Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
24. ԱՅԳԵՐԳ
       Այգն է ծաղիկ երազով լի ու բալաձիգ` թեթեւօրէն.
Մըշուշն անծալ ջրվէժի պէս ամբարտակէն վար կը հոսի.
Իր չըփոյթին մէջ կը շիկնի ոսկի աղջիկն արշալոյսի,
Այգն է ծաղիկ երազով լի ու բալաձիգ` թեթեւօրէն:
       Երկու բոցէ թեւերու մէջ ծովանըկարն է սխրալի՜.
եւԿապոյտի՜ փառք ամրափակուած շրջագիծով ոսկեդրուագ, եւ
Ուր ցնծալից թեւճակներու հեշտերգն ունին կուր ու նաւակ.
Երկու բոցէ թեւերու մէջ ծովանըկարն է սխրալի՜:
       Պիտի ըմպե՜մ բոցն արեւին, ճառագայթի՜ եմ ծարաւի.
Պիտի ծըծեմ բոյրն առտըւան` հոգւոյս համար` որ հիւա՜նդ է.
Հոգւոյս համար` որ կ'երազէր գգուոտ ու մեղմ շունչն հարաւի,
Պիտի ըմպե՜մ բոցն արեւին, ճառագայթի՜ եմ ծարաւի:
       Քիչ մըն ալ դո՛ւն ժպտէիր, ա՜հ, հոգւոյս համար` որ հիւա՜նդ է.
Նայուածքի խաղª որով դառնայ աշխարհն ինծի ծափ ու ծաղիկ,
Տարիներով իմ երազս էր սիրոյ գարուն մը խաղաղիկ,
Քիչ մըն ալ դո՛ւն ժպտէիր, ա՜հ, հոգւոյս համար` որ հիւա՜նդ է:
       Սէր-Արեւիդ բոցն երկարէ խորերն հոգւոյս իմ պատանի,
Զերթ արեւին լեզուակն ոսկի` որ կը ծըծէ մըշուշն այգուն.
Ո՞ւր է ճաճանչն, հուրքը ջերմին` որ մառախուղն առնէ տանի,
Սէր-Արեւիդ բոցն երկարէ խորերն հոգւոյս իմ պատանի: