Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՈՐԴ»Ը

Հին, տօնական իրիկուն մ’էր, մութին մէջ կը ծըխար

Խունկը, կրակէն կը փայլէր մեր լուսամուտը ցըրտին

Ու կը խնդար (հողմավար ծառե՜ր), որպէս ոգին չար

Որ կը կանչէր մայրըս՝ երբ կու տայի ցաւ իր սրտին։

 

Մայրըս տըխուր ու բարի՝ պառկած, անճար կ’արտասուէր.

Կը ցցուէր վեր մերթ ընդ մերթ, ինձ կը սպառնար իր մահով։

Իր հոգւոյն մէջ կը ծըխար յոյսը զաւկի մ’անձնըւէր

Եւ խելացի, մինչդեռ ե՞ս… (Դուրսն առատ ձիւն էր, խենթ հով)։

 

Կը վերյիշեմ. դադրեցուց իր լացն յանկարծ, նստեցաւ.

Ու պոռաց քաղցր իր ձայնով. - Քու մէջըդ ո՛րդ կայ, տըղայ…

Ներէ՛ ինձ, մայր. հանճարեղ այդ ի՜նչ պատգամ եւ ի՜նչ ցաւ։

 

Տարիներ վերջ, սիրտըս դեռ այդ «որդ»ին դէմ կը դողայ։

-Չեղայ երբեք ես տըղան եւ յետոյ մարդը ուզուած.

Ներէ՛ ինձ, մայր, «որդ»ն էր միշտ. եւ մերթ խենթ վազք էր, մերթ լաց։