Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԵԽԸ

Տարուած ձայնէ մը հըզօր՝ կը զգայի խորթ ամէն ձայն,

Ոտքիս տակ հողը խարխուլ։

Աշխարհը զիս յաւակնոտ՝ փնտռտուքի մէջ ունայն,

Անբուժելի գըտաւ, խուլ։

 

Բամբասեցին, հեգնեցին զիս, օրերուս մէջ փլչուն՝

Մինչ մեծ ժայռի մը նըման

Գըլորող սիրտըս գրկած՝ կը ճգնէի լեռներուն

Կատարներուն տանիլ զայն։

 

Սըրունքներուս փաթթըւող ցեխի այդ սեւ հեղեղին

Կեցած սակայն կը նայիմ արդ՝ քաղցրութեամբ, մինչ արդէն

Կը հատնի կեանքըս քիչ-քիչ, սպառելով ամէն խինդ։

Եւ առանձին՝ ես կ’անցնիմ երազանքի մը արտէն։

 

Ի՛նչ փոյթ թէ խուլ են եղեր եւ ապերախտ ինծի դէմ,

Թէ տառապեր եմ ի զուր, չառնելով ոչ մէկ յագուրդ

Եւ ոչ ալ վարձքը ճիգիս… Ես ապրեցայ, ու գիտեմ,

Որ սիրտս աճեր է, մեծցեր, լեցուեր լոյսով մը մաքուր։