Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԲ ԿԸ ԽՈՐՀԻՄ ԵՍ ՄԱՀՈՒԱՆ

I

Սեղանիս վրայ կը հսկէ գանկ մը, որուն աչքերուն

Ու բերնին մէջ կը վառի

Լոյս մ’յակինթի պէս դեղին եւ խէժի պէս ծործորուն,

Թէ՛ ահաւոր, թէ՛ բարի։

 

Պատերը մերթ, կ’օրհնըւին։ Կ’անհետանայ ամէն վիշտ,

Ամէն խոյանք սընափառ։

Երբ կը խորհիմ ես մահուան, որ պիտ գայ օր մ’ընդմիշտ

Դարձընել զիս հող ու քար։

 

Տանիքիս վրայ կ’անուշնայ ձայնն աշնան թանձր անձրեւին,

Եւ իրերուն շուրջի մեր,

Ես կարօտով կը նայիմ անցորդներուն, որ ձուլուին,

Պիտի զատուին օր մ’ինծմէ։

 

Փախչիլ կեանքէն եւ գըտնել կ’ուզեմ աշխարհ մը ես՝ մերթ,

Վեր աշխարհէն մեր ճղճիմ։

Բայց սարսափով կ’արթննամ եւ վերըստին ցեխակերտ

Այս գոյութեան կը կառչիմ։

 

Ցուրտ գիշերին մէջ գանկն այս բերրի արեւ է, Ապրիլ,

Զիս վարող ուժ մը հըզօր։

Մըտածելով է մահուան որ կը սորվիմ ես ապրիլ,

Կը զօրանամ օրէ օր։

II

Օ՜ ինչ իտէալ բնակարան էր, օ՜ ինչ երազ՝

Մըտամոլոր տըղայութեանս համար, Յոնաս [1],

Կէտ ձուկն, որ քեզ իր կողերուն մէջ կը կըրէր

Ու կը ճեղքէր անհուն ծովեր, հոսուն քարեր։

 

Ան կը սահէր ականի պէս ահեղավազ՝

Ջըրաներկիս կապոյտն ի վեր։ Ու անտարբեր՝

Կը ժըպտէիր պատուհանէդ, դուն, մեծ նաւազ՝

Արձակելով ծըխախոտի ծուխի ամպեր։

 

Վրձինս գըծեր էր տետրակիս եզրին վըրան

Ափը, ուր ան պիտի նետէր քեզ՝ կենդանի,

Ուրկէ անդին պարապութիւնն էր անսահման,

Ուր կ’ուզէի, որ մեծ խորհուրդ մը քեզ տանի։

 

Եւ հիմա, դառն տարիներէ վերջ, ես կըրկին

Քեզ կը յիշեմ, երբ կը խորհիմ մահուան վըրայ,

Որ ձուկիդ պէս, կը թուի ինձ, խոր երկնքին

Կապոյտներէն վըսեմօրէն պիտի սուրայ։

 

Ճամբորդութեանդ պէս հրաշալի, օ՜ մեծ Յոնաս,

Իմ մեկնումիս կը պատրաստուիմ ես քաջաբար,

Յուսալով միշտ, որ կը սպասեն ափ ու աւազ՝

Աշխարհ մը նոր, նոր կեանք մը ինձ տալու համար։



[1] Յոնաս. - Աստուածաշնչական կերպար: Հայկական թարգմանութեամբ` ծանօթ Յովնան մարգարէն: