Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՐԿՈՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
       ԱՌԱՋԻՆ ՏՈՒԵԱԼԸ
       Աշխարհի բոլոր մարդոց հետ, բայց ո՛չ անոնց նման, հայ-մարդն ալ այսօր կ’ապրի ժամանակաշրջան մը՝ ուր ամբո՛ղջ աշխարհը ենթարկուած է մե՛ծ, բո՛ւռն ու իրական սպառնալիքներու։ Ուր ազգերը դիմագիծ կը փոխեն, որոնելով հանդերձ նոր հաւասարակշռութիւններ իրենց ընկերութիւններուն համար եւ իրարու միջեւ։ Ու իբրեւ հայ-մարդեր, տեսնելով, շօշափելով, զգալով ու կրելով այս բոլորը, մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, մեր մարդկութիւնն ու հայութիւնը իրենց ճակատագրին մասին երկիւղներ ունին, կասկածներ ունին եւ ունին նաեւ յոյսեր։ Ու այս իրականութեան խառնիճաղանճին մէջ, ամէն հայ-մարդ զբաղած է խնդիրներով, որոնք իրեն համար կարեւոր ու կենսական կը թուին, առանց յիշելու թէ մոռցած է հիմնական ու միակ խնդիրը, որ իր գոյութեան պատճառն իսկ է եւ որ իր ՄՇԱԿՈՅԹՆ Է։
       Գիտե՛մ: Մշակոյթի խնդիրը հրատարակութեան մը կորիզը ընել ներկայիս՝ շատերու պիտի թուի գործը միամիտ ու պարապ մարդու մը, որ այս զբօսանքին, այս ինքնախորհումին ու ինքնավատնումին մէջ կ’որոնէ իր մտահոգութիւնները մոռնալ եւ ուրիշներն ալ նոյն մոռացումի խնճոյքին հրաւիրել։ Եւ ոմանց համար ալ՝ վատօրէն փախուստը միտքին, որ փոխանակ իր անմիջական եւ ժամանակաւոր պարտականութիւններուն դէմ քաջութեամբ ցցուելու, կ’ընտրէ ամենէն դիւրին եւ ունայն ճամբան ու կը կորսուի անոր մէջ։
       Բայց գիտե՛մ նաեւ՝ թէ այսօր չկայ խելքը-գլուխը հայ-մարդ մը, որ նեղը մնացած ատենը, իբրեւ ծանր բայց անվառօդ հրետանի մը, չգործածէ ընդդէմ որո՞ւ. քեզի՞, ինծի՞, թէ ինքզինքին սա՛ տեսակ մե՛ծ ճշմարտութիւններ զորս գոց սորված է. -
       -Հայ ժողովուրդը իր մշակոյթովը ապրած է եւ իր մշակոյթով միայն կրնայ ապրիլ։ Կամ՝
       - Առանց բարոյականի ազգ մը գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ։ Եւ կամ՝
       - Հայ ժողովուրդին փրկութիւնը՝ հայ ժողովուրդին միութեան մէջն է միայն։ Ու դեռ՝
       - Հայ ժողովուրդին հայրենիքը մէկ է, մշակոյթը մէկ է, գրականութիւնը մէկ է, բոլոր հայ-մարդերը, անխտիրօրէն, Հայեր են։ Եւայլն, եւայլն։
       Ի՜նչ փոյթ թէ ինք ի՞նչ ըրած է ու կ’ընէ այս մշակոյթին, այս միութեան ու այս փրկութեան համար։ Ի՜նչ փոյթ թէ ինք քանի՞ հատ է, անխտիրօրէ՜ն։
      
       ԵՐԿՐՈՐԴ ՏՈՒԵԱԼԸ
       Մեր ներկայ մտաւորական իրականութեան մէջ, Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնը մարդկային այն միակ արժէքն է, որուն առջեւ, որուն մէջ, բոլոր հայ գրագէտները, կուսակցական եւ ոչ-կուսակցական, հասկացողութեան եւ յարգանքի, սիրոյ եւ հիացումի նոյն զգացումը ունին, ուստի, անոնք կը նոյնանան այս արժէքին ներկայութեան մէջ։ Այս արժէքը, որ միայն գեղարուեստական չէ, այն ոգեկան հաւաքավայրն է, ուր բոլոր հայ-մտաւորական-մարդերը կը լսեն նոյն ձայնը, որ իրենց կը բերէ, ներքին լռութեան մը մէջ, հասարակաց յայտնութիւն մը։ Եւ իւրաքանչիւր հայ մտաւորականի անձնական մեծութեան նշանը իր այն ներքին արարքն է, որով անիկա կը լռեցնէ իր մարմինին եւ ինքնասիրութեան բոլոր աղմուկները ու ծնունդ կուտայ այս լռութեան։
       Պէտք է զիս ճիշդ հասկնալ։ Հոս ես նկատի չունիմ Վ. Թէքէեանի հաւատքին, սիրոյն, իմացականութեան եւ կեանքին առարկաները, այլ միայն նկատի ունիմ իր բանաստեղծութեան մարդկային արժէքը, այսինքն իր ձայնով արեւի մը պէս ծագած հասարակաց յայտնութիւնը նախ եւ յետոյ ու մանաւանդ, նկատի ունիմ՝ հայ մտաւորականներուն անհատականութեան մէջ ծնունդ առած ներքին այս լռութիւնը, իրենց մեծութիւնն ու այն արարքը որով անոնք կը լռեցնեն իրենց ներքին աղմուկները։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ, այս հասարակաց յայտնութեան, անհատական նռութեան, մարդկային մեծութեան եւ անձնական արարաքին մէջ, ես կը գտնեմ բոլոր հայ-մտաւորականներուն միջեւ ստեղծուելիք նոր ու տարբեր յարաբերութիւններու հիմերը, այսինքն կարելիութիւնները։ մու այս յարաբերութիւնները, այս հիմերուն վրայ կառուցուած, խաղաղարար, հաշտարար, մարդկարար միայն կրնան ըլլալ, խաղաղութիւն մը, հաշտութիւն մը, մարդկութիւն մը բերելով, տալով, պատուաստելով հայ-մտաւորականներուն միտքին ու սիրտին եւ գոյութեան մէջ, մեր գրական եւ մտաւորական կեանքին մէջ։