Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՇԵՐՆԵՐ

Անրձեւամած մայթերուն

Վրայ խաղողներ կը ճըզմեն։

Կը գինովնամ փրփըրուն

Լոյսերու այդ հոսումէն։

 

Սալարկները բաժակներ

Կ’ըլլան յորդուն ու գինին

Կը վերածուի արեան, մեր

Հրաշքները նոր կը գծուին։

 

Գիւղին նաշիհն ու ճերմակ

Փոշիներն են դաշտերուն,

Երբ լուսինին լոյսին տակ

Կ’օծուի ոստանը հեռուն։

 

Երկինքը քար մ’է. կ’աղան

Ջաղացները երազիս,

Եւ ալիւրի սրբութեան

Պէս կ’ողողէ լոյս մը զիս։

 

Մըշուշ գիշերն՝ ամէն տուն

Ու ամէն ծառ շերամ մ’է,

Որ կը շարժի՝ խըլրտուն

Շողերու մեղկ մեղրին մէջ։

 

Քաղաքը մեծ կ’անհետի,

Կը բաժնէ զիս իրմէ։ Ի՜նչ

Ուրացում է։ Բայց անդին

Կ’աճի աշխարհ մը դիւթիչ։

 

Խաւար հողերը հանքեր

Կը խըմորեն իրենց տակ.

Ես զիս հարուստ կը զգամ, երբ

Վիշտ է ու մութ անյատակ։

 

Խօլ, հողմակոծ գիշերին

Մէջ, ծառերուն հետ հեծող,

Կ’արձակեմ ճիչ մը խորին.

-Օ՜ ինչ նախանձ, օ՜ ինչ ոխ…

 

Եւ այդ ցաւէս կը ծընի

Սէր մ’աւելի մեծ, արդար,

Հըպարտութիւն մ’արքենի՝

Հայրենիքի մը համար։

 

Լուռ գիշերին մէջ ձիւնի՝

Կը գըտնեմ նոր տեքորներ։

Ճերմակ բեգասը կ’անցնի

Քաղաքն ի վեր փղոսկրակերտ։

 

Ամպերուն մէջ կը մեռնի

Ձիւնածածկ մեծ պողոտան։

Մարմարներ են դամբանի…

Օ՜ վերացում յաղթական։

 

Մեծ երազներըս կուգան

Աստեղազարդ ու բարի

Գիշերներուն մէջ ամրան,

Երբ կիներու պէս՝ պարի

 

Քայլեր կ’առնեն ու կ’երգեն

Շատրուանները բոլոր.

Ու տուներու տանիքէն

Կ’ելլէ քունի ծուխն անդորր։