Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՆՁՆՈՒԻՆՔ, ՍԷՐ, ՄԵՐ ՍԻՐՈՅՆ

Ինծի տալիք, Սէ՛ր, անհուն երջանկութիւնըդ պատուար

Չարութեանց դէմ, պատասխան

Պիտի ըլլայ քէներուն, դատումներուն դէմ թշուառ,

Վրէժիս պատկերն յաղթական։

 

Ձըգենք խօսին, գանգատին. փակենք դռներն անոնց դէմ.

Քանզի ըսեն թէ չըսեն,

Պիտի տանք մաս մը մենէ, արգասաբեր ու վըսեմ՝

Մեր արիւնէն, մեր միսէն։

 

Ինծի տալիք, Սէ՜ր, անհուն երանութիւնըդ հարուած՝

Պիտի ըլլայ յաղթանակ

Հրէշին վրայ այն ներքին, որ մեր սրտին վրայ թառած՝

Կը քամէ մեզ շարունակ։

 

Յանձնըւինք, Սէ՜ր, մեր սիրոյն, ձերբազատուած գովեստէն.

Կռնակ տալով սէրերուն,

Մենք հասնինք հոն, ուր յոյսեր մեր անձն ամբողջ կը զըտեն,

Կը փըռեն լոյս մը հեռուն։