17.
ՆՈՊԱՆԵՐԸ
Մթութեան
մէջ
վըհուկի
մը
պէս
թախծադէմ,
Ցաւոտ
Սիրոյ
հարուածն
է
որ
կ'իջնէ
կուրծքիս.
Ու
Տենչանքի
ծիրանիէն
հրաշէկ
հոգիս
Դեռ
կ'ընդգրկէ
յիշատակներ`
զորըս
կ'ատեմ:
Բոլոր
լոյսերն
ալ
մարեցան
հետըզհետէ.
Ես
կը
սիրեմ
այս
խաւարը
տառապագին,
Ուր
վիշտ
մը
լայն`
սիրտըս
կուրծքէս
դուրս
կը
նետէ,
Եւ
ես
կ'ըմպեմ
սեւ
հեշտանքը
ցաւոտ
Կեանքին:
Խաւարին
մէջ
չունիմ
խարխափն
Երազանքին,
Ու
կը
դադրիմ
սէրերու
շուրջ
թափառելէն.
Բոցեղ
աչքերս
ունին
կայծակ
մը
թախծագին,
Սիրտէս
ցաւերն
հեծքեր
վայրագ
լոկ
կը
խըլեն: