Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.

Հրաշք մը չէր այս պատահարը։

Անոր առաջին պահպանա՛կը, մոյնքին բացառիկ ջնարակը, հակառակ իր քնքշութեան բոլորովին զերծ էգ ու թոյլ այն յարդարանքէն, որով վարշամակուած կը պտըտին ապականած պայազատները, հայրական գուրգուրանքէն տարօրէն շփացած ու մայրական աղապատանքէն գրեթէ աղջիկ դարձած։ Սիւլէյման էֆէնտին խիզախ ու պինդ էր ձայնէն՝ ինչպէս մարմինէն։

Ծովը, բաց օդը, տառապանքը, պալատին յուզումնայեղց մթնոլորտը անոր գիծերուն դրած էին խիստ շեշտ մը ու աղի առոյգութիւն մը։ Աչքերուն մէջ չկեցող իր նայուածքը երբ մենք կ՚ապրինք թաթին տակը անճողոպրելի դժբախտութեան մը, կարծես ճարտարապետութիւնը կ՚առնենք մեզ պարագրկող աղէտին ու կը Հագնինք զայն անփոփոխ հարազատութեամբ, միշտ մնալով այդ կնիքին տակ ու ցոյց կու տանք մեր կերպը, ատկէ դուրս ուրիշը չկրնալ ըլլալով բացակայ կ՚ընէր անոր անձը ինքիրմէն։ Աղջիկներու մօտ տարօրէն յանկուցիչ սա այլուրութիւնը, մանչերու գիծով երկիւղալի բան մը կը դառնայ։ Մասնայատուկ սա ինքնութիւնն էր, որ անմատոյց ըրաւ անոր մարմինը ուրիշներու ցանկութեան։ Անոր մօտենալու համար խոտոր էր ճամբան։

Այս կարեւոր հաստատումէն դուրս, գուցէ դեռ ըլլայ պէտք խորհիլ ուրիշ ալ ազդակներու։ Անոր հօրը խենէշութիւնները, իրենց ուժգնութեան ու բարձրակոհակ թափին մէջ, թերեւս ատեն չէին ճարած զաւկին երակներուն մէջ փոխադրուելու։ Թերեւս պաշտպանուած էր անիկա հրաշալի իր մօրմէն, որ մահուան սպառնալիքով ծառացեր էր անոր անզգամ հօրը դէմ ու պալատը ամրօրէն փակեր մեղքերու մեղքին, տղան պաշտպանելու իր կատաղութեան մէջ, զոհելով ինքզինքը, աչքը կոյր ընելով ուրիշ ամէն ցոփութեան վրայ, բայց կիներու մարզէն։ Իր ողջուցը, անիկա չմտցուց պալատին դուռներէն, երկակենցաղ արարածը, քեաթիպ [1] էֆէնտին, սանկ տասնըհինգ տասնըվեց, որ կը խաղայ երկու չուանի վրայ, ծառայելով տանուտէրին ախորժակներուն ու նոյն ատեն իր մոլութիւններուն։ Տեսակին դէմ տանտիրուհիին սա հսկայ ատելութիւնը առանձնացող մթնոլորտ մըն էր տղուն նորաբաց հոգիին շուրջը, այդ ահաւոր բնակարանին մէջ, որ դպրոցէն անմիջապէս առաջ, հարազատ դժոխքի վերածեր էր անոր երկրորդ մանկութիւնն ու անդրանիկ պարմանութիւնը՝ զայն բռնադրելով ամէնէն տրտում, անքաւելի զրկանքին, տունէն, ազատութենէն տարագրումին, խրելու համար գիշերօթ ու այլապէս նեխած կենցաղի։ Չունինք աւելի թանկ ու սրտառուչ կտոր մը մեր կեանքէն, քան յիշատակը մեր այդ տարիներուն, որոնց իմաստները քաշուած են մեր հոգիին պատերուն, անջինջ գիրերով։ Կը մոռցուին թերեւս հարստութիւնը, անոր կապուած վայելքներուն պսակները, ու առաջին հպարտութիւնները գերդաստանեան փառքերուն, երբ աւելի ետքը մեր նաւը խրի ճախճախուտին կամ բաց ծովն ի վար հեռանայ արշաւասոյր։ Գիտեմ, թէ այլագունած ալ կ՚ըլլան այդ տարիները, երբ զրկանքին, աղքատութեան խոր աղջուրովն են ծծուած։ Անգամ մը սակայն ազատելէ յետոյ այդ խալարումէն, կը բիւրեղանան անքակտելի գեղեցկութեամբ մը ու մեզի կ՚այցելեն մեր վիշտին՝ ինչպէս հաճոյքին զուգահետ։ Ու կը դիմանայ մա՛նաւանդ այն միւս վիճակն ալ, թեթեւ թուացող, բայց տարօրէն ծփանուտ կենսաշերտը, տեսիլքը, ըսեմ՝ հրաշքը, զոր եղած ենք ամէնքս այդ տարիներուն, իւրաքանչիւրս մեր ձեւովը։ Այնքան սերտ ու խիտ է զայն լեցնող կենսահիւթը, որ մեր բոլոր շրջումներուն, խարխափումներուն կը դիմանայ, ու այդ ամէնուն աւերակոյտին վրայ գտէք ժամանակին դիակին համար աւելի յարմար տարազ մը կը պլպլայ անմեռ կանթեղի մը նման։ Արուեստը լայնօրէն կը շահագործէ այդ գօտիին զգայնութիւնները։

Ու պէտք է ըսել.

Անիկա չսիրուեցաւ, բացի մօրմէն, ոչ ոքէ։ Դպրոցի ընկերներէն՝ ծանօթ պատճառներով։ Կնոջմէն՝ զոր սպաններ էր։ Հօրմէն՝ որուն համար կ՚ամչնար, վեց տարեկանին իսկ։ Արիւնը իր թափածը անոր վերադարձուց կեանքէն իր գերագոյն պահանջը։ Սէ՜ր։ Զոր պիտի ճանչնար բանտի իր բախտակիցներէն։ Այսպէս կը դրուի տրամը կարգ մը ճակատագիրներու։

Ու չսիրեց։

Ու տարադէպ ճշդութի՜ւնը աշխարհին կարգ մը օրէնքներուն, հոգիին գաւառներէն ալ ներս։ Նմաններու վանողութիւնը ու աննմաններու ձգողութիւնը իրարու հանդէպ։ Սիւլէյման էֆէնտիին պապա՜կը այդ զգացումին ետեւէն։ Սե՜ր։ Այս զգայարանքը թերեւս բնութեան ալ մոռցուած գաղտնիքն է մեր մէջ. թերեւս անհուն հեռաւորութիւններէ մեզի մնացած հրիտակ մը, մեր մէջ զօրեղ կերպով տեղաւորուած, գոյութեան մէկ դարաշրջանին, երբ մէկ մարմնի մէջ սեռային գործարանները ամբողջ կը կրէինք մեր անձին վրայ ու տեղի չէր ունեցած սեռերու բաժանումը։ Ո՜վ գիտէ։

Սիրոյ աստուածը խորտակուած էր այդ տղուն մէջ, դեռ չզատուած մօրը ծոցէն։ Ու մռայլ էր անիկա, ժպտելու անտուն կարօտէ մը տանջահար, ու անդամալոյծ՝ սիրոյ իր տենդէն։ Գարշանքը, տեւական մթնոլորտ, կը տպաւորէ մեր հոգին, որ կը կորսնցնէ բացուելու իր ուժերը։ Անոր Հոգիին գօսացումին մէջ սա մնայուն զգուշաւորութիւնն ալ կ՚արժէր վեր առնել։

Ա՛ն՝ որ կեանքէն կ՚ուրացուի, պիտի տրուի երազին (կը զեղչեմ մահը)։

Ա՛ն՝ որ երազէն կ՚արհամարհուի, պիտի հրուի կիրքերուն (երբ կարդալ գիտէ ու չի վախնար մահէն)։

Ա՛ն՝ որ գիրքերէն ալ կ՚ըլլայ յուսախաբ, պիտի դառնայ աշխարհին, շրջուած կատաղութեամբ։

Գիրքերը անշուշտ իրենց բարիքը չեն սակարկեր, ինչպէս չեն ալ ներկեր չարիքը, որ կը քնանայ իրենց էջերու վանդակին։ Անոնք երբեմն չեն ալ հարցներ տարիքը, ազգութիւնը, հոգեվիճակը զիրենք ձեռնողին։ Ու խելօք բան է նմանցնել զանոնք ամրոցներու, ուր պիտի քաշուինք, մահուան սպասելու, երբ պարտուած ենք։

Ա՞յս էր պատճառը, որ կարդաց անիկա ագահաբար։ Ուսուցիչներէն իր սորվածը գտաւ անիկա թուղթերէն ու գտաւ միս-մինակ, առանց անհանգիստ ըլլալու ընկերներուն մտահոգութիւններէն։ Պաշտօն մը չէր հետապնդեր։ Կ՚ատէր ռեժիմը, որպէսզի անոր սպասարկութեան ցանկութիւնը ներէր իրեն։ Ու ինքզինքը կը խարըսխէր դիրքերու մեծ կայսրութեան մէջ, օտարանալով իր անձէն անգամ։ Դասե՞րը։ Բայց խաղալիք էին քննութիւնները։ Անշուշտ, գաւառական քաղաքի մը մէջ, դպրոցական գրադարան մը, առանց եւրոպական լեզուի մը, չի կրնար կատարել ձերբազատումը ուղեղի մը։ Ատկէ զատ՝ գրաքննութիւնը կը հսկէր բոլոր մատենադարաններուն։ Ու թուրքերը նոր կը մօտենային գիրքին։ Ստոյգ է, որ սորվելու տենչը կը նմանի իրական կրակին, որ կը մաքրէ այրած ատենն իսկ։ Ու տղոց «մեղքը շինել»ը վարկպարազի բացատրութիւն մը չէ, հակառակ իր վրայ կատարուած մեծ շահադիտութեան։ Ո՛չ գիտական էր անոր խառնուածքը, ոչ ալ գրական։ Տառապանքի եւ պժգանքի մեծ ջուրերը կործանած էին անոր մտքէն գատրոները անշահաբեր հետաքրքրութեանց, որոնք գիտական ըմբռնողութեան մը նախապայմանը կը կազմեն։ Ու անհուն կեղծիքը, որ թուրք բանաստեղծութիւնը կ՚ողողէր, մա՛նաւանդ դասական դարձածներուն մէջ, երբ տղաքը իրենց «Աստուծոյ շուք» վեհապետին փառքն ու տարփողը կը սորվէին գոց ու քիչ մըն ալ աղօթք, զայն ըրած էր խորապէս յոռետես այդ «սուտին իշխաններուն» դէմ։ Բա՞ց։ Պատմական գիրքերուն սահմանափակ հորիզոնը։ Խորացաւ այդ գիրքերուն մէջը, անշուշտ շրջանին յայտարարած ճամբաներով ու ամրացուց իր անհաւասար, հակամարտ յուզումներէ կոծուած անձնաւորութիւնը։ Դիւանագիտութիւնը զբաղումք մը չէ միայն, այլեւ՝ պսակում մը։ Պատմութիւնը՝ անոր նախապայմանը։ Ու մարդ մըն էր ան գրեթէ՝ պաշտօնապէս եւ իրաւապէս տէրը իր տիտղոսին, էֆէնտիին, շրջանաւարտի հանդէսին։

 

 



[1]         Քեաթիպ - քարտուղար։