Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Թ.

 

Իշխանի մը պէս մեծահամբաւ այս աղային, իր ընտանիքով հետախաղաղ կորուստը անշո՛ւշտ որ զբաղեցուց լրջօրէն նաւահանգիստին գայմագամը, քանի որ պալատէն մասնաւոր հեռագիր մը կը հրահանգէր ամէն գնով երեւան հանել հեղինակները սա «անլուր եղեռնագործութեան»։ Այդ հեռագիրը մոռցած էր 5–6 տարի առաջ ուրիշ հրահանգները, որոնք խմբագրուած էին անուշիկ բառերով ու արեան մէջ թաթխեցին ոչ թէ այսպէս խեղճ ու պատառ ագարակ մը, այլ շէն ու մեծ քաղաքներ։ Հայկական ջարդերը հրահանգուած էին անմեղ բառերով։

Էտհէմ չավուշին խումբը, զէնքերը ծով թափելէ վերջ, լուծուեցաւ ինքնաբերաբար։ Ոսկիներու գործածութեան անտեղի է հետեւիլ։ Անոնցմէ ոմանք երեւցան Պրուսա։ Ուրիշներ անցան Պոլիս։ Որ մէկը չունչը առաւ Իզմիր, հալեցնելու համար ոճիրին գինը հաճոյքի ու շուայտութեան սեղաններու մէջ։ Պատահական սա սպանդները, ցոփակեաց ու գինով դատարկապորտներու համար քիչիկ մը տաք ու արիւնոտ հանդէսներ էին, վտանգէ թեթեւ, վասնզի՝ ապահով։ Բացառութիւն էր անշուշտ ալպանացիներուն վրայ սա ձեռնարկը։ Հրոսապետը իր համբաւին ամբողջ կշիռին պէտք էր ունեցած, համոզելու համար սեռով դիւահար սա անասունները, անոնց պատմելով, հոյակապ պատկերացմամբ, գեղեցկութիւնը հասուն աղջիկին, որ հանդերձուած էր ճամբայ հանուելու փատիշահին անկողնին։ Սեռին սլաքը ամենազօր է, բայց մա՛նաւանդ անտուն ու անխարիսխ սրիկաներուն ողնուղեղն ի վար։

Իր փոյթին եւ անձուկին մէջ, կառավարութիւնը ժամանակ շահելու իր քաղաքականութեամբ, գիտակցօրէն ձերբակալեց անմեղ անտառապահներ, երեք-չորս ժամ հեռու յոյն գիւղակներէ, որոնք ծովախորշը եզերող բարձունքներու վրայ ծուարած՝ ենթակայ էին ալպանացիներուն բռնութեանց։ Ծովու վրայ շրջող բոլոր նաւերն ու նաւակները ենթարկուեցան խիստ խուզարկութեան։ Բայց ծեծուեցան չարաչար քրիստոնեայ ջրկիրներ, որոնք անողորմ այդ տանջանքին տակ ստորագրեցին փառաւոր տեղեկագիրներ, իրենց յանցապարտութիւնը հաստատող։ Խեղճ ու կրակ, իրենց բոլոր իշուկներէն աւելի թշուառ այդ գիւղացիները կը խոստովանէին գործադրած ըլլալ խողխողումը ի հաշիւ այս ու այն պէյին, որուն անունն ալ հնարուած էր միակտուր։ Այս տեղեկագիրները անշուշտ չղրկուեցան Պրուսա, բայց պատճառ եղան ուրիշներու խմբագրումին, որոնցմով արդարութիւնը հետքեր գտած ըլլալու յոյսը կը հաղորդէր պատկանեալ դիւաններուն։ Ու սնդիկ աւազակապետը կ՚օգնէր ոստիկանութեան, իր մասնաւոր քերծեներովը բոլոր կասկածելիները մատնանիշ ընելով, իր ընկերները բոլորն ալ հեռացնելէ ետք։

Յետոյ, լուծելու համար առեղծուածը, ոստիկաններուն իմաստութիւնը, հեքիաթը եւ այդ օրերուն գործադրուած ուրիշ սպանութիւն մը բերին բաւարար նպաստ։ Խելօք Դաւիթ մը Սապիտին աղային պատահարը կարծեց բացատրուած ըլլալ, հնարելով միջգերդաստանեան, շատ ծանօթ ատելութիւն ու վրէժ, ով գիտէ Ալպանիոյ ո՛ր լեռներէն իր երդումը հատուցանող ոճրապարտ խմբակի մը ուսերուն նետելով այսքան քստմնելի սպանութեան մը հեղինակի իրաւունքը : Ոեւէ թուրք չէ՜ր կրնար անգթութիւնը տարածել դէպի տրուած սահմանները։ Այս բարոյական վսեմ պատգամէն զատ, մէջտեղն էին ալպանացիներուն բարքերը, որոնք ընտանեկան մեծ բախումներ կը յաւերժացնէին։ Ինկողին վրէժը բաց գիրք մը էր, զոր պարտաւոր էին փակել ողջերը։ Ու գժտութիւնները հարթելու սա եղանակը փոխադարձ փողոտումն էր ո՛ւր որ տեղի ունենար հանդիպումը։ Անշուշտ կիները կը խնայուէին Ալպանիա՝ ինչպէս Թուրքիա։ Ու գեղանի օրիորդին հեքիաթը կը պտըտէր՝ հասկնալի ընելու համար վայրագութեան սա աստիճանը։ Ոչ բոլորովին անցեալին ապրանք սա խժդժութիւնները թարմացած ու հեքիաթ, կը պատմուէին ծերացած կոյրերէ, համով, կենդանի, գրաւիչ յեղումով, որ աշուղներուն ասումները կը գունաւորէ։

Ժողովուրդը պատճառ չունէր չհաւատալու։ Վասնզի եղեռնագործութեան երրորդ օրը, նաւահանգիստին ամէնէն մեծ քազինո յին ծովադիր պատշգամին վրայ, ոչխարենի հագած հովիւ մը, ի հարկէ ալպանացի, օր ցերեկով սպաննած էր քազինոյին վարձակալ ընչեղ՝ ինչպէս հսկայ ալպանացին, երկու հեղ հաճի, երեք հեղ մարդասպան, ոխերիմ հակառակորդ ծովախորշեան գերդաստանին ու անուանի բռնակալ։ Մե՞ղքը։ Հովիւը կը յայտարարէր իրեն հասցուած զրկանքը, որ չուխայի մը շուրջ կը դառնար։ Իր տէրը, հակառակ խոստումին, մերժած էր այդ անհրաժեշտ ապրանքը, եւ մարդը գործադրեր էր իրենց երկրին արդարութիւնը։ Մե՞ղքը։ Հեքիաթն ու ոստիկանութիւնը կ՚աւելցնէին։

- Վրիժառու յիմարը հաւանաբար արիւնը կը գանձէր սպաննուածներուն։

Ու հակառակ անոր, որ ոչ մէկ փաստ ունէր գոյութիւն, Սապիտին աղային բնաջնջումը կապուեցաւ դիւրաւ նոր եղեռնին։ Մինչեւ որ յատուկ քննիչ մը կացութիւնը պարզեց։ Ըստ մեծիմաստ տեղեկագրին, խորունկ քննութեանց արդիւնք, անհերքելի իրականութիւն էր ալպանական տարազով հրոսախումբի մը երեւումը ծովախորշի երկու եզրերուն ալ։ Նոյնքան անհերքելի էր անոնց ալպանական ծագումն ալ, քանի որ քննիչը, Շքոտրայի մէջ մարդահամարի դիւանին աւագ քարտուղար, կատարելապէս ծանօթ էր այդ բարբարոսներու բարքերուն։ Ձերբակալութի՞ւնը։ Ատ էր ահաւասիկ դժուարագոյն կէտը։ Վասնզի այդ թափառական եւ վախկոտ ոճրագործները, իրենց երդումը վճարելէն ետքը, կը դառնային իրենց երկիրը, անցնելով իրենց հօտերուն գլուխը, մինչ ասդին հէք ժանտարմները երկինքն ու գետինը իրարու կը խառնէին՝ թռած այդ մարդերը գտնելու համար։

Միւս կողմէ՝ ստոյգը ան էր, որ ալպանացիներուն մէջ բարքերը կը պահէին միջնադարեան իրենց բոլոր սաստկութիւնը։ Ու յարաբերութեանց, տեղէ տեղ փախուստին դիւրացումը ընդարձակած էր վրէժի անունով գործուած ոճիրներուն սահմանը, Ալպանիայէն մինչեւ Անատոլու։ Սպաննուած մեծ հօր մը թոռը, որ փոքր էր ոճիրէն առնուազն կես դարով, ճամբայ կ՚իյնար Ալպանիայէն, գանձելու ապառիկ մնացած արիւնը սպաննող մեծ հօրը թոռնէն ու կը գանձէր։

Քիչ-քիչ ժամանակը կատարեց իր դերը։ Պալատը չերկրորդեց իր հեռագիրը։ Քանի մը նամակներ, որոնք ցանցառեցան։ Աւելի յետոյ՝ միջամտեց թրքական իմաստութիւնը։ Օրհնուէին ձեռքերը, որոնք քանդած էին աւազակներու այդ բոյնը։

Ու խաղաղութիւնը հաստատուեցաւ, ագարակին հողերուն վաճառումովը։ Սապիտին աղային երկու տղաքը, Պոլիս ու Սուրիա մեծ պաշտօնատար, շահեթափ եղան հետապնդումէն ու մոռնալու համար իրենց կսկիծը, սուղ–աժան հանեցեն ձեռքէ անիծեալ որջը։

Թուրք հողատէր մը, Էտհէմ չավուշին նպաստովը, տէր կ՚ըլլար ընդարձակ կալուածին։ Ու ոճիրը կը փակուէր հետախաղաղ։