Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
14. ՑՆՈՐՈՏ ԱՆԴՈՐՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
       Հեշտ, փալփըլուն գիշերներու անդորրութիւն մը ցնորական…
Դօդօշներու մերթ կեղերջներ լուռին սրբոյթը կը լլկեն.
Ծովախորշին մէջ ընկղմած լոյսէ աչքեր` որ կը խոկան`
Յոգնա՜ծ, մաշա՜ծ իրենց տարփոտ, իրենց բոցեղ տրտմութենէն:
       Ցայգն է ժայթքած իր շողակի շատրըւաններն անրջական,
Հեռուներէն ուտի մը թաւ հեծքը կու գայ դողդըղալէն.
Այս գիշեր ջերմ ու երազուած կայծեր հոգւոյս խորերն ինկան,
Կը մարեմ լոյսը լամպարիս, ու կ'երազեմ մըրափելէն:
       Շանթէ աչքեր, բոցէ թեւեր մըտածումիս կ'անցնին քովէն.
Եւ հուրիներ` նոր հոլանած ալապաստրը իրենց կուրծքին`
Որոնց համար շրթունքներըս անթիւ իղձեր կը թոթովեն:
       Որմին վըրայ տրտմութիւն մը կը ցանէ բիլ եղրեւանին,
Դաշտերուն մէջ հարսնուկներու բոսոր իղձերը կը ցամքին.
Մինչ ես կ'ըմպեմ հաշիշն անյագ ցընորաբեր այս գիշերին: