Ծակ պտուկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՍ 

Ցուզուած, գրեթէ քաղաքական դեպքերով յղի Զատիկը եկաւ։ Տօնական շաբաթը ալեկոծ էր կրկին Հայրապենց Նազիկին մեղքովը։ Առաջին անգամ պաշտօնապէս գեղին աղջիկները երգեցին Զատկին առջի օրը պարի ատեն, տրտում ու ժամանակին մէջ թոռմելէն քաղց րացած երգը Հայրապենց անդրանիկ Հարսին, ոսկի Նազիկին։ Հաճիին մահը անպաշտպան կը թողուր իր կնոջը յիշատակը։ Առատ ու համով արեւ կար կալերուն վրայ, հոն պարող Հարսներուն ու նշանլած աղջիկներուն ալ վրայ: | Վարը, գեղին մէջ Զատիկը մխիթարած էր պառաւները։ Այդ տաղաւարը հոգեհան անձուկով մը կը դիմաւորուի ծերերէն ու պա ռաւներէն ու քիչ մըն ալ բարակով հիւանդներէն։ Կարմիր հաւկիթը ողջունող աչքերը նուազագոյն վեց ամսուան կեանք մը կրնան յուսալ անբա՛ւ ժամանակէն։ Այս ցնծագին տրամադրութիւնը կը գունաւորուի ուրիշ հոսումներով։ Այն տուները, ուր սուգը թարմ է տակաւին, աղմուկը, լացը ու թաղման օրերու բեկորները կը վերադառնան։ Կը կրկնուին հոգեվարքի տեսարանները, ու պատուհաններէն կը յորդի դիւանըերկար, միօրինակ, մարդկային ու ջերմ։ Մեռելները դեռ չեն կորսնցուցած իրենց բաժինը Հասարակաց սե

194

ղանէն ու կ՚ուզեն կեանքին մեծ ու պզտիկ վայելքները։ Բոլոր մայրերը անոնց համար չեն մոռնար հաւկիթ ներկել։ Ու անոնք, մեռելները կը թարմանան, կը նորոգուին, կաղուորնան։ Անոնց արցունքով թրջուած ու սնտուկէն խոնաւցած զգեստները, մանաւանդ երբ երիտասարդ են, կը բերուին տունին մեծերուն ծունկին ու կը «գովուին»։ Զանգակները, երկար ու կրկնուող արարողութիւնները պաշտամունքին, տապկուած ոսկեձուկին բուրումը ու ամէն պատուհանէ յորդառատ արձակուած խունկը այդ օրերուն յատուկ, տեսակ մը ժամով ու գարունով խառնուած դրոշմ մը կը ստեղծեն, որ կը դիմանայ մարդոց այնքան շուտ աւրուող յիշողութեան մէջ

| Կարմիր հաւկիթ՝ հաւկիթի պէս կլորակ տղոց ափերուն։ Կարմիր, կանանչ ու վարդագոյն՝ աղջիկներուն կռնակն ի վար։ Մեծ պահքի կիսօրեայ ժամերուն բարակ–բարակ սկսող ու Զատիկին ծաղկող նոր ու առատ նշաններ, որոնք գեղը իրարու կը շաղախեն կամ ընտանիք մը կը տապալեն: Ու պարտէզին գեղեցիկ ու գոյնզգոյն բանաստեղծութիւնը։ Ու Մեռելուց։ Զատիկը այդ երկուշաբթին է որ կը լրանայ։ Գեղին գերեզմանը այդ օրը կը Հիւրասիրէ իրեն Հարկատու բոլոր տարրերը, ու ասիկա՝ առանց սարսափի։ Բացի անդամալոյծներէն, հոգի կրող ամէն արարած, նոյնիսկ կոյրերը, պար տաւոր է այցի գալ իրեններուն ու ամփոփուիլ։ Ու պարտք է դարձեալ քիչիկ մը աչքը վարժեցնել հեռաւոր, բայց անխուսափելի պատկերին, սեփական գերեզմանի պատկերին։ Ի՛նչ խորունկ է երգը, որ թագաւորները կը Հրաւիրէ «օր մը գոնէ իրկուն ընել» Հողակոյտի մը կուշտին: | Բազմութիւնը, շարժումը, կեանքին հեղեղը այդ երկուշաբթին կը մեղմեն մահուան դաշտին մելամաղձոտութիւնը։ Ու զուարթ է ան տղոց, վաճառողներու աւաչներովը։ Ու հազիւ կը տխրի անց մայրերուն լացովը։ Նոյն ատեն պաշտօնական գովքը, տաղաւարէ տաղաւար, Հողք իջնողներուն վրայ, քահանային օրէնութեամբը պսակաւոր: Ու մենաւոր, ինքնիրեն դաւող լացը այրիներուն, որոնք օղակ մը որով շրջանակուած իրենց ամուսինները կ՚ողբան, սրտառուչ ու միամիտ տարփանքով, իրապաշտութեամբ։ Ու ասոնցմէ շատ վատ րական կարաւանը անմխիթար սգաւորներուն, անոնց՝ որոնց մարած է ալ օճախը, կամ կոտրած «սրտին սիւնը», ինչպէս կը սիրեն ըսել իրենք քաղցր պատկերով մը։ Նազի՞կը։ | Եկաւ անիկա մեռելոցի լացին, Հասուն ու ծանր, ինչպէս նոր Հարս մը, որ ծիծի տղան քնացուցեր ու վազեր է գերեզման: Անիկա, իրենց «թաղը» մտնելէ առաջ, տկարացաւ ու դեղնեցաւ, երբ անցաւ Թումաuիկին գերեզմանէն: Առաջին անգամն էր, որ կը տեսնէր պըզ

195

տիկ ու նիհար տապանը, որ տարօրինակ արագութեամբ մը Հինցած ու հեռաւոր կը թուէր, առանց ծաղիկի ու առանց մարմարի։ Որուն շուրջը կու լային իրենց վարձու լացը մօտ կամ հեռու դրացիներ, ազգականներ, պահ մը մոլորած հոն, ուրիշներու փութացող նաւածքով մը։ Զինքը տեսան քվակենց Տայֆոնը, Հեղնա Հարսը, անակնկալ ու խռովիչ։ Թումասին մայրը շարժում մը ուրուագրեց ծունկովը, կարծես տեղ բանալու համար Նազիկին։ Ու լացը կըղպըւեցաւ անոնց կոկորդի խոռոչին։ Այս դադարց անցաւ միւսներուն ալ, որոնք կը նայէին գեղեցիկ աղջկան ու չէին հասկնար, թէ ինչու: Խօսքի բռնուած անոր մեծ մայրը կը վազէր արդէն դարմանելու սխալը, աղջիկը մինակ թողլուն։ Ու չէր կրնար քալել երիտասարդ աղջիկը։ Ու կապուած էին անոր յօդերը։ Պարպուեցաւ երեսին ամբողջ արիւնը ու հազիւ կը կենար ոտքի։ Այն ատեն անիկա գեղեցիկ էր մահուան գեղեցկութեամբ մը։ Մեծ մայրը Հասաւ իրեն, մխտեց կոշտ ու քալեցուց։ Բայց անոր սիրտը ետ կը նայէր վերսկսող լացին, Թումասին Հողքէն։ Ու անոր մտքին մէջ մարմին կը Հագնէր ազազուն երազը։ Ու անոր ծիծերէն մինչեւ եղունգները թրթռաց դժբախտ զգացումը, որ ցաւի մօտ բան մըն էր, ու կը շփոթուէր մահուան, չտալուն սա մեծ, անՀերքելի քաղցրութեան հետ։ Մեռելներուն մէջ մարդ կը սիրէ մահը։ | Մինչեւ իր Հօրը գերեզմանը, անոր քայլերն ի վար թմրող թու լութիւն մը անոր գնացքին կու տար տեսակ մը պչրանք։ Սեփ-սեւ մետաքսին մէջէն անոր միսերը, մանաւանդ վիզին փորուածքէն, կը ճառագայթէին «նշխարքի խմորին» պէս, ինչպէս պիտի ըսէր Նազի կին մահէն ետք։ Ու այդ գնացքը գինովութիւն, ոճիր, խենթութիւն կը դառնայ, երբ Հարսնուկին օրերուն մէջէն կարմիր գիծեր անցած ըլլան։ Ու մի զարմանաք, երբ գեղին ամէնէն համբաւաւոր ասպատակը անփորձ ու ծիծաղելի տղու մը պէս պահուըտի մորենիներուն խեղճ հասակին մէջ, պառկի չորցած վտակներուն յատակը, վերեւի կամուրջէն լսելու համար զարկը սիրուած ոտքերուն

Գեղին անանուն բանաստեղծներէն մէկը։ Ու թանձր, մարդու կպչող խռովք մը կը ցոլացուէր անոր շարժումներին: Ու անոր մարմինը ունէր այն ծորումներին, որոնք կը դպին մեծին ու պըջտիկին: | Անցաւ Հօրը գլխուն կողմը։ Տեղ տուին իրեն գերդաստանին կիները, արտաքին աղապատանքին մէջ հազիւ պարտակելով նեղ արգահատանքը։ Բարեացակամ, վերապաչ էր անոնց նայուածքը, որ 

196

երբեք ամբողջովին չազատիր սեռին, անզգամ՝ Հեգնութենէն։ Ատոր համար է, որ ներերը չքաչեցին զիրար։ Ու կեսուրները եղան անո ղորմ։ - Նստաւ։ Ճերմակ թաշկինակը բերնի անկիւնին, նայելու ամըչնալով ու յուզուելու վախնալով, անիկա սկսաւ իր արցունքը, որ անոր աչքերուն հեռուներէն կը բաւաքէր իր թրթռուն պղպջակները ու կ՝ոլորէր զանոնք կայլակներու վրայ։ Ու արցունքը կը վայլէր անոր բիբերուն, կը վարանէր թարթիչներուն ոսկի վարմ ին մէջ, յետոյ կը թափանցէր անոնց շղաբար ու կը կենար քիչ մը, իյնալէ առաջ, ամբողջ լոյս, ամբողջ արիւն ու գեղեցկութիւն։ Դիտողին ներմը պատկերը կարթնցնէր անվերադարձ ու տրտմօրէն քաղցր բաներ: Այդպէս ամբողջ երես ու անհուպ անուշութիւն՝ ան կը նմանէր օրինակի համար, օրրանէն նոր հանուած մանուկի մը, զոր չես կրնար չհամբուրել։ Ի՞նչ շքեղութեամբ անիկա կը զատուէր իր շրջապատէն, որ իր կարեկցուն արհամարհանքին մէջ քիչ-քիչ կը վիրաւորէր ու կը նուաճուէր անչամանդաղ այս գեղեցկութեան տեսիլքէն։ Ու այս տպաւորութիւնը կը լայննար, կաւելնար խումբէն, համա կելու համար ուրիշները: աւելի բաց քարերու շուրջը ծալապատիկ ու լացող։ Ու գովքը։ հանդարտ, հանգչած, փոթորիկէն ու հզօր աղէտէն ետք լրջացած, ինքզինքը տեղաւորած բանաստեղծութիւնը, զոր կիները կը յղանան իրենց ամայի անկողիններուն մէջ, կը ձեւաւորեն իրենց վշտոտ ու մենաւոր զբաղումներու պահերուն։ Որ հասունցած, օծուած վիշտի մը պէս, հանդիսաւոր ժամերուն, պաչ տօնական լացի նիստերուն, տունը կամ հիմակուան պէս գերեզմերը, ինքզինքը կը քակէր ատ աղուոր բերաններէն, կը բարձրանար ու նո րէն կ՚իյնար վար, նստողներուն վրայ թառելու վարանող աղաւնի ներու նման, ու կը կենար, պառ, սրտառուչ, ամբողջ իրականութիւն: Ըսես աներեւոյթ կեանքը ըլլար, ատանկ բռնուած ամէնուն տեսողութեանը դէմ . ատանկ միամիտ ու խեղճ, ինչպես է ան արդէն տուներուն դամբանումին մէջ։ Տեսակ մը թեւ ելած ապրում, ուր կրնայիր կարդալ մարդերուն, բոլորին ալ գրուած մեծ ու աննշաճ կարօտները, անմռունչ ու անպաշտպանելի այրումները սիրողներուն։ Գեղը իր գովքերուն մէջ կապրի իր կիրքերուն ամէնէն ազնուական ստեղները։ Ու գեղը վար կը կանչէր իր մեռելները նոյնիսկ ցաւաբեկ, նոյնիսկ «ցամաք» սովահար սեղաններու, Հերիք է որ «բերան մը բան ծամէին» անոնք միասին, կամ «Ջուխտակ մը խօսք առնէին ու տային»։ Այս գովքերուն տարօրինակ իրապաշտութիւնը։ Գեղր միշտ ձեւը կը գտնէ մեռելները իրեն ուզելու: Ու մտքէն չանցըներ անոնց երթալուն անվրէպ պատգամը։ Ու կ՚երգէ այս աշխարՀը, անգիտելով միւսը Հիմնովին։ 

