրքին կարճմտութեանը վրայ։

 

-- Մէկ տախտակնին պակաս է, - մտմտաց լսելի ձայնով։ Մտքէն անցուց պոռալ, յիշեցնելու համար Զաքարին «կղմինտրներուն ճամբան», բայց անդրադարձաւ կեավուր Ալիին ներկայութեանը։ Ատկէ զատ գաղտնիք չէր, որ Վանի կողմերէն հայերէն հասկցող քիւրտեր մտած էին ոստիկաններու կազմին մէջ։ Ու մէկէն արթնցաւ իր մէջ վստահութիւնը անուանի երիտասարդին վրայ։

 

-- Տղայ չէ եա, - կրկին մտմտաց ու Աստուծոյ զօրութեանը յանձնեց անոր բախտը։ Նշանաւոր ոճրագործը, որուն շահատակութիւնները վար չէին մնար Հայրապենց գայթակղութիւններէն, տասը տարիէ ի վեր ապաշխարանք կ՛ընէր, իր օճախին անկիւնէն չզատուելով ու մեծ չիպուխին ծուխը անդուլ խունկի մը պէս կ՚առաքէր սատանաներուն աչքի տունին։

 

Զաքարենց տունը փողոցին ներսօքն էր քիչ մը, զատուելով անկէ մեծ բակով մը, որուն ճակատին առանձին իր կազմածովը, առանձին իր տանիքովը կը կեցնէր սայվան ը, որ գաւիթը կը հովանաւորէ ու կ՚երկարի երբեմն մայր շէնքին մինչեւ մարմինը։ Հսկայական, հինաւուրց, տխուր էր դուռը, անոնցմէ, որոնք ա՛լ քիչնալու վրայ էին ու կը պատմէին գեղին աստիճանական աղքատացումը։ Ուղտեր ներս առնելու համար այդպէս խոշոր կառուցուած՝ անոնք կը մնային տակաւին հոս ու հոն, ցանցառ ու լքուն, իբր վերջին յիշատակարանը ատենին մեծահարուստ ու ընչեղ տուներու։

 

Դուռին առջեւ սպասող մը չէր կրնար բան տեսնել ներսի կարգադրութիւններէն։ Մինչ գիւղացիի զգուշաւորութիւն մը տանը բարձրերէն պզտիկ ծակ մը, կովի աչքի մը պէս, զետեղեր էր պատերուն խորը ու դռնառաջքը կը պահէր ներսիններուն նայուածքին տակ։ Հոն յայտնուեցաւ ու ջնջուեցաւ իսկոյն կնոջ մը գլուխը։

 

Սպան, նեղուած լռութենէն, երկրորդեց իր զարկերը, աւելի ուժգին ու ջղայնոտ։

 

Ներսէն կնիկի ձայն մը՝

 

-- Ո՞վ է։

 

-- Բա՛ց, - պատասխանեց թուրքը, զուսպ ու յստակ, իշխողի այն շեշտով, զոր մինչեւ կատղեցնող արհամարհանքը հասցնել թուրքերը միայն այնքան լաւ գիտեն։ Նոյն վայրկեանին իսկ քովնտի տուներէն ու բակերուն խորերէն կիներու նշանացի աղմկոտ խօսքերը հասան Զաքարին, որ փոքրադիր լուսամուտէն դուրսը կը զննէր։

 

Կռիւի մարդ, առաջին իսկ ակնարկով հասկցաւ շղթային իմաստն ու պարունակը: Փողոցը մինչեւ մայր պողոտան բռնուած էր անկասկած ոստիկաններէն։ Նետուեցաւ ետ, տան յետսակողմեան դիրքերուն քննութեան: Անոնք ալ բռնուած էին: Փուռին տակօքը ան նշմարեց կրկին ոստիկաններուն կարմիր ֆէսերը։ Ու շուարեցաւ: Այն ատեն կռիւի մէջ եռանդուններուն, բայց անփորձներուն յաճախ այցելող մտածումը եկաւ ու անցաւ իր ուղեղէն, բանալ դուռը ու հրացանը պարպելէն խուժել դուրս։ Տղոց մէջ ներելի այս խենթութիւնը դառն քմծիծաղ բերաւ իրեն, այդ բացառիկ վայրկեաններուն։

 

Անդրադարձաւ անոր անկարելիութեան։ Միս–մինակը, լուս աչքով, դիրքով շրջապատուած ու կրակելու պատրաստ մարդոց վրայ խոյանալու այս մտածումը ծիծաղելի վախկոտութիւն մըն էր, անձնատուր ըլլալու ուռուցիկ ձեւ մը։ Յետոյ, այս մտածումն ալ կրկին քաշուեցաւ իր երեսներէն ու աչքերէն, որոնք գրաւուեցան վախի մօտ բանով մը։ Այս վարանքը փոխանցուեցաւ իր միւս անդամներուն, որոնք ջղաձգական ու անգիտակից պրկումներով կը թօթուըւէին։ Յետոյ, այս ցնցումները աւելցան իր տկարութեան զգացումին։

 

Քոյրը ծունկերուն ինկաւ ու պաղատագին հրաւիրենց զինքը անձնատուր ըլլալու:

 

-- Ի՞նչ ես ըրած։ Սատկեցուցածիդ ո՞տքը կ՛երերայ, - աւելցուց անիկա անմեղ վստահութեամբ մը, զոր իր համոզումը կու տար իր նախադասութեան։ Եղբայրը մատ չունէր Հաճիին սպանութեան մէջ։

 

Քրոջը այս թելադրութիւնը ունեցաւ ճիշդ հակառակ ազդեցութիւն։ Ան գտաւ ինքզինքը, կնիկի այդ ձայնէն ամչնալով, ու տէրն էր իր արիւնին։ Ու խորհեցաւ ուրիշ ուղղութեամբ: Ան լաւ գիտէր, թէ թուրքին ծեծէն ազատողը, ամէնէն բախտաւոր պարագային իսկ, որ նոյնը չէր հոս, թուրքին բանտէն յետոյ կ՛ենթարկուէր գեղին քամահրանքին ու կանուխ թէ ուշ կը մղուէր չափուելու նորելուկ տղոց հետ, որոնք այնքան անհամբեր են կազմուած անուններ տապալելու փառասիրութեան մէջ։ Օրուան մը բանտը բաւ էր իր համբաւին հետախաղաղ կորուստին։ Ու մէկէն կեցաւ հետեւելէ այս միտքերուն։ Քովնտի պատուհանէ մը տանիքը կը թելադրուէր իրեն։ Փրկութեան լաստն էր ատիկա։ Ինչո՞ւ չէր խորհած: Իր վարանքը ջնջուեցաւ բոլորովին։ Շատ պայծառ յօրինուածքի մը մէջ մտքին ներկայացաւ նման կռիւ մը, երբ պզտիկ էր ինք ու պաշարողը տանիքներու ճամբով փախած էր ռէժի ի ուժերուն օղակէն։ Շղթային տկար կէտը գտած էր։ Այս գիտակցումը իրեն դարձուց իր արիութիւնն ու գեղեցկութիւնը։ Էրիկ մարդու կարծր, բայց աղուոր շարժումով մը մէկդի ըրաւ ծունկերէն քոյրը։ Յետոյ, երկվայրկեանի արագութեամբ գծեց կատարուելիք գործողութեանց գնացքը։ Ու ամրացաւ, խաղաղեցաւ անոր դէմքը։ Այդ պահուն անոր երեսին նայող մը պիտի հասկնար, թէ մարդիկ ինչպէս զինուոր, ոճրագործ, զօրապետ կը ծնին:

 

Սպան երրորդեց զարկը, այս անգամ երկարուն, լիրբ ու թուրք շեշտովը գերագրգռուած մարդու: Ձայնը կը խեղդէր իր մէջ զինուորներուն մրմռուքը: Կին մը պոռաց ու ախոռի կենդանիներ ձայնակցեցան իրարու, պղինձ զարկին յաջորդող դաժան լռութեան մէջ։

 

Զաքար բացած էր արդէն գաղտնի պահարանը։ Շատ արագ իր հաստ մէջքին մէջ մխրճեց չորս ատրճանակ, չորսն ալ լեցուն։ Նոյնքան ափ ալ փամփուշտ։ Յետոյ, լուսամուտէն հանելով ատրճանակին փողը՝ իրարու ետեւէ արձակեց վեց հարուած։ Խոշոր աղմուկը այս նախնական զէնքին [170] խաղաղ գիւղին վրայ գոռաց այլանդակ ու տօնական այն խուճապը [171], որ մեր ցեղինը եղաւ ով գիտէ քանի դար։ Զաքարին հարուածներուն պատասխանեցին հարիւրաւոր ուրիշներ։ Զինուորներուն համազարկն էր, չոր, պզտիկ, բայց իր տեւողութեամբը, բռնուածքովը տիրական, անընդհատ ու երկիւղալի ըլլալէ աւելի նեղող։

 

Ընդհարումը սկսած էր։ Թուրքերը պատրաստուած էին։ Զինուորները փակցուցին իրենց մարմինները դուռներու սաքուին ու իրենց դիրքերու շրթներուն։ Հարուածները կը մեկնէին ու կը մեկնէին։ Սպան հրաման տուած էր դուռը խորտակելու ու իր ատրճանակովը կը ծեծէր խոշոր գամերը: Անկէ քսան քայլ վար, ձիերը՝ կռիւի հոտ առած, կը ծառանային ու կը ջանային վազել ու նեղ անցքը փողոցին կ՛արգիլէր անոնց շրջանումները։ Ու իրարու մտած, իրենց սուր խրխինջովը կը կոտրտէին խոշոր սալերը ճամբուն, իրենց պայտերը կրակի անձրեւի մը մէջէն [172] ծեծելով ու ծեծելով

 

Մէկ վայրկեանի մէջ պարպուեցաւ եկեղեցին: Առջի տպաւորութիւնը կողոպուտի ընթացիկ դէպք մը պիտի ըլլար, եկեղեցիին վրայ, եթէ Մավոնը լուրը հասցուցած չըլլար Զաքարին բարեկամներուն, որոնք «ժամ կը պահէին»։ Գեղին եկեղեցին իր անհամար ու թանկարժէք զարդերովը, մեծ մասը զուտ ոսկի ու արծաթ, ախորժակը գրգռած էր տասնէ աւելի անգամներ ասպատակ խումբերու, որոնք միշտ ետ կը մղուէին քանի մը վիրաւոր ու մեռել զոհ տալով։ Երկու տարի առաջ, անոնք դիմած էին խորամանկ միջոցի մը ու զինուորի նման համազգեստաւոր՝ պաշտօնական ձեւակերպութիւնով ու մուխթարով թափանցած գեղէն ներս։ Բայց եկեղեցիին վրայ յարձակման իրենց ծրագիրը չէին կրցած գործադրել, արգիլուելով պահակներուն հոտառութենէն։

 

Գեղացին խուժեց դէպի Զաքարենց թաղը: Աճապարող մասը կը կազմէին երիտասարդները, որոնք «պարապ մէջք» չունէին արդէն։ Արգիլուելով ոստիկաններէն, որոնք ձիերուն վրայ, աղմկոտ ու հերոս՝ ետ կը մղէին կիներ[ն] ու մէջ-մարդերը [173], տղաքը շեղեցան ուղիղ փողոցէն ու թափանցեցին քովնտի ծուռումուռ գաւիթները [174] ։ Ու պարտէզէ պարտէզ ցատկելով հասան ընդհարումի մարզը: Անսալով իրենց վարժութիւններուն, անոնք հեռուէն, շատ ընդարձակ կորագիծով մը պաշարեցին պաշարուած թաղերը։ Մարդկային միսի գրեթէ չընդմիջուող այս շղթան, հակառակ իր կրաւորական, չըսելու համար անտարբեր երեւոյթին, զուտ զանգուածի իր ճնշումովը, վճռական ազդեցութիւն ունէր կռիւներու ընթացքին վրայ։ Անոր աւելցած էին պողոտայէն աւլուած կիներն ալ, որոնց ճիչերը, հայհուչն ու անէծքը կը կրկնապատկէին ճնշումին տարողութիւնը։

 

Սովորութիւն էր, որ առաջին հրազէններուն այս ամբոխը ատենի մը համար պահէր ինքզինքը, դիտէր ու չմիջամտէր։ Բայց շատ շուտով կը կորսնցնէր այդ հաւասարակշռութիւնը։ Ու զսպուած անգործութենէն կ՚անցնէր յիմար, տարերային յարձակումին, երբ արիւնը հոսէր ու զգացումը, ծնողքի, զաւկի, ազգականի զգացումը խառնուէր բնածին խռովքին, քաջութեան հետ, որ նոյնն է կիներուն  թէ այրերուն մօտ, վտանգներու կամ կիրքերու ալիքին մէջ։

 

Ու բազմութիւնը կը սեւնար, կը գունաւորուէր, մինչեւ գերեզմանին բլուրը, լեցնելով թթաստաններուն բոլոր բացատները, քայլ-քայլ ցածցնելով իր անհուն աղեղը դէպի Զաքարենց տունը։ Անիկա տակաւին հեռու էր այն անկարող կատաղութենէն, որով պիտի կրծէր իր հոգին, իր աղիքները, [175] տասնհինգ-քսան տարի ետք, երբ հայկական սարսափներէն ետք հոգեպէս նուաճուած գեղացին անխօս ու գլուխը կախ պիտի արձանանար [176] թափթփած ոստիկանի մը անցքին, հանդուրժելով անոր անորակելի կայսրութիւնը գեղին սալերուն վրայ, տուներէն ներս անոր թուքն ու նախատինքը ու պիտի չշարժէր։ Այս պատմութեան օրերուն ան կը կռուէր, կը սիրէր կռուիլ։

 

Զաքարենց պատուհանները արդէն ծակծկուած էին։ Մաուզէր ի գնդակները, առանց ապակիները խորտակելու մաղի պէս կը բանէին՝ զանոնք։ Ու համազարկը կը շարունակուէր քիւերուն, պատերուն, տան բոլոր մասերուն վրայ։ Բայց դուռը կը դիմանար: Սպան պարտք տեսած էր զգուշանալու։ Ներսէն իր ոտքերուն սղմուած խոշոր գնդակ մը վախցուց զինքը:

 

Զաքար, արիւնը հանդարտ ու բոլորովին տէր ինքն իրեն, շարժական պզտիկ սանդուխ դրաւ այն կէտին, ուրկէ տանիքը կը բարձրանան։ Շեղակի սահեցնելով վերցուց զինկապատ տախտակը, որ այդ մուտքը կը պատսպարէ անձրեւներէն։ Տանիքն էր։ Հոնկէ անիկա տեսանելի չէր վարիններուն։ Բայց իր երեւումը ընդունուեցաւ, բացի շղթայէն, [177] միահամուռ բացագանչութիւններով։ Կիներն ու տղաքը կը պոռային ու անոնց ձայնին մէջ յաղթական ա՛յն շեշտը՝ որ կռիւներուն վրայ այնքան վճռական դեր ունի։ Այս իրարանցումը վայրկեան մը գրաւեց զինուորներուն ուշադրութիւնը, որոնք դադրեցուցին համազարկը ու անձնապաշտպանութեան բնազդով մը սկսան նայիլ աջ ու ձախ, վեր ու վար։ Անոնք չէին հասկնար ձեռքի նշանները հեռուն դղրդացող ամբոխին։ Այնքան անգամներ լսուած, խոշորցուած, չափազանցուած պատմութիւնը գեղացի կնիկներու յարձակումին՝ ինքնաբերաբար ներկայացաւ զինուորներու մտքին։ Գեղը համբաւ ունէր։ Զինուորները այդ տարտամ վախին մէջ, կորսնցուցած իրենց շարժումներուն լիութիւնը, կամաց նստեցան կրունկներնուն վրայ, յետոյ, ետ–ետ ք[ա]շուելով ամրացուցին իրենց կռնակները դուռներուն։ Ուրկէ՞ կը վախնային։ Տեսա՞ծ էին տանիքի փախստականը։ Ամէնէն եղկելին ատոնց մէջ սպան էր սակայն, որ տժգոյն, շուարած, կը փարտէր զլուխը զոյգ ուսերուն ուղղութեամբը ու թափանցել կը ջանար ձայներուն ու նշաններուն իմաստին։ Անոնք, որ ցանկապատին տակը դիրք բռնած էին, կը նեղուէին բոլորէն աւելի, վասնզի իրենց կռնակէն ենթարկուած էին բլուրէն վար ալիք–ալիք մօտեցող մարդերուն ճնշումին։ Թիւը թուղթի վրայ անիմաստ՝ կռիւի մէջ կը հագնի իր ամբողջ կշիռը:

 

Տանիքին վրայէն, կատուի մը զգուշութիւններովը, որոնք [178] անիմաստ էին այսքան աղմուկի ընթացքին, Զաքար գտաւ տանիքներուն ողնասիւնի գերանը։ Ձեռքը տարաւ շրթներուն ու միւս ձեռքովը հրամայեց հանդարտութիւն։ Յետոյ, մեծ ճարտարութեամբ, առանց կղմ ինտր մը կոտրելու, յառաջացաւ հակ մակարդակէն դէպի միւս տանիքը։ Ատով անիկա կը բռնէր վար, մեծ պողոտան իջնող գիծը։ Անոր այս որոշումը անըմբռնելի էր շատ շատերուն։ Բայց բոլոր տանիքներէն լուսամուտները անձայն բացուեցան զինքը ներս առնելու համար։ Կը խորհէին պահել զինքը ախոռներու ու մառաններու մէջ։ Հրամայեց անոնց գոցել ծակերը ու կը ցատկէր տանիքէ տանիք, դիւրութեամբ ու առանց վնաս տալու։ Զարմանալի էին այդ ահագին երիտասարդին վրայ՝ սա թեթեւ ոտքը, շարժումի ճկունութիւնը։

 

Համազարկը վերսկսաւ։ Զինուորներու վախը տեղափոխուած էր։ Անոնք վերջապէս կը հասկնային իրենց գլխուն վերեւ կատարուածը։ Անոնք կրակի տակ առին քիւերը։ Նոյն ատեն սպան բան մը ըրած ըլլալու համար, հրամայեց խորտակել դուռը, որ կը շարունակէր դիմադրել ու մեծաղաղակ կը տքար զինուորներուն ծեծին տակ։

 

Քսանէ աւելի տանիքներ կ՚իջնային մարդու հասակի մը չափովը իրարու ետեւէ։ Վերջին պողոտային վրայ կը հատնէր [179] բլուրին կողմէ ամբոխը, որ աչքէ կորսնցնելով երիտասարդը երեւակայեց մութ ու տխուր բաներ։ Մէկը իբր թէ տեսած էր անոր զարնուիլը։ Այդ անստուգութիւնը՝ միացած հրացաններուն անընդհատ սուլումին, աճեցուց ամբոխին յուզումը։ Ձայներ՝

 

-- Ի՛նչ կեցեր էք, կրա՛կ, կրա՛կ, - կը ճուային։

 

Բայց ոչ ոք կը համարձակէր սկսիլ այդ կրակը։ Զգուշութիւն, վախկոտութիւն, կամ բնական անշարժութիւն, ամբոխը դժուար կը խլրտի։ Ատոր համար է, որ զայն վարողները քիչ են։ Գեղին մէջ անիկա միշտ գոհ է, երբ առանց արիւնի փակուին այս ընդհարումները։ Ու այդ կատաղութեան մէջէն շատ բնական ու ունկնդրելի ձեւով մը ծերունի մը փսփսաց, բայց զայն լսեցին բոլորն ալ՝

 

-- Փախողին մարը չէ լացեր:

 

Ու ամբոխը կը քալէր դանդաղ, առանց հրմշտուքի, ծանր ու սպառնագին։ Հիմա անոր մէջ կիները մեծամասնութիւն կը կազմէին։ Կային, որ արդէն սանտալները հանած իրենց ոտքէն՝ կը ճօճէին օդին մէջ։ Ու անոնց ձայնը կը տիրէր ու կ՛աւելնար համազարկէն։

 

Ասդին, վերջընթեր տանիքին լուսամուտէն ներս սահեցաւ Զաքարը։ Աւագենց տունն էր ատիկա։ Բարեկամ ընտանիք մը։ Այրերը եկեղեցին էին ու պաշարումին պատճառով չէին կրցած հասնիլ տուն: Դադէն Մէրը ծունկերը ծեծելով կու լար։ Օտարին տղուն վրայ այս աղապատանքը այդ օրերուն նշմարելի առաքինութիւն մը չէր [180] ։ Ու, մահուընէ փախչող մը պատսպարելու դժուար արուեստը մեր ցեղը գիտէր շատ դարեր առաջ։ Նոր հարս մը, մունջ, հիացումով ու արցունքով կը նայէր անհոգ երիտասարդին, որ ատրճանակները կը շարէր գօտիին փաթին, փամփուշտները հատիկ–հատիկ զննելով։

 

Հրացանաձգութիւնը կը շարունակուէր դուրսը։ Մաուզէր ին այդ ճմռկուած ու շնչատ աղաղակը կատակի երանգ մը կը նետէր բախումին եղերականութեանը վրայ:

 

Դէպի Օննեմենց տունը, որ պողոտան կ՛եզերէր, կանգուննոց բացուածք մը կը զատէր երկու բնակարանները։ Նման անցքեր անձրեւներու ջուրերը բաշխելու համար սովորութիւն դարձած են։ Յետոյ, տուներու այդ մեռած երեսներուն կը զետեղուին լուացարանները [181], որոնց ճակատէն լոյսի ծակ մը երկու տուները յարաբերութեան մէջ կը դնէ։ Անիկա պզտիկ է, մարդոց մուտքը արտօնելու համար, բայց փոխ հաց, աղ, աման, ուտելիք անկէ կ՚առնուին ու կը տրուին։

 

-- Օննեմ, - ձայնեց Զաքարը, գլուխը հազիւ դուրս հանած ծակէն։

 

-- Համմէ, - փսփսաց Օննեմին հայրը, մեծ Օննեմը, որ ա'լ ծերացած՝ [182] տուն կը պահէր ու քիչ-քիչ կնիկ կը դառնար։ Թոռներուն ձայնը բռներ էր բակը։ Կու լային ո՛րը վարէն, ո՛րը սանդուխի զլուխներէն ու կը շուարեցնէին հաւերը, որոնք կը պոռային իրենց բոլոր յիմար հետաքրքրութեամբը։

 

--  Քանի՞ հոգի կայ դուրսը։

 

-- Կեցի կտոր մը։

 

Ծերունին անյայտացաւ։ Զաքարը բերել տուած էր ախոռէն ջորիին չուանը, ամրացուցած սրահի հաստ գերանին։ Կը գուշակուէր այդ պատրաստութիւններէն, թէ երիտասարդը պիտի սահէր դէպի նեղ անցքը։ Անկէ անդի՞ն։

 

-- Դուռին տակ՝ երկու. մէկ ալ՝ աղբիւրին դին։

 

Ու քաշուեցաւ: Չուանը ձեռքին մէջ պաղեցաւ տղուն։ Ան շատ լաւ կը ճանչնար անցքին երկու բերանները, որոնցմէ մէկը կողմնակի փողոցը կը փակէր հաւնոցի մը երկար ու բարձր կազմածովը։ Միւսին՝ կը կուրանար [183] շատոնց բանելէ դադրած խանութ մը, ուր աշխատած էին հանգիստ գործի մը կապել կրակի կտոր Օննեմը, որ ամիս անգամ չէր անցուցած այդ մարդու հաւնոցին մէջ ու դարձած իր արկածներուն։

 

Պէտք էր ամրանալ այդ խանութին մէջ, որուն փեղկը արդէն խարխուլ, մէկ հարուածով կարելի էր գետին նետել ու իյնալ զինուորներուն կռնակին։ Անգամ մը փողոց ելլելէ ետքը պիտի կրակէր անխնայ ու արագ ու զինուորները իրենց փողոցն ի վեր քշելէ ետք, ինք պիտի մխուէր հանդիպակաց փողոցը, որ գեղէն դուրս կը տանէր զինքը։ Փախուստի այս ձեւը, իր փառքի բաժինովը, յաղթանակ մը կ՛ըլլար ու երիտասարդին անունը կը փրկէր։

 

Չուանը երկարեց։ Լրջութեամբ ամրացուց գօտին ու կատուի մը նման փաթթուեցաւ չուանին, երկու ձեռքերովը, զգուշանալով մէջքէն։ Իր ոտքերովը ան կը շահագործէր պատին անհարթութիւնները։ Էջ[ք]ը տեղի ունեցաւ առանց անպատեհութեան։ Երկու շարժումով անջատեց խանութին կռնակ ծառայող դռնակը, ու կը պատրաստուէր ներս մտնելու, երբ անկէ երեւաց հասակը Հայրապենց Հաճի Անդրանիկին, մեռնողին եղբայրը։ Լուրջ, վճռական, զինուած մինչեւ եղունգները։ Իրարու նայեցան, թշնամիի նման։ Բայց անոնց ձեռքերը չունեցան բնազդական ու եղերական շարժումներ։ Ու չէին խօսեր։ Զոյգ տուներէն կիները սարսափով տեսան այս ճակատումը: ու պոռացին, սրտառուչ ու երկարուն.

 

-- Տէ՛ր, դուն դէմ բեր ձեռքդ։

 

Ճգնաժամային այս աղերսը լսեցին երկուքն ալ։ Անկարելի էր Զաքարին համար ըմբռնել [184] անոր ներկայութիւնը ճիշդ այդ կէտին վրայ։ Ի՞նչ գործ ունէր հոս։ Ե՞րբ եկած էր։ Այս հարցումները պղտորեցին իր հանդարտ սիրտը։ Իրեն համար դիւրին էր այդ տարիքը առած մարդը երկուքի ծալել, ու խղդել առանց կոկորդէն ճիչ մը իսկ փախցնելու։ Բայց տպաւորիչ էր Հաճի Անդրանիկին խաղաղ կեցուածքը։ Ու քաղցրութիւն, պատկառանք կար անոր արդէն սիրելի կերպարանքին վրայ: Ալեւորած, բայց առոյգ Հաճին իր երիտասարդութեան լուսապսակը անաղարտ էր պահեր ու մինչեւ այս ժամը ոչ մէկը անոր ծունկը կամ կռնակը գետին էր բերած։ Ան ալ պայմանադրական կռիւը մղեր էր թուրքին դէմ։ Չէրքէզներուն հետ չափուած ու վէրք ստացած։ Բայց պսակին հետ անիկա քաշուեր էր կրկէսէն ու տարին հեղ մը միայն կ՚ելլէր խոզի անդիմադրելի որսորդութեան։ Մէկ անգամ, փեսայութենէն ասդին, տեսած էին զայն տասը տարի առաջ, երբ երեք ընկերներով ջարդուփշուր էր ըրած ասպատակներու նշանաւոր խումբ մը։ Այն ատեն անոր քաջութիւնը մօտիկը դրած էին Հաճի Ստեփանին։

 

-- Հայրապենց արունն է, - վճռեր էր գեղացին ու կը սիրէր այս պատուական մարդը։

 

Անիկա այդ առտուն ժամ չէր գացած ու Օննեմին հետ եկած էր «հիներէն» քանի մը բերան բան պատմել տալու Օննեմին, որ գեղին ամէնէն համով շրթունքները ունէր ու թարմացնող երեւակայութիւն: Կրնար կէս դար առաջուան դէմքերն ու դէպքերը աչքիդ առջեւ բերել հիմա տեսնուածի նման։ Ու երկուքն ալ անակնկալի եկած էին պաշարումէն։ Զաքար չէր գիտեր, թէ ինչպէս Հաճին առաջին իսկ վայրկեանին զրահուած էր տան բոլոր պահեստի զէնքերով։ Թէ՝ ինչպէս սաստած էր Օննեմը, երբ Զաքարին անունը նետեր էր մէջտեղ։ Ու իջեր խանութին մէջ, պատրաստ անկէ խոյանալու դուրս, դէպքերուն ցոյց տալիք ուղղութեանը վրայ։

 

-- Երկուքս չե՞նք օգտեր։

 

Հանդարտ, առանց յաւակնութեան արտասանուած այս բառերուն վարժութիւնը տպաւորեց յուզուած երիտասարդը, մինչեւ աղիքներուն խորը։ Չկրցաւ մէկէն ի մէկ հասկնալ անոնց որոշ իմաստը։ Այնքան դուրս էին ատոնք իր սպասումէն։ Ու այնքան իրական՝ սակայն, իրեն պէս կռիւի ասպետի մը մտքին մէջ։ Չէ՞ որ ինք մինակը ճեղքեր էր այս խումբին չափ ուրիշ շղթայ մը։ Այնպէս որ՝ իր միտքը քիչ առաջ ամրապէս գրաւող պատկերներուն հպատակելով, քան թէ անմիջական իրականութեան՝ պատասխանեց՝

 

-- Անոնց հետ չէ՞ք որ։

 

Իրաւ ալ, անոր մտքին մէջ, արեւի պէս յստակ էր այս յարձակումին զսպանակը։ Հայրապենց գերդաստանէն ամէն բան սպասելի էր միշտ։ Ու եթէ քիչ առաջ չէր խղդած զայն, իրենց ճակատ-ճակատի [185] գալուն, ատիկա արդիւնքն էր իր վարժութիւններուն։ Ոչ ոքի վրայ անիկա առաջին անգամ ձեռք չէր վերցուցած։ Ու իր նախադասութիւնը իր լռին համոզումը կ՚արտաբերէր։

 

Հաճին չառնուեցաւ սակայն։ Արդարացուց միտքով, վտանգի այս կէտին, տղուն կասկածը։ Ու կուլ տալով ամբաստանութեան դառնութիւնը --քսան տարի կար, որ Հաճին թուրքի մը բարեւ ինչ  չէր տուած, -- աւելցուց, ազնիւ, քաղցր, առնական՝

 

-- Հըմա թուրքին դէմ։ Մեր հաշի՛ւը՝ ետքէն։

 

Ձայն, շեշտ, նայուածք, շարժում, ամէն բան այնքան դաշն էր անոր արտայայտութեան մէջ, այնքան սրտազեղ եւ արու, որ երիտասարդը նուաճուեցաւ։ Իր արիւնոտ ասպարէզին մէջ անիկա հեռու էր մնացած գութէն, խանդաղատանքէն ու չէր լացած ամէնէն սրտաճմլիկ փողոտումներուն դիմաց։ Բայց նման ամէն գեղացիի, անոր հոգին ալ ունէր նախնականութիւն մը պարզ, անվերածելի ու շատ մօտիկը անոր դէմքին, որ երկաթին տակն իսկ միամիտ ու բարի կ՛ըլլայ։ Ան զգաց, որ աչքերը կը թրջէին։ Ծածկելու համար այս արցունքը, ամչնալով մանկական այս փղձկումէն, [186] ան ծռեցաւ ու պագաւ արու եւ մաքուր ձեռքը Հաճիին։ Տեսարանը իր սրտառուչ գեղեցկութեամբ դպաւ կիներուն ալ հոգիին, որոնք հեկեկանքով կու լային։

 

-- Հաճի Գրիգորը ո՞ւր է։ 

 

-- Մէկալ տունը:

 

Զաքար մտածեց շատ արագ։ Անիկա կը փոխէր իր ծրագիրը. [187] փոխանակ փախչելու, զինուորները քշել, անոնց կռնակէն հարուածելով։ Յանդուգն ու փափուկ այս գործողութիւնը, պարզ իր ներկայացուցած վտանգին համար, փայփայեց անոր փառասիրութիւնը: Յետոյ, վարանքը անցաւ իր դէմքէն։ Նայեցաւ Հաճիին ու չէր համարձակեր անոր հաղորդել մտածումը։ Ու տրտում էր ու կոտրուած։

 

-- Մի՛ վախնար։ Կը փաթթենք առանձին։ 

 

Իր սիրական մտածումը այսպէս, ուրիշի մը կողմէ իրեն ներկայանալով, դարձաւ աւելի հրապուրիշ ու անդիմադրելի։ Զաքարը խանդավառ՝ հրաման հաղորդելու մէկը փնտռելով գլուխը վերցուց.

 

--  Ըսէք Հաճի Գրիգորին, Ավոյենց տունէն կրակ բանայ։

 

Կին մը, որուն ուղղուած Էին սա բառերը, անյայտացաւ։ Անոր տեղը գրաւեց Մավոնը, բոլորովին թարմ պատանի, որ «թռչունի թեւերով» ետ էր դարձեր ժամէն, թափանցած ոստիկաններուն շղթան ու յուզումէն դողդղալով կը շշնջէր, պաղատագին՝

 

-- Կրակե՞մ, աղբօր։

 

-- Չէ, հո'ս, վար նետուէ, - հրամայեց անոր Զաքարը:

 

Նորեկը կապիկի մը չափ ճարպիկ, ոտքով ու ձեռքով, ծնօտով ու կուրծքով սողոսկեցաւ պատն ի վար, առանց չուանի։ Ամուր, աղուոր պատանի՝ անիկա պատկերին կ՚աւելցնէր քաղցր իմաստ մը խորհրդանշանը մեր անցած դարերուն։ Բոլոր տարիները իրարու կու գային։ Անոնք երկու վայրկեան ալ սպասեցին, մինչեւ որ Հաճի Գրիգորը, Հայրապենց կրտսեր տղան կրակը բանայ:

 

Ու կրակը սկսաւ, խոշոր, որոտագին կրակ մը, զոր կը թափէին փողերը հսկայական գարատաղ ատրճանակներուն։ Թնդանօթի պէս գոռացող այս կրակը, բազմապատկուած ու մարդկային ջերմութիւն ստացած խիտ տուներուն, բացերը սպասողներուն ապերասան աղաղակովը, իր ալիքին տակ շուտով խղդեց ու չէզոքացուց մաուզէր ներուն նիհար զարկերը։ Կարծես թէ զինուորները դադրեցան կենալէ ու արձակելէ։

 

Այն ատեն Զաքար ոտքի հարուածով մը խորտակեց խանութին փեղկը ու վեց-վեց հարուած արձակելով երկու ձեռքերէն՝ նետուեցաւ փողոց։ Իր հրազէններուն աղմուկին չափ ահարկու էր իր ոռնոցը, որ լեցուց ամբողջ պողոտան։ Մուխը արդէն կը ծածկէր անոր գլուխը եւ կուրծքը։Անոր կը հետեւէին, միշտ կրակելով՝ Հաճի Անդրանիկը, որ հակառակ իր տարիքն առած ոտքերուն ու մեծկակ փորին, կը հեւար ետ չմնալու համար. Մավոնը, որ կը պարզէր իր զէնքը, կարծես թէ հանդէսի կամ հարսնառի մը պահն ըլլար, խաղալով, կատակելով, պարելով։ Անիկա իր ահագին ատրճանակը գլխուն վրայէն դարձնելով ու դարձնելով, պոռալու համար կոկորդն ու կուրծքը պատռտելով կը վազէր առաջ, անցնելով նոյնիսկ Զաքարը, որ իր մոլուցքին մէջ իր ձայնն ալ կ՚անցընէր հրազէնին խողովակէն։ Փողոցը աւլուած էր։

 

Մուտքերուն սպասող ոստիկանները շուտով միացան Զաքարենց թաղին մէջ ու կրակելով իրենց կարգին ետ ու առաջ, սկսան բարձրանալ դէպի իրենց սպան: Նահանջի այս յաջողակ շարժումը կանխահոգ ծրագրի մը գործադրութիւնն էր։ Հրահանգուած զինուորները կը քալէին համախումբ ու ըստ կարգի կը կրակէին։ Բայց անոնց մաուզէր ները վար էին վայրկեանին խուճապէն։

 

Մուխը կը թանձրանար ու կ՛անջատէր երկու խումբերը։ Նոյն վայրկեանին խեղճուկ թաղին վրայ բացուեցաւ դուռը Քիւփճոնց Նարեկին, որուն շէշխանէ ն [188] որոտաց, ամպէ մը աւելի զօրեղ ու դղրդեց նեղ տուները։ Այդ զէնքին համբաւը իջած էր բոլոր թուրք գեղերէն։ Ու ամեհի էր ու պատկառելի այդ «տարին հեղ մը սիրտ ելող» մարդը, որուն բարկութիւնը [189] իր կնիկէն զատ ոչ ոքի կը հանդուրժէր։ Հիմա հանդարտ կը պոռար անիկա, որչափ որ հրազէններու ընդմիջումը արտօնէր հասկնալ իր հոյակապ հայհոյութիւնները։ Անոր քովէն, աւելի սլացիկ, գեղադէմ ու մատաղատի Ստեփանը, վերինին եղբօրորդին, որ նոր կը մտնէր քաջերու կրկէսը ու թարթիչ անգամ չէր շարժեր վերէն անցնող գնդակներուն սուլոցէն։ Ու նոյն ընտանիքէն ուրիշ մը, աս ալ Ստեփան, սովորաբար «Բերան» տիտղոսուած, որ մարթին ը պարպելով կը զռար, աւելի զօրաւոր, քան եօթ գոմշու ձայնը։ Անոր կոկորդը գեղին ամէնէն հուժկու աղաղակը կու տար, որմէ կ՛ահաբեկէին գիշերները գեղին շուրջ ժուռ եկող ասպատակները։ Բոլոր կրկէս ելլողները իրենց զէնքերուն տարողութիւնը կը բազմապատկէին [190] իրենց կոկորդներուն այդ անդիմադրելի, ստենտորեան դանդիռովը։ Ու կը պոռար, կը փրփրէր Նարեկը, շէշխանէ ն լեցնելու զբաղած՝

 

-- Կրակ, կրակ, կրակ։

 

Զինուորները ահաբեկ, առանց պարպելու, մաուզէր նին վար, կը վազէին հիմա գրեթէ, իրենց սպային մօտ։ Կռիւը փոխեր էր իր նկարագիրը։ Հակառակ խուճապային այս աղմուկին, երկու կողմէն ալ կրակողները կը զգուշանային, զգուշացած էին «միսի նետելէ»։ Զինուորներուն նահանջն ու համախմբումը, սպային ներկայութիւնը, վերէն ամբոխին ճնշումը համատարած աղէտի մը կը հրէին այս մարդերը։ Մինչեւ այդ կէտը դեռ արիւն չէր հոսած։ Ու Զաքարը ինքն ալ յստակ չէր տեսներ ելքը այս անելին։ Անգամ մը որ արիւնը վազէր, կռիւը կը դառնար կատարեալ սպանդ, երկու կողմին համար ալ: Ու ահա մէկը պոռաց՝

 

-- Պանապա'գը:

 

Զաքարին ախոյեան եւ ուխտուած հակառակորդը, գեղին ամէնէն նշանաւոր երկրորդ երիտասարդը կը խառնուէր գրոհին: Լուրջ, պարզ, մռայլ, իր փոքր մաուզէր ին հետ անիկա կը բերէր անգթութիւնը, անվրէպ նշանառութիւնը։ Զգուշաւոր, կատարեալ իր հարուածները երկու ոստիկանի գլուխէն թռցուցին իրենց ֆէսերը։

 

-- Միսի մի՜ նետէք, մի՛ նետէք, - կ՛աղաչէին ոստիկանները։

 

-- Միսի մի նետէք, մի՛ նետէք, - կը պոռար Պանապագը, որուն մակդիրը պատմութիւն ունէր, բայց որուն համբաւը անողոք կեավուրի մը փոքրութենէն ելած էր շատոնց։ Քանի՜-քանի՜ ոստիկաններու զէնքը խորտակեր էր իր կրակովը, ձեռքերնին մէջ երկու կտոր ընելով անոնց զէնքերը, երբ կը պաշարէին զինքը նեղ կիրճերու մէջ:

 

-- Աստուած օրը պահէ, հազար ընէ, - կը փսփսային պատուհաններէն կիները ու կը գորովէին սրտանց զէնքի մարդոց այս եղբայրութեանը վրայ։ Ու գեղին բոլոր անկիւններէն, բարեկամ ու թշնամի, բոլոր անոնք, որ զէնք մը ու պզտիկ անուն մը ունէին, եկած էին կռիւին բերելու իրենց բաժինը։ Ոստիկանները կ՛աղաչէին, գրեթէ լալով.

 

-- Միսի մի՛ նետէք։

 

Միսի նետելու կամ չնետելու այս բացատրութիւնը այդ օրերուն հոգեբանութիւնը բաւ է լուսաւորելու: Արիւն թափելը աւելորդ է հոն՝ ուր անձնական քաջութիւնը, բազուկն ու սիրտը կը բաւեն։ Արիւն թափելը կ՚արգիլուի ամէն հրապարակային յարձակումի մէջ, երբ կռուողները կը պատկանին նոյն ժողովուրդին։ Արիւն թափելը դարձեալ դժուար է, երբ հայն ու թուրքը դէմ դէմի կու գան կնիկներու նայուածքին տակ։ Դեռ երկու ժողովուրդները իրարմէ զատող ատելութիւնը մահուան ստուգութեան մը չէր վերածուած։

 

Ոստիկանները կ՚ընկրկէին, դէմքերնին ամբոխին ու կը քալէին դէպի վեր։ Սպան, կորսնցուցած ինքզինքը, ատրճանակը ձեռքին մէջ դողացնելով, կռնակը տուած էր, հաստ պատի մը տակ, մարդակներու կազմած մէկ անկիւնին ու կը վախնար իրեններուն կեանքէն աւելի իր կեանքին վրայ։ Ոչ ոք դեռ չէր արձակած չարագուշակ աղաղակը՝

 

-- Վառեցա՜յ, - որ կռիւը կը վերածէր նախճիրի կամ խաղաղութեան:

 

Ու բացուեցան բոլոր դուռները: Ու բացուեցան բոլոր պատուհանները։ Ծերն ու անպեխ տղան, երիտասարդն ու լուրջ մարդը առնուած էին հոսանքէն։ Ու ահա միւսները, որոնք կրակէ զէնք մը չունենալնուն, կը մտնէին կրկէս, որը կացնով մը, որը շամփուրով կամ բահով։ Բրիչները, հացի սղոցները, նոյնիսկ տաշտ քերելու սահմանուած ակիշները [191] ու մեծ մահակները ամբոխին կու տային հին դարերու կերպարանք մը։ Ու այս ալիքը կը ստուարանար, մանաւանդ իր վերջէն, ուր կու գային աւելնալու բոլոր ուշացածները։ Յետոյ, յուզումը բիւրապատկեց անոր տարողութիւնը: Անոնք, որ զէնք ունէին, կ՛արձակէին զայն անպատճառ, վասնզի անկարելի էր խելօք կենալը։ Ու վառօդին հոտը տեսակ մը խելագար ցնորում կը պատճառէր անոնց։ Իրենք զիրենք հերոս, յաղթական կը համարէին եւ իւրաքանչիւրը ինքզինքը կը վերացնէր [192] քաղցր ու հպարտ զգացումին -- թուրքը փախցնելու հազուադէպ, բայց այնքան հաճոյացնող գիտակցութեան։ Արդէն ամբոխը հասած էր ոստիկաններուն, ետին ձգելով կրակը վարողները, որոնք Զաքարին շուրջը հաւաքած զինուորներուն կրակ չընելուն վրայ, դադրեցուցեր էին զինարձակութիւնը։

 

Թուրքերը կը պոռային՝

 

-- Միսի մի՜ նետէք։

 

Մուխթարը, աւագերէցը, Մաթոս վարժապետը, որոնք ի պաշտօնէ ուշ մնացած էին, մեծ ճիգով յաջողեցան ճեղքել ամբոխը: Անոնց ետեւէն, անոնց պոչը ըլլար կարծես, իր կոկորդը կը պատռտէր, ինքզինքը լսելի ընելու համար, [193] կարճահասակ ու նիհար Մոլլա Պետրոսը, ան՝ որ գեղին մէջ կուսակալի մը համբաւը, բայց ծիծաղելի վերադիրներ ունէր։ Դատարանի անդամ, հարկահաւաք յանձնաժողովներու պետ, ծեծ կ՛ուտէր կնիկէն, բայց օրէնքը կը հասկնար Մաթոս վարժապետէն աւելի ու կը ջախջախէր զայն ասանկ փորձանքներու ատեն, խմբագրելով փայլուն ու կատարեալ տեղեկագիրներ։

 

_ Միսի մի՜ նետէք...

 

-- Կեցուցէ՛ք կրակը, - մոլլան էր, ոտքով ու ձեռքով կը խօսէր։

 

-- Գնա՛ կնկանդ խօսք հասկցուր, - վրայ տուաւ շատախօսին մէկը ու արձակեց իր ատրճանակը, յոխորտ ու երջանիկ։

 

Մտիկ չըրին Մոլլա Պետրոսը։ Չէին կրնար։ Ու պարապ տեղը, նեղ փողոցէն դէպի տանիքները՝ կրակը կը գոռար, ահարկու, հսկայական ու յիմար: Ու անոր ցնորաբեր թափը մարդկային խաժամուժով կ՛ուժեղանար իր արտադրած սարսափին մէջ, հետզհետէ յարաճուն, որոտագին ու խուլցնող։ Եթէ անիկա նախճիրի չփոխուեցաւ, պատճառը գեղացիներուն աւանդական ցուցարարութիւնը ու Զաքարին իմաստութիւնն էր։ Երիտասարդը իր առաջին գնդակովն իսկ կռիւին խորհուրդը պարզած էր անոնց։ Պարապ արձակուած գնդակը բարի ու թեթեւ գնացք ու սուլում ունի։ Հաճոյք է խաղալ կրակին հետ, վտանգի մը պատրանքովը հովանաւոր: Ու գիտեն ատիկա կռուողներուն չափ «օդ զարնողները»։ Այս վերջիններուն համար նետելը, օդին նետելը ներքին իրականութիւն [194] է, գերագոյն վայելքներէն մէկը։ Ու կը սփոփուին ու կը հանգչին։ Այս պատրանքը օգտակար է անով, որ կը տեղափոխէ սպանութեան ծարաւը, որ խուլ է, աղմուկէն չ՛ախորժիր ու թուրք բան մը ունի իր խորը։

 

Մինչ այդ, բոլոր զինուորները զինաթափ էին արդէն։ Անոնք իրենց սպային մօտ, պատին կռթնցուցած զէնքերը, առանց սարսափի կը խօսէին իրենց մօտիններուն, ու կը խրատէին կեցնել պարպումները։ Ոչ մէկ վիրաւոր, երկու կողմէն ալ։ Ու ասիկա բարեբաստիկ շնորհ մըն էր: Պէտք էր փառք տալ Աստծոյ, որ այսքան աժան կ՛ելլէին այս կնճիռէն: Կորուստի չգոյութիւնը երկու կողմերն ալ տրամադիր ըրաւ անմիջական բանակցութեան։ Սպաննուած էր միայն մէկ ձի։ Բայց ձիուն տեղը ուրիշ մը կապելը օրուան մը հարց է։

 

Մուխթարը խօսեցաւ սպային հետ։

 

Ու հասկցուեցաւ յարձակումին իմաստը։ Կառավարութիւնը, այսինքն՝ կեդրոնը կ՚ուզէր Զաքարը, ինչպէս կ՚ուզէր, ուզած էր ուրիշներ։ Այդքան։

 

Խօսք չտալու համար Մաթոս վարժապետին ու ցոյց տալու համար ամբոխին, թէ ո՞վ է ինք, կտրեց մուխթարին խօսքը Մոլլա Պետրոսը, թթուած ու լուրջ, այն հովով ու սալթանաթ ով, զոր թուրք պաշտօնատունները կը հագուեցնեն իրենց ծառայողներուն, [եւ] [195] հարցուց սպային։

 

-- Ինչո՞ւ չիմացուցիք մուխթարին։

 

Սպան յանցաւոր էր։ Մոլլա Պետրոսն էր, որ զգաց ասիկա, երբ տեսաւ զինուորականին շփոթութիւնը ու թոթով պատասխանի փորձը։ Անիկա ոտնակոխ ըրած էր օրէնքը ու ահարկու փողոտումի մը միակ ու վճռական պատասխանատուն կը մնար օրէնքին առջեւ։ Նկուն ու դեռ դողահար՝ անիկա գլուխը ոլորելով [196] կմկմաց.

 

-- Բան մըն էր եղաւ։

 

Աւելի հանդիսաւոր ու փոքր աչքերուն մեծ նայուածքը հպարտութեամբ պտտցնելով ամբոխին ու անոր ղեկավար տղոցը վրայ, մոլլան դարձաւ զինուորականին ու նոյն լրջութեամբ, բայց դժգոհ ու յանդիմանական ըրած իր նոյն նայուածքը՝ աւելցուց.

 

-- Փառք տուէք, որ արիւն չէ թափած։

 

Ու իր կարճ հասակէն՝ երկար իր նայուածքը չափեց անփորձ զինուորականը, որ ինքնագլուխ գործած էր ու աժան փառքի մը համար այսքան մեծ վտանգ մը շղթայազերծած գեղին ու պետութեան «քաջ զինուորներուն» վրայ։

 

Զինուորները գոհունակ ու բարի նայուածքով ողջունեցին տրիբունը:

 

Յաղթական ամբոխը քիչ մըն ալ հայհոյեց, սպառնաց, «երեւաց», յետոյ գործին կարգադրութիւնը յանձնեց մեծերուն։ Մուխթարը յաջողեցաւ համոզել ու ցրուել ամբոխը։

 

Ոստիկանները դուրս ելան պաշարուած փողոցէն ու Փլուկ աղբիւրին մօտ, իրենց աւանդական դիրքերուն վրայ անցան սպասումի։ Զաքարը մինակը պիտի երթար կեդրոն։ Երիտասարդը բաժնուեցաւ ամբոխէն ու քաշուեցաւ գեղէն դուրս։

 

Ծերերը սօսիով սրճարանին մէջ նստան ժողովքի։ Հոն սպան գոհացաւ, պաշտօնապէս հաղորդելով կառավարութեան զեկուցագիրը, զոր մոլլան կարդաց ու թարգմանեց, նեղուած ու ջղային շարժումներով։ Գիրը հասարակ գիր մըն էր, նման հազարներու, որ կը հրաւիրէր Զաքարը կեդրոն «կարգ մը գործերու մասին բացատրութիւններ տալու համար»։ Գիրին վրայ յայտնուեցան թեր ու դէմ կարծիքներ։ Սպային հաւաքուած ու վրէժխնդիր արտայայտութիւնը, անոր նայուածքին անդադար տեղ մը պաղիլը, ամբողջ ժողովի ընթացքին անոր վերապահ ընթացքը --բառ մը աւելի չտուաւ պաշտօնական գիրին ընթերցումէն դուրս--  չվրիպեցան ժողովականներուն դիտողութենէն։

 

Ուշագրաւ էր որ ժողովը, որ այնքան հերոսական որոշումներ տուած էր նախորդ շրջաններուն, որ գեղին հաշւոյն ու քաջերուն սիրոյն առասպելական գումարներ ճարած էր առանց նեղուելու, այդ օրը, առաջին անգամ փոքրացաւ քիչ մը։ Ծերերէն ոմանք, բոլորովին հիներ, որոնց ոտքերէն խուսափած էին իրենց փառքերը, ու ձիթենիի մեծ պարտէզները, կիսով չափ ուրախ էին անոր համար, որ վերջապէս կառավարութիւնը իր թաթը կ՚երկնցնէր սա ափ ու ճանկ չգալիք փորձանքներուն։ Անոնք, ա՛լ [197] ծախելով ապրելու դատապարտուած, չէին հանդուրժեր ընդարձակ կաշառքները ու կը դժկամէին իրենց չունեցածէն տալու խապատայ ութեան համար։ Ուրիշներ, նուազ տարեց, շփումի մէջ թուրքերուն հետ, գլուխ կը ճօճէին, կեղծաւոր ու վախկոտ ու գեղին վրայ ամէն օր փորձանք կը մարգարէանային։ Անոնց կարծիքովը,

հին օրերու քաջերը «հուր ու ջուրի պէս» կ՚ապրէին «դրացիներուն» հետ: Ու երդումով կը հաստատէին, թէ ամէն օր «մարդ մորթող» (թուրք կամ հայ) այս գեղին երակներէն ելլալիք արիւն կար։ Ու կողմնակի, սողոսկուն արտայայտութեամբ կը ջանային օրինականացնել կառավարութեան միջամտութիւնը։ Մուխթարը, որ առաջնակարգ որսորդ մըն էր ու յարգուած հարուստ մը, առատաձեռն ու խմցնող, գտաւ միջին բանաձեւը։ Ան իր ձին տրամադրեց զարնուած ձիուն փոխարէն։ Սպան առարկեց, գոյն ու հասակ դրաւ մէջտեղ, բայց չկրցաւ մերժել հատուցումը։ Ու միջադէպը փակուած համարուեցաւ։ Աղուոր գառնուկ մը զոհն էր այս հաշտութեան։

 

Ստոյգը ան էր, որ սպան վճռած էր ամէն գնով խորտակել Զաքարը ու անոր հետ զէնքի մէջ այսքան յաջողակ այս երիտասարդութիւնը, որ ինքզինքը յարգել կու տար Նիկիոյ լիճին ափերէն մինչեւ Իզմիրի [198] տափաստանները։ Ու գեղը հաստատեց ատիկա, շաբաթ մը վերջ, Զատկի օրերուն աւարտումէն առաջ, երբ հարկահանները խուժեցին գեղ, անժամանակ ու անխիղճ, ու բռնացան չունեւոր դասակարգին վրայ։ Ոստիկաններու ընկերակցութեամբ խուզարկեցին տուները, գրաւեցին գառնուկը, իշուկը, նոյնիսկ սաներն ու վերմակները ու տարին ծախելու գեղէն դուրս։ Այդ օրը գեղացին մռլտաց, բայց աղքատին հաշւոյն չշարժեցաւ։

 

 

 

 

 

 


 



[1]           սփոփումով, սրբագրուած՝   ափափումով  ?

[2]           Բայց, սրբագրուած՝ Բաց

[3]           նոյն ու աննման հոգեկանութեամբ  ?

[4]           պայծառ  ?

[5]           յաւելում միացման գծիկի

[6]           շողի, սրբագրուած՝ շաղի

[7]           ձեւազերծ ? ձեւազեղծ ?

[8]           ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[9]           շրթունքիդ ?  շրթունքին ?

[10]         դղեակին  ?

[11]         համով  ?

[12]         գարշութիւնը  ?   գորշութիւնը ?

[13]         կը պակսի, սրբագրուած՝ կը պակսին

[14]         հեռաւոր ?

[15]         խորքին կու տայ  ?

[16]         քմայքէն, սրբագրուած՝ հմայքէն

[17]         նախազգուշացումէն, սրբագրուած՝  նախազգացումէն  ?

[18]         անըմբռնելի  ?

[19]         բանի ?

[20]         կը ծառայէ, սրբագրուած՝ կը ծառայէր

[21]         անխռով, սրբագրուած՝   ունքով  ?

[22]         Ճամբան, սրբագրուած՝ Ճամբուն

[23]         տներու, սրբագրուած՝ դեւերու

[24]         յաւելում բութի

[25]         յաւելում ստորակէտի

[26]         յաւելում ստորակէտի

[27]         յաւելում ստորակէտի

[28]         զրկուած արքայութեան  ?

[29]         էջը ?  էջքը ?

[30]         Պահը, սրբագրուած՝ Պա՞հը

[31]         հակազդեց ?   հակազդեցին ?

[32]         Ատիկա, սրբագրուած՝ Անիկա

[33]         կամքէն ? ժայռէն ?

[34]         կը խօլիքնար  ?

[35]         հոգին ըլլար ?  հոգիները ըլլային   ?

[36]         ներս ընդունուելու համար ?

[37]         հեծին ?  հեծքին ?

[38]         «իսին վրայէն»  ?

[39]         ժանգը ?

[40]         յաւելում ստորակէտի

[41]         ջնջում բառի՝ լայն

[42]         Քալեց, սրբագրուած՝  Քաշեց ?

[43]         Ծնթ. - sic Օշական՝ տղաձգանին (այլապէս՝ տղացկանին)

[44]         ու նայեցաւ  ?

[45]         մարդերու  ?

[46]         չեղաւ անիկա  ?

[47]         գումարներուն ?

[48]         յաւելում ստորակէտի

[49]         ջնջում ստորակէտի

[50]         յաւելում՝ անցումի նոր պարբերութեան

[51]         Նոյի ?

[52]         դողդղաց ?  դողացուց ?

[53]         յաւելում՝ անցումի  նոր պարբերութեան

[54]         ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[55]         ինչ, սրբագրուած՝ ի՜նչ

[56]         Ձգտուած  ?

[57]         ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[58]         նուաղումները, սրբագրուած՝ նուազումները ?

[59]         ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[60]         իր ըսածին ուրիշ արտայայտութեամբ մը  ?

[61]         պատուիրանքը, սրբագրուած՝ պատուիրանքի ?

[62]         ջնջում ստորակէտի

[63]         աքչերը, սրբագրուած՝ աչքերը

[64]         ստորակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[65]         ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[66]         ջնջում բառի՝  ինք

[67]         կը վախնար բամպակէն ?

[68]         կը վազվէին, սրբագրուած՝ կը վազվզէին

[69]         բռնած, սրբագրուած՝ բռնկած

[70]         անքիթ ?  անքթիթ ?

[71]         ու կեդրոն մը  ?

[72]         Նազիկը, սրբագրուած՝ Խաթունը

[73]         ջնջում ստորակէտի

[74]         դռնէ, սրբագրուած՝  գոնէ ?

[75]         Ահաւոր սոխ  ?

[76]         անհատին, սրբագրուած՝ անհասին

[77]         անտառակ ?

[78]         մատին, սրբագրուած՝ մատի

[79]         շփոթելով, սրբագրուած՝ շփոթուելով

[80]         ողջունցան ?

[81]         Այն, սրբագրուած՝ Այս

[82]         ջնջում ստորակէտի

[83]         անլուր  ?  անլսելի  ?

[84]         կը զայրացնէ, սրբագրուած՝  կը զայրագնէ   ?

[85]         Ծնթ. - ա[ղ]աւորել - հիւ[ր]ին երեսը ճերմկցնելու չափ պատրաստութիւն տեսնել։ Փոխաբերաբար՝ մահուան ներկայանալ անհրաժեշտ յարդարանքը լրացուցած։

[86]         կծկուած, սրբագրուած՝ կոծկուած

[87]         կը հանեն, սրբագրուած՝ կը հանէին

[88]         կը մղուէր, սրբագրուած՝ կը մզուէր

[89]         կրունկի ?

[90]         դարձուածքէ, սրբագրուած՝ դարձուածքի

[91]         ջնջում բառի՝ ու

[92]         ճամբու .... մինակ  ?

[93]         ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[94]         ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[95]              կը պտտէին  ?

[96]         պառակտումը ?  պառակտումէն ?

[97]         Ծնթ. - գմբէթ նետել  -  նիւթական իմաստով՝ ուռենալը հացին: Փոխաբերաբար՝ չափէն յորդած ամէն երեւոյթ:

[98]         կուտոզները, սրբագրուած՝ կատոզ ները

[99]         չունէր, սրբագրուած՝ չունէին

[100]       Ծնթ. - տիվիթ՝ կաղամար

[101]       ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[102]       նորագին, սրբագրուած՝ ձորակին  ?

[103]       կռուողներու, սրբագրուած՝ կռւոտներու

             (բառը վերագտնուած-ստուգուած՝ «Մնացորդաց»ի ա. հատորի հեղինակային ձեռագիրին մէջ: )

[104]       Անունները, սրբագրուած՝ Անուններ

[105]       հեղինակները, սրբագրուած՝ հեղինակներ

[106]       անանուն ?

[107] Ծնթ. - թաւը տեղը՝ վիճակը լաւ, ընդունելի

[108]       յաւելում ստորակէտի

[109]       յաւելում ստորակէտի

[110]       ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[111]       բերանը  ?

[112]       պարտէզին, սրբագրուած՝  պատին ?

[113]       յաւելում բութի

[114]       յաւելում ստորակէտի

[115]       արտաբերած, սրբագրուած՝ արտաբերուած

[116]       որոշումին, սրբագրուած՝ ոգորումին

[117]       կատարը, սրբագրուած՝ կապարը ?

[118]       որոշումին, սրբագրուած՝ ոգորումին

[119]       Ու ճշմարիտ  ......   չեղող դէմքերը ?

[120]       Ծնթ. - գզըլգուրտ - ժանտախտ (անէծքի բանաձեւ  մը)։

[121]       հոտած, սրբագրուած՝ հոսած

[122]       ոսկորի, սրբագրուած՝ ոսկիի

[123]       խեղճութիւնը  ?

[124]       գիշերը, սրբագրուած՝ գեղերը

[125]       Ծնթ. -  sic Օշական՝ տղաձգանին (այլապէս՝ տղացկանին)

[126]       ջնջում բառի՝ այն

[127]       ստորակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[128]       կրեր, սրբագրուած՝ ըրեր

[129]       ճամբան ?  ճամբուն ?

[130]       անհատներու, սրբագրուած՝ անհետելու

[131]       յաւելում բութի

[132]       ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[133]       փոխեն, սրբագրուած՝ փսխեն

[134]       ջնջում բառերու՝ Ու առոյգ, հոգեկան նուազումին հետ աստիճանաբար մեծնալով

[135]       յաւելում բութի

[136]       ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[137]       նուաղումին, սրբագրուած՝ նուազումին

[138]       այնքան շատ  ?

[139]       կը սրբագրէ, սրբագրուած՝ կը սրբագրէր

[140]       ջնջում ստորակէտի

[141]       ջնջում բառի՝ ու

[142]       Հաչան, սրբագրուած՝ Հաջան

[143]       պատկերէն, սրբագրուած՝ պատկերին

[144]       յաւելում ստորակէտի

[145]       ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[146]       Ծնթ. - գովք -  մեռելներու վրայ ըսուած երգ

[147]       ամբաւ ?  անբաւ ?

[148]       մարմար, սրբագրուած՝ մարմարը ?

[149]       դեղքացած  ?

[150]       այսպէս, սրբագրուած՝ այնպէս

[151]       յաւելում բութի

[152]       Ծնթ. - շար -  նուրբ մետաքսէ մարմաշ, որով կը կապուի փեսային վիզը։ Այս հանգոյցը կը խորհրդանշէ օղակը ամուսնական կեանքին ու վերջ մը կը դնէ երիտասարդական արձակութեան։

[153]       կռուողները ?  կռւոտները ?

             (վերջին այս բառը վերագտնուած-ստուգուած՝ «Մնացորդաց»ի ա. հատորի ձեռագիրին մէջ: )

[154]       յաւելում ստորակէտի

[155]       յաւելում բութի

[156]       յաւելում բութի

[157]       կտակով, սրբագրուած՝  կտաւով ?

[158]       չէր կախած ?  չէր կոխած ?

[159]       կ՛ընծայէր, սրբագրուած՝ կ՛ընծայէին  ?

[160]       Ծնթ. - Արիստակէս, Լուսաւորիչին տղան: Հայ գեղերը լիճին անունը փոխած էին ու զայն կը յորջորջէին «Ըռըստակէսի լիճ»։ Մինչեւ մօտ ժամանակները ցոյց կը տրուէին այն երանելի ու հաւատատար ծերունիները, որոնք «աչօք բացօք» տեսած էին պատմական հայրապետը եզները առջին, քշելով դէպի ոստանը, լիճին միապաղաղ երեսին վրայէն, ուր անոր ստուերը կրակի, ոսկիի ջուրի պէս կը զատուէր լուծքին գորշ պատկերէն։

[161]       ջնջում ստորակէտի

[162]       ջնջում ստորակէտի

[163]       յուզիչ ?

[164]       ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[165]       տէրերը, սրբագրուած՝ դէտերը

[166]       քալել, սրբագրուած՝ չքալել

[167]       կը ճանչնան, սրբագրուած՝ կը ճանչնային

[168]       յաւելում միացման գծիկի

[169]       համոզելու համար սագերու երամակը   ?

[170]       շէնքին, սրբագրուած՝ զէնքին

[171]       գոռաց ......  խուճապը  ?

[172]       ջնջում ստորակէտի

[173]       կիներու մէջ մարդերը, սրբագրուած՝ կիներն ու մէջ-մարդերը ?

             (Ծնթ. մէջ-մարդերը՝ միջին տարիքի մարդերը)

[174]       գաւիթները ? գռիհները ?

[175]       միջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[176]       արժանանար, սրբագրուած՝ արձանանար

[177]       յաւելում ստորակէտի

[178]       որ, սրբագրուած՝ որոնք

[179]       կը հատնէր ?  կը հասնէր ?

[180]       նշմարելի առաքինութիւն մը չէր ?

[181]       լուացարանները ?  լուացուածները ?

             (վերջին այս բառը վերագտնուած-ստուգուած՝ «Մնացորդաց»ի ա. հատորի ձեռագիրին մէջ: )

[182]       յաւելում բութի

[183]       կը կուրանար ?

[184]       ըմբռնելու, սրբագրուած՝ ըմբռնել

[185]       յաւելում միացման գծիկի

[186]       յաւելում ստորակէտի

[187]       յաւելում միջակէտի

[188]       Ծնթ. շեշխանէ -  լայնափող հրացան, որուն խողովակը կը լեցնէին երկաթի, գամի կտորուա[ն]քներ։

[189]       բարձրութիւնը, սրբագրուած՝ բարկութիւնը  ?

[190]       կը բազմապատկեն, սրբագրուած՝ կը բազմապատկէին

[191]       Ծնթ. ակիշ - եռանկիւն բերանով երկաթի կտոր, որուն կոթը երեսուն սանթիմեթր երկարութիւն ունի:

[192]       կը վերացնէր ?

[193]       յաւելում ստորակէտի

[194]       իրականութիւն ?

[195]       յաւելում բառի ՝ եւ

[196]       ոլորելով ?  օրօրելով ?

[197]       ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[198]       Իզմիրի ? Իզմիտի ?