Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
32. ՑԱՅԳԱՅԻՆ
       Լուսնի մահիկն երբ
Սանդուխներու վրայ
Մեղմով կը տեղայ
Լոյծ, անձրեւակերպ
Սահանքն իր լոյսին:
       Եւ երբ մանիշակ
Գոլորշիներուն
Մըշուշն անապակ
Կը ծաղկի թրթռուն
Ծովերուն վըրայ:
       Խորն իմ սենեակիս
Կը հանգչի հոգիս.
Փակաչք ու անթարթ
Կը ծըփամ հանդարտ
Ըստուերի գորշ գորշ
Լըճակներուն մէջ:
       Հայելիներուն
Հոգին պըրիսմակ
Կը դողայ համակ
Երբոր սարսըռուն
Աշտանակներուն
Ծիրանի ցոլքեր
Կը սահին անոր
Վըճիտ ծալքերէն:
       Հոգւոյս ալ մէջէն
Տակաւ կ'երկարի
Փափուկ արծաթի
Շաւիղ մը ձայնի:
Ու ճառագայթներ`
Որ զիս կը կանչեն
Հոգւոյդ ալուցքէն
Կը հասնին ինծի:
       Հապօ՜ն, կը մեկնին
Իմ անրջանքին
Թիթեռներն ամէն,
Ու միջոցին մէջ
Յուշիկ կը գըծեն
Շառայլ թըռիչքին
Ակօսն հեշտագին:
       Ակօսն հեշտագին`
Որ ձայնիդ կառչած
Կ'երկարի մինչեւ
Քու սրտիդ արեւ…