197

Նազիկը միայն ձայն չունէր։ Իր արկածը, իրեն այնպէս կու գար, որ կը հոսէր, պէտք եղածէն աւելի մատնող, իր մազերէն ու իր միսերուն սա խնամուած լքումէն։ Իրեն այնպէս կու գար, որ բոլոր կնիկները զինքը կը մերկացնէին, անանուն հետաքրքրութեամբ մը, իր վրայ փնտռելու համար եղերական կնիքը ծակ–պտուկներուն։ Ու անիկա չատ արագ ու չատ վճռական տեսաւ ու դատեց ու ատե՞ց անոնց նայուածքին մէջ այն սուտ, եսասէր կարեկցութիւնը, զոր դըժբախտութիւնը կը ստեղծէ մեր շուրջը։ Որ կը թափառի մեր քայլերուն գիծերովը, բայց կը սառի մեր սեմերուն առջին, երբեմն՝ բաւական պարզ ու դիւրաթափանց, երբեմն` բարդուելով մեր սուգին ու վիրաւորելով մեզ, այլապէս նուաստացնող։ Կեղծ մեղքըցուելուն բզկտող ու դժնդակ կսկի՜ծը։ Այսպէս է, որ մեզի կը ցաւին ամէնէն առաջ մեր թշնամիները, յայտնի ու բարձրաղաղակ։ Ու գիտցողին՝ ատոր ճնշումը աւելի է, քան ատելութեանը։ _ Ու անոր կոկորդը կը պատռտուէր ներքին ու դաժան պրկումէն, անկէ՝ որ ցաւը չէ, բայց որ պուտ-պուտ կը բարձրանայ անայց խորչերէ, ու կը զետեղուի մեր վիզին ներսը։ Անբացատրելի այն լուզումը, որ իբր ձայն, երգ կը փոթի մեր սրտին գաւառներէն, ու բռնադատուած՝ իբր անկարող լռութիւն կը ծաւալի մեր երեսին: Զոր ստիպուած ես կեցնել, զսպել: Նազի՛կը, առանց երգի։ Որուն ձայնը աւելի սիրտ կառնէր, քան առջի մեղրը ամրան փեթակին ու վեր էր բոլոր շէրպէթներէն, ինչպէս կ՚երգէին պատանիները։ Զոր հեռու թաղերէն, նոյնիսկ օտար գեղերէն կու գային մտիկ ընելու, իրենց բառով՝ «խմելու» քիչ շատ կրակոտ արիւնով տղաքը: Ու աւելի՛ն. իր Հօրը Հողքին առջեւ, անիկա չէր նմաներ միւսներուն, վա 

եղական ու կուղպ աղջիկներուն, որոնք խելօք են ու «նստուկ», ինչպէս բուրումի կնքուած սրուակները ու չեն կրնար տպաւորել իրենց շրջապատը։ Նազիկէն կը քակուէր համ մը, մասնաւոր Հոտ մը, կնիկի այն աղօտութիւնը, խաւը առնուած գունատութիւնը, որ առաջին իսկ ակնարկին այտերուն վրայ կը յայտնաբերէ շրթունքներուն խոնաւ ցաքանումը ու կը զատուի կուսութիւններուն աղուամազոտ, անհուպ կարծրութիւններէն: Տեսակ մը խմորումի արտաբուրում։ 

| Ձեռնուած, պագնուածի այն Հովբ, զոր կը հոսեն Հերկուած մասերը եւ զոր կ՚որսան այնքան նրբութեամբ կարգ մը մարդոց անանուն զգայարանքները։ Ի՛նչ որ կինը կը տարբերէ կոյսէն։ Ու՝ ի՛նչ որ ափափուած աղջիկ մը կը զատէ անշամանդաղ ու անայց կենդանիէն։ Ու այս ամէնը ամէն տեղ, նոյնիսկ գերեզմաններու կողքին։ Ու այս ամէնը՝ դուրսին, ինչպէս ներսին համար։ Ու Նազիկին խելօք պատեանին տակ եփ ելած խռովքներ կային: Վասնզի կան սրբազան պահեր, որոնք Հիւսիսայգի պէս կը բացուին կիներուն շուրջը։ Ու 

198

սիրով բռնկած աղջիկը, ու սիրով յագեցած էգը չեն կրնար դուրս ելել սեռային հոսանուտին այս ոլորտէն։ Թող ժպտին կամ լան անոնք, թող նային ու չտեսնեն անոնք, բոցը լուսաւոր ստուերի մը պէս պիտի ճառագայթէ ու աշտանակներու պիտի վերածէ զգացում են այս զոՀերը: * _ Ու կար այս պատրանքը Նազիկին վրայ։ Կը տեսնէին ատիկա պտըտողները, նշանուած աղջիկներն ու հանգչած ծերերը։ Ու մոռնալով իրենց մեռելները կամ սովորական մտմտուքները, վայրկեանի մը համար կը տարուէին գեղեցկութեան այս տեսիլքէն։ Վասնզի Նազիկը աղուոր էր գեղին բոլոր աղջիկներէն։ Ու անոր «փթթինազարդ» կուսութենէն մինչեւ սա անպարագրելի կործանումը՝ անոր մարմինը անցնելով հսկայ աղէտէն, թէեւ բզկտուած, կը դիմանար իր փառքին վրայ նման վարագոյրի մը, որուն կտորներն իսկ կը բաւեն իրենց անունին։ Ու իր շփոթ դէմ քովը, իր ա՛լ անստոյգ ու վտանգաբար գեղեցկութեամբը անիկա վեր կը մնար՝ իր տարիքին՝ բոլոր կիներէն։ Իրմէ կը հոսէր այն դղրդող բանը, որ էգը կ՚ընէ այնքան առատ, այնքան կպչուն։ Ու ատով կըլլար անիկա աղջիկն ու կինը միանգամայն։ Ու տակաւին զայն անդիմադրելի կընէին գերդաստանէն իր մէջ մթերուած ուրիշ թաքուն բաներ։ Ու կը զգային այդ կուտակումը աւելի շատ՝ աղուոր կնիկները, որոնք հպարտ բրին իրենց անունը, բայց դժբախտ իրենց սիրտը, որոնք իրենց անկողինէն ուրիշը չգիտցան ու պառաւ չեղած մեծ-կնիկի Հով տուին իրենց։ Ու իրենց մեռելներուն մօտ, թոյ–թոյլ, գաղտնօրէն պչրուն, լալէ, կարմրելէ, յօրանջելէ ետք, Նազիկին քովէն անցած ատեննին, կը քաչէին քիչ մը վեր իրենց պլուզներուն օձիքները իբր թէ պարտակելու համար մուտքը իրենց լանջքերուն, իրականին մէջ պրկելու համար իրենց ծիծերուն գողտր վանդակումը։ Անոնք կը տնտնային, նայելու համար կուշտ ու խոշոր, զգլխիչ այդ աղջկան, զուարթօրէն կարեկ ցուն ու վշտահար։ Բայց կը տառապէին իրենց ներսէն, պրկուելով անասելի զգայութեանց ասեղներէն, ու ի վերջոյ նեղուած, մռայլ՝ կը ձգէին զայն, անոր դժբախտութիւնը զովարար բարիքի մը պէս տաղաւարելով իրենց նախանձակոծ հոգիներուն վրայ։ Ու կը խօսէին նախ իրարու: յետոյ իրենք իրենց։ Ու անոնց համար սփոփանք կար, մեղաւոր ու կոյր, սա անորակելի ձեւին մէջ, որ այդ աննման մարմինը կը շինէր այդպէս երազային, այդպէս «խելք առնող»: | Ամէն կնիկ իր կեանքին մէջ ունի կարճ շրջան մը, որ կը տեւէ գուցէ անոր կեանքէն աւելի, ամբոխին յիշողութեանը վրայ։ Ընդ Հանրապէս Հարսնութեան քողաւոր տեսիլն է ատիկա անոնց մեծ մասին համար։ Ու կ՚ապրի քանի մը տարի, սլացիկ, ազատ պարագայի կապերէ, բայց առանց մասնաւոր կնիքի։ Յետոյ կը սպառի։ 

199

Հինգ տարին արդեն իրենց ծաղրանկարին կը վերածէ մեր գեղեցկագոյն Հարսները։ Քսանէն ետք, գեղեցիկ կինը ախտաւոր է կամ ամուլ։ Նազիկէն պիտի դիմանար, մինչեւ իր վաղաժամ մահը ու մինչեւ այս տողերուն գրուիլը՝ մեռելոցի այս լացուոր պատկերը։ Անիկա տուն դարձաւ թեթեւցած ու աւելի աղուոր քան որեւէ օրը իր կեանքին։ | Տաղաւարին կը յաջորդէ անակնկալ տրտմութիւնը։ Տօնը գացած է, երբ չես տեսած անիկա։ Ու այս պզտիկ յուսախաբութիւնը աւելի խոր կը հնչէ զրկուածներուն։ Այսպէս է, որ դառնութեան գի չերներէ ետք, կեանքը դարձաւ քիչ-քիչ սովորականին՝ գիւղական աշխատանքները, որոնք կը մտնեն իրենց գերագոյն ուժգնութեան մէջ։ Զաքարը բռնելու համար կառավարութեան նոր ու հսկայ մէկ ձեռնարկը, որ վրիպեցաւ առաջինին նման, բայց չունեցաւ նոյն աղմուկը, քանի որ կատարուած էր գեղէն դուրս։ Շերամները բուծանելու կնճռոտ ու բազմապահանջ հոգերը գրաւեցին Նազիկին չաբաթները: Ազատա՞ծ էր մղձաւանջէն։ Կ'ապրէ՞ր։ Չէր հարցներ, չգիտնալուն։ Բայց թոյլ ու ամէն համ է ընդվզող իր մարմինը, հիմա բոլորովին ամայի տունին մէջ, կը ճարէր տեսակ մը հաշտ կեցուածք։ Պատասխան կու տար մամային ու իր ձայնը մաքրուած էր մահուան Հոտէն։ Կրնար խօսիլ Օվալենց Հեղնային հետ, առանց Թումասին ուրուականէն նեղուելու։ Ու գործեր, գործեր։ Ցինանց ընթացքին գեղը կը փոխուի զգալի չափով։ Միօրինակ ու համրուած այդ օրերը աւելի ծանր կը կշռեն, քան Մեծ Պաչքի փոթորկոտ շաբաթները։ Անգամ է երգեցողութիւնը ժամէն ներս։ Ու ամայի են փողոցները, այրերի ու ծերերէ։ Բայց այդ օրերը կը ճնշեն ուրիշ երեսով ալ։ 

| Եկեղեցին պսակ չարտօներ։ Ու այս արգելքը չես գիտեր ինչ հոգեկան Հակադրութեամբ մը կազդէ զարմանալի կերպով գեղին վրայ, որ չի խմեր գինովնալու չափ ու չի խենթանար։ Ու այս ծանրութեան տակ, խուլ ու անմխիթար, կը տառապի իր ընդերքէն։ Բայց, նոյն այդ տրտմութեան օրերուն, Նազիկին մեծ մայրը յղացաւ ու գլուխ հանեց, իր կարծիքովը, իր կեանքին դժուարագոյն ու գեղեցիկ գործը։ Անիկա, Հոյակապ ռազմավարութեամբ մը, խորտակեց Նազիկը պաշարող գեղին արհամարհանքը ու Վարդավառի պահքէն առաջ իր թոռը կարգեց Կարմիրենց Սաֆակին, որուն կինը մեռած էր աշնան՝ եղերական ու անանուն։ | Այս պսակը կրկին յուզեց գեղը ու, շատ աւելի՝ որքան չէր ըրած առաջինին վերջաբանը, իր այնքան խորունկ հետեւանքներովը։ Գայթակղութիւնը կ՚ախորժի հանդէսէն։ Աղջկան հանգչած մեղքը ոտքի ելաւ կրկին ու պտըտեցաւ, ժամանակին հետ ինքզինքը ընելով մեծ ու երկարուն։ Ու անակնկալը, որով կը պաշտպանուէր այդ 

200

* այդ կնիկ"-ներուն, "Sռնելու:: 

տները պետ 

« Հանդը պիտի ըն""թը` Հայրը դիտէ ր մը։ Այդ օրերիգիշեր մը.... Մէլէրն Էրվինին Ա 

նէին, բան..... մար երեսի 

մօտեցաւզեԿ Մկերն է

որբեւայրի պսակը, պատճառ կ՚ըլլար լեզուներու արձակումին։ Ամէն մարդ իր ձեւովը կը բացատրէր եղելութիւնը։ Ու մամեր անիծելով կ՚անիծեն ժամանակները։ 

Ի՛նչ օրերու Հասանք, Տէ՛ր, Դուն ողորմիս... | Անոնց խելքովը աշխարհին վերջը հեռու ըլլալու չէր։ Տասը տարի ետքը խեղճ այդ կնիկները մանարաններուն կոյանոցները պիտի հանդուրժէին, ու իրենց թոռներուն համար երեսի ջուրով ծոցի գիշեր մը բաւ պիտի ընդունէին, Հաճոյքով մեռնելու••• | Դայեկ Մէլէքն էր, որ Հայրապենց Հաճի Խաթունին հաշուոյն մօտեցաւ Կարմիրենց Տիկինին։ Անիկա գիտէր վռնտուիլը։ Բայց կը ճանչնար նոյն ատեն Կարմիրենց տան վիրաւոր կողմը։ Այդ ընտանիքը կասկածով կը դիտուէր ունեւոր դասակարգէն։ Էրիկները՝ երիտասարդ՝ գերեզման կ՚երթային։ Ու աղքատ տուների ընտրուած ա նոնց կնիկները «մուրատնին» չառած կը ծերանային։ Ու դայեկը խորՀիլ գիտէր։ | Սահակին մայրը, աստուածավախ ու անաղարտ, զարհուրեցաւ առաջարկին լրբութենէն։ Հայրապենց Նազի՛կը։ Բայց մարմնացած դժոխքն էր այդ կնիկը։ Անոր մօրը վրայով կազմուած պատկերը կատարեալ էր ամէն երեսներով։ Ով չէր գիտեր Հաճի Ստեփանին ամպարագիծ մեղքը։ Ու լսած էր նստոյգ շշուկով, երկունքի ոճիրը ու քիչ մըն ալ՝ փսփսուքը, որ Երեմիային ջաղացը կը բարձրանար։ Սարսափելով կը սարսափէր սադայէլներու ծնունդ այս գերդաստանէն, որուն մանչերը արիւն կը թափէին իրենց Հաճոյքին համար ու աղջիկները կը խօսուէին, մինչեւ իսկ իրենց հայրերուն հետ: _ Հաճի Խաթունը չառնուեցաւ այս մերժումէն։ Պատրաստուած իսկ էր ատոր, բայց այդ քայլէն առաջ, անիկա գործեր էր տաղանդաւոր ու արդիւնաչատ յանդգնութեամբ։ Ամէն տուն մտած ու ելած, ամէն դասակարգի հետ լայնօրէն շփուած, ու մարդերը քանի մը խորքերու վրայ մօտէն ճանչցած՝ անիկա գոց գիտէր Սահակին բնութքն ու խառնուածքը։ Լուռ, ինքն իր մէջ քաշուած, շաքարի պէս սրտառուչ Հայեացքով այդ երիտասարդը կու գար անոնց գիծէն, որոնք գեղերուն մէջ կու տան սիրոյ մեծ Հերոսները։ Հաղուաղէպ բայց իրական են այդ տղաքը։ Կը սիրեն ու կը մեռնին, առանց ցոյցի եւ առանց Հասկցուելու։ Բայց անոնք աղջիկներու ափին մէջ ձիւթի պէս կակուղ կը դառնան։ Ու կը պատահի, որ սպաննեն իրենց սիրածը ու նոյն դանակով մորթեն զիրենք։ 

_ Ու աչխատեցաւ Հայրապենց Խաթունը։ Անիկա չահագործեց իր թոռան Հմայքը, բազմակողմանի ճարտարութեամբ մը։ Ան կը մեկնէր կիներուն շատ յստակ հոգեկան թափանցում է մը։ Անոնք կը 

2017 

 

ճանչնան այրը, մինակ, էգին դէմ՝ առանձին ձգուած արուն, որ ամէ նէն առաջ կը տեսնէ ու կը զատէ իր ուզածը։ Բարքերը աւելի ուշ չինուած են: Բայց անիկա յիմար չեղաւ չատերու նման, փեսացուն տուն տանելու եւ Հաւ մորթելու, ինչպէս փսփսային պիտի աւելի ետքը չար բերաններ գործելու կե՛րպ մը, որուն արդիւնքը թէեւ վճռական, բայց պատճառած ամօթը դառն էր մանաւանդ անուանի գերդաստաններուն։ Անիկա ազդեց տղուն վրայ կրկնակ ճամբաներով - գեղեցկութեամբ ու պարկեշտութեամբ: Անիկա խաղցուց, անոր աչքերուն դէմ, ահաւոր գեղեցկութիւնը Նազիկին՝ սեւաւոր ու խնամուած, ճաշակով հագցուած ու մատներու Հպումներով վարդացած անոր մարմ ի՞նը, գերեզմանի մը կուշտէն, այսինքն՝ մարդկային միսին գերագոյն ցուցարանէն։ Վասնզի ուրիշ ոչ մէկ տեղ կինը այնքան իրաւ է, որքան ոդ։ Ու անոր հոգիին մէջ հոսեցուց, դանդաղ բայց անվրէպ ոռոգումով մը անդիմադրելի կախարդանքը անոր իգութեանց ատանկ մեծաւոր, ատանկ ճառագայթուն, մեռել ներուն ու մեռնելուն փայլակումին մէջէն ատանկ մարդկային՝ «ուտւելիք ու խմուելիք»։ Աղտը, աղբը, մեղքը կարելի է նմանցնել դիրտերուն, որոնք երեւան կելեն երբ փոթորիկը, շարժումը կենան։ Լացող ու երգող աղջիկէն մենք միշտ ոսկի ու բիւրեղ միայն տեսնենք պիտի։ Ու պառաւը տղուն ականջներէն վար կործեց Նազիկին ձայնը, զգլխող ու թմրեցնող Հեղանուտի մը նման, միշտ գերեզմանի մը շրթունքէն, որ այնքան սրտառուչ կ՚ընծայէ տարփանքին գոլը։ Ու անոր նախասիրած պատը եղաւ իրիկուան մուտքը։ Գերեզման տարաւ թոռնիկը վերջալոյսէն քիչ առաջ, երբ լերան ու Ծմակի թանւորները գեղ կը դառնան, ու գերեզմանին քովէն անցնելու ատեն կը մղուին մահուան արտը ու մէկ–երկու բերան աղօթք կը փսփսան մեռելներուն։ 

_ Ու կու գար անիկա, Կարմ իրենց հատակը, վատուժ ու բարի, իրիկուան դուռներուն, բակը ուսին։ Ան կը զարնէր երկժանին կնոջը Հողքին մօտ, բնական ու վարժ շարժումով, որ նոյն էր միշտ։ Յետոյ կը կոկոզէր։ Իր ձեռքերը՝ ցերեկէն յոգնած, թոյլ ու կանացի, կը շտկէին Հողին գուղձերը, կը դանդաղ է ին նորատունկ վարդենիի մը մերկ զարդարանքին վրայ։ Իրիկունը կը շատնար ու կը խորանար գեղին ոտքերէն։ Այն ատեն կիջնէր ծունկի, աղօթելով, լուռ, մինչեւ որ մութը բոլորովին առնէր ու մարսէր վարի տուները ու վերի քարերը։ Ամրան մուտքերուն, օդին մէջ քաղցր ու անանուն բաներ կը պտըտին ու անոնք մեր սիրտերուն կը մօտենան մութին ճամբաներովը։ Թող երիտասարդ տղան դանդաղի Խաթունին մօտ, որ խօսի անոր, անփոյթ ու կարեկցուն, քիչ մը ամէն բանի վրայ, գովէ կէնճուկ մեռած Հայրը, աչքերէն ու մազերին, պոյէն ու պոսէն։ Ու 

202

«թան ազդեցիկ 

բայց կը շաղազակարեկցութիւնը 

առանց է

այդ բառերուն վրայէն զարգանայ անոր մէջ ինչ որ մազերն ու Հա սակը, աչքն ու բերանը կը լինեն, ու անոր մէջ կրակուին անթեղւած ու չյայտնուելիք բաները։ Ամէն պառաւ անցած է ատ ճամբաներէն ու կը խօսի երիտասարդին աւելի զօրաւոր, քան թարմատի կինը։ Այս հեռացումով տարփանքի առարկան կը շահի իր խորհուր-- դին մէջ։ Թետոյ, Խաթունը անոր վիշտը յանձնեց Աստըծոյ մխիթարութեան։ Ու անոր բառերը Կարմիրենց Հարսին լուսով կը թրթռային։ Թոյլ ու քաղցր հոգիներուն համար քիչ բան այնքան ազդեցիկ է, որքան սա գողտր ու մեծ–մայր կարեկցութիւնը, որ ինքզինքը չի պարտադրեր, բայց կը շաղապատէ ու կը տեղաւորուի մեր ներսը, առանց մեր գիտնալուն։ Ատկէ զատ, այս կարեկցութիւնը կը համակէ մանաւանդ տկարները իր անակնկալովը։ Անփորձ ու լքուած աղջիկը, ծակ–պտուկ կամ ոչ՝ հեշտութեամբ կը դիմաւորէ առաջին պաշտպանութիւնը մօրուօք կիներուն: _ Ու Սաֆակը փնտռեց պառաւին գորովանքը, նախ սփոփանքի մը պէս, յետոյ վարժութեամբ: Չէր զգար, որ մինակ չէր անիկա։ Կը տեսնէր անոր բառերուն ցանցէն, իր կնոջը գովեստին ընդմէջէն Հայրապենց Նազիկին պատկերը։ Ճիշդ է, որ անոր արկածը լուսեղէն մշուշի մը պէս կը թրթռար անոր տարօրինակ գեղեցկութեան շուրջը ու կը Հիւսուէր անոր խենթացնող աչքերուն ու յօնքերուն Հեքիաթին։ Բայց մարդոց սիրտերը զարտուղի ճամբաներ ունին։ Բայց մարդոց սիրտերը աւելի խեղճ են, քան բոլոր անպաշտպան կարծուած արարածներունը։ Ու թող ո՛չ մէկը պարծենայ իր գիտու

թեամբը։ _ Ու պառաւը հոն տարաւ իր թոռնիկը։ Ան չփախցուց ոչ մէկ էտ ինք։ Աշխատանքը լերան կողմէն կրնար փոխադրուիլ դաշտ։ Ու Սահակին համար ամօթ պիտի ըլլար գեղը ճեղքել, վարէն գերեզման ելելու համար։ Ու երկուքը մէկ կու լային Հաճի Ստեփանին վրայ: Երբ լացը մեղմանար, Նազիկը կարձակէր իր ձայնին կախար դութիւնը։ Քիչ բան կար այնքան խռովիչ, որքան ձայնը, որ չերեւնար բայց կայրէ։ Ու կը մեծնայ, երբ կնոջ մը ներսի տիեզերքը կը ջանայ դուրս բերել։ Երբ՝ բլուրները կը սեւնան իրենց ոտքերէն ու երկինքը կը սկսի շինուիլ, պարապին ծոցէն, մեծ պարապի մը պէս, մունջ ու ապառաժ։ Երը՝ ա՛լ չեղող ճամբաներէն, որոնք միջոցին վրայ կ՚ընդարձակին, տուն դարձող բոժոժներն ալ կու լան, երերուն սրտին մեծ արձագանգը իբրեւ՝ նետուած դէպի տարածութեան կըղպըւած շրթները: Ու Նազիկին երգը կ՚աւելնար այդ ամէնէն։ Ու տարօրինակը հուն է, որ երբ սուրը, շարժումը, վազքը, կրակը արու են ու իբր այդ կը տպաւորեն մեզ, անուշ ձայն մը էգ է մշտապէս։ Ու Նազիկին ձայնը անոր միսերուն անտես ալիքը կը փոխադրէր 

203

Հողքէ Հողք ու սիրտէ սիրտ, վասնզի աւելի ետքը գեղին ուրիշ տղաքը պիտի պահուըտէին գերեզմանի պարիսպէն դուրս է մնացին անոր ձայնին տակ՝ վհուկէ մը կապուած, սիրատարներու նման

Ց Ու անոնցմէ առաջ, այդ ձայնին ոլորքներուն դէմ, առնուած ու խեղճ, կը կենար Կարմ իրենց Սատակը պարիսպէն դուրս, ներս կոխել վարանելով, ու գրեթէ վախնալով։ Բայց չէր գիտեր, թէ ինչու: Սուզուելով քիչ-քիչ ինքն իր մէջ, ան կը հետեւէր լարերու փոքր թրթիռներուն, որոնք իր մարմինին կարգ մը մասերը կը խռովէին ու միւս մասերը կը թաղէին։ Կը սկսէր անոր յուզումը սրտէն, տիեզերքին մէջ նետուած խեղճ կտոր մը մի՜սը, որ կը զարնէր ինքն իր գլխուն ու կը զարնէր։ Ու մէկէն կը նկատուէր միւս, ալ անկապ րելի պատկերը, երբ անոր զարկերուն դէմ ուրի՜չ մը, պատասխանի մը պէս, կը կոտտար ու կը խորանար: Ու այս վերյիշումը կ՚ըլլար իրական ու անողոք ցաւ մը՝ երիտասարդ իր մարմինին, հզօր ու մենաւոր դաւը՝ մենաւոր անկողինին։ Ու ասոր հետ կը յառնէր պատկերը կնոջը այնքան խօսուն ու անյագ մարմինին։ Կամչնար այս թանձրացումէն ու կաշխատէր ուրիշ ոստայնը երազին: _ Բայց երազը կը դիմանար ու զինքը կը նետէր տուն, իր սենեակը, որ մտքի երեւոյթներուն ներուած արագութեամբ մը ակնթարթի մէջ անոր կը ներկայացնէր իր երկու տարուան անկողինի կեան

ը, առագաստի գիշերը ու ուրիշներ լուսնով աղօտ ու գարունով զգլխուած ու հոգեվարքի իրկունը։ Բայց այդ ամէնուն կեդրոնը կը կազմէր միշտ անկողինը: Անոր կապուած դրուագները կը թաղուէին մռայլ տեսիլքին խորէն, ան՝ որ կեանքը եղած էր, հիմա դիզուած ետին, դադրած իր իմաստէն ու արիւնէն, ինկած տերեւներու խարխուլ կոյտի մը նման։ Ու այս քայքայումին մէջէն կը զատուէին բացառիկ պատկերներ, իբրեւ թէ- ժամու մը պատէն Հրաշքով արձակԼող նկարներ՝ ու դողալ կը սկսէին իր աչքերուն տակ, կտոր–կտոր, զատ–զատ, ամէն մէկը ըլլալով տարփանքի հսկայ ու հզօր գիշեր ներ, եղանակով մը, մասնաւոր դրուագով մը պիտակաւոր։ Այն ատեն կը վախնար ամօթէն ու իր շուրջը կը նայէր, մարդ փնտռելու սրտաբեկ տրամադրութեան մը մէջ։ 

_ Ու լուռ էր շրջապատը իրմէ վար. ամէն բան մտած մեծ չըլլալու մը, սեւնալու մը անողոք ցանցին մէջ, իրմէ վեր անփոյթ բլու րը, մութէն առնելով իր անՀասանելի աղէտը։ Այն ատեն անոր կողիկին սղմուած գերեզմաննոցը կը մեծնար ու կը զարգանար իր մասերուն վրայ։ Ու կեա՜նքը մեռելներուն։ Ան՝ որ անոնցը ըլլայ պիտի, ինչպէս Հաւտացուցեր էին գեղին տէրտէրները ու հոգեվարքները։ - Բայց ահա աղջկանը ձա՛յնը, որ կը փրթէր կիսաստուերին, ըսես սրտէն: Բերանի՜ մը պէս, որ համբոյր բաշխէր։ Որ կը դպէր 

204

անոր ու կը թօթուէր ջիղերը։ Մազերը կը փչանային։ Տաք հոսումներ անձրեւի կաթիլներու նման կը ծեծէին անոր հոգիին բոլոր ե րեսները։ Ու ձայնը կ՚ըլլար վաւերական շրթունք մը, որ քալէր ու պչրէր, մօտենար ու չտար։ Յետոյ այս զգայութիւնները կը պղտորւէին։ Երկու շրթունքները ձայնին ու իր կնկանը շրթունքները կը նոյնային, Կիրանային։ Ու անոր ամ բողջ նողկանքին դէմ, կար՝ թըննար մարմինը։ 

| ծաւալին Հո'ւն է, որ տարփանքը երբեք յիշատակ չի կրնար ըլլալ։ Անիկա զգայութիւն մըն է միշտ ու ատով՝ ներկայ, պահանջկոտ, բռնաւոր։ Գուցէ այս գիծն է, որ անոր դէմ ոգորում մը այնքան դժուար ու ճակատագրական կ՚ընէ յաճախ: Ու ամ չնալով, չու զելով, բայց դիմադրելու անկարող, դժնդակ պայքարումէ մը ետքը, ան կը կոկոզէր պարիսպի պատին, կռնակը կու տար հաստ քարերուն ու կը բանար մարմինին բոլոր դռները մութէն ծորող սա խարտեալ իգութեան։ Ու Նազիկին ձայնը՝ առաջ մեղմ, յետոյ Հրամայող՝ ճիշդ պչրուն շրթունքի մը պէս, որ մեղմով կը քակէր կղզուած դուռ ները, կիջնէր վար, դէպի սիրտը։ Ու անոր ձայնը նման էր հասակաւոր աղջկան մը, որ կը քալէր հոգիին բոլոր շաւիղներէն նոյն ատեն, խոնաւ ու չաչող իր շրչիւնովը, դառնալով եղկ, շօշափելի թանձրութիւն, միս, ու ողորկ ու ջերմ՝ գգուանք, Հծծագին ու սպառող փաթթըւուք, այնքան պարզ, այնքան իրական, որ նուաղում կու գար սիրտին ու ձեռքերուն մէջ կը թուլնային իր երազին իսերը։ Ու, կը մտնէր այն վիճակներուն մէջ, որոնց փորձը մարդերուն մահը կամ խենթանալը արժեց երբեմն։ Ու հեշտանքը կը պարուրէր զինքը, ամբողջական ու հզօր, իր դժբախտ մարմինէն ոչ իսկ մասնիկ մը խնայելով։ Ու ցա՜ւ, անդարմանելի ցա՜ւ էր անիկա անոր քա քայուած մարմինին համար, որ կը քրտնէր, հակառակ իրիկուան զովին: | Զինքը իր երազանքէն ու պչուցումէն ետ կ՚առնէին մօտի ճամ թէն ուրուացող ձայները գրաստներուն։ Ու կը զարմանար ինքզինքը պարիսպէն դուրս գտնելուն։ Կելլէր ոտքի, ծունկերուն կապը թզիկտըւած ու դանդաղելով։ Կը մտնէր ներս։ Կը վախնար ուղղակի շատ բապենց կողմը քալելու։ Հողքերը, մաս մը աւրուած ստուերէն, կորսնցուցած իրենց իրական դեմքերը, կը տպաւորէին զայն մեծ խաղաղութեամբը իրենց անկապտելի հանգիստին։ Հոն էին՝ Տողով կափուցուած շրթունքները բոլոր երիտասարդներում, որոնք իրարու միսին վրայ այնքան անկարելի յուզումներ Հալածեցին ու աղին դառնութիւնը միայն հաստատել կրցան։ Ու հոն էին մեր բոլոր անյա(տութիւնները, իրարու դէմ մեզ լարող, իրարու վրայ Հանող մեր մեծ 

2015 

 

ու պզտիկ կիրքերը, որոնք հողէն դուրս ելլելու համար պարտաւոր եղան թե՜լ մը խոտ կամ կոկոն մը վա՛րդ դառնալու։ Ու սփոփանքով՝ կը մտածէր չըլլալուն։ Յետոյ, իր քայլերը արդէն տարած կըլլային զինքը։ Չէր տեսներ Նազիկը։ Մութը ճերմակ ու աղօտ չարչի մը պէս աղջկան դէմքին խռովքը կը մեղմ էր, ու կը խնայէր երիտասարդին այդքան մօտիկէն՝ այրուցքը, կրակի պէս Հեղումը անոր նայուածքին։ Բայց կը խօսէր Խաթունին հետ, կոտրած, քակուած, դողը դեռ չթողած իր ձայնէն նեղուելով։ Ու թրթռալով աղջկան գլուխէն, որ կը կենար սեւ մարմինին վրայ, ատանկ անիմաստ է, բայց այդքան իրա՛ւ, անիկա կը սպասէր, որ բացուէին անոր շրթները ու թափէր վրան անոր ձայնը» ոսկեջուր ու անտես պատմուճանի մը պէս անիկա կը Հագնէր աղջկան բառերը, որոնք շատ–շատ կը զգեստաւորէին իր հոգին։ Ինչո՞ւ տրուած չէ մարդերուն ըլլալ դուրսէն այն՝ որ իրենց ներսն է երբեմն։ Ինչո՞ւ չըսել սա աղջկան ինչ որ տուն կու տայ սիրտը։ Ու կը քաշուէր անոնց քովէն իր գերեզման

ները։ 

| Երկու շաբաթ ետք, այս այցելութիւնը իր կնոջը հողքին՝ անոր համար կը դառնար անվրէպ պաշտամունք: Չէր խորհեր սուտին, պատրուակին, ուրիշներու կարծիքին ու գեղին մեծ հսկողութեան։ Գայթակղութիւնը կը վախնայ փոթորիկէն ու անոր անցքէն ետք անիմաստ փոշին է յաճախ։ Զգացողները զայն տեսան, երբ ա՛լ դադրած էին զգալի։ Ան իր օրը երկար կը գտնէր վերը, իր արտին մէջ։ Ու կ՚երազէր գերեզմանը։ Ու կը վազէր հոն, դեռ արեւը լաւ մը չհանգչած։ Որոչ էր իր տեղը: Տրեխները շտկրտելու պատրուակին տակ՝ պիտի կծկտէր պարիսպին կոյտին։ Պիտի ծեծուէր ձախ նէն ու անցնէր անհուն բզկտումէն: Մինչեւ որ ա՛լ իր մարմինը կարող չըլլար դիմանալու: Ու դանդաչելէն կը մտնէր ներս: Ամէն օր կրկնուող զգայութիւններ պատրաստած էին անոր հոգեկան յատակ մը, որուն այնքան պէտք ունին սա առնուած տղաքը։ Այսպէ՜ս, գիտէր, թէ «գովք»ին ո'ր տունին հետ անիկա պիտի ըլլար Հաճիին գըլխուն: Գիտէր մինչեւ այդ հասնիլը քանի անգամ անիկա պիտի զարհուրէր իր կնոջը անհամբեր ստուերէն, որ նախանձէն կապուտցած ոսկորներովը կը դիմաւորէր զինքը ու կը քաշէր վեր, արագ, «պոռնիկին» հասողութենէն անդին։ Ինչպէս, միշտ ինք, առաջին սարսուռէն ետքը, պիտի վռնտէր անոր յիշատակը, անշուշտ ցաւած, անշուշտ քիչ մը կնիկ բառերով ու պիտի զօրանար Նազիկին նպաստովը, որ ձայնի ճամբով կու գար իրեն։ Ու այս ոգորումը երկու կնիկներուն մէջտեղը՝ անոր հոգին կը պատռտէր։ _ Ու կը կենար անիկա լացողներուն մօտ, վախնալով խօսելէ, չընդմիջելու համար անոր մարմինին սա թեւաւոր ու տաք ճառագար 

2016

թումը, ձայնին ծորումը իրմէ ներս։ Հողքերը կը դադրէին իրենց դէմքերէն ու քիչ մըն ալ հասակներէն։ Մեռելները կը մեռնէին։ Ու անիկա անդիմադրելի մղումի մը տակ, աչքովը կուտէր սա չերեւցող բերանը, որ կըլլար ամէն մէկ բառի հետ, վրայ այնքան զգըլխանք ու անուչութիւն։ Ու անոր ձեռքերը, առանց բացուելու իր գօտիին խելօք փաթէն, կը գրկէին անոր սեւատր իրանը։ Կամաց, դողալէն, միսի ամէն շերտի վրայ փակուելով ու ճմլելով։ Ու անիկա կը մերկացնէր լացող աղջիկը ու կ՚իյնար անոր ծոցը, միշտ ձայնին թրթռուն անէութեանը խորէն. ու կը հեծկլտար, երակները ծամելով, ծամելով նոյն ատեն Կարմիրենց հարսին ազազուն ոսկորները: Ո՜վ դժբախտութիւնը մարդերու սիրտին։ Ու զարհուրած իր սրբապղծութենէն, անիկա գրեթէ կը վազէր վեր, դէպի հողքը իր կնիկին։ Ու հոն կու լար։ Լայն, դառն, յուսահատ լա՜ցը, որուն առարկան դուրսին համար թերեւս ծանօթ՝ շփոթ էր իրեն համար։ Ու երկու շաբաթ ետքը անիկա կու լար իր սիրտը, մոռցած մեռելը։ Թետոյ ձայները կը դադրէ ին։ Երեք-չորս չղջիկ վայրերէն կը սկսէին իրենց շրջանումները, սեւ ու սանդխաւոր միսի անիւներու նման, փորելով մութին ընդերքը։ Արեւմուտքէն երկինքը կը յոգնէր բոլորովին ու կը մարէրՄահուան տունին մէջէն պզտիկ հով մը խոտերուն ու ծաղիկներուն աչքերովը կը դողար։ Սահակը հազիւ ուժ ունէր բակը ուսը նետելու։ Ու կը դառնար ետ։ Նազիկին ու անոր մեծ մօրը սեւ ձեւերը, փոշոտ ճամբուն վրայ, որ գերեզմանը կը ճեղքէ վերէն վար, հատնելու համար մեծ դուռին, գոյգ ու մութէն եղծուած, կ՚անցնէին հազար կերպարանքէ։ Ան կ՚աշխատէր իր ոտքերը դնել անոնց ոտնափոսերուն վրայ։ Այնքան յիմար ենք երբեմն։ | Նազիկը ոչինչ գիտէր այս ամէնէն։ Ու չէր գիտեր անիկա խաղը, որուն առարկան էր հիմա։ Իրեն համար քաղցր էր ամէն իրկուն, սա մութին դիզուած պահերուն, ըլլալ դուրս իր տունէն, որուն մէջէն անորակելի անցեալ մը, ամէն սեւաւորման, կը պրկէր իր սիրտը։ Գեղին մէջ նոր էին կարգ մը հիւանդութիւններ։ Նոր հարսնե՛ր, որոնք աքաղաղի պէս կը պոռային ու երեuնուն նուռ կը կաթէր։ Ուրիշներ, որոնք օրերով կը թմրէին, շարժելու անկարող, բայց այդ քունին մէջէն իրենց մատները լզելու համար տասներկու ժամ անընդհատ կու լային։ Ու կային, որոնց որովայնին տակէն ցաւի ճամբաներ կուռէին։ Ու այս ախտերը անուն չունէին։ Ու անոնք գեղին ամէնէն հարուստ, ամէնէն գեղանի կիները կը գտնէին։ Ու պառաւը կը դողար իր թոռանը խարխուլ արգանդին համար։

Նազիկը լացին վրայով, ամէն իրկուն կը պարզէր իր հոգիին Ժանգը։ Անոր մինակ անկողինը չէր այցելուեր յղութեան շրջանի մըղձաւանջէն։ Ու անոր լացը իր Հօրը Հողքին վրայ չէր ազդուեր նիհար 

207

ու քիչ սա տղուն ներկայութենէն։ Կարմ իրենց Սահա՛կը, Օվակենց Թումասի՜կը ու այդ հանգիտութեամբ մարմիննին քիչ տղաքը ան ճանչցեր էր դառնագոյն ու շատ ստոյգ փորձառութեամբ մը։ Բայց անոր քիչ մը կորացած հասակին հետ, անպայման, իր մէջ կը ստեղծուէր մեռնող հարսը, որուն հետ ունեցեր էր քանի մը գաղտնի փըսփըսուք, որոնք երբեք պիտի չրսուին աշխարհին: Ու կը յիշէր այդ բռնկած աչքերով Հարսը, որ մէկ տարուան մէջ մոխիր պիտի դառնար, ներսէն այրելով։ Բայց երբ գերեզմանը թողուր ու առանձնանար իր անկողինը, ան կը վռնտէր Կարմ իրենց հարսը ու տագնապով, գրեթէ հիւանդ, ջլախտաւոր հեծկլտուքով մը վերմակը կը քաշէր գլխուն ու կը կծկտէր։ Ու ահա կու գա'ր, կու գար միւսը, չարագուշակ երիտասարդը, իր ճերմակ շապիկովն ու ճերմակ վարտիքովը, առագաստի ցուրտ սենեակին մէջ, կը դպէր իր միսին, որուն պարկըւած կծիկը կը թուլնար ու կը պարզուէր։ Կը բռնանար մտապատկերին վրայ, կը սառեցնէր զայն, կէս մը Հակելով անոր ընդարձակ կուրծքը իր կրակուած ու փոքր լանջքին վրայ եւ որուն շրթունքները իրենց առաջին հպումին մէջ եղած էին սուր ու կսկծեցնող, կայծաքարի մը նման։ | Անհասկնալի այդ ուրուակա՞նը, որ անցեր էր իր մէջէն, իր վրայէն ու ափ մը մետաքսի պէս առեր էր զինքը իր գոգին վրայ ու փռած զինքը հոն, կամաց, յետոյ պիրկ, յետոյ ցաւցընելով, գրեթէ կոտրտելով իր մէջքին սիւնը։ Շունչր նեղ կու գար իրեն, վերմակին ներքեւ։ Կը բանար գլուխը։ Մութ, բացարձակ մութ էր անհուն խորութեան մը Հասած ու ոչ մէկ սահմանով մարդկային։ Ու աշխարհը, մարդերուն կեանքը ան կը վերածէր սա կոյտ մը սեւին, անհունութենէն փրցուած անկողինի մը ծաւալին։ Ու դագաղ։ Ու դժոխք։ Ու սո՛ւր, գրեթէ անգիտակից հարուածը միւս զգացումին։ Ան կը խորհէր պատիժին։ Ու կը խորհէր ատոր ջաղացքին ճամբո՛վը։ Ու կը փակուէր կրկին իր հոգիին մասերուն, կը լուծուէր իր ցաւերէն, ատելութիւններէն, բայց կը շինուէր կրկին ու կ՚ըլլար Հայրապենց Նազի՛կը, աղջիկը իր մօրը, որ ապրեր էր իր սրտին համար ու մեռեր:

Ու այս ամէնը, նոյնութեամբ, գրեթէ ամէն գիշեր։ Ան չէր կրնար ազատել ինքզինքը այս պատկերէն, որ մղձաւանջը չէր, քանի որ անոր կեդրոնական սիւնը մատով չէր բռնուած։ Ու անիկա ալ իր ներսը քանդակուած, ջնջուիլը անկարելի իրականութիւն մըն էր ու իր օրերը լեցնող ամէնէն նեղիչ անհամբերութիւնը։ Ամբողջ ամիսներ կը բաժնէին զինքը Ս. Սարգիսի չարաթէն։ Բայց պատկերը փոխանակ աղօտելու, զարգացեր էր իր մէջ ու վերածուած հոգեկան անփոխարինելի գոյացութեան մը։ Աւելի՛ն. ան կը վերաչինէր համը

2018

Հոտը, կերպը արուին, որ կը բանայ ու կը ծռէ։ Անոր գիրկին, բազուկներուն բոլոր ապահովութիւնը դեռ կը տիրէր իր մէջը, հիմա որ գեղին քաջերը իրարու ետեւէ գետին կ՚իյնային։ Ու վախ չունէր անոր կեանքին վրայ։ Ու անոր հետն էր ան, օրուան բոլոր առանձին պահերուն, երբեմն լացին ու գործին իսկ մէջը։ Ու կը սիրէր զայն, բառին հագցնելով մեր գիտցածէն տարբեր տարողութիւն։ Անիկա երբեմն կը դանկըտէր անոր ստուերը, անհուն ատելութեան մը լոլձունքովը։ Բայց կատուի մը պէս կը պլորուէր անոր թեւերուն մէջ։ Սահա՞կը։ Բոլորովին նոր ու գրեթէ սուտ անունի մը պէս հնչեց բառը իր ականջին, երբ մեծ մայրը, ամէն բան կարգադրելէն ետք, իրեն յայտնեց շատ մօտիկ պսակը։ Զարմացաւ միայն։ Ու շինեց անոր դէմքը, որուն ուղղակի չէր նայած, իր լացին մէջէն։ Սակա՞կը։ Ու դողդղացին իր միսերը։ Յետոյ անոր շինած այդ պատկերին քովիկը, կարծես թէ տախտակամածին ճեղքերէն բուսաւ միւսը, Թումասի՛կը։ Ո՛րքան նման էին իրարու։ Ու երկուքին վրայ, իր մտքին մէջ, արձանացաւ երրորդին պարթեւ մարմինը:

Չընդդիմացաւ սակայն։ Ինչպէս չէր ըրած ատիկա, աշնան առաւօտէն ասդին, իր վրայէն անցնող բոլոր փոթորիկներուն։ Նորէն ուշադրութեանը չինկաւ այս կրաւորութիւնը, որ անբացատրելի էր ամբողջ կիրք ու կատաղութիւն եղող այս աղջկանը վրայ։ Պիտի անդրադառնար ատոր, աւելի ուշ, կանոնաւոր կին ըլլալէն ետքը։ Երբ առանց ճնշումի անիկա «ճանչցաւ աշխարհը», այն ատեն միայն գտաւ իր գերդաստանին վայրագ ու աննուաճ բնազդները։ Սեռային կեանքի մուտքին աղջիկները կը դադրին յաճախ ուրիշ բան ըլլալէ։ Ինչ որ դուրս է այդ արահետէն՝ գոյութիւն չունի անոնց համար: Ու խելօք են անոնք դուրսին համար, անլեզու գառնուկի մը նման։ Մեծ պոռնիկները ամէնէն գողտր ու հնազանդ էակները ըլլալով սկսած են իրենց հերոսական գայթակղութիւնները։ Ու խելօք էր ան՝ իր էրիկը խաբած կնկան մը նման ու անդիմամարտ։ 

Մեծ ռազմավարութեամբ առաջ տարուած այս գործողութիւնը ունէր սակայն իր վտանգաւոր ու անխուսափելի հակառակորդը

ունէր ... Զաքարը*, ասդին «ասպլատը, ոստիկաններ 

Զաքարը Զատիկէն ասդին «ասպատակ» մըն էր, կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս դատապարտուած, ոստիկաններու վրայ զէնք քաչելու ոճիրով։ Այդ օրերուն, երբ յեղափոխութիւնը դեռ անուն ու «ֆիրմա» չունէր, ասպատակը ընթացիկ ու գռեհիկ ոճրագործ մըն էր յաճախ, վատ ու «առանց արարքի», որ օղիի սեղանին առ

209

ջեւ, սրճարանին անկիւնը, գրեթէ երգելով ու անգիտակ, կը սպաննէ աղբօր պէս սիրած իր բաժակի ընկերը։ Անիկա պարտաւոր է խուսափիլ ամէնէն առաջ սպաննուածին պարագաներէն, որոնք յարմար առիթի մը, գաղտնի կամ հրապարակաւ դանկըտեն պիտի զինքը անպատճառ։ Անիկա պարտաւոր է խուսափիլ կառավարութենէն, որ այդ ոճիրները կը գնահատէ շատ դաշն ոգիով, կը շահագործէ արդար տնտեսումով մը իբր ապրուստի աղբիւր իր պաշտօնեաներուն։ Ոճրագործին ուրիշ բան չի մնար, եթէ ոչ «լեռը ելել»։ Այն օրէն, անիկա անձնաւորութիւն մըն է, յանկարծապէս կանչուած պատկառանքի ու խորհուրդի։ Իր կինը, եթէ ամուսնացած է ան, թաղին մէջ կը ստանայ մասնակի արժէք ու նախանձուած կարեւորութիւն։ Իր տղաքը, եթէ ունի, զօրացած այդ աներեւոյթ պաշտպանութեամբ, շատ դեռահասակ, դանակ կը կոխեն իրենց մէկէն ի մէկ աճած 40տիէն ներս։ Ու անոնց ձայնը կ՚ըլլայ խիստ ու բարձր մեծին դիմաց ու հրամայող՝ իր տարեկիցներուն վրայ։ - 

- Բայց ասպատակը զարհուրելի էակ մըն է, երբ Զաքարենց Զաքարին նման շքեղ անցեալ մը ու հարիւրաւոր դրուագներ ունի իր անունին շուրջը։ Այն ատեն անիկա կատարեալ իշխան մըն է, որ կը հրամայէ իր թաքստոցին մէջէն։ Ու անոր պատգամները չեն երկրորդըիր։ Ան կը գտնէ առատութեամբ դրամ, հագուստ, զէնք, ուտեչիք, որոնք կը հայթայթէ գեղացին խորունկ հաճոյքով։ Երբեք անիկա վախ չունի մատնութենէն, վասնզի անողոք է լեռը ելլող մարդը։ Պզտիկ կասկած մը պիտի բաւէր, որպէսզի ամբողջ ընտանիք մը մորթուէր, բնաջինջ ըլլար, առանց ոչ մէկէն մեղքըցուելու ու ամէնէն շատը՝ ասպատակէն

Ասպատակը գեղին պաշտպանն է նոյն ատեն։ Անոր անունը լեռներուն վրայ մշտագոյ հսկողութիւն մըն է։ Ան կ՚երեւայ զարմանալի արագութեամբ ընդարձակ ու ժամերով իրարմէ տարակայ անտառներուն մէջ, գրեթէ նոյն ժամուն ու կը թուլցնէ օտար աւազակներուն վայրագութիւնները։ Թուրքերը պարտաւոր են բանակցիլ անոր հետ, ի հեճուկս կառավարութեան ու վճարել անոր ուզածները։ Ան գեղէն դուրս իր ազդեցութեան ենթակայ ընդարձակ սահմաններ ունի։ Ու թուրք պոռնիկները հոգի կու տան այդ լեռնականներուն ու ամէն վտանգ արհամարհելով կը գտնեն զանոնք գեղերէն շատ հեռու, վայրի աղբիւրներու, կամ անայց թաւուտներուն ծոցը։ Չէ լսուած, որ անոնք մատնեն երիտասարդը։ Ու պատահած է, որ օրերով պահեն զանիկա իրենց տուներուն մէջ, երբ հետապնդող ոստիկանները հոտ առնեն։ 

Ասպատակը կը զգուշանայ հայ գեղերուն մէջ երեւնալէ։ Ցերեկները գրեթե չեն տեսներ զինքը։ Գիշերները գեղեզերքի տուները 

210

կը մտնէ երբեմն, լաթերը կը փոխէ ու կրկին կը սուզուի անտառը։ Գողութիւնը արհամարհելի զբաղում պիտի նկատուէր իր կողմէ, եթէ թուրքերու եւ չէրքէզներու փոքր արարքները փոխարինելու եւ անոնց բարբարոսութիւնները սանձելու համար չստիպուէր երբեմն ամէնէն բանուկ, ոստիկաններու երթեւեկովը պաշտպանուած խճուղիները կտրելու: Որքան ատեն որ ճակատ ճակատի չէ չափուած կառավարութեան հետ, անիկա շատ չի նեղուիր զօրքերէն։ Բայց անգամ մը որ կրակէ անոր ուժերուն վրայ, անիկա կը հրաւիրէ վայրագ հալածանք մը, որուն սահմանները սակայն չեն անցնիր բնակուած վայ րերէն ու բանուկ խճուղիներէն։ Ոստիկանները շատ զգուշութեամբ կը թափառին անոր հետքերուն վրայ։ Չեն յառաջանար անոր ետեէն, երբ կը կորսնցնեն մինարէներուն կամ զանգակատուններուն ծայրերը, վասնզի շատ դառն ու նուաստացուցիչ փորձերով համոզւած են անոր կարողութեանց ը վրայ ու գիտեն, թէ քարէ քար նետող ու երբեք սուտ չըսող անոնց Հրազէնները իրենց ձեռքին վրայէն սանձը կը կտրեն իրենց գնդակներով։

Ու ասպատակ, մահուան որոշ վճիռով դատապարտուած ասպատակ է Զաքարենց Զաքարը։ Կառավարութիւնը գին է որոշած անոր գլուխին։ Ու այդ իսկ պատճառով երիտասարդը չի մօտենար իր բախտակիցներուն: Անոնցմէ կասկածելու տկարութեան վրայ կ՚աւելնայ սակայն ուրիշ շատ զօրաւոր ու քիչերէ միայն գուշակուած ազդակ մը։ Անիկա հազիւ երկու–երեք շաբաթ պահուեցաւ մեծ լերան ներսը։ Յետո՞յ։ Անիկա սկսաւ նեղուիլ մինչեւ այդ տարիքը իրեն համար անծանօթ զգացումէ մը։ Անիկա կերթար թիւրքմէններուն վրանները, կուտէր անոնց սեղանէն ու կը խմէր անոնց լեռնագեղ աղջիկներուն ձեռքէն։ Բայց երբ կը սուզուէր անթափանց թաԼուտները լերան բարձրագոյն սարերուն, այն ատեն ծունկերը քիչ մը կը բռնուէին։ Ատիկա յոգնութիւնը չէր, ոչ ալ ձանձրոյթը մենութեան։ Անոր շունչը քիչ մը աւելի տաք դուրս կու գար բերանէն, ու պզտիկ կայծեր կը յառնէին աչքերուն գունտէն։ Յետոյ, կը կենար մտիկ ընելու ձեւով։ Ի՞նչ կար իր մէջը։ Այս հարցումին հետ փայլակի մը վրայէն, կը ցաթէր իր մէջ քիչ մը առաջուան երիտասարդ աղջիկը։ Բայց կը սրբուէր։ Ու զզուանքով, ամօթով կը հաստատէր անոր ետեւէն միւսին, վարի գեդի միւս աղջկան պատկե՛րը։ Յետոյ, երեւոյթը դարձաւ պահանջկոտ։ Կու գար անակնկալ պահերու, բըռնաւոր ու չար: Կը կենար աչքերուն դէմք, անկողինին պառկուածքովը, ճերմակ լաթերէն աւելի ճերմակ իր մարմինը փռած անոր ռունգերուն ու բազուկներուն: Ծակ–պտուկը։ Ինչ խեղճ է մարդոց խելքը։ Ո՞վ դրաւ այդ պիտակները։ Անտառներուն մէջ, ինչպէս գերեզմանի մը քովը աղջիկ մը ուրիշ, ուրի՛շ բան է միշտ։ 

2011

Ան ձդեց իր ապահով թաքստոցը, ուր անմատչելի էր բանակ մը զինուորի։ Ու աւելի մօտ ըլլալու համար գեղին ի՞նչ կը յուսար անկէ, որոշ չէր իրեն համար անիկա ծակ մը յարդարեց իրեն, գեղը շրջապատող գաճաճ անտառներու հանգոյցի մը մէջ, որ փորուածքով մը դէպի մեծ լեռը ելք կը ճարէր իրեն։ հեղեղատը արիւնոտ անուն ունէր ու ոստիկանները երբեք սիրտ չընէին պիտի մտնելու այդ դժուարաթափանց փոսէն ներս։ Այսպէս կարճեցուցած անջրպետը, անիկա հակառակ բոլոր խոհեմութիւններուն, հակառակ Հայրապենց հաստատապէս աղաղակուած վրէժին ու սպառնալիքին, անիկա երբեք չմտածելով մահուան, կեանքին, Նազիկէն զատ ուրի: բանի, գեղ իջաւ ամէն գիշեր։ Ու ամէն գիշեր անիկա թափառեցաւ Հայրապենց տուներուն շուրջը։ Ու ոչ ոք գիտէ, թէ այդ ամեհի տղան, փոքրացած, կծկտած, մաուզերը սիկառի մը պէս ճկուն ըրած իր մէկ ձեռքին մէջ, միւսովը կը Հոտուըտայ Հայրապենց դրան չեմն ու աղխե՞րը։ 

| Անոր համար անլուր, անէացող յուզումի իրկուն մը եղաւ, երբ քիչ մը կանուխ ուզելով իջնել գեղ, գերեզմանին դուրսէն լսեց անոր ձայնը։ Գեղին փեսացուները իրենց նշանածէն կը ճանչնան միայն անոր ձայնը։ Տաղաւարի պարերուն անոնց արտօնուած է մտիկ ընել երգը։ Ու կալերէն վեր, թուփերու ետեւէն, անոնք, առանց ծաղրելի ըլլալու կրնան հետեւիլ պարին ու երգին։ Անոնք պիտի զգուշանան տեսանելի ըլլալէ, չխանգարելու համար պարողին սլացքն ու ձայնին զեղումները։ Ու ամէն երիտասարդի պէս Զաքար կը պահէ իր ներսը այդ ձայնէ հիւսուած մարմինը, ատանկ արձակուած միջոցին վրայ, մաքուր ու անհուպ, ինչպէս պարտին ըլլալ մարմինները բոլոր աղջիկներուն։ Ան գամուած մնացեր էր իր սրունքներուն վրայ։ 

| Ու ալ ամէն իրկուն, գերեզմանին վերի պատնէշին ետին, հուն՝ ուր ձորակը կը խստանայ ու անմատոյց ժայռերու թնճուկ մը կը դառնայ, թաւուտի մը կուշտը, հրացանը ծունկին, ան կը խմէ անոր ձայնը, ինչպէս մէկը, որ քաղցրութեան լիճի մը մէջ կը սուզուի ու չի կշտանա՛ր։ Բայց գերեզմանը ամէնէն բազմամբոխ տեղերէն մէկն է գեղին։ Ու լուս աչքով տեղաւորուելու համար իր թաւուտին մէջ, անիկա ստիպուած է սողոսկել, ապառաժին աղիքներուն ընդմէջէն, դժնդակ ու արիւնոտող ճամբորդութի՛ւն, զոր ընելու համար ջուրն անգամ կը խենթանայ պոռալէն ու ծեծուելէն։ 

