35.
ՑԱՅԳՆ
է
ՊԱՅԾԱՌ…
Ցայգն
է
պայծառ
անհունօրէն
Ցոլցըլանքովն
իր
խօլապար.
Օդանոյշներ`
որ
մեղմաբար
Քնքշանքով
զիս
կը
պարուրեն:
Բուստ
համբոյրով`
որուն
կարմիր
Կարօտովն
իմ
հոգիս
կու
լար,
Ինչպէս
փանդիռ
մը
մեղմալար`
Պոնդերու
տակ
մեղկ
ու
ցանցիր:
Պարզկայ
ցայգուն
անուրջին
մէջ
Լըւալ
կ'ուզեմ
հիմակ
հոգիս,
Եւ
հըրահրել`
երբեմնի
շէջ
Աշտանակներն
իմ
երազիս:
Մըտածումըս
կ'անցնի
նորէն
Շաւիղներէն
իր
լուսաւէտ,
Հեշտութիւններ
հոգւոյս
յաւէտ
Բերելով
իր
ճամբաներէն:
Գինո՜վ
եմ
ես
ծաղկանց
բոյրէն,
Տարաշխարհիկ
ու
գըրաւիչ,
Ու
ձայներէն
ալ`
որ
քիչ
քիչ
Իմ
երազներըս
կ'օրօրեն:
Եւ
անծանօթ
աշխարհներուն`
Անեզրին
մէջ
խորհրդազեղ`
Կ'անդրադառնայ
մէջն
իմ
հոգուն
Կրկներեւոյթը
գունագեղ:
Պիտի
ըզգա՜մ
ես
տեւաբար
Բուրումն
անոնց
ծաղիկներուն,
Որոնք
հեշտին
կը
դառնան
պարª
Լուսացնցուղ
ցօղով
լեցուն:
Պիտի
ծըծե՜մ
ես
անդադար
Հոծ
երազանքն
անոնց
բալին,
Ու
շողերն`
որ
կը
փալփըլին`
Ոսկեպաղպաջ`
ինչպէս
նեկտար:
Պիտի
անցնի՜մ
ես
խանդավառ
Այդ
լուսոռոգ
ուղիներէն.
Ես`
ուխտաւոր
ուղեմոլար`
Խորհրդածուփ
թափառելէն:
Պիտի
անցնի՜մ
ես
Անհունին
Յաւէրժալուռ
երկինքներէն,
Մինչեւ
յոյզերս
ամէն
թօշնին`
Ու
ես
երկիր
դառնամ
նորէն: