Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
13. ԽՈՆՋ ԻՐԻԿՈՒՆՆ ԱՐԱԳՕՐԷՆ…
       Խոնջ իրիկունն արագօրէն կը խոնարհի դէպ ի խաւար,
Բուրմունքներու հաշիշն հոգւոյս մէջ կը ցանէ հեշտանք մը թոյլ,
Երգի խազեր կը կրքոտին տակաւ տենդոտ յուզումնավար:
       Անօրինակ մըրափի մը մէջ կիսազգած կը թափառիմ,
Ցնցուած ձայնէն ճոկաններուն` որոնք կու լան դուրսը անդուլ.
Պատուհանէն կը խրկէ ինձ հովիկն համբոյրն իր մտերիմ:
       Մութ սենեակիս մէջ կը շրջիմ առջի համբոյրն անրջելէն ,
Ու շրթունքներս են բոցավառ ջերմութենէն երազային.
Փակ են աչքերս, եւ կամ յանկարծ մերթ անձկութեամբ դուրս կը նային,
Ա՜հ, լըռութիւնն որ կը տեւէ՜, եւ ըստուերներնª որ կը քալեն…
       Շուրջիս անփոյթ իրերն համակ հարցումներուս հանդէպ խուլ են,
Հանդիսատես կ'ըլլամ մտքիս պատկերներուն քայքայումին…
Դուն չե՜ս գիտեր թէ ի՛նչ կըզգամ գուրգուրանքէս երբոր իմին`
Քեզի համար տենդով հիւսած երազանքնե՜րս իսկ կը խըլեն…