- Եթէ գիտնա՜ր Հայրապենց Նազիկը, թէ ինչպէս զինքը հետապնդող ջոկատներուն դէմ կռուելու տեղ, Զաքարենց Զաքարը իր անունին անարժան տկարութեամբ մը, իր համբաւը, գուցէ իր կեանքը կը վտանգէր վար, դէպի գեղին անապահով շրջանակները Հակե

- 212

լով, ուր աշխատանքն ու երթեւեկը անայց անկիւն չեն ձգեր գրեթէ։ Եթէ գիտնա՜ր, թէ հզօրագոյն ու սարսափախառն բախումներէ ետքը ինչպէս անիկա շղթաները պատռելով զինուորներուն, միամիտ ու անկարելի խաղարկութեամբ մը գեղին կողմը կը դառնար, կարծես բռնի իր կրունկներէն քաշուելով դէպի հոն ու կը մխրճուէր արիւնոտ ձորին մէջ, հասնելու համար գերեզմանի իր թաքստոցին, ճիշդ տղու պէս ուրախ ու անխելք։ 

- Շատ բան մեր մէջ պատահելէ ետքն է, որ մատչելի կըլլայ մեր դատում են։ Ընդհանրապէս նախընծայ աշխատանքը կը սուղուի մութին մէջ ու չելար լոյսին։ Այս վրիպանքը ուզած են հակասութիւն անուանել մտքին մեծ օրէնսգէտները։ Զաքարին համար, այս վերադարձը ունէր աւելի պարզ զսպանակներ։ Նախ՝ հանդիպումը Նազիկի ձայնին, որուն դէմ անպաշտպան էր իր յուզումի կարօտ սիրտը։ Լեռներու տղայ՝ անիկա ծարաւով կը խորհէր տուներուն, անոնց զաղփաղփուն աղջիկներուն, ա՛լ չդարձող բաներուն ետեւէն մեր անմեկնելի ըղձաւորումով։ Ու կը խորհէր անոնց, որոնք հանդարտ սիրտով մը կը բանան իրենց վերմակները ու կ՚երթան անխռով քունին։ Ան կը նեղուէր մանաւանդ գիշերները, երբ իր զգայարանքները իրենց թերթերը ամփոփող ծաղիկներուն պէս կը գոցէին դուրսին, բայց կը բացուէին իր ներսին։ Վտանգը, պաշարու լու սարսափը ու ասպատակի կրունկէն անպակաս բոլոր անկաչուելի փորձանքները սակայն բաղդատելի չէին իր անձուկին, երբ, ընկող մանած իր որջին խորը, աչքերուն առջեւ կը բերէր` իր առագաստին այնքա՛ն կարճ պատը։ Ամօթը կը պարուրէր զինքը։ Ու կ՚ելլէր աւելի վեր,, նշանած աղջկա անոր այն տեսիլներուն, որոնք դրուագուած էլ իր մէջ։ Բայց, անդիմադրելի մղումով մը այդ պատկերները տեղի կու տային դժնդակ կծկումին, որ կը գալարէր անոր արդէն ձըգտըւած ջիղերը: Ու կը բուսնէր միւս, աղիտաւոր կրակը, որ կը վառի բայց չի հատնիր։ Անիկա իջաւ թուրք գեղերը, լիճէն անդին ու լերան միւս զառիթափին, ուր կնիկները փնտռած էին զինքը ատենին։ Անիկա պառկեցաւ անոնց հետ, ու գարշանքով փախաւ անոնց հոտաւէտ ու կատղած անկողիններէն։ Երեք օր տեւող այս լոգանքը՝ մեղմելու տեղ գրգռած էր անոր ծարաւը։ Ու վազեց իր թուփին՝ բացակայութեան աճեցուցած ու կոյր կարօտովը։

Ու զգացումը կը զօրանար իր մէջ, անանկ արագ ու բռնաւոր, որ անիկա գրեթէ կը մոռնար ասպատակի իր բացառիկ պայմանները։ Երբ լեռը ամբողջ սուզուէր երկինքին մէջ, մանաւանդ փոթորիկի մը վայնասունին դիմաց, որ ճիւղերուն, տերեւներուն ու տարրերուն համատրոփ սիրտէն կը փրթէր կարծես, անիկա կը բանար բերանը ու թող կու տար մելամաղձոտ բայց զգացումով յորդ գեղջուկ երգերը

213

ուր տղաքը «ափ մը չաղի» պէս կը նայէին աղջիկներուն աչքերէն։ Եւ ուրիշնե՞ր, որոնց մէջ գեղը կը պատմէր անպատմելին մարդերուն բոլոր կրակներէն։ Ու եղանակի եղանակ, ու աղջիկէ աղջիկ, անիկա կ՚իյնար չարագուշակ յանկերգին՝ 

«Սիրեմ, Նազի՛կ, ըն քուընիդ

| Օսկի գըրիչէն քաշած... »։ Ցետոյ, անզգալաբար կը փնտռէր իր ձայնէն՝ միասին ոլորքը, ստեղծելու համար ահարկու պատրանքը անոր ներկայութեան։ Ու կը հեծկլտար լերան հետ, ու կը փակէր, կը կլպէր իր շրթները։ Ու այս լռութեան մէջ կ՚ընկճուէր վայնասունը տարրերուն: Բայց կը յառնէր, անդունդէն բարձրացող ոգիի մը պէս, զգացումը ու կը պաբուրէր անոր մարմինը, մազերէն մինչեւ եղունգները, ինչպէս կը սիրեն նկարել. երգերը։ Ու կը հաւաքուէր մարմինին զանազան կէտերուն, ծանր ու շօշափելի։ Կար անիկա մատներու ծայրին, ուր կլոր կրակի մը պէս կը թրթռար ու անոր միտքը կը տանէր եղերական գիչերին։ Ու հզօր զգայախաբութեամբ մը անիկա ներկայ կընէր ծոցին սենեակը ու հոն պարզուած փխրուն պատկերը, երբ նոյն այդ մատներուն ծայրէն անցեր էր Նազիկին աղջիկնութիւնը, անըմբըռնելի, կախարդական հոսումի մը պէս ու այրեր էր զանոնք։ Կար անիկա դարձեալ, նման հոծութեամբ մը, անոր շրթներուն վրայ, որոնք երկիւղալի հրաշքով մը բանտարկուած կը պահէին աղջկան ատերուն հպումը, ամբողջ ու խենթացնող։ Որուն նման պատկեր չէր առած անիկա իր ուզած ու խածած կնիկներէն։ Կը բռնէր անիկա իր շրթունքները ու կը կարծէր շօշափել անոնց վրայ դողացող ստուերը միւսին շրթներուն, անանկ շատ, անանկ իրական, որ կը ցնցուէր ու կը կոտտար իր բոլոր կծիկներուն մէջ։

Ու զգացումը կ՚աճէր իր մէջ, լեցնելու աստիճան անոր ջիղերուն բոլոր խողովակները։ Նեղ, պզտիկ կու գային իրեն իր անհուն լեռները։ Նեղ, քիչ կու գային իրեն մանաւանդ իր ցերեկները, այնքան երկար ու անպարփակ սակայն, ժամերուն կարծր անշարժութեանը մէջէն, երբ պարտադրուած զգուշաւորութիւն մը զինքը կը նետէր ինքնիրեն, իր մենութեան աւելցնելով իր միւս կէսին բզզիւններն ու բիւրաւոր լեզուները։ Անոր վրայ երեւան եկան այն բացառիկ նոպաները, որոնք կրակէ ջուրի նման կը լեցուին մեր վրայ ու մեզ խենթ, հերոս, ոճրագործ կ՚ընեն։ Քանի՜-քանի՜ գիշերներ անիկա իր թաքստոցին մէջ ինքզինքը բռնուած երազեց։ Ու զղջաց ատիկա չըլլալուն։ Բայց իր տարփանքը կը գալարէր զինքը։ Ու անիկա չնստելու համար՝ կը վազէր, անիմաստ մագլումներ կը փորձէր։ Ու տարօրինակ էր, որ մահը չայցելեց իրեն, հակառակ իր բոլոր հիւսուածքնե

214

րուն մէջ գործող ասղնտուքին։ Սիրոյ մէջ յուսայատութիւնը ոճիրին կ՚երթայ։ Ու անձին վրայ բարձրացող ձեռքը բարերար մըն է յաճախ։ 

Անիկա հիւանդ ինկաւ երեք օր, առանց տեղէն կարենալ շարժելու, երբ մացառի մը ետեւ պահուըտած տեղէն իմացաւ պսակը։ Երկու գիւղացիներ իրարու կը պատմ էին նշանակալից եղելութիւնը ու Զաքարին անունը կու տային՝ սարսափելով պատահելիքին հաշւոյն: Ան կրցաւ վերի լեռը բարձրանալ, առանց տկարութեան, բայց անգամ մը երկարելէն յետոյ զգաց զարմանքով, որ չէր չարժեր։ Իր զգայարանքներուն այս թմբիրը կարելի էր շփոթել «աչօք բացօք» քնածութեան մը հետ։ Ո՛չ լուսնալը, իչ մթնելը չփոխեցին այս թալկացումը։

Երեք օր ետք փորձեց քալել ու տեսաւ որ կրնար: Իր մատներովը ճշդեց իր անդամներուն տարողութիւնը ու ամրապէս կանգնեցաւ իր կրունկներուն վրայ։ Այն ատեն դարձան իրեն իր վայրագ բնազդ ները, բայց հեղեղով, բայց ջրվեժով ու իր ուղեղը այդ խուժում էին հազիւ կրցաւ դիմակալել։ խենթ բաներ անցած էին իր մտքին բոլոր ծերպերէն ու իր մարթինը պարպեց, առանց թիրախի, դէմի ծառերուն, ինք՝ որ պարապ զէնք սխմողը կատէր։

Ու կէս էր գիշերը։ Աւելի քան երբեք սպառազէն՝ անիկա մտաւ գեղ, մոռցած սեւ լաթով մը ծածկելու կուրծքի փամփուշտները, որոնք փոքրագոյն լոյսէ մը անգամ՝ կը փայլէին ու կը բազմանային։ Ան կը քալէր, մութին վարժուած իր անյողդողդ քայլերովը, հանդարտ, իբրեւ թէ լուս ըլլար ու կէսօրուան ճաշին իր տունը երթար։ Գնաց շիտակ Կարմիրենց տունը։ Բայց չզարկաւ փողոցի դուռը։ Ինքն ալ չէր գիտեր ինչուն։

Տունը իր ետեւի կողմովը ցանկուած էր ու կը հաղորդուէր թթենիներու խիտ պարտէզի մը։ Թէեւ անոնց ճիւղերը յօտուած էին, բայց տունկերու մերձաւորութիւնը, հասակաձեւ շարուածքը մութին մէջ կը բաւէին պատրանք ստեղծելու։ Անցաւ ցանկապատը, առանց վախի, աճապարանքի։ Հոգը չունէր իր քայլերուն հաստատ աղմուկին: Երբ մեր հոգին ամփոփուած է հզօր բռունցքի մը պէս, մեր անդամները կազդուին այդ կեդրոնացումէն ու հոգեկան հոսանուտին այս նուազումի շրջապատէն՝ կը տկարացնէ անոր ծանրութիւնը։ Ու թեթեւ էր երկաթէ այդ մարդը, երբ կատուի պէս ցատկեց երկրորդ պատէն, որ տունին սայվանը կանջատէր պարտէղէն։ Հայերը իրենց թեւերը զարկին, անհանգիստ ու վտանգաբար։ Ներսի բակին ետեւէն այծ մը եղջիւրները քսքսեց փոքր դուռին ու իր ճիտէն փրթաւ երկարուն հեծկլտանք մը։ Բայց տան վերնայարկը լուռ էր՝ կղպուած ու վախկոտ լռութեամբ մը։ Պարտէզին հայող սենեակէն վարագույրները 

2015

մեծ, իւղոտած թուղթերու պէս փակած կը թուէին պատին սեւ մարմինին ու չէին դողար։ Աղօտ լոյս մը հազիւ ինքզինքը կընէր անհուն, անորոշ ու անիրական։ Ու տղուն այնպէս եկաւ, որ պատուհանները դուռներ էին դրուած պարսպին վրայ։ Սպասեց։ Յետոյ, նեղուած աչք մը պտըտցուց վերն ու վարը։ 

Ամառ գիշերուան տաք խաղաղութիւնը կը պղպջար, քիչ մը ամէն ակերէ։ Ու կը հոսէր միջոցէն անհասկնալի ու ցնորաբեր հոսումը ժամանակի՜ն, կեանքերուն ու մեր յուզումներուն։ Ու տաքուկ էր նորէն հովը, որ կեռասենիին ճիւղերուն մէջ սեւ խորհուրդ մը կբար ու կը դողար տղուն ճակատին վրայ, անոր մազերուն փունջը շոյելով աղջկան մը մատներով։ Այս գգուանքը զինքը նետեց նորէն լերի սենեակին ու ակռաները ցաւեցան իր կզակներուն խորերը։ Ան մտապատկերեց վերի սենեակին բախտաւոր տղան ու իր ոտքերը այդ ճնշումին տակ մղկտացին։ Յետոյ զգաց, որ ամէն կողմէ ասեղներ կ՚երկարէին դէպի իր միսերը: Ու պէտք զգաց քայլ փոխելու

Պատին տակ սանդուխ մը իր երկար հասակով կը պառկէր։ Ձիթենիներուն բերքը ամէն տունի համար անհրաժեշտ կ՚ընէր այդ գործիքները: Ան առանց աղմուկի հատ մը վերցուց շարքէն։ Նեղ ու երկայն սանդուխը կամաց–կամաց վեր ելաւ ու կեցաւ իր ոտքերուն վրայ։ Ան թռչունի փետուրի մը պէս կը խաղար անոր մատներուն մէջ։ Տեղաւորեց զայն երկու պատուհաններուն ճիշդ մէջտեղը։ Իր ահագին մարմինին տակ փայտերը փոր տուին ու դողացին։ Փոյթը չէր անոր։ Հասաւ պատուհաններու գիծին։ Փակցում երեսը ապակիին ու սպասեց։ Ներսէն խռլտուք մը միայն, մենաւոր, կցկտուր ու բզկտուած։ Սահակն էր։ Ու չեկաւ անոր Նազիկին շունչը։ Ու չեկաւ անոր Նազիկին ձայնը։ 

| Մէկէն հանգչեցաւ։ Սուտը երբեմն կ՛ուզենք։ Ու կը հաւատանք անոր։ Այդ խուժ աղմուկին դէմ՝, որ տղուն կոկորդը կ՚ընէր այնքան չարչարուած, Զաքարը սփոփանք զգաց ու Նազիկը տեսաւ անոր թեւերէն հեռու, շատ հեռու։ Մտապատկերը իջեցուց իր պըրկումը բնական սահմաններու։ Ու անիկա կարծես փնտռել տեղեր, ազգականներու տուներ, ուր կրնար գտած ըլալ Նազիկը: Ու կը հաւատար իր իսկ շինածներուն։ Այս մեղմացումը իրեն դարձուց իր մարմինին ամբողջ ծանրութիւնը, որ մէկէն սպառնագին բան մը եղաւ ու սանդուխը ճռացուց իր ոտքերուն տակ։ Իջաւ անիկա վախկոտ, փոքրացած ու վատ։ Սանդուխը տեղաւորեց ու կեցաւ՝ ընելիք չգտնելով։ Աքաղաղ մը պոռաց հաստ ու զօրաւոր։ Մօտ էր յոյսը։ Ելաւ դուրս սայվանէն ու մտաւ տանը պարտէզին մէջ։ Իր աչքերը արտակարգ յստակութեամբ մը կը զանազանէին ածուները, հասնելու 

216

Լրայ տանձերը։ Անիկա ցատկեց ցանկապատը ու մտաւ թթաստաններու կանգուն կմախքներուն մէջ։ Երբ իր որջը հասաւ, արդէն լոյսը առեր էր չորս դին։ _ Ու անկէ ետք, ամէն գիշեր անիկա կը մտնէր պարտէզը։ Պատկեր ու զգայութիւններ նոյնը մնացին։ Ոչ մէկ գիշեր վարագոյրներուն դալկութեան վրայ քիչ մը աւելի գոյն եկաւ։ Ու ոչ մէկ գիշեր ստուեր մը ուրուացաւ անոնց՝ երեսին։ Զինքը տեսան դրացիները, բայց չուզեցին ճանչնալ։ Ո՛չ Կարմիրենց Տիկինը, որ կանուխկեկ կը մտնէր անկողին, փողոցին հաւասար սենեակին խորը ու խուլ ըլլալուն չէր հետաքրքրուեր բոլոր աղմուկներով, ո՛չ Կարմիրենց Սահակը, որ հացը բերնին իր անկողինը կը վազէր ու դպրոցի տղոց մէն առաջ կը ստիպուէր քնանալ Նազիկին կողքին, սպառած ու անկարող, ոչ ալ Նազիկը, որ իր միսերուն թրթռումին ականջ տալու ատեն կը յաղթուէր քունէն, չէին գիտեր ասպատակին այցելութիւնը։ - Բայց Հայրապենց Խաթունը տեղեակ էր ամէն բանի, նոյնիսկ պսակէն առաջ։ Անիկա կատէր ասպատակը, ինք՝ որ տարիներ չարունակ իր տղուն վրայով համն առած էր հալածական ու անապահով կենցաղին։ Յետոյ, հակառակ իր գիտնալուն, չէր կրնար իր տղուն սպանութեան մէջ Զաքարին բաժին չհանել։ Ատկէ զատ գերդաստանը ամէն օր կը յեղյեղէր տարապարտ մատը մեծ ու պայծառ Հաճի Ստեփանին։ Ու կը կրկնէին երդումը, իրենք զիրենք ամրապնդելու համար ատելութեան զգացումին մէջ, որ տարօրինակ թուլութիւններու կը հասնի, երբ անձէն կ՚ելլէ ու բռնի կարծարծուի ուրիշի հաշուոյն։ Ու եթէ յարձակման օրը Հաճի Գրիգորն ու Հաճի Անդրանիկը զէնք պարպեցին իր կողքին թշնամիին դէմ, ըրին ատիկա տկարին Հանդէպ գեղին աւանդութիւններէն ընկճուած։ Անոնք պիտի մաքրէին իրենց հաշիւը աւելի դիւրութեամբ, եթէ. Զաքարին գլուխը պատահական ոճրագործի մը դանակին անգամ՝ մատչելի չըլլար, կառավարական հրամանով։ - Ճիշդ է, որ պառաւը մօտեցաւ կարելի հաշտութեան մը, երբ վերահասու եղաւ տղուն զգացումներուն։ Զաքարը մանուկի մը պէս լացեր էր դայեկին տունը։ Բայց այդքան։ Անիկա ոչ մէկ պահանջ բանաձեւած էր։ չէր կրնար։ Յետոյ, կրակի ու արիւնի այդ ճամբան բաւական ծանօթ էր բոլորին իր ելքովը։ Ու աճապարած էր պառաւը լեցնել փոսը ու իր խելքովը կարգադրել Նազիկին ճակատագիրը մէկ անգամէն։ 

| Պսակէն երկու շաբաթ ետքը, պարտադիր սովորութեան համեմատ, Կարմիրենց Նազիկը թէեւ մինչեւ իր մահը անիկա կանչը

եցաւ բերնէ բերան իր աղջիկնութեան մականունով գնաց Կարմիր արտը, էրկանը կէսօրուան հացը տանելու։ Այս սովորութիւնը

217

Հասարակ աշխատանք մը տարիքն առած կիներու մօտ նոր հարսներուն համար միամիտ ու քաղցրագին բանաստեղծութիւն մըն է։ Ընդհանրապէս մինչեւ աշխատատեղին ընկերացող կեսուրը միջոցը կը գտնէ նորապսակ զոյգը մինակ ձգելու, արտին կամ պարտէզին քիչ մը բաց ինկած մէկ կէտին զբաղում մը ճարելով։ Այն ատեն հարսին անուշ տեսիլքը կը բաւէ կիսելու օրուան կարօտը: Ու անոնց անկողինները հեռու ընող ցերեկը՝ այսպէս լուսաւորուած՝ աշխատողին համար համով ու տանելի կը դառնայ։ հացը կ՚ուտուի աճապարանքով։ Կեսուրը կրկին կը քաշուի դրացի հողերը, փէշ մը աղցան կամ պարկ մը խոտ քաղելու։ Ու ամէն հարս տեսակ մը թաքուն, ոչ ոքէ դաս առնուած պչրանքով կը կատարէ տարիներով երազուած այս պարտականութիւնը։ Անիմանալի ժամ կայ հարսին համար, երբ քողը քամակին՝ պզտիկ ոսկիներու կամարիկներով հիւսած ու հագեցուցած ճակատն ու մազերը, իր իգութիւնը, ա՛լ աւարտած կնիկութիւնը կը ցուցադրէ աշխարհին։ Վտանգի շրջանէն ետք, խաղաղ վայելքին ճառագայթումն է ասիկա, գեղին այնքան դժնդակ կենցաղը լուսաւորող ու տանելի՜ ընող։ Այդ օրուընէ անիկա կին է, մտած իր իշխանութեանը լիութեան մէջ։ Դիտող աչքերը, մինչեւ անոր դուրս ելլելը գեղէն, կը խաթարեն այդ գնացքին իմաստը։ Բայց անկէց դուրս՝ նոր հարսը վստահ է, թէ թուփերուն կամ թալուտներուն ետեւէն, բարեկամ ու օտար կը նային անոր գեղեցկութեան։ Գեղեցկութիւնը վստահութիւն մըն է։ Ու ամէն նոր հարս գեղեցիկ է անպատճառ: - Բայց այս գնացքը խորունկ խռովքով խենթութեան մօտ առակ կը դառնայ, երբ քողին ծփանքը կամ հալաւի զգեստներուն կուսական թաւիչը պաշտպանուին մարմինին, երեսներուն, երբեմն աչքին ու յօնքերուն անփոխարինելի նպաստէն։ Այն ատեն անիկա կ՚անցնի փողոցներէն հրաշքի մը պէս, թեթեւ ու անհպելի։ Ու պարտէզներու շրջանակին մէջ այդ պատկերը հեքիաթէ ինկած դրուագի մը կը վերածուի: Տասնըհինգ տարեկան տղայէն մինչեւ վաթսուննոց ծերը պահ մը կընդհատեն աշխատանքը ու կը նային երեւոյթին, լաւ չհասկընալով, թէ ի՛նչ հոսում է, որ այդպէս կը ծաւալի իրենց չորս դին: Պատանին աչքերը կը կախէ հողին, չիյնալու համար անցնող այդ կրակին մէջ։ Ծերունին իր ոսկորներուն, ալ հանգչած իր միսերուն մէջ պզտիկ ասեղներ կը կարծէ զգալ։